Առիւծին ժանիքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վտանգաւոր բաղձանք

Առաջին հարցաքննութիւններէդ ետք՝ գուցէ անհրաժեշտ ստիպողականութիւնը ներկայանայ քեզի, դուրսը հրահանգներ, տեղեկութիւններ հաղորդելու կամ յանձնարարութիւններ ընելու՝ բարեկամներու, ընկերներու կամ վստահելի ծանօթներու։

Բնականաբար պիտի խորհիս միջոցներ ստեղծել ու դուրսի հետ յարաբերութեան մտնել։

Իրաւ է թէ շատ անգամ արգելափակ ընկերներէ շատեր հանճարեղ միջոցներ հնարած եւ յաջողած են իրենց նպատակին մէջ, իրաւ է թէ այդ հնարագիւտ միջոցները երբեմն փրկարար եղած են, բայց աւելցնենք անմիջապէս թէ՝ անոնք աւելի շատ աղիտաբեր հետեւանքներ ունեցած են։

Օրինակ, ընկեր մը՝ իր տասնըհինգօրեայ արգելափակումի միջոցին, ամէնախիստ հսկողութեան տակ կրցաւ ամէն օր կանոնաւոր յարաբերութիւն պահել դուրսի հետ։ Միակ միջոց մը ունէր եւ այդ միջոցէն կրցաւ օգտուիլ։ Առտու իրիկուն իր տունէն կերակուր կը խրկուէր իրեն, բայց, որովհետեւ ինքը տեղեակ էր թէ դուրսէն եկած ամէն բան մանրակրկիտ քննութեան կ’ենթարկուի նախապէս փօլիսներու կողմէ, մտածեց եղանակ մը գտնել՝ որը կարող ըլլար աննշմարելի ու անվտանգ կերպով ծառայել իր նպատակին։ Սիկարի թուղթի մը վրայ գրեց կարգ մը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, զայն պլորեց եւ գրեթէ ասեղի մը հաստութեան վերածեց, յետոյ քակեց մէկ երկու կութ իր կերակուրին իբրեւ ծրար գործածուող լաթին մէկ անկիւնէն եւ իր նամակը զետեղեց հոն՝ լաթին ծայրը, կարերուն առան։ Բարեբախտաբար իր տնեցիները զգուշութիւնն ունէին՝ բանտարկեալէն վերադարձուած ամէն բան խնամքով քննութենէ անցնելու. եւ թղթի այդ կտորը չի վրիպեցաւ իր հասցէէն։ Անկէ ետք կանխորոշ հրահանգներ տալով՝ բանտարկեալը իբրեւ պահարան գործածեց կանաչ սոխին ծիլերը, որոնցմէ մաս մը իր կերակուրին իբրեւ աւելցուք դուրս կուտար, նախապէս անոնցմէ մէկուն մէջ զետեղած ըլլալով իր նամակը ։ Այդ նամակը՝ սիկարի թուղթէ մը աւելի չեղաւ միշտ եւ սակայն կանոնաւորաբար դուրսը իմաց տուաւ այն բոլոր անցքերը՝ որ տեղի կունենային բանտին չորս պատերուն մէջ, որոնք ճակատագրական կապեր ունէին դեռ դուրսը ազատ մնացած ընկերներու, ինչպէս նաեւ նոյնինքն բանտարկեալին հետ։

Եւ սակայն ուրիշ բանտարկեալ մը՝ որ չունէր անհրաժեշտ ճարտարութիւնն ու արթնամտութիւնը՝ ծանրապէս տուժեց. ահա թէ ի՛նչպէս։ Ասիկա՝ անհեռատես միամտութիւնը կունենայ նոյնպէս թղթի կտորի մը վրայ գրելու քանի մը խօսք, ուր իմիջի այլոց սա տողերն ալ. «եթէ նամակս ձեր ձեռքը հասնի՝ գալ անգամին ինծի իբրեւ ուտելիք երեք վարունգ եւ երկու հաւկիթ միայն խրկեցէք, ինչ որ հաստատ նշանը պիտի ըլլայ՝ թուղթիս ապահով ձեզի հասնելուն»։ Այս տոմսը կը դնէ նոյնպէս իր ճաշէն աւելցած ուտելիքներուն տակը, առանց անդրադառնալու թէ խիստ անապահով միջոցի մը կը դիմէ, քանի որ փօլիսները կրնան խուզարկութենէ անցնել զանոնք՝ ամանները սեփական տեղը յանձնելէ առաջ։

