Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3

Բացիկ մը միայն ղրկած էր Նէնէթին, իր ուշանալուն պատճառները բացատրելով: Այլեւս պիտի վերադառնար Թօննէռ, քանի որ ութ օրէ ի վեր Փարիզ անցուցած այս արձակուրդը բաւական կը նկատէր: Այդ առաւօտ, ըստ սովորութեան, Հրաչ կանուխ մը գործատեղի մեկնեցաւ: Հազիւ թէ դուռը գոցուած էր իր ետեւէն, երբ վազելով կրկին սանդուխները բարձրացաւ եւ վերմակը բանալով նամակ մը երկարեց իր ընկերոջ: Նամակը Թօննէռէն կու գար: Պետրոս ցցուեցաւ անկողնին մէջ ու կարդաց.

«Մէօսիէօ Փիէռ,

Երբ այս նամակս ստանաք, անմիջապէս վերադարձէք Թօննէռ: Կ՚աղաչեմ, շուտով տուն եկէք: Տիկինը լաւ չէ: Տիկինին վիճակը շատ գէշ է: Ոչ, մի՛ վախնաք, հիւանդ չէ, բան մը չունի, բայց շատ դժբախտ է: Իմ աչքէս չի վրիպիր: Ձեր մեկնելէն ի վեր բոլորովին փոխուած է. անկողինէս կը լսեմ, որ գիշերը երկար ժամեր կը քալէ, յէտոյ կը խօսի բարձրաձայն: Այդ շատ գէշ նշան է: Քանի մը անգամներ լալը տեսայ. լաւ բան չէ. պէտք չէ ձգենք, որ լայ: Հետս գրեթէ բնաւ չի խօսիր, բայց ես չեմ նեղանար. կ՚ըմբռնեմ պատճառները: Առջի օր միայն ըսաւ, թէ պիտի մեկնինք. ո՞ւր պիտի մեկնինք, դուք տեղեա՞կ էք: Երէկ առտու տեսայ, օր դեռ արեւը չծագած` պարտէզ ելաւ. շատ վախցայ եւ ետեւէն գացի. բայց կ՚աղաչեմ, դուք մի՛ վախնաք: Չէի ուզեր այս բաները գրել բայց կը յիշէք, որ մեկնած ատեննիդ տան պահպանութիւնը ինծի յանձնեցիք. խնդրեցիք որ հսկեմ ամէն բանի. ես պարտականութեանս մէջ չեմ թերանար: Այսօր Տիկինը ժամերով գրեց. յետոյ կանչեց զիս ու նամակ մը տուաւ, որպէսզի ձեզի ղրկեմ: Հազիւ թէ գլխարկս դրած էի, երբ նամակը ձեռքէս ուժով մը խլեց ու պատռեց. յետոյ սկսաւ լալ սարսափելիօրէն: Ես նամակին կտորները հաւաքեցի: Եւ թէեւ ակնոցս քովս չըլլալուն չկրցայ ամբողջութեամբ կարդալ, բայց տեսնելով որ կարեւոր բան մըն է եւ վրան ալ հասցէն կայ, ահաւասիկ անմիջապէս կը ղրկեմ ձեզի: Կ՚աղաչեմ, մի՛ ուշանաք, շուտ եկէք. 7. 30-ին եւ 10-ին շոգեկառք կայ Փարիզէն:

Միշտ ձեզի հաւատարիմ`
Կոստան Լըվռօ»

Փիէռ պատռուած նամակին կտորները քով քովի դրաւ եւ կարդաց.

