Առիւծին ժանիքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԻՒԾԻՆ ԺԱՆԻՔԷՆ

Ընկե՛ր, ահա ճամբան, ստեղծագործ երազներու, խիզախումի, փառքի անսովոր ճամբան, ուրկէ կը քալես արիաբար. հերոսական, հրաշալի է անիկա՝ որ քեզ կ’առաջնորդէ, բայց լի անգութ անստուգութեամբ, անսպասելի փորձութեամբ ու վատ անակնկալներով։

Հզօր է Ազատութեան սէրը՝ քան մահը ինքն իսկ, եւ դուն յօժարակամ՝ պատրա՜ստ ես ամէն անձնուիրութեան։

Ինքնակամ յանձն առած ես տառապանքը, զրկանքը, յանձն առած ես մոռնալ բոլոր սէրերը, համակերպիլ ամէն թշուառութեան, կրել բոլոր տանջանքները, անցնիլ անօթութեան, արհամարհանքի ու վշտի բոլոր փորձութիւններէն՝ որոնք հայրենանուէր կամաւորին կեանքի անբաժան ընկերն են։

Պարտականութեան լայն գիտակցութիւնը ունիս արդէն եւ հպարտ ես։ Գիտես որ ճամբան մշուշոտ է, վտանգաւոր, բայց սիրտդ ո՛չ մէկ վհատութիւն, ո՛չ մէկ տագնապ, ո՛չ մէկ տկարութիւն կը զգայ. յաղթանակի հաւատքը խո՛ր է մէջդ, անպարտելի, խրոխտ ու անսասան։

Ա՜հ, ճշմարիտ յեղափոխական զինուորն ես ուրեմն, արժանի՜ քու դրօշակիդ։

Հետեւաբար, հաւատքի նոր զօրութիւն մը, գաղափարի նոր ներշնչում մը չէ որ պիտի գտնես այս էջերուն մէջ։ Ինչ որ այս գրքոյկը քեզի պիտի ըսէ՝ ան է որուն վրայ գուցէ անփոյթ արհամարհանքով ծիծաղած ես, որը գուցէ երբէք մտաբերած չես, կամ տարտամօրէն, անցողակի կերպով յիշած երբեմն, եւ որուն վրայ սակայն անհրաժեշտ է որ ամբողջական ծանօթութիւն ունենաս։

Անհրաժե՛շտ է, ոչ միայն քու անձիդ համար՝ որ այնքան պէտք, այնքան թանկագին է Հայրենիքին ու Մարտնչումին, այլ անհրաժեշտ է մանաւանդ պաշտած Գաղափարիդ շահերուն տեսակէտովը։

Կը հարցնեմ՝

Գիտե՞ս Դատական Օրէնքները՝ որոնց հետ վաղը միւս օր անմիջական գործ պիտի ունենաս եւ որոնց պիտի բաղխի ճակատդ առաջին անգամ։

Գիտե՞ս Թուրքիոյ դատաստանական հարցաքննութեանց ոչ միայն ապօրինի այլ նաեւ   անունը պղծող օրինական պայմանները։

Բայց, գիտե՞ս միեւնոյն ատեն թէ՝ քու ինչպէս նաեւ Յեղափոխութեան պատիւը կախուած է ահա այդ գիտակցութենէդ։

Դեռ աւելին կայ. անձիդ ազատութիւնը եւ անձէդ աւելի նուիրական՝ քու ունեցած յեղափոխական գաղտնիքներուդ փրկութիւնը՝ այդ գիտակցութեանդ հետ կապուած է։

Քանի՜ քանի պատուական հերոսներ զոհ գացին դատաստանական օրէնքներու իրենց տգիտությանը, քանի՜ քանիներ շղթայակապ կը հեծեն այսօր՝ հեռու կենդանի կեանքէն, հեռո՜ւ կռուող շարքերէն, կիսաւարտ թողելով իրենց պարտականութիւնը, այնքան աժան ծախելով իրենց ազատութիւնը։ Եղան նոյնիսկ շատեր, աւա՜ղ, որ ծանօթութիւն չունենալով ոստիկանական դաւերու ու նենգ մեքենայութեանց՝ անարդարանալի միամտութիւնն ու փորձութիւնն ունեցան աղիտաբեր յայտնութիւններ ընելու։

