Բ.
ՀԱՐՍՆՈՒԹԻՒՆ
Նոր
կեանքը՝
ուր
կը
մտնէ
Եւդոկիացի
աղջիկը
հարսնութեամբ,
հոգեկան
անօրինակ
յոյզերով
է
որ
կը
սկսի։
Վարանում,
երկիւղ,
տրտմութիւն,
ուրախութիւն,
հաճոյք,
սէր
զիրար
կը
խաչաձեւեն
իր
անփորձ
աղջկան
միամիտ
հոգւոյն
մէջ
զինք
ենթարկելով
հոգեբանական
վիճակի
մը
զոր
դժուար
է
սահմանել։
Անծանօթ
միջավայրի
մը,
իր
շուրջը
յածող
նոր
դէմքերու
ազդած
վարանքը,
ինչպէս
նաեւ
նոր
հարսնութեան
յատուկ
կարգ
մը
ձեւակերպութիւններու
հոգը
բաւական
դժադակ
անցք
մըն
է
որ
կը
պատրաստեն
իր
առջեւ,
զոր
դիւրաւ
չէ
որ
պիտ
անցնի
իր
վեհերոտ
աղջկան
անհամարձակութեամբը։
Այդ
ամէնէն
առաջ
նամանաւանդ,
այդ
նոր
կեանքի
սեմին
վրայ
իսկ
իրեն
կը
սպասէ
առագաստի
սենեկին,
հարսանեկան
առաջին
գիշերուան
խորհրդաւորութիւնը։
Բայց
վերջապէս
այդ
խորհրդաւոր
պահն
ալ
կուգայ
կ՚անցնի։
Հարսնիքին
հետեւեալ
օրը
փեսին
տան
կողմէ
աւետարար
կին
մը
կը
ղրկուի
աղջկան
տունը
որ
հետը
կը
տանի
խորհրդանշական
շաքարեղէններու
ծրար
մը
եւ
միեւնոյն
ատեն
փեսին
մերձաւոր
ազգականուհիները
կը
համախմբուին
հարսնետանը
աչքի-լոյսի
ու
շնորհաւորութեան
խրախճանքը
կատարելու
նոր
հարսին
համար։
Պէտք
է
ըսել
թէ
այս
սովորութիւնները
հիմա
իբրեւ
ձեւակերպութիւն
կը
կատարուին,
թէեւ
անցելոյն
մէջ
ամենամեծ
նշանակութիւն
ընծայուած
է
ատոնց
առիթ
տուող
կուսութեան
ապացոյցի
պարագային,
այնպէս
որ
մեծ
անտեղութիւններ
պատահած
են
ուր
որ
կարծուած
է
թէ
այդ
ապացոյցը
գոյութիւն
չունի։
Յաջորդ
կիրակի
օրը
հարսին
օժիտը
կը
ղրկուի
աղջկան
տունէն
մանչուն
տունը,
եւ
հարսը
իր
կեսրայրին,
կեսրոջ,
տագրերուն,
ներերուն,
տալերուն,
ինչպէս
նաեւ
կնքահօր
եւ
կնքամօր
եւ
այլ
մերձաւոր
ու
կարեւոր
ազգականներու,
որք
հոն
եկած
հաւաքուած
կ՚ըլլան,
մէյմէկ
ձեռք
ճերմակեղէն
նուէր
կուտայ
իր
բերած
օժիտէն
եւ
անոնք
ալ
մէյմէկ
ոսկի
նուէր
կուտան
անոր
իբրեւ
երեստես։
Նշանակութեան
արժանի
է
թէ
հարսը
իր
նշանուելու
օրէն
սկսեալ
քանիցս
առիթ
կ՚ունենայ
այս
կարգի
նուէրներ
ստանալու
թէ
իր,
եւ
թէ
իր
ամուսնոյն
ազգականներէն։
Մասնաւորապէս
հարսնիքին
օրը
աղջկան
ազգականները
եւ
ազգականուհիները
անպատճառ
մէյմէկ
ընծայ
կը
բերեն
հարսին.