«Սիրական Փիէռռօս,

Ո՛չ, միտքէս իսկ չեմ ուզէր անցընել, թէ ըրածդ պատրուակ մըն է զիս վերջապէս լքելու: Գիտեմ, թէ պիտի վերադառնաս Թօննէռ: Բայց անմիջապէս ըսեմ որ երբ գաս, տունը պարապ պիտի գտնես. քու ժամանումէդ առաջ ես մեկնած պիտի ըլլամ: Ներէ՛ ինծի, ներէ՜ ինծի, իմ աղուոր Փիէռռօս, որ անգամ մը եւս քու սիրտդ կ՚արիւնեմ, կը տառապեցնեմ քեզ, անգամ մը եւս քու սիրոյդ փոխարէն միայն վիշտ կու տամ: Մի՜ անիծէր զիս, Փիէռռօս, մի՛ անիծէր. արդէն շատ դժբախտ եմ եւ չարութեամբ չէ, որ կը փախչիմ քեզմէ: Որովհետեւ իմ հեռացումովս կ՚ուզեմ ապացոյցը տալ քեզի հանդէպ ունեցած սիրոյս. որովհետեւ կ՚ուզեմ, որ գիտնաս, թէ միայն քեզ երջանիկ ընելու յոյսով է որ կեանքս կը բաժնեմ քուկինէդ: Որովհետեւ, հաւատա՛, Փիէռռօ, ամբողջ հոգիովս ներողութիւն կը խնդրեմ քեզմէ, գործած սխալիս համար: Ես գիտեմ, թէ սխալ շարժեցայ. ինծի պատահած մեծ դժբախտութիւնէն վերջ պէտք չէր, որ քեզի վերադառնայի, մահուընէ փախչելով վատօրէն: Բայց, ի՛նչ ընեմ, ի՜նչ կրնայի ընել, գիտես, թէ առանձին էի եւ զիս անկեղծօրէն մեղքնալու համար իսկ մէկը չկար շուրջս: Ինչպէ՛ս պիտի ապրէի անդամահատուած. մեղք եմ, Փիէռռօ, իրաւ որ խղճալի եմ. վիճակս սարսափելի էր եւ կ՚ուզէի մեռնիլ։ Միայն դուն կայիր, միայն դուն, որուն անկեղծութեանը, հոգիի մաքրութեանը վրայ չէի տարակուսած երբեք, գիտէի նաեւ, թէ անկարող էիր զիս մոռնալու: Որով, եկայ: Պէտք չէր, որ գայի, բայց եկայ, մահուընէ փախչելով վատօրէն: Թերեւս կարելի էր կեանքս վերսկսիլ մէկու մը հետ, որ զիս անցեալիս մէջ չէ ճանչցած, որուն աչքերուն առջեւ աւելի կատարեալ կնոջ մը պատկերը չպիտի գայ միշտ: Բայց քեզի՜ հետ… Մի անիծէր զիս, Փիէռռօս, տկարութեանս մէջ վախցայ ես մահէն: Հաւատա՛, որ ամբողջ հոգիովս կը սիրեմ քեզի եւ պիտի սիրեմ ալ միշտ, որովհետեւ բարի եղար եւ կարելիդ ըրիր զիս երջանիկ ընելու: Յանցանքը քուկդ չէ երբեք, եթէ երջանիկ չեղանք. կը զգամ քու վիճակդ եւ կ՚ըմբռնեմ, թէ իրաւունքը չունիմ քեզմէ աւելին պահանջելու: Վերջապէս դուն ալ մահկանացու մըն ես, պարզ հոգի մը, եւ բնական է, որ իմ վիճակս քու ներքին պայծառութիւնդ մթագնէ: Իսկ ես, ես դժբախտ եղայ նախ անոր համար, որ վարժուած էի փայփայուելու, սիրուելու, գուրգուրանքի առարկայ մը դառնալու: Դուն զիս տարբե՜ր սիրով սիրեցիր, դուն զիս շա՜տ սիրեցիր, եւ հիմա…: Դժբախտ եղայ նաեւ անոր համար, որ տեսայ քու ալ դժգոհութիւնդ: Դուն դեռ շատ երիտասարդ ես, ամբողջ կեանք մը ունիս առջիդ. չեմ ուզէր զայն թունաւորել: Երջանիկ եղիր դուն, Փիէռռօս, կ՚ուզեմ, որ երջանիկ ըլլաս. արժանի ես: Ձգէ, որ ես մեկնիմ. մի՛ տառապիր, բայց մանաւանդ մի՛ փնտրեր զիս, ձգէ, որ ես մեկնիմ: Անկարելի է, որ մեզ գտնես, եւ ես անկարելի է, որ այս կեանքը վերսկսիմ: Անհոգ եղիր, բան մը չպիտի պատահի ինծի, պիտի ապրիմ քաշուած, քու անջնջելի յիշատակիդ հետ եւ իմ միակ մխիթարութիւնս պիտի ըլլայ Պիպիս: Այլեւս միայն անոր համար կ՚ուզեմ ապրիլ, միմիայն անոր համար: Ամբողջ սէրս, գուրգուրանքս պիտի տամ անոր եւ վստահ եմ, թէ օր մը, վերջապէս, պիտի սիրէ զիս, պիտի անդրադառնայ վիճակիս եւ պիտի գթայ իր դժբախտ մօրը:

«Դժբախտ եմ, չէ՞, Փիէռռօ… շա՜տ, շա՜տ դժբախտ եմ. ինչե՜ր պիտի ուզէի գրել քեզ, բայց չեմ կրնար: Քանի անգամներ այս էջը պատռեցի: Չէի ուզէր գրել, բայց ստիպուած եմ: Անհոգ եղիր, ես ամէն բան կարգադրելով պիտի մեկնիմ. թուղթերը պիտի գտնես սեղանին վրայ: Միայն զիս է, որ պիտի չգտնես, իմ աղուոր, իմ բարի Փիէռռօս: Ո՛չ, հրաժեշտի բառ մը չեմ ուզէր գրել. ոչի՜նչ, ոչինչ: Պէտք չէ, որ յուզուիմ եւ տկար ուժերս կորցնեմ: Միայն թէ, Փիէռռօս, հիմա որ քեզի կը համբուրեմ այսպէս, այսպէս, վերջին անգամ մը գոնէ կրկնէ հոգիէդ. Nenette, Nenette chérie…»

