Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՆԱՑԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ
(ՆՕԹԵՐ)

Կիները չունենալով ոչ խորութիւն իրենց դիտողութեան մէջ, ոչ շարք իրենց գաղափարներուն մէջ, չեն կրնար հանճար ունենալ։

ԺՕՐԺ ՍԱՆ

Ֆրանսային մէջ գրագիտուհիներու թիւը օրէ օր տարօրինակ համեմատութիւններ կ’առնէ. կիներու նախընտրած զբաղումը կը թուի բանաստեղծութիւնը եւ գրականութիւնը արուեստի շատ մը ճիւղերու մէջ. առանձին ուսումնասիրութիւններ ընելէ առաջ մէկ քանի կարկառուն կին գրողներու վրայ թերեւս աւելորդ չըլլայ քննել թէ ընդհանուր առմամբ կիներու այս առատութիւնը գրականութեան մէջ իր բարերա՞ր թէ վնասակար ազդեցութիւնը ունեցած է։ Բոլոր ֆէմինիսդները կը ծափահարեն այս երեւոյթին, մեծ եւ տաղանդաւոր մտքեր նուազ խանդավառ կը թուին, ու ներողամիտ ժպիտով մը կը նային անոնց վրայ. այդ ներողամտութեան մէջ իրաւացի արհամարհանք կայ երբեմն։

Ֆրանսացի գրագիտուհին առանձին թիփ մըն է. անիկա չշփոթուիր Անգղիացի կամ Ամերիկացի գրագիտուհիներուն հետ եւ ոչ ալ այս կամ այն երկիրներու մէջ պատահաբար երեւան եկած մէկ քանի մեծ կին տաղանդներու հետ։

Ֆրանսայի մէջ օրէ օր իրենց թիւը բազմապատկուած է եւ իրենց ազդեցութիւնը մեծ եղած է օրուան գրական ուղղութեան մէջ։ Անոնք զգալաբար հեռացած են կանացի խառնուածքին յատուկ իրական մեծ յատկութիւններէն եւ փոխարէն վիպական եւ բանաստեղծական սեռերուն մէջ մտցուցած են իրենց ճարպիկութիւնները, սրատեսութիւնը, պչրանքը եւ զգայնոտութիւը. ընթերցող հասարակութեան պզտիկ եւ վատառողջ ախորժակները գուշակած, զգացած ու զանոնք գոհացուցած են իրենց ապասերածի յատուկ նենգաւոր խաբեբայութիւններով. այսինչ կին հեղինակին sentimental եւ անվնաս համարուած գիրքը շատ աւելի թունաւորած է պզտիկ աղջիկները որքան չպիտի ընէին թերեւս յայտնի կերպով ամբաստանուող հեղինակի մը գործերը։

Ամենէն անմիջական վնասը սակայն կին գրողներու գրական միջավայրներու մէջ մտցուցած կարգ մը տգեղ բարքեր են. հրատարակիչները մեծ մասամբ կը շահուին ուրիշ բանով քան իրական տաղանդով. քննադատները կաշառուած են սիրուն ժպիտներով. իրենց սալօնները կիսաշխարհիկ կիներու խառնակութիւնը կ’ներկայացնեն ընդհանրապէս ուր ամենէն ազդեցիկ քննադատը եւ ամենէն հարուստ հրատարակիչը սիրաշահելու համար ճշմարիտ պայքար մը կը մղուի. ամենէն աներեւակայելի գձձութիւնները, պզտիկութիւնները զիրենք չեն ընկրկեր. կինը ընդհանրապէս արտակարգ ճկունութիւն մը ունի բարոյական ըմբռնումներու մէջ. իր տկարութիւնը անբաղդատելի զէնք մըն է իրեն համար. անիկա կը ստէ, կը խաբէ, կը քծնի, կը շփանայ եւ չդադրիր յաչս աշխարհիկ մարդոց charmante կին մը ըլլալէ. մինչ իր գործած վատութիւններուն մէկ տասներորդը բաւական պիտի ըլլար ամենէն հաստատուն համբաւներէն մէկ խախտելու այրերու մէջ. այս պատճառաւ իսկ արդէն այր ու կին գրողներու մէջ օրինաւոր պայքարը անկարելի կը դառնայ. այրերը վեհանձնութեամբ, կնամեծարութեամբ ու մանաւանդ ներողամտութիւնով իրենց տեղը կը ձգեն կիներուն։

