Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ՑԱՅԳԱՅԻՆ
       * կը ծաւալի սարէ սար ու խորհրդաւոր կերպով կ՚օրրէ զգացմունքները:
       Կարաւանը կ՚անցնի՜ լերան արահետներէն ու բոժոժներու ձայնին միստիք մելամաղձութիւնը, հեռուէն հեռու, կը լսուի գիշերին մէջ, որ լուռ է, գիշերին մէջ, որ մթին է եւ ահաւոր:
       Եղնիկները - անրջային ու պաշտելի՜ կենդանիներ - թեթեւ֊թեթեւ գետափն ի վար * կը սուրան, գետափն ի վար` որու մէջ կը ստուերանկարուին, լուսնի լազուարթային սատափացումներէն, ինչ որ ունին խօլագիծ, ու խուսափուկ, ու անշօշափ երազի մէջ վարշամակուած իրենց ամպային ձեւերը: Ու իրենց մեղրիկ նայուածքներուն լոյսը կ՚առկայծի գիշերին մէջ, որը լայն է, հեշտագին ու համապարփակ:
       Ու բոլոր մրտենիները, բուրումնալիր, դալար համբոյրներ կը սօսաւեն հոլանի միջոցին մէջ: Պարզկայ գիշերուան սիւքը կ'անցնի տերեւախիտ թաւուտքին ճիշդ սրտին ընդմէջէն, սարսուռներ պտըտցնելով հոն: Ու ես կը մտածեմ, աչքերս կիսափակ ու յոգնած, գլուխս քարի մը յեցած եւ հոգիս հեշտանքով ու տենդով լեցուն, ես կը մտածե՜մ…
       Հո՜վը, գինով աղջիկ մըն է կարծես հո՜վը, ծփացիկ պարեգօտով հո՜վը, գիշերուան դողահար ու բուրումնաւէ՜տ հովը, որ ջուրերուն վրայ խօ՜լ ու տատանուտ շրջապար մը կը դառնայ յուլօրէն, գիշերին մէջ՝ որ ցրտին է ու դողդոջուն:
       Կը սիրեմ ես թափառիլ քու հոգիիդ գիշերին մէջ, ո՜վ կին. գիշերին մէջ քու հոգիի՜դ, որ տրտում է եւ ահաւոր, լայն ու հեշտագին, կրքոտ ու խանդաբորբ, ցրտին ու դողահար։
       1904