ԵՂԻԱ
ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ
Ամէն
հայ,
որ
Թուրքիոյ
օրագիր
կը
կարդայ,
լսած
է
Եղիայ
Տեմիրճիպաշեան
անունը։
Հանրածանօթ
գրագէտը
երեսուն
տարիէն
աւելի
է,
որ
Պոլսոյ
բոլոր
թերթերուն
մէջ
միշտ
եւ
հանապազ
կ՚երեւի։
Եթէ
կարելի
ըլլար
անոր
արտադրութեանցը
հաւաքածոն
ընել,
պիտի
ունենայինք
«Աստուածաշունչին»
ստվարութեամբը
տասնէն
քսան
հատոր։
Եւրոպական
մատենագրութեան
ընտելացած
հայ
մը,
երբ
դիպուածով
Տեմիրճիպաշեանէն
ոեւէ
էջ
մը
կը
կարդայ,
ոճէն
անմիջապէս
կ՚անդրադառնայ,
ստորագրութիւնը
նոյնիսկ
չտեսած,
թէ
մեծ
գրականութեան
մտերմացած
հեղինակի
մը
հետ
կը
գտնուի։
Եւ
սակայն
այդ
գրագէտը,
որ
առաջնակարգ
յատկութիւններով
օժտուած
է,
ո՛չ
մեր
նոր
գրականութեան
ընթացքին
վրայ
ազդեց,
ո՛չ
ալ
հանրային
մտքին
վրայ
տպաւորութիւն
մը
թողուց,
վասնզի
հիւանդոտ
գրագէտը
եղաւ։
Իր
բոլոր
մտածութիւնները
իր
անձին
շուրջը
խտացուց։
Թո՛ղ
խօսի
Բայրընի
վրայ
կամ
Միցկեւիչի,
թող
Նիրուանան
յիշատակէ
կամ
Արամազդը,
Պղատոնը
թէ
Օգիւստ
Քոնթը,
միշտ՝
առաջաբան
ու
վերջաբան
իր
անձն
է։
Կը
պատմէ,
թէ
ինչպէս
կ՚ապրի,
ի՛նչ
կ՚ուտէ,
ի՛նչ
կը
հագնի։
Մանրամասնօրէն
կը
ծանօթացնէ
իր
ազգականները,
իր
ընտանիքը,
ամենքն
ալ
իբր
մասունքներ
Մեծ—ամբողջին,
որ
ինքն
իսկ
է։
«Ինք,
միշտ
ինք,
ամենուրեք
ինք»։
Մտքի
հաւասարակշռութեան
խանգարման
ախտանիշն
է՝
իր
անձը
նկարագրելու
ծայրայեղ
մոլեգնութիւնը։
Տեմիրճիպաշեան
կ՚ուզէր,
եւ
միշտ
ալ
կ՚ուզէ,
որ
Թուրքիոյ
հայերը
ամէն
օր
իր
պատկերը
իրենց
աչքերուն
առջեւը
ունենան։
Ո՛չ
միայն
իր
գրութեանցը
միջոցով
հայ
ժողովուրդը
իր
անձովը
զբաղելու
կը
բռնադատէր,
այլեւ
կը
ջանար
գործնական
խաղերով
ալ
հանրային
մտազբաղմանը
առարկայ
ըլլայ։
Կիրակի
օր
մը
Գատըգեղի
եկեղեցիին
դուռը
կը
կայնի
ու
ֆեսը
բացած
կը
մուրայ։
Էֆենդիները
զինքը
կ՚առնեն
տուն
կը
տանին,
ճաշի
վրայ
կը
դնեն։
Նոյն
օրը
ամբողջ
Գատըգեղ,
եւ
միւս
օրը
ամբողջ
Պոլիս
այդ
արհեստական
խենթութեան
վրայ
կը
խօսին։
Օր
մը
կ՚երթայ
ծովամուն
կենազրաւիլ
բայց
նախապէս
խոհեմութիւնը
կ՚ունենայ
հայ
նաւավար
մը
Մօտան
սպասցնել
տալ։
Երբ
աւազին
վրայ
քանի
մը
քայլ
կը
առաջանայ,
փրկիչն
ալ
անդէնեւանդ
կը
հասնի
ետեւէն։
Իրիկուն
չեղած
Պոլիս
կ՚իմանայ,
թէ
Եղիան
ինքնասպանութեամբ
պիտի
