Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱՐԵՄԻՏ ԲԱՅՑ ՀՈՒՄ
      
       Հետաքրքրութեամբ կարդացի տեսութիւն մը՝ հետեւեալ խորագրով. «Երիտասարդ գրողներու հակազդեցութիւնը Իսթանպուլահայ գրականութեան վրայ» (Լուսաղբիւր, 1953 ՅունիսՅուլիս)։
       Յօդուածագիրը փորձեր է ապացուցանել թէ գրական նոր սերունդ մը հասած է Պոլսոյ մէջ։
       Իր վկայութեան համաձայն, այդ սերունդը իրական, կենդանի, տենդենցիոզ գրականութիւն կը մշակէ 1945էն ի վեր, մէկդի դնելով սոխակին դայլայլը, զեփիւռին գգուանքը, աստղերն ու լուսնկան եւ մնացեալը։
       Չէ՞ք ուրախանար։
       Որեւէ ճիգ՝ մշակոյթի ճակատին վրայ, արժանի է գնահատութեան։ Ո՛ւր որ ալ կատարուի։
       Կը պատրաստուէի ծափահարել պոլսահայ նոր սերունդին յառաջդիմութիւնը, սակայն ձեռքերս յանկարծ թուլցան։
       Յօդուածագիրը կարգ մը ոտանաւորներ արձանագրած է, իբրեւ նմոյշ նոր եւ «ձգտումնաւոր» գրականութեան։
       Ահաւասիկ հատ մը. -
      
       Կիկօն կամուրջին վրայ է
       Շոգենաւը տիւթ կ’ընէ կ’երթայ
       Կիկօն բազրիքին յենած կը նայի
       Ամէն շոգենաւ գալուն Կիկօն կ’ուրախանայ։
       Կամուրջին վրայ է Կիկօն,
       Քիթը վեր վեր կը քաշէ
       Մարդիկ կուգան, մարդիկ կ’երթան
       Կիկօն կամուրջին վրայ է
       Շոգենաւը տիւթ կ’ընէ կ’երթայ։
      
       Վախնալով, որ բան չենք հասկնար, կամ «զաւեշտ» մը կը նկատենք, յօդուածագիրը անմիջապէս օգնութեան կը հասնի։
       Արդարեւ, այս ինը տող ոտանաւորին կցեր է ինը արձակ նախադասութիւն, բացատրելու համար իւրաքանչիւր տողին խորախորհո՜ւրդ իմաստը. -
       Կիկօն կամուրջին վրայ է - Կը նշանակէ տուն-տեղ չունի. զբաղում չունի։
       Շոգենաւը տիւթ կ’ընէ կ’երթայ. - Այս տիւթը չունեւոր տղուն միակ զբօսանքն է։
       Կամուրջին վրայ է Կիկօն. - Գործ չունի, դրամ չունի, ընտանիք չունի. ո՞ւր երթայ։
       6. Քիթը վեր վեր կը քաշէ. - Թաշկինակ առնելու դրամ չունի։
       Եւ այսպէս մնացեալը։
      
       Ուրիշ նմոյշ մը, «Վաստակաւոր ուսուցիչը». -
      
       Մէկ աշակերտը առեւտրական
       Մէկ աշակերտը սեղանաւոր
       Քարիւղի թագաւոր
       Լեմոնի թագաւոր
       Ինք՝ ամէնուն թագաւոր՝
       Անօթութեան թագաւոր։
      
       Ահա ձեզի «արիւնով գրուած» բանաստեղծութիւններ։ «Նիւթի, խորքի, ձեւի, ոճի, արտայայտութեան, լեզուի, բառերու նորութիւններով»։
       Դժբախտաբար, արուեստին հետ, լեզուն ալ «տիւթ» կ’ընէ կ’երթայ, այս բարեմիտ մարզանքներուն մէջ։
      
       1 Սեպտ. 1953