Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

5

Դժուարին ոստում մը ընկրկում կը պահանջէ։ Պէտք է նախ խօսիլ, անդադար, անվերջանալիօրէն խօսիլ որեւէ մէկուն հետ, որպէսզի յետոյ լռութեան առջեւ մեր խօսքերը մենք չիմանանք:

Կարծես ճիշդ ատոր համար է, որ Փիէռ դէպի Նէնէթը ընելիք իր ոստումին կարենալ պատրաստուելու համար, փախած էր իր պանդոկէն: Երեք գիշեր Միսաքին սենեակը անցուց, այդ սիրելի ընկերոջ մտերմութեան մէջ մոռնալու համար անցեալ օրերու տառապանքը եւ գողնալու քիչ մը ժպիտ՝ Մոնմառթրեան շէնշող բարձունքներէն: Տանիքի մը քմահաճոյքներուն մէջ սեղմուած ծառայի սենեակ մըն էր այն, աստղաբաշխութեան մօտիկ, Միսաքին անսպառ զուարթութեամբը ու գաջէ ակռաներովը լեցուն: Հոդ անցուցած անվերջանալի եւ անմոռանալի երեք գիշերներուն գործը անմիջապէս քանդուեցաւ, կորսուեցաւ, չքացաւ սակայն, երբոր երէկուան իրենց ընկերական հաւաքոյթին Հրաչ կնոջ մերկ պատկեր ցուցուց: Պետրոս կրկին ինկաւ բրտօրէն իր պատեանին, իր ցաւին մէջ, իրականութեան մէջ: Երբոր կը խոյանար սանդուխներէն վեր, մտածումէն հալածուած ու բազրիքը դողացնելով, չլսեց բնաւ պանդոկապետին կանչը, որ ծրար մը ձեռքին` իր անունը կը պոռար: Խաւաքարտէ այդ չարաշուք շերտին հետ առանձնանալու տենչանքը կուրօրէն կրկին իր խուցը կը նետէր, քանի մը օրուան բացակայութենէ յետոյ, նորէն առանց Նէնէթի, նորէն Նէնէթով:

Դժուարին գիշերը անցաւ: Յաջորդ առաւօտուն կանուխ պանդոկին սպասուհին անձամբ մինչեւ վերը բերաւ այդ ծրարը, պահարանով մը միասին: Չուանը փրցնելէ վերջ, Պետրոս զարմացումով նայեցաւ ծրարին պարունակութեան, առանց բան մը հասկնալու: Յետոյ աճապարանքով սկսաւ նամակը կարդալ: Քանի մը տող՝ եւ արդէն իսկ բառերը դանդաղեցան, շրթունքներու ակամայ շարժումը հալեցաւ, եւ տղուն ակնարկը գնաց իյնալ փիղերէն մէկուն կռնակին: Հոն օրօրուեցաւ, տատանեցաւ, ցնցուեցաւ, մինչեւ որ այդ ցնցումներէն մէկը զինքը վար նետեց: Մեծ զգուշութեամբ, կարծես վախով դարձուց թերթը ու նայեցաւ այդ ստորագրութեան… այն ստորագրութեան, որ այնքան անգամներ բարձրացեր էր սա սանդուխներէն, որ այնքան անգամներ եկեր էր հոս, իր առջեւ, իր, որ նոյնիսկ գիշեր մը բախեր էր գոց դռան… Պետրոս նայեցաւ այդ պզտիկ, շատ պզտիկ ստորագրութեան, ինչպէս ճերմակ ու անարիւն թաթիկի մը, որ կ՚ըսէ. Փըթիթ Լիզ:

«…Հապա՛ Փիէռօ, մեր տարեդարձն է այսօր: Չե՞ս յիշէր, երկու տարի առաջ ճիշդ այսօր է, որ առաջին անգամ… այն գիշեր ժանգի գոյն հագուստ մը հագած էի եւ միշտ քեզի հետ պարեցի, թէեւ այն ատեն դեռ լաւ պարել չէիր գիտէր: Մի՞տքդ է, որքան ոտքերուս վրայ կոխեցիր… Հաւատա՛, Փիէռօս, ես քեզի սիրեցի ամբողջ իմ… Միշտ յուսացի, որ պիտի վերադառնաս ինձ, քու փըթիթ Լիզդ չպիտի մոռնաս… անկեղծ եմ, չէ՞, Փիէռօ… Կ՚ըսէիր, թէ իմ գլուխս պզտլիկ է եւ սիրտս մեծ… Յուսացի… Խնայողութիւններ ըրի, որպէսզի մեր տարեդարձին բան մը նուիրեմ քեզ, պզտիկ յիշատակ մը: Երբոր զիս լքեցիր, շարունակեցի խնայել, որովհետեւ վստահ էի, թէ պիտի վերադառնաս… յուսացի… չկրցայ ուրիշ բանի ծախսել. այդ դրամը քեզի համար էր… Յիշէ՜ զիս… նոյնիսկ եթէ հիմա ալ չգաս, վստահ եղիր, որ լաւագոյն եւ անմոռանալի յիշատակով մըն է, որ…»:

Մազերը խառնիխուռն, աչքերը անքնութեամբ ուռած եւ տակաւին գրեթէ մերկ, Պետրոս ինկած էր աթոռին վրայ, նամակը մէկ ձեռքին, քակուած ծրարը ծունկերուն: Երկարօրէն կը նայէր պաղած աչքերով այդ Pull overին զոր կարենալ գնելու համար ով գիտէ որքան անասելի զոհողութիւններ էր ըրած խեղճ աղջիկը, ով գիտէ որքան զրկումներու էին ենթարկուած իր պտըլիկ ձեռքերը, ով գիտէ որքան էր քալած…

Աղուո՛ր, աղուո՜ր Pull over մը, իսկական մետաքսի փայլով, իր ամենէն աւելի սիրած գոյնով… բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ Փըթիթ Լիզ, ինչո՞ւ «պզտիկ գլխով ու մեծ սիրտով» փըթիթ Լիզ… Հարուածին յաջորդող այս գաղջ շունչը, տառապանքէն անմիջապէս վերջ եկող փայփայանքը գորովի, միամիտ սիրոյ, զինքը խորապէս կը խոցէր, վէրքը աւելի կը բանար, կը խորացնէր եւ սրտին սաստկացող սեղմումները մտածումները կը ճմռթկէին անդիմադրելի ուժով:

Դող մը երիտասարդին ուսերը ցնցեց: Փիէռ ոտքի նետուեցաւ անմիջապէս եւ սկսաւ յագուիլ, կարծես անտեսանելի ներկայութեան մը հաւատացնելու համար, թէ այդ դողը ցուրտին արդիւնքն էր: Հապճեպով, մեծ հապճեպով սկսաւ հագուիլ, որպէս թէ անմիջապէս բան մը ընել որոշած ըլլար, որպէս թէ իր աչքերը նշմարած ըլլային հեռուն քիչ մը ջուր, կամ պատուհան մը չգամուած: Երբ աւարտեց, մնաց սակայն անորոշ, երկբայական: Անդադար դարձաւ սենեակին մէջ, ակնարկը սեղանին վրայի բաց ծրարին, ակնարկը սեղանին վրայի բաց, ամբողջութեամբ բաց սիրտին:

Հակընդդէմ ալիքներու պէս երկու տարբեր կիներէ մեկնող ակնարկներ, երկու տարբեր ժպիտներ կը բախէին իրարու, մէկը միւսը ծածկելով, մէկը միւսը յանդիմանելով փոխնիփոխ:

