Հերոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ
Ա.

Նա՛, կ՚անցնի կոր, նայեցէ՛ք Տղաք, Հերոսը, Հերո՜սը։

Ասանկ կը պօռային երբ կ՚անցնէր Ան իր յաղթ իրանը ցցած, ու յանկարծ զուսպ կամ անզգամ խնդուքներ, փաղաքշոտ կամ շէնշող ձայներ կ՚ելլէին ու Իճատիէի լռին փողոցներու թախծութիւնը պահ մը կ՚ոգեւորուէր։

Նորութիւն մըն էր Հերոսը, ազատութեան առաջին խանդավառ օրերու բերած նորութիւններէն մէկը։

Բան մը չէր պակսեր իրեն ատանկ պատուաւոր անունով մը չապրելու. ճարպոտ, ներողամիտ, ծիծղուն նայուածք մը ունէին ձիթագոյն իր միջակ մեծութեամբ ճարպոտ աչքերը, խանձուած թարթիչներով։ Անոնց արտայայտութիւնը դէմքը կ՚ամբողջէր սակայն։ Ճակատը ցած էր, ինչպէս կը վայլէր հերոսի մը։ Քիթը հայկական չէր այլ տեսակ մը հաստամեստ որ ուղիղ գիծով բաւական մը սահելէ վերջ կը լայննար, կը լայննար ու կլոր, ուռուցիկ, կարմրափայլ վերջ կը գտնէր, թաւ ու ոլորուած դեղնագոյն պեխերուն վրայ։ Այտոսկրները ցցուած էին, որոնց մէջտեղէն երկու հզօր ծալքեր խորունկ պեղուածքով կ՚իջնէին մինչեւ թուշը՝ ուր ռունգերուն երկու քովէն վազող խորշոմներու հետ կ՚եղբայրակցէին։ Մարդուն ստորին կզակը վախնալիք բան մը ունէր միշտ, անասնական բան մը, կիսովին սափրուած։ Ականջները փոքր չէին։ Մութ կապոյտ չուխայի գտակ մը կը ծածկէր գրեթէ սեւ մազերը որոնց մէջ սպիտակներ սկսած էին սպրդիլ։ Այդ դէմքը ողբերգութիւն մը եւ կատակերգութիւն մըն էր. դիւցազնակատակ քերթուած մը։ Կապոյտ չուխայէ գունատած բաճկոն մը կը կրէր կարճկեկ թեւերով, նոյն գոյնով էր բաճկոնակը՝ որուն վրայ երկաթէ բարակ շղթայ մը կը ձգուէր մինչեւ հեռաւոր գրպան մը ժամացոյց մը կեղծելու համար։ Ու սրճագոյն թաղիքէ բաւական նոր տափատ մը կը ծածկէր իր հսկայի կարշնեղ ազդրերը, մինչ միշտ խնամքով ներկուած զոյգ մը կիսանոր մոյկերը մինչեւ ծունկերը կը բարձրանային։ Արքենի հասակով, կօշկակարի մը ահարկու ձեռքերով այս Հերոսը քառասունի մօտ կը սեպուէր։

Իր մկրտութեան իսկական անունը յայտնի չէր. ո՞վ տուած էր իրեն այդ պատուանունը. թերեւս ստահակ մը, կամ անոր տեսքէն ահաբեկ երիտասարդներ. դեռատի կիներ, ո՞վ գիտէ։ Դիւրահաղորդ էր, մարդամօտ ըսուելու չափ։ Քանի մը շաբաթէն թաղին մարդիկը բարեկամ եղան իրեն։ Ու ա՛լ ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէր Հերոսը՝ թանկագին առարկայի մը պէս։ Իր դէմքին արտայայտութենէն նախապէս վախցողներն իսկ առաջին տեսութենէ մը վերջ կը սրտակցէին։

Այդ օրերուն, հերոսները կը փնտռուէին, կը սիրուէին, կը պաշտուէին։ Մեծ փութով, հայկական անկախութեան պաշտպաններ, ազատութեան զոհուողներ, ֆէտայիններ կ՚որոնէին ամէն տեղ. վաշխով փարթամցած պարկեշտ հայեր, մատնիչներ, պատուանշաններով կուրծքերնին ծածկած պաշտօնատարներ, նոյն իսկ կէս մը ազնիւ մարդիկ՝ ծերունիներ, կիներ, տղաք, հերոսի մը թեզանիքին անգամ մը քսուիլը մասունքի մը հպումէն արժէքաւոր կը համարէին։ Հերոսն ալ դժգոհ չէր ձգեր իրեն մօտեցողները, ամէնուն ալ անյագ հետաքրքրութեանը գոհացում կուտար, կը պատմէր տաղանդով յարդարուած հերոսական վէպեր, ուրիշ գործ չունէր, այդ երկար օրերը մինչեւ գիշեր ու գիշերն ալ առանց մարդու չէր մնար։ Տարիներով ահաբեկ ու սոսկումէն ջլագարուած հոգիները մխիթարուելու կարօտ էին։ Թաղին մարդիկը իրարու կը մրմնջէին հպարտութիւնով։

Թորո՛ս, իմացա՞ր հերոսին պատմածները, եղբայր սա յեղափոխականները… ա՛ս չափ կ՚ըլլայ… ա՛ս չափ… ի՛նչ մարդիկ են, ինչ մարդիկ…։

Հա՛րկաւ անոնք մեզի պէս չեն, կրակ տեսեր են խօսք չէ՛… Արխանեանը… Անդրանիկը… Աղբիւր Սերոբը, ազգը փրկեցին, ա՛զգը։

Աղջիկներն ալ անմասն չէին մնար հիացական այդ հոսանքէն, իրարու մէջ կը խօսէին դուռներուն առջեւ, քիչ մը Հերոսը մտիկ ընելէ վերջ։

Նուարդ, հերոս ամուսին մը չե՞ս ուզեր ունենալ։

Հարկա՜ւ, ուխտած եմ միայն հերոսի մը հետ կարգուիլ։

Պզտիկ լաճերու երեւակայութիւնը Հերկուլէսներ կը ստեղծէր իրենց տխեղծ անկազմ գագաթներուն տակ։ Դպրոցի ճամբուն վրայ մէկը կ՚ըսէր միւսին.

Ակոբ, մեր Հերոսը քանի՞ Քիւրտ կրնայ սպաննել։

Յիսունը մէկէն…

Եա, յիսո՜ւն, հարիւր յիսուն ըսէ ա՛պուշ, հարիւր յիսուն։

Ու նոյն իսկ պայուսակնին նետած կը գզուըտէին փոշեթաւալ։

Հերոսը, կ՚ըսէր թէ ծառայած էր Արխանեանի խումբին մէջ, կրակի եւ սուրի մարդ էր եղած. աստանդական՝ Հայաստանի ձիւնապատ լեռներուն, անդնդախոր ձորերուն, մթին անտառներուն մէջ դեգերած էր, ու բիւրաւոր վտանգներ անցուցած։

Արխանեանի բանտարկուելէն վերջ փախած էր նախ Կովկաս ու անկէ Արտասահման, ճշմարիտ հերոսներու ապաստանարանը։

Խօսուածքը կովկասահայերէն կը բուրէր, հագուածքին կոկիկութիւնը Եւրոպայէն բերած էր, ու ատկէ զատ ունէր նաեւ խորհրդածութիւններ, մտածումներ, կարծիքներ եւ սկզբունքներ։

Հերոսը ընկերվարական էր, Սօցիալ Տէմոքրադ մը։ Կը խօսէր ժողովրդային իրաւունքներու, ուղղակի եւ հաւասար քուէարկութեան, շահագործողներու եւ շահագործուողներու վրայ։ Իր խօսքերը իբրեւ պատգամ կ՚ընդունէին, ու նոյնիսկ թաղին հարուստ վաճառականները ամառ գիշերներ այդ ամէնը սրտի զեղումով կրնային մտիկ ընել։ Հերոս անոնց կ՚ըսէր.

Աշխարհը հիմնուել է անիրաւութիւնների վրայ. զօրաւորը կեղեքում է անդադար տկարը, ա՜խ ատ յիմար պուռժուազիան, նրա գոյութիւնը պէտք է չքացնել։

Նախադասութեան սկիզբը վաճառականները կը ժպտէին սիրալիր, ռուսահայ լեզուն իր հնչականութիւնովը ու նորութեամբը համակրելի կ՚երեւէր իրենց, թէեւ պուռժուազիին նշանակութիւնը չէին հասկնար տակաւին, բայց վերջին խօսքերուն կը զգային տեսակ մը գաղտագողի սպառնալիք, կսկիծ մը իրեց սրտերուն կը տիրէր ու ձեռքերնին բնազդօրէն գրպաննին կը մխրճուէին։

Հերոսի մեկնելէն վերջ ամէնէն յանդուգնը կ՚ըսէր մեղմօրէն ակռաներու մէջէն.

Զավալլը՜… հէօտի՜կ…։

Ուրիշ մը վրայ կը հասնէր, անտարակոյս աւելի ազգասէր.

Ամօ՛թ է եղբայր, ամօ՛թ, ազատութեան համար կռուած են։

Ու ամէնն ալ կ՚ամօթէին յանդուգնը՝ հակառակ անոր որ համակարծիք էին անոր, որովհետեւ դրամ ունէին։

Հերոսին համբաւը ալիքի մը նման կը մեծնար կը տարածուէր թաղին մէջ, ու թաղէն ալ դուրս բոլոր Սկիւտարի մէջ։ Աներեւակայելի բաներ կը պատմուէր իր մասին, շուտով իր առասպելները ունեցաւ Հերոսը։ Ու ինք ատկէ դժգոհ չէր երեւար։ Հերոսի մը համար աշխատիլը նախատինք համարեցին թաղեցիք ու փոքրիկ ծառայութիւններու փոխարէն առատօրէն կը վճարէին։ Աղջկան մէկը աման մը աւելցած ձուկ կուտար, ծերուկ կին մը քիչ մը միս ու թթուաշ լուբիա, տղաքը իրենց տկռած գրպաննին անոր ամենազօր ձեռքերուն մէջ կը պարպէին ամէն օր, փոխան անէքտոթի մը զոր Հերոսը երկու խօսքի ընդմէջ կը պատմէր։

Թաղին փառքն էր այդ մարդը։ Կրնար մեծ պատերազմ ծագիլ եթէ ուրիշ տեղէ մը հրաւիրէին այդ օրերուն Հերոսը։ Այդ մեծ զոհաբերութեանց փոխարէն թաղեցիք խիղճերնին հանդարտ կը քնանային, կը կարծէին ապահով ըլլալ, Հերոսը թաղին մէջ ներկայ էր, նոյն իսկ ոմանք դուռը միայն մէկ կողպանքով կրնային ձգել։