Մելիհա Նուրի հանըմ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԼԻՀԱ ՆՈՒՐԻ ՀԱՆԸՄ

 

Մինչեւ առաւօտ չի կրցայ քնանալ. հազիւ թէ աչքերս կը փակէի, կիսատ մտածումներ թունդ կ’ելլէին ուղեղիս մէջ, իրար դէմ կը պայքարէին կամ աննպատակ կը թափառէին, ինչպէս մկնիկներ՝ անբնակ տան մը ձեղնայարկին մէջ։ Քանի մը անգամներ ուզեցի բռնել անոնցմէ մէկը, որոշապէս հասկնել թէ ի՞նչ բան է որ ինձ մասնաւորապէս մտատանջ կ’ընէ, բայց հազիւ թէ միտքս կը սեւեռէի գաղափարի մը վրայ, անհամար ուրիշ գաղափարներ կը խուժէին անծանօթ անկիւններէ եւ կը խուսափէին ամէն ուղղութիւններով։

Թերթերը երէկ կը ծանուցանէին որ ներքին գործոց նախարարը եւ Ճէլալէտտին պէյ մեկնեցան Տարտանէլի ճակատը, քննութեան համար։ Իրենց վերադարձին պիտի այցելեն նաեւ Կէլիպոլուի հիւանդանոցը։

---------

Մինչեւ առաւօտ անդադար տանջուեցայ։ Քանի ամիսներէ ի վեր այստեղ եմ եւ առաջին անգամն է որ ոտքի չեմ կանգնիր, երբ զարթեցնող ժամացոյցս կը հնչէ։ Մեր յարկաբաժնի աղախինը եկաւ ինձ մօտ, թէյ բերաւ եւ քիչ մը կազդուրուեցայ։ Ուզեց անմիջապէս բժիշկը կանչել, բայց մերժեցի։ Ըստ ինքեան հիւանդ չեմ, բայց գլուխս ծանր է ինչպէս եթէ բեռնաւոր ըլլար ճնշիչ հոգով մը։

Ճէլալէտտին գիտէ՞ արդեօք որ Կէլիպոլուի հիւանդանոցն եմ։ Գիտէ կամ չի գիտեր... Այն ժամանակ հանդիպեր էր հօրս Կարմիր Մահիկի կեդրոնական բիւրօն եւ իմ մասիս խօսեր էին։ Հայրս յայտներ էր որ պիտի մտնեմ զինուորական հիւանդանոցի մը մէջ։ Ճէլլալէտտին ըսեր էր հօրս.

Մելիհա Նուրի հանըմ ամէն տեսակ արիութեան կարող կին է. ինձ չէք զարմացներ։ Բայց այն ատեն ես ինքս չէի գիտեր դեռ թէ ո՞ր ճակատը պիտի ղրկեն ինձ. այնպէս որ...

Սատանան իրեն հե՜տ... ահա՛ դարձեալ փոքրիկ մկները սկսան վազվզել ուղեղիս մէջ...

---------

Նախաճաշի միջոցին անշուշտ լսեցին որ հիւանդ եմ եւ զարմանալի է որ բժշկապետը չշպրտեց ինձ մօտ. ի փոխարէն այցելութեան եկաւ հանդերձարանի վերակացուն, Սաֆիյէ հանըմ։ Կը զարմանամ որ վութը [1] հետ չի բերաւ։ Տարօրինակ կին է Սաֆիյէ հանըմ եւ ինձ մեծապէս կը հետաքրքրէ։ Թէեւ վարձկան աշխատող, իրեն յանձնուած գործը կը կատարէ խնամքով եւ անձնուիրութեամբ։ Նախկին պալատական կին, կ’ապրի ամբողջովին հին յիշողութիւններով եւ փառքերով, բայց աննկատելի ճարպիկութեամբ այդ բոլորը կը կապէ ներկային։ Տարիները իր վրայէն սահեր են առանց փոխելու իր հոգեկան տրամադրութիւնը։ Թէեւ այլեւ ծերացած է եւ իր շպարով յոգնած դէմքը աւերակի մը կը նմանի, բայց պահած է իր կեցուածքին խրոխտութիւնը եւ իր շարժումները զուրկ չեն այն շնորհէն որ նազենի կիներուն յատուկ է։ Սաֆիյէ հանըմ կը հաւատայ որ պատերազմը պիտի վերջանայ մեր զէնքերու յաղթութիւնով։ Անիկա դեռ կը լսէ մեր հեծելազօրքի յաղթական տրոփը Րումէլիի տափաստաններուն մէջ, իր թառամած շրթները ընտանեբար կ’արտասանեն գահրիմաններու եւ ղազիներու [2] անուններ, ինչպէս եթէ դեռ ապրէին, ինչպէս եթէ ներկայ ըլլային սենեակին մէջ։ Երբ անոնց նուիրուած հին տեսթան ներ կ’երգէ, բուռն յուզումը արցունք կը ժայթքեցնէ աչքերէն։ Անմիջապէս որ պահ մը ազատ ունենայ, կը վազէ իր սենեակը եւ վութը կը նուագէ։ Այս միջոցին վերին աստիճանի ոգեւորուած է բարձրաստիճան հիւրեր պիտի այցելեն մեր հիւանդանոցը։ Երկարօրէն ինձ խօսեցաւ այդ մասին։ Կը սիրէ բոլոր հանդիսութիւնները եւ օրուան տիրողները միշտ քաջեր եւ յաղթականներ են իրեն համար։ Ինձ խոստացաւ լաւ քէֆ մը սարքել, երբ պատերազմը վերջանայ եւ վերջանայ յաղթանակով։ Սիրտս նեղուած էր եւ գոչեցի զայրոյթով.

Թո՛ղ միայն վերջանայ. ինչ փոյթ թէ ի՞նչպէս պիտի վերջանայ։ Որի՞ պիտի ծառայէ այդ յաղթութիւնը. քանի մը պէյերու եւ էֆէնտիներու համար տօն եւ խրախճա՜նք... ուրիշ ինչ։

 

Սաֆիյէ դեռ սենեակս էր, երբ բժշկապետը, Րէմզի պէյ, եկաւ ինձ մօտ։ Բազկերակս նայեցաւ, սիրտս քննեց եւ պահ մը մտածկոտ մնած եւ պահ մը մտածկոտ մնաց։ Աչքերս յառած իր թուխ դէմքին կը նայէի ուշադրութեամբ։ Մեր նայուածքները շեշտակի իրարու հանդիպեցան եւ անիկա յօնքերը պռստեց։

Քանի օրերէ ի վեր չարաչար յոգնած է խեղճը, ըսաւ Սաֆիյէ հանըմ, կարծես ընդհատելու համար մեր ծանր լռութիւնը։

Րէմզի պէյ սթափեցաւ, յայտնապէս ինքզինքը զսպեց ինչո՞ւ էր այդպէս խռովուեր եւ աթոռ մը առնելով նստեցաւ մահճակալիս քով. զուսպ բայց մեղմ ձայնով հարցուց.

Վաղո՞ւց է որ յոգնութիւն կը զգաք։

Րէմզի պէյ, այս սոսկալի օրերուն ո՞վ յոգնած չէ, յոգնութեան խօսքն իսկ ընել ամօթ է։ Երէկ յանկարծ սարսուռներ զգացի, կարեւորութիւն չտուի։ Գիշերը պառկեցայ ուշ, զբաղած էի, ոտքի վրայ... ա՜յ ձեզ հետ էի գործողութեան սրահին մէջ. խնդիրը այն է որ գիշերը, չեմ գիտեր ինչո՞ւ անհանգիստ անցուցի, բնաւ չի քնացայ։ Առաւօտուն ուզեցի ելլել սովորական ժամուս, բայց անկարելի եղաւ. գլխու պտոյտ ունէի եւ անյաղթելի տկարութիւն...

Վերջին խօսքերս չէի աւարտած երբ Րէմզի պէյ թղթապանակը հանեց եւ սկսաւ դեղագիր մը գրել. յետոյ, աւելի հանդարտ գլուխը բարձրացուց եւ նայուածքը անորոշ կէտի մը յառած, ըսաւ մեղմութեամբ.

Անհրաժեշտ է որ հանգստանաք, գոնէ երկու շաբաթ...

Ի´նչ կ’ըսէք, պէյ էֆէնտի, անկարելի է այս օրերուն, ընդմիջեց Սաֆիյէ հանըմ։

Րէմզի դէպի պառաւը դարձաւ բայց առանց ո եւ է ուշադրութիւն դարձնելու շարունակեց.

Լաւագոյն է նոյն իսկ որ քանի մը շաբաթով հեռանաք հիւանդանոցէն։

Պէյ էֆէնտի՜, աղերսեց Սաֆիյէ հանըմ, դող ելած։

Զգացի որ բան մը պիտի պայթէր եւ բուռն յուզմունք մը ինձ գրաւեց։ Շրթներս կը դողային երբ ըսի.

Կը նախընտրեմ մնալ այստեղ։

Սաֆիյէ հանըմ գլխով հաստատական նշաններ կ’ընէր ինձ եւ կ’ուզէր խօսիլ։

Քու ի՞նչ բանն է, քավթար պառա՛ւ, գոռաց յանկարծ Րէմզի պէյ բուռն զայրոյթով։ Տեսայ որ ձեռքերը կը դողային յանկարծական բարկութենէն։ Սաֆիյէ հանըմ բան չէր հասկնար եւ հակառակ բժշկապետի խիստ, գրեթէ դաժան դէմքին, պնդեց.

