Ծանօթ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

??

Նախ փառք, անշուշտ, բայց, աւա՜ղ,

Անփառունակ պապակով՝

Որ ըրաւ զինք ընքնագով

Եւ իր անձով անսըւաղ։

 

Եւ այդ սիրոյն, խեղճ՝ ատոր,

Այդ աթոռին համար՝ ան

Պարգեւաբաշխ անվարան

Եղաւ, բարի՝ քաղցրաթոր։

 

Եւ ծեր այս մարդը տըղայ՝

Խանդ է, եռանդ տակաւին,

Որ ծովն ինկած արեւին

Պէս կը վառի, կը շողայ։

 

Ելեկտրական բորբ թելի

Պէս ջըղային, ահռելի՝

Ան կը շանթէ, կը հալի,

Կ’ըլլայ յուզիչ աւելի…

 

Ջըղուտ, ցասկոտ, բայց կակուղ՝

Ներողամիտ՝ ան ունի

Կեցուածք, ու պեխ արքենի,

Առաքեալի վեհ գըլուխ։

 

Տըղայ, փոքրիկ, բայց խոկուն՝

Իր հագուստին մէջ միշտ հին,

Վէս՝ զերթ Հայոց աշխարհին

Խնկարկելին, խնկարկուն։

 

Ծեր, բայց վառեակ դեռատի,

Աքլոր՝ յաւէտ թեւաբաց,

Քիլոնիտես՝ միացած

Պերճաբարբառ Սոկրատի։

 

Ան՝ հին ու նոր, ամէն ինչ

Կը գտնէ վեհ ու պայծառ։

Համայնավար, ռամկավար,

Քըրիստոնեայ մըն է ջինջ։

 

Եւ դարերու խորերէն

Եկած վըսեմ այս մեսիան

Զուտ Հայ մըն է պատուական

Եւ Ֆրանսացի նոյն ատեն։

 

Եւ Հայն իր մէջ ֆրանսասէր

Եւ ֆրանսացին հայապաշտ՝

Կը կենակցին յաւէտ հաշտ

Որպէս գինով զոյգ կէսեր։

 

Եւ լաւ կ’ըլլայ՝ ընեն զինք

Փարիզանիստ հայ դեսպան

Այն օրը՝ որ Հայաստան

Մենք թեւաբաց ընդունինք։

 

Դիւանագէտ, բանասէր,

Ու քննադատ՝ կը սպառի

Երաժշտութեան ու պարի

Հազար նիւթի համար դեռ։

 

Ան կը սպառի, բայց առանց

Սպառելու, անըսպառ

Հաւատք է, յոյս, սէր… տակառ՝

Դանայեան մեր դպրութեանց։