այս
ընծաները
կ՚ըլլան
ընդհանրապէս
հագուստացու
կերպաս,
եազմա,
գլխու
սանր,
բաղնիքի
թաս
կամ
կոնք
եւն.
։
Կ՚ուզենք
այս
սովորութեան
օգտակարութեան
վրայ
քիչ
մը
ծանրանալ
այս
տեղ։
Իրերօգնութեան
ազնիւ
սկզբունքը
որ
գաւառական
բնատիպ
բարքերու
այնքան
գովելի
մէկ
կողմը
կը
ներկայացնէ,
այս
սովորութեան
մէջ
գեղեցկապէս
ի
յայտ
կուգայ։
Ո՛չ
միայն
հարսն
է
որ
նուէրներ
կ՚ընդունի
իր
ազգականներէն,
այլ
եւ
փեսան
ալ,
եւ
փեսին
ստացած
նուէրներն
ընդհանրապէս
կ՚ըլլան
տնական
անհրաժեշտ
կահ
կարասիներ։
Ու
այսպէս՝
հարսին
ու
փեսին
ստացած
նուէրները
միանալով՝
կը
նայիս
որ
ձեւացուցեր
են
ո՛չ
արհամարհելի
արժէք
մը,
ամուսնութեան
յարակից
ծախուց
գոնէ
մէկ
մասին
բեռը
վերցնելով
փեսին
ուսերէն։
Երբ
մտածենք
թէ
ամուսնութեան
առթիւ
հարսանեկան
ծախքերը
ի՛նչքան
դժուարատար
բեռ
մըն
են
աղքատիկ
ու
միջակ
դասակարգի
երիտասարդներուն
համեստ
քսակներուն
համար,
որոնք
շատ
հեղ
հարսնիք
մը
ընելու
համար
ստիպուած
են
իրենց
ունեցածը
չունեցածը
ծախսել
եւ
յետոյ՝
ենթարկուիլ
նիւթական
անձկութեան
եւ
կարօտութեան,
երբ
խորհինք
նաեւ
թէ
այս
ծախքերը
հոգալու
նիւթական
անբաւականութիւնը
ինչքան
երիտասարդներու
պատճառ
կ՚ըլլայ
որ
անպայման
կերպով
յետաձգեն
իրենց
ամուսնութիւնը,
այն
ատեն
պիտ
զգանք
այս
սովորութեան
գնահատելի
օգտակարութիւնը։
Ազգականի
մը
ամուսնութեան
առթիւ
պզտիկ
նուէր
մը
տանիլ
անոր
ա՛յնպիսի
աննշան
ծախք
մըն
է
որ
բան
մը
չի
կշռեր
գրեթէ
որ
եւ
է
աստիճանի
կարողութեան
տէր
ընտանիքի
մը
պիւտճէին
վրայ,
բայց
այդ
պզտիկ
աննշան
նուէրները
միանալով՝
նորապսակ
ամոլին
համար
կը
ձեւացնեն
նշանակելի
ամբողջութիւն
մը
որ
բանի
մը
կը
ծառայէ։
Ազգականներու
միջեւ
իրարու
նուէր
տալու
այս
սովորութիւնը
միայն
հարսնիքի
պարագային
յատուկ
չէ
այլ
եւ
այն
ամէն
առիթներուն՝
ուր
ազգական
ընտանիք
մը
որ
եւ
է
արտաքոյ
կարգի
ծախքի
մը
ենթարկուած
է.
այսպէս՝
նորածինի
մը
ծննդեան,
տուն
դնելու
եւն.
