Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌԸՆԷ ԿԻԼ

1925-ի Սեպտեմբեր ամսուան մէջ 63 տարեկանին մեռաւ Ֆրանսացի բանաստեղծ մը, Ռընէ Կիլ որուն անունը քիչ լսուած է մեր մէջ, հակառակ որ անիկա շատ եռանդուն կերպով մը եւ գիտակցօրէն սիրած է հայ ժողովուրդը եւ զբաղած է հայ գրականութեամբ եւ լեզուով։

Կիլ այն հայասէրներէն չ՚Էր որոնք բեմերու վրայ կը տեսնանք եւ կամ որոնց ուշ թէ կանուխ կը հանդիպինք մեր այլ եւ այլ հաստատութեանց նրբանցքներուն մէջ, զանազան բանակցութիւններու բռնուած։ Անիկա բացարձակապէս անշահախնդիր էր եւ մի միայն մտաւորական մարդու ազնիւ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր հայ գրականութեան յեղաշրջումին եւ հայ ժողովուրդի ներկան ու ապագան զինքը կը շահագրգռէին մեծապէս։

Ռընէ Կիլ մեծ բանաստեղծ մըն էր, թերեւս անհամեմատ աւելի մեծ քան թէ այս աժան դարձած որակումը կարող է արտայայտել։ Իր բանաստեղծի համբաւը սկսած է Սէմպօլիստներուն հետ, եղած է մտերիմ բարեկամը Վերլէնի եւ Մալարմէի որոնց երկուքին հետ համախոհութիւններ ունէր արուեստի տեսաբանութեան մասին։ Իր Traite de Verbeը մեծ աղմուկ հանած է ժամանակին մամուլին մէջ եւ Վերլէն իր «Այսօրուան Մարդերը» գիրքին մէջ ներկայացնելով Կիլը գուշակած է իրեն համար յաղթական ապագայ մը։

Յետագային Կիլ բաժնուած է սէմպօլիստներէն եւ  դարձած է պետ գրական դպրոցի մը, գիտական բանաստեղծութեան որ իր ժամանակին խռոված է միտքերը բայց որ հետզհետէ մոռացութեան մատնուած է որովհետեւ գրական այնպիսի ժամանակաշրջանի մը որ ամենէն աղմկարար, ամենէն գայթակղեցուցիչ եւ ամենէն աւելի աչքի եւ ականջի շլացում պատճառող գրողները առաջին կարգերու կը հասնէին, տեղ չի կար մարդու մը համար որ խղճամտութեամբ, պարկեշտութեամբ ու խոր համոզումով կը հետապնդէր գաղափար մը։ «Անիկա եղաւ, կ՚ըսէ Ֆլօրիան Բարմանթիէ, Ժուրնալ Լիթէրէրի մէջ, ապականութեանց դարու մը մէջ մարդկային մեծ սիրտ մը, արուեստագէտի գեղեցիկ հոգի մը»։

Այլ սակայն, եթէ Ռընէ Կիլի բանաստեղծական արուեստի ըմբռնումները չեն ունեցած լայն ժողովրդականութիւն, եւ ինքը դադրած է ըլլալէ օրուան մարդերէն մէկը, այսու ամենայնիւ միշտ ունեցած է իր «հաւատարիմ» ներու շրջանակը, ունեցած է իր հետ հետզհետէ նոր հասնող սերունդները. իր յարատեւ ջանք, խիստ աշխատութիւն, պայծառ գիտակցութիւն պահանջող մեթոտները բնականաբար հետզհետէ կը հեռացնեն իրմէ անոնք որ կորսնցուցած երիտասարդական տարիներու ոգեւորութիւնը, եւ միւս կողմանէ անյագ՝ արագ եւ դիւրին յաջողութեան, աստիճանաբար անձնատուր կ՚ըլլային ժամանակին ապականաբար ազդեցութեանց։

