Դ
Պահթիար
խանէն
վերադարձին,
Թորոս
աղբար
ոտքի
վրայ
կենալու
կարողութիւն
չունենալով,
տաքուկ
բան
մը
խմեց
եւ
անկողին
մտաւ։
Երեքշաբթի
առտու
ինքզինքը
աղէկ
չզգաց,
բայց
ջանք
մը
ըրաւ
ելաւ,
գնաց
բակը
անգործ
բանուորներուն
քովը
նստաւ։
Քեռորդին
պատահած
դէպքը
արդէն
առջի
իրիկունը
ձանձած
էր,
ինքն
ալ
ամբողջացուց
գլխուն
եկածը։
Չորեքշաբթի
առտու
ա՛լ
կրցաւ
ելլել,
բայց
հինգշաբթի
տեղէն
շարժելու
անկարող
գտնուեցաւ։
Երկրացիները
զինքը
տեսնելու
եկան։
—Վարպետ,
ինչո՞ւ
պառկեր
ես,
ի՞նչ
ունիս,
—
հարցուցին։
—Ա՜խ,
չիյտիմ,
չիյտիմ,
գէշ
իմ,
գէշ,
—
ճըվաց։
—Երթանք
հէքիմ
մը
բերե՞նք,
—
առաջարկեցին։
—Դուք
գիտիք,
—
պատասխանեց։
Գացին
դեղարանէն
տօքթէօր
Գարեգինը
բերին։
Բժիշկը
յանձնարարեց
հիւանդը
անմիջապէս
Ազգային
Հիւանդանոցը
փոխադրել։
Ծերուկը
«Փրկիչ»
անունը
լսածին
պէս,
սկսաւ
աղաղակել.
—Աղէկ
եմ,
աղէկ,
բանի՜կ
մը
չունիմ։
—Աղէկ
ես,
աղէկ,
բան
մը
չունիս,
ե՛ս
ալ
կը
տեսնեմ,
—
յայտարարեց
բժիշկը
մեղմաձայն
քաղցրութեամբ,
բայց
քանի
մը
օր
Հիւանդանոցը
մնալու
ես,
որպէսզի
շուտով
ոտքի
ելլաս։
—Ա՜խ,
էֆէնտի,
—
ըսաւ
հիւանդը
հեծկլտալով,
—
Հիւանդանոցը
գացող
ղարիպը
հոնկէ
ոտքովը
դուրս
չելլար,
ճա՛ղը
դուրս
կը
հանեն։
Երիտասարդ
տօքթէօրը
մօրուքը
ձեռքը
առած,
մտմտալ
սկսաւ։
Պոլսոյ
բժշկական
վարժարանէն,
այն
տարին
իսկ
շրջանաւարտ,
այս
երկրորդ
անգամն
էր,
որ
պանդուխտի
մը
Ազգային
Հիւանդանոցը
փոխադրում
կը
պատուիրէր.
բայց
թէ՛
մին
եւ
թէ՛
միւսը
ի
լուր
«Փրկիչ»
անուան
դող
ելած
էին։
Եւ
սակայն,
Ազգային
Հիւանդանոցը
յատկապէս
պանդուխտներուն
համար
հիմնուած
է։
Այդ
սարսափին
պատճառը
ետքէն
պիտի
փնտռէր.
առ
այժմ,
ինչ
որ
ալ
ըլլար,
այս
խեղճ
մարդը
հոս
պահել
ներելի
չէր։
Չէ՛,
չէր
կրնար
հոն
մնալ։
Գետնին
վրայ
նեղկուկ
սենեակ
մը,
երկու
յարկի
բաժնուած,
մէկը՝
վերեւ,
միւսը՝
ստորեւ։
Իւրաքանչիւրին
վրայ
վեց
անկողին
քով
քովի։
«Մէսաժըրիի»
շոգենաւերուն
երրորդ
կարգի
քապինները,
ըսաւ
մտովի,
ասոնցմէ
աւելի
ընդարձակ
ու
հանգիստ
են»,
թէեւ
անգամ
մը
այդ
շոգենաւերէն
մէկուն
մէջ
ճամփորդած
ատեն,
չափազանցօրէն
նեղուած
էր,
վեց
անկողին
մէկ
խցիկի
մէջ,
երեքը
աջ,
երեքը
ձախ
կողմը,
գրեթէ
իրարու
վրայ
դիզուած։
Հայ
բժիշկը
դժուարութեամբ
շունչ
կ՚առնէր.
