ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ՄԱՄՈՒԼԻՆ
ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
(ԻԲՐԵՒ
ԼԵԶՈՒ
ԵՒ
ԻԲՐԵՒ
ԳԱՂԱՓԱՐ)
ԵՐԿՈՒ
ԽՕՍՔ
Շատոնց
է
որ
հում
նիւթ
մը
կը
խլրտի
մտքիս
մէջ,
-
Արեւմտահայ
մամուլին
զարգացումը,
իբրեւ
լեզու
եւ
իբրեւ
գաղափար։
Աւելի
պարզ
խօսելով,
պրպտել
եւ
երեւան
հանել.
-
Արեւմտահայ
մամուլին
կտրած
ճամբան,
իբրեւ
ազդակ
արդի
աշխարհաբարի
ձեւաւորման
եւ
զարգացման,
մասնաւորապէս
1840էն
ասդին։
Միեւնոյն
ատեն
վերլուծել
անոր
մշակած
հիմնական
գաղափարները,
(ազգային,
ընկերային
եւ
քաղաքական),
համեմատելով
ժամանակին
եւ
միջավայրին
հետ։
Բաղդատել
տրամադրելի
լեզուին
կարողութիւնը՝
պարզուած
գաղափարներու
տարողութեան
հետ։
Այս
քննութիւնը
յառաջ
տանիլ
մինչեւ
այն
շրջանը
ուր
կը
սկսին
յեղափոխական
շարժումները
եւ
քաղաքական
թերթեր
լոյս
կը
տեսնեն
արտասահմանի
մէջ։
Յետոյ
ձեռք
առնել
տարբեր
նիւթ
մը,
-արտասահմանի
մամուլին
դերը
մեր
ազգային
մշակոյթին
եւ
քաղաքական
կեանքին
վրայ։
(Այս
առթիւ
ալ,
նորէն
լեզու
եւ
գաղափար)։
Գետին
պատրաստել
գրեթէ
անտեսուած
աշխատանքի
մը,
-
Պոլիսը
իբրեւ
ազդակ
Հայկական
Մշակոյթի
եւ
վերածնութեան։
*
Ո՞ւշ
մնացեր
եմ։
Կրնայ
ըլլալ։
Եւ
բոցավառ
ողջո՜յն,
եթէ
ուրիշ
մը
կանխեր
է
արդէն,
ատաղձ
եւ
նիւթ
ամբարելով,
տարիներու
ընթացքին։
Արդարեւ,
առ
նուազն
քսան
տարի
առաջ
պէտք
էր
սկսած
ըլլայի
պրպտումներս,
որոնք
տարիներու
տքնութիւն
կը
պահանջեն։
Իսկ
ես
արտասահման
նետուելէ
վերջ,
քսան
տարի
հեւ
ի
հեւ
խրած
հրապարակագրութեան
եւ
քաղաքականութեան
յորձանքին
մէջ,
համայնակուլ,
կենդանի
այլ
սպառիչ,
ամենօրեայ
երկունքի
մը
մէջ,
հազիւ
առիթ
ունեցած
եմ
ազգ.
մատենադարանի
մը
դեղնած
թուղթերը
հոտոտելու։
Ուրիշներ
անկասկած
աւելի
բախտաւոր
եղած
են։
Ծանօթ
բանասէր
Արշակ
Ալպօյաճեան,
որ
լեզու
եւ
գիտական
ոգի
չունի,
բայց
ունի
մրջիւնի
պէս
պրպտելու
եւ
հաւաքելու,
եզան
պէս
աշխատելու
կամք
եւ
կարողութիւն,
կը
գրէ
անսպառ
շտեմարանի
մը,
իր
«Պատմութիւն
Հայ
Կեսարիոյ»
երկհատոր
գրքի
յառաջաբանին
մէջ.
«Գաղութի
մը
մասին
ցոյց
տրուած
այս
հետաքրքրութիւնը,
որ
գնահատուած
եւ
օգտակար
դատուած
էր,
խթան
մը
եղաւ
մղելու
համար
զիս,
որ
ընդհանուր
հայ
գաղութներու
պատմութեան
մը
նուիրուիմ,
աշխատութիւն
մը
զոր
աւելի
քան
30
տարիներէ
ի
վեր
կը
հետապնդեմ
եւ
արդէն
իսկ
պատրաստ
ունիմ
հատորներու
շարք
մը,
եւ
հաւաքած
եմ
բազմաթիւ
վաւերագիրներ,
տեղեկութիւններ,
ծանօթութիւններ
եւ
նոթեր,
որոնք
չեմ
գիտեր
թէ
պիտի
կարենա՞մ
օր
մը
լրացեալ
վիճակի
մէջ
ի
լոյս
ընծայել։
Երեսուն
տարիներէ
ի
վեր,
չըսելու
համար
մոլութիւն
մը,
մենամոլութիւն
մը
եղած
է
ինծի
համար
հին
դրամներու,
դրոշմաթուղթի,
գիրքի
եւայլնի
հաւաքածոներ
կազմողներու
նման
հայ
գաղութներու
մասին
ամէն
տեսակ
տեղեկութիւններ
հաւաքել»։
(Պատմութիւն
Հայ
Կեսարիոյ,
երկու
մեծադիր,
հաստափոր
եւ
մանրատառ
հատոր,
2474
էջ,
տպուած
Գահիրէ,
1937ին,
Կեսարիոյ
Հայր.
Միութեան
ծախքով)։
Ալպօյաճեան
անշուշտ
այդ
ուսումնասիրութեան
մէջ
առիւծի
բաժին
մը
վերապահած
է
Պոլսոյ,
ու
թերեւս
ուղղակի
կամ
անուղղակի
շօշափած
հինգերորդ
նիւթը։
Ուրիշ
Պոլսեցի
մը,
Արամ
Անտոնեան,
կարծեմ
1900էն
ի
վեր
սովորութիւն
ունէր
հին
գիրքեր,
թերթեր
եւ
թուղթեր
հաւաքելու։
Տակաւին
խլէզ
մը,
երբ
առիթով
մը
իր
սենեակը
հանդիպեր
էի,
կորսուեցայ
տախտակամածին
վրայ
փռուած
գիրքերու
եւ
թերթերու
խառնակոյտին
մէջ։
Տարիները
անջրպետ
մը
բացին
մեր
միջեւ,
բայց
գիտեմ,
որ
այդ
օրէն
ի
վեր
կը
շարունակէ
անընդհատ
պրպտել,
օրինակել,
դասաւորել,
«ողջնցնել»
հազարումէկ
տեսակ
նիւթեր,
մեր
երէկուան
եւ
առջի
օրուան
կեանքէն։
Մանաւանդ
այն
օրէն
ի
վեր,
որ
վարիչ
նշանակուեցաւ
Նուպարեան
Մատենադարանին։
Նկուղներու
խոնաւութեան
մէջ
բորբոսած
յետին
վաւերագիրն
ու
նամակը,
ամիրաներու
յիշատակները,
պատրիարքներու
եւ
կաթողիկոսներու
ոսկետառ
կոնդակներէն
մինչեւ
հազուագիւտ
լրագիրներու
եւ
գիրքերու
հաւաքածոները
գաղտնիք
չունին
իրեն
համար։
Բայց
թէ
մտածե՞ր
է
հինգերորդ
կէտի
մասին,
գաղտնիք
է
ինծի
համար,
ինչպէս
գաղտնիք
է
տարիներէ
ի
վեր
իր
կատարած
կամ
ձեւակերպած
պատմական
եւ
քաղաքական
ուսումնասիրութեան
բովանդակութիւնը։
Յ.