պարագաներու
մէջ
ալ
ազգականները
նուէրով
մըն
է
որ
ներկայանան
աչքի-լոյսի,
ասով
իրենց
շնոպհաւորութիւններուն
եւ
խնդակցութիւններուն
հնչուն
ձեւ
մը
տալով։
Ստուգիւ
այս
սովորութիւնները
իրերօգնութեան
ազնիւ
գաղափարէն
ներշնչուած
իմաստուն
կարգադրութեան
մը
արդիւնքը
կը
թուին
ըլլալ
որով
ազգական
ընտանիքներ
մասամբ
իրարու
մէջ
կը
բաժնեն
իրենցմէ
մէկուն
ենթարկուած
արտակարգ
մէկ
ծախքը
անոր
կերպով
մը
օգնած
ըլլալու
համար։
Դժբախտաբար
քաղաքակրթութիւնը
շատ
մը
հին
բարի
սովորութեանց
հետ
ասոր
ալ
վերջ
տալու
վրայ
է։
Հիմակուան
գաւառացիները
սկսած
են
աւելի
անհատապաշտ
ու
եսամոլ
դառնալ
եւ
փոխադարձ
օգնութեան
վսեմ
սկզբունքը,
որ
գրեթէ
բնազդական
հանգամանք
մը
դարձած
էր
մեր
պապերուն
հոգեբանութեան
մէջ,
անհետ
ջնջուելու
վրայ
է
մեր
տոհմիկ
բարքերէն։
Հին
ատենները,
ինչպէս
շատ
մը
գաւառներու
մէջ
դեռ
տիրող
է,
Եւդոկիացի
նոր
հարսն
ալ
տեսակ
մը
սխալ
ըմբռնուած
համեստութեամբ,
իր
կեսրայրէն,
տագրերէն,
կնքահօրմէն,
ինչպէս
նաեւ
ամուսնոյն
ուրիշ
ազգականներէն
երեսը
ծածկ
կը
պահէր
լաչակով
մը
եւ
հետերնին
ալ
չէր
խօսեր
երկար
ատեն։
Այս
երես
ծածկելու
սովորութիւնը
որ
հաւանականաբար
օտարներէն
մեր
բարքերուն
անցած
էր,
Եւդոկիոյ
մէջ
շատունց
վերցած
է։
Հիմա
ձեւակերպութեան
համար
միայն
քանի
մը
օր
երեսը
կը
ծածկէ
եւ
մունջ
կը
պահէ,
բայց
շուտով
թէ՛
կեսուրը
եւ
կեսրայրը,
թէ՛
տալը
եւ
կնքահայրը
կամ
այլ
ազգականները
առաջին
առթիւ
իսկ
հարսին
երեսը
կը
բանան
եւ
կ՚արտօնեն
որ
խօսի։
Երբոր
նոր
հարսնութեան
յարակից
բոլոր
այսօրինակ
ձեւակերպութիւնները,
ինչպէս
նաեւ
հարսը
առաջին
անգամ
ազգականուհեաց
ընկերակցութեամբ
հանդիսաւորապէս
եկեղեցին
Ս.
Պատարագի
առաջնորդելու
եւ
յետոյ՝
տասնըհինգի
բաղնիք
տանելու,
նաեւ
հանդիսաւորապէս
խնամիներուն
երթալու
արարողութիւնները
եւ
փեսին
ազականաց
տրուելիք
պայմանադրական
այցելութունները
վերջ
կը
գտնեն,
ա՛լ
հարսը
իր
ամուսնոյն
ընտանիքին
հետ
ձուլուած,
տան
մարդ
եղած
է։
Ընդհանրապէս
առաջին
օրերուն
մէջ
շատ
լաւ
կը
վարուին
իր
հետ։
Նոր
հարսը
տան
ուրախութիւնն
ու
պարծանքն
է։
Կեսուրն
ու
տալերը,
ինչպէս
նաեւ
փեսին
ուրիշ
ազգականուհիները
հպարտ
գոհունակութեամբ
մըն
է
որ
կը
ներկայացնեն
իրենց
հարսը
ամէնուն
եւ
զանի
սիրուն
մանկիկի
մը
պէս
կը
շրջապատեն
ամէն
տեսակ
փայփայանքներով
ու
գուրգուրանքներով,
ու
նոյն
իսկ
երբեմն
քիչ
մը
կը
շփացնեն
լ։
Նոր
հարսը
փայփայանքի
այդ
մթնոլորտին
մէջ
կ՚ապրի
զգլխած
եւ
շատ
գոհ
է.
