Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4

Ժամանակը զանոնք բաժնեց իրարմէ: Աղէտին առաջին ամիսները անսահման սէրով ու գորովով իրարու սեղմուած, իրարու կապուած էին Փարիզի մայթերը նետուած երիտասարդները, մեծ մասամբ տակաւին մանուկ: Ծննդավայրէ, ընտանիքէ, ապագայէ խլուած հայ տղաքը այդ օրերուն մէկզմէկու կառչեցան ուղեկորոյս, մինչեւ որ ատեն անցաւ, կրցին քայլ նետել, մինչեւ որ պեխեր բուսան: Թաւալող տարիները հետզհետէ բաժնեցին սակայն զանոնք իրարմէ: Կազմուող նկարագիրները հեռացան զատուող ճամփաներու հովահարով, եւ դժուարին կենսաշահութիւնը, կեանքի պահանջքները, մանաւանդ սա եռուզեռ կեանքը փչեցին այդ տկար խումբին վրայ ու ցրուեցին. փետուրներ թռան: Մառիանն իր անդիմադրելի հմայքով մօտեցաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին եւ քաշելով տարաւ հոն, տարաւ հոս: Հոն թէ հոս, յաղթանակը միշտ նոյնը մնաց. միշտ նոյն Նէնէթը, Մանոններու, Նինոններու, Նանաներու թոռնուհին: Ոմանք ամուսնացան, շատեր ապրեցան բարեկամուհիներով, պարպուեցաւ Հայոց եկեղեցին, մեկնող նամակներու թիւը նուազեցաւ եւ, անշուշտ, հեռուն մայրեր լացին:

Հիմա կը մնան միայն պզտիկ խումբեր, կազմուած ճշմարիտ, անկեղծ բարեկամներէ, որոնց հոգիներու միացումին մէջ տակաւին կը պլպլայ հայութիւնը, շիջումի զառիթափին վրայ սա յորձանքէն դժգունած: Ան կը պլպլայ, մինչեւ որ մարի:

Ահա այսպիսի խումբ մըն են կազմած սա հինգերը, որոնց ապահովաբար վերջին հաւաքոյթն է այսօրուանը: Վերջինը՝ քանի որ Միսաք պիտի մեկնի: Օրապահիկը շահելով հանդերձ ան հետեւեցաւ մեծ զոհաբերութիւններով ատամնաբուժական վարժարանի դասընթացքին ու կրցաւ վերջապէս վկայականը շահիլ։ Հիմա ալ կ՚երթայ Մարսեյլ, ուր պիտի աշխատի հօրեղբօր հետ, որ հոն կօշկակար է: Պիտի մեկնի նաեւ Պետրոս: Ե՞րբ, ո՞ւր, ի՞նչ ընելու: Ոչ մէկ բացատրութիւն: Պետրոս անշուշտ պիտի չզիջեր խոստովանիլ, ոչ իսկ իր ընկերներուն, թէ պիտի վազէ Նէնէթին ետեւէն: Այո, դէպքին յաջորդ օրուընէ ի վեր Պետրոս կը սպասէ հետզհետէ շատցող անհամբերութեամբ մը, Նէնէթին մօտեցող քայլերուն, Նէնէթին մօտեցող բոյրին: Սպասեց, սպասեց, հեւքով, տառապանքով, սիրով, բայց ան չեկաւ, ան բնաւ չվերադարձաւ: Եւ հետզհետէ աւելի ձեւ, գոյն ու բոյր ստացող կարօտը բացակայ այն ոսկի գլուխին, դիւրութեամբ ցրուեց անպաշտպան մտածումներ: Ահա այդպէս, երկրորդ նպատակի մը ծառայելու համար խոշորցուած ու չափազանցուած խորհրդածութիւնները հեռանալով, երիտասարդը ձգեցին առանձին ինքզինքին հետ, իր սէրին հետ, իր սիրական Նէնէթին հետ: Հիմա ալ սպառած են ուժերը, հիմա ալ սպառած է հպարտութիւնը, եւ ան պիտի վազէ միւսին աւելցող ջերմութեան: Ի՞նչ պիտի ընեն: Հրաչը շատ լաւ արեւելեան կերակուրներ պատրաստել գիտէ, առատ իւղով, քանի մը ֆրանկով, խեղկատակութիւններով: Իրա՛ւ, իր սա երկու սենեակնոց յարկաբաժինին մէջ ամէն ինչ կնոջ մը բացակայութիւնը կը պոռայ, սակայն այր մարդու մը համար խիստ գովելի կոկիկութեամբ մըն էր յարդարած ճաշասեղանը, որ հիմա աւերակոյտի մը երեւոյթն ունի: Պնակներ, կերակուրի մնացորդներ, իրար խառնուած աղանդերներ, կէս մը լեցուն գաւաթներ, փրցուած հացի կտորներ եւ գետինը, ոտքերու տակ թաւալող գինիի շիշէր:

Կերան, կը շտացան, խմեցին, յղփացան: Սեղանին շուրջ մարմինները ցցուեցան այլեւս, աթոռները ճռնչեցին ու գլանիկներու ծուխը բարձրացաւ: Ամէն անգամ, որ այդպէս հաւաքուին Հրաչին սենեակը, նախ կը խօսին «տուն»է եկած նամակներու եւ գործի վրայ, իրարու կը պատմեն աղջկան դէպքեր, սիրարկածներ, յետոյ երկարօրէն կը վիճին պատահած վերջին փարիզեան ոճիրներուն եւ դատավարութիւններուն շուրջ, զանոնք աւարտելու համար երգով: Գինիի առաջին գաւաթներուն յաջորդողը երգը կ՚ըլլայ. «Ես սիրեցի մի զոյգ աչեր»ը ու այղ խռպոտ համերգը կ՚աւարտուի «Հէր եէր գարանլըք»-ով: Հիմա լուռ են ալ: Սուրէնն է, որ պիտի խօսի: Անոր պզտիկցած աչքերը կը փայլին արտակարգօրէն եւ մատները մազերուն մէջ թաղելու այդ ձեւը իր վիճակը կը մատնէ: Հինգին մէջէն ամենէն աւելի բարձր, իմացականութեան տէր երիտասարդն է ան: Ընկերները տեսակ մը ակնածանք ու հիացում ունին անոր մտաւորական լայն պաշարին հանդէպ, որ իր անծանօթով կարծես կ՚իշխէ այդ պարզ տղոց ակնարկներուն վրայ: Կատարեալ գրագէտ մը ըլլալու սահմանուած մէկն է ան, որ սակայն չի գրեր, որովհետեւ կը կարդայ եւ կը ժպտի: Խիստ հազուադէպօրէն կ՚արտայայտուի այս ընկերութեան մէջ, ուր մտաւորական յարաբերութիւններէ տարբեր դրացնութեան մը գոհացում տալու կու գայ միայն: Սակայն գինին կարծես տկարցուց զինքը եւ զարմանալի անկեղծութիւն մը տուաւ իր խօսքին: Սանձարձակ արձակեց մտածումները, թափ տուաւ անոնց, արադացուց եւ թողուց, որ ջերմութեան տակ շեշտուին, սաստկանան:

Սուրէն շեղակի նայեցաւ Պետրոսին ու ըսաւ.

Դո՛ւն ալ մարդ չեղար… թո՜ւհ… Լուսանկարի՜չ, լուսանկարի՜չ… տասնոց չ՚արժէր: Մենք ամէն երկիր ունեցած ենք եւ ունինք լաւ լուսանկարիչներ, կաղապարի վարպետներ, սակայն ո՞ւր է էականը, բարձրագոյնը, գեղեցիկը: Դուն ալ կատարեալ մարմնացումն ես հայութեան: Հայը ունի լաւ նկարիչներ, բայց ո՛չ նկարչութիւն. Հայը ունի լաւ դերասաններ՝ բայց ո՛չ թատրերգութիւն. յոգնիլ չգիտցող ճամբորդներ՝ բնա՛ւ նաւապետ. Հայը ունի զմայլելի բանաստեղծներ, բայց ո՛չ գրականութիւն. Աստուածներ՝ ո՛չ դիցաբանութիւն. խնկելի յեղափոխականներ՝ բայց ո՛չ չեղափոխութիւն. Հայը ունեցած է ազատութիւններ, երբե՛ք՝ անկախութիւն։

Յետոյ գինիի գաւաթը մէկ ումպով պարպելով շարունակեց արագօրէն, առանց շրթունքները չորցնելու.

