Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
286 ՏԵՍԱԿ ՊԱՆԻՐ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ
      
       Տեղական թերթ մը զօր. տը Կոլի կը վերագրէ հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ իբրեւ թէ եղած է բարեկամական շրջանակի մը մէջ:
       - «Ի՞նչպէս կրնամ միութիւն հաստատել Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ, որ 286 տեսակ պանիր ունի»։
       Մեղքը պատմողին վիզը։
       Ամէն պարագայի մէջ, կը զարմանամ զօրավարին յոռետեսութեան վրայ։
       Ո՞վ պիտի կրնար ապացուցանել թէ պանիրի տեսակներուն բազմազանութիւնը չարիք է եւ ոչ թէ բարիք։
       Թող փորձեն կիրակի օր մը Միւթիւալիթէի մեծ սրահին մէջ սարքել հարիւր կամ երկու հարիւր տեսակ պանիրներու ցուցահանդէս մը, ժողովուրդին վերապահելով թիկնաթոռները եւ վերնատունը։
       Եւ թող մուտքը ազատ հռչակեն։ Առանց դաւանանքի, դասակարգի, սեռի եւ տարիքի խտրութեան։
       Որքան ալ հակամարտ եւ այլազան տարրերէ բաղկացած ըլլայ հանդիսատես բազմութիւնը, տասը վայրկեանէն պիտի վերածուի միացեալ ճակատի մը։
       Պիտի տեսնէք, որ երկուերեք հազար ներկաները անմիջապէս պիտի կազմեն միատարր եւ միաձոյլ զանգուած մը, խելօքիկ եւ մեղրանոյշ նայուածքներ փոխանակելով։
       Բազմազան պանիրներուն միայն հոտը բաւական է այս հրաշքը գործելու։
       Ո՜ւր էր, որ մենք ալ եթէ ոչ 286, գոնէ 86 տեսակ պանիր ունենայինք։
       Այն ատեն ոչ միայն մեքենաբար միութիւն կը գոյանար, այլեւ Արարատ բարձրացած կ’ըլլայինք, մեր ետեւէն քաշելով միջազգային բազմութիւն մը։
       Թող անոնք Նոյի Տապանը փնտռէին, մենք ալ «Միացեալ»ի ճամբան հարթած կ’ըլլայինք։
       Մինչդեռ այսօր քառասուն ճակատներու բաժնուած ենք, ի սփիւռս աշխարհի։
       Պարզապէս անոր համար որ, ոչ թէ պանիրի բազմազան տեսակներ ունինք, այլ երեք անգամ 286 տեսակ… «ուսումնական»։
       Եւ ի՜նչ տեսակներ կան, որ հասարակ պանիրի մը համն ալ չունին։
      
       8 Նոյեմբեր 1952