Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4

Կարդաց, կրկին կարդաց, նորէն կարդաց: Անօգուտ: Բացարձակապէս անկարող էր մտածումը հաւաքելու, ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու թուղթի այդ կտորին վրայ: Նայեցաւ ստորագրութեան: «Կի՞, Կի՞… ո՞վ էր այս Կին. արդեօք Սէն-Ժոռժի՞նը. այն, որուն վրայ այնքան շատ կը խօսէր Պիպին եւ զոր կը կոչէր «Կի հօրեղբայր»: Փիէռ ամբողջ ճիգը թափեց կարելի եղածին չափ քիչ դողդղացնելու համար նամակը իր մատներուն մէջ, բայց անկարող թերթը սեղանին վրայ դրաւ եւ գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ ուժով մը սեղմած ուզեց գոնէ ամենակարեւոր մասը ըմբռնել: Հեգեց.

«… Երկար ատեն է, որ ամէն բան աւարտած է ինծի համար: Եթէ նոյնիսկ աւելի դժբախտ ըլլայիր, կարելի չէր, որ գայի քեզ առնել ու մեր կեանքը վերսկսիլ: Ինծի պատճառած աններելի դժբախտութիւններէդ վերջ պէտք էր ապահով ըլլայիր ասոր եւ ի զուր երրորդի մը միջոցաւ զիս կրկին քովդ ունենալու ցանկութիւնդ չյայտնէիր: Ալ երբե՛ք, երբե՛ք չես կրնար խաբել զիս. նախընտրելի է ինծի համար հասարակ պոռնիկ մը, քան դուն: Մարդ պէտք է Արեւելքցի ըլլայ, ան ալ 25 տարեկան անփորձ Հայ մը` քեզմէ տարուելու համար: Միայն գիտցիր, թէ այն տարին, մեր բաժանումի այն սարսափելի տարին եւ անկէ վերջն ալ դեռ երկար ժամանակ, ես քեզ անիծեցի եւ հիմա խորունկ հաւատքը ունիմ, թէ այդ անէծքս է, որ քու երեսդ պատռեց: Կ՚ըսէիր, թէ բիրտ եմ, անոպայ ու վայրագ. ուրախ եմ, որ վերջապէս առիթը կ՚ունենամ այդպիսի անձ մը ըլլալս հաստատելու: Պիտի առնեմ Պիպին: Դուն արժանի չես անոր մայրը կոչուելու: Ի՞նչ ըրիր զաւկիդ համար. ի՞նչ ըրիր մեր զաւկին համար: Հոգածութիւն, խնամք, գորով եւ դեռ պզտիկի մը անհրաժեշտ ամէն բան զլացար դուն անոր, կարծելով, թէ ղրկած անարգ ամսականդ ուժը պիտի ունենայ մեծ պակասը լրացնելու: Նոյնիսկ անպատկառութիւնը ունեցեր ես մէկուն ըսելու, որ քիչ կը սիրես Պիպին, որովհետեւ ան իմ անկարգ, անոպայ ու անգութ բնութիւնս ունի: Բայց գիտցիր, որ ես զայն սիրեցի ճիշդ այդ պատճառաւ եւ յետոյ նաեւ ինչո՜ւ չխոստովանիմ որովհետեւ քեզի կը նմանէր: Ամբողջ կարելիս ըրի, գացի հաստատուեցայ Սէն-ժոռժի մօտը, եւ չանցաւ շաբաթ որ գոնէ երկու անգամ չտեսնեմ որդիս: Ահա այդպէս է, որ ես զայն գրաւեցի, կարելի եղածին չափ քեզ նսեմացուցի զաւկիդ առջեւ եւ ան ամբողջութեամբ կապուեցաւ իր Կի «հօրեղբօրը»:

«Եւ ահա դուն կը յանդգնիս զայն ինձմէ խլե՜լ. կը յանդգնիս նոյնիսկ տարիներ վերջը զիս անգամ մը եւս հարուածել: Մի՛ մոռնար սակայն, որ բարեկամդ օտարական է եւ օտարական մը չի կորսուիր Ֆրանսայի մէջ: Գտայ վերջապէս ձեր հասցէն եւ կու գամ առնել որդիս: Գիտեմ, թէ ամենայն սիրով ու մեծագոյն հրճուանքով է, որ ինձ պիտի հետեւի ան: Այս նամակս պիտի ստանաս միայն այն պահուն, երբ մենք արդէն իսկ հեռացած պիտի ըլլանք Թօննէռէն: Ի զուր մի յոգնիր. երբեք չպիտի կարենաս մեզ գտնել եւ ոչ մէկ օրէնք զօրութիւնը պիտի ունենայ որդիս ձեռքէս խլելու: Պատիժդ թող այս ըլլայ»:

Փիէռի դէմքը ողողուած էր քրտինքով, ու քունքերը պիտի պայթէին: Ապշած, անբանացած, խորհելու անկարող այդ վիճակին մէջ բնազդաբար ձեռքը երկարեց ու, սեղանին վրայէն լաթի կտոր մը առնելով, սկսաւ սրբուիլ։ Այնքան կարծր էր այդ քուրջի կտորը, որ մորթը սկրթուեցաւ: Որքան մեծ եղաւ տղուն զարմացումը, երբ ձեռքինը քննելով տեսաւ, թէ բաղնիքի քերիչ (քէսէ) մըն էր ան, մասնաւոր տոկուն կերպասէ կարուած: Սեղանին վրայ էր նաեւ բացուած ծրար մը, թրքական դրոշմաթուղթերով, «չէվիրմէ»յի անուշով:

Փիէռին այնպէս կը թուէր, թէ երազ մըն է, որ կ՚ապրի: Քնաշրջիկի մը պէս քայլերը տարաւ պարապ հարկաբաժնին ամէն մէկ կողմը, շօշափեց խոհանոցին պատուհանը, որուն ապակին կոտրելով է, որ կրցած էր ներս մտնել, ու կրկին վերադարձաւ ննջասենեակ: Ահա մեծ սնտուկը, մեկնելու կազմ եւ պատրաստ, ահա լեցուն պայուսակները: Պիպիին խաղալիքները, ահա Նէնէթին գլխարկն ու վերարկուն, եւ մանաւանդ, բայց մանաւանդ արիւն, արիւն ամէն կողմ: Արիւն` մահճակալին վրայ եւ գետինը արիւն` ջուրով լեցուն բազմաթիւ ամաններու մէջ, արի՜ւն քուրջերու, շապիկներու, անձեռոցներու վրայ, արիւն մինչեւ դռան շեմը:

Դրացի մը վերջապէս ուզեց խօսիլ, եւ Փիէռ խելագարի մը պէս վազեց, վազեց, «քէսէ»ն ափին մէջ` ուժով մը սեղմած:

Երբ սանդուխները բարձրացաւ, երթալիք սենեակը գտնելու համար պէտք չունեցաւ մէկուն հարցում ուղղելու: Դրան մը առջեւ կեցած էր Կոստան, երկու ձեռքերը կուրծքին սեղմած, գլխիկոր, եւ կը հեկեկար, կը հեկեկար:

Փիէռ դուռը բացաւ:

Համակ սպիտակութիւն: Սպիտակ` պատերը, վարագոյրները, սեղանը, սպիտակ` դէմքերը, ձայները, մթնոլորտը: Անկողնին վրայ հակած երեք հոգի, բժիշկ, օգնական եւ հիւանդապահ, գլուխները ցցեցին եւ նշան ըրին, որ չմօտենայ:

Փիէռ բա՛ն չէր լսէր, բա՛ն չէր ըսէր, եւ մահճակալէն զատ բան չէր տեսնէր: Չկրցին զինքը դուրս հանել:

Փիէռ մօտեցաւ երկու քայլ, կանգ առաւ, թեւերը բացուեցան կարծես գիրկընդխառնումի մը համար, մարմինը տատանեցաւ կթոտ ծունկերուն վրայ, եւ անա՜նկ ձայնով մը տղան հեկեկաց.

Nenette, Nenette chérie!

Դժգոյն կոպերը բարձրացան մէկէն, եւ օրհասականին դէմքին վրայ անանուն, անդրաշխարհային ժպիտ մը տարածուեցաւ: Ժպիտ մը, որ աւելի ծամածռութիւն էր, բայց որ հրճուանք էր, աղերս ու աղապատանք էր, բայց որ ամբողջ սէր էր:

Նէնէթ ուզեց ցցուիլ, շարժում մը ընել, բայց ուժերը մերժեցին: Կարծես գերագոյն ճիգ մը ըրաւ խօսելու, եւ հազիւ լսելի ձայնով մը փսփսաց տղուն մօտեցող ականջին.

Փիէռռօ՜, ազատէ զիս, ազատէ զիս… այս անգամ, հաւատա՛… հիմա բժիշկը ըսաւ, հաւատա՛, ես… ես իրապէս յղի… ես իրապէս յղի…

Ձայնը հալեցաւ, սպառեցաւ, շրթունքները շարժեցան պարապին մէջ ու կոպերը ինկան:

Դո՛ւրս, դո՛ւրս, բայց կ՚աղաչեմ դուրս ելէք, կը կրկներ բժիշկը. չէք տեսնէր, որ մահուան հետ կը պայքարի:

Դռնէն անցած պահուն մէկէն ետեւ դարձաւ Փիէռ, բռնեց բժիշկին օձիքէն եւ ըսաւ.

Պիտի ազատէք զայն, պիտի աղէկցնէք Նէնէթս, ըրէք ինչ որ կ՚ուզէք, բայց բժշկեցէք, ապա թէ ոչ… ապա թէ ոչ, je te casse la gueule moi, je te casse la gueule…

………………………………………………………………

Նրբանցքին խորը, անկիւն մըն էին կծկտած երկուքը, շունչ շունչի: Փիէռ Կոստանը գրկած էր ուսերէն ու կը խօսէր խեղդուկ ձայնով մը, բայց շունչը սպառելու չափ արագ.