Մելիհա Նուրի հանըմ մեր փառքն ու պատիւն է, մեր հիւանդանոցին զարդը... Ի՞նչպէս կրնայ հեռանալ ճիշտ այն օրերուն, երբ մեծաշուք հիւրեր պիտի այցելեն մեր հիւանդանոցը։

Րէմզի պէյ ընդոստ դարձաւ եւ մեր նայուածքները կրկին իրարու հանդիպեցան. մեղմօրէն, գլխով ժխտական շարժում մը ըրի։

Րէմզի պէյ, ըսի հազիւ զսպելով յուզմունքս, կը մնամ հիւանդանոց, բայց կը հանգստանամ։ Որքան օր որ հրամայէք, չեմ անցնիր սենեակիս սեմէն։

Իրիկունը կրկին կ’անցնիմ, մըրմըրթաց բժշկապետը եւ մեկնեցաւ հազիւ ուրուագծելով զինուորական բարեւ մը։

-----------

Երբ կը մտածե՜մ… ի՜նչ անօրինակ անակնկալներ կը վերապահէ մեզ կեանքը։ Արդարութեան անողոք սկզբունք մը կայ, որ գործադրութեան մը մտայ մեր կամքէն անկախ եւ նոյն իսկ հակառակ մեզի եւ երբեմն մեր իսկ ձեռքովը։ Րէմզի մեր պարտիզպանին որդին է եւ այսօր ինձ կը հրամայէ… Հայրս պաշտպանեց զինքը, դպրոց դրաւ. անգամ մը որ ուսմունքի համը ունեցաւ, այլեւս կանգ չառաւ, մտաւ բժշկական համալսարան եւ ինքնիրեն հասաւ ուր որ ուզեց։ Այսօր Րէմզի մեր հիւանդանոցին բժշկապետն է. իր ընկերները կ’ակնածին իրմէ, իր ստորադասեալները կը դողան իրմէ. երբ ձայնը կը լսուի, շարժումները կը դադրին, ամէն մէկը ուշադիր կը դառնայ, երբ սրահներէն կ’անցնի… Օ՜հ, ճշմարտապէս, իրա՞ւ է թէ երազ. եւ այդ բժշկապետը, այդ շուքը ծանր, գլխաւորը, մեր Րէմզին է՞, մեր սեւուլիկ եւ անտաշ Րէմզին… եւ ոչ ուրիշը…

------

Որոշուեցաւ որ գոնէ երկու շաբաթի չափ հանգստանամ։ Ուշ ատեն երբ այլեւս յոյս չունէի Րէմզի եկաւ ինձ մօտ եւ քաղցր մտերմութեամբ խօսեցաւ ինձ հետ։ Ո՞ւր մնացեր էր իր առաւօտեան խիստ ու զայրացկոտ երեւոյթը։ Խօսեցանք անցած օրերու մասին։ Մեր Գանտիլլիի բնակարանը, պարտէզը, յետոյ Գատըգիւղ՝ մօտա, երբ արդէն ուսանող էր, հայրս, ժամանակին ըսուած խօսքեր, ուրախութեան եւ տխրութեան պահեր, միասին վերյիշեցինք եւ կարծես թէ երկուքով կը տեսնէինք շարժապատկերներու յաջորդութիւն մը։ Բայց այդ բոլոր խօսակցութեան միջոցին մէկ անգամ Ճէլալէտտինի խօսքը չեղաւ։ Թէեւ երկուքս ալ կը մտածէինք իր վրայ։ Եւ ի՞նչպէս կրնայինք չի մտածել, քանի որ մեր ոեւէ յիշողութեան մէջ անիկա կար եւ, աւա՜ղ, երբեմն անիկա առաջնակարգ դեր մը կատարած էր։

Կը կարծէի որ Րէմզի պիտի դժգոհէր երբ վերջնականապէս յայտնէի որ չեմ փափաքիր տուն վերադառնալ հանգստանալու համար։ Ընդհակառակը Րէմզի գոհ մնաց եւ իր ընտանի շունի խելացի ու բարի նայուածքը քաղցրութեամբ դարձաւ վրաս։

Լա՛ւ ուրեմն, Մելիհա հանըմ, ըսաւ մեկնած միջոցին, կը մնաք այստեղ, ձեր սենեակին մէջ եւ կը հանգստանաք։ Օրուան զով ժամերուն պատշգամը կ’ելլէք, բայց ոչ աւելին։ Ձեզ կը ղրկեմ գիրքեր, կարդացէ՛ք եւ ուսումնասիրէ՛ք. քիչ մը մտաւոր աշխատութիւն ձեզ չի վնասէր, ընդհակառակը, կը զբաղիք։

------

Զզուելի գիշեր մը անցուցի կրկին։ Չեմ գիտեր՝ ի՞նչ է պատահեր ինձ։ Այնքան ջլատուած եմ որ երբ առանձին կը մնամ, կ’ուզեմ անմիջապէս պառկել։ Ինձ կը թուի որ ծանր քունով մը պիտի քնանամ։ Կարծես գինով եմ կամ թունաւորուած։ Բայց հազիւ թէ լոյսը կը մարեմ եւ գլուխս կը դնեմ բարձին, անիմաստ եւ կցկտուր պատկերներ կը ներկայանան մտքիս. ասոնք պատկերներ ալ չեն այլ վիճակներ։ Գիշերն ի բուն կը տանջուիմ կէս քուն, կէս արթուն, ինչպէս եթէ իմ ուժէս վեր ֆիզիքական աշխատութիւն մը կատարէի։ Անքնութէս տանջւոելով ելայ անկողնէս եւ միտքս զբաղեցնելու համար ձեռք առի Րէմզի պէյին ղրկած գիրքերը։ Զարմանալի է. այս մարդը իր պատանեկան տարիներէն որոշ գաղափարի ծառայած է եւ մինչեւ հիմա վազ չէ անցած։ Րէմզին առեղծուած մըն է բայց արդեօք անոր բանալին այս գիրքերուն մէջ չէ՞։ Կ’ուզեմ հասկնալ թէ քու վեհանձն ու բարի սիրտդ ի՞նչ կ’ուզէ, ի՞նչ բանի կը ձգտի։ Ինչո՞ւ կ’ատես եւ կ’արհամարհես բաներ, որ մենք յաջողութիւն, լուսաւորեալ եւ ազատական գաղափարներ կը համարենք… Ինչո՞ւ քու բուռն եւ անհաշտ ատելութիւն Ճէլալէտտինի եւ անոր ընկերներուն դէմ… Կ’ուզեմ գիտնալ եւ բաժնել քու զգացումներդ եւ նպատակներդ, բայց արդեօք արդէն ուշ չէ՞։

Այսօր կը հասկնամ որ ճշմարիտ երջանկութիւնը ինձ մօտ էր, ինձ կ’երկարէր իր բազուկները, բայց ես չի տեսայ եւ չի ճանչցայ ու հիմակ արդէն ուշ է, ուշ է…

------

Վերցուցի այդ խոժոռ գիրքերէն մէկը եւ ջանացի կարդալ. միտքս ցրուած է եւ չեմ կարող ամփոփուիլ։ Յետոյ, այդ բոլորը ինձ կը թուին անհիմն, անժամանակ։ Մեզ, զարգացած թրքուհիներուս, վէպ պէտք է, Րէմզի պէ՛յ. մեր ապականած միտքը կը փնտռէ զառամած Եւրոպայի մոլութիւններեը ներկայացնող պատկերներ… Մենք իսկական «հիասթափուած»ներ ենք եւ ինչքա՜ն կը փառաւորուինք որ մեզ նման կը գտնեն բարիզեան աշխարիկ կամ կիսաշխարհիկ ցոփուհիներուն։ Մենք վայրենիներ էինք եւ մեզ շլացուցին կեղծ գոհարներով… Մեզ դարձուցին նման իրենց փափաքած պատկերներին եւ կը կարծենք որ քաղաքակրթութեան ճամբուն մէջ մտանք, որովհետեւ մենք ալ սկսանք հագնիլ նեղ կիսազգեստներ եւ մեր սնարի գիրքերը դարձուցինք Բարիզի պոռնկագիրնե՜րը. մե՜ղք մեզի…

Ահա թէ ինչո՞ւ չեմ կրնար կարդալ, Րէմզի, քու ղրկած ծանր եւ իմաստալից գիրքերը։

Չեմ կրնար կարդալ, ոչ թէ միայն այդ պատճառով. ի՞նչպէս կարդալ այս դժոխքին մէջ։ Օրն ի բուն կը լսենք թնդանօթնձգութեան խուլ որոտումը, երբեմն հեռաւոր, երբեմն աւելի մերձաւոր։ Ամիսներէ ի վեր ականջներս վարժուեցան այդ անվերջ դղրդիւնին եւ թնդիւնին։ Երբեմն երբ քունէս կ’արթննամ, կը մոռնամ որ անիկա թնդանօթաձգութիւն է եւ ինձ կը թուի լսել Մարմարայի ալիքները Մօտայի ժայռերուն վրայ, հարաւային քամիի օրերուն։ Ահա թէ ի՞նչ կը ղրկեն մեզ «մեր բարեկամները» իրենց թունաւոր եւ քայքայիչ գրականութենէ յետոյ… աւե՜ր, աւերածութիւն… Անատօլուն կը պարպուն եւ կուգայ այս ճակատին վրայ, բնաջինջ ըլլալու համար եւ դեռ կը խորհինք վերջնական յաղթութեան մասի՜ն… Ինչի՞ պիտի ծառայէ այդ յաղթութիւնը ամայացած երկրին համար. անիկա ո եւ է արժէք ունի՞ այն թշուառ այն հարիւրաւորներուն, հազարաւորներուն համար, որոնց սրունքը կամ բազուկը կը կտրենք տանջանքի սենեակ ին մէջ…