Ճ.
Սիրունի
նոյնպէս
երեսուն
տարիէ
ի
վեր
կը
պրպտէ
եւ
կը
հաւաքէ
բազմազան
նշխարներ
եւ
նիւթեր,
որոնք
երեւի
կարգի,
թերեւս
մեկենասի
մը
կը
սպասեն,
լոյս
աշխարհ
գալու
համար,
քանի
որ
ինք
վերջին
տարիներս
առաւելապէս
զբաղած
է
ռումաներէն
հրատարակութիւններով։
Շ.
Նարդունի,
բառին
լայն
եւ
արդիական
առումով
քննական
եւ
գիտական
միտք
եւ
մատենադարանի
«մուկ»,
քսան
տարիէ
ի
վեր
նիւթեր
կը
ժողվէ,
գլուխ
հանելու
համար,
օրինակ,
երկու
աննախընթաց
գործեր,
-«Պատմութիւն
Հայ
Գրականութեան»
եւ
«Պատմական
Քերականութիւն»։
Այդ
ալ
տարբեր
գետին
մըն
է,
ուր
երիտասարդ
գրագէտը
պիտի
կրնայ
տարածուիլ
ու
խորանալ,
ճգնելով
բանասիրութեան,
գրագիտութեան
եւ
գիտութեան
բաւիղներուն
մէջ։
Տակաւին
կրնայի
յիշել
Ա.
Չօպանեանը,
Օշականը,
Մ.
Պարսամեանը
եւ
ուրիշներ,
որոնք
տարիներէ
ի
վեր
կը
քրքրեն
արեւմտահայ
գրականութեան
երկունքն
ու
վաստակը,
լուսաւորելով
անոնց
զանազան
երեսները։
Այսպէս,
բազմաթիւ
պատրաստ
կամ
ծրագրուած
ուսումնասիրութիւններ
հեռուէն
եւ
մօտէն
կը
շօշափեն
առաջադրուած
նիւթերը։
Չեմ
խօսիր
հանգուցեալ
հեղինակներու
մասին
–
Հրանտ
Ասատուր,
Յ.
Գ.
Մրմրեան,
Եր.
Օտեան,
Ա.
Արփիարեան,
Բ.
Քէչեան,
Հ.
Ս.
Երեմեան,
Թէոդիկ,
Հ.
Ա.
Ղազիկեան,
Բժ.
Թորգոմեան
(Երեմիա
Չէլէպի)
եւլն.
որոնց
գործերը
հրապարակի
վրայ
են
եւ
աւելի
շատ
իբրեւ
աղբիւր
կրնան
ծառայել,
5րդ
կէտին
համար։
Ամէն
պարագայի
մէջ,
կը
կարծեմ,
որ
եթէ
ոչ
բոլորովին
անկոխ
առ
նուազն
խոպան
մնացած
գետնի
մը
վրայ
է,
որ
պիտի
փորձեմ
տրամադրելի
ուժերս,
եթէ
Տէրն
մեր
Արէս,
այժմ
ռմբաձիգ
օդաչու,
բարեհաճի
կարճ
կապել…
(Մեռնիլը
կամ
ունեցած-չունեցածիդ
փոշիացումը
տեսնելը
նոյնքան
սովորական
բան
մըն
է
այսօր,
որքան
ջուրի
գաւաթ
մը
կոտրելը։
Երկու
վայրկեանէն
չկաս,
կամ
չկան։
Իրիկունը
տուն
դարձած
ատեն
կը
տեսնես,
որ
բնակարանդ
քարակոյտի
մը
վերածուեր
է։
Կամ
գիշերը
ահակոչը
կը
հնչէ,
կը
պատրաստուիս
նկուղ
իջնել,
եւ
ահա
տանիքը
վրադ
կը
փլի։
Եւ
կամ
շնչահեղձ
կը
տապկուիս
մառանին
մէջ,
քանի
մը
ժամ
«օգնութիւն»
աղաղակելով։
Ահաւասիկ,
մինչ
այս
տողերը
կը
մրոտէի
ժամը
10ուկէսին,
ահազանգը
նորէն
հնչեց…)։
*
Կա՞ն
աղբիւրներ,
քիչ-շատ
յաջողութեամբ
կատարելու
համար
այս
հերկը։
Առ
այժմ
ստիպուած
եմ
գոհանալ
թերթերու
այն
հաւաքածոներով,
որ
կը
գտնուին
Փարիզի
Նուպարեան
Մատենադարանին
մէջ։
Լրիւ
չեն
այդ
հաւաքածոները։
Թերթ
մը
կայ,
թերթ
մը
չկայ։
Նոյն
հրատարակութեան
մէկ
մասը
կայ,
միւսը
չկայ։
Եւ
ուրիշ
կերպ
չէր
կրնար
ըլլալ,
քանի
որ
հաստատութիւնը
բաղդատաբար
նոր
է։
Բայց
ինչ
որ
կրցած
են
ձեռք
բերել
ու
դասաւորել,
մանաւանդ
1840էն
ասդին,
թանկագին
է
եւ
մեծապէս
կ’օգնէ
հարթելու
ճամբան։
Ընդհանուր
կարծիւքի
մը
համաձայն,
լրագրական
ամէնէն
ճոխ
հաւաքածոն
կը
գտնուի
Վիեննայի
Մխիթարեանց
վանքին
մէջ։
Այդ
համոզումն
ունի
նաեւ
Հ.
Գրիգորիս
Վ.
Գալէմքերեան,
հեղինակը
գրքոյկի
մը,
որ
կը
կոչուի
«Պատմութիւն
հայ
լրագրութեան»
(Վիեննա,
1893)։
Վարդապետը
մասնաւորապէս
կը
յիշէ
թէ
Հ.
Եղիշէ
Վ.
Գաֆթանեանի
«երկարատեւ
ջանիւն
Միաբանութեան
մատենադարանին
հայ
լրագրաց
ժողովածոյքն
այսօրս
որչափ
գիտեմ,
մի
միակ
հարուստն
եւ
գրեթէ
ամբողջացած
է»։
Խնդիրը
այն
է,
որ
իր
գրքոյկը
շատ
ալ
մխիթարական
գաղափար
մը
չի
տար
այդ
մասին։
Բովանդակութեամբ
աղքատ,
լեզուով
աղճատ
այս
պատմութիւնը,
որ
միեւնոյն
ատեն
միակողմանի,
անլի
տեսակէտներ
ունի,
չի
յիշեր
շարք
մը
կարեւոր
թերթեր,
որ
կը
գտնուին
Նուպարեան
Մատենադարանին
մէջ.
