Ուսումնասիրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
      
       Թարթափուն ինչպէս մեր բովանդակ գոյութիւնը, գունատ ու յոնգաբեկ կեանքը զոր ահա քանի տարիէ ի վեր կը հեւայ թրքահայ մտաւորականութիւնը, կը սպառնայ տեւական վիճակ դառնալ։
       Յաւակնութիւնը չունիմ անմիջական վտանգի մը ահազանգը հնչեցուցած ըլլալու։ Բայց երեւոյթը արժանի է առանձին ուշադրութեան։
       Եթէ չուզէինք երանաւէտ ինքնախաբէութեամբ մը խաղաղեցնել մեր խղճմտանքը, շատ դիւրին պիտի ըլլար խոստովանիլ թէ կեանքը՝ ըսել կ’ուզէի գրականը՝ կասած է իսկապէս։ Մենք կը տեսնենք վերածնութեան շարժուձեւեր ուրիշ մարզերու մէջ. կը տեսնենք առոյգ թեւթափը ընկերային եւ քաղաքական ինքնագիտակցութեան, կը նշմարենք ճիգերը՝ տնտեսական կազդուրման մը։ Բայց երբ մեր հայեացքը կանգ կ’առնէ մտաւորական հորիզոնին վրայ, արդէն իսկ յուսաբեկ, նկուն տրամադրութիւն մը կը համակէ մեզ։
      