Ռընէ Կիլի երկը կը կազմէ հսկայ ամբողջութիւն մը  որու մասերն են իր առանձին հատորները։ Դէմ էր հատակոտոր եւ իրարմէ անջատ բանաստեղծութեանց։ Իրեն համար ներշնչման յարատեւ խորք մը կայ, ամբողջութիւն մը մարդկային մտածղութեան մէջ, որ կ՚ընդգրկէ մարդուս բոլոր բանաստեղծական տրամադրութիւնները եւ միմիայն ներշնչման տկարութեամբ կամ կատարման մէջ կորովի հետապնդութեան պակասին հետեւանքով է, որ բանաստեղծական երկ մը կուտայ միայն պահեր, նշյոլներ եւ վաղանցուկ տպաւորութիւններ։ Կառուցման ջանքը եւ ընդհանուր յատկագիծի մը պահանջած դրական գիտութիւնը անհրաժեշտ են որպէսզի գործը ստանայ իր տեւականութեան յատկութիւնը եւ եթէ ոչ իր ժամանակին, գոնէ ապագայ սերունդներուն յայտնուի իբրեւ անքակտելի եւ կատարեալ ամբողջութիւն մը։ Թան իր 1 Հոկտեմբեր թիւին մէջ խօսելով Կիլի մասին եւ կանգ առնելով այս մասնաւոր տեսակէտին վրայ կ՚ըսէ »Օգտակարապէս Կիլ կը զատուէր տիրող կարծիքէն, հաստատելով երկար եւ հետեւողական պօէմը։ Կարճ բանաստեղծութեանց սկբզունքը բանաձեւեց Էտկար Բօ-ն եւ որուն հետեւեցան գրեթէ բոլոր նոր բանաստեղծները։ Իրաւունք ունին քանի միայն լիրիքական են կամ էլէժիակ։ Դիւցազներգութիւնը, փիլիսոփայական , սէմպօլիստական մեծ պօէմները իրենց իրաւունքները ունին»։

Ռընէ Կիլի երկը դիւցազներգութիւն մըն է. անիկա իբր խորք ունի մարդկային ազգի յեղաշրջումը նախնական ժամանակներէ մինչեւ քաղաքակրթութեան գագաթները եւ յետոյ անկումերը, կրկին վերելքները եւ նախապատրաստութիւնները դէպ ի անվերջ ապագան։ Բանաստեղծ այս հսկայական նիւթը արտայայտելու համար կ՚որդեգրէ համապատասխան կերպ։ Ահա այը կերպն է որ զինքը կը բաժնէ իր ժամանակի բանաստեղծներէն եւ իրեն կուտայ թէ խորքի եւ թէ ձեւի բացարձակ առանձնայատկութիւններ։

Բանաստեղծական արուեստի մասին իր ունեցած ըմբռնումները արտայայտած է Կիլ բազմաթիւ յօդուածներով, բայց անոնք ամփոփ կը գտնենէ իր En Methode հատորին մէջ։ Կիլ իր նիւթը տեսնելու, անոր յեղաշրջումը գծելու եւ հանգրուանները ճշդելու եղանակին պատճառաւ կոչուած է գիտական բանաստեղծ, իսկ արտայայտութեան ձեւը եւ որդեգրած մեթոտը զինքը դարձուցած են վարպետը նուագարանային բանաստեղծութեան Poesie Instrumentiste։

Ըստ Կիլի մարդկային բարբառը իր բնական վիճակին մէջ համանուագ մըն է (orchestration) . սակայն մարդիկ հետզհետէ հեռանալով նախնական նուագարանային բարբառէն ոչ միայն կորսնցուցած են վանկերու գոյնը եւ հնչականութիւնը, այլ եւ արդիական կեանքի բազմաբարդ պահանջներէն մղուած ստեղծած են տեսակ մը պահմանադրական լեզու որ թէ՛ իր հնչականութեամբ թէ՛ ըսելու որոշ եղանակներով— որոնք կաղապարի պէս իրենց ձեւին կը յարմարցնեն ոեւէ գաղափար— թէ բառերու կամայական գործածութեամբ, բոլորովին անընդունակ է բանաստեղծական ինքնաբուխ արտայայտութեան։