Հայը ամուլ է, անծին, անպտուղ։ Հայը դատարկ է, փուճ, ունայն, սնոտի։

«Ապրելու իրաւունք չունի ան, քանի որ չէ ծնած»։

«Բէ՜օհ, օր մը թերեւս ծնի, եւ մեր յուսացածէն տարբեր գոյնով մը. կարմիր, դեղին կամ թէ սեւ։ Սակայն մե՛նք հայութեան այս թեւը, դատապարտուած ենք կորստեան:

Մենք չենք ծնած: Boy, Cocktail!»

Գաւաթը լեցուցին ու պարպուեցաւ:

Կ՚ըսեմ ձեզ, վստահ թէ հասկնալի պիտի դառնամ, քանի որ դո՛ւք ամէնքդ ալ դժբախտ սէր մը ունեցած էք ձեր ատենին:

«Սիրահար մը, մանաւանդ դժբախտ եւ զգայնոտ սիրահար մը, գոնէ մէկ անգամ մահուան պիտի խորհի անխուսափելիօրէն: Պիտի ուզէ տապալիլ սիրուհիին ոտքերուն առջեւ, մահուամբ հարուածուած իյնալ անոր բազուկներուն մէջ ու ոգեվարիլ: Պիտի ուզէ տեսնել եւ վայելել այդ անտարբեր աղջկան յուզումն ու անձկութիւնը: Ի՜նչ գոհունակութեամբ պիտի հետեւի անոր լացին, աղերսանքին, փրկութեան ճիգերուն… Սակայն անօգուտ, անօգուտ. ուշ է ալ, եւ մանչը պիտի մեռնի, աչքերը հետզհետէ պիտի գոցուին, պիտի երթայ, պիտի մեկնի: Եւ անշուշտ իր այդ մահէն վերջն ալ պիտի վայելէ սիրուհիին ցաւը: Անշուշտ:

«Եւ մե՛նք, եւ ե՛ս, ահա, նոյն այդ անգութ հրճուանքը ունիմ, անսահման հրճուանք մը, ժանտահոտ, թոյներով պատրաստուած գինովութեան մը պէս: Վրէժ եմ լուծելու, ուրիշին ցաւին ու տառապանքին վրայէն հեշտանք գողնալու ամենաբարբարոս ծամածռութիւն մը: Թո՛ղ ան հիմա լայ, ակռաները կրճտէ, ձեռքերը գալարէ, ա՛ն, մեր ազգը, Հայը: Թող մեր պետերը գրեն, ըսեն, հաւաքոյթներու մէջ պոռան, ճչան, անօգուտ, անօգուտ: Պիտի այլասերինք ամէնքս ալ, պիտի կորսուինք բոլորս ալ:

«Ուրիշներու պէս մենք ալ մեր կրօնքը ու հաւատքը թաղեցինք պատերազմի ընթացքին: Անկախութեան մը յոյսը հալեցաւ, կորսուեցաւ յանձնուած բերդաքաղաքին հետ։ Ու հիմա կը հարուածուի մեզ վրայ բռնող մեծագոյն եւ հիմնական սիւնը` ընտանիքը: Հայ աղջիկը մնաց հեռուն, մնաց լքուած, ան, որ անհրաժեշտ էր մեր արիւնին, հակառակ իր տգեղութեան, իր չոր հպարտութեան եւ անմիջապէս մայրանալու ու ծերանալու հակամիտութեան: Ասոնք առաւելութիւններ են ուրիշի մը համար, մինչ երիտասարդ մը…

«Այն երիտասարդը տեսաւ ֆրանսացի աղջիկը, Գերմանացին, Իտալացին, Յոյնը, Ռուսը, օր մը անոր բոյրը ծծեց, օր մը միւսը, գիշեր մը այս պանդոկը մնաց, ուրիշ առաւօտ մը տարբեր սանդուխներէ իջաւ, սիրուեցաւ քանի մը անգամներ, մինչեւ որ ինք ալ սիրեց օր մը, դուռ մը ետեւէն գոցելով:

«Այժմ հայուհին իր յիշողութեանը կը ներկայանար միայն երկու հաստ սրունքով ու քիչ մը պեխով:

«Ի՜նչ փո՜յթ, ինչ փո՜յթ»։

«Ներքինիներ են մեր բոլոր պապերը. անոնք ոչինչ կրցեր են քանդակել միսին վրայ, անոնք ոչինչ կրցեր են քանդակել միսով: Մեր մէջ մեծ պակաս մը կայ, զոր պէտք էր լեցնել գիտնային: Մենք Հայաստան չենք ապրած, անոր հողն ու օդը անծանօթ են մեզի. անոր բարքերն ու սովորութիւնները մեզ չեն կռած եւ բնական է, որ մենք սիրենք մե՛ր ծննդավայրը միայն, այսինքն երկինք մը օտար: Մեր նախնիքներուն իրարու յաջորդող անվերջանալի սերունդները չեն կրցեր մեզ փրկել, չեն կրցեր մեզ այն մեծ սէրը տալ: Պոռոտախօսութիւնները կը ցնդին բոլորն ալ. ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը կարօտ է մանաւանդ մեր պարագային անցեալի մը, մեծութեան, օրինակներու:

«Ըսի, հայրենիքի մը գաղափարը շատ անգամ գարշապար մըն է:

«Հայրենիքի մը գաղափարը շատ անգամ հերոս մըն է:

«Հայրենիքի մը գաղափարը շատ անգամ աւանդավէպ մըն է:

«Այդ մեծ սուտին տեղ մենք դրեր ենք կեղծիքը Մեր ամբողջ պատմութիւնը ապացոյց։

«Հերոսին տեղ դրեր ենք մշակներ Մեր պարապ եղունգները ապացոյց։

«Հաւաքական ճիգին տեղ դրեր ենք հայդուկներ մեր բոլոր վանքերը ապացոյց:

«Աղիքներու ճիչին տեղ դրեր ենք արցունքներ մեր բոլոր բանաստեղծները ապացոյց:

«Աստուածային կիրքին տեղ դրեր ենք հարսներ մեր բոլոր արախչինները ապացոյց:

«Գաղափարականին տեղ դրեր ենք կաղապարներ Մեր բոլոր գիրքերը ապացոյց։

«Պայքարին տեղ դրեր ենք կռուազանութիւն մեր բոլոր կուսակցութիւնները ապացոյց»:

«Անոր տեղ դրեր ենք այո՛ մեր հոգին ապացոյց»:

«Ձուլուեցէք, ձուլուեցէ՛ք, ձուլուեցէ՛ք, Boy, Cocktail!»։

Լեցուցին ու խմեց: Միսաք ըսաւ.

Աղէկ, որ այդ խօսքերդ ուրիշին չես ըսէր. քեզ անմիջապէս դաւաճան, ազգուրաց, վատասերած պիտի անուանէն: Յանցանքը քուկդ չէ սակայն. գինիինն է: Կարծեմ քիչ մը շատ փախաւ…

Անհոգ եղիր, ան գինով չէ, պատասխանեց Պետրոս իր լաւագոյն լրջութեամբ. գինովի կամ դաւաճանի խօսքեր չեն ասոնք: Ընդհակառակն, ես պիտի ուզէի, որ մեր աղաները իմանային այս ըսածները եւ փոխանակ հաջելու կամ հայհոյելու, վերջապէս ըմբռնէին տիրող մթնոլորտին ծանրութիւնը, ըմբռնէին աղէտը եւ դարմանին խորհէին եթէ կարելիութիւնը կայ… եթէ կարելիութիւնը կայ…

Հրաչ՝ որ իր խառնուածքով հակառակ է սովորականէն քիչ մը բարձր նիւթեր խորացնելու, որ անընդունակ է չափազանցուած ճշմարտութիւն մը ըմբռնելու, սկսաւ նեղուիլ: Պէտք էր, որ իր Հայու հանգամանքով վարժուած ըլլար այսպիսի նախադասութիւններու ուռուցիկ շեշտին, սեւ յոռետեսութեան եւ ազգ մը քանի մը նախադասութիւնով դատելու սովորութեան, սակայն սկսաւ նեղուիլ եւ ուզեց նիւթը փոխել` գոչելով մանուկի մը պէս.

Հա-յաս-տանի պատ-կեր-նէ, պան մը տուէք, նա-յե-ցէք: Հա-յաս-տանի պատ-կեր-նէ: Բան մը տուէք, նայե-ցէք. Հա-յաս-տանի պատկերնէ…

Լռեցուցին զայն, եւ Սուրէն շարունակեց.

Հայաստանի պատկերն է, ո՜հ, նայեցէք, տուէք ինչ որ ունիք, բայց նայեցէք, որովհետեւ ձեզմէ ոչ ոք տեսած է զայն եւ դեռ պիտի չտեսնայ… Քանի-քանի անգամներ փորձութիւնը ունեցած եմ կերտելու այդ մեծ պատկերը, այնպէս, ինչպէս որ պէտք է, այնպէս, ինչպէս որ ես պէտքը կը զգամ… Ծայրէն սկսիլ մեր պատմութիւնը, գոնէ միայն ինծի համար, գոնէ միայն իմ նմաններուս համար:

«Որքան որ մտածումս ետեւ տանիմ, Հայերը կը տեսնեմ միշտ այնպէս, ինչպէս որ են այսօր: Պզտիկ, գաճաճ, տխեղծ։ Իւրաքանչիւրը անդիմադրելի պաշտամունքը ունի ի՛ր կաշիին, ի՛ր մորթին։ Եսամոլ, անձնասէր, անմիաբան, նպարավաճառ… մինչեւ այն օրը, երբոր չեմ գիտէր, ո՛ր հարսնիքին, երկնքէն ոսկի, արծաթ ու մարգրիտ տեղաց ամբողջ օր մը եւ գիշերն ողջոյն… ոսկի, արծաթ, մարգրիտ. Boy Cocktail!

«Հոն, ուր ահագին հարստութիւն կայ, հոն ծայրայեղ թշուառութիւն կայ»:

«Այն երկիրը ուր խոր թշուառութիւն կայ, հոն ազատութիւն կու գայ»։

«Եւ եղաւ ազա՜տ, եւ եղաւ ազատ»։

«Մեր այն թագաւորը, որ կը կոչուէր Աբգար, Գագիկ կամ Խոսրով, հաւաքեց իր երկրին բոլոր այն անձերը, որոնց համար կ՚ըսէին, թէ խելացի են, իմաստուն, պայծառատես եւ լուսամիտ: Հաւաքեց բոլորն ու ջարդեց: Հայը շա՜տ իմաստուն մարդ ունէր. ատոր համար օրե՜ր, օրե՜ր, օրե՜ր ջարդեց cocktail!: Յետոյ պահանջեց, որ Ազգային Երգ մը գրուի: Ամէն ոք եկաւ ու երգեց ի՛ր երգը. չհաւնեցաւ ոչ մէկին, որովհետեւ խուլ ըլլալուն լաւագոյն հասկացողութիւնը ունէր: Այն ատեն մղեց անվերջանալի պատերազմներ, թշուառացուց, տառապեցուց եւ արիւնեց իր ազգը երկա՜ր, երկա՜ր տարիներ, մինչեւ որ օր մը մեծ Երգը պայթեցաւ բոլոր բերաններէն նոյն զմայլելի՜, վսեմագո՜յն վանկերով: Այսինքն մէկ վանկով «ՄԵՆՔ»:

«Յաջորդ թագաւորը, որ կը կոչուէր Աբգար, Գագիկ կամ Խոսրով, կոյր էր: Ան կը բնակէր բարձր սարահարթի մը վրայ կառուցուած մեծ պալատը, որուն առջեւ իր մայրաքաղաքը կը խորանար երկու լեռնաշղթաներու կազմած հովիտին մէջ: Երբոր արշալոյսը ծիրանի կ՚ուտար լեռներու շրջագիծին, հովիտը կը լեցուէր մշուշով, սպիտակ, թանձր, անթափանց մշուշով մը, որ կարծես բամբակի ծով մը ըլլար: Պալատին մարմար սանդուխներէն իջնելով` թագաւորը իր արօրը կը լծէր ու կը մտնէր այդ դաշտին մէջ: Երկա՜ր, երկար ակօսներ կը բանար մշուշին վրայ, եւ ճակատը արշալոյսին` բուռ բուռ կը ցանէր ձիւն ակօսներուն մէջ ներքին ձայներ եւ լռութիւն… Վարը դեռ քնացող իր զաւակներուն համար բուռ բուռ ձայներ, ներքին ձայներ եւ լռութիւն:

«Ըսի թէ կոյր էր ան. եւ որպէսզի լաւ տեսնէ, իր ամբողջ գահակալութեանը ընթացքին թռչնիկի մը երկու պզտիկ թեւեր անցուց իր ականջներուն»:

