Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       Հրանտ գլուխը բարձին դրած, կարծես վերացած կը մտածէ։ Ի՞նչ եղաւ իր երազը։ Մտքովը կը թռչէր յունիսի կիրակին, Կէօք-Սույի էր, կը տեսնէր Սօֆին, եւ յետոյ ինչե՜ր անցան այդ օրէն ի վեր։ Ա՜հ, աղջկան մը սէրն ուզեց վայելել. երազ մ՚էր, բայց կեանքն էր ահա՛, որ այդ երազին գինը կը լինէր։
       Յանկարծ կը ջանայ ելնել նստիլ, մայրը չորս կողմերէն կը բռնէ, տխուր ժպիտ մը կը ծածանի Հրանտի երեսներուն վրայ. կ՚ուզէ պատուհանը բանալ։
       —Չէ՛, զաւակս, չէ՛, որդիս, մի՛ բանար, ցուրտ է , կը պաղատի մայրը։
       Բա՛ց պատուհանը, խեղճ մայր, բաց պատուհանը, չե՞ս գիտեր, թէ վշտաց վայրկեաններու մէջ քաղցր յիշատակներ պահ մը կենդանութիւն կը շնորհեն ցաւած սրտին։ Կիթարայի մը ձայնն է, որ կը լսուի. կոյր կինն է, որ կ՚անցնի։ Աղքատ կինը փողոցները ման գալով իր կիսաւեր քնարովը կ՚երգէ.
       Յեթեր անդ կապուտակ
Եւ ի Վոսփորին
Մեղմահոս պըլպըլան
Խոպոպք լուսնեկին։
       Հրանտ այլայլած է։ Ո՞վ չէ զգացած այն տրոփիւնը, որ ձայնի մը, երգի մը յիշատակը կ՚ազդէ մեր սրտերուն, երբ մի քանի շեշտեր իրենց թեւերուն վրայ առած մեր հոգիները կը տանին կը թռչկոտեցնեն զմեզ մանկութեան, պատանեկութեան, սիրոյ եւ բերկրանաց օրերու մէջ։ Այդ երգը կը հնչէր սրտին խորը, թունդ կը հանէր հոգին։
       —Մայրիկ, քանի մը փարայ տուր , ըսաւ։
       Կիթառին ձայնն հեռուէն կուգար այլ եւս, բայց Սօֆիի դէմքն աւելի պայծառ կը պատկերանար Հրանտի աչքերուն։ Ա՜խ, վայրկեան մը թէ նշմարէր Սօֆիի երեսն, թէ կարենար րոպէ մը գրկացը մէջ սեղմել զնա, թէ կարենար վայրկեան մը շնչել նորա շունչը, ի՜նչպէս շուտ պիտի կենդանանար։
       Գնաց կոյրը, հեռացաւ ձայնը բոլորովին, բայց թողուց իւր հետքը, ինչպէս անոյշ բուրում մը բիւրեղին մէջ։