Ճէլալէտտին գիտի՞ արդեօք, որ Կէլիպօլուի հիւանդանոցն եմ… հաւանական է։ Կրնայ ըլլալ, որ կրկին հանդիպեցաւ հօրս Կարմիր Մահիկի կեդրոնական բիւրօյի մէջ եւ տեղեկութիւն ստացաւ իմ մասիս։

------

Պէ՛տք է սպաննեմ Ճէլալէտտինը… իմ ուղեղիս մէջ։ Պէտք է ազատիմ իր յիշատակէն, այդ անարգ գերութենէն։ Որքան ատեն որ անիկա կայ իմ մտքիս մէջ, շղթայակապ ստրուկ մըն եմ, անկենդան դիակ մըն եմ ե՛ս… Անիկա դարձեր է իմ մտածումներուս խորքը, անիկա բռնաբարեր է իմ խղճմտանքս ու բանականութիւնս, անիկա իմ տէրս դարձեր է հակառակ ինձ։

Անցեալ օր, գործողութեան սրահին մէջ, նոյնիսկ հայ բժիշկը համարձակեցաւ ինձ դիտողութիւն ընել իմ մէկ անուշադրութեանս համար… Մահիճին վրայ պառկեր էր վիրաւոր զինուոր մը, որուն փեռեկտուած զիստին մէջէն ռումբի բեկորները պիտի հանէին. անիկա եզան պէս կը բառաչէր ցաւէն. քլօրօֆօրմ չի չի կայ, ոչ ալ ո եւ է թմրեցուցիչ։ Ուրիշ հիւանդանոցներու մէջ ղեած քիչ մը քլօրօֆօրմը կը պահեն գերմանացի վիրաւորներու համար։ Մեր քով այդքանն ալ չի կար։ Երբ մեր բաժինը կը ստանանք, երեք չորս շաբաթը անգամ մը, Րէմզի պէյ կը գործածէ առաջին պատահած ծանր վիրաւորներուն։ Վերէն եկած հրամանները ո եւ է կարեւորութիւն չունին իրեն համար։ Աչքերէն շանթեր ժայթքեցին երբ շրջուն քննիչը այդ մասին դիտողութիւն ըրաւ իրեն։

Այդ օրը ուրեմն, դրսէն ռմբակոծութեան խուլ որոտումը, ներսէն խեղճ զինուորին աղաղակները... գետնին լերդացած արիւն… Ներբաններս երբեմն կարմիր են երբ դուրս կուգամ այդ սրահէն. անդին խումբ մը վիրաւորներ, ոմանք մահամերձ, որ իրարու կրթնած կը հեծեծեն։ Հերթապահ բժիշկը, մինչեւ արմունկները սոթտած, արիւնաթաթախ, մսագործի պէս կ’աշխատի կենդանի մարմնին վրայ, քրտինք թափելով. յանկարծ ունելիներ կ’ուզէ ինձմէ. դարակին մէջ են, գիտե՛մ… «Շո՛ւտ, շո՛ւտ, հանըմ էֆէնտի, աստուծոյ սիրոյն…»։

Բայց ես դարակին առաջ կեցած կը տատամսէի եւ չէի ըմբռներ թէ խնդիրը ի՞նչ բանի վրայ է. կը հետապնդէի մտածումս, վերյիշելով Ճէլալէտտինի մէկ խօսքը։

Բժիշկը եկաւ, ինձ անդին հրեց, դարակը բացաւ եւ գործիքները առաւ։ Ամէն բան կեղտոտեցաւ. պէտք է կրկին մաքրել դարանը եւ մնացեալ գործիքները։

Կոշտ ու կոպիտ արարած, ըսի ակռաներս սեղմելով. բայց անիկա ինձ նայեցաւ խոր արհամարհանքով եւ գործը շարունակեց անշշուկ։

Իրիկունը Րէմզի պէյ ինձ հարցուց։

Ի՞նչ է պատահեր ձեր եւ հերթապահ բժիշկին միջեւ։

Պատմեցի մանրամասն, առանց ըսելու սակայն, որ մտացիր էի դարանին առաջ։

Գործի տենդոտ աճապարանքի մէջ, ըսաւ Րէմզի համոզիչ ձայնով, բնական է երբ բժիշկը կը ջղագրգռուի. պէտք է համբերող ըլլալ։

Թո՛ղ շատ լեզուն չերկնցնէ այդ դաւաճանը, ըսի Րէմզիին։ Յանցանքը որո՞ւնն է որ սրահները լիքն են վիրաւորներով, իրեն նմանները չե՞ն, որ թշնամին կ’առաջնորդեն մեր երկրին մէջ։

Րէմզի չի պատասխանեց, բայց ինձ նայեցաւ երկար եւ հետաքրքրուած նայուածքով,

Կ’ատեմ Պետութեան այդ թշնամիները։

Ա՜հ, ըսաւ Րէմզի հեգնութեամբ։

Միթէ դուք ալ չէ՞ք ատեր Հայերը։

Ո՛չ, ըսաւ Րէմզի կտրուկ կերպով։

Սրտի խորքէ՞, անկեղծութեա՞մբ։

Այո՛, խոր անկեղծութեամբ։

Հապա ի՞նչպէս կը հանդուրժէք որ միանան մեր թշնամիներուն հետ։

այդ հարցերուն լուծումը ատելութեան մէջ չէ՛, ըսաւ Րէմզի համոզւոած շեշտով, բայց ժամանակը չէ երկար խօսելու այդ մասին։

Երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ, բողոքեցի եռանդով։

Րէմզի խոժոռեցաւ եւ այլեւս խօսեցաւ առօրեայ ծառայութեան վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։

--------

Մէկ մէկ կը թղթատեմ Ճէլալէտտինի արտասահմանէն ինձ ղրկած նամակները եւ ինձ կը թուի որ խզեր եմ մանեակի մը թելը եւ մարգարիտները մէկիկ մէկիկ կ’իյնան գետին եւ կը կորսուին։

«Այս անգամ, սիրելի՛ս Մելիհա՛, Ստամպօլը իրապէս երջանկութեան դուռն է ինձ համար։ Ոչ մէկ յաղթական զօրավար, ոչ մէկ կայսր, այնքան խրոխտ հպարտութեամբ չէ անցած այդ քաղաքի սեմէն, որքան ես, երբ պիտի անցնիմ երկու օրէն, քանի որ ոչ թէ փառքի կամ գահի տիրանալու համար պիտի գամ, այլ աւելի թանկագին բանի մը, քեզի՛, սիրելիս, սուլթանուհի՛ս…»։

«Պիտի աշխատինք միասին, Մելիհա՛, եւ պիտի ջախջախենք բռնապետութեան հազար գլխանի հրէշը։ Ինձ հարճ պէտք չէ, այլ կեանքի ընկերուհի։ Դուն ես իմ ընտրեալս եւ քեզի հետ անբաժան պիտի պայքերինք ու վայելենք կեանքը… Մենք ձեռք ձեռքի պիտի ըլլանք փառքի առաջ եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ մահուան առաջ…»։

Կեղծ էր ուրեմն այն մանեակը որ քու խօսքերով կազմեցի եւ կապեցի վզիս եւ որը կը համարէի իմ ամենէն փարթամ զարդեղէնս։ Բոլորը, բոլորը պէտք է ջնջել, որպէսզի հոգիս ազատագրուի։ Պէտք է նաեւ սիրտս թեթեւցնել այն ատելութենէն, որը չի շիջեցաւ երբեք։ այդ ատելութիւնը տակաւին շղթայ մըն է։ Ես հարճ մը չեմ, Ճէլալէտտի՛ն, որը կարելի է առնել ու արձակել ըստ կամս… Ես կը զարմանամ միայն թէ ի՞նչպէս կարող են դեռ ոեւէ տեսակի զգացում ունենալ մէկու մը համար, որ վարուեցաւ ինչպէս աւազակ, գրեթէ բռնի կնութեան առնելով իր եւ իր ընկերներու վճիռով աքսորի դատապարտուած պալատականի մը օրինաւոր կինը։

Հանգստի օրեր չեն այս օրերը ինձ համար, այլ տանջանքի օրեր։ Այս իրիկուն իսկ պիտի խնդրեմ Րէմզիէն որ թոյլ տայ ինձ ծառայութիւնս վերսկսիլ հիւանդանոցին մէջ։

-------

Րէմզին հիանալի է իր անխոնջ եռանդին եւ անձնուիրութեան մէջ։ Տեսայ զինքը հապճեպով անցած միջոցին եւ սիրտս դղրդեցաւ անբացատրելի զգացումով մը։ Անիկա անխնամ եւ ինքզինքին լքուած, որուն թարմ ուժը եւ մեծ արժանիքները չի կարողացանք գուշակել։ Դէմքը կնճռոտ է եւ խորշոմած, բայց սեւ աչքերը կը վառին հրայրքով։ Կարծես մեզ անծանօթ յոյս մը եւ համոզում մը կը փայլատակեն անոր հոգւոյն մէջ։ Իր տխրութիւնը մակերեսային է, անմիջական տպաւորութիւններու հետեւանք։ Բայց իր խորքին մէջ ուրախութեան վառարան մը կայ։ Րէմզին կը նայի յաղթութեան մը. բայց անիկա, վստահ եմ, մեր ամենուս ակնկալած յաղթութիւնը չէ։

Հետզհետէ ինձ հաճելի կը դառնայ նոյն իսկ իր թերութիւններով. իր դիմագիծերը, որ առանց չափազանցութեան կարելի է տգեղ համարել, իմաստ մը կը ստանան… Ի՞նչ հարկ բարակը փնտռել։ Երբ կ’երեւայ դառն պահու մը, սիրտդ կ’ամրանայ եւ պատրաստ կը զգաս ամէն բանի։ Իր պարզ ներկայութիւնը ապահովութիւն մըն է. իր ձեռքը բռնած կարելի է մեռնիլ անշշուկ։

