Հերոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ
Զ.

Թաղերուն մէջ օրերը տխուր կ’անցնէին. շուկայ իջնող չի կար գրեթէ։ Տունէ տուն այցելութիւններ միայն, ու կիսաբերան, գաղտուկ, սրտաբեկ խօսակցութիւններ։

Թերթերը անդադրում կուգային։ Ամէն օր նոր սպաննութիւններ, նոր արհաւիրքներ։ Խմբագիրները պահ մը փաթթոցաւորներու մեկնութեանց անձնատուր, ուրախութիւն յայտնած էին Երիտասարդ Թուրքերու փախուստին համար. յետոյ աղէտալի գուշակութիւններ ունեցած էին, ու հիմա կը տեսնէին անոնց իրականացումը։ Վախկոտ կարելի չէր համարել զիրենք։ Անոնցմէ մին՝ Համիտի բռնաւոր շրջանը փառաւորելէ վերջ, անձնապաշտպանութեան կը հրաւիրէր ժողովուրդը, եւ ուրիշ մը՝ ըմբոստ բանակը փառաբանելով հանդերձ, «ինքզինքնիս պաշտպանենք» վսեմ խօսքը կը փախցնէր թերթին անծանօթ մէկ անկիւնը։

Ըմբոստ չավուշները ամենագէտներ դարձած, աստուածային զօրութիւնը բիրտ ուժին, իրենց քով քծնող թղթակիցներու կը խօսէին Հայրենիքի ապագային վրայ։

Տեսակ մը անհամաձայն, ու գլխովին իրարու անհաղորդ տարրերու իրերախառնում, տեսակ մը անկարգ խառնակութիւն, գլխու պտոյտ տուող, սիրտ ճմլող, եւ անորակելի անստուգութիւն մը, թէեւ ստոյգ իր ներշնչած սարսափով, որ կը սաւառնէր օրերէ ի վեր ամբողջ մայրաքաղաքին վրայ։ Այդ վախը նախ ճղճիմ, փոքր, ժպտախառն, հետզհետէ կը լայննար, կը ստուարանար, իր անպարագիծ թեւերով կը գրկէր, կը ճնշէր, կը ճմռէր համայն քաղաքը։ Կը թուէր թէ շիրմաստաններ էին շատ մը դղորդ թաղեր, որոնց մահաշշուկ լուռը կ’ընդմիջուէր յանկարծ չոր պայթիւնով մը։ Յետոյ կրկին անձայնութիւնը համատարած. ու ժամերով անձկութեամբ սպասող, կոկորդներէն անողոքելիօրէն ճնշուած, հեղձամղձուկ ամբոխներուն, մանաւանդ Հայուն մէջ խիթ մը կը տարածուէր, զօրեղ ելեկտրական հոսանքի մը առթած տաժանքով, երբ նորանոր պայթիւններ կը ծնէին հոս հոն։

Քաղաքին ժողովուրդը չէր փորձեր սուրբ ըմբոստութիւն մը բռնութեան դէմ. քանի մը քարերով պատուար մը իսկ չկանգնեց փողոցներուն մէջ. ո՛չ իսկ խումբ մը Թուրք երիտասարդներ հրոսեցին, լուծելու համար մատաղ զինուորականներու թանկ արիւնին վրէժը։

Ճշմարիտ, հրաշագործ Յեղափոխութիւնը երբեք չէ բորբոքած Ստամպօլի մեղկ բնակչին սիրտը։ Բիւզանդական վատթար օրերէն ի վեր վէճն է այս քաղաքի միակ աւանդութիւնը, ու դաւադրութիւնը՝ իր փառքը։ Մեծ դէպքերը կը սպասուէին օրերէ ի վեր։ Բայց առաջաբանը երկար կը տեւէր։

