ԱՌԱՋԻՆ
ՊԱՏԿԵՐ
(Դահլիճ
մը,
Յազկերտի
ապարանքին
մէջ:
Բեմը
կիսաբոլոր,
որուն
մէջտեղը
կը
գրաւէ
Յազկերտին
գահը:
Եհտզհետէ
երկթեւ
կը
հեռանան
աթոռներ,
իրարմէ
զգալի
աստիճանով
մըցածնալով:
Նրբանցքներուն
վրայ
բացուող
դռներ):
Յազկերտ.
–
Վռա'մ,
ամբողջացուցա՞ծ
ես
տեղեկութիւնը:
Վռամ.
–
Ամբողջացուացծ,
Արքայից
Արքայ:
Խորհած
են
դիմել
արեւմուտքի
թագաւորին
բայց
չեն
դիմած:
Հիւսիսի
Սկիւթներուն
հետ
ուզած
են
դաշինք
կնքե,
լ
չեն
համաձայնած:
Յազկերտ.
–
Իրե՞նք
իրենց
մէջ:
Վռամ.
–
Երեք
երկիրներու
նախարարները
երդում
ունին
մերժելու
կրօնափոխութեան
առաջարկը,
իրենց
կրօնական
գիր
քին
վրայ:
Յազկերտ.
–
Հայոց
մարզպա՞նը:
Վռամ.
-
Անվստահելի
ինչպէս
միշտ:
Մեզի
հետ,
ինչպէս
անոնց
մէջ:
Յազկերտ.
–
Սպարապե՞տը:
Վռամ.
–
Այդ
տունը
դէմ
է
Արիներուն
ու
Զրադաշտին:
Ճի՞շտ
է
երկրին
ուժերը
վստահիլ
Մամիկոններուն,
Տէր
Ա
րքա&յ,
երբ
անցեալը
այնքան
պարզ
է
ամէնուս:
Արքայից
Արքան
անշուշտառիթը
պիտի
շահագործէ
փոքր
ընդդիմութիւնը
ընդարձակելով…:
Յազկերտ.
–
Այսի՞նքն:
Վռամ.
-
Ուղղակ
իկոտորելով
այդ
վայրենիները
քանի
որ
մեր
ձեռքին
մէջ
ունինիք:
Յազկերտ.
–
(Քիչ
մը
մտածելէ
վերջ)
Այդ
թելադրութիւնը
դէմ
է
մեր
աւանդութեանց:
Արքայից
Արքային
ձեռքը
ուժով
է
ինքնին
իր
կամքը
պարտադրելու
համար
նոյնիսկ
անոնց
պա
շտպանարեւմուտքի
թագաւորին:
Վռամ.
–
Իրենց
նամա՞կը:
Յազկերտ.
–
Այո':
Պիտ
կրեն
պատիժը
այդ
լեզուին:
Բայց
բռնութենէն
առաջ
արդարութիւն:
(Մովպետին)
Մովպետան
Մովպետ,
ի՞նչ
է
կամ
քը
մեծ
Զրադաշտին:
Մովպետ.
–
ինչ
որ
յարմար
կը
դատէ
պետը
այս
դիւանին:
Զրադաշտը
տիեզերական
արքայութիւնը
կ՚ուզէ:
Յազկերտ.
–
Օրհնեալ
է
արքայութիւնը
Զրադաշտին:
Պիտի
հաստատեմ
անիկա
քաղցրութեամբ
ինչպէս
ուժով:
Սուրով
ու
հուրով,
եթէ
հարկ
ըլլայ.
սրբազան
արեւին
ծագած
կողմէն
մնչեւսահմանները
անոր
մուտքին:
Մոգեր.
–
(Կշռաւոր
ձայնով
մը)
Մոինչեւ
սահմանները
անոր
մուտքին:
Մովպետ.
-
Նախ
հիւսիսէն,
Արքայից
արքայ:
Մոգեր.
-
Նախ
հիւսիսէն
Վերջն
արեւմուտք
Ազգ
եւ
ազինք
Արեւին
սուրբ
երկրպագու:
Յազկերտ.
–
Ապրին
ձեր
եռանդուն
բերանները:
Մովպետան
Մովպետ,
խօսէ
մեզի
մեծ
Զրադաշտին
կամքէն,
քանի
որ
երեք
անգամ
արեւը
արդէն
տրած
անցած
է
մեր
աղօթքներունճամբան:
Քաղցրութեա՞մբ
թէ
բռնութեամբ:
Մովպետ.
–
(Ծանր,
պատգամակերպ
կշռելով
իր
բառերը)
Եւ
երկուքով,
Արքայից
Արքայ:
Այսպէս
կ՚ուզէ
սուրբերու
սուրբ
Զրուանի
աչք
Զրադաշտը:
Յազկերտ.
–
Եւ
երկուքով:
Թող
օրհնուի
անոր
կամքը
որ
պիտի
գործադրուի:
Եւ
երկուքով:
Միհրներսէհ.
–
(Խոնարհելով
խոր
կործանումով)
Եւ
աւելիո՜վ,
Արքայից
Արքայ.
եթէ
զգացուի
կարիքը
ասոր:
Մովպետ.
–
Զրադաշտին
ա
րքայութիւնն
է
արեաց
աշխարհին:
Յաւիտենական
բարիք
բոլոր
մարդերուն:
Միհրներսէհ.
–
Եւ
աւելիո՜վ:
Բոլոր
ազգերը
պիտի
մասնակցին
Ահրիմանին
դէմ
մեր
պայքարին:
Բոլոր
ազգերը
պիտի
զգան,
մտածեն
ու
գործեն
ինչպէս
կը
մտածէ
Արքայից
Արքան:
Պիտիկազմուի
մեծ
ու
մէկ
կայսրութիւնը
հոս,
ինչպէս
երկինքին
մէջ:
Եւ
աւելիով,
Արքայից
Արքայ:
Յազկերտ.
–
Ի՞նչ
է
իմաստը
այդ
աւելիին:
Միհրներսէհ.
–
Եւ
արիւնո՜վ,
Արքայից
արքայ:
Մարդիկ
քի'չ
անգամ
հասկցան
ուրիշ
լեզու:
Յազկերտ.
–
Ապրի
հազար
քու
իմաստուն
գլուխը:
Միհրներսէհ.
-
Հազար
հազար
ապրի
Արքայից
Արքան
արեաց
բարիքին
ու
Զրադաշտին
փառքին
համար:
Մովպետ.
-
Ապրի
անվերջ,
Բազուկը
մեծ
Զրադաշտին,
Արիաց
արի
Ու
մեծ
արքան…
Միհրներսէհ.
-
Մեծ
բարերար
ողջ
աշխարհին:
Մոգեր.
-
Մեծ
մարդասէր,
Մեծ
ողորմած,
Խնամարկու
մարդոց
բոլոր.