Արդ, փօլիսները առաջին պատեհութեամբ իսկ կը գտնեն թուղթը եւ բնականաբար կը տեղեկանան պարունակութեանը։ Ամբողջը աս չէ սակայն. ոստիկանութիւնը՝ տեսնելով միամիտ որսը ծուղակին առջեւ, կը ջանայ օգտուիլ առիթէն։ Որոշեալ օրը՝ ահա երեք վարունգն ու երկու հաւկիթը որ կը ստանայ բանտարկեալը։ Ուրեմն նամակը իր հասցէն գտեր է, ուրեմն միջոցը ապահով է. ու խե՜ղճ երիտասարդը կը գրէ երկրորդ տոմսը՝ ծանրակշիռ, վտանգաւոր ու արգահատելի միանգամայն։ Խոստվանութիւնը կատարեալ է ու ապացոյցը՝ ամէն առարկութենէ դուրս։

Այս նամակին հետեւանքով ձերբակալուեցան չորս անձեր եւս, որոնցմէ երեքը ամիսներով բանտային տագնապներ ու զրկանքներ կրելէ ետք՝ հազիւ ազատեցան, իսկ միւսը՝ որ նամակագրին եղբայրն էր՝ դատապարտուեցաւ իր հետ 15 տարուան բերդարգելութեան։

Իխթիլաթէն մէնն ի (յարաբերութենէ զրկում) տակ գտնուող բանտարկեալի մը համար ամէնէն վտանգաւոր բաղձա՛նքն է՝ դուրսի հետ յարաբերութեանց գրգիռը։ այս բաղձանքը, սակա՛յն, թէեւ հարկեցուցիչ է շատ անգամ, բայց ամէնէն աւելի հոգեբանական երեւոյթ մըն է։ Հարկեցուցիչ է, երբ կարեւոր յայտարարութիւններ ունիս ընելիք դուրսը, որոնցմէ կախում ունի թերեւս քու փրկութիւնդ եւ դեռ ազատ գտնուող ընկերներուդ, այս կամ այն գործին ապահովութիւնը։

Մեծագոյն եւ զօրաւոր ուժը՝ որ կը ստիպէ քեզ, կը թելադրէ, կը մղէ դէպի դուրսի ազատ յարաբերութիւնը քանի որ գրեթէ ամէն քաղաքական յանցաւոր աւելի կամ պակաս անհրաժեշտութիւն մը կունենայ դուրսը հաղորդելիք կապանքի, սահմանափակումի առաջին անգամ հանդիպող եւ դեռ բանտային համբերատար կեանքին անվարժ հոգիիդ մէկ բուռն պահանջն է։

Այդ պահանջին է որ պիտի դիմադրես առաջին օրերուն, ընկե՛ր, եւ այդ պարագային է որ պիտի գործածես մտքիդ յստակատեսութիւնը։ Պէտք է գիտնաս թէ դուրսէն քեզի համար ներս բերուած ամէն առարկայ կանխաւ մանրակրկիտ խուզարկութենէ մը կ’անցնի ոստիկանութեան ձեռքին տակ. կը քննուին անկողինիդ բուրդերն ու բամպակները, ճերմակեղէններդ, ուտելիքդ. կտորներու բաժնելով՝ կը նային քեզի համար եկած հացին մէջը, նոյնիսկ սիկարին տուփը կը բացուի եւ հետաքրքրութեան առարկայ կ’ըլլայ։

Ոստիկանութիւնը դժոխային բոլոր միջոցներուն լաւատեղեակ է՝ զանոնք գործածելու համար զոհին իբրեւ դաւ։ Անիկա վարժութեամբ, այնքան տարիներու անիծեալ փորձառութեամբը գիտէ թէ բանտարկեալ մը հոգեպէս ո՛րքան հիւանդ, ո՜րքան անբնական վիճակի մէջ է. գիտէ անոր տուայտանքը, անոր ձգտումները, անոր զգացած բոլոր յոյզերը. հետեւաբար կը սպասէ ակնդէտ՝ որ անիկա առնէ առաջին սխալ քայլը, անձնատուր ըլլայ։

