Զ
Հօրը
մահուանը
լուրը
առածին
պէս՝
Մելքոն
ելաւ
Պոլիս
եկաւ,
մայրն
ու
պառաւ
մամը
իրենց
սուգին
հետ
միս
մինակ
ձգելով։
Հայ
գիւղացին
պարապ
ատեն
չունի,
որ
նստի
իր
մեռելը
լայ։
Սուգը
ունեւորին
կը
վայլէ,
պերճանք
է։
Իրենց
պապենական
վաշխառուն
երեք
ոսկի
եւս
տուաւ,
ճամբու
ծախքի
համար.
«Ա՛ս
սօն
բարերարութիւնն
է,
որ
կ՚ընեմ»,
յայտարարելով։
Մելքոնն
ալ
օրինաւոր
պայմանագրութամբ
յանձն
առաւ,
որ
երբ
Պոլիս
հասնէր,
մինչեւ
ամիս
մը
կա՛մ
ամբողջ
պարտքը
պիտի
հատուցանէր,
հինն
ու
նորը
մէջը
ըլլալով,
կա՛մ
թերհաշիւ
մեծկակ
վճարում
մը
պիտի
ընէր։
«Հօրդ
քովէն
շա՛տ
փարայ
ելեր
է,
ըսաւ
վաշխառուն,
պարտքերնիդ
ա՛լ
տալու
էք»։
Արտը
առնելիքուորին
պիտի
մնար,
եթէ
վճարումը
որոշեալ
պայմանաժամին
տեղի
չունենար։
Պոլիս
հասնելուն,
երկրացիները
գացին
զինքը
շոգնաւէն
առին
ու
Չուխուր-Չէշմէին
խանը
տարին։
Հօրը
օտան
ու
անկողինը
դեռ
անանկուկ
կը
մնային,
տղուն
տուին։
Երբ
լացը
լմնցաւ,
անցած
դարձածները
իրեն
պատմեցին.
Գասպար
էֆէնտիին
անօրէնութիւնները,
հօրը
հիւանդութիւնը,
Փրկիչ
փոխադրումը։
Թորոս
Էմմիւն
Փրկիչ
տարուելէն
քանի
մը
օր
ետքը
իրենք
գացեր,
հիւանդնին
փնտռեր,
տեսնել
ուզեր
էին.
երկու
օր
առաջ
մեռեր
է
եղեր։
Վրան
տաս
ոսկի
գտնուիլը
գիտէին,
ուզեր
էին։
—Դուք
անոր
ի՞նչն
էք,
—
հարցուցեր
էին։
—Երկրացիները,
—
պատասխաներ
էին։
—Զաւակը,
աղբարը,
մէկ
խըսը՞մն
էք։
—Չէ՛։
—Է՛յ,
անանկ
է
նէ,
ձեզի
ի՞նչ,
քի
եկեր
մալ
փնտռելու
եկեր
էք.
հայտէ՜,
եալլահ,
գործերնուդ
գացէք։
Իրենք
ալ
կարծելով,
թէ
տասը
ոսկիին
իրենց
յանձնումը
կը
մերժուէր,
որովհետեւ
օրինապէս
ժառանգորդ
մը
չէր
ներկայանար,
ուստի
երկիրը
գրած
էին,
որ
զաւակը
ելլէ
գայ։
Այս
ամէնը
Մելքոնին
պատմուելէ
յետոյ,
միւս
օրը,
երկու
բանուոր,
երիտասարդը
իրենց
հետ
առնելով,
ելան
Մեծ
Նոր
խան
գացին,
Հիւանդանոցին
գրասենեակը,
որպէսզի
հասկնան,
թէ
օրինական
ի՛նչ
գործողութիւններ
կատարելու
է,
ժառանգութիւնը
ձեռք
անցնելու
համար։
—Ընելիք
բան
մը
չկայ,
—
յայտարարեց
քարտուղար
էֆէնտին,
հրամայական
կտրուկ
ձայնով։—
Հիւանդանոցը
ձրիաբար
դարմանուող
ղարիպին
վրայէն
ի՛նչ
ելլայ
նէ,
Հիւանդանոցին
կը
մնայ։
Նայուելուն,
թաղուելուն
ծախքերու
փոխարէնն
է։
Գեղացիները
բերաննին
բաց
մնացին։
Իրենց
հիւանդը
երկու
օր
պառկեր
ու
մեռեր
էր.
ծախքը
ինչ
էր
նէ,
թո՛ղ
առնէին,
մնացածը
տային։
—Փարայ
մարայ
չկայ,
օրէնքը
ա՛ս
է,
—
ըսելով,
քարտուղարը
մարդիկը
ճամբել
ուզեց։
—Ի՞նչ
կ՚ըսես,
էֆէնտի,
դո՞ւք
ալ
մի
ղարիպին
հախը
կ՚ուտէք,
—
պատասխանեց
Մելքոն։
—Ծօ՛,
խըմպըլ,
—
պոռաց
քարտուղար
էֆէնտին,
—
գալդ
տահա
քանի՞
օր
եղաւ
քի,
պօյէդ
վեր
խօսքեր
կ՚ընես։
—Քանի
օր
եղաւ
նէ
եղաւ։
Հարս
քանի՞
օր
պառկեցաւ
քի,
ատ
խտար
փարայ
վար
կը
դնէք։
—Քանի
օր
պառկեցաւ
նէ
պառկեցաւ,
օրէնքը
ա՛ս
է.
մեռնող
ղարիպին
վրայէն
ինչ
ելլայ
նէ
Հիւանդանոցին
կը
մնայ.
հասկցա՞ք։
Հիւանդանոցը
ղարիպներուն
համար
է,
ղարիպներն
ալ
Հիւանդանոցին
համար
են։
Հա՛յտէ՛
նայինք,
կորսուեցէ՛ք,
դու՛րս
ելէք։
Եալլա՜հ.
ի՜նչ
շան
սուրաթ
հէրիֆներ
էք,
սահաթ
մըն
է
գլուխ
կը
տանիք
կոր։
Ազգին
հացը
կ՚ուտէք,
Հիւանդանոցը
ձեզի
համար
է,
ամէնքս
ձեզի
համար
կը
յոգնինք,
կ՚աշխատինք,
արուն
քրտինքները
կը
մտնանք,
անկէ
ետքն
ալ
ելեր
քանի
մը
ղուրուշը
կը
փնտռէք
կոր։
Վա՜յ
նամքեօռ
հէրիֆներ,
վա՜յ։
Ձեր
հախէն
Քիւրտերը
կուգան,
Քիւրտե՜րը։
Ծօ՛
խըմպը՛լ,
հարդ
տարիներով
պառկէր
նէ,
օր
մը
պիտի
գայիր
հարցնէի՞ր,
փնտռէի՞ր,
քեօր
մանղըր
մը
պիտի
բերէի՞ր։
Մելքոնը,
անտաշ
գեղացիի
պնդայամառ
մտքովը,
ուր
պոլսեցիին
նրբամտութիւնները
սպրդման
ծակուկ
մը
չեն
կրնար
գտնել,
Փրկչի
պաշտօնէին
բոլոր
զայրալից
գոռում
գոչումներուն
մէկ
պատասխան
մը
միայն
կու
տար,
որ
հարցում
մըն
էր.
—
Հարս
քանի՞
օր
պառկեցաւ
քի
ատխտար
փարայ
վար
կը
դնես։
Իրեն
ընկերացող
բանուորները,
որոնք
երկար
ատեն
Պոլիս
կեցած
էին,
աւելի
բարկացած
ըլլալով՝
կը
ջանային
ողոքել
եւ
համոզել,
առանց
ծանր
խօսքեր
ըսելու։
Իսկ
Մելքոն
յստակ
իրողութիւնը
միայն
կը
տեսնար,
հարը
քանի՞
օր
պառկած
էր։
Հայաստանէն
եկած
գեղացիին
համար
տասը
ոսկին
հարստութի՜ւն
մըն
էր։
—Էֆենտի,
աղքատին
հա՞խը
պիտի
ուտէք,
Աստծու
արդար
դատաստանէն
չէ՞ք
վախնար։
—Ծօ՛
էշէ՛կ,
ծօ
աւանա՛կ,
տա՛ղ
այուսի,
տահա
կը
խօսի՞ս
կոր,
—
որոտաց
քարտուղար
էֆէնտին.
—
Սա
հէօտիւկը
դուրս
հանեցէք,
հրամայեց։
Սպասաւոր
մը,
որ
դուրսը
դրանը
առջեւը
կը
կենար,
ներս
մտաւ,
Մելքոնին
թեւէն
քաշկռտելով,
հրեց
հրմշտկեց,
դուրս
հանեց.
«հիմակ
զապթիէ
կը
կանչեմ»
սպառնալիքով։
Միւսներուն
ալ՝
«եալլա՜հ,
դո՛ւրս
նայիմ,
տէֆ
եղիք»
պոռաց։
Ազգային
Հիւանդանոցին
գրասենեակէն
վռնտուած
Հայ
բանուորները
շիտակ
Ազգային
Պատրիարքարան
իջան,
գործը
հասկցնելու
համար,
հոնկէ
ալ
ճամփու
դրուեցան՝
«Պատրիարքարանը
Հիւանդանոցին
գործերուն
չի
խառնուիր»
պատասխանը
ստանալով։