(Օրինակ.
–
Զեփիւռ
Հայրենեաց,
Պոլիս,
1862,
Պեգասեան
Թռչնիկ,
Պոլիս,
1863։
Ծաղիկ,
հանդէս
տասնօրեայ,
Գ.
Չիլինկիրեանի,
Զմիւռնիա,
1862-1864։
Ժամանակ
Ստ.
Փափազեանի,
Պոլիս,
1863-1869
եւլն.
)։
Անշուշտ
պատճառը
այն
է,
որ
շատ
մը
հաւաքածոներ
կը
պակսէին
Մատենադարանին
մէջ,
գիրքը
գրուած
ատեն
(1893)։
Կ’ուզէի
հաւատալ,
թէ
անկէ
ի
վեր
–
յիսուն
տարի
–
պակաս
բան
չէ
մնացած
գրեթէ։
(Գիտեմ,
որ
երկու
վանքերն
ալ
անմիջապէս
լուր
կուտան
խմբագրութեանց,
երբ
որեւէ
թերթի
այս
կամ
այն
թիւը
կորսուած
ըլլայ։
Այս
առթիւ,
ի՞նչպէս
չյիշել
ողբացեալ
Հ.
Թ.
Կօտիկեանը
եւ
ուրիշներ,
որոնք,
Օսմ.
Սահմանադրութեան
շրջանին,
«Արծիւ»
գրատուն
եւ
այլուր
հանդիպելով,
նախանձախնդրութեամբ
կը
հաւաքէին
տպագիր
եւ
մանաւանդ
խմորատիպ
թերթեր,
-
Ծովակ,
Յորձանք,
Նոր
Սերունդ
(Վան),
Փեթակ
(Կիրասոն),
Հողդար
(Սեբաստիա),
Յառաջ
(Կարին),
Ծիլ,
ՏԻգրիս
եւլն.
։
*
«Արեւմտահայ
մամուլ»
ըսելով,
անշուշտ
կը
հասկնանք
այն
թերթերը,
որ
հրատարակուած
են
Կովկասէն
եւ
Ռուսաստանէն
դուրս։
Այդ
հասկացողութեամբ,
արեւմտահայ
են
նաեւ
Հնդկաստանի
մէջ
լոյս
տեսած
թերթերը,
անդրանիկ
հայ
լրագրէն`
Մատրասի
«Ազդարար»էն
(1794-1796)
Մինչեւ
Կալկալթայի
«Ազգասէր»ը
(1845-1852)։
Յետոյ,
ճիշդ
է,
որ
արեւմտահայ
լրագրութեան
երկու
գլխաւոր
վառարաններն
եղած
են
Պոլիս
եւ
Իզմիր,
բայց
Մխիթարեան
Միաբանութեան
եւ
մասնաւորապէս
Վենետիկի
առաջին
հրատարակութիւններն
ալ
պէտք
է
նկատել
պոլսական,
քանի
որ
անոնք
դրին
թրքահայ
մամուլին
հիմը,
լեզուով
եւ
նախաձեռնութեամբ
(Տարեգրութիւն ,
Հ.
Ղուկաս
Ինճիճեան,
1800-1802,
Եղանակ
Բիւզանդեան,
նոյնպէս,
1803-1820,
Դիտակ
Բիւզանդեան,
1812-1816,
եւլն.
)։
Այս
տաժանելի
պեղումը
կատարելով,
միեւնոյն
ատեն
կ’ուզէն
արդարութեան
պարտք
մը
հատուցանել
շարք
մը
հրապարակագիրներու
հանդէպ,
որոնք
խիզախ
գաղափարներու
ակօսներ
բացած
են
դեռ
1840ական
եւ
մանաւանդ
60ական
թուականներէն,
Սուլթաններու
եւ
փաշաներու
ահեղ
լուծին
տակ,
դաս
մը
ապերասան
պատրիարքներու
եւ
ամիրաներու
խաւարակուռ
մենատիրութեան
տակ։
Չմոռնանք,
որ
այն
ատեն
հրապարակաւ
խմբագիր
յանդիմանելու,
թերթ
խափանելու,
աս
ու
ան
աքսորելու
իրաւունք
ալ
ունէին
մեր
վեղարաւոր
եւ
անվեղար
բռնակալները,
եւ
նոյնիսկ
տպագրական
օրէնք
մը
մշակուած
էր
Պատրիարքարանի
մէջ,
անկախ՝
պետականէն
(1865)։
Լէօ
երեք
հաստկեկ
հատոր
թխած
է,
պանծացնելու
համար
Գ.
Արծրունին
եւ
«Մշակ»ը,
իբրեւ
բացառիկ
երեւոյթ
իր
ժամանակին
համար։
(1870-1876)։
Այս
պրպտումներու
ընթացքին,
պիտի
դիմաւորէք
տաղանդաւոր
այլ
ապերախտ
մոռացումի
մը
մատնուած
խմբագիրներ
եւ
հրապարակագիրներ,
որոնք
նոյնքան
ազատական,
յաճախ
աւելի
արմատական
գաղափարներ
յուզած,
խանդավառօրէն
պաշտպանած
են
սուլթանախնամ
Պոլսոյ
եւ
Զմիւռնիոյ
մէջ,
Արծրունիէն
20-30
տարի
առաջ։
Կամ
սեւ
աշխատանքի
մշակներ,
որոնք
բառերու
եւ
բացատրութեանց
ճոխ
եւ
ճկուն
գանձարան
մը
ձգած
են
իրենց
ճամբուն
վրայ,
թարմացնելով,
զտելով
լեզուին
երակները։
Ուրիշ
հեղինակ
մը,
Դաւիթ
Անանուն,
նոյնպէս
երեք
մեծադիր
հատորներ
ստորագրած
է,
պատկերացնելու
համար
«Ռուսահայերի
Հասարակական
Զարգացումը»
(վերջին
հատորը,
1901-1918,
տպուած
է
Վենետիկ,
1926)։
Երրորդ
հեղինակ
մը,
Սարուխան,
1912ին
լոյս
ընծայեց
թանկագին
ուսումնասիրութիւն
մը,
«Հայկական
խնդիրն
եւ
Ազգային
Սահմանադրութիւնը
Թիւրքիայում»,
1890-1910,
Ա.
հատոր,
Թիֆլիս։
(Դժբախտաբար
միայն
Ա.
