Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Սօֆի, առ Երանիկ
       Եէնի—գիւղ, 81 յուլիս 21
       Սիրելի Երանիկս.
       Մեկ ու կէս ամիս է գրեթէ Եէնի—գիւղ ենք եւ քեզմէ լուր չունինք։ Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչպէս ժամանակ կ՚անցընես Բռօթիի ձկնորսներուդ հետ։ Մենք բաւական կ՚զբօսնունք եւ դժգոհ չեմ։ Սենեակս պարտիզին վրայ է. թռչուններուն դայլայլիկը կ՚արթնցնէ զիս առտուները։ Նախաճաշիկնիս կ՚ընենք դալարիներու վրայ, ծառերու շուքին ներքեւ։
       Սակայն դու ալ ինձ պէս գիտես, թէ տասն եւ եօթն տարեկան աղջըկան մը համար միայն արեւու ճառագայթները եւ թռչնոց դայլայլիկները վայելել, սրտնեղութիւն է։ Մեր սրտին մէջ բան մը կ՚զգանք, զոր բացատրել չենք կարող։
       Դրացիներ ունինք, չեմ գիտեր Պօլսոյ ո՛ր կողմէն եկած են (կ՚ըսեն թէ կիները հետաքրքրութեան անձնաւորութիւնն են, բայց ահա եւ ոչ իսկ գիտեմ, թէ մեր դրացիներն ո՛ր տեղացի են Ուսկից ալ եկած լինին, խանութ կը հոտին։ Հօրս լաւ բարեկամներն են եւ թուղթի ընկերակիցներն։ Երեք եղբայրներ են. միջնակն՝ Յակոբիկ աղան, որ միշտ իբր պատուանշանի մը շքազարդը կուրծքին վրայ կը կրէ ժամացոյցին ոսկի շղթայն, կը կարծէ, թէ ո՛չ ոք իւր հրապոյրին առաջ կրնայ դիմանալ, եւ առիթ չփախցներ ինձ քօմբլիմաններ ընելու, որք քիչ շատ պաղուկ են։ Կը հետեւցնեմ, թէ իմ սիրովս կը տոչորի. հայրս ալ գէշ աչօք չի նայիր։ Երիտասարդ է , կամ որ լաւագոյն է, հարուստ է, ահա ինչ որ հօրս պէտք է։ Ստոյգ չեմ գիտեր, թէ արդեօք մենք ալ այսքանով գոհ չե՞նք լինիր։
       Սակայն, Երանիկ, բաղդս բաց է, մի՛ խնդար ըսելիքիս վրայ։ Սիրահարներ կը տեղան գլխուս. թէ կ՚ուզես քեզ ալ ղրկեմ։ Ահա՛ չորս հինգ կիրակի է խարտեաշ երիտասարդ մը անվրէպ ամէն առաւօտ առաջին շոգենաւով Եէնի—Գիւղ կուգայ։ Շովենաւուն մէջէն փոքրիկ հայեկով մը շարունակ մեր պատուհանը կը նայի, ձեւացնելով, թէ չորս կողմը կը դիտէ։ Շոգենաւէն կ՚ելնէ եւ նաւամատոյցը կը նստի. երբ ցերեկէ վերջ զբօսնելու երթանք, քիչ մը վերջը մեր ետեւէն է։ Շատ զգոյշ է, եւ հայրս ոչինչ կ՚իմանայ. սակայն Յակոբիկ աղան բաւական վարպետ է, ամուսինէ աւելի կասկածոտ։ Այդ երիտասարդին Կէօք—Սույի հանդիպեցայ եկած կիրակինիս։
       Շիտակն ըսեմ, հարիւր Յակոբիկ աղայի չեմ փոխեր։ Աղւորիկ է, սիրուն է, դեղին է, եւ գիտես, թէ սեւ մազեր ունենալով խարտեաշները կը սիրեմ։ Վրան գլուխը լաւ, մաքուր, եւ վերջին նորաձեւութեամբ։ Ազնուական կերպարանք ունի։ Իւր շարժմանց մէջ մի քիչ անվարժ է, բայց միթէ այդ ալ չը՞ ծառայեր անձնասիրութիւնս գոհացնելու. ո՞չ ապաքէն ճշմարիտ սիրահարները փոքր ինչ ապուշի կը նմանին։ Թէ լաւ համոզուած լինէի անոր վիճակին վրայ, արդարեւ չէի վարաներ, բայց …։ Պիտի ըսես, թէ ո՜րչափ դրական եղած եմ, սակայն զքեզ ալ կը ճանչնամ, զքեզ ալ։ Շրջազգեստի մը յարգը դուն ինձմէ աւելի գիտես։
       Մնաս բարով, սիրելի Երանիկս, նամակս պատռէ, եթէ տգեղ սեռէն մէկուն ձեռքն իյնայ, վա՜յ մեզ. կ՚սպասեմ նամակիդ, համբուրելով զքեզ։
       ՔոյդՍօֆի