-
Արիներուն
ու
խուժերուն:
Մովպետ.
-
Մեծ
բարերար
ողջ
աշխարհին:
Միհրնեսրէհ.
-
Հանդերձեալին…
Մովպետ.
-
Եւ
երկուքի:
ն
Վարուէ
Զրադաշտին
կամքովը
անոնց
հետ.
անարիներէն
որոնք
դուրսը
կը
սպասեն:
Ու
անոնց
հետ`
որոնք
սրբազան
արեւի
մուտքի
կողմերուն
կը
մնանմոլորեալներ:
Վարուէ
համաձայն
Զրադաշտի
կամքին
բոլոր
աշխարհին
հետ:
Այսպէս
կ՚ըսէ
Զրադաշտը
այսօրուան
համար.
-
«Երանութիւն
ձեզի
ազգ
եւ
ազինք…»:
Յազկերտ.
–
Ցուլե՞րը:
Մովպետ.
-
Երեք
անգամ
եօթը
թիւով
սպիտակ
ցուլերը
զոհուեցան
Սրբազան
Կրակին:
Ու
անոնց
բոլորին
ալ
լեարդին
վրայ
արեւելքը
կամար
կը
նետէր
աշխարհին
չորս
կողմերուն:
Զրադաշտը
անհո՜ւն
է
երբ
կուտայ:
Յազկերտ.
–
Լուացո՞ւմը:
Մովպետ.
-
Լուացումը,
սրբացումը,
բոլո'րը,
համաձայն
Զրադաշտի
հրամաններուն:
Այլեւս
այդ
թշուառական
իշխաններուն
կը
մնայ
փրկուիլ
մեզի
հետ
կամ
մատնուիլ
Ահրիմանին:
Յազկերտ.
–
Ուրեմն
ատեն
է
որ
կանչուին
մեծ
ատեանին:
Ձայներ.
-
Թող
կանչուին
մեծ
ատեանին:
Յազկերտ.
–
Արարողապե'տ…
(երկու
արարողապետ
կը
զատուին
իրենց
տեղերէն,
գլխակործան
յառաջանալով
մինչեւ
գահը
ու
սպասելով
գետնատարած:
)
Ելէք
(արարողապետները
ոտքի:
)Մտցուցէք
հիւսիսի
իշխանները
գահնամակի
կարգով:
(Արարողապետները
դուրս:
)
Յազկերտ.
–
Մովպետան
Մովպետ.
պատրա՞ստ
են
բոլոր
փաստերը:
Մովպետ.
-
Ահա
սրբազան
մատեանը
(ձեռք
կ՚առնէ
մագաղաթեայ
մեծ
ոլորք
մը)
ասկէ
պիտի
կարդացուին
բոլոր
այն
կէտերը
որոնց
պէտք
կայ:
Ահա
նամակը
որ
այս
ատեանին
կողմէգրուած
էր
իրենց
եւ
որուն
պատասխանին
յիմարութիւնը
դուրս
է
մեր
օրէնքներէն:
Միհրներսէհ.
-
Արքայից
Արքային
սուրը
փշուր
փշուր
կը
խո
տակէ
անոնց
յամառութիւնը:
Մովպետ.
-
Այո՜:
Բա'յց:
Այս
ատեանը
նոր
չէ
ար
գործ
կ՚ունենայ
այդ
անսուրբ
արարածներուն
յիմարութեան
որքան
յամառութեանը
եհտ:
Երջանկայիշատակ
արքաներ
սա
աթոռէն,
տառապած
են
անոնց
փրկութեան
համար,
անոնց
խելագար
ընդդիմութիւնը
չի
կրնալով
հասկնալ:
Նորագոյն
ու
ահաւոր
վկա՜յ:
-
իրենց
այլապէս
անհեթեթ
ինչպէս
յիմար
պատասխան
նամակը:
Յազկերտ.
–
(Մեղմ)
Հասկնալի
սակայն
այդ
յիմարութիւնը,
իրենց
լեռներուն
վրայ`
արեաց
ահէն
ապահով:
Բայց
Տիզբոն
է
հոս:
Միհրնեսրէհ.
-
Ատիկա
գիտնալու
շնորհէն
զուրկ
են
ծանծ,
Արքայից
Արքայ:
Ու
հոս
է
իրենց
դժբախտութիւնը:
Ու
ճիշտ
ատոր
համար
է
որ
ձեր
իմաստութիւնն
ու
գութը
կը
միջամտէ
որպէսզիփճրկուին
այդ
յիմարները
նոյնիսկ
բռնի:
Անհասանելի
են
խորհուրդները
մեծ
Զրադաշտն
որ
սակայն
Ձեզ
է
ընտրած
սրբազան
անօթ
զանոնք
մարդոց
սրտերուն
փոխադրելու:
Երանութիւն
ուփառք
այն
օրին,
երբ
Արքայից
Արքային
իշխանութեան
ենթակայ
միլիոնները
պիտի
ազատուին
իրենց
մոլորանքէն:
Ի՜նչ
հոյակապ
պատկեր
է
որ
կը
բացուի
մտքիս:
Աշխարհներէ
աշխարհներպիտի
վառին
ատրուշանները:
Ըմբոստութիւն,
դաւ,
պետական
հոգեր
ընդմիշտ
պիտի
դադրին
մեր
կայսրութեան
սահմաններէն:
Մեծ,
անբացատրելի
են
փառքն
ու
բարիքը
որոնց
գործաւորնէք
նշանակուած
Սուրբ
Զրադաշտին
կամքովը:
Երկինքն
ու
երկիրը
հաւասարապէս
գոհ
են
ձեզմէ:
Յազկերտ.
–
Փշուր
փշուր
կը
խորտակուին
բոլոր
անոնք
որոնք
չեն
խոնարհիր
Արքայից
Ար
քային
հրամաններուն:
Մովպետ.
-
Այո՜:
Բա'յց:
Փշուր
փշուր
որտակուեցան,
կը
խորտակուին
ամէն
օր
ու
չեն
ուտեր
մեր
զոհը:
Միայն
Տիզբոնի
մէջ
հազարներով
համրուեցան
անոնք
որ
մերժեցին
մեր
միսը
եւ
վիզերկարեցին
դահիճին:
Միհրներսէհ.
-
Մի
բաղդատեր,
Մովպետան
Մովպետ,
սա
ասորիի
կտորուանքները
հիւսիայիններու
նախարարներուն:
Անօթի,
ցաւագար,
որդնոտ
այդ
նազովրեցիներուն,
որոնք
Տիզբոնիպողոտաներուն
վրայ
մուրալէն
զատ
զբաղում
չունին,
մահը
աւելի
կ՚արժէ
կեանքէն:
Մովպետ.
-
Ազնուականներ
ալ
չի
պակսեցան:
Միհրներսէհ.
