Մինչեւ ե՞րբ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Ատ իրիկունը Մելքոն բերանը բան չդրաւ։ Խանին բակը, օտային դրանը առջեւ, աթոռակի մը վրայ նստած, կը մտմտար։ Գնա՜ց, ա՛րտը գնա՜ց։ Հիմակ անդին, երկիրը, զաւալլը մարն ու մամը, ո՞րը լային պիտի, մեռելնի՞ն մի, ղարիպնի՞ն մի, չէ նէ արտերնին։ Ու, ի՞նչ պիտի ուտէին, վէրկիները ուրկէ՞ պիտի տային։
       Ճաշերնին ընելէ յետոյ, շատ մը բանուորներ ձեռքերնին մէյմէկ աթոռակ՝ եկան Թորոս աղբօրը օտային առջեւը բոլորեցան նստան։ Պատահածը իմացեր էին. խօսակցութիւնները, գանգատները օրուան դէպքին շուրջը կը դառնային։ «Զաւալլը մարդը հախ չունէ՞ր քի Հիւանդանոց երթալ չէր ուզեր, կը խորհէին. իշտէ հէ՛մ կեանքէն եղաւ, հէ՛մ փարայէն, աս ի՜նչ անօրէն անաստուածի գործ է»։
       —Ա՜խ, Աստուած, ա՜խ, կ՚աղաղակէին, վեր երկինքը պսպղուն աստղերուն նայելով, աս մինչեւ ե՜րբ պիտի քաշենք։ Մեր Հայուն մեզի ըրածները ա՛լ Տաճկին ըրածները մոռցնել կու տան։ Երկիրը մեր ազգէն Հայ քրիստոնեան է, որ օձի պէս վզերնիս կը փաթթուի, հողերնիս, տուներնիս, ունեցածնիս չունեցածնիս ձեռքերնուս կ՚առնէ. նորէ՜ն չի կշտանար նորէ՜ն չի կշտանար։ Հոս՝ Սթամպօլ, մեր ազգէն Հայ քրիստոնեան է, որ հախերնիս կ՚ուտէ, մեր փարայովը մարդ կ՚ըլլայ, ու մեզի ղարիպութեան մէջ չիւրիւթտիւրմիւշ կ՚ընէ, մեզի Հիւանդանոցները կը մեռցնէ։ Մեր ազգն է, որ մեզի համար հիւանդանոց կը շինէ ու զաւալլը րէնչպէրին երկու փարային աչք կը տնկէ, ճեպէն կը գողնայ, աւուր հացի կարօտ կը թողու։ Ա՜խ, աս մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ե՞րբ։