Եւդոկիացի հայ կինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆ

Եւդոկիացի հայ կնոջ համար մայրութիւնը, զաւակներ ունենալը, ամէնէն ցանկալի երանութիւնն է որ զինք կը համակէ հպարտ գոհունակութեամբ մը։ Ընդհակառակը ամլութիւնը անդարմանելի դժբախտութիւն մըն է զոր ո՛չ մէկ վայելքով կրնայ փոխարինել։ Ամուլ կիները բժշկական ամէն դեղ ու դարման ի գործ դնելէ զատ՝ ուխտատեղիներու, կարդացողներու եւ հմայիչներու ալ չեն մոռնար դիմելու, անոնց զօրութիւնն ալ փորձելու համար, եւ ի զուր ամէն միջոց փորձելէ հետոյ՝ դարձեալ անկարելի կըլլայ իրենց համակերպիլ ճակատագրական այդ վիճակին եւ մայրութեան նախանձը կը տանջէ զիրենք մինչեւ վերջը։ Ոմանք կը փորձեն ուրիշ կերպով գոհացնել մայրութեան պէտքը, ընկեցիկ նորածիններ որդեգրելով զորս կը խնամեն ճշմարիտ մայրութեան մը բովանդակ գուրգուրանքովը, ու եթէ պատահի որ այդ որդեգիրն ալ կորսնցնելու դժբախտութիւն ունենան, զոհ տալով մահուան, ճշմարիտ մօր մը անմխիթար սուգովը կուլան անոր վրայ։

Սակայն մայրութեան բնազդը թէեւ իր բնական ուժգնութենէն բան մը կորսնցուցած չէ Եւդոկիացի կնոջ մէջ, ասոր հետ մէկտեղ ան բազմածին կիներէն ալ չէ եւ կը սոսկայ բազմաթիւ զաւակներ ունենալէ։ Վիժումի փորձերը անսովոր դէպքեր չեն իրենց մէջ եւ եղած են կիներ՝ որ զոհ գացած են այս կարգի փորձերու։ Թէեւ մասնաւոր վիճակագրութիւն մը կատարելու պատեհութիւնը եւ միջոցները ունեցած չենք, բայց Եւդոկիացի հայ կինը միջին հաշւով 4-5 զաւակէն աւելի չի ծնանիր, որոնցմէ ապրողներու միջին թիւն ալ երեքէն աւելի ըլլալ չենք կարծեր [1] ։ Դիտելի է նաեւ թէ աղքատիկ գործաւոր ու տգէտ դասակարգերու մէջ կիներն աւելի բազմածին են քան դիւրակեաց, հարուստ եւ բարեկիրթ դասակարգերու մէջ։ Եւդոկիացի հայ կինը իր խորհելու մասնաւոր կերպն ունի այս խնդրոյն մէջ. “շատ տղան եա՛ փաշին կը վայլէ եա՛ բօշին” կըսէ. այսինքն թէ մարդ կա՛մ շատ հարուստ ըլլալու է որ կարող ըլլայ բազմաթիւ զաւակներ ըստ աժանւոյն խնամել եւ մեծցնել սպասուհիներու եւ ստնտուներու միջոցաւ, առանց մօր բեռ ըլլալու, կամ շատ աղքատ եւ ստորին դասակարգէ, զուրկ նաեւ ամէն զգացումէ, ինչպէս են բօշաները որոնց զաւակները շան լակոտներու պէս փողոցները իրենք իրենց կը մեծնան տիղմերու եւ փոշիներու մէջ տապլտկելով մինչ մայրը անդին իր գործին կը նայի անհոգ անտարբեր։ Բազմածնութեան այս խորշանքը հարկաւ արդի քաղաքակրթութեան նաքընծայ ձգտումներէն համարելու ենք։ Մէկ կողմէն հետզհետէ շեշտուող անհատապաշտութիւնը եւ անձնական հանգիստ փնտռելու միտումը, միւս կողմէ կեանքի պայքարին հետզհետէ դժուարացող հանգամանքներուն մէջ բազմաթիւ զաւակներ ըստ արժանւոյն սնուցանելու, կրթելու եւ անոնց համար լաւագոյն վիճակներ ապահովելու դժուարութեան գիտակցութիւնը ստեղծած են միտքերու այս բանաւոր տրամադրութիւնը ընդդէմ բազմածնութեան։

Եւդոկիացի կնոջ համար յղութեան վիճակը գրեթէ բան մը չի փոխեր իր ապրելու սովորական կերպերուն մէջ։ Իրաւ, ինչ ինչ զգուշութիւններ ի գործ կը դնեն, բայց երբեք բոլորովին անգործ եւ փափուկ կեանքի մը մեղկութիւններուն չեն յանձներ ինքզինքնին, այլ քիչ բացառութեամբ կրկին կը շարունակեն կատարել իրենց առտնին աշխատութիւնները։ Դժուարին ծննդաբերութիւնները, սակայն, հոս ալ հետզհետէ ծայր տալ սկսած են։ Այս տեսակ պաերագաներու մէջ բժիշկին օգնութեան կը դիմուի, մինչդեռ սովորական ծննդաբերութիւնները տեղի կունենան տեղացի մանկաբարձ կիներու միջոցաւ։