-
Ազնուականնե՜ր:
Այսինքն
անարիներ
որոնք
իրենց
գլուխը
կը
կրեն
իրենց
ուսերուն
մեր
բարեացակամութեամբ,
չէ՞:
Ո'չ,
մի
բաղդատեր
Հայ
նախարարները
այդ
խուժանինհետ:
(Երկարաձիգ
շեփոր:
Որմէ
վերջ
խռովակոծ
լռութիւն:
Մէկէն
երկթեւ
ճեղքով
կը
բացուի,
ինք
իր
վրայ
ծալլուելէն,
խորքի
վարագոյրը:
Արարողապետները,
երկւո
կարգի
գլուխէն,
կ՚առաջնորդեն
նախարարները,
պայմանադրական
ծնրադրութեամբ:
Ոչ
մէկ
բառ:
Վայրկեան
մը
լուռ
տեսարան:
Որմէ
յետոյ
Յազկերտին
հրամանը`
ոտքի
ելլելու:
)
Յազկերտ.
–
Ելէ'ք…:
Քարտուղար…
(Քարտուղարները
կը
նետուին
վէջտեղ.
պայմանադրական
ծնրադրումով:
)
Բերէք
ինծի
հարիւր
կնիքով
նամակը
զոր
այս
մարդիկը
ղրկած
են
Դուռ:
(Քարտուղարներ
դուրս:
)
Չեմ
կրնար,
ուրիշ
անգամներուն
նման,
ձեր
գալուստը
ողջունել
բարիով:
Դուք
կը
հասկնաք
ատիկա:
Կամսարական.
-
Այս
անգամ
ալ
ձեր
հրամանն
է
մեզ
հոս
բերողը
սակայն,
Արքայից
Արքայ:
Ըլլային
պարզ
մարդեր
սա
եկողները
եւ
ոչ
նախարար,
դարձեալ
կուգան
Աստուծմէ:
…
Հիւրըպատուելը
Աստուած
պատուել
է:
Յազկերտ.
–
Ո'ր
Աստուածը:
Կամսարական.
-
Երկինքն
ու
երկիրը
ստեղծող
Աստուածը:
Ո'չ
միայն
այդ:
Յազկերտ.
–
Ուրի՞շ:
Կամսարական.
-
Մեզի
զլացուեցան
դարաւոր
օրէնքներով
նուիրագործուած
պայմանները
նախարարական
ընդունելութեան:
Ո'չ
միայն
այս:
Յազկերտ.
–
Ուրի՞շ:
Կամսարական.
-
Ոչ
ոք
եկաւ
մեզ
դիմաւոր:
Ոչ
ոք
որ
մեզ
առաջնորդէր
քաղքէն
ներս:
Ոչ
միայն
այդ:
Յազկերտ.
–
Շարունակէ':
Կամսարական.
-
Պալատին
մէջ
մեզ
հետ
վարուեցան
անարգանքով:
Երեք
օր
է
մեր
գալը,
եւ
բշտիպաններէն
դուրս
մ
էկը
չենք
տեսած:
Հակառակ
դարաւոր
օրէնքներու,
մեզմէ
առին
մերզէնքերը
ու
զատեցին
մեր
թիկնապահները:
Յազկերտ.
–
Ուղիղ
ինչպէս
սուր
են
դիտողութիւններդ:
Եղան
այդ
ամէնը,
միայն
ու
միայն
ձեր
ուզելովը:
Անցած
էք
հպատակութեան
սահմանները:
Կամսարական.
-
Մենք
դարերով
հաւատարիմ
հպատակներն
ենք
Արքայից
Արքային:
Յազկերտ.
–
Հիմա`
ո'չ:
Ու
ձեզի
զլացուած
հանդիսանքն
ու
մեծարանքը
պտուղն
են
ձեր
ըմբոստութեան
որ
ձելմէ
առաջ
հասած
է
հոս
(կը
մտնէ
քարտուղարը
մեծկակ
մագաղաթ
մը
դնելովսեղանիկի
մը
վրայ,
Յազկերտի
մօտ):
Յազկերտ.
–
Ու
ասիկա
սկիզբն
է
ըմբոստներու
հետ
վարուելու
կերպերուն:
Վասակ.
-
Արքայից
Արքային
հաւատարիմ
հպատակները
չեն
կրնար
ընդունիլ
այդ
վերագրումը:
Իր
հրամանին
հնազանդ
երեք
աշխարհներու
աւագնաիին
հոս
ներկայութիւնը
փաստ
մըն
էուրիշ
բաներու:
Յազկերտ.
–
Մարզպա՜ն,
կրնայիր
չգա՞լ:
Վասակ.
-
Եկած
եմ
սակայն,
Արքայից
Արքայ,
ու
սրտի
մեծ
միամտութեամբ:
Երկիրը
պարտք
չունի
գանձին:
Այրուձին
կազմ
ո
պատրա'ստ`
ձեր
ցոյց
տալիք
ուղղութեան:
Յազկերտ.
–
(Թուղթը
առնելով
սեղանէն
ու
գտնելով
մարզպանին
կնիքը)
Սիւնեաց
իշխան,
քուկդ
չէ՞
այս
կնիքը:
Մօտեցիր
ու
տես
(մագաղաթը
զուսպ
արհամարհանքով
մը
կը
հրէ
անորքիթին):
Տեսա՞ր:
Լա'ւ:
Հիմայ,
լռէ:
Անշոշտ
հաշիւը
պիտի
տաս,
պիտի
տաք`
հոս
պառկեցուած
սա
քաջագործ
բառերուն:
Բայց
ատկէ
առա'ջ,
Աշուշա
իմ
սիրելիս,
եւ
դուն
Աղուանից
աշխան,
դուքհամակարծի՞ք
էք
այս
նամակին
պարունակութեան:
Աշուշա.
-
Մեր
ստորագորւթիւնը
կա՞յ
հոն:
Յազկերտ.
–
Պակասը
ի՞նչ
պիտի
նշանակէր:
Աշուշա.
-
Քրիստոնեաներ
ենք
ու
եղբայր,
Արքայից
Արքայ,
առանց
ըմբոստներ
ըլլալու
ինպչէս
չէին
մեր
պապերը:
Յազկերտ.
–
Այսինքն
կը
բաժնէք
նամակին
գաղափարները:
Աշուշա.
-
Քրիստոնեաներ
ենք
ու
ձեր
պապերը
գիտէին
ատիկա,
Արքայից
Արքայ,
ու
կը
սիրէին
մեզ
ինչպէս
դուք
կը
սիրէք
մեզ:
Յազկերտ.
–
(Տրտում)
Անշո'ւշտ,
կը
զգա՞ս
թ
ինչ
ցաւ
կը
պատճառես
ինծի:
Բաներ
կան
որոնք
վեր
են
սուրէն:
Ու
ատոնցմէ
մէկն
է
մտերմութիւնը:
Բայց
հիմա
ատոր
տեղը
չէ
հոս:
…
Հիմաերկրորդ
հարցում
մը
այս
անգամ
ձեր
բոլորին
-
դուք
ո՞վ
կը
կարծէք
զիս:
Կամսարական.
