Գրական դեմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թուրքիոյ հայոց արդի գրականութիւնն ու գրագէտները ուսումնասիրել ուզողը մեծ արգելքի մը կը հանդիպի։ Գիրք գրեթէ չկայ։ Փնտրել, գտնել պէտք է երեսուն քառասուն տարուան թերթերու եւ հանդէսներու բիւրաւոր թիւերը։ Անոնց մէջ մոռցուած կը մնան գրական, իմաստասիրական, պատմական էջեր, վէպեր ու վիպակներ, որոնք վերջին քառորդ դարուն մեր գրականութիւնը կը ներկայացնեն։ Անոնք, որ յանձն չեն առներ հնախոյզի այդ աշխատութիւնը, բայց միանգամայն հարկ մը կը տեսնեն ուրուագրել մեր մտաւորական արդի շարժումը, անոնք իբր ուղեցոյց իրենց յիշողութիւնը կրնան միայն ունենալ։ Այդ առաջնորդութեամբ է, որ Գեղունի ին ու Բազմավէպին մէջ քիչ շատ լայնկեկ բռնուած տեսութեամբ մը ներկայացուցինք կէս դարու մեր գրականութեան յատկանշական գծերը։ Հիմակ ալ կը խօսինք մեզի աւելի մօտիկ քանի մը դէմքերու վրայ։