կորսուի
եթէ
հրաշքով
մը
այդ
պահուն
Պետոն
Մօտայ
գտնուած
չլլար։
Ու
կեղծ
մուրացիկը,
դերասան
անձնասպանը
մոլեգնոտ
կը
բորբոքի,
երբ
կը
գտնուին
լրագիրներ,
որ
լռութիւնը
կը
պահեն
այդ
ունայնասէր
զաւեշտներուն
վրայ։
Տէմիրճիպաշեանին
ամբողջ
կեանքը
ունայնամիտ
ինքնամոլութեան
ցուցադրութիւն
մը
եղած
է։
Այդ
ախտէն
բռնուած
ըլլալուն
է,
որ
ուզած
է
համայնագէտ,
ծովածաւալ
տաղանդ
մը
երեւիլ։
Ունկնդիրներն
ու
ընթերցողները
բերանաբաց
թողուլ,
ահա
ինչ
եղած
է
իր
խելքը
միտքը։
Ուստի
եւ
երեսուն
տարիէ
ի
վեր
կը
տեսնենք
զինքը
հրապարակաւ
ամէն
նիւթի
վրայ
խօսող
ու
գրող։
Հին
եւ
նոր
կրօնքներ,
իմաստասիրութիւն,
տնտեսագիտութիւն,
լեզուաբանութիւն,
բանաստեղծութիւն,
գեղարուեստ,
գիտութիւն
ամենուն
վրայ
ճառած
է։
Չկայ
գրագէտ
մը,
գեղարուեստագէտ
մը,
բանաստեղծ
մը,
իմաստասեր
մը,
պատմաբան
մը,
մանկավարժ
մը,
լեզուաբան
մը,
որուն
անունը
յիշատակած
չըլլայ,
որուն
գործերուն
վրայ
խօսած
չըլլայ,
եւ
որուն
ինքզինքը
աշակերտ
ու
դաւանող—եւ
մինչեւ
իսկ
շարունակող
—
չհռչակէ։
Այո՛,
պարզ
ժողովուրդը
արժնացած
կը
մնայ
այս
օվկիան
գիտութեան
հանդէպ,
բայց
ով
որ
ֆրանսերէն
քանի
մը
հանդէս
աչքէ
անցնելու
առիթ
ունեցած
է,
կամ
Լառուսի
մեծ
բառգիրքը
տեսած
է,
անիկայ
անմիջապէս
կ՚անդրադառնայ
Տեմիրճիպաշեանին
հնարիմաց
վարպետութեան
գաղտնիքին։
Պարզ
թարգմանութիւներ,
կամ
օրուան
ընթերցումի
մը
տպաւորութիւններ
կը
հրամցուին
իբր
հեղինակութիւններ։
Ու
ըսենք
նաեւ,
որ
ընթերցողը
բան
մը
չի
հասկնար
այդ
գրուածներէն,
վասնզի
զանոնք
գրողը
ինքն
իսկ
բան
մը
չէ
հասկցած
իր
գրածեն։
Տէմիրճիպաշեան—
միշտ
ունայնամտութեան
հիւանդութեամբ—
ճոռոմաբան
տիտղոսներով
հրապարակ
հանած
է
պարբերականներ,
որոնք
թէեւ
չափազանցօրէն
նորամիտ
պարունակութեամբ
կը
ներկայանան,
բայց
կը
կոչուին
«ԳՐԱԿԱՆ
ԵՎ
ԻՄԱՍՏԱՍԻՐԱԿԱՆ
ՇԱՐԺՈՒՄ»
«ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ
ԲԱՌԳԻՐՔ!!»։
«Օ՜հ,
խոշո՛ր,
խոշո՛ր,
անուններով
պզտիկ
բաներուն
ազդեցութիւնը
ամբոխին
վրայ»,
կը
գոչէ
Մեթերլինկ։
Տէմիրճիպաշեանին
նորագոյն
մէկ
գրութենէն
քանի
մը
տող
լուսանկարի
մը
պէս
կը
պատկերացնէ
անոր
ինքնախաբ
եւ
խաբող
միտքը։
Պոլիս
1896—ին
տպուած
Ֆրանսահայ
բառգրքի
մը
—
վասնզի
բառգրքեր
ալ
շինած
է—
առաջաբանէն
կ՚առնենք
հետեւեալը.