---------

Եւ այս մեր Րէմզին է՜… Երբ կը յիշե՜մ այն առաջին օրը, երբ տեսայ զինքը իր հօրը քով գեղջուկ Անատօլցիի տարազով… Այդ նոյն օրը Ճէլալէտտին…

Կար ժամանակ որ երբ նայուածքս դարձնէի Րէմզիի վրայ, երբ ուզէի ժպտիլ իր նորահաս երիտասարդի դիւրաւ շառագունող դէմքին, բուռն յուզումը տեսանելի սարսուռի պէս կ’անցնէր իր անձին վրայէն։ Ամէն ինչ էի իրեն համար եւ իր կեանքը պլպլացող լոյսի մը պէս կը դողդողար իմ քայլերուս հետքերուն վրայ։

Եւ հիմակ այլեւս ուրիշ բան է։ Երբ ինձ հետ կը խօսի, երբ ինձ մօտ կը նստի լռին, երբ իր աչքերը խուսափուկ ակնարկով կը հանդիպին իմ նայուածքիս, կարծես երբեք մինակ չէ եւ իր մօտ ունի բռնաւոր եւ աններող կրկին մը որ արգելք կ’ըլլայ իրեն անկեղծութեամբ եւ բարութեամբ մօտենալու ինձ։ Եւ այդ անբաժան ու անտեսանելի ընկերը իր վիրաւորուած հպարտութիւնն է։

------

Ճէլալէտտին մեզ բաժնեց, թերեւս եւ անիկա մեզ պիտի միացնէ։ Կ’ուզեմ իր այցելութեան օրը ոտքի վրայ ըլլալ, իմ պաշտօնիս գլուխը, եւ թո՛ղ Րէմզին տեսնէ թէ որքան խոր արհամարհանք եւ ատելութիւն կայ իմ մէջս Ճէլալէտտինի համար։

------

Ինչո՞ւ, չեմ գիտեր, հասայ զայրոյթի այդ գերագրգռութեան։ Գրեթէ ֆիզիքական խայթող ցաւ կը զգամ, երբ Րէմզիի ակնարէն մէկը կ’որսամ, որոնք այնքան արհամարհական հեգնութիւն ունին ինձ համար։ Ան չի հասկցաւ թէ ինչո՞ւ ուզեցի վերսկսիլ ծառայութիւնս. արդե՞օք կը խորհի թէ ամէն գնով կ’ուզեմ հանդիպիլ Ճէլալէտտինի։ Ես կ’ատեմ զինքը եւ այդ իսկ պատճառով կ’ուզեմ դիմագրաւել իր ներկայութիւնը։ Մեր խզումէն եւ իր անարգ ամուսնութենէն ի վեր առաջին անգամն է որ պիտի հանդիպինք իրարու եւ կ’ուզեմ որ Րէմզին իր աչքերով տեսնէ եւ ըմբռնէ իմ վարմունքիս իմաստը։

Ճաշի միջոցին Րէմզի ըսաւ Սուրիացի բժիշկին որ կը խօսէր Դամասկոսի գեղեցկուհիներուն վրայ։

Երբ կին մը փորձէ արուեստական ոեւէ միջոցաւ սիրուն երեւալ, ատով իսկ կ’ապացուցանէ որ գերուհի մըն է։

Թեւիս վրայի ոսկի ապարանջանը դողաց… ու այդ պարզ զարդը ինձ թուեցաւ անարգութեան շղթայ մը. հանեցի եւ նետեցի սեղանին վրայ։

Կարմիր Մահիկի՞ն համար… ճչաց Սուրիացի բժիշկը, պռավօ՜…

Րէմզի շեղակի ինձ նայեցաւ։ Ինչպէս դանակի հարուած ընդունեցայ այ ակնարկը. շառագունեցայ եւ շրթներս դողացին։

Սեղանէն ելանք երկուքս ալ, առանց բառ մը ըսելու, միւսներուն զարմացական նայուածքին տակ։

Կէս գիշերը անց է. կ’երթայի հիւանդանոցներու սրահը մահամերձի ներարկում ընելու։ Կ’անցնէի բժիշկներու ննջասենեակներու առաջքէն, երբ լսեցի ցած խօսակցութեան շշուկ։ Կանգ առի. լռեցին։ Պահ մը յետոյ լսեցի առնական ձայն մը որ կը հեծեծէր, որ կը խօսէր արցունքներէն խեղդուելով։ Սա ի՞նչ մղձաւանջ է… ո՞վ է լացողը. ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս ժամուն։ Րէմզի՜ն… անոր դուռը կիսաբաց է եւ լամբը կը վառի, դողացող քայլերով մօտեցայ եւ դուռն հրեցի. սենեակը պարապ էր։ Բայց քայլ մը անդին, հարեւան սենեակին մէջ, ահա իր ձայնն է որ կը լսեմ անսպասելի քաղցրութեան եւ բարութեան շեշտով մը։ Երբեք Րէմզի այդպէս չէ խօսած ոչ ոքի։ Կարծես խանդակաթ հայր մըն է իր հիւանդ երեխային սնարին մօտ։ Րէմզի՜… դուն կարող ե՞ս ուրեմն…

Հանդարտէ եւ եղբայր, եղբայր…

Ակամայ աչքերս կը լեցուին. կարծես մատներ կը դպին բաբախուն սրտիս եւ ինձ անծանօթ զգացումներ կը խլեն անկէ։

Ինչպէս արբեցութենէ բռնուած, աչքերս մթագնելով, կը լսեմ կրկին Րէմզիի քաղցր ու սրտագին ձայնը.

Եղբա՜յր, եղբայր...

Բայց որո՞ւ հետ է. դռները փակ են եւ այլեւս լռութիւն կը տիրէ ամէն կողմ. իմ քայլերս կը լսուին հակառակ զգուշութեանս եւ ահա հարեւան դուռը կը բացուի եւ Րէմզի կ’երեւայ, լամբը ձեռքը բռնած։ Անիկա տժգոյն է մեռելի պէս եւ դէմքը աւերուած է ինչպէս եթէ անձնական վիշտմը զինքը գալարէր տանջանքով. ինձ տեսնելուն մոլորուած նայուածքը յառեց վրաս եւ ըսաւ մեղս ու յոգնած ձայնով։

Դուք է՞ք, Մելիհա հանը՛մ, ի՞նչ կայ։

Այսօրուան վիրաւորներէն մէկը վատ է, մահամերձ է, պէտք էր քափուրի իւղ ներարկել. դեղատունը չի կայ... եկան ինձ մօտ... դեռ տուփ մը ունէի. ուզեցի ես ինքս ներարկել։

Լա՛ւ, կ’ընկերանամ ձեզ։

Րէմզի կրկին մտաւ սենեակ, լամբը դրաւ սեղանին վրայ. մտած եւ ելած միջոցին կիսաբաց դռնէն լսեցի ծանր եւ տաժանելի շնչառութեան մը հեւքը, ուրիշ ոչինչ։

Պատրուակ մը տալու համար իմ բուռն յուզումիս, ըսի Րէմզիին հատկտեալ ձայնով.

Մարդիկ իրար յօշոտող արիւնարբու գազան են դարձեր, անյագ ծարաւի են դարձեր իրարու արիւնի... Ալլա՜հ, ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ այս թշուառութիւնը։

Րէմզի լուռ կը քալէր. նրբանցքին աղօտ լոյսին մէջ իր տժգոյն դէմքը, սեւ թուացող մօրուքով, անօրինակ արտայայտութիւն ունէր։

Մահամերձը կեսարացի է, ըսի, լռութիւնը խզելու համար։

Րէմզի ցնցուեցաւ եւ ինձ նայեցաւ, շրթները բացխփեց կարծես բան մը ըսելու համար, բայց լռեց։

Գործողութեան միջոցին հասկցանք որ չպիտի ազատի. վէրքը նեխած էր... ափսո՜ս, դուք այնտեղ չէիք, թերեւսկը փրկէինք...

Րէմզի տարակոյսի շարժում մը ըրաւ։

Հայ բժիշկը կատարեց գործողութիւնը. ո՞վ գիտէ, թերեւս անուշադիր եղաւ։

Րէմզի քայլերը արագացուց, բայց կանգ առաւ։

Առաւօտեան ժամը հինգէն մինչեւ կէսգիշեր անընդհատ աշխատեցաւ, ըսաւ ինձ յանդիմանական եւ դառն ձայնով մը, եւ այսպէս՝ երեք ամիսէ ի վեր՝ որ այստեղ է։ Այլ սակայն, երկու օրէ ի վեր գիտէ որ իր երիտասարդ կինը֊ ծերունի հայրը ու մայրը անհետ կորած են աքսորի ճամբուն վրայ...

Հիւանդներու կիսախաւար սրահին մէջ կ’անցնէինք անշշուկ։ Շարքով մահճակալները դագաղներ են կարծես եւ վիրաւորները՝ ճերմակ սաւաններու մէջ պատանքուած մեռելներ։ Մեռելներ, որ կը տառապին եւ կը ճչեն եւ քունի մէջ թէ արթուն յարատեւ կը պայքարին անծանօթ եւ թշնամական զօրութեան մը դէմ։ Կանթեղները կը պլպլան եւ մեր զոյգ շուքերը կ’երկարին բեկբեկ, մահիճներու շարքերուն վրայ։ Մեր անցքին, անքուն հիւանդներ աւելի բարձր կը հեծեծեն անակնկալ օգնութեան մը յոյսը կ’արծարծուի իրենց կարկամած դէմքերուն վրայ։ Ուրիշներ ընդոստ կ’արթննան ու գաղտագողի կը դիտեն կամ կը ցցուին իրենց անկողիններուն մէջ՝ թեւերնին կապուած, ձեռատ կամ գլուխնին բեռնաւոր վիրակապերով։ Խուլ մռնչիւններ վերմակներու ծալքերուն տակ թաղուած վէրքերու համար, հատկտեալ բառեր, անորոշ վանկեր, ու ահա անուն մը.