հատորը
տպուած)։
Տակաւին
կանո՞ւխ
է,
ձեռնարկելու
համար
նմանօրինակ
աշխատութեանց,
«արեւմտեան
կողմն
աշխարհի»։
Մանաւանդ
հիմա
որ
նախկին
Պոլիսն
ալ
պատմութեան
կը
պատկանի,
իբրեւ
գլխաւոր
կեդրոն
հայկական
մշակոյթի,
ինչպէս
երբեմնի
Թիֆլիսը։
Ա.
-
ՍԿԶԲԱԿԱՆ
ՇՐՋԱՆ
Նախ
քննենք
թէ՝
100-150
տարի
առաջ,
մարդիկ
ի՞նչպէս
կ’ըմբռնէին
լրագիրն
ու
խմբագրութիւնը։
Չեմ
տեսած
հայերէն
անդրանիկ
լրագիրը,
Մատրասի
«Ազդարար»
ամսագիրը,
որ
կը
խմբագրուէր
Յարութիւն
քահանայ
Շմաւոնեանի
կողմէ,
գրաբար
եւ
որ
տեւած
է
երեք
տարի
(1794-1796)։
Հ.
Գալէմքեարեանի
գրքոյկէն
կ’իմանամ
թէ
ամսագիրը
-
«Ազդ
արարօղ»
-
պիտի
հաղորդէր
նոյն
ամսուան
լուրերը,
քաղուած
«եթէ
ի
զանազան
կազէթաց,
եթէ
ի
զանազան
քարտիսաց
եւ
եթէ
այլոց
զանազան
գրոց,
նաեւ
բանք
հարկաւորք
եւ
քաղցրալուրք»։
Ամէնէն
վերջն
ալ՝
յաջորդ
ամսուան
օրացոյցը։
(Թիւրիմացութեանց
տեղի
չտալու
համար,
ստիպուած
եմ
յիշեցնել
թէ՝
այս
տողերը
գրած
ատեն,
սեղանիս
վրայ
չունիմ
զանազան
ուսումնասիրութիւններ
եւ
մատենագրութիւններ։
Պրպտումներս
եւ
վերլուծումներս
կը
բխին
այն
թերթերէն,
որ
ձեռքի
տակ
եղած
են,
իսկ
Հ.
Գալէմքեարեանի
գրքոյկը
նկատի
առած
եմ
իբրեւ
պարզ
տեղեկատու)։
Չեմ
տեսած,
նոյնպէս,
Վենետիկի
«Տարեգրութիւնը»
(1800-1802),
աշխարհաբար,
իսկ
«Եղանակ
Բիւզանդեան»էն
չորս
հատորներ
միայն
գտայ
Նուպարեան
Մատենադարանին
մէջ
(ոչ
առաջինը),
մինչ
հրատարակուած
է
1803-1820),
խմբարգութեամբ
Հ.
Ղուկաս
Ինճիճեանի,
ինչպէս
առաջինը։
Մնաց
որ,
այս
երկուքը
աւելի
շատ
տարեգրութիւններ
եղած
են,
օգտակար
գիտելիքներով,
օդի
գուշակութիւններով,
բարոյական
խրատներով,
աշխարհագրական
եւ
պատմական
տեղեկութիւններով
եւ
զանազան
լուրերով։
Այդ
շրջանէն
առաջին
թերթը,
որ
ունիմ
աչքի
առջեւ,
«Դիտակ
Բիւզանդեան»»ն
է
(1812-1816,
Վենետիկ),
մանաւանդ
անոր
առաջին
թիւը,
խմբագրութեամբ
Հ.
Գրիգոր
վրդ.
Գապարաճեանի
(յետոյ
Հ.
Մատաթիա
Փիւսկիւլճեան
եւ
Հ.
Մանուէլ
Ջախջախեան)։
Պատասխանելով
Պոլսոյ
Արշարունեաց
ընկերութեան
դիմումին,
վարդապետը
Մխիթարեան
Միաբանութեան
հաւանութեամբ
յանձն
կ’առնէ
«ամմէն
տասնըհինգ
օրը
հեղմը»
տալ
«պատմութիւնը
քաղաքական
եւ
պատերազմական,
բանասիրական
եւ
եկեղեցական
դիպվածներու»։
Այս
առթիւ,
«իբրեւ
ամենախոնարհ
ծառայ»,
յառաջաբան-նամակ
մը
կ’ուղղէ
ընկերութեան
անդամներուն,
-
«Առ
պերճապայծառ
եւ
իմաստախորհ
միաբան
պարոնայս»։
Ջերմապէս
կը
գնահատէ
անոնց
խնդիրքը,
շողիք
թափելով.
«…Քանի
որ
միտվընիս
կըյնայ
աս
ուզածնիդ,
ու
քանի
որ
կը
մտմտանք
անոր
մէջ
եղած
ու
շտեմարանեալ
բարութիւններուն
վրայ,
չենք
կշտանար
արմննալով,
ու
կը
խնդրենք
ու
կը
փնտռենք
իմանալ,
թէ
ինչէն
այս
ուսումնասիրութեան
կրակը
ասչափ
վառեր
ու
բորբոքեր
է
ձեր
բարեկազմ
սրտին
մէջ՝
որով
հէմ
կը
տաքնաք,
ու
հէմ
տաքցնել
կուզէք
ամմէն
մարդ՝
որ
ձեր
ազգին
մէջ
են,
որ
հիմկվնէ
ձեր
անուանը
վրայ
մայլելով
մը
կը
նային,
ու
պիտի
ալ
առանց
մոռնալու
նային»։
Այսպէս
զմայլած՝
վարդապետ
խմբագիրը
կը
գովէ,
նաեւ,
հաստատուած
ընկերական,
հաւաքական
ոգին.
«Մէկ
հոգի
սորվելու
հավէս
ունօղ,
մէկ
հոգի
սորվեցնելու
հավէս
ընօղ,
ամմէն
ատեն
տեսնըվեր
է,
որ
շատ
չեն
երթար
կը
մարին,
մեծ
օգուտ
մը
հասարակաց
ու
հայրենեաց՝
չեն
կրցեր
ընել.