Փիէռ կրկին նամակը կարդաց, եւ Լիզին նուիրուած անցեալ օրերու յիշատակը մտածումին ներկայացաւ անսպասելի երանգաւորումով մը: Պարասրահի մը մէջ էին հանդիպեր իրարու. ան նուրբ էր, թեթեւ, փոքրակազմ եւ իր անվերջ ժպիտովը եկաւ կծկուիլ երիտասարդին բազուկներուն մէջ: Հայը անդադար կոխեց անոր տոտիկներուն վրայ, մինչ Լիզ («ո՛չ, զիս կը կոչեն Փըթիթ Լիզ») մինչ Լիզ կը շարունակէր ժպտիլ ու կը կարմրէր, կը շառագունէր, որպէս թէ կոխողը ինք ըլլար: Ըսաւ, թէ ինք Փարիզի մէջ… ո՛չ, ըսաւ, թէ առաջին օրը այդպիսի հարցում չեն ուղղէր, այլ միայն կը ժպտին եւ կը ջանան հաճելի ըլլալ… Օրեր վերջ ըսաւ, թէ ինք Փարիզի մէջ առանձին էր, թէ գլխարկ կը շինէր, թէ մեծ, այո՛, շատ մեծ աշխատանոցի մը մէջ կ՚աշխատէր, եւ թե…։ Ժանգի գոյն հագուստը Փիէռ ուրիշ անգամ մը բնաւ չտեսաւ Լիզին վրայ: Անոր ընկերուհիներէն մէկն է, որ միշտ կը հագնէր զայն. Լիզ այդ օրը փոխ էր առած: Ո՞վ չի ճանչնար Փարիզի միտինէթներուն կեանքը. կամ ո՞վ իրապէս, ամբողջութեամբ կրնայ գիտնալ այդ ճնճղուկներով լեցուն աշխատանոցներուն առասպելը: Այդքան խեղճ ամսականով մը ինչպէ՛ս, ինչպէ՛ս կրնար ապրիլ տասնեւութ տարեկան սա պուպրիկը, միշտ ժպտուն, միշտ թարմ, միշտ թեթեւ, գետնէն գտնուած կոճակի մը պէս:

Իրենց բարեկամութեան սկզբի շրջանին էր, երբ օր մը յանկարծ Փիէռ մեծագոյն անակնկալը գործեց երթալ զինքը առնելով: Ճիշդ կէսօրին ճշմարիտ թռչնիկներու պէս խումբ խումբ դուրս նետուեցան միտինէթները աշխատանոցին ետեւի մեծ դռնէն: Լիզ, զինքը նշմարելով, զարմացումէն եւ երջանկութենէն անշարժացաւ յանկարծ, կարմրեցաւ ու յետոյ վազելով եկաւ նետուիլ վիզին: Համբոյրէն վերջ ետեւ դարձաւ, ժպիտ մը արձակեց ընկերուհիներուն, կարծես ըսել ուզելով. «Կը տեսնէ՞ք իմինս»: Նոյնիսկ անոնք, որոնք շրթունքնին ներկելու էին զբաղած, նոյնիսկ անո՛նք, որոնց քիթին վրայ էր այդ պահուն բրնձափոշիին աշխատութիւնը, անոնք անգամ վեր առին իրենց գլուխները եւ ժպիտով մը նպաստաւոր կարծիք տուին, չմոռնալով ճչալ, ճռվռալ: Նախ բացարձակապէս մերժեց Լիզ, յետոյ պնդեց, նորէն պնդեց եւ երբոր տեսաւ, թէ չպիտի յաջողի, սկսաւ աղաչել, որպէսզի հոն չերթան, որպէսզի Փիէռ զինքը այդ ճաշարանը չտանի, թէ հարուստի տեղ է, մեծվայելուչ է, թէ ինք պէտք եղածին պէս չէ հագուած, թէ իրապէս կ՚ամչընայ: Փիէռ անդրդուելի մնաց իր արեւելքցիի կնահաճութեանը մէջ եւ գրեթէ բռնի Լիզը ուզած ճաշարանը տարաւ: Զմայլելի ճաշ մը ըրին. շուտով զուարթացան երկու երիտասարդները եւ սկսան կատակել, սիրոյ քօղարկուած խօսքերու ետեւէ սրամտութիւններ արձակել, երբեմն իրարու ձեռք սեղմել երկարօրէն… Երիտասարդ աղջիկը ընտանեբար պատրաստեց աղցանը, ինքն իրեն տանտիկինի հովեր տալով եւ դեռ ընելով այսպէ՜ս, եւ դեռ ընելով այնպէ՜ս… Փիէռ, որ տաքցած էր ընկերուհիին նման այդ զօրաւոր գինիին ազդեցութեանը տակ, մէկէն քմահաճոյքն ունեցաւ աղջկան պայուսակը խառնելու: Ի՞նչ կրնար պարունակել, շրթունքներու կարմիր ներկը, անխուսափելի վարդագոյն բրնձափոշին, ժանեկազարդ նուրբ թաշկինակ մը, քանի մը նամակներ: Ո՛չ, Լիզ չթողուց որ նայի. սակայն Փիէռ, որ պայուսակին մէկ անկիւնէն բռնած էր, յամառեցաւ իր տղայական հետաքրքրութեանը մէջ: Անմիջապէս լրջացաւ Լիզ եւ ուզեց անպայման, անպայման փրկել պայուսակը: Հայը բերանը ամբողջութեամբ բացած՝ տխմարօրէն կը խնդար առանց աղջկան դիմագիծը կարդալու եւ կը պնդէր, նոյնիսկ գրաւի կու գար, թէ ան լեցուն է սիրային նամակներով: Ու մէկէն շատ ուժով, գրեթէ բիրտ շարժումով մը խլեց առաւ կանացի այդ առարկան աղջկան պզտիկ ձեռքերէն: Այդ շարժումին մէջ պայուսակը բացուեցաւ սակայն, ու մէջէն գետին ինկաւ պզտիկ հաց մը եւ կտոր մը շոքոլա…