Յարաբերութենէ արգելումի միակ նպատակը ուրիշ բան չէ, այլ միայն ա՛յն որ՝ բանտարկեալը միայնակ, լուռ ու անմիջական շփումէ կղզիացած մնալով, հոգեպէս տկարանայ, անոր համբերութիւնը սպառի, կամքը քայքայուի եւ ստիպուի դուրսի հետ յարաբերութեան մտնել փորձելով՝ ծուղակն իյնալ։ Բայց, բաւական է որ ոստիկանութեան այս դիտաւորութիւնը ծանօթ ըլլայ բանտարկեալին. այլեւս անիկա կարող պիտի ըլլայ իր կամքն ու համբերութիւնը ղեկավարել, կարող պիտի ըլլայ հեռատես ու շրջահայեաց ըլլալ։ Ամէնէն աւելի վտանգուողներն ու փորձութեան ենթակաները անո՛նք եղած են, որոնք տեղեկութիւն ունեցած չեն ոստիկանութեան գործածած այս միջոցներուն ուղղակի նպատակին, անո՛նք՝ որոնք չափազանց տաքարիւն, միամիտ ու յանդուգն եղած են։

ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ. Տանջանքներ ։ Ինչպէս կըսէինք, ոստիկանութեան առջեւ տուած հարցաքննութիւնն է որ պիտի վճռէ Կասկածելիին յանցաւորութիւնը կամ անմեղութիւնը։ Ձերբակալուող մը՝ Կասկածելի անունը կը կրէ մինչեւ այն ատեն, երբ ոստիկանութիւնը ուղղակի ապացոյցներ գտած չէ՝ զայն յանցաւոր ճանչնալու. հետեւաբար՝ ոստիկանական քննութեան տակ գտնուող մէկը իսկապէս բանտարկեալ մը չէ. այդ բանտարկութիւնը անուանական է միայն։ Ոստիկանութիւնը պարտաւոր է ազատ արձակել Կասկածելին՝ երբ որոշ փաստեր կը պակսին. իրաւունք չունի եւ չի կրնար՝ Դատական Հարցաքննիչին յանձնել զայն։

Հետեւաբար, կառավարութիւնը անլուր տանջանքներ ու աներեւակայելի միջոցներ հնարած է՝ Կասկածելիին խոստվանութիւնները խլելու, երբ համոզում գոյացուցած է թէ անիկա յեղափոխական գործերու մասնակից է։ Կառավարութիւնը շատ լաւ գիտէ թէ առանց տանջանքներու, առանց բռնադատութեանց՝ անկարելի է որ Յեղափոխականը գաղտնիք մը տայ ինքնաբերաբար. անիկա խորապէս ծանօթ է Գաղափարին բարոյական վեհութեանը եւ Յեղափոխութեան հրաշալի զօրութեանը։ Յետոյ, անհրաժեշտ են յանցաւոր նկատուածին անձնական խոստվանութիւնը կամ նոյնքան զօրաւոր ապացոյցներ՝ որպէսզի դատաստանական քննութիւնները իրենց օրինական հանգամանքն առնեն։

Ուստի, սիրելի ընկե՛ր, կեանքիդ եւ գոյութեանդ գերագոյն րոպէները պէտք է նկատես հիմա, երբ արդէն տանջանքներու ժամը կը հնչէ։

Գիշեր է. կը գտնուիս Գօմիսէրին առջեւ՝ փողոցներէն ու աշխարհէն թանձր պատերով բաժնուած խուլ սենեակի մը մէջ. մինակ ես, կորսնցուցած անձիգ ազատութիւնը, զուրկ ինքնապաշտպանութեան միջոցներէ, ենթակայ բռնաւորներու ատելութեան, անարգանքին ու նախատալից վերաբերութեան։

Գօմիսէրը կը պահանջէ որ խոստվանութիւններ ընես, գիտցածդ ըսես։ Իսկ դուն կը մերժես ու անսասան կը մնաս՝