ամա
շատ
հոգի
մէկ
տեղ
հավէս
ունեցօղներ՝
սորվելու
ու
խել
մը
սորվածներ,
ու
սորվեցնելու
հավէսլիներ,
որ
մէկտեղ
գալու
ըլլաննէ՝
իշտէ
ան
կըլլայ
տեւական,
ու
օգտակար
հասարակաց։
Վասն
զի
երկու
դիաց
իրար
մխիթարելով,
իրար
գրկելով,
ու
իրարով
օգտելով,
մէկտեղ
միացած
ամուր
բան
մը
կըլլան
ու
կերթան
յաջողութեամբ»։
Ուրեմն
տեսակէտ,
-
հաւաքական
գործունէութիւն։
Միութիւն։
Ի՞նչ
է
«ազնուական
պարոնաց
Միաբանութեան»
(ընկերութիւն)
ուզածը։
Լրագիր։
Ի՞նչ
է
լրագիրը
(այս
բառը
չկար
տակաւին)։
«…Գիտնական
ազգեր,
ու
ուսման
ետեւէ
ընկօղ
միաբանութիւններ՝
կը
տըպեն
դուրս
կը
հանեն
թուղթ
թուղթ,
ինչ
որ
նոր
նոր
ատեններըս
կըլլայ
բոլոր
աշխարքիս,
վրայ,
շաբթէ
շաբաթ,
ամսէ
ամիս,
ու
ասով
բոլոր
ժողովրդեանը
կիմացնեն
ամմէն
բան,
որոնք
կըտոր
կըտոր
կարդալով,
նստած
տեղերնին
աշխարքիս
չորս
դին
ինչ
եղածը
չեղածը
կիմանան,
կը
զբօսնուն,
մտվնին
կըբացվի,
խելվնին
կը
բանի,
լեզունին
կը
շարժի,
խօրաթանին
անուշ
կըլլայ
ընկերութեան
մէջ,
մարդու
մէջ
վերջապէս
մարդ
կերեւնան»։
Ուրեմն,
«մեր
ազգին
մէջ
ալ
այսպէս
խապարի
թղթեր
հանենք
ու
զբօսցնելով
կրթենք
սորվեցնենք»,
ինչպէս
կը
յորդորեն
ընկերութեան
անդամները։
Վարդապետը
խոստովանելով,
որ
եղածը
«այսքան
օգտակար
ու
բարի
խնդիրք
մըն
է»,
ուրախութեամբ
կ’ընդունի։
«Ուստի
սիրով
վրանիս
կառնենք
աս
Հրամանոցներուդ
բաղձանքը
կատարելու»։
Այնուհետեւ
քանի
մը
բացատրութիւններ՝
թերթին
բովանդակութեան
մասին,
-«օրինաւոր
եւ
կանոնաւոր
ճարակներ»ով
գոհացնել
ազգին
հետաքրքրութիւնը,
պայմանաւ,
որ
ըլլան
«Աստուծոյ
հաճոյ,
եւ
ամմէն
իմաստնոց
դիմացը
ընդունելի»։
Պիտի
գրեն
ինչ
որ
տեղի
կ’ունենայ
աշխարհի
մէջ,
«ու
մանաւանդ
եւրոպայի
ու
ասիայի
մէջ
երեւելի
բաներ,
ինչպէս
պատերազմ,
վաճառականութիւն,
երեւելի
իմաստնոց
ըրած
գրածը.
խելացի
ու
նոր
գիւտեր.
իմաստուն
խօսքեր
ու
մտմտանքներ»։
Առաջին
շրջանին,
իրենց
աչքին
արժէք
չունին
Ամերիկա
եւ
Ափրիկէ,
«Հնտստանու
դիերը,
Լաբոնիան
ու
այլ
հիւսիսային
աշխարքները»։
Ուզողը
կրնայ
աշխարհագրութիւն
կարդալ,
տեղեկութիւններ
քաղելու
համար
այդ
երկիրներու
մասին։
Վարդապետը
խոնարհաբար
կը
խնդրէ,
որ
ներողամիտ
ըլլան,
եթէ
սխալ
տեղեկութիւններ
սպդրին.
«Ընտոր,
որ
աշխարք
ամմէն
գիտէ,
խապարը
շատ
հեղ
սուտ
չըլլար,
ամմա
սխալ
կըլլայ.
մեր
գրած
խապարներուն
մէջն
ալ
պազի
պազի
հեղ
պիտի
հանդպի
աս
բանը…
գրած
սխալնիս
հետեւեալ
թղթերու
մէջ
պիտի
սրբագրենք»
եւլն.
։
Տասնըհինգ
օրը
անգամ
մը
տպուելով,
«Դիտակ»ը
պիտի
ծառայէր
«ժամանակը
առանց
ձանձրանալու,
ու
առանց
մեղաց
անցնելու»։
Եւ
դեռ
աւելին.
«…
Ու
աս
կարդացած
թըղթերը՝
ետեւէ
ետեւ
քովէքով
որ
դրվի,
տարեգլխին
կը
տեսնըվի,
որ
մէկ
աղէկ
գիրք
մը
եղեր
է,
որ
ան
տարվան
երեւելի
պատմութիւններով
ու
այլ
խելացի
խօսքերով
խօրաթաներով
լցված,
սանքի
իմաստութեան
սնտուկ
մը
եղեր
է,
որուն
մէջ՝
երբոր
ըլալյ՝
մարդ
կրնայ
դառնալ
նայիլ
խառնել,
մոռցածը
միտք
բերել»։
Ու
վերջապէս
քանի
մը
խրատներ,
կարդալու,
կարդացածը
հասկնալու
եւ
բան
սորվելու
համար,
եւ
բացատրութիւն
մը
թէ
ինչու
աշխարհաբար
պիտի
շարադրեն.
«…
Ու
որպէսզի
այսչափ
մեծագոյն
բարիքը
հասարակաց
հիչ
մէկ
կերպով
մը
չըլլայ
որ
խափանվի,
ու
ինչպէս
որ
Հրամանքնիդ
կուզէք,
աշխարհաբառ
կարելի
կոկած
ոճով
մը
կը
շարադրենք
աս
Դիտակ
Բիւզանդեանը,
ու
թէպէտ
հիմայ
Աստուծով
չի
պակսիր
ազգերնուս
մէջ
գրաբառ
լեզուն
հասկցօղներ,
ընտոր
որ
կը
պակսէր
ասկէ
տասը
քսան
տարի
առաջ,
ու
ետեւէ
ետեւ
կը
շատնանկոր.
ամմա
որովհետեւ
մենծ
մասը՝
մանաւանդ
նաեւ
կնքտիք
պիլէ,
որոնք
կարդալ
գիտեն,
գրաբառը
դժար
կը
հասկնան։
Ասոնց
ամմենուն
խաթրը
խօշ
ընելու
համար
ու
իրենք
ուրախացնելու
համար,
այսպէս
աշխարհաբառ
պարզ
դիւրին
ոճով
մը
կը
գրենք,
որ
ամմէնքը
օգտին
շահին,
ու
ամէն
մէկը
իրեն
վիճակին
կեօրէ,
իրեն
գիտութեանը
կեօրէ
տեղեակ
ըլլան
աշխարքիս
մէջ
եղած
բաներուն
վրայ»։
Յայտարարութիւն-ծրագիր
մը,
եթէ
կ’ուզէք։
*
Դիտմամբ
այսքան
երկար
մէջբերումներ
կատարեցի,
կարելի
եղածին
չափ
ամբողջական
գաղափար
մը
տալու
համար
ժամանակաշրջանի
բարքերու,
մտաւոր
մակարդակի,
ինչպէս
եւ
թուխս
դրուած
աշխարհաբար
լեզուի
մասին։
Պատկերը
շատ
ալ
տարբեր
չէ
Վենետիկի
նախընթաց
հրատարկութեանց
մէջ,
թէեւ
բոլորը
ձեռքի
տակ
չունիմ
ինչպէս
ըսի։
Նոյն
աշխարհաբարը,
քիչ
մը
աւելի
անտաշ,
եւ
նոյն
աշխարհահայեացքը,
վանական
ու
ազգասիրական։
(Ազգասէր,
ազգասիրական,
հայրենասիրական,
հայրենանուէր,
-
այս
բառերը
յանկերգի
մը
պէս
պիտի
լսէք
տարիներ
վերջն
ալ,
Հնդկաստանէն
մինչեւ
Պոլիս
եւ
Զմիւռնիա)։
Ահա
ուրեմն
տարրական
դասընթացք
մը
արեւմտահայ
լրագրութեան
-
«խապարի
թղթեր»,
բան
սորվեցնելու,
հոգեշահ
խրատներ
տալու,
եւ
ժամանակին
անցքերը
տեղեկացնելու
համար։
Խմբագիրները,
հակառակ
իրենց
խոր
հմտութեան,
ստիպուեր
են
համակերպիլ
ժողովուրդի
մտաւոր
մակարդակին
եւ
ամէնէն
սովորական
գիտելիքները
բացատրել
շատ
նախնական,
յաճախ
մանկունակ
եւ
ռամիկ
լեզուով
մը։
Օրինակ,
«Եղանակ
Բիւզանդեան»ի
մէջ
(1813)
Հ.
Ղ.
Ինճիճեան
նոր
տարուան
առթիւ
տեսութիւն
մը
կը
հրատարակէ
մարդկային
կեանքի
եւ
մահուան
մասին,
ճիշդ
այնպէս
ինչպէս
եթէ
ծաղկոցի
մը
աշակերտները
նստած
ըլլային
դիմացը.
«Մէկ
տարի
մըն
ալ
անցաւ
քու
կեանքէդ.
1812
տարին
լմնցաւ
ըսելը՝
ըսել
է
որ՝
քու
կեանքիդ
մէկ
տարին
ալ
պակսեցաւ.
թէ
որ
40
տարի
դեռ
պիտոր
ապրէիր,
39
տարի
պիտոր
ապրիս.
վասն
զի
մէկը
պակսեցաւ.
թէ
որ
30
տարի
պիտոր
ապրէիր,
29
տարի
մնաց.
ասանկ
թէ
որ
20
տարի,
10
տարի
կամ
5
տարի
պիտոր
ապրէիր,
գիտնաս
որ
4
տարի
մնաց,
չորս
տարիէն
ետեւ
չիկայ
պիտոր
ըլլաս
աշխարհիս
վրայ.
իսկ
թէ
որ
մէկ
տարի
մնաց,
աս
տարի
1813ին
պիտի
լմննաս
երթաս.
1814էն
չիկայ
պիտոր
ըլլաս.
ո՞ւր
է
ան
ողջ
մարդը,
քալող
մարդը,
թէ
որ
քու
վրադ
մէկը
ասանկ
հարցընէնէ,
պատասխանը
սա
է,
անիկա
մեռաւ,
չիկայ
աշխարհիս
վրայ,
ո՛ւր
փնտռես,
ո՛ր
քաղաքը
երթաս,
չես
կրնար
գտնալ,
աս
աշխարհէս
դուրս
տեղ
մը
գնաց,
որ
մենք
մեռնիլ
կ’ըսենք»։
Իսկ
«Դիտակ
Բիւզանդեան»ը
քիչ
մը
աւելի
հասունցած,
դասարան
փոխած
կ’երեւայ
տասը
տարի
վերջը,
հետեւեալ
պիտանի
գիտելիքը
(իր
բառով՝
«հարկաւոր
գիտելիքներ»)
տեղաւորելով
ծանօթ
յառաջաբանէն
անմիջապէս
ետքը
(1812
Օգոստոս
15).
Հարց.
–
Ի՞նչ
է
կայսրը
կամ
իմփէռաթօռը,
թագաւորէ
մը
ի՞նչ
տարբերութիւն
ունի։
Պատ.
–
Կայսր
կըսվի
ան
թագաւորը,
որ
տակը
ունի
շատ
շատ
երկիրներ,
քաղքներ,
միլիոնաւոր
ժողովուրդ,
ու
թագաւորներ
ալ
կը
շինէ,
կը
դնէ,
կը
վերցնէ.
որոնց
օրէնք
կը
դնէ
հրաման
կուտայ,
պատերազմական
ուժը
մենծ
է,
կէլիրները
(եկամուտ
–
Շ.
)
շատ
է,
ու
իրեն
հաւասար
տէր
քանի
մը
միայն
կը
գտնվին
աշխարհիս
վրայ։
Հարց.
–
Հիմա
քանի՞
կայսր
կայ
Եւրոպայի
մէջ։
Պատ.
–
Իրեք.
Ֆրանսզ,
Նէմցէ,
Մոսկով։
(Եւլն.
)։
*
Վենետիկեան
աշխարհաբարին
այս
խառնիճաղանճ
նախափորձը
երկար
քաշքշուած
է։
(հնդկահայ
հրատարակութեանց
մէջ
ալ՝
տարբեր
ձեւով
–
պարսկական
քերականութեամբ,
որու
մասին
պիտի
խօսիմ
յետոյ)։
Մխիթար
Աբբայ
1727ին
հրատարակեց
«Դուռն
Քերականութեան
աշխարհաբար
լեզուի»
(չեմ
տեսած)։
Աշխարհաբարէ
գրաբար
բառարան
մը
հրատարակուեցաւ
1769ին։
Իսկ
1803ին
Յ.
Զօհրապեան
Աստուածաշունչի
պատմութեան
Յառաջաբանին
մէջ
կը
պարզէր
ծրագիր
մը,
որ
շատ
ալ
չէ
յարգուած
իր
յաջորդներէն։
Չեմ
գիտեր
ո՛ւրկէ
օրինակեր
եմ
հատուած
մը
այդ
Յառաջաբանէն,
որ
շատ
խելօք
միտքեր
կը
յայտնէ.
«Աշխարհաբար
շարադրութիւնը,
որ
ըսինք,
նայեցանք,
որ
զուտ
հայերէն
ըլլայ՝
առանց
այլազգի
բառեր
մէջը
խառնելու՝
տաճկերէն,
պարսկերէն
կամ
ֆռէնկերէն
(ինչպէս
որ
հիմակու
ժամանակըս
մեր
ցիրուցան
եղած
ազգը
ինչ
ազգի
հետ
որ
բնակեր
է
նէ՝
կամաց
կամաց
անոր
լեզուէն
առեր
խառներ
է
իր
հայերէնին
մէջը)
որ
առաջ
շատ
աւրեր
է
աշխարհաբար
լեզունիս
ու
անանկ
փոխուեր
է
որ՝
մէկ
տեղացին
մէկալին
ըսածը
դժվար
կը
հասկնա.