Առաւօտեան էր. կէսօրէ վերջ ժամը մէկին միայն երիտասարդը կրնար հասնիլ Թօննէռ: Մինչեւ այդ` հինգ ժամ, հինգ տարի:

………………………………………………………………

Եւ երբեմն ան կը մեկնի, հրթիռի մը պէս: Խլացուցիչ պայթումով մը մթնոլորտը կը պատռէ եւ իր լուսեղէն սիւնը կը սլանայ վեր, ուղղաձիգ, շաչելով, ֆշշալով, սուլելով: Կը բարձրանայ ու յանկարծ կանգ կառնէ, կարծես անտեսանելի երախի մը մթութեանը մէջ կորսուած:

Այսպէս է, որ պոռաց Փիէռին վիշտը: Այսպէս է, որ պոռաց սէր մը, անսահման սէր մը, որուն ուժգնութեանը բնաւ չէր անդրադարձած Փիէռ եւ, որ գացած էր թմրիլ, թաղուիլ առօրեայ կեանքին սովորականութեանը մէջ: Եւ սովորական, եւ հասարակ, եւ ռամիկ մահկանացուի մը վիշտը ապրեցաւ ան, շաչելով, ֆշշալով, սուլելով: Նախ բնաւ չուզէց հաւատալ. կարծեց, թէ Նէնէթ կը ստէ պարզապէս, թէ կ՚ուզէ քանի մը օր պահուըտիլ իր սէրը փորձելու համար, թէ կ՚ուզէ վստահ ըլլալ իր զգացումներուն անկեղծութեան, բայց երբեք, երբեք ուժ չպիտի ունենայ զինքը լքելու: Յետոյ սակայն խոստովանեցաւ, որ ինքզինքը խաբելու համար միայն այսպէս կը խորհի, քանի որ գիտէ, թէ Նէնէթ անկարող է այդ լոյսին տակ խաղ մը բեմադրելու: Ինչպէս ծիսակատարները այն միւս աղանդին, որոնք իրենց մարմինը կը հարուածեն, կը չարչրկեն, կ՚արիւնեն, Փիէռ իր ամէն մէկ մտածումով, ամէն մէկ անդրադարձումով արիւնեցաւ:

«Այո՛, կ՚ըսէր ան. ե՛ս եմ, եւ միայն ես եմ յանցաւորը: Իմ հպարտութիւնս զիս սպանեց, իմ անտարբերութիւնս Նէնէթս առաւ ինձմէ: Կեանքին նայեցայ իմ նե՛ղ պատուհանէս. զիս շրջապատող անձերուն եւ դէպքերուն նայեցայ իմ սե՛ղմ անկիւնէս. չելայ անձէս դուրս` մտնելու համար Նէնէթին մէջ: Ան դժբախտ մըն է, որ կը մաքառէր կեանքին հետ, իր կորսուող երջանկութեան հետ, եւ ես պէտք էր, որ զինքը ընկղմէի անչափ գորովի մը մէջ, զայն ծածկէի նոյնիսկ չափազանցուած սիրոյ մը բեռով: Իմ սէրս պէտք էր կատարեալ ըլլար, սփոփարար դառնալու համար: Եւ փոխանակ ատոր` մնացի ընդարմացած, մնացի անտարբեր, մնացի կրաւորական:

«Պէտք չէր լռէի, որովհետեւ ոչ ոք այնքան հակամէտ է լռութիւնը թարգմանելու, որքան թերահաւատ մը: Ես այդ վատուժ թերահաւատին իմ աջակցութիւնս զլացայ, որովհետեւ ոչ գիտէի մոռնալ ինչ որ կարօտ էր մոռացումի, եւ ո՛չ ալ յիշել ինչ որ արժանի էր յիշողութեան: Նէնէթը այլեւս իմս էր. ամբողջութեամբ, էութեամբ իմ գերիս էր, ա՛լ երբեք վախը չունէի զայն կորսնցնելու, եւ այս ապահովութիւնը փոխանակ ինձ կրկնակի թեւեր տալու, զիս նետեց պժգալի անտարբերութեան մէջ: «Իրաւունքը չունիմ քեզմէ աւելին պահանջելու»: Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, Նէնէթ, ունէի՛ր իրաւունքը ինձմէ աւելին պահանջելու, քանի որ ես յեղյեղուկ մը չեմ, ես զոհը չեմ անանուն զգացումներու, գիտեմ, թէ ինչ է ուզածս, գիտեմ, թէ ինչ է այն ճամբան, որ… վերջապէս կը սիրեմ քեզ, եւ սիրտս պարտական էր… ինչո՞ւ հետդ չկռուեցայ մեր սէրը շրջապատող ծիծաղելիօրէն ճղճիմ արգելքներուն դէմ: Իրաւունքը չունիս ինձմէ աւելին պահանջելու, որովհետեւ պարզ մահկանացու մըն եմ ես, խե՜ղճ, սովորական մէկը, որ խոտի պէս կ՚ապրի ու անկարող է բացառիկ կեցուածք մը ունենալու. ըսել է այդքան հասարակ մէկն եմ ես, այնքան գաճաճ հոգի մըն եմ… ես… ես…