«Իր որդին սակայն, որ կը կոչուէր Աբգար, Գագիկ կամ Խոսրով, սիրեց Գեղեցիկը: Հրամայեց, որ իր մարդիկը մտնեն ամէն տունէ, ամէն օջախէ ներս եւ սպաննեն այդ ընտանիքին է՛ն սիրական անձը, հայր, մայր թէ որդի: Ամբողջ երկիրը եղաւ սգաւոր, զմայլելի, վեհ, ազնուադրոշմ: Մաքրութի՜ւն, մաքրութի՜ւն: Ծնան հանճարներ, ծնան մարդիկ: Այդպէս է, որ մէկը հայկական տառերը մոռցաւ, եւ այդպէս է, որ մէկը թագուհիին ծնրակապը փրցուց իր ակռաներով:

«Թագաւորը չհաւնեցաւ իր քաղաքներուն, անոնց բթամատներուն, շուրջի ակնարկներուն, հրամայեց, որ անմիջապէս նորոգութիւններ սկսին ամպերու վրայ»:

«Հրամայեց, որ ամէն ոք իր ամենօրեայ աղօթքը պոռայ կանացի գուլպաներու մէջ միայն»:

«Հրամայեց, որ կարաւանները հանգրուանի մը մօտեցած ատեն իրենց գնացքը արագացնեն, որպէսզի ոչ մէկ ճամփորդ հասնի իրենց»:

«Հրամայեց, որ իր հպատակներէն ոչ մէկը նայի երջանկութեան յետոյքին»:

«Հրամայեց, որ նաւերը մեկնելով հոսկէ հասնին հոն, սակայն կայմերու վրայ միայն առագաստ պարզուի»:

«Հրամայեց, որ մարդիկ պտըտին խցհաններով եւ չնստին բնաւ սանդուխներու վրա»:

«Հրամայեց, որ կիները ծնին զաւակներ, սակայն այդ զաւակները աշխարհ մտած ատեն չիյնան իրենց ծունկերուն վրայ»:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք չսկսի հաշուել հարիւրմէկէն մեկնելով»:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք ամպ մը չդնէ լուսնին շուրջ եւ չլայ, եւ չխնդայ»:

«Այլ միայն, բայց միայն… Boy, boy!…

Խոկումի երկար պահէ մը վերջ Միսաք ըսաւ.

Սուրէն, պէտք է, որ գրես այդ ըսածներդ. պէտք է, որ ա՛լ լրջօրէն աշխատիս եւ արտադրես: Քիչ մը առաջ կ՚այպանէիր Պետրոսը, սակայն դուն ալ նոյն արիւնէն ես: Մի՛ մնար «անծին, անպտուղ»: Ինչո՞ւ կը շարունակես խորհիլ ուրիշներու պէս, թէ վատնելիք ճիգդ բանի մը պիտի չծառայէ, անօգուտ է եւ թէ պարզ սպառում մը պիտի ըլլայ: Մի՛ ըլլար այդքան դիւրազգաց եւ քանի մը տխմարներու կարծիքով մի՛ ուժաթափուիր, մի՛ յուսալքուիր: Հայոց կարծիքը մի՛ փնտրեր, մանաւանդ թերթերուն մէջ, եւ խորհէ, որ թերեւս օր մը…

Լռեց սակայն, Սուրէնին արձակած ակնարկէն ըմբռնելով, որ մտածումը սխալ ճամփու մը մէջ էր: Իսկ Հրաչ, որ չէր անդրադարձած, ուրախութեամբ ճչաց.

Է՛յ, խըեախ կ՚ըլլայ. անունն ալ կը դնենք «Թէ ինչպէ՜ս կորաւ մեր ազգին գահը»…

Դուն լռէ՛. խնդիրը երբոր սիրաբանութեան վրայ չէ, դուն կարծիք չունիս:

Ինչ ըսի՞ր, mon chéri!

Անշո՛ւշտ, չե՞ս հասկնար, որ ճիշտ հակառակը ըսել կ՚ուզէ, թէ ալ բան մը պիտի չկորսուի, քանի որ կին կայ, եւ սէր, եւ մերկութիւն, եւ լռութիւն…

Սուրէն, որ սկսած էր ժպտիլ իր այն մութ ժպիտով, նիւթը հեռացնելու համար ըսաւ.

Այն նաւը, որուն վրայ կնոջ պաշտամունք կայ, այն նաւը չի կորսուիր նոյնիսկ, երբոյ ընկղմի:

Այս խօսքէն ուժ առած` Հրաչ վերսկսաւ իր հանկերգը նոյն մանկապարտիզեան շեշտով.

