Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Խաչէն վերջ, աշնան առջի հովերուն հետ Սօֆիի հայրն ա՛լ չուզեց Եէնի—Գիւղ նստիլ. գործը չէր ներեր երկար ատեն շոգենաւներու մէջ կենալ, ուստի շուտ վերադարձաւ Բերա։ Երանիկ ամբողջ ձմեռը Բռօթի պիտի անցընէր, մօրն հիւանդութեան պատճառաւ։ Հրանտ կը շարունակէր չարաչար աշխատիլ։ Գիշերներու մեծ մասը կը զոհէր մի քանի լեզուներ ուսանելու. սէրն ու յոյսը կը դիւրացնեն ամէն աշխատանք։ Հրանտ մեծ յոյսեր ունէր, թէ՝ շնորհիւ իւր աշխատութեանց, կարող կը լինէր լաւագոյն գործի մը ձեռնարկել եւ հասնիլ իւր նպատակին։ Սակայն այս չարաչար աշխատութիւնը, սրտին յուզումը, դրամական նեղութիւնը, զանազան հոգեր բաւական կը խանգարէին իւր առողջութիւնը, որ արդէն շատ փափուկ էր։
       Այս միջոցին էր, որ սեպտ. 25—ի ուրբաթ գիշերն, Հրանտի չօրպաճին Գէորգ աղայ ըստ սովորութեան երեկոյթ մը կազմակերպեց իւր տօնախմբութեան առթիւ։ Հրանտ, որ չէր ուզեր գիշեր մը պարապ անցընել, պարտաւոր էր ներկայ գտնուիլ իւր աղային տօնախմբութեան տարեդարձին, մանաւանդ, որ երեկոյթին առթիւ հիւրամեծարի պաշտօն տրուած էր իրեն։
       Երեկոյթը, որ եղանակի առաջին երեկոյթն էր, շատ գեղեցիկ լինիլ կը խոստանար։ Կէս գիշերէն երկու ժամ առաջ հոծ բազմութիւն մը արդէն գրաւած էր Գէորգ աղայի սրահներն, որք ի Բերա լաւ համբաւ կը վայելեն։
       Հրանտ սանդուղներէն վար իջած էր, պաշտօնակցաց հետ միասին ընդ առաջ գնալ նոր հիւրերու, երբ հանկարծ սկսաւ ամբողջ մարմնովը դողալ, գունաթափ եղած կ՚ուզէր սիւնի մը կրթնիլ։
       Մեր կենաց մէջ կան այնպիսի վայրկեաններ, յորում կարծես կը մոռնանք ամէն իրականութիւն։ Սրտերնիս լեցուած հանկարծական ուրախութեամբ, կ՚ունենանք այն տպաւորութիւններն, ինչ որ պէտք էր ունենայինք, եթէ գտնուէինք խորին վշտի մը ազդեցութեան ներքեւ։ Երբեմն կարծես թէ խտրութիւն չկայ յուզման մէջ, թէ նա լինի ուրախութեան, թէ նա լինի տրտմութեան յուզում։ Սօֆի կրթնած իւր հօրը թեւին, շքեղ հագուած, ներս կը մտնէր։ Արուեստն աւելի դիւթական կ՚ընծայէր նորա դէմքն։ Աղջիկն ինքն ալ փոքր ինչ այլագունեցաւ, եւ անդ գտնուող իրեն ծանօթ հիւրամեծարներէն միոյն թեւը մտնելով, սանդուղներէ վեր ելաւ։ Հրանտ յուշիկ յուշիկ ետեւէն կ՚երթար։ Խեղճ տղուն սիրտը կտոր կտոր եղաւ, երբ տեսաւ իւր անծանօթ նախանձորդն, Յակոբիկ աղան, ուրախ զուարթ խօսակցութեան մէջ Սօֆիի հետ։ Փոխադարձ զգացումներն ինչ ալ լինին, գիւղագնացութեան մէջ դրացիք ընտանութեան կապերով կապուած կը մնան. Յակոբիկ աղա ընտանեբար կը խօսէր Սօֆիի հետ։ Հրանտ անոնց բոլորը ժուռ կուգար։ Պարերը միմեանց կը յաջորդէին, ամէն շիք երիտասարդները կը պարէին Սօֆիի հետ։ Ամէն մէկ պար երբ կ՚սկսէր, Հրանտ միտքը կը դնէր հանգստեան միջոցին առիթ մը գտնել Սօֆիի ներկայանալու։ Բայց շարունակ յաջորդին կ՚սպասէր։ Երկիւղալից վարանոտ սէրը ահ մը կ՚ազդէր իրեն։ Յակոբիկ աղան, թէպէտ չարշըն մեծցած, բայց