իր
երանութիւնը
կատարեալ
է,
գրեթէ
երեւակայածէն
ալ
աւելի։
Ինքն
եւս
վերջին
ծայր
յարգանք
եւ
խոնարհամտութիւն
կը
ցուցնէ
անոնց
հանդէպ։
Խաթուն
կամ
մայրիկ
կ՚անուանէ
կեսուրը,
տալերն
ու
ներերը՝
տուտու,
եւ
կեսրայրը՝
աղա
կամ
հաճ՚աղա
եթէ
հաճի
ունի։
Գալով
իր
ամուսնոյն՝
բնականաբար
յարգանքէ
շատ
աւելի
խոր
բան
մը
սկսած
է
տածել
անոր
նկատմամբ։
«Պսակը
սէր
կը
բերէ»ի
հին
գաղափարը
հարիւրին
ութսուն
իննսուն
ճիշտ
է
[1]
։
Եւդոկիացի
աղջկան
համար
որ
ամուսնութենէն
հազիւ
թէ
մէկ
երկու
շաբաթ
անցած,
արդէն
իսկ
կաթոգին
սիրով
մը
կը
սիրէ
իրր
ամուսինը
զոր
ամիս
մը
առաջ
գուցէ
չէր
իսկ
ճանչնար,
բայց
ուրիշներրու
առջեւ
ան
բնա՛ւ
ցոյց
չի
տար
իր
սէրն
ու
գուրգուրանքը,
բնաւ
ամուսնոյն
վրայ
չի
խօսիր
եւ
խորին
լրջութեամբ
մըն
է
որ
կը
վարուի
անոր
հետ
ուր
որ
առանձին
չէ։
Հակառակ
վարմունք
ունեցող
հարսերը
զարմանալի
դատողութեամբ
մը
իբրեւ
թեթեւաբարոյ
խստիւ
կը
քննադատուին։
Տարօրինակ
զգուշաւորութեամբ
մը
հարսը
անուն
մըն
ալ
չի
կրնար
տալ
իր
էրկանը։
Ոմանք
կը
համարձակին
իրենց
էրիկները
անունովնին
կոչել
պատուանունով
մը
կցուած,
զորօրինակ՝
«Յակոբ
աղա
կամ
էֆէնտի»,
կամ
երբեմն
ալ
՝
լոկ
«էֆէնտի»
կամ
«հաճ՚աղա»
եթէ
հաճի
է.
բայց
ինչպէս
որ
մէկը
կը
մեղադրուի
եթէ
ինքզինքնին
տիտղոս
մը
տայ,
անանկ
ալ
կը
մեղադրուին
այն
կիները՝
որոնք
իրենց
ամուսիններուն
այդպէս
պատուանուն
մը
կուտան։
Էրիկը
իր
կնոջ
անունը
միայն
կուտայ
եւ
անպատշաճ
պիտի
չըլլար
որ
կինն
ալ
իր
էրիկը
լոկ
անունովը
կոչէր
ինչպէս
սովորութիւն
է
Եւրոպացւոց
մէջ.
բայց
այս
պարագային
մէջ
ալ
էրկան
արժանապատուութիւնը
կը
վիրաւորուի
որով
հէք
Եւդոկիացի
կինը
անլ
դիրքի
մը
մէջ
ինկած
է
ու
մանաւանդ
երբ
ուրիշներու
առջաւ
խօսակցութեան
միջոցին
իր
էրիկը
յիշել
հարկադրուի,
ստիպուած
է
դժնդակ
դարձուածքներ
տալ
խօսքին
իր
միտքը
հասկցնելու
համար։
Տարէց
հին
կնիկներու
մէջ
կան
որ
գլխաւորս
կ՚ըսեն
իրենց
էրիկը
հասկցնելու
համար,
բայց
այս
յորջորջումը
այլեւս
գործածութենէ
ինկած
է։
Իսկ
առանձինն
Եւդոկիացի
կինը
սովոր
է
մտերմական
քա
կոչականով
կանչել
ամուսինը։
Նոր
հարսը
գրեթէ
առաջին
օրէն
կը
մասնակցի
տան
ներքին
աշխատութիւններուն,
ինչպէս
աւլել,
սրբել,
լուացք
ընել,
թաթախ
աման
լուալ
եւն.