Հա-յաս-տա-նի պատ-կեր-նէ. պան մը տուէք, նա-յե-ցէք. Հա-յաս-տա-նի պատ-կեր-նէ. պան մը տուէք, նա-յե-ցէք…

Է՜յ, Աստուծո՛յ սիրուն, ցուցուր սա պատկերդ, լմննայ երթայ:

Հրաչ ոտքի ելաւ, սակայն վարանեցաւ, չուզեց ցուցնել եւ կարծես զղջաց ըրած առաջարկին համար: Բայց երբոր ամէնն ալ պնդեցին, զուարճալիք նիւթ մը գտած ըլլալու յոյսով, սկսաւ ամօթխած աղջկան մը ձեւերը առնել եւ իր է՛ն անգիտակից խնդուքովը փթթիլ։ Մէկէն ձիթապտուղի կուտ մը ինկաւ իր բաց բերնին մէջ, փթթումը ընդհատելով: Այն ատեն Հրաչ գոցեց բերանը եւ բացաւ դարանը: Մէջէն մեծ խաւաքարտ մը վերցուց ու զայն կուրծքին սեղմած դարձաւ տղոց, կրկին խնդաց «հի՛, հի՛, հի՛» եւ թեթեւսոլիկ շեշտով մը ըսաւ.

Միայն թէ տակաւին պէտք եղածին պէս չէ աւարտուած… Պետրոսին ձեռքը կը համբուրէ… սանկ պզտիկ retouche մը…

Երբոր խաւաքարտը իր երեսը դարձուց սեղանին, չորս բերաններէն միաժամանակ նոյն բացականչութիւնը թռաւ:

Բաւական մեծ agrandissement մըն էր, որ կը ներկայացնէր երիտասարդ աղջիկ մը, ոտքի, դասական ծեքծեքուն կեցուածքով, թեւերը քիչ մը բաց, ժպիտը դէմքին եւ ամբողջութեամբ մերկ:

Տղաքը կը պատրաստուէին մէյ մէկ ածական նետել կնամոլ Հրաչի երեսին, երբոր Փիէռ վեր նետուեցաւ իր աթոռէն ու պատկերը խլեց առաւ:

Ծօ դուն ո՞ւրտեղէն առիր աս…

Քու սենեակէդ:

Իմ սենեակէ՞ս…

Փիէռ այնպիսի շեշտով մը արձակեց իր բառը, որ ոչ ոք տարակոյս ունեցաւ սխալ մը պատահած ըլլալուն մասին: Հրաչ նախ զարմացաւ ու յետոյ շփոթեցաւ, վախնալով, որ թերեւս անդարմանելի վիշտ մը կը պատճառէր իր ընկերոջ. եւ դէպքերուն անծանօթ՝ չգիտնալով ինչ դիրք բռնել գոնէ իր պատասխանատուութիւնը փրկելու մտադրութեամբ, աւելցուց մեքենաբար.

Քու սենեակէդ… Չե՞ս յիշէր ինծի խոստացած էիր մերկ կնոջ պատկեր բերել… այն գիշեր երբոր կօշիկներդ բերի, լուսթռին կօշիկներդ, որ Տիկնանցի պարահանդէսին համար փոխ էի առած քեզմէ, մահճակալին տակը դրած ատենս գտայ… Հոն նետեր էիր ապակին:

Երկու ձեռքերուն մէջ բռնած, Փիէռ նայեցաւ այդ պատկերին, նայեցաւ… Ի զուր Միսաք ջանաg զուարթութիւնը կատակներով շարունակել. բոլորը մէկ լռեցին: Քանի անգամ, որ Հրաչը համարձակեցաւ ակնարկը բարձրացնել Փիէռի դիմագիծին, զղջումը եւ շփոթութիւնը աւելցաւ:

Էյ, ի՜նչ ընենք, Պետրոս, ատոր համար մի նեղանար… կը պատռենք կը լմննայ… Ես ի՜նչ գիտնամ, ապակիին վրայ ալ «անգործածելի» գրուած էր… Ես ի՜նչ գիտնամ…