-
Ատիկա
գիտեն
արիներն
ու
արաիները:
Յազկերտ.
–
-
Ոչ
այդպէս:
Ոչ`
խուսափող
բառերով:
Ձեր
իմաստութիւնը
պահեցէք
ձեր
շինականներուն
հիացումին:
Ուրիշ
է
պահը:
Կշռէ
բառերդ,
ու
տուր
պատասխան`
ուղիղ
ու
անվախ,
ինչպէս
եղած
է
ատիկա
սա
մագաղաթին
վրայ:
Ով
է
ան
որ
այս
րոպէինկը
խօսի
ձեզի
հետ:
Վասակ.
-
Արքայից
Արքան:
Յազկերտ.
–
Լրացուր
նախադասութիւնդ
այնպէս
ինչպէս
սորվեցար
հոս,
իմ
պալատիս
մէջ,
պատանդ
օրերէդ:
Ինչպէս
սորվեցան
դարերէ
ի
վեր
քու
նախնիքը:
Սիւնի,
հաւաքէ
ինքզինքդ:
Ո՞վէ
Արքայից
Արքան:
Վասակ .
-
Ան
որ
տէրն
է
արիներուն
եւ
անարիներուն:
Յազկերտ.
–
Աւելի՞:
Վասակ.
-
Որ
իշխանութիւն
ունի
կենաց
եւ
մահուան
Միհրներսէհ.
-
Ֆեր
բոլորին
վրայ:
Վասակ.
-
Մեր
բոլորին
վրայ:
վ
Յազկերտ.
–
Բայց
այս
թուղթը
(ձեռքին
մէջ
զուսպ
բարկութեամբ
մը
դողացնելով
մագաղաթը)
ուրիշ
բան
ալ
կ՚ըսէ:
Անշուշտ
զայն
կարդացիր
կնիքովդ
հաստատելէ
առաջ:
Ու
անշուշտ
դուքբոլորդ
ալ
գիտէք
ինծի
տրուած
դասը
ձեր
շատ
գիտցող
կրօնաւորներուն
կողմէ,
ու
համամիտ
էք
սա
լրբութեան,
ձեր
կնիքները
փռելով
այս
թուղթին
տակ:
Այո՞:
Կամսարական.
-
Կը
մերժենք
բլրութիւնը,
կ՚ընդունինք
համամտութիւնը,
քանի
որ
ենք
արդէն:
Յազկերտ.
–
(Զուսպ
բարկութեամբ)
Ուրախ
եմ:
Կանչուած
էք
հոս
ուրեմն
լուսաբանելու
համար
զիս
թէ
որոնք
կրնան
ըլլալ
ինչ
ինչ
կէտերը
որոնց
մասին
ձեր
վերապահութիւնը
կըյայտարարէք:
Մտքերնուդ
չանցա՞ն
որ
հաշիւը
տայիք
պիտի
ձեր
յանդգնութեան
երբ
ինծի
կ՚ելլէք
վերագրել
տգիտութիւն,
մոլորութիւն
ու
մանաւանդ
կ՚ուրանաք
սրբազան
արեւինաստուածութիւնը
ու
կը
պաշտպանէք
խելքի
դէմ
առասպելներ:
Խորհած
ունի՞ք
ձեր
անհեթեթ,
անմարդկային
հաւատքին:
Կամսարական.
-
Անհեթեթ,
անմարդկային,
մե'րն
է
անիկա:
Ու
մեր
մտքէն
չէ
անցած
զայն
պարտադրել
ուրիշներու:
Յազկերտ.
–
Ձեր
ո՞ր
ուժովը:
Կամսարական.
-
Քրիստոսին
հաւատքը
առանց
սուրի
եւ
բանակի
կը
նուաճէ,
Արքայից
Արքայ…:
Յազկերտ.
–
Ծանր,
չափազանց
ծանր
է
ձեր
մեղքը
Ձեր
թագաւորին
ու
իր
Աստուծոյն
դէմ:
Բայց
ահա
խորհրդաւորը:
Նոյն
աստուածն
է
որ
զիս
մեղմ,
գրեթէ
բարեացակամ
կ՚ընէ
ձեր
դեմ:
Կամսարական.
-
Շնորհակալ
ենք
այդ
զգացումներէն:
Կրկնապէս
պիտի
ըլլայինք
ատիկա
եթէ
մեզ
ազատ
ձգէիք
մեր
հոգեւոր
կեանքին
մէջ.
ձեզ
խնայած
ալ
կ՚ըլլայիք
ձեր
բազմազբաղօրերուն
սա
աւելորդ
խնամքը
մեր
հոգիներուն
համար
որոնց
տէրը
չենք
արդէն:
Յազկերտ.
–
Ո՞վ
ուրեմն,
տէրը
ձեր
հոգիներուն:
Կամսարական.
-
Մեր
Աստուա'ծը:
Յազկերտ.
–
Ա՞ն`
որուն
համար
կ՚ըսեն
թէ
խաչին
վրայ
լալով
մեռաւ:
Կամսարական.
-
Մեր
մեղքերուն
համար:
Յազկերտ.
–
Ձեր
մեղքերուն
համար
որոնք
մաքրուած
ըլլալու
էին
սակայն:
Մինչ
հակառակն
է
որ
ճիշտ
է:
Աչք
ածէ
շուրջդ
ու
պիտի
տեսնես:
Մովպետ.
-
Իմաստուն
աստուած
մը
ի'նչ
գործ
ունի
անարգ
գործիքի
մը
վրայ:
Ինչո՞ւ
մեռնի
մանաւանդ:
Ինչպէ՞ս
կը
մեռնի
աստուած
մը:
Կամսարական.
-
Որպէսզի
մենք
ապրինք:
Յազկերտ.
–
Ապրի՞ք:
Պտտցուր
աչքդ
տեսնելու
համար
ի'նչ
է
ապրիլը:
Թէ
որո'ւն
աստուածն
է
իմաստուն,
արիներո՞ւն
թէ
անարիներուն,
ազատներո՞ւն
թէ
անազատներուն:
Ձերդժբախտութիւնը
կը
սկսի
այն
օրէն
երբ
բաժնուեցաք
մեր
աստուծմէն:
Կամսարական.
-
Բայց
երբ
երջանիկ
ենք
մեր
դժբախտութեամբ…
!
Մովպետ.
-
Արքայից
Արքայ,
անկարելի
է
խօսիլ
այս
մտայնութեամբ
մարդոց
հետ:
Յազկերտ.