սակայն
կեսուրը
կամ
տալը՝
եթէ
ունի,
կարելի
եղածին
չափ
կը
խնայեն
զինք
ծանր
աշխատութիւններէ։
Նոր
հարսին
կ՚իյնան
աւելի՝
տան
մարդոց
եւ
հիւրերու
սպասարկութեան
վերաբերեալ
ծառայութիւնները,
զորօրինակ՝
հարսը
պիտ
եթէ
թէյը
եւ
սուրճը,
սեղանը
ան
պիտի
յարդարէ
եւ
ժողվէ,
անկողինները
ան
պիտի
շիտկէ
եւ
հիւր
գալու
ատեն
ան
պիտի
կատարէ
սպասարկութիւն
եւն.
։
Իրերը
այս
վիճակին
մէջ
կ՚ընթանան
բաւական
ժամանակ։
Իհարկէ
նոր
հարսը
չուշանար
մայր
դառնալու
եւ
տարի
մը
կամ
տարի
ու
կէս
հազիւ
բոլորած՝
նորածին
մըն
է
աշխարհք
կուգայ
աւելցնելու
տան
ուրախութիւնը։
Ասի
առիթ
մըն
է
որ
հարսը
նոր
գուրգուրանքներու
առարկայ
դառնայ
ընտանեկան
շրջանակին
մէջ։
Բայց
այս
ամէն
եղիկ-մեղրիկ
յարաբերութիւնները
շուտով
վերջ
կը
գտնեն
ընդհանրապէս
եւ
պզտիկ
անհամաձայնութիւններ
հարսին
ու
տան
մարդոց
միջեւ
ծագած,
օրէ
օր
կուգան
շեշտուիլ
եւ
խանգարել
տան
խաղաղութիւնը։
Հին
ատենները
երբ
նահապետական
կարգուսարքը
տիրող
էր
մեր
ընտանեկան
կազմակերպութեան
մէջ,
հարսը
տան
մէջ
հլու
եւ
բոլորովին
կրաւորական
էակ
մըն
էր
զուրկ
կամքէ
եւ
անհատականութենէ։
Արդի
քաղաքակրթութիւնը
սակայն
ամէնէն
առաջ
եկաւ
յեղաշրջել
մեր
ընտանեկան
կազմակերպութիւնը։
Ծնողական
իշխանութիւնը
կորսնցուց
իր
հարկադրող
ուժը
եւ
զուտ
բարոյական
հանգամանք
մը
առաւ
ինչպէս
որ
վայել
էր,
եւ
ընտանիքի
անդամներէն
իւրաքանչիւրին
մէջ
սկսաւ
ծիլ
արձակել
անհատականութեան
ոգին
որուն
բարւոք
կիրառութենէն
է
որ
պիտի
բղխէր
ամէն
յառաջդիմութիւն։
Այս
վիճակը
իրաւ
է
որ
առաջ
բերաւ
նահապետական
բազմանդամ
ընտանիքներու
քայքայումը
եւ
դուռը
բացաւ
ընտանեկան
անհամաձայնութիւններու
եւ
այլ
չարիքներու,
բայց
բանաւոր
դաստիարակութեան
մը
շնորհիւ
կրնան
դարմանուիլ
այդ
չարիքները,
հոգ
չէ
թէ
կարելի
չըլլայ
վերադառնալ
հին
վիճակին։
Եւդոկիացի
հայ
կնոջ
մէջ
անհատականութեան
ոգին
առաջին
անգամ
կ՚արթննայ
հարսնութեան
միջոցին։
Իր
աղջիկնութեան
վիճակն
ուսումնասիրելու
ատեն
ինչպէս
տեսանք՝
ան
դեռ
այդ
միջոցին
բաւականէն
աւելի
կրաւորական
դիրք
մը
ունի
եւ
շատ
աղէկ
գիտէ
համակերպիլ։
Բայց
անգամ
մը
որ
հարսնացաւ,
ան
կը
մտածէ
թէ
ալ
ազատագրուեցաւ,
եւ
բացի
իր
ամուսնոյն
տեսակ
մը
