Բ
Թորոս
աղբարը
առտուն
կանուխ
արթնցաւ,
քեռորդին՝
անգործ
պատանի
մը՝
քովը
կանչեց,
որպէսզի
իրեն
օգնէ
եւ
ընկերանայ։
Ցուպը
առաւ,
երեսը
խաչակնքեց
եւ
ճամբայ
ինկաւ.
նիհարցած
սրունքները
կը
դողդղային։
—Խէր
ըլլայ,
վարպետ,
—
հարցուցին
խանը
մնացող
բանուորները,
—
մեծ
պահքի
երկուշաբթի
առտուանցով
ասանկ
կանուխ
կանուխ
ո՞ւր
բարով։
—Ասուած
օգնէ
ըսէ՛ք
աղբըրտանք,
—
պատասխանեց։
—Է՜յ,
Աստուած
օգնէ,
Աստուած
օգնէ,
մաղթեցին
ամէնքը
միաբերան,
—
կարեկցութեամբ
ետեւէն
նայելով։
Օդը
թէեւ
պայծառ,
բայց
հիւսիսային
սուր
հովը
փչել
կը
սկսէր։
Տկար
բանուորը
կամաց
կամաց
քալելով,
յոգնութիւն
առնելու
համար
հոս
ու
հոն
մէյմէկ
նստելով,
հազիւ
երկու
իրեք
ժամէն
Ղալաթիա
հասաւ,
Պահթիար
խանը,
ճարտարապետ
Գասպար
էֆէնտիին
գրասենեակը։
Բանուորները
արտօնուած
էին
ազատօրէն
աղային
քովը
մտնել
ելլելու.
ամէնքն
ալ
հետը
միշտ
գործ
կ՚ունենային։
Մարդը
դեռ
եկած
չէր.
առջի
գիշերը
Բարեկենդանք
ըրած
ըլլալով,
քիչ
մը
ուշ
պիտի
իջնար։
Հիւանդ
ծերուկը
վերը,
սանդուխին
գլուխը
անկիւն
մը
կուկոզ
նստաւ,
օդի
հոսանքին
մէջ։
Քանի
մը
ժամուան
քալելէն
տաքցած
էր,
հիմակ
ալ
կը
մսէր։
Շատ
չանցած
աղան
եկաւ,
մինակ
չէր։
Հետի
մարդը
ժամէ
մը
ձգեց
գնաց.
օտա
ուշաղին
ալ
ան
ատենը
եկաւ
ու
Թորոս
աղբօրը
«ներս
մտիր»
ըսաւ։
Մարդուկը
ցուպը
դռանը
դրսիդին
զետեղեց.
տրեխները
հանեց
ու
աչքէ
հեռու
անկիւն
մը
տեղաւորեց
եւ
գուլպաներովը
կամացուկ
մը
ներս
սպրդեցաւ։
Եազմայապատ
ֆէսը
վար
առաւ
ու
ձեռքը
բռնեց.
եւ
կայնուկ
մնաց
իբր
թէ
Տիրամօր
պատկերին
առջեւը
«անկանիմք
առաջի
քո»
աղերսարկող
մը։
Կեցաւ։
Սենեակին
բարեխառն
ջերմութիւնը
իր
պաղած
մարմինը
տաքուկ
հեշտութեամբ
կը
գգուէր,
կը
փայփայէր։
Օ՜խ,
ի՜նչ
անո՜ւշ
էր։
Աղան
գլուխը
կախ
թուղթերը
կը
խառնէր.
տասը
վայրկեան
մը
ետքը
աչքերը
վեր
վերցուց.
Թորոսը
շատոնց
էր
տեսած
չուներ,
բայց
մէկէն
ճանչցաւ։
—Ի՞նչ
կ՚ուզես,
—
հարցուց
անանկ
խռպոտ
ձայնով
մը,
որ
աղերսարկուին
լեզուն
բռնուեցաւ,
մարդը
բերանը
չկրցաւ
բանալ։
—Ի՞նչ
պիտի
ըսես
նէ,
թէ՛զ
ըսէ,
—
հրամայեց
տղան
անհամբերութեամբ։
—Աղա,
—
սկսաւ
գերընկնալ
բանուորը,
ծռիմ
ոտուիդ
պագնեմ,
զաւկներուդ
արեւուն
ըլլայ,
գլխուդ
մատաղ
ըլլայ,
համարէ,
թէ
սատաղա
կու
տաս…
—Պօ՛շ
լաֆ
ընելու
վախիթ
չունիմ,
—
յանդիմանեց
աղան,
—
գործի
համար
ըսելիք
մը
ունիս
նէ,
թեզ
ըսէ
տէ
դո՛ւրս
ելիր։
—Աղա,
մեմլէքէթ
պիտի
երթամ.
մեղք
եմ,
հալս
նայէ։
—Է՜յ,
երթաս
բարով,
Աստուած
հետդ
ըլլայ,
ե՞ս
ինչ
ընեմ։
—Աղա՛,
սա
իմ
հիսապիս
բա՛ն
մը
տայիր,
զաւկներուդ
խերուն
ըլլայ.
սեպէ
քի
ողորմութիւն
կու
տաս։
—Կորսուէ՛,
նամքեօռ
հէրիֆ,
—
պոռաց
աղան,
—
անխտար
ատեն
հացս
կերար,
եւել
եւելօքը
քեզի
վաստկցուցի,
հիմակ
ալ
ելեր
հիսա՞պ
կը
փնտրես։
Ամէնքդ
ալ
ասանկ
էք,
միւսիպէթնե՜ր։
Ձեռքերնուդ
ե՞րբ
պիտի
խալսիմ։
Հա՛յտէ,
կորսուէ՛։
—Աման,
աղա,
հա՛լս
նայէ,
մերհամէթ
ունեցիր.