Անհաւատալի ճիգեր ու ցածութիւններ տեղի կունենան ամէն օր քիչիկ մը մօտիկնելու համար մեծ եւ նուիրագործուած անուններուն. կին գրողի մը երազն է զինքը ներկայացնող, առաջնորդող մը գտնել ու այս բանին հասնելու համար իր մտքին խորքին մէջ մէկ միջոց կը գտնէ. բնազդային բան մըն է սա. նոյնիսկ երբ պարկեշտ է՝ անգիտակցաբար այդ նպատակին կը ձգտին իր ջանքերը։

Շատ հազուադէպ բացառութիւններով այսօրուան ֆրանսացի գրագիտուհիներուն կենսագրութիւնը այս առանցքին վրայ կը դառնայ։

Անգամ մը որ գրագիտուհի մը սկսած է ճանչցուիլ, կ’սկսի անօրինակ ազդեցութիւն մը ունենալ. նորերը կը խմբուին իր շուրջը եւ իր շնորհքին արժանացողները միայն կը մղուին. իրենց քմահաճոյքներուն, իրենց ջղային տրամադրութիւններուն համեմատ է որ կ’ըլլան այդ ընտրութիւնները. այսպէսով օրուան գրական ուղղութիւնը մէկ կողմէն ազդեցիկ աշխարհիկ ըիներու եւ միւս կողմանէ յաջողած գրագիտուհիներու անհաստատ եւ յեղյեղուկ ձեռքին մէջ կը մնայ։

Եւ որովհետեւ բոլոր իրենց նկարագրի տկարութիւնները, իրենց վատութիւնները, իրենց խառնուածքին յատուկ կարգ մը բարոյական մոլութիւնները կիները կը դնեն իրենց գրականութեան մէջ, անիկա կը մոլորեցնէ ընթերցող հասարակութեան կարծիքը, ճաշակը։ Այդ փաղաքուշ քնքշութիւնները, այդ չզգացուած հրայրքներու աղմկալի յայտարարութիւնները, մարդուն փափաքներուն եւ երեւակայութեան համապատասխան զգայականութիւնը ապականած, թուլցուցած եւ իր առնական յատկութիւններէն հեռացուցած են ժամանակակից գրականութիւնը։

Միւս կողմանէ կիները ինչպէս կեանքի մէջ առ հասարակ կը դադրին ինքնուրոյն ըլլալէ այրերուն իրենց տուած դերը կատարելու համար. անոնք վսեմ են, քնքուշ, պչրող կամ չարաճճի, զուարթ ու մելամաղձոտ ոչ թէ որովհետեւ այդ արդիւնքն է իրենց ներքին հոգեկան վիճակին, այլ որովհետեւ այդ դերը այլ եւ այլ պատճառներով իրենց հաճելի է։ Կուզեն երբեմն խորհրդաւոր ու անհասկնելի դառնալ, որովհետեւ մարդերու մեծամասնութիւնը միամտութիւնը ունի կարծելու թէ կիները կնճռոտ հոգի ունին. ասիկա կը շողոքորթէ զիրենք ու միեւնոյն ատեն զոհուածի, չհասկցուածի դերը կուտայ իրենց... կիները կը պաշտեն այս դերը. իրենց բնազդին մէկ ապականութեան հետեւանքն է ասիկա անտարակոյս որ անդիմադրելի պէտք մը կը դառնայ յաճախ. նոյն իսկ ողջամիտ եւ ազնիւ կիներ երբեմն կը տարուին այս փորձութենէն. ի՜նչ մեծ հրապոյր կը գտնան իրենց ամուսինը կամ իրենց ամենէն մերձաւոր այրերը ամբաստանելու մէջ՝ որպէսզի սա եզրակացութեան հասնին. «ինչչա՛փ դժբաղդ կին մըն եմ»։

Առ հասարակ կին գրողներու գլխաւոր thèseն է ասիկա. այր գրողներու մէջ միամտութիւն, գորովանք, զգացում, երբեմն բուռն հրայրք, խանդավառութիւն եւ երբեմն նոյն իսկ բանաւոր պահանջումներ կը գտնենք, բայց հազուադէպօրէն կին գրողներու մէջ. յատկութիւններ վերջապէս՝ որոնք գլխաւորաբար հետեւանք են անկեղծութեան, պարզութեան։

 

