Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԵ
       Յաջորդ օրը, երկուշաբթի առաւօտ, ծանօթներէս ոմանք եկած էին Ղալաթիայ աչքերնին կէս բաց, կէս խուփ։— «Ինչո՞ւ չեկար Արամին հարսանեացը , կ՚ըսէին ինձ , շատ կը զուարճանայիր, սքանչելի հանդէս էր, ուրախութիւն, զուարճութիւն անպակաս էին. մինչեւ լոյս պատուական ժամանակ անցուցինք»։
       Արդարեւ փառաւոր հարսնիք եղած էր, ինչպէս նոյն օրն ու յաջորդ օրերը պատմեցին։ Թէ՛ Հայ եւ թէ՛ օտարազգի բարձրագոյն դասերու ներկայացուցիչը փայլած էին անդ։ Գրագէտք, օրագրապետք, դրամատէրք, վաճառականք, դիւանագէտք ցոյց տուած էին, թէ որքա՜ն կը պատուէին, որքա՜ն կը մեծարէին Արամն ու ընտանիքը։ Երկու եպիսկոպոսունք, Պոլսոյ ամենէն ականաւորները, սիրայօժար պատասխանած էին Արամի հօրեղբօր մասնաւոր հրաւիրանացն։ Կնքահայրը նոյն ինքն հօրեղբայրն եղած էր եւ այն գիշեր հօրեղբայրը հրճուալիր էր արտաքոյ կարգի եղանակաւ։ Պսակի արարողութենէն վերջ հակիրճ ատենախօսութիւն մը ըրած էր Սրբազաններէն մին, որ Արամի հօրեղբօրը շատ սիրելին էր։ Խիստ եւ անաչառ եկեղեցականի մեծ համբաւ կը վայելէ նա. պահ մը ներկայք երկիւղ տածած են, թէ չլինի որ եպիսկոպոսն անաչառութիւնը այն աստիճան առաջ տանի, որ Արամի անցեալի մասին անախորժ ակնարկութիւններ ընէ։ Արամ փափաքած էր, որ միւս Սրբազանը խօսի, վասնզի նա աւելի կը հասկնայ աշխարհի վիճակէ. բայց նա ֆրանսերէն պիտի խօսէր օտարազգիներու համար ։
       Սակայն անաչառ եպիսկոպոսը փարատած էր ամէն երկիւղներն եւ փորձով ցոյց տուած էր, թէ ինքն հմուտ էր պատշաճութեան օրինաց եւ գիտէր ճարտարութեամբ միմեանց հետ հաշտեցնել «զանազան կարգի նկատողութիւնք »։ Ակնարկեց, այո՛, Արամի անցեալին, բայց որքա՜ն նրբութեամբ, որքա՜ն վարպետութեամբ։ Դրուատեց նորա ծնողասէր զգացումներն, որոնց ապացոյցները տուած էր հնազանդելով ամէն պարագայի մէջ իւր մօրն ու հայրախնամ հօրեղբօրը։ Մատնանիշ ըրաւ Արամը արդի երիտասարդութեան համար իբր օրինակելի տիպար մը՝ իւր ջերմեռանդութեանը եւ կրօնասիրութեանը համար։ Դեռ երկու օր առաջ խոստովանած էր, ինչպէս կը վկայէր խոստովանահայրը, երկիւղած հաւատով։ Այո՛, խոստովանած էր, ո՛չ թէ պարզապէս պարտականութիւն մը կատարելու, առանց որոյ պսակն անհնարին է, այլ ի սրտէ ջերմեռանդաբար խոստովանած էր ապաշաւելով, իբր մահկանացու իւր սխալանաց համար , եւ ո՛վ չէ սխալական։ —Սրբազանն, որ իւր համբաւոյն նախանձախնդիր է, այս խօսքերովն ուզեց յայտարարել, թէ ինքն ներկայ կը գտնուի այդ հանդէսին, վասնզի Արամ կատարած է եկեղեցւոյ բոլոր պահանջումներն։ Նա մի արդար է այսօր։
       Հանդիսականներէն ոմանք նշմարած են, թէ Արամ մի քիչ, շատ թեթեւ կերպով շառագունած է այս միջոցիս եւ մեծ շունչ մը քաշեր է, երբ Սրբազանն իւր օրհնութեանց վերջ տուեր է։ Շիտակն ըսելով քան զայս նուազ կարելի չէր պահանջել այսպիսի խստաբարոյ եկեղեցականէ մը։
       Յետոյ պարերն սկսած էին, մինչեւ առաւօտ հրճուանք, զբօսանք, անբիծ անապական ուրախութիւն։ Վերջապէս այն հարսանիքներէն մին էր, որոց յիշատակը մտքէ չելներ եւ որք ամէն երիտասարդներու եւ ամէն երիտասարդուհիներու ամուսնութեան փափագ կուտան։