…Սեւ, սեփ-սեւ կատու մը սեղանին տակ կ՚ուտէր հացի այդ կտորը, մինչ անդին երկրորդ մը, այս անգամ ճերմակ, ճեփ-ճերմակ, թաթիկովը կը խաղար շոքոլայի կտորին հետ…

Եւ հիմա ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, Փըթիթ Լիզ, ինչո՞ւ «պզտիկ գլխով եւ մեծ սիրտով» Փըթիթ Լիզ… Օ՜հ, կարելի չէր, երբեք կարելի չէր, որ այժմ այս նուէրը ընդունէր անկէ. պէտք էր վերադարձնել անմիջապէս: Եւ ըսել, որ երեք օրեր անցած են արդէն իսկ եւ ան կը կարծէ իրաւամբ, թէ պատասխանելու փափկանկատութիւնն իսկ չունեցաւ ինք: Երկա՜ր, երկար որոնումներէ յետոյ, Փիէռ վերջապէս որոշեց նամակով մը Լիզին պանդոկը տանիլ ձգել այդ առարկան: Բայց երբոր անցաւ թուղթին սպիտակութեան առջեւ, ուրիշ արգելքի մը բախուեցաւ: Գորովալից, քնքուշ եւ ցաւոտ տողերուն զառիթափը անխուսափելիօրէն տարաւ Նէնէթին: Այն ոսկի գլուխն է, որ եկաւ մտածումին առջեւ, ամէն անգամ, որ ուզեց սիրոյ խօսք մը ըսել, եւ ակամայ տողերը եղան տկար, պէտք եղածէն շատ աւելի տկար: Պատռեց:

Աչքերը արցունքով լեցուելու աստիճան յուզուած էր, սիրոյ այս հազիւ թէ քօղարկուած հեկեկանքին դէմ եւ իր առաջին մտածումն էր եղած անմիջապէս Լիզը գտնել, պլլուիլ անոր, ուժով մը, իր ամբողջ ուժովը պլլուիլ անոր, ըսել, ըսել… Թէ ինք տառապեցաւ, զարհուրելիօրէն ապրեցաւ սիրոյ ցաւը, խաբուեցաւ կեղծ, մութ, երկդիմի սէրերէ, թէ արժանի է կարեկցութեան, խղճահարութեան, թէ հիմա միայն կրնայ ըմբռնել եւ իր ամբողջ գերարժանիքին մէջ տեսնել պզտիկ Լիզին անխարդախ, պարզ ու մեծ հոգին: Կարօտն ունի անոր հեզութեան, անոր փափկութեան եւ բացարձակ անշահախնդիր նուիրումին: Այո՛, միայն ան է, որ պիտի կրնայ իրեն մոռցնել Նէնէթը, այն անիծուած նենեթը: Օ՜, ինչպէս պիտի նախանձի այս վերջինը, եթէ գիտնայ, եթէ տեսնէ իրենց վերածնող բարեկամութիւնը: Փիէռ իր ամբողջ կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Նէնէթ իր աչքերով տեսնէ, թէ ինք ինչպէս… որքա՜ն պիտի կատղի արդեօք, քանի որ իր Փիէռօն կը սիրէ դեռ… ըսաւ, թէ իր Փիէռօն կը սիրէ, եւ Նէնէթը չի ստեր. ո՛չ ան չի ստեր: Միայն թէ… միայն թէ ոչ անմիջապէս. դեռ յիշատակները շատ թարմ են կարենալ այսքան շուտ նետուելու համար Լիզին: Ո՛չ, քիչ մը ատեն պէտք է անցնի, պէտք է աստիճան մը գոնէ իր միսը պաղի: Ահա թէ ինչու Փիէռ իր գորովալից նամակին մէջ ըսաւ թէ… ոչ, վճռական բան մը չըսաւ: Նախադասութիւնները թողուց երկդիմի, կարելիութիւններով եւ հաւանականութիւններով լեցուն, երբեմն անորոշ, սակայն ոչ առանց սիրոյ: Երբոր այդ անհաւասար տառերով ու առատ կէտադրութեամբ էջերը աւարտեց, ծրարին հետ նետուեցաւ դուրս աճապարանքով:

Պանթէոնէն անդին, Ռիւ Մուֆտարի կողմերը կը բնակէր Լիզ: Երիտասարդը ոչ փողոցին անունը կը յիշէր. ոչ ալ շէնքին թիւը, սակայն քանի մը անգամներ մինչեւ իր պանդոկին դուռը բարեկամուհիին ընկերացած ըլլալով, շուտով պիտի կարենար գտնել զայն: Փիէռ արագ քայլերով կը բարձրանար այդտեղ, դարձդարձիկ ու աղտոտ փողոցներէ որոնք պարսպաձեւ շէնքերու մէջտեղէն կը մագլցին վեր եւ որոնց իւրաքանչիւրին անկիւնը մարդ կը կարծէ յանկարծ ծովի պատառ մը նշմարել: Իրաւ ալ նաւահանգստի մը բազմամբոխ ու խեղճ մէկ թաղին տպաւորութիւնը կը թողու Փարիզի այդ անկիւնը, ուր սակայն ամէն փողոցի վերջաւորութեան ծովուն տեղ թշուառութիւնն է որ կը բացուի իր անսահմանութեամբ եւ ուր տակաւին կը խաղան ու պիտի խաղան Հիւկոյի հերոսները «Թշուառներ»էն քանի մը տեսիլ: Կապելաներ, կրպակներ, նորէն կապելաներ, շէնքեր նեղ, ծռած, կքած, որոնք կը քրտնին անդադար եւ որոնց պատուհանները այնքան շատ կը նմանին հիւանդի աչքերու։ Այստեղի շեղ մայթերը լիզող ջուրը անվերջանալի տրտունջ մը կը տանի մինչեւ վար, վառած ու մարած լուցկիներով, ըսուած ու չլսուած խօսքերով:

Յանկարծ նետուեցաւ:

Յանկարծ նետուեցաւ դռան մը մէջ:

Բնազդական, որով նաեւ շատ արագ ոստումով մը Փիէռ նետուեցաւ յանկարծ դռան մը մթութեան մէջ ու հոն մնաց անշարժ, պատին հետ նոյնացած: Քանի մը քայլ միայն մնացեր էր պանդոկը հասնելուն եւ ահա որ անկէ աղջկան մը դուրս ելլելը կը նշմարէր: Լիզն էր: Շունչը բռնած, րոպէ մը այդպէս քարանալէ վերջ, երիտասարդը ուզեց դուրս ելլել իր մութ թաքստոցէն մտածումները զինքը կը հրէին: Այո՛, այդ աղջիկը Լիզը չէր. անշո՛ւշտ, թէ Լիզը չէր. նմանցուցած էր ինք պարզապէս: Եւ արդէն հեռուէն մէկ ակնարկով ի՞նչպէս կարելի է չսխալիլ. եւ արդէն Լիզը այս ժամուս հոս գործ չունի. պէտք է աշխատանոցը ըլլայ… Նոյնիսկ եթէ ան էր, ինչո՞ւ փախչիլ այսպէս: Ի՞նչ արդարացում, եթէ իրապէս ան էր եւ տեսաւ իր պահը… մութ դռան լուսեղէն քառանկիւնին մէջէն եկաւ ու անցաւ այդ աղջիկը: Այս անգամ կարելի չէր տարակուսիլ. Լիզն էր:

Մութ կանաչ պզտիկ գլխարկ մը եւ popelineէ խեղճ վերարկու մը` երկուքն ալ անծանօթ իրեն: Հովանոցին կոթն է, որ միայն կը ճանչնայ, ինչպէս նաեւ աղջկան նուրբ ու կանոնաւոր սրունքները: Մեծ, բաւական մեծ ծրար մը կը տանի Լիզ, որուն ծանրութիւնը քիչ մը կը բեկանէ իր նուրբ մարմինը եւ քայլերը կ՚արագացնէ զառիթափին վրայ: Ինչո՞ւ Փիէռ անմիջապէս չմօտեցաւ անոր։ Որովհետեւ… որովհետեւ ըսելիք չունէր, բառերը չէր պատրաստած, չէր նախատեսած այսպիսի հանդիպում մը: Լաւ է, որ մէկէն դէմ դիմաց չգտնուեցան եւ հիմա տղան պիտի կարենայ գոնէ քանի մը նախադասութիւն կազմ ու պատրաստ ունենալ լեզուին տակ, գոնէ անգամ մը բեմադրութիւնը փորձել մտքին մէջ: Ի՞նչ պիտի ըսէ. ինչպէ՞ս պիտի մօտենայ: Այո՛, շատ պարզ կերպով, թեթեւ ու մելամաղձոտ ժպիտով մը եւ պիտի ըսէ, թե… խօսքերը ամէնը մէկ փախան: Իր որոնումովը մտազբաղ` քայլերը դանդաղեցուցեր էր ակամայ եւ մէկէն նշմարեց, որ աղջիկը կորսուէր էր իր տեսողութիւնէն: Այո՛, ահաւասիկ հոն է. պէտք է մօտենալ, պէտք է անպատճառ մօտենալ, գոնէ ծրարը առնել ձեռքէն եւ բան մը ըսել, հոգ չէ, թէ ինչպէս, հոգ չէ թէ ինչպէս…

Բայց ի՞նչ: Քանի տղան կը խորհէր ծագելիք խօսակցութեան, (Նէնէթ) այնքան դժուարին ու դժնդակ կ՚երեւար ան իր մտածումին: Այո՛, դժնդակ՝ քանի որ անկասկած պիտի պատասխանէր իր ըսածներուն, պիտի ըսէր, թէ շատ տառապեցաւ, թէ արժանի չէր այսպէս լքուելու, թէ պէտք է միանան (Նէնէթ) անմիջապէս: Կարծես թէ նիհարցեր է քիչ մը եւ բոլոր հագուստները փոխուեր են իր վրայ: Գուլպաներու ետեւի repriseներն են, որ միայն նոյնն են մնացեր… Խեղճ Լիզ, խեղճ Լիզ… Հապա եթէ յանկարծ գլուխը ետեւ դարձնէ ու զինքը նշմարէ՞: Նորէն Փիէռ քայլերը դանդաղեցուց: Մանաւանդ որ պիտի չուզէ իր նուէրը ետ առնել. այդ անկարելի է, անկարելի է: Եւ յետոյ տղան պիտի չկարենայ նամակը տալ: Հապա եթէ ըսէ պարզապէս մէջի գրածնե՞րը: Դարձեալ անկարելի է. ամէն գրութիւն չ՚արտասանուիր, ինչպէս որ ամէն խօսք չի գրուիր:

Փիէռ կ՚ուզեր մէկէն ետեւ դառնալ ու փախչիլ, կորսուիլ, սակայն անկարող էր եւ կը հետեւէր միշտ անոր, երբեմն մօտիկէն, ճիշտ ետեւէն, երբեմն ընդհակառակն` անջրպետը բանալով: Երկու կավռոշիկներ, որոնք կ՚անցնէին իրենց սիկառէթներուն հետ, կարծեցին թէ Փիէռ կնորսութեան է ելած, սակայն դեռ համբակ ու ամչկոտ` չի համարձակիր մօտենալ աղջկան:

Տղաքը սկսան վրան խնդալ, կատակել, եւ քանի մը քայլ հեռանալէ վերջ իրենցմէ մէկը պոռաց. «Va-s-y Toto, va-s-y!»։ Երիտասարդը սաստիկ ամչցաւ ու մայթը փոխեց: Բայց երբոր Սէն-Միշէլի հրապարակը հասան, Լիզ մէկէն անհետացաւ բազմութեան մէջ: Մեթրօ՞ մտաւ, հանրակա՞ռք առաւ, թէ անկիւն մը դարձաւ կրկին: Հայը չուզեց փնտրել, ընդհակառակն գոհ եղաւ այս արդիւնքէն եւ նոյնիսկ ատոր մէջ ինքնարդարացում մը գտնելու համարձակութիւնը ունեցաւ, երբոր աղջկան պանդոկը դառնալու համար անգամ մը եւս Սէնթ-Ժընըվիէւի բարձունքը կ՚ելլէր նախկին ծրագիրը գործադրելու:

Նրբանցքին խորը, սանդուղներուն տակ էր կծկտած պանդոկին գրասենեակը: Պանդոկապետուհին այդ պահուն դեղձանիկին ջուրը փոխելով էր զբաղած: Անշնչելիօրէն հաստ, տձեւ ու խափանիչ գիրութեամբ կին մըն էր ան: Իր մէկ աչքը այնքան մեծ էր, ուռած, գորտի աչքի մը պէս դուրս ցցուած եւ գրպանիկներով, որ բնաւ պէտք չէր զարմանալ միւս աչքին պայթած ըլլալուն: Դեղձանիկը իրեն պէս միականի չէր անշուշտ, սակայն երկուքն ալ իրենց մէյմէկ աչքով նայեցան Փիէռին, ծրարին ու պահարանին: Այդ երկու դիտողներէն մէկը ըսաւ.

Քիչ մը ուշ մնացիք, պարոն, պէտք չէ՞ր, որ վայրկեան մը առաջ գայիք:

Խնդիր չէ, կ՚ուզեմ միայն այս ծրարը…

Ինչպէ՜ս թէ խնդիր չէ. ան գնաց, մեկնեցաւ…

Գիտեմ, տեսայ զինքը, բայց մասնաւոր ըսելիք մը չունէի: Կ՚ուզեմ միայն այս ծրարը…

Ես ալ կ՚ըսեմ, որ այդ ծրարը հիմա ա՛լ կարելի չէ…

Կարեւորութիւն չունի, թող իրիկունը ըլլայ…

Օհօ՜օ, իրար չենք հասկնար կոր… բայց սիրելի պարոնս, ձեզի կ՚ըսեմ, որ ան հիմա մեկնեցաւ պանդոկէն, մեկնեցաւ Փարիզէն, իր քաղաքը պիտի երթայ…

Ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս, բայց հիմա… քիչ մը առաջ է, որ…

Այո՛, այո՛, հիմա, քիչ մը առաջ… կայարան գնաց, 10. 30-ի շոգեկառքը պիտի առնէ. Աստուա՜ծ իմ, այս ինչ դժուար բան է եղեր չինարէն խօսիլը…

Ու խափանիչ գիրութիւնը այնքան գոհ մնաց իր այս սրամտութենէն, որ մէկ աչքը աւելի բացաւ, եւ կարծես բազմաթիւ գորտեր նայեցան Փիէռին: Ան այդ պահուն կը նմանէր մէկու մը, որ իր ակնարկը կը սուզէ բնանկարի անհուն խորութեանը մէջ, եւ երբ յանկարծ, չես գիտէր ինչ ուժով մը այդ «թապլօ»ն կ՚իյնայ իր կեռէն, դիտողին ակնարկը կ՚երթայ փշրուիլ պատին դատարկ սպիտակութեանը վրայ: Մինչ երիտասարդը այդպէս քարացած կը մնար ծրարին ու պահարանին հետ, շատախօսներու շառաւիղը շարունակեց.

Տեսէ՛ք, իր կոտրած հին պայուսակն ալ հոն է. պէտք է, որ ելլեմ ու նետեմ զայն: Կարծես թէ ես ուրիշ ընելիք բան չունիմ… Կարծեմ Թուլօնի կողմերէն է, այնպէս չէ՞, դուք ինձմէ լաւ պէտք է գիտնաք… Շատ աղէկ ըրաւ մեկնելով. շա՛տ լաւ ըրաւ: Ես իրեն հարիւր անգամ ըսի, որ հոս բժշկուելիք բան չէ, ունեցածը թեթեւ բան մը չ՚երեւար կոր, հանգիստ կ՚ուզէ, օդ կ՚ուզէ. շա՜տ լաւ ըրաւ մեկնելով: Արդէն տասնհինգ օր է, որ անկարող էր աշխատելու… Ելլեմ սա պայուսակը նետեմ. կարծես թէ ես ուրիշ ընելիք բան չունիմ…

Եւ որովհետեւ ուրիշ ընելիք չունէր, սկսաւ երկնային ձայնով մը քնքուշ խօսքեր ըսել դեղձանիկին:

Սեւ, սեփ-սեւ կատու մը սեղանին տակ բան մը կ՚ուտէր, մինչ անդին…