Դժբաղդաբար իրենցմէ ամենէն արժանաւորներն ալ զերծ չեն երբեմն կարգ մը սնոտի զգացումներէ։ Օր մը քննադատ մը խօսելով Ֆրանսայի երեք ամենէն հանրածանօթ գրագիտուհիներու վրայ (Լիւսի տը Լարիւ Մարգրիւս, Տը Նօայ եւ Վիվիան) կ’ըսէ թէ ամենէն տաղանդաւորը այն է որ ամենէն քիչ օժտուած է ֆիզիքապէս. ոչ մէկը երեքէն ընդունած են այդ գնով առաջնութիւնը. թէեւ ամենուն յայտնի է այն բուռն պայքարը որ այդ երեք գրագիտուհիները կը մղեն իրենց մէջ զիրար գերազանցելու համար համբաւով։

Անտարակուսելի է որ այս կարգի նկարագրի տկարութիւններ մոռցնել չեն տար կին հեղինակի մը իսկական արժանիքը. Տը Լարիւ Մարգրիւս օրուան լաւագոյն բանաստեղծուհին է, իր մէջ կը յուսային գտնալ այն կիներէն մէկը որոնք ճշմարտապէս մեծ կրցած են ըլլալ հազուադէպ կերպով եւ որոնց վրայ խօսած ատենը քննադատ մը կը մոռնայ իրենց սեռը. Մարսել Թինէր իր անսեթեւեթ տաղանդով արժանի եղած է արդէն այդ անաչառութեամս դատելու, մինչ Տանիէլ Լըզուէր կը դառնայ հետզհետէ ճարտար թերթօնագիր մը։

Տը Նօայ իր բոլոր բոլոր արժանիքներով իր մէջ կը խտացնէ ֆրանսացի արդի գրագիտուհին. իր առաջին հրատարակութիւններու արագ յաջողութիւնները եւ իր ընկերական դիրքը զինքը գինովցուցին, շփացուցին։

Գրագէտներու կիները մեծ մասամբ գրական յաւակնութիւններով լեցուն ոչ նուազ վնասակար ազդեցութիւն ունեցած են իրենց ամուսիններուն եւ ուղղակի անոնց շրջանակին մէջ. եթէ մէկ քանի ճշմարտապէս սքանչելի կիներ կան իրենց tactով, տաղանդով, նրբութիւնով կ’ըգնեն ու կը բարեխառնեն իրենց ամուսնոյն գրական գործունէութիւնը, ինչպէս Տիկին Ռօսթան, որ ներդաշնակութեան զգացումը ունի, Տիկին Մէնտէս որ սիրազեղ խանդ մը ունի, Տիկին տը Ռէնիէ եւլն. ո՛րքան ուրիշներ որ իրենց ամուսնոյն առնական տաղանդը լուծած, փճացուցած են, կանացի ունայն փափկութիւններու, պզտիկ մանրամասնութիւններու մէջ մոլորեցուցած են անոր հուժկու երեւակայութիւնը, անոր յղացումները ցրուած, պզտիկցուցած եւ հասարակութեան հրամցնելու մտահոգութիւնովը նսեմացուցած են. իրենց խոշոր ախորժակները պերճանքի, վայելքի, զիրենք հեռացուցած են այն անհրաժեշտ սակաւապետութենէն որով միայն հեղինակ մկ կրնայ անաղարտ գործունէութիւն մը ունենալ։

Կին գրողներու արտադրութիւնը դատապարտուած է նաեւ ընդհանրապէս սա տեսակէտէն որ ոչ իրենց խառնուածքը եւ ոչ իրենց ստացած դաստիարակութիւնը թոյլ կուտայ իրենց ամբողջական, յստակ եւ մէկ ձգտումի մը վրայ հիմնուելու. իրենց գործին մէջ կը պակսի ընդհանրապէս գլխաւոր գիծը. իրենց գաղափարները առանցք չունին եւ իրենց բոլոր արուեստը տպաւորական է. դարձեալ իրենց տպաւորութիւնները հարազատ չեն. կինը կ’ազդուի. 1. իր վրայ հեղինակութիւն ունեցող անձերու գաղափարներէն, զգացումներէն եւ 2. կարդացած գիրքերէն։ Եթէ երբեմն կին հեղինակ մը յայտնի կերպով իրեն վրայ ազդող այրերուն հակառակ ուղղութիւն մը ցոյց կուտայ, պէտք չէ ատկէց խաբուիլ. անիկա յաճախ manie de contradiction ունի ինչպէս բոլոր տկար արարածները եւ ներքին մեծ հրճուանք մը, անսահման գոհունակութիւն մը կ’զգայ դէմ դնելու իր վրայ ազդող եւ իրեն ուղղութիւն տուող այրերուն ձգտումներուն. ասիկա ալ ձեւով մը տպաւորուիլ է եւ ինքնուրոյն ու անկախ զգացումի անընդունակութիւն։ Այսյ վարմունքի մէջ տեսակ մը ինքնախաբէութեան կ’ենթարկուի, կը կարծէ ջերմապէս թէ ինքը կարող է անկախ եւ նակաշկանդ ուղղութիւն մը ունենալ. երբեմն ալ այս կարգի գործունէութեան մէջ ատելութիւն կայ, կանացի ջղագրգռուած ատելութիւն մը ու յաճախ ալ երես առած տղու շփացածութիւն։