Այո՛, պիտի աղէկնայ ան, պիտի տեսնես, թէ ինչպէս պիտի աղէկնայ, իմ բարի, իմ պատուական Կոստանս, մենք դեռ շատ երջանիկ պիտի ըլլանք, մենք դեռ ի՜նչ օրեր պիտի ապրինք… Կոստա՛ն, Կոստա՛ն, ահա կը ներկայացնեմ ձեզ Փարիզ քաղաքի հրշէջ գունդի ենթասպաներուն է՛ն կրակոտը… այո, Rrrigole, Brrigadier… բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ուզեց անձնասպան ըլլալ, ինչո՞ւ դուն հոն չէիր… Պիպին տարե՜ր են եղեր, աւելի լաւ. թող կորսուի անպիտանը. ան միշտ կը խռովէր մեր խաղաղութիւնը, կը փչացնէր մեր զուարթութիւնը… բայց հիմա, ա՛լ երջանիկ պիտի ըլլանք. ես հոս եմ, պիտի աղէկնայ իմին Նէնէթս, Ririgole, Brrigadier… Հաւատա՛, Կոստան, այս անգամ ատեն չունեցայ, բայց եթէ նորէն Փարիզ երթամ, անպայման, անպայման պիտի գնեմ թութակդ, այո, առանց թութակի չըլլար. Նէնէթն ալ թութակը շատ կը սիրէր… Մայրի՜կ, մայրի՜կ… je te casse la gueule moi, je te casse la gueule…

Եւ յետոյ.

Երբ այլեւս բնաւ յոյս չմնաց, ոչ իսկ երիտասարդի մը համար, Հայը գլուխը ցցեց եւ միշտ Կոստանը այդպէս գրկած` սկսաւ աղերսել.

«Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո, որպէս եւ մենք թողումք մերոց պարտապանաց… Հայր մեր որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո, եկեսցէ արքայութիւն քո, եղիցին կամք քո, որպէս եւ մէք թողումք մերոց պարտապանաց… Թողումք մերոց պարտապանաց… պարտապանաց…

Չե՜մ յիշէր կոր, Կոստան, մեղքցիր ինծի, ես իմ «Հայր մեր»ս չեմ յիշէր կոր…

Այն ատեն ֆրանսացին սկսաւ արտասանել իր թաւ ձայնով եւ Հայը խօսքերը կրկնեց, շունչ առ շունչ.

 

- Notre père qui êtes aux çieux-
- Notre père qui êtes aux çieux
- Que votre nom soit bénit-
- Que votre nom soit bénit
- Que votre règne arrive sur la terre-
- Que votre règne arrive sur la terre

Դանդաղօրէն, դանդաղօրէն, մութէն անջատուեցաւ մեծ խաչը մէկ պատուհանին, եւ արշալոյսը սկսաւ լազուարթ, թերեւս կապտորակ, թերեւս վարդադոյն:

Հեռաւո՜ր, չարաշու՜ք հաջոցնէր, աքաղաղի խուլ կանչեր, մսկոտ սօսափիւնը պարտէզներու, թախծոտ սոյլեր հարաւի:

Առաւօտեան սիւքով, արշալոյսով, վարդով լի՛ բաց պատուհանին վարագոյրը սկսաւ ուռիլ, ուռիլ, մեկնելու պատրաստ առագաստի մը պէս, փշրուելու պատրաստ ալիքի մը պէս, որպէս երազ մը անանուն:

Քիչ մը ջուր` խունկով օրհնուած, ճիւղ մը անծանօթ տերեւ՝ աղօթքներով չորցուած, եւ այլեւս մեղրամոմէ դէմքին վրայ անձրեւող լոյս մը դողդղացող, չարաշուք, դամբանային:

Կիսաստուերին մէջ իր սպիտակութեամբը կը նշմարուի մայրիկին կարած «քէսէն» տոկուն, դիմացկուն, որուն մէջ հիմա առատ խուրձ մը կայ Նէնէթին ոսկի մազերէն:

Փիէռ կը մնար մահճակալին եզերքը, թմրած, պարապ, անգոյ: Կարծես դեռ կը վազէր անոր ետեւէն, որ ժամեր առաջ մեկնեցաւ, նոյն անթափանց պահարանով:

Ներքին խժալուր աղմուկներուն մէջ, ականջներուն անվերջանալի վզզոցէն տարուած` մէկէն կարծեց, թէ մօտաւոր բակէ մը ջութակ մը բարձրացաւ. հին, շա՜տ հին մեղեդի մը բոլորին ծանօթ, որ մինչեւ հոս կ՚ելլէր անհաւասար ալիքներով, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, որ կ՚ուզեր աւելի երկրորդինը յուզել, քան չորրորդ յարկինը, որ ա՛լ պարտասած` երբեմն կը կառչէր ջուրի խողովակներուն, բայց որ կ՚ելլէր, բայց որ կ՚ելլէր մինչեւ հոս, այդ հի՛ն, շա՜տ հին մեղեդին, բոլորին ծանօթ:

Նոյեմբեր 1927 - Յունուար 1929