Էմինէ՜, Էմինէ՜, Էմինէ՜...

Կը հետեւիմ զառանցող հիւանդի մոլորուն նայուածքին, մինչ շրթները կը կրկնեն.

Էմինէ՜, Էմինէ՜...

Այս ժամուն բժշկապետին այցելութիւնը անսովոր է եւ հիւանդները կը հասկնան որ իրենցմէ մէկը Ազրայէլի այցելութիւնը ընդունած է։ Սուր եւ հետազօտող աչքեր մեզ կը հետեւին. ո՞ւր կանգ պիտի առնենք, արդեօք... ։ Այդ բոլոր թուխ եւ վտիտի դէմքերը, նման իրարու, նման՝ ցաւի եւ մտավախութեան կծկումներով, այսահարի երեւոյթ ունին եւ կարծես իրենց դէմքերուն վրայ կը կրեն անջնջելի կերպով այն սոսկումը, որ պատերազմի տեսիլքներ յառաջ բերած են իրենց մէջ։

------

Մեր հիւանդը առաջին ակնարկով ոչինչ ունի արտասովոր, հանդարտ պառկած է եւ կիսախուփ աչքերէն մէկուն մէջ բիբը կ’երեւայ, ինկած ստորին արտեւանունքին վրայ, ինչպէս անկենդան սեւ ուլուն մը, անլոյս, անփայլ։ Րէմզի վերմակը բարձրացուց եւ բազուկը փնտռեց. հազիւ թէ բժիշկին մատները կպած էին բազկերակին, հիւանդը ունեցաւ կարճ եւ կտրուկ ցուցում մը։ Րէմզի կրկին ծածկեց վերմակը եւ իր թաշկինակը հանելով գրպանէն, մեղմութեամբ սրբեց հիւանդին քրտնաթոր ճակատը. յետոյ նշանացի ինձ պատուիրեց որ լոյսը մօտեցնեմ հիւանդի դէմքին։ Շրթունքի անկիւնէն արիւնախառն դեղնորակ լորձունքը յամրօրէն կը հոսէր սեւ մօրուքին մէջ. բժիշկը արտեւանունքը բարձրացուց բիբը մնաց կախուած, կարծես գետին պիտի իյնար։ Ցոյցտուն ներարկու գործիքը Րէմզիին, բայց անիկա ձեռքով մերժողական շարժում մը ըրաւ։

Մահիճին քով, սեղանին վրայ ստկուած նարինջ մը կար, ուրկէ քանի մը շերտ կը պակսէր. հասկցայ որ մնացեալկ այլեւս իրեն համար չէր։

Մեկնեցանք վիրաւորին քովէն ինչպէս յանցաւորներ։ Գիշերապահը մօտեցաւ բժշկապետին եւ փորձեց բան մը հասկցնել, բայց Րէմզի շրթունքին դրաւ մատը լռութիւն հրամայելով։

Երբ դուրս եկանք, նրբանցքին մէջ երկուքս մէկ կանգ առինք։ Պաղ քրտինք մը կ’ողողէր ճակատս եւ ծունկերս կը կթոտէին։ Րէմզի այդ պահուն ինձ նայեցաւ ներուժ նայուածքով մը։ Կարծես թէ ինքն էր աւելի տկարը եւ նեցուկ մը կը փնտռէր։ Հասկցայ որ զինաթափ կը զգար ինքզինքը եւ տեսակ մը դառն գոհունակութիւն զգացի։

Կարծես թափ տալու համար մեր խռովայոյզ զգացումներուն, աւելի ուժեղ կերպով լսելի եղաւ հրետանիին թնդիւնը եւ ապակիները ցնցուեցան ճարճատելով։

Րէմզի դէպի ինձ հակեցաւ եւ դէմքը ստացաւ խորհրդապահ երեւոյթ մը. կարծես ծանր եւ անխոստովանելի գաղտնիք մը ունէր հաղորդելիք. բնազդական շարժումով մը աջ եւ ձախ նայեցաւ, բայց ահա անմիջապէս սթափեցաւ եւ արագ քայլերով հեռացաւ նրբանցքին մէջ։

------

Ցերեկուան ճաշին Րէմզի իր սովորական երեւոյթը ունէր. քիչ մը աւելի տժգոյն թերեւս եւ աչքերը աւելի յոգնած, Սուրիացի բժիշկը կարդաց պատերազմական հաղորդագրութիւնները եւ յաղթանակի ստուգութիւնը պարզեց բոլոր դէմքերը։ Մեր դաշնակից Գերմանացիները յաղթական են բոլոր ճակատներուն վրայ։ Կը բաւէ որ գրաւեն Վարշաւիան եւ ահա վերջացա՜ւ... Պատերազմը կը վերջանայ կեդրոնական պետութեանց յաղթանակով։ Սա անտարակուսելի ճշմարտութիւն մըն է եւ այլեւս մնացեալը մանրամասնութիւններ են։ Ամէնքս ալ երջանիկ էինք եւ հպարտ բացի Րէմզիէն, որ անուշադիր մնաց ընթերցման պահուն եւ չի հասկցաւ կարծեմ թէ խնդիրը ի՞նչ բանի վրայ է։ Խօսքը չեմ ըներ հայ բժիշկին, որ իր տգեղ եւ խոշոր քիթը չի բարձրացուց պնակին վրայէն։ Երկուքին ալ վարմունքը ջիղերուս դպաւ, թերեւս ուզեցի պարզապէս Րէմզիին ուշադրութիւնը գրաւել։ Դէմ է պատերազմին, գիտեմ, այդքանը գուշակած եմ. ես ալ դէմ եմ, բայց այդ ինձ չարգիլէր որ սիրտս ուռի հպարտութեամբ, երբ լսեմ մեր թշնամիներուն ջախջախիչ պարտութիւնը։ Թո՛ղ անգամ մը յաղթենք, յետոյ կը խօսինք... Իմ զգացումներս մէկ անգամէն արտայատելու համար գոչեցի եռանդով։

Վա՜յ յաղթողին...

Սուրիացի բժիշկը ծափահարեց, յետոյ աչքերը արագ թարթելով ինձ նայեցաւ եւ ըսաւ.

Պէտք է գթով ըլլալ պարտուողներուն համար։ Թուրքը ասպետական է եւ վստահ եմ որ...

Ի՞նչ է գութը, ընդհատեցի խօսքը, ես այդպէս բան չեմ ճանչնար։ Դուք բժիշկներ էք, եւ ամէնքդ ալ գիտութեան հետեւած էք։ Մի՞թէ գութ կայ բնութեան մէջ։ Թէ՛ բուսական եւ թէ՛ կենդանական աշխարհներու մէջ իրար կը լափեն, իրար կ’ոչնչացնեն ապրելու, տեւելու եւ զօրանալու համար... Ո՞ւր կը գտնէք գութ որ ես իմ մէջս ունենամ։ Այդ ձեր գութ ըսածը ջղային հիւանդութիւն մըն է եւ փառք աստուծո՜յ, իմ ջիղերս հիւանդ չեն։

Ինչքա՜ն պաշտելիօրէն սոսկալի էք, մրմնջեց սուրիացի բժիշկը։

Րէմզի նայուածքը ինձ սեւեռեցեւ մնաց այդպէս։ Այդ թափանցող ակնարկին տակ արիւնս մտրակուեցաւ եւ աւելի եռանդով ըսի.

Ես չեմ որ հաստատեր եմ աշխարհիս օրէնքները. պատասխանատու չեմ եթէ բնութիւնը մեզ հրամայաբար կը պատուիրէ լափել ապրելու համար։ Կա՛մ պիտի յօշոտես, կա՛մ պիտի յօշոտուիս։ Մարդոց մէջ ալ գառնուկներ կան եւ գայլեր։ Ես գառնուկ չե՛մ, վստահ եղէ՛ք, ես գայլ եմ եւ ինչ որ աւելի բան մըն է, էգ գայլ մըն եմ ե՛ս։

Պռավօ՜, պռավօ՜... գոչեցին սեղանին զանազան անկիւններէն։

Յետոյ յանկարծ լռեցի։ Նշմարեցի որ Րէմզի հայ բժիշկին նայեցաւ արագ եւ խուսափուկ ակնարկով մը եւ իր վարի շրթունքը ստացաւ ծաղրական արտայայտութիւն մը։

-------

Ճէլալէտտի՜ն... սիրելի՛ս... թ՛ղ այդպէս ըլլայ... ես քու գերիդ եմ, քու արձակած հարճդ... Ճէլալէտտի՛ն... Միայն այնքանին վստահ ըլլայի որ գիտես թէ այստեղ եմ եւ Կէլիպօլուի հիւանդանոցը պիտի այցելես ինձ տեսնելու յոյսով, որպէսզի իմ սեւ օրս ուրախութեան փոխուէր եւ այդ դժոխքը ինձ համար դառնար երջանկութեան պարտէզ մը...