Զարմանալի երեւոյթներէն մէկն ալ կին գրողներուն այն է թէ իրենց factice, անկայուն եւ անիրական թիփերուն հաւատացող իրենք կ’ըլլան ու կ’ընդօրինակեն զայն. յաճախ կարծուած է թէ կին հեղինակի մը այս ինչ կամ այն ինչ հերոսուհին ինքն իսկ է. շատ մը նմանութեան կէտեր գտնուած են որոնք տեսակ մը վաւերականութիւն կուտան ստեղծուած տիպարին. միայն հեղինակուհին մօտէն ճանչցող անձեր կրնան անդրադառնալ որ այդ նմանութիւնը երեւան եկած է վէպին հերոսուհին ստեղծուելէն ետքը, ինչպէս բանաստեղծուհին իր արտայայտած զգացումներուն եւ իր հոգեկան տրամադրութիւններուն մէջ համաձայնութիւն մը կը դնէ բանաստեղծութիւնը գրելէն ետքը։ Մեծ միամտութիւն է կարծել թէ կին սը անկեղծօրէն կարող ըլլայ իր Եսը դնել իր հեղինակութեան մէջ. շատ մը բաներ արգելք կ’ըլլան ատոր։ Այն Եսը որ կը գտնանք կամ կը կարծենք գուշակել, այն է ինչ որ հեղինակուհին ուզած է գուշակել տալ, պատրանքը տալ։ Ասիկա արդէն բացի հազուադէպ բացառութիւններէ՝ ընդհանուր է գրեթէ երկու սեռէ գրողներու համար որոնց հերոսը եզակի առաջին դէմքով կը խօսի. Լօթի սքանչելի օրինակ մըն է եւ զարմանալի չէ որ Լօթի էապէս կանացի խառնուածք մըն է։

Կին հեղինակներու անբաւականութեան պատճառներէն մէկն ալ իրենց տգիտութիւնն է եւ իրենց մէջ բերած թէզ երուն բացարձակ անձեռնհասութիւն. այն է պատճառը իրենց ընկերական ամեն կարգի գործունէութեան մէջ ալ արտակարգ խանդավառութեան եւ միեւնոյն տաեն անբացատրելի մոռացութիւններու. գաղափարը իրենց մտքին մէջ կը բոցավառին ու կը մարին անհաւատալի արագութեամբ. գիտութեան պզտիկ տարր մը ահագին fantasmagorie մը կ’ստեղծէ իրենց գրգռուած երեւակայութեան մէջ. բայց անիկա որովհետեւ հիմ չունի՝ ինքնին կ’անհետանայ. իրենց պաշտպանած դատերուն, ձգտումներուն մէջ նոյն բուռն եւ ջղագրգիռ ծայրայեղութիւնը կը դնեն ինչ որ կ’ընեն ընդհանրապէս առտնին անհամաձայնութիւններու մէջ ալ. էրիկ մարդոց զարմացած եւ շուարած նայուածքին առաջքը անոնք անհաւասարելի դիւրութիւնով մը կը մարին, ջղային տագնապներ կունենան. իրենց նկարագրին անփորձ մէկը կ’ապշի, կը վախնայ, բայց վտանգ չկայ. անոնք շուտով կը հանդարտին ու ամէն բան իր սովորական խաղաղութեան մէջ կը մտնայ երբ համոզուած ըլլան թէ հանդիսատես չունին։ Այսօրուան մտաւորական աշխարհը դժբաղդաբար շատ միամիտ հանդիսատես մըն է եւ շատ ուշադրութիւն կ’ընէ աննշան շարժուձեւերուն։

 