Առհաւական բոլոր վատ բնազդները Իճատիէի Հայերուն մէջ ալ կ’երերային. դողով ու կսկծանքով, կզակները իրարու կը փարէին պինդ, ու աժանագին, ձրի խօսքը՝ հազուագիւտ բան մը կ’ըլլար։ Նոյն իսկ յետաշրջումի առաջին օրերու անվախները լռած էին։ Կը մնային թաղին հին քանի մը Պոլսեցի վատասերած տարէցներն ու պարմանիները, որ անհոգ կը խնդային, բարձրաձայն կը ծիծաղէին, ու ջարդ մը իրենց կատակ կուգար, որովհետեւ անձերնին թրքանալու տրամադիր կը զգային, կամ կը կարծէին խուժանները կատակելով զբաղեցնել։

Ասոնք հակառակ տիրող աններող մթնոլորտին, գէշ ընդունելութեան ալ չէին արժանանար, որովհետեւ բոլոր այդ վախցող մարդիկը, պէտք ունէին զբաղուելու, վանելու վատ մտածումներ, մեռնելու ահը իրենց ուղեղներէն։ Այդ ծիծաղները զիրենք վայրկեանի մը համար կ’ոգեւորէին, կ’անջատէին քանդումի ու մահուան սպառնալիքներէն, սովորական կեանքին կը վերադարձնէին, ուրկէ, դժխեմ ու տեւական ճակատագիրը ցեղին, ակամայ վտարուած էին։ Այդ կարգի անձերէն մին կ’անցնէր մահահոտ փողոցներէն, անյոյզ, անփոյթ քայլերով, ու պատուհանէն գլուխը հանող խղունջի մը կ’ըսէր.

Օրիորդ Սիրանոյշ, կը պատրաստուի՞ք կոր։

Ի՞նչ բանի։

Բը՜խ, բը՜խ… կուգա՜ն կոր։

Ա՜խ, Պ. Գառնիկ, մի՛ ըսէք ատանկ բաներ։

Բը՛ստ, հէ՛բշի՜ւ, բը՛ստ. վա՜յ Պ. Դամիանոսը կ’անցնի կոր, պոմպա կը տանի կոր։ պո՛մ-պա՛. անկէ անցնող դաշնակցականի մը կ’ակնարկէր։

Ուրիշ մըն ալ կ’անցնէր աղմկելով. աւելի երիտասարդ մը։

Մտե՛ր, մտե՛ր, մտե՜ր է։

Ծօ ո՞վ, Միհրդատ, պառաւ մը կը հետաքրքրուէր, իր կրեայի գլուխը երկնցուցած։

Հուրիէթին օրտո՛ւն։

Սո՛ւտ կ’ըսես, լակո՛տ։

Սո՜ւտ, նա թոփի ծան կ’ելլայ կոր, քաղաքը թոփի պիտի բռնեն։

Ու կ’անհետանար, պատուհաններէն ներս խօսքեր նետելով, որոնք հասարակ աղտեղութիւններ էին։

Հերոս պատուական կեանք կը վարէր։ Կայծիկեան էֆէնտին դէպքերու ստացած երեւոյթին համեմատ կ’աւելցնէր պատիւը։ Կայծիկեանի տղան Հրանդ, Հերոսի սիրական ընկերն էր։ Փափուկ տիպար մը ատ Հրանդը, զգայական, եւ երազող, անպեխ, շէկ մազերով, կապտածիր, դէպի խորը ինկած գորշ աչքերով տժգոյն դէմքին վրայ, բարակուկ եւ երկար հասակով։ Հօրը նկարագրին հակոտնեան՝ իր ոչ դրական յատկութիւններով, ատոր ալ պատճառաւ անկէ բնաւ չի սիրուած։ Հրանդ Հերոսի քովն էր միշտ, անոր պատմութիւններով ու գաղափարներով իր տկար ուղեղին սնունդ կուտար։ Առասպելները եւ հերոսները գեղեցիկ կիներէն նուազ չէր սիրեր. ու այդ զրկանքի օրերուն երբ ալ Բերա չէր կրնար ելլել, ինքզինքը կը նուիրէր Հերոսը մտիկ ընելու։ Անշուշտ չէր ալ վախնար։