–
Վայրկեա'ն
մը:
Չէ՞ք
ընդունիր
որ
արեաց
պալատը,
աւագանին,
մովպետները,
հազարապետները
ըլլան
աւելի
իմաստուն,
ու
ձեր
հոգիներուն
որու
պատկանիլը,
ձեր
իրականբարեբախտութիւնը
ձեզմէ
լաւ
գիտնան,
քանի
որ,
կը
հասկնաս
անշուշտ,
ուրիշ
բաներ
ձեզմէ
աւելի
գիտեն:
Կամսարական.
-
(Քիչ
մը
տրտում)
Քով
քովի
չեն
գար
երկու
գիտութիւնները:
Յազկերտ.
–
Բայց
ինչպէ՞ս
կ՚ուրանաս
անուրանալի
փաստը
ձեր
վճռական
անգիտութեան,
քանի
որ
ձեր
հայրենի
ժառանգութիւններն
անգամ
կառավարելու
անկարող
եղաք:
Առանցարիներու
վարչութեան
դուք
իրար
հալածելէ,
սպաննելէ
անդին
ի'նչ
ունիք
գիտցած:
Ան
որ
պակասաւոր
է
այս
աշխարհին
վրայ,
պակասաւոր
է
առաւել
աստիճանով
միւսին
ալ
վրայ:
Մովպետ.
-
Անհուն
է
իմաստութիւնը
Արքայից
Ա
րքային
ու
անոր
մեծանձնութիւնը
նոյնպէս`
հանդէպ
կոյրերու,
տգէտներու,
յիմարներու:
Ահա
թէ
ինչու
մեր
աստուածը
մեզ
կը
թելադրէզբաղիլ
նաեւ
փրկութիւնովը
անժառանգ
ծնածներու:
Մեր
երկինքը
ընդարձակ
է
ու
կ՚ուզենք
որ
մեր
հպատակները
իրենց
արժանաւոր
հատուցումը
գտնեն
նաեւ
երկնքի
մէջ:
Կամսարական.
-
Շնորհակալ
ենք,
Մովպետան
Մովպետ,
այդ
բարձր
հոգածութեան
համար:
Նոյն
ատեն
ներեցէք
որ
այդ
շնորհապարտութիւնը
բեռի
մը
պէս
չի
կրենք:
Ամէն
ոչխար
իր
ոտքէնկը
կախուի:
Յազկերտ.
–
Շատ
խօսեցար:
(Մաիկոնեանին)
Ինչո՞ւ
լուռ
կը
մնայ
Հայոց
սպարապետը:
Վարդան.
-
Մտիկ
ընող
պէտք
է:
Յազկերտ.
–
Համաիտ
չե՞ս
մեր
փաստերուն
Վարդան.
-
Փաստերը
չյայտնուեցան:
Ըսուեցան
խօսքեր
երբեմն
արդար,
աւելի
յաճախ
վիրաւորիչ
ու
անարդար,
որոնք
կրնային
խնայուիլ:
Արքայից
Ար
քան
հմոզուած
է
որ
հոս
տգէտներ,
յիմարներ
չեն
հաւաքուած
այլ
մարդեր:
Հազարապետը
Ուշաններուն
դէմ
մեր
կռիւէն
ետքը
ուրիշ
կերպ
գնահատած
է
մեզ:
Յազկերտ.
–
Չշեղինք,
սպարապետ:
Այս
թուղթին
խմբագրութիւնը
չե՞ս
ընդունիր
որ,
կը
նշանակէ
հպատակութեան
պայմանները
անարգել:
Վարդան.
-
Այդ
նամակը
հաւատարիմ
արտայայտութիւնն
է
Հայոց
աշխարհին:
Յազկերտ.
–
Այն
ատեն
Հայոց
աշախրհը
իր
թագաւորին
դէմ
ըմբոստ
ըլլալէ
առաջ,
ըմբոստ
է
մանաւանդ
անոր
Աստուծոյն
դէմ:
Վարդան.
-
Մենք
մեր
մարմնաւոր
թագաուրին
հանդէպ
կը
պահենք
մեր
պարտքն
ու
պատկառանքը:
Յազկերտ.
–
Մի
խաղաք
բառերու
վրայ:
Երկու
անուն
չունի
արարքը
որուն
խոստովանութիւնն
է
սա
թուղթը:
Դուք
կը
մերժէք
մեր
գորովը,
խնամարկութիւնը
որոնք
հոս
յիշելը
թերեւս
դէմ
էճաշակի,
ձեզ
երախտագիտական
զգացումներով
չբեռնաւորելու
համար,
ինչպէս
քիչ
առաջ
դիտել
տուաւ
Կամսարականը:
Բայց
դուք
կ՚անտեսէք
մեր
տագնապը,
ձեզմով
մեր
սրտինբեռցուցած
ցաւը
որուն
իրաւունքը
չունիք:
Վարդան.
-
Ու
չէք
մտածեր
թէ
ինչ
նոր
տագնապ
կը
բարդէք
մեր
հոգիներուն,
զանոնք
այսպէս
վիրաւորելով,
երբ
ոչ
մէկ
կարիք
կայ
այդ
բանին,
քանի
որ
նախարարներուն,
բանակին,
ժողովուրդին
տրամադրութիւնը
պարզ
է
Արքայից
Արքային:
Յազկերտ.
–
Շեշտդ
դիւր
չէ
ինծի,
սպարապետ:
Գիտնալու
ես
հարկաւ
թէ
ուր
կը
գտնուիս:
Վարդան.
-
Արքայից
Արքային
պալատին
մէջ
ուր
եկեր
են
իմ
նախնիքը.
եկեր
ենք
մենք
ընկերներով
կամ
առանձին,
այնքան
անգամներ,
առանց
վախի
ու
առանց
ցաւի…:
Յազկերտ.
–
Երբ
այս
թուղթը
չէր
գրուած:
Վարդան.
-
Թուղթէն
վերջն
ալ:
Ահաւասիկ
ես
եւ
ընկերներս:
Յազկերտ.
–
Քու
շեշտդ
դիւր
չէ
սա
ատեանին,
սպարապետ:
Ինծի
համար
դժուար
չէր,
առանց
ձեզ
իմ
ներկայութեանս
կանչելու,
արժանապէս
կարգադրելու
սա
անիմաստ
ըմբոստութիւնը…:
Վասակ.
-
Մենք
ըմբոստներ
չենք:
Ձեր
հրամանին
հնազանդ
հոս
գալէ
անդին
բան
չենք
ըրած:
Յազկերտ.
-
Բայց
հոս
գալէ
ասդի՞ն…:
Վասակ.
-
Բան
չէք
ըսած
մեզի,
բացի
անարդար
տեղը
նախատելէ:
Նոյնիսկ
մեզի
անծանօթ
կը
մնայ
նպատաը
մեր
հոս
կանչուելուն:
Յազկերտ.