իշխանութենէն
որ
ա՛ն
ալ
իր
ուժը
կը
պարտի
կնոջ
սիրոյն
եւ
անձնուիրութեան
միայն,
անիկա
չի
հանդուրժեր
որ
եւ
է
տարբեր
իշխանութեան։
Ուստի
կ՚ընդվզի
ամէն
անգամ
որ
տան
մէջ
որ
եւ
է
հեղինակութեան
մը
լուծը
կը
նշմարէ
իր
վրայ
կամ
երբ
ինքզինք
անիրաւուած
կը
զգայ
տան
այնպիսի
մէկ
անդամէն՝
որ
իր
վրայ
հեղինակութիւն
մը
ունենալ
կը
յաւակնի։
Ասկէ
առաջ
կուգան
ընդհանրապէս
հարս
ու
կեսուրի
անհամաձայնութիւնները
որոնք
շատ
անգամ
ամենաչնչին
պարագայէ
մը
ծագում
առնելով՝
ի
վերջոյ
ցաւալի
կռիւներու
կը
յանգին։
Այս
հարսուկեսուրի
անհամաձայնութիւններուն
մէջ
ընդհանրապէս
դժուար
է
ճշդելը
թէ
իրաւունքը
որ
կողմինն
է։
Իրողութիւնն
այն
է
թէ
այդ
ամէնուն
մէջ
կեսրոջ
իշխելու,
բացարձակ
հնազանդութիւն
եւ
յարգանք
վայելելու
հին
իրաւունքին
յետամնացութիւնն
է
որ
կ՚ընդհարի
հարսին
ինքզինք
ազատագրուած,
անկախ
զգալու,
որ
եւ
է
հեղինակութեան
չհանդուրժելու
նորամիտ
ձգտումին։
Այս
կարգի
խնդիրներու
մէջ
հոգեբանական
զարմանալի
պարագայ
մըն
ալ
նշմարած
եմ.
շատ
անգամ
զոր
կ՚արժէ
ի
վեր
հանել։
Կեսուրը
որ
մինչեւ
իր
զաւկին
ամուսնութեան
օրը
իր
մայրական
սէրը
լիովին
փոխադարձուած
կը
տեսնէր
զաւկին
կողմէ
որդիական
գորովոտ
սիրով
մը,
երբ
կը
տեսնէ
իր
զաւկին
տարօրինապէս
սէր
տալը
նորեկ
հարսին
եւ
քիչ
մը
նուազ
զբաղիլը
իրմով,
կարծես
թէ
իր
մայրական
սիրոյ
զգացումը
կը
վիրաւորուի
եւ
տեսակ
մը
նախանձ
կը
զգայ
զոր
կարելի
չէ
որ
եւ
է
կերպով
որակել։
Այս
ազդեցութեան
տակ
անգիտակից
մղումով
մը
կը
սկսի
ահա
հարսին
դէմ
խծբծանքներու
անոր
ամէն
արաքին
մէջ
ալ
թերութիւն
մը,
քննադատելի
կէտ
մը
տեսնել
կարծելով
—
նոյն
իսկ
իր
ամուսնոյն
հանդէպ
սիրոյ
քիչ
մը
շռայլ
ցոյցեր
ընելու
մէջ
անգամ։—
Միեւնոյն
ատեն
կը
սկսի
էրկանը
ականջը
լեցնել
հարսին
դէմ
գանգատներով
որոնք
կարծես
թէ
անգիտակցաբար
նպատակ
ունին
էրիկը
իր
հարսէն
պաղեցնել՝
դէպի
մօրը
դարձնելու
համար։
Ապահովաբար
ճշմարտապէս
չար
դիտում
մը
չկայ
կեսրոջ
այս
վարմունքին
մէջ,
այլ
հոգեբանական
զարմանալի
վիճակ
մը
որուն
ազդեցութեան
տակ
է
որ
կը
գործէ։
Եթէ
ամէն
երկրի,
ամէն
դարու
եւ
ամէն
տեսակ
բարքերու
մէջ,
միշտ
կեսուրները
ներողամիտ
վարմունք
մը
չեն
ցոյց
տուած
իրենց
հարսերուն
հանդէպ՝
