Հերոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ
Դ.

Եկած էին մարտ 31ը եւ իրեն յաջորդող օրերը։ Փաթթոցաւորներու եւ զինուորներու օրեր էին ատոնք։ Բան մը կը պահանջուէր։ Նախ ճշմարիտ ազատութիւն մը, ու ազատականներու յաղթանակը կարծուած էր այդ շարժումը։ Յետոյ երեւան եկաւ շարժումին գոյնը։

Առաջին օրուան յոյսերը ու վախկոտ զուարթութիւնը իրական վախի մը փոխուիլ սկսան։

Տղա՛ք, Ռէաքսիոն է կ’ըսեն կոր։

Ռէաքսիոնը ի՞նչ է։

Համիտ, կ’ընդմիջէր մէկը ծիծաղելով, եւ իր ծիծաղին մէջ մինակ կը մնար։

Այսինքն հին վիճակ։

Սոսկալի՛ բան է ատ, սոսկալի՜, նորէն հին օրերը։

Աւելի անկեղծները ասանկ կ’ըսէին։

Վատերը կը կրկնէին.

Աւելի աղէկ է հին ռեժիմը, նորէն ի՞նչ հասկցանք, ի՞նչ բարենորոգում եղաւ, պարա՛պ բան։

Բայց բոլորն ալ կը սոսկային ատանկ հեռանկարէ մը։

Խոր գինովութեան մը երկարատեւ թմբիրէն սթափող մարդերու կը նմանէին։

Դէպքերը արագ, արագ իրարու կը յաջորդէին։ Կառավարութիւնը անյայտացած էր, նախարարներէն ոմանք խոյս տուած, ու երկրորդական պաշտօնեաներ անգործութեան մատնուած։ Չավուշներ պետութիւնը կը կառավարէին, կայսրը անոնց ձեռքով ատեն մը երկիրը կառավարելը, օգտակար կը տեսնէր օսմանեան շահերուն։

Երիտասարդ սպաներու սպանման վրայ կը խօսուէր, հիները ցնծումի մէջ էին, կը թքնէին նորերուն վրայ։

Շոգենաւերու մէջ հարուստ ու պատուաւոր անձեր սարսափով կը տեսնէին որ զինուորները առաջին կարգի խցիկներու մէջ անպատկառօրէն կ’երկարին, ընդմիջուած դասական, մագաղաթի դէմքով, հին փտած սմբուկի երանգի մօտեցող փապուճաւոր խօճաներով։ Ուսուցիչներ եւ աշակերտներ էին ատոնք։

Սկիւտարէն շուկայ իջնողները ցանցառ կը դառնային, ու իջնողները առասպելական քաջութեան տէր կը համարուէին։ Անոնք իրիկունը անանկ բաներ կը պատմէին որ կարծես հեռաւոր վայրենի, ափրիկեան մարզերէ կուգային, մարդակերներու վրաններէն։

Փողոցին մէջ աչքիս առջեւ սպաննեցին հարպիէլի մը, արիւնը խմեցին հօճաները։

Ա՜խ իրա՜ւ, սոսկալի՛, սոսկալի՜։

Թանինի տպարանը թալլեցին։

Վա՜խ, վա՜խ։

Ջարդի ալ վախ կայ, մանաւանդ Քիւրտերը Հայերու մասին գաղտնի կը խօսին։

Լսողները կը սառէին։

95ի օրերը վերադարձ մը կ’ընէին նորէն ու Հայերը կը պատրաստուէին իբր վարժ մարդիկ սպաննուելու։

Շատեր փախուստի միջոցներ կ’որոնէին։ Ուրիշներ իրենց փայտաշէն տուներուն մառաններն ու առիքներուն անկիւնները կը զննէին։ Ոմանք դիմադրելու վրայ կը խորհէին ատանկ պարագայի մը մէջ, որովհետեւ յեղափոխական գիրքեր կարդացեր էին։

Նախկին բարձրաձայն խօսակցութիւնները մեղմ ու դողահար կ’ըլլային, մարդիկ իրարու աւելի կասկածանքով կը սկսէին նայիլ, կարծես զիրենք լրտեսողներ գտնուէին։

Սա տեսակ խօսակցութիւններ կ’արթննային պատուհանէ պատուհան։

Ի՞նչ կ’ընէք, Սերոբ աղա։

Ի՞նչ ընենք, վիճակնիս յայտնի է, Պ. Յարութիւն։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ասոր վերջը ո՞ւր պիտի երթայ։

Չեմ գիտեր, Աստուած ողորմի։

Եթէ գործը Աստուծոյ մնայ բաներնիս բուրդ է, կը ջարդուինք, վերի կողմէն Չինկեանէները պիտի յարձակին եղեր, իմացա՞ք։

Ախ իրա՜ւ, ի՞նչ պիտի ընենք։

Չե՛մ գիտեր, ի՞նչ էշութիւն, բոլոր կապարները հատցուցին Զատկին. զէնքը առանց կապարի ի՞նչ արժէք ունի։

Աստուա՛ծ ողորմի, Աստուած, Պ. Յարութիւն։ Աս է Հայուն ճակատագիրը, ի՞նչ ընենք։

Ներշնչեալ պատուելի մըն ալ ճառի մը մէջ հաստատած էր թէ՝ ազգերը աշխարհի վրայ որոշ դեր մը կատարելու սահմանուած ըլլալով, Աստուած Հայերը ջարդուելու սահմանած է։ Փա՜ռք աստուածային գթառատ նախախնամութեան։

Հերոսի յարգը նորէն կը բարձրանար։ Ան հասակը ցցած կ’անցնէր փողոցներէն յաղթական, ու հետաքրքիր մարդեր կը ձայնէին.