-
Օ՜,
ատ
ալ
նոր
իմաստութիւն
բայց
չեմ
զ
բաղիր:
Խօսքս
կ՚ուղղեմ
երեք
աշխարհներու
նախարարներուն:
Մեծ
Զրադաշտին
գերագոյն
կամքը,
պատգամը
արդարութիւնն
է:
Արիներն
ու
անարիները
գիտեն
ատիկա:
Իմ
նախնիքներէս
Կմբիւսը,
ծանօթ
է
ձեր
բոլորին.
ի՜նչպէս
քերթել
տուաւ
անիրաւ
դատաւորին
մորթը,
ի՜նչպէս
չորցուց
այդ
մորթը,
գամել
տուաւաթոռին
որուն
վրայ
նստած
այդ
դատաւորին
տղան
իր
վճիռները
կուտար
իրեն
ներկայացող
դատերէն:
Մենք
անարդար
չենք,
չենք
եղած,
չենք
ըլլար:
Ու
կապելու
համար
կարճ,
կ՚ուզեմ
Ձեզպատուով,
փարթամ
ընծաներով,
փառքով
ու
հանդէսներով
ուղարկել
ձեր
երկիրը
եթէ
յօժարիք
դառնալ
ետ
ձեր
մոլար
հաւատքէն
եւ
ընդունիլ
Զրադաշտին
լուսեղէն
օրէնքը:
Ձեզի
կը
մնայ
հիմա,
սա
րոպէին
իսկ
տալ
ձեր
որոշումը:
Այն
պարագային
ուր
կ՚ընդունիք
մեր
հրաւէրը,
երանելի
էք
թէ'
հոս,
թէ'
հանդերձեալ
աշխարհին
մէջ
ուր
պիտի
շարունակուի
այլապէս
մեծ
ու
գեղեցիկ
մասըսա
անցաւոր
կեանքին,
անվախճան
ժամանակով:
Այն
պարագային
ուր
կը
մերժէք
մզե,
հաւատարիմ
մնալով
յիմար
առասպելին,
զիս
կը
հանէք
ձեր
դէմ
իմ
ամբողջ
բարկութեամբս:
Ու
դուք
շատլաւ
գիտէք
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
Արքայից
Արքային
զայրոյթը.
ինչ`
իր
բանակները.
ինչ`
իր
փիղերը:
(Ընդհանուր
լռութիւն:
Իշխաններուն
գլուխները
կը
կախուին
գետին):
Յազկերտ.
–
Լռութիւնը
իմաստ
չունի:
Խօսք
կ՚ուզեմ:
(կ՚ելլէ
գահէն)
Ահա
կը
սկսի
երկրորդ
Յազկերտը,
տէրը
ամբաւ
աշխարհներու.
աջ
բազուկը
Զրադաշտին…:
Մոգեր.
-
Մեծ
մարդասէր,
մեծ
ողորմող,
Խնամատար
մարդոց
բոլոր…
Յազկերտը
մեծ,
Ահէն
որուն
կը
դողդըղան
Հարաւ
հիւսիս:
Որուն
զէնքէն,
բանակներէն,
Ամպակոհակ
Դեռ
չէ
հանգչած
խարտեաշ
փոխին,
Երկիրներէն
Ձեր
բոլորին:
Մեծ
մարդասէ՜ր,
Ու
պահապան
անողոք
Զրադաշտին
պատգամներուն:
Ով
կ՚ընդվզի`
Կ՚ըլլայ
փոշի,
Տերեւն
ինչպէս
դիմաց
բոցին:
Յազկերտ.
–
(հանդիսաւոր)
Ու
դուք
գիտէք
թէ
կ՚ըլլայ
ատիկա:
Սպարապե՛տ,
պատասխան:
Վարդան.
–
(Խումբէն
բաժնուելով
քիչ
մը
առաջ)
Թէեւ
վճռական
խօսքին
իրաւունքը
կը
պատկանի
ուրիշներու,
տարիքով
ու
դիրքով
աւագ,
բայց
Արքայից
Արքային
ստիպումովն
է
որկ՚անցնիմ
յայտնելու
մեր
բոլորին
մտածումը
որ
ուրիշ
բան
չի
կրնար
ըլլալ
թուղթին
մէջ
գրուածէն:
Այս
է
մեր
որոշումը:
Յազկերտ.
–
Այսպէ՞ս:
Վարդան.
–
Այո՛:
Ու
ասիկա`
առանց
անդրադառնալու
նախատինքին
որուն
եընթարկեցիք
ձեզի
համար
իրենց
արիւնը
չսակարկող
սա
իշխանները:
Յազկերտ.
–
Դասի
պէտք
չունիմ:
Վարդան.
–
Դա՜ս:
Արիւն
թափելը
դաս
մոռնալուն
չի
նմանիր,
Արքայից
Արքայ,
վասնզի
այդ
արիւնը
թափողը
ինք
միայն
գինը
կը
կտրէ
իր
ըրածին:
Անոր
համար
է
որ
բոլոր
այս
իշխանները,
պարտաւոր
են
քեզ
յիշեցնելու
թէ
ինչ
զգացումներով
իրենց
բազուկներն
ու
կուրծքերը
լարեցին
արեաց
թշնամիներուն
ընդդէմ:
Հազարապետը,
մովպետը,
աւագները,
դուք
իսկ
անձամբ,
կրնա՞քանուանել
տեղ
մը,
րոպէ
մը,
ուր,
հոս
այսպէս
արհամարհուողները
վարանած
ըլլան
մահուան
դիմելու,
երբ,
հաւատարիմ
իրենց
երդումին,
իրենց
զօրասիւներով
կը
կռուէին
քուճակատամարտներուդ
մէջ:
Յազկերտ.
–
Ես
երբեք
խնդրոյ
նիւթ
չեմ
ըրած
հիւսիսային
նախարարներու
կորովը,
քաջասրտութիւնը,
հաւատարմութիւնը,
սխրագործութիւնները
արեաց
սուրերուն
վրայ…
Վարդան.
–
Լաւ
է
որ
ձեր
բերանէն
կը
բխի
սա
բարձր
գնահատումը
մեր
բոլորին
արժանաւորութեան,
առնութեան:
Ինչո՞ւ
կ՚ուզէք
որ
այս
քաջարի
կորիւնները
փոքրանան,
աղուիսանան,
ստորնանան…
Յազկերտ.
–
Հեռու
ինձմէ
նման
մտադրութիւն:
Քաջութիւնը
իմ
պաշտած
առաքինութիւնն
է,
սպարապետ:
Իմ
լաւագոյն
փափաքս
է`
ձեր
մեծութիւնը.