Բան մը չեմ գիտեր, լուր չունիմ, տեղեակ չեմ։

Լա՛ւ, հիմա դուն քեզէն կը խօսիս՝ կը պատասխանէ վերջապէս Գօմիսէրը հեգնութեամբ, ու գիշակեր թռչունի վայրի նայուածք մը կը խրէ աչքերուդ մէջ. ակռաները սեղմած՝ կը հայհոյէ քու անձիդ բոլոր սրբութիւններուն եւ կուտայ զապթիէներուն ՝ կանխորոշ նշանը... մնացածը կարելի է գուշակել արդէն. մարդկային զգացումէ, մարդկային խղճահարութենէ ու սրտի փափկութենէ զուրկ այդ զապթիէները Թուրքիոյ ընկերութեան դիրտը կոչուող այդ քուրդի, լեռնցիի ու իսլամի վայրենաբարոյ խառնուրդը պէտք է դահիճն ըլլան մարմինիդ։

Հաստ ու ճկուն փայտերով գանակոծութիւնը՝ տանջանքի սովորական եղանակն է։ Եղած են դժբախտ հայ կտրիճներ, որ ութը տասն օր շարունակ ամէն գիշեր ենթարկուած են բրածեծի, ամէն անգամ կրելով մինչեւ 200 ու աւելի հարուածներ, երբ ալ ուշակորոյս նուաղած են կարսնցնելով ամէն գիտակցութիւն։

Ճշմարիտ փորձառութիւն մըն է թէ՝ ծեծի միջոցին ամէնէն աւելի անոնք տուժած են եւ անո՛նց չարչարանքը աւելի բազմապատկուած է, որոնք աղաչած, պաղատած են։ Անո՛ր համար որ՝ աղաջանքը ինքնին տեսակ մը կամքի տկարացում, անձնատուութեան նշան կը համարուի. ուստի, դահիճները կրկնապատկած են տանջանքը՝ որպէսզի զոհը ստիպուի վճռականութեան գալ եւ փոխել իր գիտցածները։

Խրոխտ, արհամարհող եւ կամակոր յեղափոխականները՝ զինաթափ ըրած են վերջապէս իրենց դահիճներուն կատաղութիւնը եւ յուսահատութեան մատնած զանոնք։ Բարոյական ուժը՝ յաղթանակած է բիրտ ուժին, եւ սահմանուած է միշտ յաղթանակելու՝ բաւական է որ Յեղափոխական մը ունենայ հոգիի մեծութիւն։

Եւ ով որ չունի հոգեկան այդ պարտաւորիչ դրամագլուխը, ով որ չունի անձնուրացութեան, զոհողութեան ու դիմադրութեան պատրաստութիւնը՝ լաւ է որ հեռանայ ազատութեան մարտական շարքերէն, փնտռէ իր հանգիստը եւ խնամէ իր մարմնական փափկութիւնները։

Յեղափոխական զինուոր մը՝ իր գաղափարներով, իր բարոյական ըմբռնումներու բարձրութեամբ կոչուած է կատարելու ծանր, խի՛ստ դժուար պարտականութիւն մը. հետեւաբար ո՛չ միայն իր ընկերները, այլ ամէն մարդ իրաւունք ունի սպասելու իրմէ բարձրագոյն զոհողութիւն. ով որ կ’ընկրկի, կը տկարանայ ու կը դրժէ իր ուխտին՝ կը դատապարտուի հասարակաց յարգանքին ու համակրութեան առջեւ։

Այս բարոյական գերագոյն պարտաւորութեան յարակից՝ կայ նաեւ զուտ անձնական շահի տեսակէտն ալ։ Չէ՞ որ տանջանքը ինքնին տկարութեան խոստվանութիւն մըն է. ոստիկանութիւնը երբ դիմած է այս միջոցին՝ կը նշանակէ թէ անզօր եղած է դատապարտութեան ապացոյցներ գտնելու, անզօր եղած է քեզ յանցաւոր հռչակելու օրինաւորապէս։

Արդ, պէ՞տք է որ ոստիկանութեան տաս այդ ապացոյցները, պէ՞տք է որ դուն քու կամքովդ գիտակցաբար քեզ յանցաւոր հռչակես։ Լաւ չէ՞ ակռայ ակռայի վրայ եղմել, քանի մը շաբաթ կրել մարմնական ամէն պատիժ՝ փոխանակ յայտնութիւններ ընելով դատապարտուիլ տասնեակ տարիներով բանտարկութեան, աքսորի, կեանք մը ամբողջ մաշեցնել, փճացնել չորս պատի մէջ եւ նոյնիսկ բարձրանալ։ Դիւցազնական մահէն չէ որ երես պիտի դարձնես, ընկե՛ր, ո՛չ, այլ իրողութիւնն այն է որ՝ ինչո՞ւ չի փրկես դուն քեզ, ինչո՞ւ չի փրկես օգտակար կեանք մը՝ քանի որ կրնաս, քանի որ միջոցները ու կամքը քու ձեռքդ են։