Հերոսին յաճախակի այցելութիւն կուտային նաեւ Տիկին Նեմզուր եւ Օրիորդ Աստղիկ։ Սիրալիր, չափէն աւելի գգուող խոսքերով կը նստէին Հերոսին մօտիկ, ու երբ Տիկին Նեմզուր մեկնէր, Աստղիկ կը մնար սենեակին մէջ. հիացումով եւ քչիկ մը ծաղրանքով մտիկ կ՚ընէր Հերոսի յեղափոխական կեանքին դրուագներն ու նորանոր գաղափարները: Մարդամօտիկ աղջիկ մըն էր Օրիորդ Աստղիկը, մօրը պէս` ուժեղ, կորովի մարդերը կը նախընտրէր, անոնց քսուիլը կը սիրէր: Գեղեցիկ էր. բնական գէրութիւնով իր կանգնագեղ իրանը կը վերջանար գլուխով մը` որուն մեծագոյն հրապոյրը սեւ սաթի գոյն խոշոր աչքերն էին, կաթնաթոյր դէմքին վրայ, գլխուն ետին ժողվուած եւ մինչեւ ուսերը յորդող առատ, մթասքող, փայլուն մազերու շրջանակին մէջտեղ: Կուրծքը տակաւին ամուսնութեամբը չի կազմուած, սակայն առոյգ ուժեղութիւնով յորդող ալիք մը արդէն: Թերուս, հայրը հոգ տարած էր որ չի զարգանայ աղջիկը, զուարթ ու չարամիտ աղջիկ մըն էր, գործնական եւ խայթող, որ իր մօրմէն միջակ, կամ աղքատ մարդիկ ատել սովրած էր. Հերոս անոր տեսքէն կը զուարթանար սակայն: Աստղիկ միշտ կը հարցուփորձէր`

Է՜, Հերոս, շիտա՛կը ըսէ, կարգո՞ւած ես:

Ո՜չ, ես չէի կարող ամուսնանալ, մի յեղափոխական գործիչ չի կարող ամուսնանալ:

Իրա՞ւ, Հերոս, ա՜խ Հերոս ըսէ՛, ինչո՞ւ. ու Աստղիկ կը քրքջար:

Գործիչը հարկ է ինքն իրան նուիրէ հանրութեան, յարգելի օրիորդ: ՀՀ

Հայտէ՛, շիտակ ըսէ, Հերոս, կ’ըսէր քծնելու ձեւերով, ըսէ՛, քոզո՜ւմ Հերոս, իրա՞ւ չես ամուսնացած:

Կ’երդնում ո՛չ, օրիորդ:

Չե՞ս ալ նշանուած:

Ո՛չ, յարգելի օրիորդ:

Աստղիկի հետաքրքրութիւնը զինքը կը մաշէր ու կը շարունակէր յամառութիւնովը իր տեսակին, որ ուրիշներու մութ, գարշահոտ անկիւնները թափառիլ կ’ուզէ:

Է՜, Հերոս, շիտակ ըսէ կնի՞կ ալ չես սիրած:

Եղբայրը վրայ կը հասնէր.

Երկան եկար, Աստղիկ:

Քեզի՞ ինչ, դուն իմ գործերուս մի խառնուիր:

Ըսէ՛, աղուոր Հերոս, հիչ մարդ չե՞ս սիրած:

Օրիորդ, չեմ սիրել, ու կարող ալ չեմ սիրելու, մեր սիրտը մենք նուիրել ենք Սօցիալական սուրբ գաղափարին:

Անկարելի՜ է, Հերոս:

Կ’երդնում, յարգելի օրիորդ:

Ճաշի զանգակը կը հնչէր, ու ամէնը մէկ կ’իջնէին սեղանատուն: Հերոսը Կայծիկեան էֆէնտիին սեղանակից կ’ըլլար. իւղոտ պատառները իրեն բաժին կ’իյնային:

Երկար ատեն զրկուած այս մարդը, առանց ծամելու կուլ կուտար պատառները, կը ծխէր, կը սպառէր տրուածները, առասպելի Հիդրային նման, ու գինին բռնկելու մօտ ռումբի մը կը վերածէր իր խոշոր գլուխը:

Ուտելու այս առաքինութիւնը որ Հրանդի եւ Աստղիկի ծիծաղը կը շարժէր, պժգանքով ու վախով կը լեցնէր տէր եւ տիկին Կայծիկեաններու արդէն վշտակոծ սիրտերը:

Էֆէնտի՜, գայլի պէս կ’ուտէ կոր, կո՞վ է ինչ է աս մարդը:

Ժամանակ մըն ալ Նեմզուր: Ազատութեան բանակը ուր որ է կը հասնի, անգամ մը սա վախու օրերը անցընենք, տէֆ կ’ընենք նորէն:

Գիշերները Կայծիկեանի տունը դրկից ընտանիքներով կը լեցուէր: Հոն էին իրենց ամբողջ ընտանիքով Զգօն էֆէնտին, դրացի տէր Գէորգը իր թոնթոշիկ, խնձորայտն երէցկինով` զոր Կայծիկեան էֆէնտին երբեմն կը համտեսէր կ’ըսէին չարամիտներ, իր երկու պզտիկ զաւկներուն հետ, բազարճի Աբրահամ աղան իր հասուկ աղջիկով, կինը տունը անպաշտպան ձգել չուզելուն չէր եկած, մէկ երկու ուրիշ բարեկամներ, որոնք յարմար կը դատէին գիշերները այցելութիւն տալ Կայծիկեան յարկին:

Երբեմն սանկ խօսակցութիւններ կը տարածուէին սալօնին մէջ, ուր վառարանը կը ճարճատէր, որովհետեւ թէեւ օրերը այնքան ցուրտ չէին, գաղջ ալ կրնային ըսուիլ, բայց կարծեմ վախցող մարդիկ ի մէջ այլոց կը մսին:

Ի՞նչ լսեցիր, Զգօ՛ն էֆէնտի, խօսէ նայինք, կ’ըսէր վաճառականը:

Ի՞նչ ըսեմ էֆէնտիս, ձեր գիտցածին պէս, հազիւ սիրտ կ’ընէր օրերէ ի վեր վաշխէ զրկուած յարգելի սեղանաւորը խօսիլ:

Տէր Գէորգ անխօս մնալ չէր ուզեր Սիրական էֆէնտիին քով. կրնար տհաճ երեւալ:

Գործոց գէ՜շ վիճակ, Աստուած ողորմի, Սիրական էֆէնտի, Ատանայի համար լուրեր կը պտտին կոր:

Այո՛, էֆէնտիմ, զիրար կը ջարդեն կոր եղեր, վրայ բերաւ Աբրահամ աղան:

Ուրիշ մը գոչեց.

Այս անգամ թուրքերուն գործը գէշ է, շատ մարդ վրայ տուեր են:

Ճի՛շդ է, հոս ալ գա՞ն նէ ըլլալիքը ինչ է:

Հայերը խելքերնին գլուխ կանչած են, մրմռաց անկիւնը կծկուող ոչ տարէց անձ մը:

Խօսակցութիւնը կը բարձրանար: Ամէնն ալ յոյսով կը լեցուէին, բացի Սիրական էֆէնտիէն որ լրջօրէն կը մտմտար, քաշելով համրիչը ծանրօրէն:

Յետոյ սանկ խօսքեր կ’ըսուէին.

Ատանացիները քաջ են:

Զէյթունն ալ մօտ է:

Է՜, ո՞վ գիտէ…:

Մէկ Զէյթունցին հարիւր քիւրտ կ’արժէ. ու անէկտոթ մը այդ լեռնականներուն քաջութեան մասին, քահքահով կը լեցնէր սրահը։

Բայց ընդհուպ՝ պայթիւնի նմանող աղմուկ մը, որ հովին հարուածն էր թերեւս փեղկի մը, կամ դրան մը հնհնուքը, կամ ուժգին հազ մը՝ լռութիւնը կը քարացնէր սրահին մէջ, նստողները դողահար կ’ըլլային, եւ անոնց ստամոքսէն մինչեւ աղիքները երկաթէ սուր լեզուակ մը կը պտտէր։