Ի՞նչ կայ, Հերոս, ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակնիս։

Ոչի՛նչ, կը պատասխանէր, անկարեկիր ու խոժոռ շեշտով։

Մէկէն անցեալ ատելութիւնը մոռցուած էր, ու այդ շպրտուած քուրջը, այդ փախուկը, կը վերակենդանանար իր անցեալի փառքի մոխիրներուն մէջէն։ Իր ֆիզիքական անհարթութիւնները գեղեցկութիւններու կը միտէին կրկին, ու ամբողջ թաղ մը իր քաջութիւնը խտացած կը տեսնէր միակ մարդու մը վրան։ Հրաւէրները կը սկսէին։

Հերո՛ս, քիչ մը կուգա՞ս, բան մը պիտի ըսեմ։

Հերոս, քուզո՜ւմ Հերոս, գիշերը մէյ մը մեզի հանդիպէ։

Հերոս, ճաշի եկուր մեզի։

Հերոս, սա տափատը հայրիկս տուաւ։

Մարդերը ալ զինք շատ մտերիմ կերպով սկսան բարեւել, կը բռնէին ալ թեւէն, կը շողոմէին, կիները աւելի հետաքրքիր կը դառնային, աւելի շողոքորթ, այնքան մտերիմ որքան կրնան ըլլալ հայ կիներ մօտաւոր ազգականի մը հետ միայն։

Հերոսը կը հրճուէր։ Փառք կուտար յեղափոխութեան, ու կը քալէր մուխի ամպ մը նետելով կլափէն, իրեն հրամցուած պատրաստ սիկառները քաշելով։

Ես ասացի թէ կուգան օրեր՝ երբ դուք նորէն կը ստիպուէք փարիլ յեղափոխութեան եւ նրա գործիչին։ Ա՛յ, հա՛րկաւ դուք աղջիկներ չէք, կը կազմակերպուենք հասարակաց թշնամիներուն դէմ։

Բայց կապար չունինք, Հերո՛ս, ա՜խ հատցուցինք։

Չէի՞ ասում ձեզ թէ, անիմաստ կերպով վատնում էք դուք ձեր կապարները, եւ թէ դուք նրանց կարօտ կը մնաք։

Ի՞նչ ընենք հիմա, Հերոս, անուշի՜կ Հերոս։

Հոգ չէ ես կը հայթայթեմ ձեզ։

Կեցցե՛ս, պռավօ, ապրի՛ս Հերոս։

Կը պոռային խանդավառ այդ վերջին խօսքին վրայ, իբր թէ յաղթութիւնը ամբողջովին տարուած ըլլար։

Բայց, հարկ է կազմակերպուիլ, կ’աւելցնէր Հերոս։

Կազմակերպո՜ւիլ, ի՞նչ ըսել է կազմակերպուիլ։

Թաղերի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ է խմբերի կազմութիւնը, հերթապահներ հարկ է նշանակել։

Երեկոյին, քանի մը՝ ձեռքը գրպանը հասնող մարդիկ, արհեստաւորներ, գործաւորներ, ջրհանկիրներ լեցուած էին Ինճատիէի դպրոցին ընդարձակ սրահը։ Հետզհետէ կը հասնէին հոն Դաշնակցականներ, խրոխտ կեցուածքով, սպառնական քայլընթացով, որոնք կը պտտէին ձեռքերնին գրպաննուն մէջ, կարծես ռազմական ծրագիրներու վրայ որոճալով, Ս. Դեմոկրատներ ատեցող հայեցուածով, քիչ մը երգիծական շրթներով, որոնք աւելի քիչ կը խօսէին, կային քանի մը Ռամկավարներ տակաւին անհամարձակ, գրեթէ վախկոտ երեւոյթով, որովհետեւ այս միջոցին անոնց հռչակի օրերը չէին հասած, յետոյ անկուսակցականներ, տկլոզ ուսուցիչներ, հիւծած դէմքով ու կասկածոտ նայուածքով, գինով խմբագիր մը, ճաղատ դիւցազներգակ բանաստեղծ մը, զորոնք հայրենասիրութիւնը եւ վախը հոդ ղրկած էր, եւ որոնք հաւնոցի մը շուրջ պտտող աղուէսները կը յիշեցնէին։ Իսկ թաղերու միջակորեար երիտասարդութիւնը սիրտ չէր ըրած տուներէն դուրս ելլելու։

Գէշ օրեր են ասոնք, գոչեց յանկարծ միջակորեար էֆէնտի մը, է՛յ, տղա՛ք, ի՞նչ պիտի ընենք, պէտք չէ՞ մտածենք մեր ընտանիքին վրայ, պէտք չէ՞ պաշտպանենք ինքզինքնիս։

Պուրժուա մը հոս խօսելու իրաւունք չունի բնաւ, անկցի՜ն պուրժուաները, գոչեցին խումբ մը տաք գլուխներ։

Այո՛, այո՛, անկցին, կրկնեց Հերոսը, բայց գործենք երբ դեռ ուշ չէ, հիմա ժամը չէ դասակարգային պայքարի։

Դաշնակցական խմբապետ, Կովկասահայ Աբգար ձայնեց.