եւ այնպէս սիրոյ խնդիրներու մէջ հոտառութիւն ունէր. վաղուց զգացած էր, թէ Հրանտ իւր մրցակիցն էր։ Խորհեցաւ, թէ դառն հեգնութիւն մը կրնար օգտակար լինիլ։ Սօֆիի հետ վալսէ մը վերջ, նկատեց, որ Հրանտ վերստին կը դեգերէր իրենց չորս կողմը, խօսակցութեան մը բռնուած իւր չօրպաճիէն ոչինչ հեռու։ Յակոբիկ աղա, թուրքերէն լեզուաւ, բան մը խնդրեց Գէորգ էֆէնտիէն եւ նա, «Պարոն Հրանտ » կանչելով, յանձնարարեց հոգալ այդ պէտքը։
       Պարոն Հրանտ, ածական մը, որ որչափ ալ հայացած լինի, տակաւին գէշ կը հնչէ մեր ազնուական լսելեաց։ Ո՞վ պիտի կրնայ պատմել «պարոն » ածականի ազդած զայրոյթներն, պատճառած վշտերն նոյն իսկ անոնց, ոյք կը պանծան ժողովրդական լինիլ։ Աւելորդ է ըսել, որ իւր «քերովբէն » Պարոն լսելով, Սօֆի վիրաւորեալ էր իւր անձնասիրութեան մէջ։ Որոշ չենք գիտեր, թէ կնոջ մը սէրը քանի՛ տեսակ տարերքներէ կը բաղկանայ, սակայն սրտի տարրալոյծները մինչեւ ցարդ գտած են , թէ փառասիրութիւնն ամէնաստուար քանակութեամբ խառնուած է այն բազմակնճիռն բաղադրութեան մէջ, զոր կանայք սէր կ՚անուանեն։
       Երբ Հրանտ իրեն տրուած պատուէրը կատարելով բարկութեամբ վերադարձաւ իւր առաջին տեղը, թէպէտ կ՚ուզէր հեռու մնալ, բայց զօրութիւն մը զինքն անդ կը մղէր , լսեց, թէ խօսքն իր վրայ էր։
       —Ո՞վ է այս տղան , կը հարցներ Սօֆի անտարբեր կերպով։
       —Գէորգ էֆէնտիի գրագիրն է , պատասխանեց Յակոբիկ աղա։
       Իբր մահուան ղօղանջ հնչեցին Հրանտի լսելեաց Յակոբիկ աղայի եւ Սօֆիի խօսքերն, եւ երբ սկսաւ դեգերիլ վերստին պարողաց շուրջը, Սօֆի կ՚ըսէր Յակոբիկ աղայի.
       —Քիչ մը ճեմենք։
       Եւ առանց ակնարկ մ՚իսկ տալու խեղճ պատանւոյն, հեռացան թեւ թեւի մտած։
       Հեռացա՜ն, եւ ամէն ոսկեգոյն երազներ աներեւութացան Հրանտի աչքերէն։
       Ծաղրը թրթուռ մ՚է, որ սիրոյ նորածիլ կանաչ տերեւները շատ շուտ կը դարձնէ աշնան գոս տերեւներու. Երանիկի խօսքերը ցուրտ կերպարանօք կը ներկայանային Սօֆիի աչքերուն. պարոնի մը, պարզ, ոչինչ գրագիրի մը կին լինիլ, այդ իւր երեւակայութեան մէջ չէր կրնար սղմիլ։ «Մանօն Լէսքօ », ահա ահռելի բացատրութիւնը։ Երբ ծաղրը կը հսկէ արթուն, առ ի՞նչ օգուտ գեղ, երիտասարդութիւն, սիրտ։ Սօֆի միշտ Յակոբիկ աղայի թեւն էր։
       Հրանտ ապշած գամուած էր իւր տեղն. ոչինչ կը լսէր. ոչինչ կը տեսնէր. մտածել իսկ կարող չէր։ Մնաք բարո՛վ, յոյս, սէր, եռանդ. ածական մը բաւական եղաւ այդ ամէնն սպաննելու։ Հրանտ չէր կրնար այլեւս կենալ . հեռացաւ։
       Լոյսը նոր սկսած էր ճեղքուիլ, Բերա դեռ խոր լռութեան մէջ կը նիրհէր։ Հրանտի գլուխը կրակի մէջ էր. կամաց կամաց քալելով կ՚ուղղէր գնացքն ի Բանկալթի։ Օդը շատ ցուրտ էր, խեղճ տղան կը դողար։ Արդէն արիւն քրտինքի մէջ էր, երբ դուրս ելաւ սրահէն. իւր յուզման մէջ մոռցաւ կրկնազգեստն իսկ առնել։ Տուն մտաւ, ցուրտը մինչեւ ոսկորները թափանցած, ինկաւ անկողին եւ հազիւ կրցաւ մի քիչ մրափել։