Եւդոկիացի հայ կինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՈՐԲԵՒԱՅՐԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Ամուսնին տարաժամ մահը Եւդոկիացի կնոջ համար ամէնէն ծանր դժբախտութիւններէն մին է որուն պատճառած վիշտը յամրավառ կրակի մը պէս մինչեւ վերջը կը մխայ իր սրտին մէջ եւ զոր երբէք չի կրնար բոլորովին թաղել մոռացութեան մոխիրներուն տակ եթէ նոյն իսկ երկրորդ ամուսնութիւն մը կնքէ։ Հաշուի չեն առնուիր ի հարկէ մասնաւոր բացառութիւնները, զորօրինակ՝ իրենց էրիկներէն չափազանց դժգոհ կիները որոնք հարկաւ մխիթարուելու պատճառներ կ’ունենան, թէեւ անոնք ալ առաջին օրերուն մէջ ո՛չ մէկ կերպով ետ չեն մնար միւս բոլոր այրիներէն՝ իրենց սուգը եւ վիշտը արտայայտելու զեղուն կերպերուն մէջ, արդարացնելով կարծես «գնա՛ մեռիր, եկո՛ւ սիրեմ» առածը։ Ստոյգ է սակայն թէ Եւդոկիացի կինը ընդհանուր առմամբ մահուան հանդէպ չափազանց տկար եւ դիւրազգաց է, խնդիր չէ մեռնողին իր սիրելին ըլլալը կամ ոչ։ Շատ կիներ նոյն իսկ օտար մեռելներու վրայ կուլան։

Եւդոկիացի որբեւայրի կինը, բոլոր երկիրներու կիներուն պէս, իր սուգն ու վիշտը կ’արտայայտէ առատօրէն լալով. նաեւ կը թողու իր բոլոր զարդարանքները, սեւեր կը հագնի ու երկար ատեն սուգ կը պահէ։ Սուգ պահող կամ սգաւոր կինը տօնական կամ հանդիսական այցելութիւններէ կը հրաժարի, հարսնիք, բաղնիք չերթար, զբօսանքի եւ խրախճանքի բոլոր առիթներէն խոյս կուտայ։ Առաւել կամ նուազ երկար ժամանակամիջոցէ մը վերջ որ մինչեւ մէկ տարի եւ երբեմն աւելի իսկ կրնայ տեւել, սգաւոր կնոջ ազգականուհիներէն մին զինք բաղնիք կը հրաւիրէ եւ այսպէսով զանի սուգէն կը հանէ։

Եւդոկիացի որբեւայրի կինը եթէ մանկամարդ եւ անզաւակ է՝ ընդհանրապէս նորէն կ’ամուսնանայ, բայց անոնք որ որբեր ունին, հետամուտ չեն ըլլար նորէն ամուսնանալու։ Իրաւ է որ որբեւայրի էրիկ մարդերը ամուսնութեան համար աւելի կոյս աղջիկ կը փնտռեն քան թէ որբեւայրի կին, բայց որբեւայրի կինը, ցորչափ ըստ բաւականին մանկամարդ է, միշտ էրիկ կը գտնէ, նոյն իսկ երբեմն կոյս երիտասարդ մը, եթէ ամուսնութեան հետամտի, բայց ան շատ անգամ աւելի կը նախընտրէ իր որբերուն հետ առանձին եւ անկախ ապրիլ քան թէ նոր ամուսնութեան մը լուծին մտնել։ Ասի կը ցուցնէ թէ Եւդոկիացի կինը այս կէտին մէջ աւելի դատողութեամբ կը շարժի քան բնազդմամբ, եւ այս առթիւ կրնայ ըսուիլ թէ ան, սեռային խնդիրներու մէջ գրեթէ միշտ կարող է իր բնական յօժարութիւնները սանձահարել՝ հետեւելու համար դատողութեան բանաւոր պահանջումներուն։