Քու ձեռքդ են միջոցները, բացարձակապէս, այո՛. որովհետեւ՝ երբ խոստվանութիւն մը չընես, ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԻՍ, եւ կամ երբէք ծանր պատիժի պիտի չենթարկուիս։

ԵՐՐՈՐԴ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ Անքունութիւն ։ Ծեծին չափ նոյնքան ճիւաղային տանջանք մըն է Անքունութեան պատիժը՝ որուն կ’ենթարկեն զոհը ոստիկանական քննութեանց միջոցին՞

Արգիլուած է քեզի քնանալ. պահակ անունով գազան մը՝ ինչպէս կատաղի շունը դժոխքի դռան առջեւ՝ կը հսկէ խուցիդ մօտերը, կը դիտէ շարժումներդ եւ երբ նշմարէ որ քունը կ’ընկճէ մարմինդ ու աչքերդ կը գոցուին, հրացանի բունով կը հարուածէ քեզ ու չի թողուր որ քնանաս։ Առաջին երեք օրերը գուցէ այնքան դժուար չեն, բայց յետոյ չարչարանքը անտանելի կը դառնայ. ահա այս միջոցին է որ ոստիկանութիւնը պիտի ուզէ օգտուիլ քու յոգնածութենէդ եւ ջղագրգռութենէդ։

Ընկեր մը ութ օր շարունակ ենթարկուեցաւ քնատութեան, երբէք թարթիչները վրայ վրայի չի կրցաւ բերել, բայց պահեց իր անպարտելի հաստատակամութիւնը եւ կեղծեց զառանցանքներու մէջ խաբել հարցաքննիչները, խօսելով յերյիւրուած ու անկապ պատմութիւններ, յեղափոխական քնդիրէ շատ հեռու եղելութիւններ ու անցքեր։ Եւ ոստիկանութիւնը՝ մոլորեցաւ ու խաբուեցաւ։

Քնատութիւնը կը թուլցնէ ջիղերդ, կը պղտորէ երեւակայութիւնդ, կազդէ դատողութեանդ վրայ, բայց, չի կրնար ջլատել կամքդ՝ եթէ զօրաւոր է անիկա։ Այս տանջանքին ենթարկուած ընկերներու պատմութիւնները գրաւական են մեր ըսածին։ Բոլոր այն Յեղափոխականները որ անվախ եղած են, որ կանխապէս անդառնալի որոշումը տուած են ամէն գնով ո՛չ մէկ խոստվանութիւն ընելու՝ Անքունութեան տանջանքը չէ կրցած տկարացնել իրենց կամքը։ Վերջապէս դահիճները տեղի տուած են ու զոհը փրկուած է։

Անքունութեան չարչարանքէն անցած ընկեր մը՝ կըսէր օր մը.

« Կատաղութիւն կը զգայի ու երթալով արհամարհանքս կը կրկնապատկուէր երբ կը տեսնէի թէ այդ ապուշ ու վայրենի մարդիկը իրենց կոպտութեամբը, իրենց հակամարդկային ու բիրտ միջոցներովը մրցումի ելած էին իմ բարոյական գիտակցութիւնս եւ ուժս ընկճելու. բարկութիւն մը, անբացատրելի զայրոյթ մը կը զգայի՝ տեսնելով այդ գօմիսէրի, փօլիսի ու զապթիէյի փարչաները որ իրենց խելքով զիս խոստվանութեան պիտի մղէին, գաղտնիքներս պիտի խլէին։ Հետեւաբար՝ անոնք որքան որ տանջանքի վիճակս երկարել կուտային, որքան որ անսիրտ կը դառնային՝ այնքան դիմադրութեան ոգին կ’ուժեղանար, կ’ամրանար մէջս, այնքան չընկճուելու, անսասան մնալու տրամադրութիւնս կ’աճէր կը խորունկնար ներսս։ Արժանապատուութեանս չէի ձգեր՝ պզտիկնալ, կքիլ ու նուաստանալ անոնց առջեւ. այսպէս, ամէնէն վերջը իրենք յաղթահարուեցան ու յուսահետեցան. կամքս զօրաւոր էր։ Է՜հ, քիչ մը ատեն նեղուեցայ, կրեցի այդ չարչարանքները, սակայն խոստվանութիւն ըրած չըլլալով՝ երկար տարիներու բանտարկութենէն ազատեցայ... »