Ուղղակի յիմարութիւն կը լինի հիմա այդ հարցերով զբաղուիլը, կազմակերպուինք հայրենակիցներ։

Սօցիալ Դէմոկրատ մը արդէն իսկ սկսած էր հայրենաշունչ ճառի մը, երբ խումբ մը մարդիկ պոռացին.

Վերջացուր ճառդ, եթէ հարկ է որ խօսող մը ըլլայ, ատիկա պէտք է մեր ընկեր Աբգարը ըլլայ։ Ասոնք Դաշնակցականներ էին։

Ու ահա վէճը տարածուեցաւ սրահին մէջ։

Մէկը պոռաց.

Հնչակեան կուսակցութիւնը նախապատուութիւնը պէտք է ստանայ, որովհետեւ ամէնէն հինն է ու արդիւնաւորը։

Հնչակեանութիւնը զառամ ծերուկ մըն է, եւ արդէն իսկ գերեզմանի մօտը կը գտնուի, ընդմիջեց երիտասարդ մը։

Ս. Դ. Հնչակեանները, լրացուց ուրիշ մը, ա՛լ գոյութեան իրաւունք չունին։

Ու ահա պայթեցաւ փոթորիկ մը որ կէս ժամ տեւեց։

Չէզոքները կ’ուզէին միջամտել։ Ռամկավարները թէեւ սարսափահար, բայց անկիւնէ մը հրճուանքով կը դիտէին, ու իրենց ազգասիրութիւնը թոյլ չէր տար որ միջամտեն։ Պէտք էր ձգել որ ասոնք զիրար ասանկ փճացնեն՝ կը խորհէին։

Այո՛, Դաշնակցութիւնը վատերի մի խումբ է, կը գոչէր մէկը։

Հնչակեանութիւնը արատ մըն է Հայութեան, կը կանչէր ձայն մը։

Ուրիշ մը կոկորդը պատռելու աստիճան կ’ոռնար.

Ուղղափառ մարքսիզմի ներկայացուցիչն է Ս. Դ. Հնչակեանութիւնը. եւ ով ուղղափառ չէ վատասերած, հերետիկոս, սրիկայ է, այո՝ ուղղափառ մարքսիստներ ենք մենք։

Մարքսիզմը, կը կանչեն խումբ մը Դաշնակցականներ, չունի մարտական արժէք, նա իւթոփի է, ու անոր ներկայացուցիչները սնախօսներ, պոռոտաբաններ են։

Ո՛չ։

Այո՛։

Իրա՞ւ, դա ձեր տաքտիքայի թերութիւնն է։

Բնաւ։

Կ’ուզէք լաւագոյն հարուած մ’ալ հո՞ս ստանալ։

Տեսնեմ…։

Ձգեցէք, հասկացնեմ սա սրիկաներին։

Ապրի՛ Ս. Դեմոկրատիան։

Անկցի՜։

Կեցցե՛ն Դաշնակցական շարքերը։

Ու ահա խաղը, ահաւոր, կը սկսէր համազգի, համարիւն եղբայրներուն միջեւ։ Այդ պահուն միեւնոյն շահով կապուած այս Հայերը կը կռուէին իրարու դէմ հոմերական դիւցազուններու բորբ եռանդով։ Ձեռքերը ու ոտքերը իրար խառնուիլ կը սպառնային, միջամտող չէզոք մը կ’ընդունէր կռուփ մը, ուրիշի մը քիթը կը կարմրէր ուժեղ հարուածին տակ։ Այդ առթիւ պուռժուազիէն առնուած վրէժներ էին ատոնք։

Կը բաւէ՛, ա՜յ յիմարներ, կը բաւէ՛, առնական ձայնով պոռաց Հերոս, կը բաւէ, հո՞ս ալ դուք նկրտում էք միմիանց փճացնել, ուրեմն դուք հոս չէ՞ք հաւաքուել նուիրական մի գաղափարի շուրջ, ես ձեզ կոչ եմ անում կազմակերպուել յանուն Հայութեան օգտին։

Իսկ ընկեր Աբգար խստօրէն լրացուց՝

Բա՛ւ է, ամօթ է։ Մեր դրութիւնը երբեք այսքան վատթար չէ եղել, հոս պէտք է այս նուիրական գաղափարի պաշտպանութեան շուրջ դադար առնեն բոլոր կուսակցական հաշիւները։ Հոս միայն Հայեր եմ տեսնում եւ ոչ ուրիշ բան։

Ու ահա մէկէն խանդալից ծափահարութիւն մը ողողեց կռիւի դաշտը, եւ սրահին որմերն ու անոնց վրայ գտնուող փոշոտ իրագիտական պատկերները երկար երերացին փտած տախտակամածին տրուած ոտքի հարուածներէն։

Ձայները դադրեցան, խաղաղեցաւ սրահը, մինչ շատեր գաղտօրէն կը շփէին ցաւագին դէմքով, իրենց թեւը կամ ճիւը։

Նախ մշակուեցաւ ռազմական ծրագիր, կարեւոր դիրքերը որոշուեցան։ Ամէն ներկայ իր տունը կարեւոր դիրք մը կը նկատէր։ Վերջապէս որոշուեցան խումբեր եւ խմբապետներ, որոնք թաղերու ռազմի որոշուած մասերուն մէջ դիրք պիտի բռնէին։ Նշանակուեցան ամրացուելու վայրերը, արձանագրեցին մարտիկները, եւ յաջորդ գիշերուան համար ժամ որոշեցին ստուարացնելու համար շարքերը նորակոչերով։

Ու հաշտուած լաւագոյն տրամադրութիւններով իրարու հանդէպ՝ մեկնեցան Հերոսը եւ ընկեր Աբգարը շնորհաւորելով։

Հերոս կը ցնծար. իր հին հրոսակի օրերը վերադարձած կը կարծէր։ Լաւագոյն կերպով կը գնահատէր հիմա իր արժանիքը. ու բոլոր այդ գիշերը ան ռազմագիտական ծրագիրներ յօրինելու աշխատեցաւ իր սենեակին մէջ։ Մաքրեց հրացանը, փայլեցուց փողը ու երկաթեայ միւս մասերը, եւ յետոյ զանազան մեծութիւնով հարիւրաւոր կապարներ թափեց կաղապարներու մէջ։

Յաջորդ օրն իսկ սպառեց կապարները։ Թաղին այրերէ շատեր իր վրայ կը վազէին կապարի համար, ոմանք ալ մինչեւ Պոլիս իջնելու վտանգը յանձն կ’առնէին, բայց իրապէս չէին գիտեր թէ ի՞նչ պիտի ընէին կապարներով։

Հացին չափ պիտանի կը դառնային նորէն հերոսները։ Ժառանգական վախը գլուխ կը բարձրացնէր Հայերու սրտին մէջ, մութ ծակէ մը դուրս սողոսկող օձին պէս։ Ոմանք ճակատագրին կը հաւատային ու կը մխիթարուէին, ուրիշներ աղօթելու պէտք կը տեսնէին գէթ այդ օրերը, իսկ կային կուսակցական երիտասարդներ, որոնք թէեւ գիտէին սարսափին ինչ ըլլալը, բայց քանի մը կրակ տեսած խմբապետներով պիտի դիմադրէին։ Խաղաղութեան ժամանակ գէթ այդ էր իրենց որոշումը։ Քիչ շատ ունեւորի զաւակներ մառաններու մէջ պտոյտներ կ’ընէին, իբր թէ բան մը փնտռելու համար, իսկ անոնք որ ոչինչ ունէին աշխարհի վրայ, կը խնդային, կը ցատկէին, կը կատակէին։ Այդ դասակարգին կը պատկանէին պանդուխտ ամուրի գործաւորներ, ջրհանկիրներ, փողոցաշրջիկ ստահակներ, որոնք իրենց մէջ թաքուն առասպելական քաջութիւններու վրայ կը խորհրդածէին, կային նաեւ քանի մը Պոլսեցի անտարբերներ։ Կիներուն սարսափը իրենց ամուսիններուն չափ մեծ էր, թէեւ գիտէին որ կիները չեն ջարդեր, բայց տեսած էին մեծ ջարդէն մնացած այրիները։ Ատանկ վիճակ մը երեւակայելով կսկծանքի յօրանջ մը կ’ելլէր իրենց կոկորդէն։ Կային քաջ կիներ որ սեւ պղպեղը մոխիրի մէջ խառնելով ամաններով կը հանէին առիքը, անկէ ցրուելու համար թշնամիներու ականողիքներուն մէջ։ Անոնց ամուսինները այդ բաղադրութեան հրաշալի յատկութիւններուն վրայ հիացում ունէին միայն, ու մտովի իրենց կնոջ հնարագիտութեան վրայ կը զմայլէին։

Կային ուրիշ մտայնութիւնով էգեր ալ որ կաթսաներով ջուր դրած էին օճախներու վրայ ի հարկին եռացած ջուրով ողջունելու համար այլազգիները եւ թէեւ այդ գաղափարի նշուլանքի իսկ միջոցին իրենց մտքին մէջ՝ ձեռքերնին կը դողար։ Կիներ եւ աղջիկներ ալ կային, թէեւ շատ քիչ, որոնք անուշիկ բաներու վրայ կը մտմտային։ Ազատութենէն վերջ կարդացած էին 95ի միջոցին խուժաններու ըրած շահատակութիւնները, պղծումի հազարաւոր ձեւեր վերծանած էին ու հաճոյքով լեցուած։ Կը մտածէին ատանկ յանկարծական ու բարբարոս հաճոյքներու վրայ, ու խելացնորութեան վայրկեաններու մէջ նոյն իսկ ջարդ մը կ’երազէին ոգեկոչելով վայրագ կիրքերու յագեցումին յայրատ պատկերները։

Թաղին հարուստները քաշուած էին։ Անոնցմէ շատեր նախամեծար համարած էին Մեծ Կղզի պանդոկ երթալ հարիւրաւոր ոսկիներ ծախսել, քան թաղին պաշտպանութեան համար քանի մը կարմիր դրամ տալ զէնքի գնում կատարելու։ Անոնցմէ մին, ազգային բարերար մը, այդ նպատակով իրեն դիմող յեղափոխականը վռնտած էր ըսելով.

Գացէ՛ք դուք ինքզինքնիդ պաշտպանեցէք, մենք ձեր պաշտպանութեան պէտք չունինք։

Ու փոխանակ քանի մը ոսկիով պաշտպանել տալու իր հազարաւոր ոսկիներ արժող տունը, զայն բաղդին էր ձգած։

Սիրական էֆէնտին հակառակ իր հարստութեան կղզի չի գնաց։ Նախ քիչ մը ճակատագրին կը հաւատար, ինք ատանկ կ’ըսէր, Տաճիկներուն հետ շատ ապրած ըլլալով, երկրորդ՝ կղզի երթալով մեծ ծախսի տակ իյնալը զինքը ու մանաւանդ իր կինը խրտչեցուցած էր։ Պոլիս չէր իջներ՝ օրերէ ի վեր վաճառատունը գոց կը մնար։ Կայծիկեան էֆէնտիին համար հասարակ ատեն մը ատիկա ցաւերու մեծագոյնը պիտի ըլլար։

Ճակատագրին հաւտալով մէկտեղ՝ Սիրական էֆէնտին իմացած էր թէ զանազան տեղեր մարդիկ ինքնապաշտպանութիւնով կրցած էին անկէ խուսափիլ. նոյն իսկ այդ բանը պատահած էր միեւնոյն թաղին մէջ, այն տուները որ կրցած էին դիմադրել, զոհ չէին տուած, իսկ ուրիշներ որոնք յարմար դատած էին աղաչանքով ընդունիլ խուժանը, անկէ խողխողուած էին։

Պէտք էր միջոց մը խորհիլ, ու Կայծիկեան այդ մտածումով թափանցուած, երկարօրէն միտքը կը չարչրկէր ելք մը գտնելու, մանաւանդ գործերը վատ կ’երթային, ջարդի սպառնալիքը գորշ օրուան մը մշուշին պէս կը խիտնար, կը ծաւալուէր, կը սաւառնէր Հայերուն վրայ։

Նոր օրերու հետ նոր շահատակութեանց լուրեր, նոր սպանութիւններ ամէն կողմ. ազատութեան ներկայացուցիչները, արշաւող յետաշրջումէն ահաբեկ ցրուած, լուծուած էին։ Ազատականներուն զէնքը՝ բանակը, կոյր եւ աղետալի գործիք, յետադէմներուն ափին մէջն էր։ Պղտոր դասակարգեր կը յայտնուէին սանձարձակ, սպառնական. շոյուած հին բնազդներ այլազգ թաղերու մէջ առատ սնունդ կը գտնէին. կը սրուէին խաղաղ աշխատանքի շատ մը գործիքներ, ու արշաւանքներու յատուկ պատրաստութիւններ կ’ընէին խաներու մէջ քիւրտ լեռնականներ։

Սիրական էֆէնտին կը զգար ու կ’իմանար ասոնք։ Իր ձեռքերուն կը նայէր, զանոնք անընդունակ կը գտնէր զէնք կրելու. հայ վաճառական մը որ դեղին բաներու հետ խաղցած է, չի կրնար զէնքի հետ խաղալ։ Բայց եւ այնպէս հարկ էր միջոցը գտնել։ Յուսադրական բան մը կար, թերթերը ազատութեան բանակի մը առաջխաղացութեան լուրերը կը հաղորդէին, Պոլիսը ազատելու։

Իրիկուան մը դէմ Կայծիկեան էֆէնտին խորունկ մը մտմտալով կը չափէր իր հիւրասենեակը, սաթէ համրիչը ձեռքին մէջ յուլօրէն դարձնելով, որուն չափուած շշնկոցով սենեակին լռութիւնը աւելի զգալի կը դառնար։

Պտտելով այսպէս մտախոհ էֆէնտին կը նայէր կարօտով, ճոխ բայց անճաշակ կարասիներուն, բրդոտ ու թանկագին գորգերուն ոտքին տակ փռուած, որոնց գոյնզգոյն ծաղիկները իրիկնադէմի ստուերին մէջ լոյսի աղօտութեան մը բերած տարտամութիւնը կը հեգնէին, կը նայէր գլխուն վերեւի բիւրեղեայ մոմակալներով մեծ լամբարին, ընկոյզէ թիկնաթոռներուն, որոնց նստատեղիի կարմիր թաւիշը ատ կիսալոյսին տակ կը մրափէր անուշ կայծերով, իր եւ կնոջ ոսկեծիր լայն շրջանակաւոր իւղանկարներուն, հայելիներուն՝ որոնց մէջ հազար անգամ պարագաներու յարմար առնուելիք դէմքեր ուսումնասիրած էր. յետոյ կ’երեւակայէր տանը բոլոր իրերը, խոհանոցի էն յետին առարկան, ու անոնց ենթադրական ջախջախումն իսկ զինքը վախով կը համակէր։ Անոնց պատուական տիրոջ մահուանն ալ կը մտածէր, ու շլմորանքի, սարսուռի կը մատնուէր մարմնովը, երբ ապագայ թափուր Թաղական Խորհուրդներու, ազգային ուրիշ պաշտօններու ատենապետութիւնները կ’ելլէին մտքին առջեւ։ Այս ամէնը պնդօրէն զինք կեանքին կը կապէին, կը սիրցնէին զայն ամէն ատենէ աւելի։