       *
       Մտաւորական ծիւրումը առաջին տիրապետող երեւոյթն է այդ անմխիթար կացութեան։ Հիները անոնք որ մեր անդրանիկ սերունդը կը կազմեն, անոնք որ ամրան լիալիր հասունութեամբ ուռճացած իրենց աւիշը պիտի հեղուին անդաստանին մէջ կը տատանին ինքնագոհ ամլութեան մը մէջ։ Մտքի աշխատութիւնը՝ կ’ըսես այլեւս դադրած է վրդովելէ իրենց փառքով յղփացած էութիւնը։ Մենք այլեւս իրաւունք չունինք որեւէ արտադրութեան բռնադատելու անոնց մասնաւորապէս մէկ հատուածը որ, անընդունակ նոր երկունքներու՝ պարբերաբար իր տմոյն գոյութիւնը կը զգացնէ տարեցոյցներու ծալքերուն մէջ, կամ հանդիսաւոր առիթներով։ Իսկ այդ սերունդէն կայ մաս մը, որ տակաւին չէ ստորագրած իր վերջին խօսքը եւ որ սակայն կը խորդայ անփառունակ դասալքութեան մը մէջ մեկուսացած՝ տեսակ մը մանկունակ քէնով։
       Ու ահա գրական նոր սերունդը, ամբողջովին շարժում, հեւք, եւ սակայն զուրկ որոշ հետապնդութեան մը մտահոգութենէն, անձնատուր րոպէական խանդավառութիւններու, այլ սակայն ծփծփուն, չափազանց հլու հպատակ՝ մուսաներու դժնէ կամայականութիւններուն, ու մանաւանդ վտանգաւոր ախտանշանը ծարաւի՝ փառաբանութեան, անհամբեր՝ տարփողանքի եւ լուսապսակի։
       Գէթ երկրի երիտասարդութիւնը, որ նախասահմանուած է Վաղուան Գրականութիւնը սաղմնաւորելու, առնականութիւնն ունենար չտարուելու սալոնի գրականութեան զուարճութիւններով եւ ինքնահաճ յափշտակութիւններով։ Այլեւս զերծ այն պատճառներէն, որ իր չքմեղանքը պիտի կազմէին, այդ երիտասարդութիւնը հիմա հնարաւորութիւնն ունի իր տեսողութեան բոլոր խորութեամբը վերլուծելու կեանքը, որ կը վժայ իր շուրջը. հնարաւորութիւնն ունի արտայայտուելու արուեստով մը, որուն հիմը դրած են արդէն առաւելապէս սահմանէն անդին, եւ զոր պարտաւոր է որդեգրել նոյն հարազատ խանդավառութեամբ։
       Ու դեռ չէինք ուզեր անդրադառանալ ողբալի ամլութեան, որ տիրող վիճակն է կանացի մտաւորականութեան։ Կին գրողը այլեւս պատմական երեւոյթ մը կը դառնայ, եթէ չուզենք իբրեւ գոց եղած անուններ, նկատողութեան առնել վտիտ հոյլը, յետին մնացորդը արդէն ուժասպառ սերունդի մը։ Հիմնական հարց մը կը յարուցանէ այս պարագան, կարօտ՝ առանձին ուսումնասիրութեան։
       Ի՞նչ խանդեր կ’ոգեւորեն մեր քոյրերը։ Մտաւորական վերածնութեան հզօր համերգին մէջ, որ պիտի կազմուի բոլոր տարրերու ներդաշնակ գործակցութեամբ, ո՞րն է ճիչը՝ զիրենք բնորոշող, իրենց ձգտումները ու սլացքը արտայայտող։ Այլեւս հետաւոր արձագանգի մը տպաւորութիւնը կ’ընեն այն բոլոր արտադրութիւնները որոնց պարբերաբար կը պատահինք հոս ու հոն, ստորագրուած՝ կնոջական յաճախ երկչոտ եւ դողդոջուն ձեռքով մը։ Մենք նոր կնոջ խօսքը կ’ուզէինք լսել իր բոլոր անկեղծութեամբ եւ ա՛յն առոյգ եւ կոյս շեշտով, որ աւետաբերն է կենդանութեան, վաղուան տարփաւէտումին։ Մեր հայեացքը ի զուր կը թարթափի, անհամբեր սպասելով կին-երիտասարդութեան մը, որ իր կայծերը ցանցնէր ընդարմացած զանգուածին մէջ եւ տաժանքի ու հաւատքի ճանապարհին վրայ իր տենդավառ ձեռքը երկարէր յառաջընթաց մտաւորականութեան։
       Այս թռուցիկ նկատողութիւններու կարգին, ի՛նչքան կսկիծով պիտի դիտէինք ե՛ւ ափսոսալի մեկուսացումը իրերախուսափումը, եթէ կարելի է այսպէս ըսել սահմանի երկու կողմերու մտաւորական փաղանգներուն առաւելապէս՝ գրական երիտասարդութեան։ Չնայելով այն բոլոր անպատեհութիւններուն զորս կը ներկայացնեն նոր օրերը, - մենք աչքի առջեւ ունինք չափազանց պարզ իրողութիւն մը, - Կովկասահայ եւ Թրքահայ մտքի եղբայրակցութիւնը կը մնայ տակաւին բաղձանք մը, ցանկալի հեռանկար մը, ինչպէս էր երէկ, երբ վանտալական քմահաճոյք մը՝ նոյնիսկ մեր ֆիզիքական գոյութեան հիմերը կը պեղէր անասելի մոլեգնութեամբ մը։ Ցրիւ ցրիւ, անջատ ու անհաղորդ, նոյնիսկ յաճախ թունաւորուած՝ խորթ հակումներով, - ահա ռուսահայ եւ թրքահայ մտաւորական շարժումին իրական պատկերը. -բայց ահա նաեւ պատկերը առանձնապէս թրքահայ գրական գործունէութեան։ Հիներուն ամլութիւնը կամ դասալքութիւնը, նորերուն դեդեւումը կամ անհնարին յաւակնութիւնը, եւ անկենդան ու խոստմնազուրկ խարխափումները՝ կին-մտաւորականութեան, կը կազմեն երեւոյթ մը զոր կարելի չէ նկատել բարեհաճ տրամադրութիւններով։
       Ես միայն փաստերը արձանագրեցի, զգուշանալով խտացնել գոյները։ Եթէ ուզէինք աւելի խորը սուզուիլ, հետազօտել պատճառները որ ծնունդ կուտան այս ոչ-ցանկալի կացութեան, հարկ պիտի ըլլար ետ երթալ քանի մը տարի, թերեւս մինչեւ սերունդ մը, որ իր քստմնելի աւանդութիւններով՝ ունի պատասխանատուութեան մէկ խոշոր բաժինը։ Այդ սերունդը որմէ բեկորներ դեռ կը յածին մեր շուրջը, - գրականութիւնը նկատելով մարզարան մը ուր կարելի է զբօսնուլ մեծվայելուչ շարժուձեւերով, առանց ինքնզինքը կապուած զգալու որոշ ուխտի մը, առանց վրդովուելու իր վրայ ծանրացող առաքելութեան պարտադրութիւններէն, յամրաբար հոսեցուց թոյն մը, որ շուտով պիտի ստանար վարակիչ համեմատութիւններ եւ պիտի յանգէր ներկայ թմբիրին։
       Եւ վերածնութիւնը կարելի չէ ապահովուած նկատել, քանի կ’ապրին այդ աւանդութիւնները։
      
       «Ազատամարտ», 1910 Օգոստ.