Բայց յանկարծ Պետրոս շառագունեցաւ: Արիւնը այնպիսի ուժգնութեամբ մը խուժեց այտերուն, գլխին, ականջներուն, որ Միսաք վախնալով ուզեց պատկերը ձեռքէն առնել. չկրցաւ բնաւ: Պետրոս գամուած էր կեցած տեղը եւ ձեռքերը կը դողային: Յետոյ նոյնքան շուտով դեղնեցաւ, եղաւ տժգոյն, սպիտակ… ուզեց բան մը ըսել, սակայն ֆրանսերէնը խառնուեցաւ հայերէնին հետ եւ հայհոյութենէ մը զատ բան մը չհասկցուեցաւ: Երբոր գլուխը բարձրացուց, ակնարկը ինկաւ Սուրէնին վրայ, որ կզակը մէկ ափին մէջ, պատառաքաղովը ձուկի մը պոչի հետ կը խաղար: Փիէռ փախաւ խենթի մը պէս:

Երբոր փողոց հասաւ, չուզեց իր աչքերուն հաւատալ. կրկին նայեցաւ պատկերին, բայց միշտ չուզեց հաւատալ:

Յետոյ վազեց, վազեց, անձրեւին տակ, հովանոցնէրու զարնուելով: Ամէն վայրկեան կ՚ուզեր նայիլ, չէր համարձակէր. շատ անցորդ կար. չէր համարձակեր… Յանկարծ գտաւ միջոցը. միզարան. հոն առանձին պիտի ըլլար: Անդադար փողոց դարձաւ, մինչեւ որ գտաւ հատ մը. ներս մտաւ, նայեցաւ, նայեցաւ… ձեռքը տարաւ գրպանին բան մը առնելու համար, բայց… երբոր դուրս ելաւ, իրեն այնպէս թուեցաւ որ մարմնին սեղմած խաւաքարտը պէտք եղածին պէս չէր կրնար ծածկել եւ անցորդները կը տեսնէին: Կոտրեց զայն ծունկին վրայ եւ վազեց, վազեց:

Սենեակ հասնելուն պէս, հանեց գրպանէն այն պզտիկ պատկերը, որ Նէնէթին երիտասարդութիւնը կը ներկայացնէր եւ զոր գողցեր էր Սէն-ժորժ ըրած վերջին այցելութեան ընթացքին: Հիմա այլեւս կասկած չկար, թէ մերկ աղջիկը Նէնէթն էր. կասկած չկար Նէնէթն էր: Եթէ երբեք առաջին օրն իսկ Փիէռ չէր ճանչցած զայն ապակիին վրայ, պատճառը արտակարգ retoucheն էր, այդպիսի աշխատութիւններու համար անհրաժեշտ: Մինչդեռ հոս, ամբողջութեամբ լուացեր էին զայն, միսին բոլոր մանրամասնութիւնները ունենալու համար անեղծ: Օհ, Հրա՜չ, Հրա՜չ… ինչպէ՞ս, այո՛, Տիկնանց, լուսթռին կօշիկներ, ձուկին պոչը, «անգործածելի»: Բայց այն ատեն ինչո՞ւ Լէսքիւռ պահէր էր այդ դեղնած ապակիներուն տուփը. միշտ Նէնէթին կարենա՞լ սպառնալու համար… «անգործածելի», Նէնէթը, Նէնէթը… Բայց ան ստիպուած էր. դրամագլուխ չունէին առաջին ամիսները, երբոր Ճոնին մերկ կնոջ պատկեր ուզեց. եւ քանի որ չունէին, ինք եղաւ ենթական… Միշտ այդպէս… այդպէս առանձի՞ն լուսանկարուեցաւ. թէ յետո… Ոհ, երբե՛ք, երբե՛ք ան միւսները… «Խափշիկներուն եւ Սենեկալցիներուն հետ, յետոյ Ամերիկացիները», զինուորներ, զինուորներ, կոպիտ, քաղցած, անասնական կիրքեր, սպաննուածներու վրայ Նէնէթի պատկերներ, ծածկուած եւ արիւնոտ Նէնէթներ… անոնք, որոնք խրամին մէջ անկիւն մը պիտի գոհանան… որոնք գոհացան Նէնէթով…

Նէնէթով… ի՛ր Նէնէթով…

Ինկած էր մահճակալին վրայ իր ամբողջ երկայնքին ու կը ցնցուէր, կը ցնցուէր, կը ցնցուեր…

Դեռ այսպէս պիտի անձրեւէ երկա՜ր մթնշաղներ, եւ դեռ այսպէս պիտի անձրեւէ երկար, անվերջանալի տեսիլներ: