Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ՄԱՀԱԳՈՒՄԱՐ»
      
       Գրաշարը - կամ տողաշարը - ի՜նչ խաղեր կը խաղան որեւէ գրութեան գլխուն, եթէ սրբագրիչը ուշադրութիւն չընէ։
       Դուն կը գրես խտացնել. ան կը շարէ խստացնել։ Կամ կը գրես խստացնել, կը շարէ խորացնել ։
       Կը գրես՝ «թեւերով»։ Կը շարէ՝ «թիւերով»։ Եւ կամ թիւերը կը վերածէ թեւերու։
       «Արեւը» կամ «արեւինը» կը դառնայ… արիւն, «լուսամարտ»ը՝ լուսամուտ։
       Անշուշտ սխալ շարուած բառերն ալ իմաստ ունին։ Բայց, ոչ այն ինչ որ ըսել կ’ուզես։
       Գրաշարը չէ պատասխանատուն այս վրիպակներուն։
       Շատ բան ալ կախում ունի յօդուածագրին ձեռագրէն։
       Գրաշարը հարկադրուած է ամբողջ հիւսուածքներ քակել։ Մրջիւնի տոտիկները բառի մը վերածել։
       Երբեմն ալ շատ սիրուն, սրամիտ պատկեր մը կը պարզեն վրիպակները։
       Խմբագիրը կը գրէ «քառասունճանկուկ»։ Ձեռագիրը շարուած ատեն իր դիմացը կը գտնէ… «քառասուն ճանճուկ» մը։
       Անցեալ օր, քաղաքական լուրերուն մէջ, միջազգային համագումար մը շարուած էր… «մահագումար»։
       Խմբագիրը սխալը սրբագրելով հանդերձ, կը խոստովանէր, փիլիսոփայաբար.
       - Թէեւ սխալ շարուած է, բայց շատ ալ հեռու չէ օրուան իրականութենէն։
       Առաջին մեծ պատերազմէն ի վեր քանի՜ համագումարներ կրնաք համրել, որ յանգած չըլլան «մահագումար»ներու, - պատերազմ, ջարդ։ Մահ եւ աւեր։ Առ նուազն մահասարսուռ մղձաւանջ։ Ինչպէս այսօր։
      
       25 Փետրուար 1949