Ծեծին ու Անքունութեան չափ դժուար չեն ապահովաբար միւս փորձութիւնները՝ որոնք աւելի սովորական ու յաճախադէպ են։ Այդ կարգի տանջանքներն են՝ շաբաթներով ու ամիսներով զնտանի մէջ արգելափակումը, ուր ենթական զրկուած է լոյսէ, հանգիստ նստելէ կամ պառկելէ, քանի որ ճնշուած ու խոնաւ օդ մը, թաց գետին մը անկարելի կը դարձնեն մարմնական ո՛ եւ է հանգստաւէտութիւն. ինչպէս նաեւ՝ ձմեռ ատեն պաղ ջուրի մէջ թողլով նեղելը, կտոր մը ցամաք հացով կէս անօթի վիճակի մէջ պահելը, եւն. եւն. որոնց պժգալի շարքը կարող է տակաւին բաւական երկարիլ. ամէնքն ալ այն նպատակով ստեղծուած՝ որպէսզի ենթական յուսահատի, ուժասպառի եւ խոստվանութիւններու զիջի։

ՉՈՐՐՈՐԴ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ Քաղցրութիւն եւ սուտ խոստումներ ։ Չարչարանքներու եւ մարմնական խոշտանգումներու չափ եւ թերեւս աւելի նենգաւոր, աւելի դաւադրական են այն անուշ լեղու խօսքերը, խոստումները եւ երդումները՝ որ ոստիկանական այս կամ այն պաշտօնեան, նոյնիսկ կառավարական բարձրաստիճան անձեր գուցէ շռայլեն քեզի, սիրելի ընկե՛ր։

Տանջանքներէն առաջ ու թերեւս տանջանքներէն անմիջապէս ետքը՝ կը տեսնես յանկարծ որ խոժոռ, դահճային դէմքով Հարցաքննիչիդ կատաղութիւնը, դաժանութիւնը կը հալի ու մարդը գառնուկի երեւույթ մը կ’առնէ. գթալ կը սկսի վրադ, կարեկցութիւն ցոյց կուտայ. ու անասելի՜ շնականութիւն, մինչեւ անգամ առաջ կերթայ հաւտացնելու թէ ինք վստահ է քու անմեղութեանդ, միայն իր նպատակն է քու միջոցով բուն յանցաւորները ճանչնալ. կը խօսի, կը համոզէ, մանաւանդ երդումներ կ’ընէ՝ իր Նիքեահին, Ղուրանին, մօրը, իր բոլոր սրբութիւններուն, փատիշահին գլխուն վրայ.

Յայտնէ մեզի բուն յանցաւորները, յայտնէ այսինչ եղելութիւնը ու պիտի ազատիս, կը կրկնէ...

Մարդկային ո՛չ մէկ սեւերեսութիւն, ոչ մէկ բարոյազուրկ աղտոտութիւն, ո՛չ մէկ պիղծ ստորնութիւն չի կրնար հաւասարիլ թուրք պաշտօնեային խարդաւանքին ու խաբէական փորձերուն։ Գօմիսէրը կամ Հարցաքննիչը չի վարանիր բնաւ ամէնէն անհաւատալի երդումը ընելու հազար անգամ ու ապշեցուցիչ համոզականութեամբ, գիտնալով թէ միեւնոյն ատեն սուտ է որ կը խօսի, սուտ երդում է որ կ’ընէ։ Որովհետեւ, հա՞րկ է ըսել, բոլոր այդ խօսքերը գարշելի ՍՈՒՏԵՐ են։

Այսպէս, բազմաթիւ անփորձ հայ երիտասարդներ, բազմաթիւ դիւրախաբ Յեղափոխականներ՝ հաւտալով թրքական այս կարգի սուտ երդումներուն՝ բռնուեցան ցանցին մէջ ու դատապարտուեցան։