Բայց, նոյնքան ճշմարիտ է նաեւ թէ՝ ունեցած ենք բիւր անգամ պաշտելի բազմաթիւ հերոսներ ալ, որ աննման արթնամտութեան, կամքի անխորտակելի տոկունութեան հիանալի օրինակներ տուած են զնտաններու, տանջանքներու, անօթութեան եւ անքունութեան բոլոր զարհուրելի փորձութեանց մէջ, եւ յաղթական ու անպարտ դուրս եկած բանտէն։ Յաղթական դուրս եկած են՝ որովհետեւ արդէն կանխաւ պէտք եղած ծանօթութիւնը ունեցած են ոստիկանական ու դատական խորամանկ միջոցներուն վրայ. գիտցած են թէ ի՛նչ դիրք պէտք է բռնել եւ ինչպէս տալ պատասխանները։ Հազարաւորներու մէջէն կարելի է յիշել Սասունի Հրայրը, այն հրաշալի կտրիճը՝ որ մօտաւորապէս մէկ ամիս Արամ Արամեանի հետ անլուր սարսափներու դիմադրեց Կարնոյ բանտին մէջ, եւ իր հոգեկան ուժն ու մտքի արթնութիւնը անցաւ մարդկային ամէն սահմաններէ. ոստիկանութիւնը ոչ մէկ խոստվանութիւն կրցաւ փրցնել իրմէ, հաստատապէս համոզուած իսկ ըլլալով թէ Արմենակը յանցաւոր էր։ Բայց, դատարանը ապացոյց չի գտաւ զայն դատապարտելու եւ անպարտ արձակեց։

Յաղթանակը կրկնապէս ջախջախիչ ու վհատեցուցիչ է՝ երբ բռնաւորները ոռնան անկարող ու յեղափոխական զինուորը անընկճելի մնայ իր բարոյական բարձրութեան վրայ, երբ իր կամքին ու գիտակցութեան ուժովը արհամարհէ ամէն տանջանք, խորտակը ամէն ցանց եւ դուրս գայ ճակատաբաց, բարձրագլուխ ու հպարտ։

Մի՛ մոռնար, ընկե՛ր, թէ բոլոր կեանքիդ արժէքն ու յեղափոխական անուանդ պատիւն է որ մաքուր կամ արատաւոր դուրս պիտի գայ այդ անիծեալ դռնէն. մի՛ մոռնար թէ ո՛չ միայն ընկերներուդ, այլ աշխարհքի բոլոր աչքերն են որ մութին մէջէն քեզ կը դիտեն, կը հսկեն քու արիութեանդ եւ կը հետեւին հոգիիդ մեծութեանը։ Վա՜յ քեզի՝ եթէ տկարացար, եթէ սայթաքեցար. տխուր սեւ քօղ մը պիտի ծածկէ անկէ ետք քու անցեալ ամէնէն գեղեցիկ գործերդ անգամ, որոնց պիտի հալին ու անհետանան՝ ինչպէս ձիւնը տիղմին մէջ։ Մի՛ մոռնար թէ՝ թշնամիին առջեւ, նոյնիսկ քու խոստվանութիւնդ խլող բռնաւոր ու անգութ Հարցաքննիչին առջեւ իսկ բարոյապէս պիտի ցածնաս, պիտի ստրկանաս ու քու յեղափոխականի շլացուցիչ հմայքդ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի չքանայ ու պղծուի։

Հիմա հետեւինք քեզի հետ ոստիկանութեան առաջին դռնէն՝ դէպի Թուրքիոյ մութ Արդարութեան բոլոր հանգրուանները, որոնցմէ ճակատագրօրէն ամէն հայ երիտասարդ հաւանականաբար դատապարտուած է անցնելու՝ կեանքի մէջ գէթ մէկ անգամ։