Այս «ես»երը կրկնած ատեն կարծես իր մորթին վրայ կարդալու համար իր փոքրոգութիւնը` Փիէռ ակնարկը հաւաքեց, խոնարհեցուց եւ ուշով նայեցաւ ձեռքերուն, մարմնին, ուսերուն։ Յետոյ նայեցաւ շուրջը, գիտակցութիւնը պտտցուց իրականութեան մէջ, կարծես հասկնալու համար, թէ արդեօք ուրիշներն ալ իր կուզերը կը նշմարե՞ն: Gare de Lyon էր, երրորդ կարգի վագոնի մը մէջ: Փիէռ սոսկումով անդրադարձաւ, որ ամէնուն ուշադրութեան առարկան էր դարձած. ծեր կին մը իրեն կը նայէր ակնոցներու վրայէն, ուրիշ մը` թերթի մը մէկ անկիւնէն, պատկառելի մօրուսաւորի մը աչքերուն մէջ կարծես կարեկցութիւն կար, իսկ պզտիկ աղջնակ մը` կենդանային հետաքրքրութեամբ գլուխը կը մօտեցնէր: Երիտասարդը անմիջապէս ելաւ տեղէն ու գնաց պատսպարուիլ առաջին կարգի առանձնութեանը մէջ: Ի՞նչ էր եղած. աչքերը ի՞նչ արտայայտութիւն ունէին. դիմագիծը ի՞նչ կրնար ըսել: Փախչի՛լ, վազել, սուրալ, պլլուիլ երկու բազուկներով, ամբողջ մարմնով, եւ ճկիլ, եւ պոռալ…

Դանդաղօրէն, դանդաղօրէն շոգեկառքը սկսաւ շարժիլ:

Կը սկսէր մեծ ճամփորդութիւն մը:

Կը սկսէր այն միակ ճամփորդութիւնը, որ արժանի է «մեծ» տիտղոսին, որովհետեւ այդ յառաջխաղացումին նպատակակէտը հեռու է մարդոցմէ անհունօրէն, անսահմանօրէն, որովհետեւ այդ նպատակակէտը մօտիկ է մարդոց, ինչպէս ոչ մէկ բան կեանքի մէջ:

Թելը կտրուեցաւ: Երիտասարդին խորհրդածութիւններով շարքը կասեցաւ յանկարծ: Վիշտին սովորական աղմուկը լռեց, բարձրացող աւելի մեծ ձայնով մը խափանուած: Տղան ինքզինքը գտաւ առանձին, միս մինակ, օդին, պարապին, անեզրութեան մէջ:

Ամէն կին, երբոր մայրանայ, կը բարձրանայ հողէն, կ՚ելլէ վեր, շատ վեր ու զաւակը կը ծնանի տեսողութիւններէ հեռու: Այդ պատճառաւ է, որ կ՚ըսեն. աշխարհ եկաւ: Որովհետեւ մարդիկ կու գան վերէն վար, մարդիկ կ՚իյնան բարձունքէ մը դէպի հողը, անյեղլի օրէնքի մը հպատակելով:

Այդ սրընթաց արշաւին մէջ շատեր կը մնան անբանացած, անգիտակից, անկարող` տեսնելու, դիտելու, անդրադառնալու. հողին քաշողութենէն տարուած եւ դիմադրելու ուժէն զուրկ` կ՚իյնան թաւալգլոր, իրենք անդամներն ու զգայարանքները սանձելու անընդունակ, եւ նշմարուած խաբուսիկ պատկերները կը մնան անճիշդ, մակերեսային, առարկայական: Այս անձերը երբոր հասնին երկիր, միայն հողակոյտ մը կրնան կազմել:

Կան սակայն ուրիշներ, որոնք կը նմանին օդանաւորդներու: Անոնք ալ ունին իրենց անկումի պարտադիր շրջանը: Պէտք է որ բաւական մը ժամանակ թաւալին իրենց բնազդէն, իրենց կիրքերէն, իրենց զգայարանքներէն քաշուած: Արդար է, որ գոնէ ատեն մը միայն բնութիւնը ըլլայ զիրենք վարող: Բայց ահա որ թաւալող օրերուն մէջ իր փրկարար տառապանքը կը բերէ դէպք մը, երբեմն աննշմարելի ըլլալու չափ պզտիկ, երբեմն ալ ահեղ, բայց միշտ ճակատագրական դէպք մը: Ստեղծուած ցաւը կ՚ըլլայ յենակէտ, լծակը կը կազմուի, եւ այս ճամփորդէն, ինչպէս օդանաւորդէ մը, անկարգելը կը մեկնի: Անկարգելը կը մեկնի վեր, կը բարձրանայ, կը տարածուի, կ՚ուռի: Անկէ կախուած էակը պիտի ցնցուի իր ֆիզիքական մարմնին ամենայետին մասնիկներուն մէջն իսկ, բայց պիտի կազմուի երկրորդ մարմինը: Ճամբորդը ինքզինքը պիտի գտնէ իրեն բոլորովին անծանօթ բարձրութեան մը մէջ, պիտի հաւասարակշռուի եւ իր ակնարկը այս անգամ պիտի տարածուի հաստատ, խաղաղ, թափանցող:

Անշուշտ այս մէկն ալ պիտի երթայ հողին, ինչպէս ամէն բան կ՚երթայ իր ճակատագրին. բայց այս անգամ ան պիտի երթայ հեշտութեամբ, քաղցրութեամբ, հրճուանքով,, գիտակի՛g իր ճանապարհին, գիտակի՛g իր նպատակակէտին:

«Մեր մէջ իմացական անհատը եւ ֆիզիքական մարմինը կեցած են դէմ դէմի եւ կը կռուին: Երկուքն ալ ունին իրենց հրամայող ուժերը եւ անյեղլի օրէնքները: Այդ կռիւն է, որ պիտի արձանագրէ ճակատագիրը մարդոց, եւ այդ պայքարին վախճանն է, որ անհատները պիտի ձգէ կամ բարձրացնէ: Կրնանք բարեկամական կամ սիրոյ կապերով միանալ ուրիշներու, բայց մէկ ենք մենք մեր անձին հետ: Եթէ այդ միութիւնը կը կրենք անգիտակցութեամբ, մեր մտածումները կու գան բնութենէն, միսին, այսինքն զգայարանքներուն միջոցաւ: Այս պարագային երբեք չենք կրնար տէրը նկատուիլ կեանքին, քանի որ կը գործենք բնազդով, կը գոհանանք ներկայ ժամուն պատճառած հաճոյքով, կը ձգտինք օրուան ըղձանքին, կ՚աշխատինք նշմարելի նպատակին: Պէտք է, որ բնութեան ուժերուն, որոնց տիրապետութեան արդիւնքը ինքնալքում, մեղկացում, անասնացում է, հակազդուի իմացական անհատը: Պէտք է, որ պայքարը սկսի այս երկու ուժերուն միջեւ, որովհետեւ ան սահմանուած է մեր ճշմարիտ էութիւնը մէջտեղ հանելու, մեր մէջ մրափող իսկական անձը մեզ ծանօթացնելու: Պէտք է, որ ըլլանք ինչ որ ենք:

«Բազմաթիւ պահանջներ մեզ կը կապտեն, կ՚անշարժացնեն, կը գերեն: Բայց այդ պահանջներէն ոչ մէկը, ոչ իսկ բոլորը խմբովին, ըլլան անոնք բարոյական, տրամաբանական թէ ֆիզիքական պահանջներ, ուժը չպիտի ունենան մեր վրայ վերջապէս տիրապետելու, եթէ մենք մեր եսասիրութեամբը ընդառաջ չերթանք անոնց: Մեր եսասիրութիւնն է, որ զանոնք կ՚օգտագործէ եւ դիւրին համակերպութեամբ մը կը յանձնուի անոնց տիրապետութեան, քանի որ հեշտ է ինքն իր մէջ փակուած մնալ ու լքուիլ հոսանքի մը քմահաճոյքներուն: Եւ քմահաճոյքները դիպուածին, եւ քմահաճոյքները պատահարներուն, մեզ կը նետեն խարակէ խարակ, ու կը տառապինք:

«Այս պարագային է, որ իրապէս ըմբռնելի կը դառնայ ճշմարտութիւնը սա խօսքին— «Մարդիկ չեն տառապիր, այլ իրենք զիրենք կը տառապեցնեն»: Իրենց անձը կը տառապեցնեն, որովհետեւ չեն գիտէր, թէ հակազդելու համար պէտք է տեսնել, վայելելու համար` պէտք է ճանչնալ, եւ տիրանալու համար` պէտք է տալ:

«Մասնակի դէպքի մը հակազդելու համար պէտք է, որ բարձրացուցած ըլլանք մեր ակնարկը, պէտք է, որ զայն քննենք ոչ թէ առանձին, այլ անոր ծնունդ տուող բոլոր պատճառներուն հետ, այսինքն նախ մեր անձին հետ: Որովհետեւ մեզի պատահածներուն մեծագոյն մասը մենք է, որ կը պատրաստենք, մեր բացայայտ թէ անանուն ըղձանքներն են, որ զայն կը կանչեն, եւ դէպքը կ՚ըլլայ այնպէս, ինչպէս որ մենք ենք: Ան կ՚ունենայ մեր բնութիւնը, կ՚ունենայ մեր մտածումներուն ընդարձակութիւնը եւ մեր հոգիին գոյնը:

«Վայելելու համար պէտք է ճանչնալ, պէտք է ճանչնալ ոչ թէ վայելքները, այլ նորէն մեր անձը: Մարդ էակը կարող է ոչ միայն իրարմէ զանազանել մարմին մը տգեղէն, բարի արարք մը չարէն, այլ նաեւ բնութիւնը ունի երեւակայելու բարին, գեղեցիկը, ազնուականը: Եւ բնականաբար, երբ կ՚ուզէ գոհացում տալ իր ըղձանքներուն, լաւագոյնին է, որ կը ձգտի, առանց գիտնալու, թէ գեղեցիկ հոգի մը վայելելու համար պէտք է գեղեցկացած ըլլալ, ազնուական կեանք մը գնահատելու համար` պէտք է նոյն բարձունքին հասած ըլլալ, եւ նոյն բարձունքին հասնելու համար պէտք է ճանչնալ ինքզինքը:

«Տիրանալու համար` պէտք է տալ: Կ՚ուզենք սիրուիլ բարձրագոյն սիրով մը, կ՚ուզենք ունենալ անձնուէր եւ անշահախնդիր բարեկամներ, կ՚ուզենք, որ օրերը մեզ բարիք բերեն եւ ձախորդութեան առջեւ ճակատագիըը միայն կ՚անիծենք: Իրականին մէջ մենք է, որ չենք գիտէր բարձրագոյն սիրով մը սիրել, անձնուէր եւ անշահախնդիր բարեկամ ըլլալ ու օրերուն բարութեանը ժպտիլ: Մեծագոյն ճշմարտութիւնը, գերագոյն իրողութիւնը մեր անձն է. ամէն ինչ անկէ է, որ կը սկսի: Նախ մենք պէտք է, որ ընդառաջ երթանք ամէն բանի, նախ մենք պէտք է տանք, բայց տալու համար անհրաժեշտ է, որ տէրը ըլլանք մեր հոգիին:

«Տե՜րը ըլլալ հոգիին, պատռե՜լ միսը, ճեղքել նեղ պատեանը, մարմինը գերանցնիլ, ֆիզիքականին գործունէութեան դաշտը անդրանցնիլ, բարձրանալ վե՜ր, վե՜ր, որպէսզի մեր ակնարկը ըլլայ լայն, ընդարձակ, վճիտ, եւ որպէսզի դեռ ան ըլլայ երջանիկ, խայտացող, հրճուանքով լի:

«Ճշմարի՜տ հրճուանքով լի՝ քանի որ այս բարձունքին մէջ միայն կրնայ գիտակից հրճուանքր կազմուիլ, կրնայ ըլլալ տեւական, աննկուն ու բեղուն: Կենսատու հեղուկի մը պէս ան կը ծորի, իր բարձունքէն առատութեամբ կը տեղայ մեր մարմնին, մեզ կը պարուրէ, կը համակէ, կ՚ընկղմէ իր մէջ, եւ իրմով կը լեցուին մեր օրերը, արարքները, մտածումները: Մտածո՛ւմ. անոր անսխալականութեանը պէտք չունինք բնաւ այս բարձունքին հասնելու համար: Մեզ անհրաժեշտ չեն երբեք յստակ ու որոշ մտածումներ, բեռ գիտութիւններու: Կը բաւէ, որ զգանք, ապրինք փրկութիւնը, նետուինք մեր պատեանէն դուրս, մենք մեզ յանձնենք բարձրացումին, եւ ականջ տանք երաժշտութեան, որ կը սկսի:

«Որովհետեւ հո՛ս է, որ մեր ձայնը կը լսենք: Հոս է, որ կը սկսի ներքին նուագը, rythmeը թրթռացումը: Ան մերն է, միմիայն մերը եւ միակը աշխարհի վրայ: Կը բաւէ, որ մեր քայլերը հպատակին այդ չափականութեան, կը բաւէ, որ մեր զգացումները պատշաճեցնենք այդ կշռոյթին, կը բաւէ, որ մեր իմացականութիւնը յառաջանայ համաչափ ու անվախճան մեղեդիին հետ, եւ մենք մեր մտերմութեանը մէջ հասած ըլլանք երջանիկ խաղաղութեան մը, ու պիտի յաղթենք կռուելէ առաջ, լսելի պիտի ըլլանք` խօսելէ առաջ եւ պիտի գեղեցկանանք սիրահարուելէ առաջ:

«Երակ մը մեր կեանքին յաջորդական փուլերը պիտի կտրէ անցնի, ու մեր բոլոր ապրումները օղակներու շղթայ մը պիտի ձեւացնենք նոյն ուղղութեամբ առաջնորդուած: Մինչ կ՚ապրէինք անհոգ կեանք մը, մեր երջանկութիւնը փշրանքներու էր վերածուած օրերու բազմութեան մէջ, եւ մեր առօրեայ նպատակները իդէալի մը պատառներուն կը նմանէին, այժմ գոյութեան միութիւնը կազմուելով, ոչ միայն անհամեմատօրէն պիտի մեծնայ մեր ապրումը, մեր երջանկութիւնը եւ մեր իդէալը, ոչ միայն պիտի յառաջանանք լուսաւորուած ուղիէ մը հաստատ քայլերով, այլ եւ ապրելով պիտի ապրեցնենք ուրիշն ալ, բարձրանալով մեր հետ պիտի քաշենք մեր շուրջինն ալ:

«Այդ բարձունքին՝ ոչ մէկ սիրուհի պիտի կարենայ զինքը սիրողին ըսել. «իրաւունքը չունիմ քեզմէ աւելին պահանջելու»: Այո՛, չենք պահանջէր, երբ գիտենք, թէ ստանալու կարելիութիւն չկայ, ինչպէս որ շատ անգամ հարցում կ՚ուղղենք, երբ պատասխանը արդէն ծանօթ է մեզի, եւ կամ թէ ականջ կու տանք, երբ արդէն ձայնը կը լսուի: Բայց ան, որ հոգիի կատարեալ գեղեցկութեան մէջ է, ան սէրը պիտի գործածէ, եւ ոչ թէ օգտագործէ. անոր համար սիրելի էակը հայելի մը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ իր զգայարանքները, հպարտութիւնը, անձնասիրութիւնը շրջանակող զարդ մը: Սիրելի էակը պիտի մնայ միշտ նոյն Նէնէթը, ամէն բանէ վեր, այնպէս, ինչպէս որ էր առաջ, եւ այնպէս, ինչպէս որ պիտի ըլլայ վաղը: Այո՛, Նէնէթ, պիտի տեսնես, թէ քու Փիէռռօդ ինչպէ՛ս իր ամբողջ հոգիովը, իր ամբողջ ամբողջութեամբը պիտի…»

Փիէռ անգամ մը եւս իր մտածումը կոտրեց: Ամէն մէկ խորհրդածութենէ վերջ, երիտասարդը կը թաւալէր նոյն զառիթափին վրայ, կը գերուէր իր մտալլկումէն, ինքզինքը կը գտնէր Նէնէթին առջեւ: Եւ երբոր խօսքը անոր ուղղելով կը տեսնէր, թէ կը կորսուի յուզումին մէջ եւ ժամանակը անսահմանօրէն կ՚երկարի, կը վերադառնար վերաgեալին, կրկնելով սա տեսակ նախադասութիւն մը. «Ընկերութիւնը կը կերտուի մեզմով, եւ այդ կառուցումը կը սկսի մե՛ր մէջէն: Որպէսզի կարենանք ազդել աշխարհի եւ որպէսզի այդ ներգործումին արդիւնքը դրական ըլլայ, պէտք է որ…»

Փիէռ շատ հեռու էր ծանօթ վարդապետութիւն մը ընդգրկելէ: Ինք արդէն չէր խորհեր իսկ վարդապետութեան մը վրայ. մտածումները բնականաբար չունէին շարայարութիւն, մեծ մասը րոպէի տրամադրութեան արդիւնք էր, եւ գրեթէ միշտ սկսուած նախադասութիւն մը կը մնար կիսատ, հակասութեան մը պատճառաւ կամ ի չգոյէ բառի: Բայց ի՜նչ փոյթ, կը բաւէ, որ ինք կ՚ապրէր զարթում մը, համբարձում մը եւ հոգիին ամենէն խորունկէն կը պոռար, որ պահը անցաւոր չէ, այլ նախադուռը վաղուան կեանքին: Մտածումներ տարտամ, աղօտ, լոյծ, մտածումներ երկար ատենէ ի վեր իր մէջ համախռնուած, կուտակուած, որոնց շատերուն ձեւ չէր տուած երբեք, որովհետեւ զինքը տառապեցուցած էին, ահա ատոնք բոլորը կու գային զինքը բարձրացնել հանգրուանի մը:

Պետրոս շփոթեցաւ շատ անգամ, անոնցմէ շատերը չուզեց խորացնել եւ կառչեցաւ քանի մը նախադասութիւններու: «Սիրել եւ տառապիլ գիտնալ-չտարուիլ առօրեայ ճղճիմ պատահարներէ-ինքնագիտակցիլ եւ մնալ գլուխներէ բարձր»: Այս անգամ պարզ խօսքերը իրեն անսահման կը թուէին եւ չափազանց կը զարմանար, թէ ինչպէս զանոնք մինչեւ այս օրը չէր ապրած, հասկնալ կարծելով հանդերձ:

Վագոնին պատուհաններէն դուրս կէսօրը կը տարածուէր դաշտերու, մարգագետիններու, առուակներու վրայ: Եղեւնիներու խուրձ մը, սարահարթներ, քանի մը զանգակատուն: Ակօսի մը վրայ հակած պարտիզպան մը, գիւղ մը անդին ոտքի ելաւ, յետոյ գլխարկը փոխեց ու կնոջ հագուստ հագաւ: Իր կովը, որ նախապէս սպիտակ էր, ագարակ մը անդին սեւցաւ եւ անմիջապէս ձագ մը ունեցաւ: «Ընկերութիւնը կը կերտուի մեզմով, եւ այդ կառուցումը կը սկսի մեր մէջէն»: Տե՛ս, այսօր բարտիները տողանցք ունին, կարմիր կղմինտրները տանիք ունին, Ֆրանսայի ամպերը երկինք ունին, տե՛ս:

«Ընկերութիւնը կը կերտուի»ն այլեւս իր զօրութիւնը կորսնցուց, եւ Փիէռ տեղի տալով այն մեծ ալիքին, որ կ՚ուռեր իր մէջ, արտասանեց.

 

«Ընկա՛լ քաղցրութեամբ, տէր Աստուած հզօր…»:

Կեցաւ, սրբագրեց եւ սկսաւ աղօթել.

«Ընկա՛լ քաղցրութեամբ Նէնէթդ իմ հզօր՝ զդառնացողիս զաղաչանս. մատի՛ր գթութեամբ առ պատկառեալս դիմօք. փարատեա՛ ամենապարգե՛ւ զամօթական տխրութիւնս: Տեառնագրեա՛ քո անուամբդ զլուսանցոյց երդ յարկիս. պարփակեա՛ քո ձեռամբ զառաստաղ տաճարիս. գծագրեա՛ քո անուամբ զմուտ սեմոց սենեկիս: Տո՜ւր հանգիստ բերկրութիւն մահահանգոյնս նիրհման…»

Յանկարծ յիշեց Սուրէնին խօսքը:

«Նարեկը Հայոց ամէնէն աւելի գէշ, սխալ, վատառողջ եւ անբարոյական գիրքն է»։

Փիէռ պատասխանեց բարձրաձայն. գլուխը երերցնելով.

Ça dépend, mon vieux, ça dépend…

Սուրէնին պատկերը, չհեռացաւ իր տեսողութենէն: Այդ խորաթափանց ու շնական տղուն խոժոռ դիմագիծը եւ սուր ակնարկը նայեցան իրեն շեշտակի:

Փիէռ յիշեց հին խօսքերը: Գոցեց աչքերը, եւ դէմքը բարձր, դէմքը լուսայորդ, երկար պահ մը սպասեց:

Կարծես կը վայելէր մերձեցումը մեծ երջանկութեան մը: Յետոյ սկսաւ արտասանել դանդաղօրէն, մէկիկ մէկիկ.

«Հրամայեց, որ մարդիկ վազեն միայն ա՛յն Ճշմարտութիւններուն ետեւէն, որոնց ճիշտ հակառակն ալ ճշմարիտ է:

«Հրամայեց, որ կարաւանները հանգրուանի մը մօտեցած ատեն իրենց գնացքը արագացնեն, որպէսզի ոչ մէկ ճամբորդ չհասնի իրենց:

«Հրամայեց, որ նաւերը մեկնելով հոսկէ հասնին հոն, սակայն կայմերու վրայ միայն առագաստ պարզուի:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք ամպ մը դնէ լուսնին շուրջ, եւ լայ եւ խնդայ»:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք սկսի հաշուել հարիւր մէկէն մեկնելով»:

«Դո՛ւն, Հայու լակոտ, դուն ամենէն շուտը կը փոխուիս անասունի, եթէ օր մը իսկ մնաս առանց վիշտի»:

Լռութենէ մը վերջ կրկին Սուրէնը խօսեցուց.

«Միսը միշտ նոյնն է, քաշ մը աւելի, քաշ մը պակաս».

«Հոգին միշտ նոյնն է, դար մը աւելի, դար մը պակաս».

«Կան միսեր, որոնց համբոյր մը միայն կը պակսի».

«Կան հոգիներ, որոնց մէկ օրն իսկ աւելո՛րդ չի գար…»

Այո՛, այո՛, պոռաց Փիէռ ոտքի կանգնելով, Արեւելքցի ենք եւ կը հաւատանք ճակատագիր ըսուած բանին: Բայց այդ ճակատագրին գլխագիրներն են միայն, որ չինական մելանով են գրուած: Մնացեալը մատիտ է, մնացեալը քար է, մնացեալը փոշի է: Մեզի՛ կը մնայ այդ մնացեալը փոխել:

Եւ գնացքին միօրինակ աղմուկը պատասխանեց. չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի…