Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ
       Ո՞վ կը կարծէր, կ՚ըսէ բանաստեղծ մը, թէ մի քանի ողկոյզներ ճզմուելով կրնան արտադրել ջուր մը, որ պահ մը երջանկութիւն կը պարգեւէ մարդուս, վայրկեան մը մոռցնել տալով վիշտը։ Այդ գերագոյն դարմանին կը դիմէր Հրանտ, երբ յուսաբեկ, գլուխը կախ, սեպտ. 26—ի շաբաթ երեկոյին կը վերադառնար իւր աշխատութեան տեղէն։ Ամբողջ օրը շուարած անցուցած էր։ Եթէ ունէր սփոփանք մը, այն ալ Գէորգ աղայի բացակայութիւնն էր։ Մինչեւ առաւօտ անքուն մնացած լինելով, կարող չէր եղած գալ։ Յամրաքայլ Հրանտ անցաւ Ղալաթիա։ Կամուրջին աջ կողմն առաջին փողոցը շարուած կը մնան այն գինետունները, զորս մենք քաղցր հնչելով կը կոչենք սրճարան։ Անդ խռնուած են նաւաստին, Քէֆալոնիացին, նաւապետը, քսակահատը, ցորենի վաճառականը, ամէնքն օտարազգի։ Սիկարի մուխը պատած է ամէն կողմ։ Պատուհանները ծածկուած են գոլորշիներով։ Հրանտ ներս մտաւ այդ գինետուններէն մին. ապահով էր, թէ ծանօթ դէմքի մը չպիտի հանդիպէր. լռութեան մէջ ինքզինքն իւր խոհերուն կուտար։ Գնաց ինկաւ անկիւն մը։ Յոյն սպասաւորը բարձրագոչ հրամայեց.
       —Միա մասթիքա (օղի մը)։
       Քանի մը վայրկեան վերջ օղիի սրուակները կը յաջորդէին միմեանց։
       Խե՜ղճ Հրանտ, սիրուն յոյսերուդ մէջ, երբ կը ժպտեր քեզ գեղածիծաղ ապագան, կրնայի՞ր երկու օր առաջ երեւակայել, թէ քիչ վերջն այդ յոյսերդ պիտի կեդրոնանան սրուակի մը վրայ, եւ թէ գեղածիծաղ ապագայն միայն անծանօթ դէմքերը պիտի համարիս։ «Զմէ՞ կեանք , Զմէ՞ սէր»։
       Մթնցած էր. կրպակները կը պարպուէին, առկայծ լոյսերը կը պլպլային Ղալաթիա. մանրացնցուղ անձրեւ կ՚իջնէր։ Հրանտ վճարեց եւ դուրս ելաւ, չէր կարող ոտքի կենալ. տուները կը դառնային շուրջը։ Ստակ չունէր այլ եւս. կառք մը չէր կրնար վարձել։ Մերթ կանգ առնելով, մերթ գլուխը պատին տալով, երերալով, տատանելով կ՚երթար ու կ՚երթար, անհատնում ճանապարհ։ Անձրեւը շատցած էր։ Երկու ժամ վերջ տուն հասաւ շատ թրջած, խեղճ մայրն ու տնակիցները սրտադողի մէջ էին։ Հանուեցուցին զինքն, մայրը լալով եւ դրին անկողին։
       Քնացի՛ր, խեղճ Հրանտս, քնացի՛ր երջանկութեանդ վերջին րոպէն է. վշտաբեկ ես, բայց դեռ կարող արբենալ ու քնանալ . ի՞նչպէս պիտի ծագի վաղն արեւը, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի գտնէ զքեզ։
       Ծագեցաւ շատ պայծառ այդ արեւն, այլ Հրանտ կարող չէր անկողնէն դուրս ելնել։ Հիւանդ էր, բայց չէր կրնար բժիշկ մը բերել։