անոր
համար
մենք
ջանացինք,
որ
այսպէս
չըլլա,
հապա
ամէնքը
հասկընան,
ուստի
ոճն
ալ
Ըստամպոլցիի
հայերէնի
կերպով
բանեցուցինք,
որ
բուն
Հայաստանցոց
ալ
աւելի
մօտ
է,
ու
Պարսկահայք
ալ
կը
հասկնան.
միայն
թէ
ուրտեղ
որ
խօսք
այսպիսի
աշխարհաբարէն
կը
պակսէր՝
անոր
տեղը
գրաբարէն
առած
բանեցուցինք
ու
տեղ-տեղ
այսպէսով
մեկնելով
զատ
տաճկերէնը
քովը
դրինք»։
Այս
տեսութենէն
մէկ-երկու
տարի
առաջ,
Վենետիկի
«Տարեգրութիւնը»
լուրեր
կը
հաղորդէր
հետեւեալ
շարադրութեամբ
(1801).
§Գանք
հիմա
ծեծին
վրա.
երբ
որ
Նէլսոնը
աղէկ
մը
աւրեց
թշնամւոյն
նաւերը,
խապար
ղրկեց
ցամաքը
ճէնկէ
դադրելու
համար.
զէրէմ
Ինկիլիզին
առջի
նիէթը
Մոսկովը
զարնել
էր.
չէր
ուզեր,
որ
Տանիմառքային
հետ
դարձեալ
ծեծկըվէլով
իր
նաւերը
սախտէ.
հերիք
սեպեց
անղատար
ընել
որ
թողու
զինքը
առաջ
երթալու,
ասանկով
սանքի
զօռով
միւթարէքէ
ընել
տըվավ
8
սահթըվան
համար.
էրթէսի
օրը
24
սահաթ
տահա
երկնցուցին
միւթարէքէն»
եւն.
(Պատմ.
Հայ
լրագրութեան)։
Իսկ
չորս
տարի
վերջը,
1805ին,
Հ.
Եղիա
վարդապետ
Թովմաճանեան
կը
հրատարակէր
նամականի
մը,
«Դպրութիւն
նամակաց
ի
զելու
գրաբառ
եւ
աշխարհաբառ»։
Ռամկօրէն,
բայց
գրեթէ
ազատ
օտար՝
թուրքերէն
բառերէ.
-
«Ազգիս
հիմակվան
վիճակը
նայելով,
թուղթ
շինելու
վարժութիւն
մը
(նամակագրութիւն
–
Շ.
)
աշխարհաբառ
լեզուով
շատ
հարկաւոր
էր,
ինչու
որ
ազգին
մէջէն
գրաբառ
հասկցօղը
քիչ
ըլլալով,
շատոնք
զրկած
կը
մնային
հարկաւոր
գիտութենէ
մը,
ինչպէս
է
թուղթ
շինել
գիտնալը
(նամակ
գրել
–
Շ.
)։
«Դիտակ
Բիւզանդեան»ի
քաղուածներէն
տեսաք
թէ
մեծ
բան
չէ
փոխուեր
10-15
տարի
վերջը,
թէեւ
հետզհետէ
կը
կոկուի
լեզուն,
1813-1816։
Լրաքաղի
երկու
նմոյշ
ալ
«Դիտակ»էն.
«Թէլէկրաֆ
ըսվածը
է
մէկ
գործիք
մը,
որ
ամսըներով
հեռու
տեղերէ
կըրնան
իմացնել
քիչ
օրվան
մէջ
ամմէն
խապարները»
(էջ
132)։
«Ամսուս
9ին
գիշերը
թշնամին
նետեց
աս
մաղազաներուն
վրայ
հաւանթօփիներ,
եւ
քաղաքն
ալ
3
սահաթի
չափ
թօփոտեց.
ինչպէս
որ
կը
կարծըվէրնէ,
թշնամիին
թօփերը
8
կտոր
էր.
աս
թօփի
կիւլլէներէն
մէկ
յիսնապետ
մը
եւ
մէկ
զինուոր
մըն
ալ
միայն
վիրավորվեցաւ.
աս
կիւլլէները
հիչ
մէկ
կրակ
չի
պատճառեցին
քաղաքին
մէջ»
(էջ
220)։
Դեռ
երկար
ճամբայ
ունինք
մինչեւ
բուն
Պոլսոյ
առաջին
թերթերուն
(1832-40)
եւ
«Բազմավէպ»ի
(1843)
հրատարակութիւնը,
չափելու
համար
կատարուած
բարեփոխման
խորութիւնը՝
լեզուի
տեսակէտով։
*
Իսկ
հանրային
տեսակէ՞տ
մատնանշուած
հրատարակութեանց
մէջ։
Երկու
խօսքով
բացատրած
եղայ
այդ
կէտը,
բայց
կ’ուզէի
անգամ
մըն
ալ
թղթատել
«Դիտակ
Բիւզանդեան»ը
յատկապէս
այս
պարագան
լուսաբանելու
համար,
«ի
պէտս
զարգացելոց»։
Խմբագրական
գրելու
սովորութիւն
չկար
այն
ատեն։
«Խմբագիր»,
«խմբագրութիւն»
բառերն
ալ
շատ
վերջերը
ծնած
են։
(Որքան
կրցայ
ստուգել,
Պոլսոյ
եւ
Իզմիրի
մէջ
գործածուած
են
40ական
թուականներուն,
բայց
Փարիզի
«Փարիզ»ը
կ’ըսէ՝
«Շարագիր»
(1860),
իսկ
Իզմիրի
«Ծաղիկ»ը
1861ին
կը
գրէ
«խմբագիր-տնօրէն»,
1862էն
64՝
«շարագիր-տնօրէն»)։
«Բանասիրական»
կոչուած
բառ
մը
տարիներով
կը
տիրապետէ
բոլոր
թերթերուն
մէջ,
սկիզբէն
մինչեւ
1840-60
թուականները,
բոլորովին
տարբեր
իմաստով
ինչպէս
Արեւելահայերուն
մէջ։
«Բանասիրութիւն»ը
philologieն
է
(ֆիլիոլոգիա՜)
այսօր,
մինչդեռ
այն
ատեն
մեր
այսօրուան
խմբագրականի
միտքն
ունէր,
կամ
անոր
մօտ
բան
մը։
Ձեռքիս
տակ
եղած
«Դիտակ»ին
մէջ
կան
երկու
«Բանասիրականք»։
Առաջինը,
հրատարակուած
1813
Յունուարի
1-5ի
թիւին
մէջ,
ազգասիրական
կոչ
մըն
է,
քարոզչական
եղանակով,
կծու
եւ
հատու։
Ինչպէս
տեսաք,
«Դիտակ
Բիւզանդեան»ը
թելադրուած
էր
Պոլսոյ
Արշարունեաց
ընկերութեան
կողմէ,
որ
նախապէս
ունէր
40-45
անդամ
եւ
հետզհետէ
բազմացաւ
(1812)։
Նպատա՞կը,
-
«ձեռվներնէն
եկածին
չափ
ջահդ
ընեն,
ստակ՝
խարճ
չինային,
որչափ
պէտք
ըլլայ
տան,
որ
եղած
ուսումնական
գրքերուն
վրայ,
տահա
այլ
նորանոր
գիրքեր
շինել
տան
գիտնոց,
ու
տպել
տան,
որով
որ
ազգը
պարէ
ան
շատէն
քիչը
կարդայ,
սորվի,
իմաստութեան
համը
առնէ»։
Ընկերութեան
կազմութեան
առթիւ,
անդամներէն
մէկը
ճառ
մը
կը
խօսի
–
(շատ
յաջող
բառ
մը,
«յորդորակ»,
որ
կրնայ
բռնել
ֆրանսերէն
ալոքիւսիոն
ին
կամ
արանկին
տեղը)։
Ահաւասիկ
այդ
ճառն
է,
որ
հրատարակուած
է
իբրեւ
«բանասիրական».