Ճէլալէտտի՜ն... միայն գիտնայի որ գիտես թէ այստեղ եմ։

-------

Երեկոյթը անցուցի Սաֆիյէ հանըմին սենեակը։ Սիրտս անձկութեամբ լեցուն էր։ Երբ վութին ողբական հնչիւնները կը պայթէին անոր ճարտար մատներուն հպումով, ինձ կը թուէր որ տարածութեան մէջէն ճակատագիրս էր որ ինձ վանկ առ վանկ կը յայտնէր կեանքի գաղտնիքը։

Ես հասկցայ թէ ինչո՞ւ առաջին օրէն թագուն համակրութիւն մը ունեցայ այդ նախկին պալատականին համար։ Ամէն հաշիւ ընելով եւ զեղջելով արտաքին տարբերութիւնները, մենք իրարու նման ենք հոգիով։ Ան արդէն պառաւեր է, բայց դեռ կը սպասէ... Կը սպասէ որ մի ինչ որ անծանօթ ձիաւոր իրեն բերէ լիաբուռն երջանկութիւն եւ բարիք։ Ան համոզուած է նոյնիսկ որ այդ ձիաւորը ճամբայ ելած է եւ օր մը պիտի հասնի ու իր դրանը զարնէ... ։

-------

Որպէսզի իրապէս կարենայինք ինքզինքնիս համարել ազատ, պէտք է որ փնտռէինք մեր երջանկութիւնը մեր սեփական ուժերով եւ մեզմէ բղխող միջոցներով։ Մենք ի՞նչ ենք մենք մեզմով։ Կինե՜ր որոնց կը ցանկան կամ կ’արձակեն... եւ երկու պարագային ալ կրաւորական ստրուկներ։

--------

Երբ մեր գլխուն վերեւ մարդ մը կայ, անտէր շան նման ողորմելի եւ շուարած կը մնանք եւ ասոր անոր կը քսուինք, որպէսզի վերջապէս տէր մը գտնենք։

--------

Րէմզին կարող էր ինձ փրկել, բայց կը զգամ որ հետզհետէ կը հեռանայ ինձմէ։ Անջրպետը որ կայ մեր երկուքին միջեւ, հատզհատէ կը լայննայ։ Վերագտնելու համար մեր միացման կէտը, պէտք է վերադառնանք անդարձ անցեալին։ Անոր կեանքը կը բացուի իր առաջ Մայիսեան լուսաշող օրուան մը պէմ։ Իր աստղը փայլուն է եւ իր աչքերը կը ժպտին անծանօթ, բայց ստոյգ երջանկութեան մը։ Զինքը կը տեսնեմ գալիք օրերուն մէջ ամուր եւ յաղթական, բայց ես բացակայ եմ այդ օրերէն։

-------

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐ

«Ներքին գործոց նախարարը պիտի մնայ դեռ քանի մը օր ճակատ, իսկ Ճէլալէտտին պէյ կը վերադառնայ մայրաքաղաք։ Մէկ օր կանգ պիտի առնէ միայն Կէլիպէլու, հիւանդանոցը այցելելու համար»։

-------

Օրն ի բուն պատրաստութիւններ կ’ըլլան ականաւոր հիւրը ընդունելու համար։ Յոյս կայ որ Ճէլալէտտինի այցելութիւնը զուգադիպի ջախջախիչ յաղթանակի մը, ինչպէս Վարշաւիայի գրաւումը, որի համար կ’ըսեն թէ ժամերու խնդիր է։ Նոյնիսկ լուսազարդութեան պատրաստութիւններ կ’ըլլան։ Ողորմելի բան է տեսնել այդ գոյնզգոյն թուղթէ լապտերները նրբանցքներուն մէջ, ուր նոր հասած վիրաւորներ կը հեւան եւ կը հեծեծեն ու իրենց քալած տեղերը արիւնի հետքեր կը թողուն։

Րէմզին ալ աւելի լռակեաց է եւ խոժոռ. կ’ուզէի իրեն հետ խօսիլ մտերմութեամբ, բայց ինձ կը թուի որ այս օրերուս իմ պարզ ներկայութիւնս անհանդուրժելի է իրեն։ Այլ սակայն եթէ գիտնա՜ր թէ որքան յուսացի իր վրան... Երկուքս ալ ցաւագինօրէն կ’ուզենք իրարու մերձենալ, բայց անողոք բան մը մեզ կը բաժնէ։

----------

Ճէլալէտտի՛ն, դուն իմ կեանքիս դահիճը եղար եւ սրտիս խորքէն կ’ատեմ քեզ։ Կ’ատեմ հրայրքով եւ սիրելով եւ կը տանջուիմ սիրելով եւ ատելով։ Կ’ուզեմ ազատագրուիլ քու լուծէդ, բայց սիրտս տերեւի մը պէս կը դողայ քեզ տեսնելու յոյսով եւ ուշադիր ականջ կը դնեմ հետզհետէ դէպ ինձ յառաջացող քայլերուդ աղմուկին, որը կը թնդայ սպասման ժամերուս լռին անհամբերութեան մէջ։


Սաֆիյէ հանըմ հնարամիտ եւ ճարտար կին է եւ քանի մը օրերէ ի վեր ինձ կ’օգնէ իմ արդուզարդիս մէջ։

Վաղուց մոռցեր էի այն հրճուանքը եւ վստահութիւնը որ հայելիին մէջ պատկերս կը ներշնչէր ինձ։ Սաֆիյէ հանըմ սքանչացման մրմունջով կը խօսի իմ սամոյր եւ թաւ յօնքերուս, աչքերուս փայլին եւ շրթներուս թարմութեան վրայ։ Կարծես անձնական շահ մը ունի իմ գեղեցկութեանս մէջ։ Ինքը ինձ սորվեցուց դնել հիւանդապահուհիի ճերմակ քօղս մասնաւոր ծալքով մը, որ ըստ իրեն աւելի պատշաճ է իմ դէմքիս։

Դուն սիրուն եւ գողտր կին մը չես, ըսաւ ինձ, այլ հրամայական գեղեցկուհի մը։ Պէտք է արժեցնել այդ թանկագին յատկութիւնը։ Ցեղ ունեցող մարդիկ զգայուն են քեզ պէս կիներուն. պայքարի կը մտնեն քեզ հետ, բայց կը մեռնին քեզ համար։

---------

Մինչեւ առաւօտ հիւանդանոցը հեւքոտ գործունէութեան մէջ էր։ Վիրաւորներու սայլերը անվերջ շարաններով կանգ կ’առնէին մեր դրան առաջ եւ կը պարպէին իրենց բեռը։ Այլեւս չէինք հասներ նոյնիսկ նախնական խնամքներ տալու ամէն մէկին։ Բոլոր ծառայողները ոտքի վրայ էին եւ իրարու կ’օգնէինք հապճեպով։ Միջոց մը աշխատեցայ հայ բժիշկին հետ եւ մինչ անիկա ցնցոտիի կտորներ կը հանէր, որոնք թանձրացած արիւնով կպած էին ցաւագին միսերու, մեր աչքերը իրարու հանդիպեցան նոյն անկեղծ վշտակցութեան զգացումին մէջ։

Րէմզի տարօրինակ երեւոյթ մը ունի։ Անոր դէմքը դարձեր է չար եւ անթափանց։ Անիկա երբեմն ինձ երկիւղ կը պատճառէ։ Կարծես գերբնական ճիգով մը մեր հասողութենէն վեր մտածումի մը վրայ կեդրոնացուցած է իր բոլոր ուժը։ Բայց այս բոլորն ալ խուսափուկ տպաւորութիւններ են, որովհետեւ շունչ առնելու ժամանկ չկայ։ Այլեւս չի պատահիր որ գոնէ ճաշտ ժամերուն հաւաքուինք։ Երկուքով, երեքով կը ճաշենք արագութեամբ եւ կ’երթանք մեր գործին։ Թերեւս սոսկալի աղէտներ կը սպառնան մեզ։ Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ թշնամին հասն մինչեւ Կէլիպօլու։

Հայրս ինձ հեռագրեր է որ քանի մը օրով վերադառնամ Պոլիս... անշուշտ այնտեղ գիտեն իրականութիւնը եւ այդ է հեռագրին թագուն իմաստը։ Բայց միթէ՞ հայրս չի մտածէր որ ես զէնքի հաւատարիմ ընկեր եմ եւ դասալիք չեմ ըլլար այս ճգնաժամային օրերուն։

----------

Լուր կայ որ հիւանդանոցը պիտի փոխադրեն թիկունքը... ուրեմն... ։

Ինչո՞ւ ուշացաւ Ճէլալէտտին։ Թերթերու մէջ այլեւս ոչ մէկ լուր կայ իր մասին։

---------

Չորս հոգի կը ճաշենք։ Հայ բժիշկը սովորականէն աւելի մռայլ էր. յանկարծ ճաշը ընդհատեց եւ մեկնեցաւ սրահէն։ Րէմզի երկար նայեցաւ ետեւէն եւ Սուրիացի բժիշկը քաջալերուած բժշկապետի այդ ցուցարար հոգածութենէն՝ հարցուց.