քիչ
մը
անդին,
օճախի
մը
վրայ
լուբիան
եփոց
դրուած
էր.
գործաւոր
մը
նստեր
սոխ
կը
ջարդէր,
ածուխին
հոտը
չէր
անցած.
ու
պէքեարներու,
լուացուո՜ղ
պէքեարներու
արտաշնչումը
այդ
բոլոր
հոտերը
ի
մի
հալեցնելով,
կը
ստեղծէր
ապականեալ
մթնոլորտ
մը,
որ
լեզուին
մէջ
անուն
չունի։
—Աղբա՛ր,
—
ըսաւ
քաղցրաձայն,
—
Հիւանդանոցը
քեզի
աղէկ
կը
նային,
հոգ
մի՛
ըներ,
Փրկիչը
ձեր
վախցած
տեղը
չէ.
ես
ալ
հոն
կու
գամ
քեզի
կը
նայիմ։
Ու
միւսներուն
դառնալով,
—Ասոր
դեղերը
դուք
չէք
կրնար
ընել.
շա՛տ
սուղ
են.
յատուկ
հիւանդապահ
պէտք
է։
Չէ
նէ
ես
չեմ
խառնուիր։
Բժիշկը
դուրս
ելաւ,
որ
երթայ,
ձեռքը
իբր
այցելագին
կէտ
մէճիտիէ
դնել
ուզեցին.
չառաւ.
«տանելու
ծախք
ըրէք»
ըսաւ.
ու,
անմիջական
փոխադրումի
պատուէրին
վրայ
պնդելով,
մեկնեցաւ։
Երբ
գործաւորները
հիւանդին
քով
վերադարձան,
մարդը
անկողնին
մէջ
կու
լար։
—Մի՛
լար,
Թորոս
Էմմիւ,
մի՛
լար.
չոճո՞խ
ես,
ի՞նչ
ես,
—
ըսին
մարդիկը
հեղձամղձուկ
ձայնով,
—
քանի
մը
օրէն
ոտքի
կ՚ելլաս։
Հիւանդին
արցունքը
Փրկիչ
երթալու
յանձնառութեանը
հաւանութիւն
էր։
Երկու
բանուոր
անմիջապէս
Մեծ
Նոր
Խանը՝
Հիւանդանոցին
գրասենեակը
երթալով,
մուտքի
մէճիտիէն
տուին,
թէզքերէն
առին
եւ
պատգարակ
մըն
ալ
մէկտեղ,
խան
եկան։
Հիւանդը
անկողինը
նստեցուցին,
զգեստները
հագցուցին,
մարդը
ձեռքը
մէջքը
տարաւ,
ապահով
ըլլալու,
թէ
տասը
ոսկին
պարունակող
քսակը
հո՛ն
էր,
իր
տեղը,
ամուր
մը
կապուած։
Թեւերը
մտնելով
պատգարակը
տարին։
Վեց
հոգի
միասին
ճամբայ
ինկան,
պատգարակը
փոխ
ընդ
փոխ
կրելով,
ինչպէս
դագաղ
մը։
Քալեցի՜ն
ու
քալեցին,
մինչեւ
տեղ
հասան։
Հիւանդը
տնօրէնին
յանձնուեցաւ,
խեղճին
խօսք
տրուեցաւ
զինքը
գալ
շուտ
մը
առնելու։
Երբ
Թորոս
աղբօր
զգեստները
փոխեցին,
մարդը
աղաղակ
մըն
էր
բրցուց,
լա՜լ
մըն
է
սկսաւ։
Տասը
ոսկին
քովը
չէին
թողուր։
Կանոնի
հակառակ
էր,
որ
հիւանդին
քով
ստակ
մնար։
Ելած
օրը,
հանդերձներուն
հետ
մէկտեղ
պիտի
առնէր։