«…Ո՛վ
Ազգասէրք,
-
ինչո՞ւ
կեցեր
մէկ
դինիս
մէկ
ալ
դինիս
ասանկ
անբանի
պէս
կը
նայինք.
ինչո՞ւ
չենք
ուզեր
արթննալ՝
ելլալ
տեսնալ
ի՞նչ
են
ըրեր
հին
ազգերը,
ի՞նչ
կ’ընեն
կոր
հիմակվան
ազգերը.
ի՞նչ
մեծ
գործքեր,
ի՞նչ
հրաշալի
բաներ,
որ
միշտ
հետզհետէ
անպակաս
մեզ
կըցցնեն։
Ելլենք
արթննանք
տեսնենք
եւ
իմանանք՝
ո՞ր
գիտութիւնները
եւ
արհեստները
հիները
ծաղկեցուցին
եւ
որո՞նց
մէջը
նորերը
գերազանց
եղան։
Ելլենք
իմանանք
ի՞նչ
է
պատճառը,
որ
հին
եւ
նոր
ազգաց
մէջ՝
ոմանք
անուանի
եւ
մեծագործ
գտնվեցան,
ու
ուրիշներ
միշտ
տգէտ
եւ
պզտիկ
մնացին»։
Մեր
ազգը
խելքով
տ
կա՞ր
է
որ
ետ
մնացեր
է։
Ընդհակառակն։
«Ինչպէս
որ
խելացի
անձինք
եղեր
են
նէ՝
խիստ
գերագոյն
են
եղեր.
ասանկ
ահա
Դաւիթ
Փիլիսոփան,
որուն
անունը
Անյաղթ
դրին,
վասնզի
Աթինալ
ուր
տեղ
որ
սորվերէրնէ,
կը
դժուարէր
պատասխան
տալու.
անոր
համար
հրամայեց,
որ
անկէց
վերջը
Հայ
չառնեն
չիսորվեցնեն
իրենց
դպրատան
մէջ»։
Բայց,
ի՞նչ
օգուտ։
Բնական
խելքը
կայ,
«ամենահարկաւորը
չիկայ,
որ
է
հայրենասիրութիւնը.
ինչպէս
մէկ
մենծ
էլմաս
մը,
որ
ջուրը
աղէկ,
բայց
արհեստաւորը
չկայ,
որ
բանեցնելով
ինչ
ըլլալը
դուրս
հանէ»։
Ուրեմն
հայրենասիրութիւն,
ազգասիրութիւն
եւ
միաբանութիւն
։
Որքան
ատեն,
որ
մեր
ազգին
մէջ
ալ
կային
այդ
առաքինութիւնները,
«մեծամեծ
գործքեր
տեսան։
Բայց
ի՞նչ
շահ,
որ
քիչ
քիչ
պակսելով՝
ինչվան
աս
օրս
անունն
ալ
չիմնաց.
ինչ
ըլլալնիս
չիյտենք.
միտքերնուս
ալ
չենք
անցուներ.
ասանկ
եկեր,
ասանկ
կ’երթանք»
եւլն.
։
Երկրորդ
«բանասիրական»ը
(1813
Յունուար
11-15)
նոյնպէս
նուիրուած
է
ազգասիրութեան
եւ
հայրենասիրութեան,
որոնք
աւելի
մեծ
արժէք
ունին
«քան
զթագաւորութիւն
եւ
զհարստութիւն»։
Ամէնքն
ալ
կ’ընդունին
այդ
արժէքը։
Բայց,
ի՞նչ
օգուտ,
որ
«գործքով
ընօղ
չիկայ.
առաւել
աղէկ
է
չի
գովեն,
բայց
գործքով
ընեն։
Բերնով
կ’ըսեն,
այլ
գործքով
մէկն
ալ
չեն
ըներ.
բերնով
ըսելնիքէն,
նոյն
ժամանակը
գործքով
հակառակը
կ’ընեն։
Մեր
ազգը
ահա
այս
աստիճանին
մէջն
է,
ոչ
հիմայ,
այլ
առաջուցմէ
պէրի»
եւլն.
։
Այսպէս
անողորմաբար
մերկացնելով
ազգին
այս
բացասական
գիծը,
խմբագիրը
միւենոյն
ատեն
կը
ձաղկէ
ուրիշ
հիմնական
թերութիւն
մը,
-
օտարամոլութիւնը։
Հայերը
չեն
հանդուրժեր,
որ
օտար
մը
գովէ,
գնահատէ
մեր
ազգը.
«Կը
նային,
որ
անոր
գովասանքը
ոչընչացնեն
եւ
կամ
սուտ
հանեն.
ունեցած
ատելութեան
պատճառով
կը
նային
որ
իրենց
վրայէն
հայութեան
անունը
բաց
ձգեն.
իբր
մէկ
չար
բանի
պէս.
ասոր
համար
ոմանք,
որ
ուրիշ
ազգի
մը
քաղաք
երթան,
եւ
կամ
անոնց
լեզուն
սորվին
նէ
մէկէնիմէկ
կը
փոխվին
(ֆրէնկլէմիշ
կըլլան)
եւ
կրկին
ատելութիւն
կունենան
ընդդէմ
ազգին
եւ
ինքզինքնին
չեն
ուզեր,
որ
Հայ
անուանեն»
եւլն.
։
Ուշադրութի՛ւն,
-
այս
խորհրդածութիւնները
գրի
առնուած
եւ
տպուած
են
հարիւր
երեսուն
տարի
առաջ։
Ահաւասիկ
սրատես
ախտաճանաչութիւն
մը՝
պարզուկ,
օրպակաս
աշխարհաբարով,
եւ
ազգային-ազգասիրական
-
տեսակէտներ,
որոնց
վրայ
առտուն
կանուխ
արթնցողը
խմբագրական
կը
թխէ
մեր
օրերուն,
կամ
ձայնը
ձգած
կը
ճառէ
ի
սփիւռս
աշխարհի,
առանց
դաւանանքի
եւ
տարիքի
խտրութեան…
1942