Կարծեմ կեսարացի է։

Րէմզին գլխով հաստատական նշան մը ըրաւ

Կրկին լռութիւն։ Սուրիացին իր սովորութեան համեմատ ուզեց խզել այդ ծանր լռութիւնը եւ սկսաւ խօսիլ տեղահան եղած հայերու կարաւաններու վրայ, որոնք անցեր էին Դամասկոսէն։ Րէմզին ուշադրութեամբ կը լսէր։ Սուիրացին ի միջի այլոց պատմեց թէ աքսորականներու կարաւանի մը ընկերացող ժանտարմ մը, որ չէր խնայած ո՛չ ծերերուն եւ ո՛չ հիւանդներուն, յանկարծ օր մը կանգ կ’առնէ ճամբուն վրայ լքուած երեք ամսու մանկիկի մը առաջ։ Պահ մը մտածկոտ կը մնայ, յետոյ կը վերցնէ երեխան գետնէն, կ’առնէ գիրկը եւ կը նայի։ Ի՞նչ կը պատահի իրեն այդ պահուն, սատանան միայն գիտէ։ Ժանտարմը կը դանդաղի, ետ կը մնայ կարաւանէն եւ կրկնոցին ծայրով կը ծածկէ լքուած մանկիկին մերկ անդամները։ Առաջին հանգրուանին իսկ կը դիմէ կարաւանին մէջ երեխայ ունեցող կիներուն եւ կ’աղերսէ որ յօժարին դիեցնել մանկիկը։ Այդ նոյն կիները կը պատմէին որ այդ արիւնարբու գազանը օրէ օր կը փոխուէր։ Մեղմութեամբ եւ նոյնիսկ քաղաքավարութեամբ կը խօսէր իրենց հետ եւ սիրտը կը դողար որ պիտի մերժէին իր խնդիրքը։ Միւս ժանտարմները կը ծաղրէին զինքը բայց անիկա կը հանդուրժէր ամէն բանի եւ նոյնիսկ երբեմն գաղտագողի հաց եւ ձմերուկ կուտար դիեցնող կիներուն եւ երեխաներուն։

Սուրիացին տեսեր էր այդ ժանտարման իր աչքերով։ Անիկա հարազատ հօր գուրգուրանքը ունէր այդ մանկիկին համար, ահով եւ վախով կը հետեւէր անոր առողջութեան եւ դէմքը կը ստանար անսահմանելի երանութիւն մը, երբ մանուկներու յատուկ անգիտակից ժպիտը ուրուագծուէր երախային դէմքին վրայ։ Երբ կարաւանը Դամասկոսէն պիտի մեկնէր ժանտարման խնդրեր էր տեղւոյն իշխանութենէն որ զինքը արձակեն։

Մտադիր էր տնակ մը վարձել եւ երեխային հետ բնակիլ այնտեղ։ Իշխանութիւնը մերժեր էր իր խնդիրքը եւ ժանտարման բեկուած սրտով միացեր էր կարաւանին, մանկիկը թեւերուն վրայ, գլուխը կախ եւ մտահոգ, ինչպէս եթէ ինքն ալ աքսորական մը ըլլար։

Ա՜յ, եթէ կրնաք, լուծեցէք մարդկային սրտի գաղտնիքը, եզրակացուց սուրիացի բժիշկը։

Այդ կը նշանակէ, որ այդ հրէշը իր խորքերուն մէջ մարդկային զգացումներու կայծ մը պահած էր, ըսաւ Րէմզի ներշնչուած ձայնով, եւ թէ ինչ որ ալ պատահի, պէտք չէ յուսահատիլ։

Յետոյ աւելցուց եռանդով.

Պէտք է հրահրել այդ կայծերը որպէսզի մեզ խեղդող խաւարը փարատի։

Այո՛, որպէսզիզ իժեր սնուցանենք մեր ծոցին մէջ, ըսի ես, ալ չեմ գիտեր ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ չէր մտադրութիւնս եւ ինքս ալ յուզուած էի սուրիացիին պատմութենէն։

Րէմզի ընդոստ դարձաւ ինձ եւ կզակը սեղմած, սպառնական նայեցաւ։ Յետոյ ձեռքի դանակը նետեց սղեանին վրայ եւ ուսերը ցնցեց արհամարհանքով։

Ուզեցի մեղմացնել խօսքերուս ազդեցութիւնը, բայց յանկարծ ուրախութեան աղաղակ մը պոռթկաց նրբանցքներուն մէջ։ Սրահին դուռը բացուեցաւ եւ նոր հասած թերթի յաւելուածներ ինկան մեր ամենուս ձեռքը.

«Գերման բանակը գրաւեց Վարշաւիան»։

Վստահաբար, վաղը, Ճէլալէտտին կը հասնի Կէլիպօլու։

Ինչո՞ւ Րէմզին պղտորեց ուրախութիւնս։ Ի՞նչ գերագոյն նպատակ կրնայ ըլլալ իր հայեցակէտին մէջ, որ զինքը անտարբեր կը դարձնէ մեր ամենուս ուրախութիւններուն եւ արդար ցասումներուն։ Մտադրեցի յանկարծ որ երթամ տեսնեմ զինքը եւ ըսելիքներս չի վերապահեմ ցերեկուան ջղագրգիռ ժամերուն երբ՝ մեր լսած ու տեսած սոսկումներէն գրգռուած, չենք գիտեր այլեւս թէ ի՞նչ կ’ընենք, ի՞նչ կ’ըսենք։

Գիշերապահը ինձ առաջնորդեց հնամենի շէնքին մութ նրբանցքներէն լուսազարդութեան յատկացուած նարնջագոյն թուղթէ լապտեր մը ձեռքը։ Մղձաւանջի մէջ ե՞նք, թէ իրաւէ այս բոլորը։ Կարծես ամէն մէկս անձամբ մենք չենք, այլ մեր ուրուականները՝ որ կը շարժին, կը սահին, կը խառնուին ուրիշ ստուերներու։ Դեռ ողջ ե՞նք, ի՞նչ բանի համար… եւ այս անիծեալ ու անդադար թնդիւնը, որ խորքը կը կազմէ մեր բոլոր մտածումներուն եւ զգացումներուն։

Ե՞րբ պիտի հասնի այն օրը երբ լռութիւնը պիտի բզզայ այս աշխարհատարած աւերակներուն վրայ։

---------

Րէմզին չի զարմացաւ ինձ տեսնելով. կարծես ժամադրուած էինք եւ ինձ կը սպասէր։

Արմունկները սեղանին վրայ, գլուխը՝ ափերուն, խորասուզուած էր մտածումներու մէջ։ Թերեւս կը քննանար։ Երբ դուռը բացի, գլուխը բարձրացուց, ինձ նայեցաւ եւ ըսաւ յոգնած ձայնով.

Լաւ որ եկար, Մելիհա՛։

Առաջին անգսամն էր որ այդքան քնքուշ մտերմութեամբ Րէմզի կ’արտասանէր անունս։ Անմիջապէս խորհեցայ որ հիւանդ է. դէմքը տժգոյն էր եւ իր սեւածիր աչքերը կը վառէին տենդով։ Կարծես բարոյական սասանումի մը ենթարկուեր եւ ջախջախուեր էր։ Անսահման երկիւղ մը ինձ գրաւեց։

Արդեօք վատ լուրեր կա՞ն ճակատէն, հարցուցի, փութալով դէպի ինքը։

Գլխով ժխտական նշան մը ըրաւ։

Կը շարունակէի հարցական ակնարկս սեւեռել իր աչքերուն բայց ահա զգացի որ Րէմզի բուռն ցաւով մը կը տանջուէր. ուզեցի անմիջապէս կազդուրել զինքը։

Եթէ վատ լուր չի կայ, ի՜նչ փոյթ մնացածը… շուտով մենք եւ մեր զինակիցները կը յաղթենք։ Մեր փայլուն մահիկը կը բարձրանայ երկնակամարին վրայ…

Իմ ոգեւորուած խօսքերուս միջոցին Րէմզի հետզհետէ աւելի տանջալի կը դառնար։

Ինչ որ ալ ըլլա՛յ, ես քեզ կը հաւատամ, աւելցուցի եռանդով. բայց դուն կը կարծես թէ չարժէ ինձ հետ խօսիլ սրտակցութեամբ։

Րէմզի կը շարունակէր ինձ նայիլ այլայլած դէմքով։ Երբեմն յօնքերը կը խոժոռէին, յետոյ կը պարզուէին։

Այսօր, պնդեցի ուրախութեան օր մըն է մեզ համար։ Մեր թշնամիները կը պարտուին…

Րէմզի գլուխը ցնցեց դառնութեամբ.

Մեր բուն թշնամիները, ըսաւ ակռաները սեղմելով, յաղթական են այս միջոցին։

Ո՞րն է քեզ համա թշնամին։ Ես այլեւս բան չեմ հասկնար։ Վայրենիները եկեր են մինչեւ մեր մայրաքաղաքի դուռը…

Թշնամին միայն այնտեղ չէ՛… վստահ եղի՛ր, Մելիհա՛։

Ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պտտիլ սենեակին մէջ։ Յանկարծ կանգ առաւ իմ դէմս, երկու ձեռքերը դրաւ ուսերուս վրայ եւ նայուածքը սեւեռելով աչքերուս՝ ըսաւ անձկալի ձայնով մը։

Կարո՞ղ ես արդեօք դաժան ճշմարտութեան մը բեռը կրել։

Այդ պահուն ճշմարտապէս սարսափեցայ իրմէն։ Ինձ թուեցաւ, որ խելքը գլուխը չէ, զառանցանքի մէջ է։ Սթափեցնելու համար զինքը՝ փութացի ըսել.

Րէմզի՛, աղի, հացի հախ կայ մեր մէջը. մեր տունը ապրած, հօրս թեւին տակ մեծցած ես. ինչո՞ւ քու սիրտդ կը փակես ինձ։ Կ’ըմբռնեմ շատ լաւ որ դուն մեզ հետ չես, ի՞նչ է պատճառը… Րէմզի՛, Գերմանները գրաւեցին Վարշավիան եւ շուտով այս անիծեալ պատերազմը վերջ կը գտնէ. ի՞նչպէբ կ’ըլլայ որ անտարբեր կը մնաս մեր յաջողութիւններուն համար։

Րէմզի ցնցուեցաւ, քայլ մը հեռացաւ եւ ափը մօտեցնելով շրթունքին՝ փչեց վրան ըսելով.