«Մեր—
եթէ
կրնայ
այսպէս
բացատրուիլ—
մտաւորական
լեզուն
միշտ
ֆրանսերէնը
մնաց՝
հակառակ
գուշակութեանց։
Մեր
պատմաբանը
Միշլէն
է,
մեր
գիտունը՝
Գլոտ
Պեռնար,
մեր
իմաստասերը՝
Լիգռեն
կամ
Տենը,
մեր
գրադատը՝
Լմեդռ
կամ
Պրիւնդիեռ,
մեր
մանկավարժն՝
անմահ
Ռուսոն,
մեր
պատգամն՝
յաւէտ՝
Ֆեռնեյի
նահապետը,
մեր
երգիչը՝
Բեռանժեն,
մեր
նկարիչը՝
Տլագռուան,
մեր
վհուկը՝
Ռընան,
մեր
վէպը՝
«Մադամ
Բովարի»,
մեր
գուսանը՝
Լամալիպրան,
եւ՝…
մեր
մեռելն
է
հե՛գ
Պոլ
Վեռլենն»։
Նախ
պէտք
է
դիտել,
որ
այս
անուններէն
շատը
հայոց
անծանօթ
են։
Եթէ՝
«մեր
վիպասանը
Հիւգոն
կամ
Դիւման
է»
ըսուէր,
ինչ
եւ
է,
ատ
անունները
հանրածանօթ
են
հայոց,
բայց
ո՞վ
լսեր
է,
կամ
նոյնիսկ
ֆրանսերէն
գիտցող
հայոցմէ
քանի՞
հոգի
կարդացած
են
Ֆլոբերի
համբաւաւոր
վէպը՝
«Մադամ
Բովարին»։
Լամարթինը
ամենքս
ալ
գիտենք,
բայց
Վեռլե՞նը։
Եւ
սակայն
հայոց
ամբողջութեանը
անծանօթ,
անընտել
անունները
ափիբերան
կը
պահեն
ժողովուրդը։
«Ինչե՜ր
ալ
գիտէ»,
պիտի
գոչեն։
Եւ
այս
յիշատակութիւնները
եթէ
մինչեւ
իսկ
հարեւանցիկ
ակնարկով
քննենք,
անմիջապէս
կը
տեսնենք
թէ
Տեմիրճիպաշեանի
միտքը
տրամաբանութեամբ
չի
հոգնիր։
Առնենք
Լամալիպրանը։
«Մեր
գուսանը
Լամալիպրան»։
Ի՞նչ
է
գուսան
մը։
Երգեցող
մը։
Արդ՝
որպէսզի
երգեցող
մը
«մե՛րը»
կարենայ
ըսուիլ,
պէտք
է,
որ
զինքը
լսելու
դիւրութիւն
ունենանք։
Հեղինակ
մը
կրնաս
կարդալ
հեռուէն,
բայց
երգի՞չ
մը։
Արդ՝
Լամալիպրան
Ֆրանսայ
գտնուած
է,
որով
Թուրքիոյ
հայերը
զինքը
լսած
չէին
կրնար
ըլլալ։
Ու
յետոյ,
եօթանասուն
տարի
առաջ
մեռած
է,
երբ
հազիւ
թէ
մէկ
երկու
հայ
կրնային
Փարիզ
գացած
ըլլալ։
Ու
չմոռնանք
ու
Մալիպրան
եւ
ոչ
իսկ
Ֆրանսացի
էր։
Ու
Բերանժէ՞ն։
Արդեօք
այդ
տողերը
գրողը
լսա՞ծ
է
Բերանժէի
մէկ
երգը։
Շատոնց
է
որ
Ֆրանսայի
մէջ
ալ
ոչ
ոք
Բերանժէն
կը
յիշատակէ։
Հապա
Տըլագռուան,
ինչո՞ւ
մեր
նկարիչը։
Մեր
գիտունը
Գլոտ
Պեռնար.
ուսկի՞ց։
Իրա՞ւ
լրջաբար
կարելի
է
կարծել,
որ
Ռուսիոյ
«Էմիլը»
մեզ
կը
դաստիարակէ,
կամ
թէ՝
մեր
մտքին
վրայ
ոեւէ
ներգործութիւն
ունեցած
է
Վոլտեր,
զոր
«Ֆեռնեյի
նահապետ»
հասարակ
տեղիքովը
կ՚որակէ։
Կովկասցի
հայ
մը,
երբ
այդ
տողերը
կարդայ,
պիտի
ենթադրէ,
որ
Թուրքիոյ
ֆրանսագէտ
հայերը
Թենի
կամ
Միշլէի
այնպէս
ընտանի
են,
ինչպէս
իրենք՝
Տոլստոյի
կամ
Տուրգենեւի։
Տէմիրճիպաշեան
իր
բոլոր
սքանչելի
կարողութիւնները
նուիրեց
այս
արհեստական
ու
խաբեպատիր
գրականութեան
տարածումին—եթ
երբեք
«գրականութիւն»
անուանել
ներելի
է
այս
բանդագուշանքը։
Խասգեղի
Ներսէսեան,
ու
ետքէն
ալ
Շահնազարեան
վարժարանին
աշակերտը,
ստացած
էր
այն
կրթութիւնը,
որուն
հիմը
ֆրանսերէնի
ընտելացումն
է,
մէկտեղ
քիչ
մըն
ալ
մատենագրական
ծանօթութիւն։
Դպրոցեն
դուրս
ուրիշներուն
պէս
ինքն
ալ
ինքնակրթութեամբ
զարգացած
է։
Միայն
թէ
մինչեւ
ուրիշները
ողջամտութիւն
ունեցած
են
գրել
այն
նիւթերուն
վրայ
միայն,
որոնց
տեղեակ
են,
անդին
«Փիլիսոփայական
բառագիրքին»
հեղինակը
խենթ
ու
խելառ
խօսած
է
անանկ
խնդիրներու
վրայ,
զորս
հիմնովին
կ՚անգիտանար։
Այսպէս
ահա,
եղաւ
ատեն
մը,
որ
Տեմիրճպաշեան
ինքզինքը
հայ
Լիթռէ
հռչակեց,
այսինքն՝
Օգիւստ
Քոնթի
գրական
փիլիսոփայութեան
տարածողը։
Օր
չէր
անցըներ
առանց
«Դրական»
եւ
«Փիլիսոփայութիւն»
բառերը
հեղհեղելու։
Կարելի՞
է
մտաբերել,
որ
հիմնապէս
գիտութիւն
չսորված
մէկը
կարող
ըլլայ
Քոնթի
դասախօսութիւններէն
բան
մը
հասկնալ
եւ
դրական
փիլիսոփայութեան
հմտանալ։
Ու՜ր
մնաց,
որ
անհնարին
է
հայոց
պէս
հազիւ
թէ
շատ
տարրական
կրթութիւն
առած
ժողովուրդին
մէջ
դրական
իմաստասիրութիւն
տարածել,
ան
ալ
քանի
մը
էջով։
***
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան
երեսուն
տարիէ
հետէ
շարունակ
կը
գրէ,
բազմաքանակ
յօդուած
արտադրած
է.
սակայն
այսօր
իրմէն
հատոր
մը
չի
գտնուիր
հայոց
ձեռքը։
Ու
ամբողջ
երեսուն
տարուան
մէջ
անազդեցիկ
մնացած
է
հայ
մտքին
վրայ։
Այս
չեքուչեքը
մեզի
կ՚ուրախացնէ։
Ո՛չ
ոք
կը
փափագի,
որ
հիւանդութիւն
մը
պլշտկէ
ժողովուրդը,
թող
այդ
հիւանդութիւնը
բարոյական
ըլլայ
կամ
մտաւորական։
Բայց
նաեւ,
իբր
հայ
մատենագրութեան
բարգաւաճմանը
փափագող,
խորապէս
կը
ցաւինք,
որ
Տէմիրճիպաշեան
այսքան
գեշ
գործածած
ըլլայ
գրականութեան
համար
այն
բնատուր
գեղեցիկ
յատկութիւնները,
որոնցմով
օժտուած
հայերը
շատ
բազմաթիւ
չեն։
Եթէ
երբեք
օր
մը
գտնուի
բանասեր
հայ
մը,
որ
խնամքով
կարդայ
ամէն
ինչ,
որ
Տէմիրճիպաշեան
գրած
է
ու
անոնց
մէջէն
հատորիկ
մը
դուրս
հանէ,
ապագայ
սերունդը
պիտի
տեսնէ,
թէ
արդարեւ
կորսուած
է
ճշմարիտ
գրագէտի
կոչում
ունեցող
հայ
մը։