Մինչեւ ե՞րբ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Մեծ—Պահքի կիսուն ա՛լ դաշտի կեանքը Բալուայ Հայ գեղացիին համար սկսած է։ Բայց գարունը իր հետ տրտմութիւն կը բերէ. ղարիպութեան գացողները, ընդհանրապէս այդ եղանակին ճամբայ կ՚իյնան, մինչ վերադարձներն ալ սովորաբար աշնան տեղի կ՚ունենան։ Ձմեռը Պոլիս հիւսնութեան գործ շատ քիչ ըլլալով, երկիր երթալ ուզողները խանը պարապ ժամանակ չեն անցըներ. Զատկէն ետքը շա՛տ քիչերը կը վերադառնան, ուժաթափները, հիւանդները, ամառը բանելու անկարողները։
       Թորոսին տունէն թէ՛ ուրախ էին, թէ՛ տրտում։ Թորոսը պիտի գար, բայց Մելքոնն ալ՝ տղան, պիտի մեկնէր։ Սակայն, սկսած էին անհանգիստ ըլլալ։ Երկու բօսթա էր գիր չէր ելլար, մարը գէշ երազներ կէ տեսնար. գիշեր մը լուր առին, թէ ցորեկը Սթամպոլէն բօսթան հասած էր. իրենց նորէն գիր չելաւ, բայց իմացեր էին, թէ «անաճ» եկած է։ «Անաճ»—ը տեսակ մը տեղեկագիր է, զոր երկրի վաշխառուներուն Պոլսոյ ներկայացուցիչները բոլիցաճիները պարբերաբար իրենց տիրուըտանցը կը ղրկեն ամիսը մէկ երկու անգամ, պարտատէր գեղացիներուն վերաբերմամբ մանրամասն լուրեր հաղորդելով։ Ի՞նչ կ՚ընեն անոնք, աղէ՞կ են, հիւա՞նդ են, ո՞ղջ են, մեռա՞ծ են, պարտքերնուն ի հաշիւ ի՞նչ վճարած են, նոր պարտք կ՚ընե՞ն, գործ ունի՞ն, թէ պարապ կը պտըտին։
       Մելքոնը առտուն ելաւ իրենց պարտապահանջին երթալու։ Անշուշտ անոր ալ «անաճ» եկած էր. հօրմէն թերեւս լուր մը ունենար։ Գացած ատենը, կէս ճամփան դէմը քանի մը հոգի ելան. իրենց կուգային. «գլուխըդ ողջ մնայ» ըսին։ Հարը հիւանդանոցը մեռեր էր. «անաճէն» հիմակ իմացեր էին։ Մեկտեղ տուն գացին։ Հետզհետէ ուրիշներ ալ եկան մխիթարանքի։ Մեկու մըն ալ նամակ եկած էր. «տղան թո՛ղ թէզով գայ, հօրը գործերը նայի» կը գրէին։ Մեռած ատենը վրան ստաը կայ եղեր, բայց հիւանդանոցեն չեն ի տար։ Ժառանգը ով էր նէ, ա՛ն գալու էր։