Գրական դեմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԹՈՎՄԱՍ ԹԵՐԶԵԱՆ
       Երկար ատենէ ի վեր է, որ Թովմաս Թերզեան այլեւս մեր օրուան գրականութեան մէջ երեւան չի գար։ Կեանքի հոգերը շատ կանուխէն հանգստի դատապարտեցին բեղմնաւոր տաղանդ մը։ Բայց կը կարծենք. որ իր առաջին գործերուն գոնէ կարեւոր մէկ մասը օրուան նորութիւն պիտի ըլլայ տարիներ յետոյ։ Հաւանօրէն Նաումի թատրոն մը օրին մէկը նորէն պիտի ներկայացնէ «Արշակ Բ—ը», առաջին ու վերջին հայ օպերան, հեղինակութիւն Թերզեանի։
       Մեկուսացեալ բանաստեղծին ողբերգութիւններն ու քնարերգական բանաստեղծութիւնները բազմաթիւ են, տպագրեալ կամ դեռ անտիպ։ Առաջիններուն մէջ է «Սանդուխտ» ողբերգութիւնը, որ Ալիշանի
       Կուտանք հայոց նոր շուշան
Տեսէք ի դաշտ Շաւարշան
       համբաւաւոր քերթուածին ներշնչութեամբ գրուած է։ Խանդի ու աւիւնի բանաստեղծութիւն մը այդ ողբերգութիւնը, որ շատ տարիներ թէ Պոլիս եւ թէ Կովկաս հայ ժողովուրդը հրճուեցուց։
       Բայց «Անակրեոնի» թարգմանիչը իբր քնարերգակ բանաստեղծ թեթեւցուցած է հայ երիտասարդութեան սիրտը, քառորդ դար մը առաջ։ Այսօր մեր աչքերուն առջեւ չունինք Թերզեանի ոեւէ մէկ ոտանաւորը, զոր պաղարիւնութեամբ կարդալով վերլուծենք ու քննադատենք կամ գնահատենք։ Բայց մեր սրտերուն խորը տակաւին կը հեծեծեն մեղեդիներ, որոնք երբեմն տրտմեցուցին մեզ։ Քսան եւ հինգեն աւելի տարիներ անցան. անկէ ի վեր թախծութեան շատ նուագներ եկան խռովեցին մեր հոգիները, սակայն տիկին Բեմպէ Պալեանի մահուան եղերգը միշտ կը մնայ անմոռաց։
       Թերզեան Ալիշանին աշակերտած ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցած է։ Վարժապետը աշակերտին մէջ կը զգար խանդավառ հոգին, զոր ինքն ալ կը բորբոքեր։ Ապագայ քնարերգակը դպրոցին մէջ մատենագրական լուրջ ուսումնասիրութիւններ ըրաւ ու եռանդով փարեցաւ մեր հին լեզուին։ Ոսկեբերանը զինքը գրաւած էր, ձեռքէն չէր ձգեր. մինչեւ իսկ գիշերները բարձին տակը։ Մեր ոսկեդարեան հայերէնին Թերզեանին վրայ բարերար ազդեցութիւնը ակներեւ կը տեսնուի անոր պերճ աշխարհաբարին մէջ։ Խանդավառ երիտասարդը Պոլիս վերադառնալով, շատ չանցած իր անունն ալ Պեշիկթաշլեանին զուգաբարբառ կը հնչուի գրեթէ։
       Այդ ատեններն էր, որ արքունի ճարտարապետ Պալեան Յակոբ բեյ խանդավառ բարեկամ կը հանդիսանար հայ գրագէտներու եւ արուեստագէտներու, կը կառուցաներ Օրթագեղի թատրոնը, ուր Ադամեան եւ Հրաչեայ արուեստագէտներ էին, եւ Թերզեան տիտղոսաւոր թատերգակ բանաստեղծ։ Հայ թատրոնին մեծ ապագայ մը կը պատրաստուէր։ Յակոբ բեյին ընտանեկան դժբախտութիւնը ու վաղաժամ մահը ցիր ու ցան տարտղնեցին Օրթագեղի բանաստեղծական բոյնը։
       Թերզեան ամուսնացած, բազմադիմի մտատանջութիւններով ծանրաբեռն, օրն ի բուն աշխատելու դատապարտեալ, այլեւս չէր կրնար երգել։ Ինք որ արուեստին երկրպագուն էր, կը զգար թէ բանաստեղծ մը ո՛չ միայն ներշնչեալ մը պէտք է ըլլայ, այլ, եւ աշխատող մը։ Եւ չէր կրնար աշխատիլ։ Ու ընկերական կեանքի նոր պայմաններն ալ ջլատեցին զինքը։
       Հիմակ Թերզեան կը մնայ սիրուած յիշատակ մը. սակայն օր մը պիտի վերակենդանանայ, եւ այն ատեն իր անտիպ ոտանաւորներն ալ օրուան նորութիւն ըլլան թերեւս։
       Այս յոյսով սպասենք։