Այդ բոլորը, ահա՛… քիչ մը ոսկեզօծ փոշի, ուրիշ ոչինչ…

Պահ մը լուռ նայեցանք իրարու. յետոյ կարծես նոր մտաբերելով, աթոռ մը տուաւ ինձ եւ խնդրեց որ նստիմ։ Դուռը կիսաբաց մնացեր էր. գնաց փակեց եւ երկրորդ աթոռ մը առնելով եկաւ քովս, նստաւ սեղանին առաջ. յետոյ խոր հառաչելով ըսաւ.

Իրաւամբ, պէտք է մտածել, Մելիհա՛, որ թերեւս անպատշաճ է որ այս ժամուս առանձին ինձ մօտ ըլլաս։

Իմ կարգիս փչեցի ափիս վրայ եւ ըսի.

Այդ բոլորը ալ աւելի քիչ մը փոշի, ուրիշ ոչինչ։

Ուզեցի ժպտիլ, բայց դէմքը յանկարծակի լրջացաւ։

Դժուար էր ինձ համար այս իրիկուն, ըսաւ մեղմ ձայնով, մինակս տանիլ հոգւոյս բեռը, շնորհակալ եմ որ եկար։

Գլուխը ցնցեց, վանելով անհարկի մտածում մը, յետոյ ըսաւ. ինչպէս եթէ առանձին խօսէր։

Քիչ առաջ կը մրափէի եւ երազ մը տեսայ. Գանտիլիի տունն էինք, պարտէզին մէջ. հայրս կ’աշխատէր ածուխի մը մէջ եւ ես կը խաղայի մինակս։ Ինձ ղրկեց որ գործիք մը բերեմ։ Քանի մը քայլ անդին կանգ առի շլացած. ծաղկած աքասիաներու ստուերին տակ ճերմակ եւ քօղարկուած սիլուէտ մը կ’անցնէր. ինձ այնպէս թուեցաւ որ սա աշխարհային էակ մը չէր, այլ դրախտէն իջած հուրի մը։ Ոչինչ կը յուսայի եւ ոչ մէկ բանի իրաւունք ունէի, բայց իմ ուրախութիւնս մաքուր էր եւ զօրեղ արեւի ճառագայթի մը պէս…

Սա երազ չէ, Րէմզի, ըսի դողդողացող ձայնով, սա երջանիկ յիշողութիւն մըն է…

Րէմզի ընդոստ ինձ դարձաւ եւ աչքերը փայլատակեցին։

Երազ էր, բայց սթափեցայ. եւ ո՞վ էր որ աղարտեց իմ պատանեկան երազս… Համիտի սպասաւոր, ոճրագործ Րիզա փաշայի որդին, Ճէլալէտտինը՜…

Րէմզի՛…

Այլեւս ոչի՜նչ… ես վճռեցի սպաննել Ճէլալէտտինը…

Օ՜հ, Րէմզի… Դուն գլուխդ կորսնցուցեր ես… հիմա այն էր պակաս ո՜ր…

Ոչ հիմակ, Մելիհա՛, ես այն ատեն վճռեցի եւ ինձ համար մեռած է արդէն։

Անկեղծօրէն կը մտածէի որ Րէմզի զառանցանքի մէջ է եւ իր տժգոյն դէմքը, սեւ խոր աչքերը, որոնք կը փայլատակէին ատելութեամբ, ինձ սոսկում կը պատճառէին. ոտքի ելայ եւ ուզեցի փախչիլ, բայց Րէմզի ձեռքս բռնեց եւ հարկադրեց մնալ։ Զգացի որ ինքն ալ կը դողար յուզումէն։

Այս խօսքերը քեզ չեմ ըներ, ըսաւ Րէմզի խուլ ձայնով մը, այն նպատակով որ կը կարծես. ո՛չ ո՛չ հազար անգամ ո՛չ։ Բայց լսէ՛ եւ այս մէկը։ Անձրեւոտ եւ մթին իրիկուն մըն էր, հակառակ որ տենդ ունէի, կը թափառէի փակ փեղկերուդ առաջ։ Հեռուէն լսեցի ձիու մը սմբակներուն աղմուկը. յառաջացայ դէպի պարտէզին մուտքի դուռը. քանի մը րոպէէն ձին կանգ առաւ դրան առաջ։ Ճանչցայ ձայնը որ հրամաններ կուտար ձիապանին, ճանչցայ եւ իր քայլերուն ձայնը… Երբ դէմ եկանք, անիկա նախ զարմացաւ եւ յետոյ զայրացաւ։ Նոյն միջոցին հօրդ ծառան լապտեր մը բերաւ եւ բարձրացուց մեր դէմքին։ Ճէլալէտտին տժգուներ էր ցասումէն եւ աչքերը կարծես ինձ պիտի լափէին. մատները անհամբերութեամբ կը շարժէին մտրակին կոթին վրայ։

Շա՛ն լակոտ, ըսաւ ինձ ակռաները սեղմելով, ի՞նչ բան ունիս այս ժամուն, այստեղ. եւ մտրակը բարձրացուց։

Այդ պահուն ատեցի զինքը իմ հոգւոյս բոլոր զօրութիւնովը, բայց ինչ որ այդ ատելութիւնը դարձուց տեւականօրէն գործօն, իմ վատութիւնս էր. որովհետեւ զգուշանալու համար իր հարուածէն, փախայ իր առաջքէն… Ողորմելիօրէն փախայ, Մելիհա՛…

Այո՛, Մելիհա՛, պէտք է հասկնել այս բանը, իմ այդ պահու ստորնութիւնս էր որ թունաւորեց իմ ատելութիւնս եւ նաեւ այդ պահու կրած վիրավորանքս էր որ ինձ հասկանալն դարձուց աշխարհիս բոլոր խոնարհներու եւ նախատուածներու դառն եւ խայթող թշուառութիւնը… Յետոյ, իմ դժուարին կեանքի ընթացքին ամէն օր հանդիպեցայ Ճէլալէտտիններու… Ճէլալէտտինները մի՛շտ բարձրացուցեր են արհամարհանքի մտրակը մեր գլխին եւ մենք փախեր ենք իրենց առաջքէն… Երբ այդ թշուառականներուն մեր մէջ կուտակուած թոյնը եւ ատելութիւնը օր մը պայթին, աշխարհս պիտի սասանի իր հիմունքներէն…

Հեծեծագին կ’արտասուէի եւ այլեւս բան մը չէի լսեր։ Րէմզի յանկարծ կանգ առաւ եւ ըսաւ.

Մելիհա նուրի հանըմ, կը փափքիք թերեւս ձեր սենեակը վերադառնալ։ Ժամանակը ուշ է եւ վաղը մեծ դեր մը ունիք կատարելու…

----------

Քանի որ մեր զէնքերու յաղթութիւնը այլեւս ապահով է, քանի որ նոր եւ բեղուն կեանք մը կը բացուի մեր առաջ, ինչո՞ւ մնալ խռով, եւ ի՜նչ ոչինչ պատճառներու համար, կը մտածէի անքուն երկար ժամերուն, գիշերուան դղրդացող խաւարին մէջ։ Յետոյ երկարօրէն անդրադարձայ Րէմզիի առեղծուածային խօսքերուն վրայ եւ եկայ այն եզրակացութեան որ անիկա ոեւէ եղանակով ուզեց ինձ հաւաստիացնել թէ Ճէլալէտտինի մասին իր ունեցած ատելութիւնը նախանձի արդիւնք չէ։ Զարմանալի չպիտի գտնէի որ Րէմզի սկսեր է ինձ ատել բուռն կերպով, որովհետեւ տկարութեան մը րոպէին ինձ պատմեց իր պատանեկան զգացումներուն մասին։

----------

Այն օրը ինձ հրայրքով կը սիրէիր դեռ, Ճէլալէտտի՛ն. երբ մտրակդ բարձրացուցիր յանդուգն երախային վրայ, որ համարձակեր էր աչք բարձրացնել քու ընտրեալիդ…

Իմ հրամայական գեղեցկութիւնս…

Ճերմակ քօղարկուած հուրի մը կ’անցնէր ծաղկած աքասիաներուն ներքեւէն…

Րէմզի՛, կրնայի քեզ սիրել քու արի հոգւոյդ համար, կրնայի կրթնիլ քու ամուր բազուկիդ, բաժնել քու սէրերդ եւ ատելութիւններդ։ Ի զուր կը կարծես թէ չեմ հասկնար քեզ… իմ մէջս ալ եղած են կայծեր, որոնք կրնային բռնկիլ, հրդեհ դառնալ։ Բայց դուն օգնական չես կրնար ըլլալ ինձ, որովհետեւ մեր կեանքերը տարբեր ժամանակներու մէջ տարածուեցան եւ դուն կը գլես կ’անցնիս իմ գերագոյն սահմաններս…

---------

ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԹԵՐԹ

«Եպերելի ոճիրի մը զոհ գնաց Ճէլալէտտին պէյ։ Դաւաճան գնդակ մը վերջ տուաւ անոր հերոսական կեանքին։ Այս բախտորոշ օրերուն, երբ մեր երկրին ճակատագիրը կը վճռուի, մեր ամենէն յանդուգն եւ անխոնջ հայրենասէրին մահը անդարմանելի կարուստ մըն է։

Ճէլալէտտին պէյ գիշերը անցուց Հ…ի բանակատեղիին մօտ, իրեն համար յատկապէս պատրաստուած վրան մը։ Դասալիք զինուորներ……. »։

 

–– ՎԵՐՋ ––



[1] Լարային նուագարան մը։

[2] Դիւցազն եւ յաղթական։