Գրականութիւնը ընդհանրապէս կնոջ համար էական եւ ամենակարեւոր տարր մը չէ իր կեանքին մէջ. անիկա զարդարանք մըն է, հրապուրելու եւ ուշադրութիւն գրաւելու յայտնի միջոց մը. ժամանակ մը կիսաշխարհիկները ինքզինքնին ցուցադրելու եւ արժեցնել տալու համար բեմ կ’ելլէին, այսօր վէպ մը կը գրեն. ասիկա նուազ գայթակղելի է եւ աւելի դիւրին ու նաեւ մատչելի աշխարիկ այն կիներուն որոնք պիտի զգուշանային բեմ ելնելու։ (Թէեւ փորձով տեսանք որ ոմանք չվարանեցան այս միջոցն ալ գործածելու. Գօլէթ Վուելլի գապօթին մըն է այսօր եւ Տըլարիւ Մարգրիւս իր Սաֆօին դերը ինքը ներկայացուց)։

 

Ժամանակաւ, Ժիւլիէթ Ատանի օրով, գրագիտուհիները իրենց լուրջ կարողութիւնով մեծ տեղ կը գրաւէին ու այդ տեղին արժանի կը դարձնէին ինքզինքնին. նոյն իսկ Ժօրժ Սան հակառակ իր արկածալից եւ եռանդուն կեանքին հաստատուն եւ իրական բան մը ունեցած է իր գրական գործունէութեան մէջ. իր խառնուածքին հաւատարիմ մնացած է. անդիմադրելի ներքին պահանջքի մը արդիւնք եղած են իր արկածները, ոչ թէ քապօթինի ցուցամոլութիւն։ Այն ատենը կիները գիտէին իրենց գրականութեան մէջ դնել ինչ ազնիւ յատկութիւն որ բնութիւնը տուած է իրենց խառնուածքին. անոնք մայր էին, քոյր էին, սիրուհի էին. իրենց խանդակաթ գուրգուրանքը կամ բուռն զգայնութիւնները, իրենց տխրութիւնները ու երազները կը գտնենք իրենց ստորագրած գիրքերուն մէջ. այսօր աւելի յաճախ պչրուհին կը գտնենք տիր շպարով, իր սեթեւեթներով, իր պղտոր եւ յեղյեղուկ հոգիով։

 

Օր մը տաղանդաւոր երիտասարդ մը կը գանգատէր վարպետի մը. Ատեն մը գրական բարքերը մաքուր էին, երէցները կ’օգնէին նորահասներուն եւ անոնցմէ ամենէն տաղանդաւորներուն ձեռք կուտային, դրդուած միմիայն արուեստագիտական նկատումներէ։ Անշուշտ այն ատեն ալ կային մոռցուածներ, մութին մէջ մնացողներ, բայց համեմատութիւն չկայ այսօրուան հետ։ Եթէ բաղդատենք արդի քննադատութեան պայմանները, նոր հեղինակ մը կամ գրիչ մը lancé ընելու միջոցները որոնք այնքան տխուր նմանութիւններ ունին նպարավաճառի մը՝ շօքօլա կամ ոեւէ ապրանք մը lancé ընելու կերպերուն Թէօֆիլ Կօթիէի մը անկեղծ խանդավառութիւններուն հետ ապշեցնող եզրակացութեան մը կը հասնի մարդ. ի՞նչ բան արդեօք գլխաւոր ազդակը եղած է իրերու այս վիճակին։ Կին գրողները մանաւանդ, պատասխանեց վարպետը։

Ինչքան ալ քիչ քաջալերիչ ըլլան այս տողերը կին գրողներու համար անոնք պիտի կրնային այս նուաստացուցիչ միջակութենէն դուրս ելնել պարզութիւնով, անպայման անկեղծութիւնով եւ լուրջ աշխատութիւնով. պէտք է մոռնալ շատ մը ծեքծեքումներ, անիմաստ ամչկոտութիւններ եւ գրեթէ լիրբ պչրանքներ. պէտք է մոռնալ դարաւոր գովասանքները, դարպասները. ճշմարտապէս պարզ ըլլալ դժբաղդաբար քիչերուն մատչելի յատկութիւն մըն է. այդ բանին հասնելու համար պէտք է անխոնջ պայքարիլ ժառանգական կարգ մը աննպաստ պայմաններու եւ կնոջ հոգիին յատուկ եղող տասակ մը տկարութիւններու դէմ. պէտք է խորհիլ վերջապէս թէ գեղարուեստը աշխարհիկ սալօն մը չէ ուր քիչ մը արուաստակեալ շնորհ, քիչ մը շպարուած գեղեցկութիւն կրնան ուշադրութիւն հրաւիրել։