Ու սարսափը աւելի կը ծանրանար երբ շուներն ալ կը կաղկանձէին. չարագուշակ լալիւնները կը լեցնէին փողոցները, կը տարածուէին Սկիւտարի ամայի բլրակներուն վրայ, մութ ձորերուն մէջ, կ’ընդլայնուէին, իրենց արձագանգը կը գտնէին հեռաւոր կածաններուն մէջ, վտանգալից համաճարակի մը նման, որ կ’ոստոստէ տեղէ տեղ։ Այդ տարօրէն վայրի, սրսփացնող, քստմնեցուցիչ աղաղակներէն կ’ահաբեկին մարդիկ, ընկճուած, կորսուած, մեռած հոգիով ունկնդրելով անոնց, որովհետեւ շուներու ոռնալը գէշութեան նշան է, ջարդ կ’ըլլայ։

Աստղիկ չափազանց ձանձրացած այս մարդերէն, որովհետեւ եղածներէն բան մը չէր հասկնար, կ’երթար Հերոսը իր սենեակին մէջ գտնել։ Սեղանին վրայ Մաւզէրեան հրացան մը եւ հարիւրաւոր փամփուշտներ կը հանգչէին, իսկ անոնց մօտ նուաղկոտ ճրագ մը, դեղին շառայլով կը վառէր փամփուշտներուն պատեանները, ու հրացանին երկաթէ մասերը, թուխ կապտորակ՝ կապարի փայլով, Աստղիկ այս կիսալոյսին մէջ առիթ կը գտնէր աւելի մօտենալու Հերոսին, նոյն իսկ իր ծունկերը անորիններուն հպեցնելու։

Իրա՞ւ, Հերոս, մարդ չես սիրած. կը սկսէր յանկերգը։

Ո՛չ, Օրիորդ, ո՛չ։

Բնա՞ւ։

Երբե՛ք։

Ամուսնանալո՞ւ ալ միտք չունիս Հրերոս։

Ո՛չ։

Ինչո՞ւ։

Ես արդէն մի անգամ ձեզ ասացի թէ մենք նուիրուել ենք Գաղափարին։ Մեր սիրականը յեղափոխական, սօցիալական գաղափարն է մի խօսքով՝ Օրիորդ։

Ու Հերոսը, իր հասկցած եղանակով անշուշտ, կը բացատրէր Մարքսիզմը։

Աստղիկը որ միշտ կը ձանձրանար միեւնոյն այդ խօսակցութիւններէն, կը կատակէր Հերոսին հետ, կը ծաղրէր զայն, գիշեր մը կատղած միօրինակ այդ վերջաբաններէն գոչեց՝

Կեցիր անանկ է նէ… Հերոս, առնելիքդ ըլլայ։

Հերոս բան մը չի հասկցաւ։

Այդ օրէն, Աստղիկը ռազմագէտի մը պէս շարժեցաւ։ Հրանդի բացակայ եղած ատենները, նոյն իսկ անոր ներկայութեանը, կուգար, կ’երթար, Հերոսին քով կը նստէր, անոր կոշտ ձեռքերուն կը դպցնէր իր փափուկ, նրբաւարտ մատները, իբր թէ բան մը առնելու համար անոր վրայ կը հակէր, Հերոս անոր թարմ մարմինէն ծորող մանիշակի բոյրը կը ծծէր հեշտ արբշռութիւնով։ Աղջիկը կը նայէր Հերոսի աչուըներուն մէջ շեշտօրէն, կ’երթար անոր սենեակին անկիւնը գտնուող անկողինին վրայ երկարելու գողտրիկ, անզգամ ձեւերով, վեր կ’առնէր իր շրջազգեստները մինչեւ կլոր բումբերը, մինչեւ ներքնազգեստին ծայրասահմաններէն ջրվիժուող ձիւնասպիտակ տանթէլները. յետոյ յանկարծ կ’անհետէր։

Իր մեկնումէն վերջ Հերոսը գինովի մը կը նմանէր. կուրծքը կ’ուռեցնէր, թոքերը կը լեցնէր սենեակին եղկ, բուրումնաւէտ մթնոլորտով, ու ռունգերը արագ կծկումներով կ’ընդլայնէր։

Ան չէր հասկնար եղածը, կը ջանար մեկնել։ Երկվայրկեանէ մը Աստղիկ նորէն կը յայտնուէր, ներս կը սողոսկէր մատներուն վրայ զգոյշ քալելով, ու մարդը՝ գլխուն վերեւ կը տեսնէր այդ աղջիկը՝ ժպտուն, անպատկառ։ Աղջիկը կը բանար, խոշոր, անմահական ակնարկութիւններով խօսակցութիւն մը. կը դառնար թիթեռնիկի նման սենեակին մէջ, հոս հոն կ’ոստոստէր, պարելու համար իր շրջազգեստը վեր կ’առնէր, ոտքերը տախտակամածին կը քսէր չափով, ու բարձրաձայն քրքիջով կը մեկնէր։

Ու այս ամէնէն աւելին ալ ըրաւ։

Առաւօտեան մը դէմ երբ տունին բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ Հրանդը կը խռկային սենեակներու մէջ հագուստով, գիշերուան անքնութենէն ընդարմացած, Աստղիկ գիշերազգեստով վազեց Հերոսի սենեակը։

Հերո՞ս…։

Հերոս ապշահար դարձաւ, ու հիազարհուր դիտեց սպիտակ գիշերազգեստով, կուրծքը կիսովին բաց հերարձակ այդ գեղեցկուհին։

Հերոս, ի՞նչ կ’ընես, չե՞ս քնանար։

Ո՛չ, յարգելի օրիորդ։

Աստղիկ նստաւ Հերոսին քով. կուրծքը կը խառնշտկէր, կը պրկէր գիշերնոցին թեզանիքները, ուռուցիկ բաներ մէջտեղ հանելով։ Հերոս տաք բան մը կը զգար, անհանգստութիւն մը, կիրքով լեցուն։ Առատ շունչ մը կուրծքը կ’ալեծփէր։ Բերանը թթու լորձունքով կը լենար, մինչդեռ շրթները կ’այրէին։ Մաքուր ու գաղափարային մարդ, կը զգար անծանօթ յոյզեր. խենդ փափաքը կ’ունենար զայն գրկելու, համբուրելու, տախտապարելու կռնակին վրայ, տարածուելու վրան, ու ո՜վ անճառ, անխառն վայելումը բոլոր զրկուածներուն, տեղն ի տեղը պղծել։

Բայց հասարակաց թշնամին կը մտաբերէր, վայրկեանին փափկութիւնը, ու օտարին տան մէջ, այդ տան աղջկան մատով իսկ հպի՜լ… ի՜նչ անարգութիւն։

Հերոս օրէ օր սակայն Աստղիկի ներկայութեան պէտքը կը զգար։ Նախ ատիկա անորոշ փափաք մըն էր, վերջը ուժեղ իղձ մը եղաւ ու արագօրէն կիրք մը։ Կը ջանար վռնտել զինք պարուրող զգացողութիւնները, որոնք իրեն նման Հերոսի մը համար վատութեան համարժէք էին։ Բայց կար կամքէն աւելի վեր բնազդ մը, որ անոր վրայ կ’իշխէր ու իրեն փնտռել կուտար Աստղիկը, անոր զմայլելի մարմինը։ Ալ աչքը դէպի դուրսի ուղիները չէր թշնամին տեսնելու, այլ անընդհատ դէպի փոքրիկ սենեակին դուռը։ Յաճախ թուլութիւնը մարմինին կը տիրէր. աչքերը կը գոցէր՝ կրկնապատկելու համար վայելքը, մրմնջելով.

Ինձ տիրապետում է դանդաղօրէն մի բան. չեմ գիտեր թէ սա ի՞նչ զգացում է դէպի Աստղիկը, որ իմ մէջ բոյն դրեց…։ Ուղղակի ամօթ եւ նախատինք է սակայն սա, մի հերոսի համար…։

Հերոս անյուսօրէն զարնուած էր այդ աղջկան։

Վերջապէս Աստղիկը զգաց Հերոսին տագնապը, ու գոհ իր յաղթանակէն, ալ բնաւ չերեւցաւ անոր քով։