չկրնալով
տանիլ
անոնց
ամէնէն
աննշան
թերութիւններն
իսկ
եւ
ասով
տեղի
տալով
հարս
ու
կեսուրի
աւանդական
կռիւներուն,
ես
քիչ
մըն
ալ
հոգեբանական
այս
երեւոյթին
մէջ
կը
տեսնեմ
գաղտնիքը
այդ
ամէնուն։
Նոր
հարսին
անհամաձայնութիւնները
միայն
կեսրոջ
հետ
չեն
շատ
անգամ։
Եթէ
ներ
ունի՝
ապահովապէս
կռիւը
մօտալուտ
է,
զի
թէեւ
կան
իրարու
հետ
սիրով
ու
համերաշխութեամբ
ապրող
հարս
ու
կեսուրի
բազմաթիւ
օրինակներ,
բայց
գրեթէ
տեսնուած
չէ
որ
երկու
ներ
իրարու
հետ
համաձայն
ընթանան։
Տան
մէջ
անցած
դարձած
չնչին
խնդիրներէ
եւ
ոչնչաբանութիւններէ
զատ
շատ
անգամ
իրարու
հագուստի
կապուստի
կամ
իրարու
ամուսնոց
վայելած
ինչ
ինչ
առաւելութիւններու
նախանձն
է
որ
առիթ
կուտայ
գժտութիւններու
կծիկին
քակուելուն։
Ցաւալի
է
ըսել
որ
երկու
ներերու
կռիւները
երբեմն
պատահած
է
զիրար
ծեծելու
աստիճան
համեմատութիւններ
իսկ
առած
են,
ինչ
որ
դաստիարակութեան
պակասին
վերագրելի
է։
Այսպէս
թէ
այնպէս՝
տան
մէջ
տիրող
անհամաձայնութիւնները
վերջապէս
կը
յանգին
անխուսափելի
բաժանման
մը։
Ամուսինը
խոհեմութիւն
կը
սեպէ
բաժնուիլ
իր
հօրենական
յարկէն
եւ
առանձին
տուն
տեղ
ըլլալ։
Կրնայ
ըսուիլ
թէ
բաժանումներու
90%ը
անհամաձայնութեանց
արդիւնք
են
եւ
միայն
10%ը
մտածուած
որոշման
մը։
Բայց
այս
բաժանումը
նոր
դարագլուխ
մը
կը
բանայ
Եւդոկիացի
կնոջ
կեանքին
մէջ։
Այն
օրէն
որ
ան
առանձին
տուն—տեղ
կ՚ըլլայ,
ալ
իր
տան
տանտիկինն
է
եւ
հարսնութեան
շրջանէն
ելլելով
մտած
է
տանտիկնութեան
շրջանին
մէջ
որ
մեծապէս
պիտի
նպաստէ
իր
անհատական
նկարագրին
զարգացման
եւ
պիտի
մղէ
զինք
ինքնավարութեան
եւ
ինքնօգնութեան։
Նոր
կազմուած
տան
մէջ
զոր
ինք
պիտի
կառավարէ,
ամէն
ինչ
իրը,
իր
ձեռքին
արդիւնքը
պիտի
ըլլայ
հաւատարմօրէն
ցոլացնելով
իր
նկարագիրը։
ԱՍոր
համար
է
որ
անփորձ
հարսը
նոր
տան
սեմին
վրայ
կուգայ
ինքնագիտակցութեան
մը,
իր
ուժերը
կը
ժողվէ
եւ
կը
ջանայ
բանաւոր
կիրառութեան
մը
մէջ
դնել
զանոնք։
Անկէ
վերջ
է
որ
երեւան
պիտ
ելլէ
ճշմարիտ
կինը։
[1]
Բացի
բոլորովին
անյարմար
ամուսնութիւններու
պարագայէն,
զոր
օրինակ,
երբ
15-20
տարեկան
աղջիկ
մը
կը
տրուի
50-60նոց
ծերուկի
մը,
բայց
այս
տեսակ
ամուսնութիւններ
ալ
հազուադէպ
են
Եւդոկիոյ
մէջ։