Այս հիմնական համոզումին հետեւանքով է որ Ռնէ Կիլ որոնած է Ֆրանսերէն լեզուի նախնական ձեւերը, բառերու ծագման միջոցին ունեցած իմաստը եւ բարդ բառերու առանձին մասնիկներու նշանակութիւնը։ Այսպիսով մօտեցած է մարդկային բնական բարբառին, երաժշտական արժէքով հարուստ վանկերուն։ Բայց այս լեզուական տեսութիւնը ինչքան ալ ընդունելի ըլլայ, արդիւնքը այն եղած է որ Ռընէ Կիլի բանաստեղծութիւնները դարձած են եթէ ոչ բոլորովին անհասկնալի, գոնէ շատ դժուարահասկնալի եւ այդ իսկ պատճառով իր «Երկ» ին հաղորդակից եղած են միայն սակաւաթիւ «ընտրեալ» ներ։

Այլ սակայն այդ «Երկ»ը ծանրաբեռն է յղացման եւ արտայայտութեան գեղեցկութիւններով եւ որը կարող է ներշնչման հարուստ աղբիւր դառնալ սերունդներու։

Հետաքրքրական է դիտել նաեւ  որ երբ ինքը կ՚արտասանէր մտերիմներու շրջանակի մը մէջ, իր գրութիւնը անհամեմատ աւելի դիւրին հասկնալի կը դառնար։ Բանաստեղծութեան կշռոյթը, չափը , վանկերու շեշտը եւ մասնայատուկ հնչականութիւնը կարելի կը դարձնէին թափանցել իմաստին, այն յատուկ մթնոլորտին մէջ որ թրթռուն էր շատ նուրբ եւ երանգաւոր երաժշտութեամբ։

Նոյնպէս, իր գործին նուիրուած երրկոյթի մը մէջ, երբ հռչակաւոր դերասանուիհներ, յոգնաջան պատրաստութիւններէ ետքը արտասանեցին կիլի բանաստեղծութիւնները, սրահին մէջ գտնուող հոծ բազմութիւնը շլացած ու զարմացած կը լսէր, ինչպէս յայտնութեան նոր եւ մեծ բանի մը։ Միջնարարաներուն կը լսէինք միայն մէկ բացագանչութիւն։ —Ա՜հ, այսպէս, բոլորովին հասկնալի է։

Կը յիշեմ որոշակի այդ երեկոյթին տպաւորութիւնը։ Իսկապէս, քիչ անգամ մարդուս տրուած է հոգեկան եւ մտաւորական այդքան տպաւորիչ հրապոյր մը կրել։ Անծանօթ երաժշտութիւն մը որ տեսիլքներու շարք մը կը յարուցանէ, երազային տեսիլքներ, որու ընթացքին Մարդը իր քայլերը կ՚առնէ ժամանակի գծած ակոսին վրայ։ Եւ ամէն մէկ քայլը մարդկային պատմութեան մէկ հանգրուանն է։

Այդտեղ եւ այդ պահուն ամենքս համաձայն էինք։ Ճմարիտ բանաստեղծութիւնը պէտք է լսել եւ ոչ թէ կարդալ։

Շատեր կը մեղադրէին Ռընէ Կիլը իր անհաստկնալի ըլլլալուն պատճառով։ Նոյն իսկ իր մտերիմները եւ հաւատարիմ բարեկամները որոնք համոզուած էին իր «Երկ»ին ներքին, եւ այստեղ պարագան է ըսել— թագուն արժանիքներուն, պիտի ցանկային որ անիկա աւելի մատչելի ըլլար եւ հետեւաբար յայտնուէր լայն զանգուածներուն։ Բայց Կիլ խորապէս համոզուած էր իր մեթոտին ճշդրութեան եւ երբէք չուզեց զիջում ընել։ Եւ ճիշդ է որ մասնակի զիջումները պիտի խորտակէին ներդաշնակութիւնը իր գործին, իսկ ամբողջական զիջում մը ժխտումը պիտի ըլլար այն հաւատքին որ ունէր բանաստեղծութեան դերին եւ տեղին մասին։

