Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ՍԻՐԱԽՕՍԱԿԱՆ»
      
       Նոր գիրք մը եւս, այս անգամ Իտալիայէն (Միլանօ)։
       Անունը՝ «Սէր եւ Ամուսնութիւն»։
       Ի՞նչ մեղքս պահեմ։ «Ստացանք»ով մը պիտի գոհանայի, եթէ հեղինակը վարդապետ մը չըլլար։ Այն ալ ծայրագոյն եւ «Միաբան Ուխտին Սրբոյ Յակոբեան» Երուսաղէմ։
       Թունդ բարեպաշտ եւ քաջ աստուածաբան, Զգօն Ծ. Վ. Տէր Յակոբեան յառաջաբանով մը կը բացատրէ այս հրատարակութեան «առիթը եւ նպատակը»:
       - «Հովուական պաշտօնիս ընթացքին, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, յաճախ ցաւով հանդիպած եմ խռոված ընտանիքներու եւ խորտակուած բոյներու, երբեմն առանց լուրջ պատճառի»։
       Անշուշտ «ամէն տեղ կան նման պատահարներ։ Կարելի է անոնցմէ շատերուն առաջքը առնել»։
       Ուրեմն, վարդապետը կ’ուզէ «նորապսակներուն երջանկութեան ուղին հարթել, գործնական առաջնորդութիւն մը տալով անոնց»։
       Այս առաջադրութեամբ, Զգօն Ծ. Վ. գիրքը բաժնած է հետեւեալ գլուխներուն. -
       Ամուսնականք - Նշանականք - Պսակականք - Սիրախօսականք։
       Առաջին երեք նիւթերը կը բաղկանան սովորական գիտելիքներէ, ուր լայն տեղ տրուած է Աստուածաշունչէն քաղուած վկայութեանց։
       Ամէնէն համով հոտով մասը վերջինն է. «Սիրախօսականք»։
       Վարդապետը հատընտիր ծաղկաքաղ մը կազմած է, - մեծ մասով թարգմանութիւն անգլերէնէ։
       Ինչո՞ւ կրած է այս յոգնութիւնը:
       - «Ոչ միայն սրելու հետաքրքրութիւնը սիրողներուն, կամ նոր թափ տալու անոնց սիրոյն, այլ մանաւանդ ընդլայնելու համար ընթերցողներու հասկացողութիւնը սիրոյ մասին»։
       Յաջողա՞ծ է այս վսե՜մ առաջադրութեան մէջ։
       Բաւական է կարդալ քանի մը նմոյշներ, դատելու համար թէ ի՛նչփորձանքներու կը հանդիպի կուսակրօն վարդապետ մը, երբ կը խառնուի այս կարգի «սիլի-պիլի» գործերու։
       Երեւի վարդապետը մոռցեր է որ «շատ գիտցողը կը սխալի»։
       Մանաւանդ երբ անգլերէն ալ գիտէ եւ անգլեւսաքսոն աստուածաբանութեան հետեւած է։
      
       20 Յունուար 1954