քսան
ոսկի
տո՛ւր
տէ,
մեկալ
քսանն
ալ
հելալ
ըլլայ,
կողկողեց
ծերուկը։
—Ծօ՛
շու՛ն,
ծօ
դուն
ո՞վ
ես
քի,
ինծի
փարայ
հելալ
պիտի
ընես,
—
գոռաց
աղան
մոլեգնոտ,
—
կորսուէ՛,
տէ՛ֆ
եղիր,
չխպնած,
չամչցած
նամքեօ՛ր
շուն։
—Աղա՛,
արդար
հախս
է,
արեւուն
ու
հովուն
դէմս
քրտինք
թափեր
եմ.
ամէնքս
ալ
քեզի
փարայ
ենք
վաստկցուցեր,
մեր
սայայէն
մարդ
եղար
տէ,
հիմակ
ալ
ելեր
ասա՞նկ
կ՚ըսես։—
Ա՛լ
բերնին
տուաւ
յուսահատութեան
մղուած
բանուորը,
զայրոյթէն
դողդղալով։
—Ծօ՛,
Կարապետ,
—
կանչեց
աղան։
Մանչը
ներս
մտաւ
ու,
—Սա
շունը
դուրս
նետէ,
հրամանը
առաւ։
Թորոսը
անշարժ
կը
մնար։
Օտա
ուշաղին
թեւէն
քաշեց,
սենեակին
դռնէն
դուրս
հանեց։
Մարդը՝
շուարած
տրեխը
կը
փնտռէր.
մանչը
զանոնք
ոտքովը
քաշկռտեց
եւ
սանդուղներէն
վար
գլտորցուց։
Ցուպն
ալ
տեսաւ,
զայն
ալ
անոնց
ետեւէն
նետեց.
մարդուն
կռնակին
ալ
բռունցքի
քանի
մը
հարուած
իջեցնելով,
հրեց,
սանդուղէն
վար
ըրաւ։
—Տէ՛ֆ,
եղիր,
կորսուէ՛։
Էտէպսիզ,
ամէնքդ
ալ
ասանկ
շա՛ն
սուրաթ
էք,
պոռալով։
Աղային
ձայնը
նորէն
լսուեցաւ,
մանչը
ներս
մտաւ։
—Կարապե՛տ,
—
հրամայեց
աղան,
—
ատ
շունը
մէ
մըն
ալ
գալու
ըլլայ
նէ
ներս
չմտցնես.
թէքմէն
տուր,
վա՛ր
նետէ։
—
Չէ՛,
ա՛լ
չի
գար։
Բանուորը
ինքզինքը
սանդուղին
տակը
գտաւ,
ինչ
եղած
ըլլալը
առանց
գիտնալու։
Եազմալը
ֆէսը
դեռ
ձեռքն
էր,
չարոխին
մէկ
թէքը
հոս,
մէկալը
հո՛ն,
ցուպն
ալ
վարը՝
գետինը։
Քեռորդին
խանին
դուռը
աթոռակի
մը
վրայ
նստած
էր
եւ
օտապաշի
Սիմոնին
հետ
կը
խօսակցէին.
աղմուկը
լսելով՝
ներս
վազեցին
ու
ծերուկին
հալը
տեսնելով,
հասկցան,
թէ
վերը
ծանր
բաներ
պատահած
ըլլալու
էին։
Ցուպը,
տրեխները
վերցուցին,
օտապաշին
խեղճը
առաւ
հետը
տարաւ,
խահուէի
օճախին
առջեւ
նստեցուց,
քեռորդին
ալ
քովը
տարաւ։
Մէյմէկ
սուրճ
եփեց
ու
տաքուկ
տաքուկ
հրամցուց.
Թորոսին
սիկարէթ
մըն
ալ
տուաւ։
Մարդը
եղածը
պատմեց
համառօտաբար,
հեծկլտանքով։
Օտապաշին
ակռաները
կը
կրճտէր
«վահշի»ներուն
դէմ,
զանոնք
աղէկ
կը
ճանչնար։
Թորոս
աղբարը
ինքզինքը
կէս
ժամէն
հազիւ
գտաւ։
Մեկնելու
ատեն
սուրճին
ստակը
ուզեց
տալ,
բայց
օտապաշին
չառաւ,
ինքն
ալ
օրհնէնք
տուաւ
ու
ճամփայ
ինկաւ։
—Վահշինե՜րը,
եապանինե՜րը,
—
կը
մռլտար
Սիմոն,
ասոնք
Քիւրտե՛րն
ալ,
Տաճիկնե՛րն
ալ
փնտռել
կու
տան։
Հիւսիսային
հովը
ա՛լ
կծու
կը
փչէր,
Թորոս
աղբարը
քրտինքի
մէջ
դուրս
ելած
էր.
խստաշունչ
հովը
կռնակէն
կը
զարնէր,
ախ
ու
վախ
ընելով
սկսաւ
քալել։
Բարեկենդանը
կը
շարունակուէր,
բայց
հիւանդին
աչքերը
բա՛ն
մը
չէին
տեսներ,
մթագնած
էին,
մարդը
մտմտալու
կարողութիւն
իսկ
չունէր։