Քաղցր, բարի եւ բառին իսկական առումով պարկեշտ մարդ մըն էր ան։ Երեսուն տարի տեւող իմ անձնական ծանօթութեանս ընթացքին, չեղաւ օր մը , պահ մը որ անիկա մազաչափ խախտէր այն հիացումի տպաւորութիւնը որ ներշնչեց ինձ առաջին տեսակցութեան։ Նոր հասած էի Բարիզ եւ աննշան ուսանողուհի մըն էի։ Բայց ես իմ կողմս ունէի մեծ յատկութիւն մը որու շնորհիւ վարպետին ուշադրութիւնը դարձաւ իմ վրաս, որու շնորհիւ իր յարատեւ համակրութեան առարկայ դարձայ եւ սկսնակի առաջին օրերուս վայելեցի իր աչալուրջ հսկողութիւնը եւ լսեցի իր իմաստուն խորհուրդները։ Այդ մեծ յատկութիւնը որ ես ունէի եւ որ ինձ դարձուց միշտ ցանկալի հիւր իր մտերիմ շրջանակին մէջ այն էր որ ես ՀԱյ էի եւ կը խօսէի ու կը գրէի իմ « գեղեցիկ , ազնուական եւ հնամենի»լեզուովս։

Իր կարծիքով ՀԱյերէն լեզուն այն հազուադէպ լեզուներէն մէկն էր որ պահպանած են բնական հնչականութեանց յատութիւնը եւ իրենց կառուցուածքով ամենէն մօտն են մարդկային ալեծուփ մտածողութեան ճկունութեան, հետեւաբար նաեւ ընդունակ բանաստեղծական տրամադրութիւն մը արտյայատելու։

ԻՐ Ուրբաթներուն կը հաւաքուէինք շուրջը եւ սրահները լիքն էին միշտ անուանի գրողներով եւ նորահաս երիտասարդներով։ Միշտ եւ կային օտարականներ, Ռուսեր, Բոլոնիացիներ, Չեխեր, Ամերիկացիներ եւ նոյն իսկ Ճաբոնցիներ։ Այնտեղ է որ առաջին անգամ հանդիպած եմ Ռուս բանաստեղծ Բրուսովին որ իր հիացողներէն մէկն էր եւ որ բազմաթիւ գրութիւններով եւ թարգմանութիւններով ծանօթացուցած է Կիլը ռուս մամուլին մէջ։

Մեր վերջին տեսակցութիւններէն մէկուն, երբ այնքան դեռ լիքն էր կեանքով, խանդով , հաւատքով խօսեցանք ՀԱյաստանի եւ նոր գրականութեան մասին։ Մինչ իրեն կը բացատրէի մեր երկրի եւ ժողովուրդի հրաշալի վերածնունդը, ըսաւ ինձ ժպտուն դէմքով եւ համոզումով։

Մտաք ուրեմն ձեր ակօսին մէջ… Ձեր ժողովուրդի բնազդները զինքը կ՚առաջնորդեն դէպ ի խաղաղութիւն եւ պայծառութիւն…Ձեզ չէի տեսներ եւրոպական քաղաքականութեան կնճիռին մէջ… մի ինչ որ պղտոր եւ մշուշոտ բան կար որ հաճելի չ՚էր Այժմ ուրիշ է. ձերճակատները դարձած են դէպ ի արեւելք. Մարդկութիւնը իր մէկ հսկայ շարժումը կը կատարէ եւ դուք առաջին գիծերուն վրայ էք։ Ձեզ կը մնայ ըմբռնել կացութեան առաւելագոյն գեղեցկութիւնը»։

Ահա թէ ինչ կարգի ճշմարիտ բարեկամ մը կորսնցուցինք։ Հազիւ թէ այդ սուգը անցաւ մէկ երկու տասնեակ հայերու սրտէն։ Երիտասարդ գրողներ միացած մէկ երկու մտաւորականներու ցաւակցական հեռագիր մը ղրկեցին իր այրիին։ Ցանկալի էր որ աւելի մօտէն եւ աւելի հանգամանօրէն մեր գրական երիտասարդ սերունդը հետաքրքրուէր Ռընէ Կիլով եւ քաղէր անոր ընկդարձակ գործէն շատ մը կրթիչ եւ թելադրիչ ներշնչումներ։