Դիւրին չէ՞ այսքան շահիլ, այդքան բարձրանալ ու մեռնիլ, կը մտածէր Սիրական էֆէնտին։

Արդէն գիշերը իջած էր՝ ու վաճառականը մտածումի անելներուն մէջ կորսուած՝ յուսահատելու վրայ էր երբ՝ տիկին Նեմզուր իր փարթամ մարմինը սենեակէն ներս մտցուց. տիկինը իր մարդը խղճալի այդ վիճակին մէջ գտնելով հարցուց գորովանքով։

Ինչո՞ւ ատանկ կը խորհիս էֆէնտի, նորէն շատ խորերը գացեր ես.

Ու աւելցուց դժգոհ՝

Ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակնիս էֆէնտի, ամէն մարդ փախած է, վտանգ կայ կ’ըսեն։

Ատոր վրայ կը մտմտամ առտուընէ ի վեր, Նեմզուր։

Ի՞նչ է միտքդ էֆէնտիս։

Տուներնիս պաշտպանելու միջոցներուն վրայ խորհելու ենք. դիրքերնիս գէշ չէ։

Եթէ ատանկ է… Հերոսը կանչենք. աս իրիկուն դպրոցը ժողով կայ, գնա՛ առ հետդ բեր։

Ճառագայթ մը Կայծիկեան էֆէնտիին մթագնած ու խոշտանգուած գանկը ողողեց. ժպտեցաւ, խոշոր շունչ մը քաշելով, բայց բան մը չի յայտնեց կնոջը, զայն ճամբու դրաւ սենեակէն, ձգեց իր պարարտ մարմինը թիկնաթոռի մը վրան, որ տքալից վայիւն մը ունեցաւ, ու աչքերը գոցելով խօսեցաւ.

Վա՜յ շան կնիկ, իրա՛ւ որ ատ աւանակին վրայ խորհած չէի։ Ատանկները մեզի համար ծնած են, թող գիշերները սպասէ հոս, գոնէ քիչ մը հանգիստ կ’ընենք։

Գիւտը ինք չըրած ըլլալուն համար դժգոհանք չունեցաւ, ինչպէս սովորաբար, զգաց թէ կինը իր կէսը ըլլալով՝ մաս մը իր ամենագիտութենէն անոր տուած էր։

Երեկոյին՝ ճաշէն վերջ առաւ Հրանտը եւ Զգօն էֆէնտին. երկնցան դէպի թաղին դպրոցը։

Նախորդ գիշերուընէ մնացած կազմակերպական եւ մարտական խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուէին։ Բազմութիւնը աճած էր հոն, սրահէն զատ կողմնակի դասարաններուն մէջ ալ խօսակցող, վիճող, պոռչտող խումբեր կային։

Տնտես մը Սիրական էֆէնտիին մուտքը փութով տարտղնեց հոս հոն. շատեր պատկառանքով ընդունեցին զինքը։ Սիրական էֆէնտին ժպտալից, սիրալիր կերպով կը բարեւէր կուսակցականները, անոնցմէ ոմանք կը կարծէին թէ նոյն իսկ զէնքի դրամ տալու եկեր էր։

Բազմութիւնը կամաց կամաց սկսաւ այս անձնաւորութիւնով հետաքրքրուիլ, ու աղէկութեան նշան կը համարէին ականաւոր մարդու մը ներկայութիւնը իրենց մէջ։ Աղմկալի սրահը քիչ քիչ նուազեցուց իր հնչականութիւնը, այս պատկառելի անձնաւորութեան լրջութիւնով համակուած։

Հերոս անկիւն մը կանգնած էր, Կայծիկեանը զայն բարեւեց գլխի շեշտ շարժքով։

Կը սկսէին նոր խումբերու կազմութիւնը, նախորդ գիշերուանները կը ստուարացուէին։ Կուսակցականները իրենց տղոցմէն զատ համակիրներ կ’ընտրէին, ամէնն ալ քիչ թէ շատ սպառազինուած աննմանակ, այլազան զէնքերով։

Յանկարծ չկատարուած քաջութիւններու համար կը բարձրանար ժխորը։

Կը տեսնուինք, կը սկսէր, Ս. Դեմոկրատ Հնչակեան մը, կը տեսնուինք թէ ո՞վ է իսկապէս մարտական ոյժ ունեցողը։

Նա՜հ, յիմար, առանց Դաշնակցական շարքերուն Սկիւտար ոտնակոխ կ’ըլլայ։

Ընկեր Սարգիսը տարիներով դաս կրնայ տալ ձեր ընկեր Աբգարի։

Ընկեր Աբգարը կը թքնէ ատանկ խլէզներու վրայ, հայ-թրքական ընդհարում ղեկավարած է, դուք սմսեղուկներ, վախկոտ հաւեր։

Վա՛, կ’անպատուէք դուք անաղարտ մի կուսակցութիւն։

Դուք ալ մեր խմբապետը կ’անպատուէք։

Ու ահա նորէն կռիւի սկիզբ մը, զմայլելի նախերգանք հայկական բոլոր ձեռնարկներուն, տաք գլուխ երիտասարդներու միջեւ, որոնք զէնք ունէին։ Ձեռքեր վեր կ’ելլէին թափով, ու ոտքեր կը ծեծէին սրահին կոտրտած տախտակամածը. ընկեր Սարգիս եւ Հերոս իրենց բարերար միջամտութիւնը բերին գործին. ու ընկեր Աբգար խիստ ակնարկով մը զսպեց իր մոլեգնածները։

Կայծիկեան էֆէնտին առիթը յարմար գտաւ խօսելու։ Ճարտարօրէն ճառեց համերաշխութեան պէտքին վրայ, ինչպէս ամէն մարդ երբ չի կռուիր, գովեց յեղափոխականները, կազմակերպողներուն քաջութիւնը, հայրենիքի ազատութեան անվեհեր պաշտպաններ անուանեց անոնց պետերը, բայց հոդ բաւական մը կեցաւ, ու կ’երեւայ թէ հառաչեց. յետոյ վրայ բերաւ.

Ձեր պաշտպանողական հիանալի ծրագրին մէջ կայ թերի կէտ մը զոր չեմ ուզեր ցոյց տալ, սակայն ստիպուած եմ, որովհետեւ հասարակաց օգտին համար է։

Բոլոր ականջները սրուեցան, աչքերը անձկացան։

Ծօ՛ պակաս մը, ընդմիջեց անդիէն անծանօթ մը։

Մեր պաշտպանողական ծրագիրը անթերի է, մէջ բերաւ ուժեղ աշխատաւոր մը։

Խելքը թող տո՛ւն կանչէ այդ յիմար պուրժուան, ըսաւ բժշկական ուսանող մը, որուն կօշիկները պատռած էին։

Թերի կէտ մը, շարունակեց հարուստը նորէն, որ կրնայ վտանգաւոր հետեւութիւններ ունենալ։

Խմբապետները մօտեցան։

Ուզում ենք իմանալ այդ թերութիւնը, խնդրեմ ասացէք, ըսաւ ընկեր Աբգար։

Կայծիկեանը չի խօսեցաւ։ Թախանձեցին։

Գիտէք անշուշտ տունիս դիրքը, գիտէք նաեւ որ քարուկիր է, Սարգիս պէյի ծրագիրով շինուած, ինչ որ է, խնդիրը ատոնց վրայ չէ, կարեւորը ուրիշ պարագայ մըն է։ Երէկ խիստ անկեղծ թուրք բարեկամներէս մին գաղտնապէս երկտող մը ձեռքս հասցուցած էր՝ ինձ իմացնելու որ հաւանականաբար յարձակում մը պիտի ըլլար Սկիւտարի Հայոց վրայ, եւ թէ խորհուած է եղեր իմ տանս կողմէն ալ յարձակիլ։ Ինծի պարտք մը սեպեցի գալ հոս եւ տեղեկացնել. կրնամ ես վաղը հեռանալ տունէս բայց թաղը անզգուշութեան մը համար կրնայ ոտքի տակ երթալ։

Այդ ըսելով անգոյ նամակը փնտռել ձեւացուց գրպաններուն մէջ։

Այդ լաւ ասացիք, միջամտեց Հերոս, դա ռազմական կարեւոր կէտ է, եւ պէտք է ամրացնել։ Ձեր տունը մի կողմից նայում է դէպի Գուզկունճուկ, բայց միւս երեսը գտնուում է դէպի լեռ տանող ճամբուն վրայ, վտանգալիցը հէնց այդ կէտն է։

Շատերը վաճառականին յայտարարութեան վրայ նեղուեցան։ Ուրեմն իրա՞ւ յարձակում մը կը պատրաստուէր։

Լա՛ւ պէտք է պաշտպանել ուրեմն այդ կէտը, կրկնեց խմբապետ ընկեր Աբգարը. դիրքը բաւական կարեւոր է թուում ինձ։

Ներկայ մը առարկեց թէ՜ ատանկով կրնան միւս խումբերը ցանցառիլ, եւ թէ այդ դիրքերը նուազ վտանգալի չէին։

Կարող ուժ մը եթէ ղրկուի, ես զաւակիս հետ կ’օժանդակեմ անոր, հանդարտօրէն վրայ տուաւ Կայծիկեան էֆէնտին։

Այո՛, յարեց ընկեր Աբգար, դիրքը ա՛յնքան զօրաւոր է երեւում, որ երեք անձ կարող են զայն պաշտպանել։

Միայն այդ մէկը վարժ ըլլալու է, գիտէք որ ատանկ դիրքի մը մէջ կարող անձ մը հազար կ’արժէ։

Շատեր իրարու երես նայեցան։

Թող մեր Հերոսը երթայ, գոչեց Ս. Դեմոկրատ մը։

Հերո՞սը… ժպտելով ծռեց գլուխը Սիրական էֆէնտին. յետոյ հաստատապէս գոչեց.

Լա՛ւ, թող մեր Հերոսը ըլլայ։

Բաւական մարդիկ շնորհակալութիւն յայտնեցին վաճառականին, յետոյ խումբերը սկսան մեկնիլ, ոմանք իրենց բացօդեայ դիրքերուն շրջանը ընելու կամ անոնց վրայ հսկելու, ուրիշներ քարաշէն տուներու մէջ ամրանալու։ Իրենց ձայները նախ հնչեղ ու պոռչտուն, հետզհետէ նուաղումի ենթարկուեցան, աւելի վերջ վերածուելու համար խուլ բզզոցի մը, ու անորոշ ոտնաթափումի մը անհամաչափ շշնկոցին։

Դպրոցը պարպուեցաւ։

Զգօն էֆէնտին այդ կատակերգութեան բոլոր տեւողութեանը միջոցին խօսքի խառնուած չէր, ապշած ու դողահար դիտելով ատրճանակներու սպառնագին փողերը։

Սիրական էֆէնտին Հերոսին դարձաւ յաղթական ժպիտով,

Է՜ Հերոս, ա՛ս ո՜րչափ կայ որ մեր տունը չես հանդիպած։

Հերոս պատասխան չուզեց տալ, տաքտիքայի անյարմար գտնելով ատանկ վարմունք մը։ Ու չորսը մէկ մեկնեցան։

Դուռնէն իսկ խանդաղատալից ընդունելութիւն մը վերապահուած էր Հերոսին։ Տիկին եւ օրիորդ Կայծիկեան դիմաւորեցին զիրենք ժպտուն, ու Հերոսին անուշ բաներ ըսին։ Հերոս չուզեց մտածել թէ այդ միեւնոյն դուռնէն օր մը, շան լակոտի պէս ճամբուած էր։

Գիշերը, Կայծիկեան ատ խըմպըլներուն վրայ խնդաց ու խնդաց, միւս կողմէ կիսկատար բան մը կ’ըլլար այդ ծիծաղը, որովհետեւ ջարդի սպառնալիքն ալ փորը մտած էր։ Լաւ համոզուած էր որ ամենազօր սուրին առջեւ բանականութիւնը եւ դրամը կանգ կ’առնեն։

Պառկելու միջոցին կնոջը գրեթէ մսազեղ թուշը խածաւ մրմռալով հեգնօրէն.

Ինտո՞ր է Նեմզուր…։

Իրա՛ւ որ նմանդ չի կայ էֆէնտիս։

Մէկ մէկու աչք նայեցան. մարեցին ճրագը, պլլուեցան իրարու վերմակին տակ, վաղը կրնային մեռնել… ու լայնանիստ մահճակալը դժնդակօրէն խռովուած, վայրկեաններով՝ երկա՜ր, երկա՜ր, հեծեց։

Յաջորդ առտու, Կայծիկեան էֆէնտին շատ կանուխ ելաւ։ Տակաւին փողոցները ոտնաձայն չի կար, ու հազիւ արեւելեան հորիզոնին վրայ շառագոյն, պղնձաթոյր ծուէններ կը գծագրուէին։ Արշալոյսը կը ծագէր։ Վազեց գտաւ Հերոսը՝ որ այդ միջոցին կը մրափէր, դէպի Հրեաներու գերեզմաննոցը նայող փոքր սենեակին մէջ։

Բարի լո՜յս, Հերոս։

Հերոս ընդոստ ցատկեց, շփեց աչքերը ու կը թուէր թէ հրացանին կ’երկարէր ձեռքը. մէկէն ուշաբերեցաւ բարեւելով Սիրական էֆէնտին։

Ի՞նչպէս անցուցիր գիշերը։

Հսկեցի, սա մի աննման դիրք է, սրանից կարելի է պահպանել ամբողջ թաղի մի մասը։

Իրա՞ւ Հերոս։

Անտարակո՛յս։

Հերոս, քեզի բան մը ըսելու եկած եմ։

Ի՞նչ բան, խնդրեմ, ասացէ՛ք։

Դուն հոս օտարական չես, պէտք է ուզածիդ պէս ապրիս, սրտիդ ուզածը կեր, տունը քուկդ է, դուն տունինն ես. այս դէպքերէն վերջ ինչ կ’ըլլայ չըլլար, քեզի քովս, խանութս կ’առնեմ, գործակատարի մըն ալ պէտք ունիմ, եւ վերջապէ՜ս…

Հերոս կ’երջանկանար։

Հիմա դուն պառկէ, քնացիր, հսկելու կարգը մերն է։ Ցերեկը մենք հսկենք, իսկ գիշերները կարծեմ դուն մարդու պէտք չունիս։

Այնքան էլ կարեւոր չէ՛ ինձ համար մարդը, միայն թէ ի հարկին ես պէտք կ’ունենամ մի տղամարդու, կապարներն ինձ տալու համար։

Այդ ալ կրնայ ըլլալ, հիմա հանգիստ ըրէ դուն։