Քու մասիդ, քու գործերուդ վերաբերեալ յայտնութիւնները գուցէ այնքան ծանրակշիռ, այնքան աղէտալի չեն քեզի համար՝ որքան երբ ուրիշի մը նկատմամբ խոստվանութիւններ կ’ըսես։ Հարցաքննիչը տեսնելով որ այլեւս քու վրայ ծանրանալիք շօշափելի ու վճռական փաստ չի կայ, կը դիմէ խաբէական ու դաւադրական միջոցի մը։

Ուրիշներու մասին քեզմէ վկայութիւններ կ’առնէ ։

Վա՜յ եթէ միամտութիւնն ունեցար թերի կամ ամբողջ, աւելի կամ պակաս բաներ թող տալու շրթունքներէդ՝ աս ու այն անձին նկատմամբ։ Քու բերնովդ իսկ արդէն դատապարտութեանդ վճիռը տուած ես՝ ըսել է։

Ո՛չ, ամօթ է ականջ տալ, ամօթ է մազի չափ հաւատք ընծայել՝ոստիկանական ու դատական պաշտօնէութեանց խոստումին ու երդումին։ Այդ քաղցրանուշ խօսքերը, այդ հաւաստիքները, այդփաղաքշանքները՝ շաքարախառն թոյներն են, ընկե՛ր, որ յուդայական բաժակով քեզի խմցնել կուզեն, օգտուելով միամտութենէդ ու տգիտութենէդ։

Ինչպէս որ բոլոր զօրութեամբդ ու բոլոր կամեցողութեամբդ կռուեցար չարչարանքներուն առթած ցաւին դէմ, ինչպէս որ արի ու անընկճելի մնացիր տանջանքներուն մէջ, անհրաժեշտ է որ նոյնքան ուշադիր, շրջահայեաց ու անդրդուելի մնաս շողոքորթութիւններուն, կեղծաւորութեանց, երդումներուն ու հրապուրանքներուն դէմ։ Որովհետեւ, միշտ կը կրկնենք, փորձութիւններուն ամէնէն վտանգաւորը, ամէնէն կործանարան են ատոնք։

Շատ մը յեղափոխական զինուորներ՝ բազմատեսակ նեղութիւններու, խոշտանգումներու դիմադրելէ եւ հաստատակամ մնալէ ետք, երբ արդէն յանցանք մը չէր կրցած հաստատուիլ վրանին ու ազատ պիտի արձակուէին, յանկարծ խաբուելով կեղծ խոստումներէն ու երդումներէն՝ թեթեւ խոստվանութիւններ ըրին եւ այսպէսով դատապարտուեցան։

Ըսինք արդէն թէ դատական պաշտօնեաները՝ եղեռնական փորձառութիւններով՝ կրցած են լաւ սերտել զոհերու հոգեբանական տրամադրութիւնները։

Նախ մարմնական երկարատեւ տանջանքներով կը ջանան ձերբակալուողին հոգեկան կենսական ուժերը խլել եւ զայն յուսահատութեան, ամէնադառն յոռետեսութեան մղել. ետքէն կեղծիքը ձեռք կ’առնեն իբրեւ զէնք ու խե՜ղճ բանտարկեալին կը շռայլեն խոստումներ, ազատ ձգելու յոյսեր։ Կը կերցնեն համադամներ, կը հրամցնեն ընտիր սկիարէթներ, կուտան նոյնիսկ դրամական կաշառքներ, մինչեւ որ անգամ մը զոհը միամտութիւնն ու, այո՛, վատութիւնն ունենայ գաղտնիքները յայտնելու։ Անկէ՞ ետք... կը տեսնես որ յանկարծ այդ սիկարէթները, համադամները ու անուշ լեզուները երազի պէս կը ցնդին, դէմքերը կը դառնան դժնեայ, նայուածքները արհամարհական ու թունաւոր, եւ բանտին դուռը կը բացուի առջեւդ վերջնականապէս։

Կը զգաս թէ խաբուեր ես չարաչար կերպով, բայց զղջումը ո՛ւշ է. պէտք է որ տարիներով քաւես այլեւս մեղանջումդ։