հպարտ
ու
գեղեցիկ
երջանկութիւնըայս
աշխարհին
վրայ:
Չի
վայլեր
ձեզ
նման
առիւծներու
տրտում
այն
հոգեվիճակը
որ
ձեր
կրօնքին
նուէրն
է
ձեզի:
Ինչո՞ւ
պահք
կը
պահէք:
Ինչո՞ւ
զաւակները
չէք
բազմացներ:
Ինչո՞ւ
գոհ
կ՚ըլլաքմէկ
կինով:
Ես
կ՚ուզեմ
որ
լեցուին
ձե
գիւղերը,
դաշտերը
պզտիկներով
ու
մեծերով:
Հնչէ
ուրախութիւնը
ձեր
երկրին
ամէն
խորշերուն,
զի
ձեր
բարօրութիւնը
մերն
ալ
է:
Արեաց
թագինազնուագոյն
գոհարն
է
ձեր
աշխարհը:
Ու
իմ
բանակներուս
մէջ
ա
րիագոյնը
ա՛ն`
որուն
դուն
կը
հրամայես
սպարապետ:
Ինչո՞ւ
իմ
կրօնին
հրաւէր
մը
նուաստացուցիչ
կը
գտնես:
Նուա՞ստմարդեր
էին
քու
նախնիքներդ
որոնք
մեզի
պէս
կը
պաշտէին
մեծ
արեգակը,
անմահ
կրակը,
մաքրութիւնն
ու
քաջութիւնը:
Անշուշտ
ոչ,
բոլորովին
ոչ:
(Լռութիւն):
Միհրնեսրէհ.
–
Ի
զուր
է
ճշմարտութենէ
խօսիլ
այս
մարդերուն:
Վարդան.
–
Կ՚ուզես
խօսին
փիղերով
ու
բանակներո՞վ:
Յազկերտ.
–
Հազարպետը
իրաւունք
ունի,
սպարապետ:
Հասած
է
րոպէն
երբ
պիտի
փոխուի
իմ
լեզուն:
Ու
բանակն
ու
փիղը
բառ
չեն
իմ
բերանէն:
Դուն
գիտես
թէ
մինչեւ
ուր
կը
հասնիարեաց
բազուկը:
ՎԱրդան.
-
Ու
այդ
բանակները,
փիղերը
շարժման
պիտի
դրուին
որպէսզի
սա
պատուական,
անձնուէր,
հաւատարիմ
նախարարները
վերածուին
կեղծաւորներու,
ուրացողներու,
այսինքնմարդու
կտորներու
որոնք
շահու,
վախի,
փառքի
համար
դէմ
գործեն
իրենց
համոզումներուն:
Յազկերտ.
–
Եթէ
սխալ
են
այդ
համոզումները…
Վարդան.
–
Սխալ,
ուղիղ,
մերն
են
անոնք,
ու
նուիրականՅազկերտ.
–:
Ու
ներուի
ինծի
չհասկնալ
թէ
ինչո՞ւ
Արքայից
Արքան
զբաղի
արժէքներով
որոնք
պայմանաւոր
են
հոգեղէնիրողութիւններով:
Խղճմտանքն
ու
հաւատքը
այրուձի
կամ
հարկ
չեն,
որպէսզի
իյնան
ձեր
հաշիւներուն:
Արեաց
մեծ
ատեանը
հատուցե՞ր
է
իր
ընելիքները…:
Միհրնեսրէհ.
–
Արեաց
ատեանը
կարօտ
չէ
քու
թելադրութեանդ,
ոչ
ալ
երկիր
կառավարելը
քեզմէ
պիտի
սորվի:
Կը
յիշեցնեմ
քեզի
միայն
որ
ձեր
մարմինը
ինչպէս
հոգին
շնորհն
է
սա
գահինտիրոջը:
Վարդան.
-
Մի
դառնար
ետ,
զիս
ալ
ստիպելով
դառնալ
ըսուած
խօսքերու:
իմ
հոգին
կը
պատկանի
իմ
Աստուծուն:
Ու
ասիկա
վճռական
է:
Գալով
մարմնաւորին,
մենք
շատ
լաւ
գիտենք
մերպարտքն
ու
չափը:
Ըսէք
մեզի`
բազուկի
պէտք
կայ
կայսրութեան
այս
կամ
այն
սահմանին,
հոն
ենք
մենք,
մեր
բոլոր
զօրութիւնովը:
Մէկով
երկուքով
չեն,
այլ
տասնով,
քսանով`
այն
սպիներըորոնք
իմ
մարմնին
վրայ
կնիքը
կը
կազմեն
մեր
տո
հմին
ասպետութեան,
հաւատարմութեան,
հանդէպ
իր
երդումին:
Ու
ատիկա
ճիշտ
է
բոլոր
նախարարներուն
համար:
Ի՞նչ
է
այս
տաեանինշահը,
մարդերը
այսպէս
արժեզրկելու:
Խամաճիկնե՞ր
ենք
թէ
նորահաս
տղայ:
Քառսուն
ու
աւելի
տարի
կայ
որ
ես
վազեր
եմ
կայսրութեան
բոլոր
վտանգուած
կէտերը
ու
կատարեր
երդումիսպարտադրանքը:
Ինչո՞ւ
այս
ատեանը
չի
կրնար
խորհիլ
որ
իր
աստուածը
ուրացողը
կրնայ
ուրանալ
նաեւ
իր
թագաւորը:
Յազկերտ.
–
Շեշտդ
նորէն
հաճելի
չէ,
սապարպետ:
Վարդան.
-
Մ
եր
արիւնը
չէ
դաւած
մեզի,
ոչ
ալ
մեր
շեշտը
ինքզինքը
ուրացած:
Յազկերտ.
–
Շեշտդ
դիւր
չի
գար,
Մամիկոնեան:
Չըլլային
քու
փառաւոր
արարքներդ
քեզի
պաշտպան,
այս
վայրկեանին
գլուխդ
իջած
էր
վար
ուսերէդ:
Վարդան.
–
Երբեք
չեմ
կրնար
մոռնալ
որ
այն
գահէն
կը
խօսիք
ինծի
ուր
նստած
է
Կոմբիւս`
մեծ
ու
արդար
թագաւորը:
Յազկերտ.
–
Սպարապետ,
մի
վստահիր
իմ
հանդարտութեան:
Արիները
ծանր
բայց
արդար
կը
բարկանան:
Վարդան.
–
Բարկանալը
կապ
չունի
արդարութեան
հետ:
Յազկերտ.
–
Չափիդ
չարձիր,
Մամիկոնեան:
Վարդան.
–
Իր
մտածումը
ծածկելը
չի
վայլեր
իմ
տոհմին:
Յազկերտ.
–
Կ՚արգիլեմ
քեզ
խօսելէ:
Վարդան.
–
Բայց
չես
արգիլեր
ինքզինքս
ըլլալէ:
Յազկերտ.
–
(Տարօրէն
խիստ)
Լռէ՛:
(Միւսներուն
ուղղելով
ձայնը)
Վերջնական`
իմ
հրամա՛նը
ձեր
բոլորին:
Քիչ
ետքը
յատկապէս
պատրաստուած
խնջոյքին
պիտի
մտնէք
ինծի
հետ
եւ
պիտիուտէք
աստուածներուն
զոհուած
միսերէն:
Յետոյ
մեզի
հետ
պաշտպամունք
պիտի
կատարէք
սրբազան
կրակին:
Վաղը
առտու
մեծահանդէս
տօն
արեւի,
եւ
արկրպագութիւն:
Չեմ
հանդուրժերոչ
մէկ
ընդդիմութիւն:
Վարդան.
-
Չեմ
ուրանար
իմ
պապերուս
Աստուածը:
Յազկերտ.
–
Պապանձէ:
Վարդան.
-
Չեմ
ուտեր
զոհերուդ
միսը:
Յազկերտ.
–
(Կատղած,
գաւազանը
նետելով
գլխուն)
Կարկէր
այդ
լեզուդ:
Վարդան.
–
(Հանդարտ)
Չեմ
երկրպագեր
արեւին
ու
կրակին:
Յազկերտ.
–
(Ինքնիրմէ
դուրս)
Դահի՜ճ…:
(Երկու
դահիճ
արդէն
բռնած
են
բազուկներէն):
Վարդան.
-
Չորս
պատի
մէջ
մարդոց
գլուխը
աւելի
չ՚արժեր
քան
անոնց
ձայնը:
Տղայ
չես
վախցներ:
Արքայից
Արքայ:
Մի
ստիպեր
զիս
ըսելու
բաներ
որոնք
կրնան
ցաւ
պատճառել
քեզի:
Քուդահիճդ
շատ
շատ
այս
գլուխը
կրնայ
առնել
ուսերէս:
Աւելի՞,
Կոմբիւսի
գահին
առջեւ
թող
իյնայ
այն
գլուխը
որ
քառսուն
տարի
աշխատաւորը
եղաւ
քու
փառքին:
Մահը
երկու
անգամ
չի
գարինծիպէսներու:
Յազկերտ.
–
Երդում
կ՚ընեմ
սուրբ
արեգակին
վրայ
եթէ
երբեք
հրամաններուս
փոքրագոյնն
իսկ
չգործադրուի…
Մովպետ.
–
Եւ
քաղցրութեամբ
եւ
խստութեամբ,
Արքայից
Արքայ:
Միհրներսէհ.
–
Եւ
երկուքով
եւ
աւելիով:
Մոգեր.
–
Սուրով
ու
հուրով:
Յազկերտ.
–
Ու
արիւնով:
Մոգեր.
-
Ու
արիւնով:
Ողջ
խաչելով…
Յազկերտ.
–
Ձեզմէ
ոչ
մէկուն
գլուխը
չի
կենար
ուսերուն
վրայ
եթէ
չխոնարհի
վաղը
առտու
ծագող
սրբազան
արեւին:
Վարդան.
-
Մեզ
ազատած
միայն
կ՚ըլլաս
եւ
ուրիշ
ոչինչ:
Մովպետ.
–
Բոլորն
ալ
այսպէս
կը
խօսին,
Արքայից
Ար
ք
այ…
Յազկերտ.
–
Մի
կարծէք
թէ
Նազովրեցիներուն
նման
գլխատուիք
պիտի
որպէսզի
արժէք
հագցնէք
ձեր
ոսկորներուն:
Ովպետ.
–
Ատիկա
մեծագոյն
երջանկութիւնը
պիտի
ըլլար
իրենց:
Յազկերտ.
–
Երբեք:
Բզիկ
բզիկ
պիտի
փրցուին
ձեր
միսերը,
ձեր
յօդուածները,
ամենածանր
տանջանքներուն
ասեղովը:
Ոսկոր
առ
ոսկոր
պիտի
քակուի
շէնքի
ձեր
մարմինին
ձեր
չմեռածաչքերուն
առջեւ:
Վարդան.
-
Մեր
արժանիքը
պիտի
աճեցնէք
եւ
ուրիշ
ոչինչն:
Մեզի
համար
մեռնող
մեր
Աստուծուն
առջեւ
մեզ
կը
ղրկես
զարդարուած
ու
գեղեցիկ,
թա՛գաւոր,
եւ
ուրիշ
ոչինչն:
Յազկերտ.
–
Ձեր
երկիրները
հիմնայատակ
պիտի
կործանեմ:
Վարդան.
-
Մեր
գանձերը
երկինքն
են:
Քու
երկիրդ
է
որ
կը
կործանես:
Սա
րոպէին
մեր
աշխարհը
երկինքն
է,
ու
քու
փիղերդ
չեն
հասնիր
հոն:
Յազկերտ.
–
Բայց
շատ
լաւ
կը
հասնին
Տարօնի
դաշտը:
Վարդան.
–
Վեր
ենք
ՏԱրօնէն
ու
Տիզբոնէն:
Գրեր
ենք
քեզի.
-
Քու
սուրը
եւ
մեր
պարանոցը:
Յազկերտ.
–
Ձեր
կիներն
ու
աղջիկները
ցիցերու
վրայ
պիտի
գամեմ:
Ձեր
ժողովուրդը
գերի
պիտի
վաճառեմ:
Վարդան.
–
Խորհեր
ենք
այդ
ամէնուն,
երբ
գրեցինք
թուղթին
մէջ
թէ
քուկդ
են
մեր
մարմինները
ու
ինչքերը:
Բոլոր
ընելիքներդ
ուրիշ
բանի
չեն
ծառայեր
եթէ
ոչ
աւելի
մաքուր,
արժանաւորղրկելու
մեզ
մեր
Աստուծուն,
որուն,
չես
կրնար
հասկնալ
թէ
ինչ
սիրով
կապուած
են
մեր
սիրտերը:
Յազկերտ.
–
Դահիճ,
կապէ
այս
մադրը:
ՎԱրդան.
–
Առանց
կապի,
Արքայից
Արքայ,
առանց
կապի:
Այս
ատեանին
մէջ
քանի
անգամ
քու
ձեռքերդ
յաղթանակի
սուր
բաշխեցին
ինծի:
Հիմա`
նահատակութեան
պսա՛կը:
Դուն
չես
որկը
շահիս:
Յազկերտ.
–
Տարէք
սա
մարդերը
ուղղակի
բանտ:
Թող
իմ
մարմինս
ածուխ
դառնայ
եթէ
երբեք
վաղը
առտու
արեւը
չտեսնէ
ասոնց
գլուխը
ծռած
իր
պաշտամունքին:
Տարէք:
(Փողեր:
Զինուորները
ըթ
մտնեն
ներս
ու
կը
ձգեն
իրենց
շարքին
մէջ
նախարարները
որոնք
լուռ
կը
մեկնին
մինչ
վարագոյրը
կ՚իյնայ
դանդաղ):