Որբեւայրիութիւնը կնոջ համար նոր վիճակ մը կ’ստեղծէ։ Անիկա ա՛լ բոլորովին ազատագրուած է եւ ինքն իր անձին անպայման տէրն է այնուհետեւ, միեւնոյն ատեն տանը եւ ընտանիքին պետը։ Որբեւայրիութիւնը կնոջ մէջ կ’արթնցնէ ինքնավստահութիւն մը որ զարմանք կը շարժէ։ Այն դժնդակ եւ անստոյգ կացութիւնը որուն կ’ենթարկուի իր ամուսնոյն եւ տան նեցուկին մահուամբը, իրաւամբ կրնար զինք վստահութեան մատնել, բայց անիկա չի տկարանար, չի յուսահատիր, ա՛լ առջի տկար ու վեհերոտ արարածը չէ որ իր ամուսնոյն հովանիին կ’ապաստանէր։ Իր զաւակները զինքը կը մխիթարեն եւ այն գիտակցութիւնը թէ անոնց բովանդակ հոգն ու պատասխանատուութիւնը այլ եւս միայն իր վրայ կը ծանրանայ, բաւական կ’ըլլայ իրեն ներշնչելու պէտք եղած կորովը դիմադրելու համար բոլոր դժուարութիւններուն։

Արդարեւ բազմաւթիւ որբեւայրի կիներ ամենայն խոհականութեամբ եւ արիութեամբ կը կառավարեն իրենց տունն ու ընտանիքը, ըստ արժանւոյն կը խնամեն իրենց զաւակները եւ նոյն իսկ իրենց ամուսնոյն թողած քիչ շատ հարստութիւնը գիտեն իմաստութեամբ շահագործել։ Հիանալի են մանաւանդ աղքատիկ որբեւայրի կնոջ այն տիպարները՝ որոնք անլուր զոհողութիւններով եւ միայն իրենց աշխատութեան [1] համեստ արդիւնքովը կարող կ՚ըլլան ապրեցնել իրենք զիրենք եւ իրենց անչափահաս որբերը շնորհիւ զարմանալի խնայողական տնտեսութեան մը որուն գաղտնիքն իրենք միայն գիտեն։

Եւդոկիացի կինն իր զանազան վիճակներու մէջ ուսումնասիրելու ատեն՝ անիրաւութիւն կ՚ըլլար մոռնալ անոր մէկ ուրիշ վիճակը, ամուրիութիւնը։ Եւդոկիոյ մէջ կարի հազուադէպ է որ կազմութեամբ անթերի եղող աղջիկ մը տունը մնայ բացի այն պարագայէն երբ անուանարկութեան մը կ՚ենթարկուի, բայց ինչպէս ամէն տեղ՝ հոս ալ կան բնութեան անժառանգները, կազմային որ եւ է բնական կամ ստացական թերութիւն ունեցող աղջիկներ, որոնց մեծ մասին անխուսափելի ճակատագիրն է ամուրի մնալ։ Ընդհանրապէս այս կարգի աղջիկներու որ եւ է ձեռարուեստ մը կը սորվեցնեն, անոք անօգնական մնալու պարագային մէջ իր ապրուստը ճարել կարենալու կանխահոգ մտածմամբ։

Ամուրի աղջիկը ցորչափ իր ծնողքը ողջ են, անոնց թեւին տակ կը մնայ, բայց երբ անոնք մեռնին՝ ամուսնացեալ եղբայրը կամ քոյրը իր քովը կառնէ զանի։ Անիկա այն տեղ իր ժամանակը կը նուիրէ իր եղբօր կամ քրոջ զաւակներուն խնամքին եւ ուրիշ առտնին գործերու։ Բոլորովին անոք անօգնական մնացողները իրենց ազգականներուն միջեւ տեսակ մը հասարակաց ստացուածք կը դառնան եւ կարգով անոնց տունը կը հիւրասիրուին։ Աշխատելու կարողները կ’աշխատին եւ իրենց ապրուստը կը ճարեն։

Ընդհանրապէս ամուրի կինը անտրտունջ հանդարտութեամբ կը համակերպի իր ճակատագրին։ Շատ քիչ անգամ լսուած է որ տեղի տայ սիրային գայթակղութիւններու։ Անիկա միշտ լուրջ է, քիչ մը տխուր եւ ընդհանրապէս բարեպաշտ ու աղօթասէր որով ճշմարիտ մայրապետի մը հովերը կ’առնէ շատ անգամ, մանաւանդ քանի տարիքը առաջ երթայ։


[1]            Ուսումնասիրութեանս ընթացքին մէջ մասնաւոր հատուածով մը պիտի խօսինք Եւդոկիացի կանանց աշխատութիւններուն վրայ։