Տղաձգան այսինքն ծննդաբեր կանանց տկարութիւնը սովորական հարագաներու մէջ քանի մը օրէն աւելի չի տեւեր եւ ընդհանրապէս ծննդաբերութենէն մէկ շաբաթ վերջը անոնք անկողնէն կելլեն եւ իրենց սովորական վիճակը կը վերստանան։ Նորածինը մէկ կամ երկու շաբաթ վերջը կը մկրտուի։ Տղաձգան կինը ունի նաեւ քաշսունք պահելու սովորութիւն մը, այսինքն՝ ժամանակ մը որ կրնայ տեւել 15-էն մինչեւ 40 օր ըստ յաճոյս պարտական է բնաւ տունէն դուրս չելլել։ Իսկ քառսունքէն ելլելու օրը կիրակի առտու մը իր նորածինին հետ հագուած շքուած եկեղեցի կերթայ ուր պատարագէ վերջ տաներէց քահանան մասնաւոր ընթերցումներ կը կատարէ նորածինին եւ իր մօր վրայ ու այսպէսով քառսունքը կը լմննայ։

Եւդոկիացի մայրը իր զաւակը անձամբ ինք կը գիեցնէ բացի այն պարագաներէն ուր կաթ չունենար։ Քանի մը ամիս շարունակ ամէն օր տաք գրով կը լոգցնէ իր նորածինը։ Ընդհանրապէս խանդակաթ անձնուիրութեամբ մը ամէն հոգածութիւն եւ գուրգուրանք կը նուիրէ անոր, բայց միեւնոյն ատեն երբ տղան իր լացերովը կամ անհանդարտութիւններովը իրեն շատ սրտնեղութիւն պատճառէ՝ սոսկալի կերպով կը դաժաննայ եւ անէծք չի թողուր կը տեղացնէ անուր գլխուն, ու եթէ տղան քիչ մը մեծ է՝ անէծքներուն երբեմն կըմիացնէ նաեւ մէկ երկու կսմիթ կամ ձեռքի հարուած։ Կան նոյն իսկ իրենց պզտիկները չարաչար ծեծող մայրեր Եւդոկիացի մայրերի անէծքի սովորական բանաձեւերն են. “կրո՛ղ, - կրողը տեսնէ երեսդ, - գետինն անցնիս, - անկճիդ տակէն հանես, [2] - գետնին տկէն գայ  ձայնըդ, - հողերը դնեմ քեզի, - աչիցդ լուսը քէօրնայ, եւն. եւն, ”։ Գրեթէ անկարելի է Եւդոկիացի մայրերը ետ կեցնել իրենց զաւակները անիծելու այս յոռի ունակութենէն։ Այս պարագային մէջ իրենց առաջին եւ վերջին չքմեղանքը կը կայանայ “մօրը անէծքը չի բռներ” ժողովրդական առածը առաջ քշելուն մէջ ամէն անգամ որ այդ ունակութեան տգեղութիւնը եւ տղուն դաստիարակութեան վրայ ունենալիք գէշ ազդեցութիւնը իրենց հասկցնել ուզես։

Եւդոկիացի մայրը ինչպէս չափազանց է մանկան դէմ իր սրտնեղութիւնը յայտնելու կերպերուն՝ նմանապէս չափազանց է անոր նկատմամբ իր գորովի ու սիրոյ ցոյցերուն։ Ան իր զգացումներուն արտայայտութեանը մէջ չի կրնար պահել բանաւոր չափաւորութիւն մը, եւ հակասական ծայրայեղութիւններու մէջ կը տարուբերի շատ անգամ, այնպէս որ կը նայիս թէ այս վայրկենին սոսկալի կերպով կ՚անիծէ, կը նախատէ, կը ծեծէ իր տղան, յաջորդ վայրկենին զանի ողողելու համար փաղաքշանքի ու համբոյրներու տարափով մը, պատրաստ գոհացնելու նաեւ անոր ամէն քմահաճոյքները։ Այս ընթացքը տղաքը կընէ խեռ ու միանգամայն շփացած։ Այս իսկ է պատճառը որ Եւդոկիացի մայրերը իրենց պզտիկներուն վրայ բարոյական ազդեցութիւն չունին գրեթէ։

  Եւդոկիացի մայրը իր փոքրիկները սիրելու ատեն ունի իր մասնաւոր փաղաքշական բառերու հոյլը զոր օրինակ՝ “Ձագուկս, եավրուս, գուզիս, հոգիս, ճիկէրս, ճանս, անուշիկս” եւն. զոր յորդառատ կը յեղյեղէ։ Անոնց հետ խօսակցելու ատեն կը գործածէ մասնաւոր մանկական բարբառ մը, զոր օրինակ՝ “կական կըծ արէ” = պտուղը (տանձ կամ խնձոր եւն խած կամ կեր եւն) [3] ։ Գիտէ նաեւ օրօրերգներ եւ ուրիշ մանկական երգեր որոնցմով կ՚օրօրէ եւ կը քնացնէ իր պզտիկը կամ կը խաղցնէ զանի արթնութեան ատեն. սակայն բաղդատմամբ ուրիշ գաւառներու՝ Եւդոկիացի մայրերու գիտցած այս կարգի ժողովրդական երգերու թիւը շատ քիչ է եւ գիտցուածներն ալ հատակոտոր բաներ են այնպէս որ հակառակ փափաքիս՝ չկրցի այս տեսակ ամբողջական երգ մը քաղել զայն հոս նոյնութեամբ մէջ բերելու համար։

Պզտիկները քանի մեծնան՝ անոնց պատճառած նեղութիւնները կամ ցաւերն ալ այնքա՛ն կաւելնան. “մեծցաւ, մենծ ցաւ” կըսէ Եւդոկիացի մայ, բառախաղով մը ակնարւկելով այս պարագան։ Ասոր հետ մէկտեղ անոր սէրը իր զաւակներուն վրայ երբեք չի պաղիր. ան մինչեւ վերջը հոգի կուտայ անոնց վրայ, եւ ամէն նեղութիւն յօժարութեամբ յանձն կ՚առնէ անոնց համար, ո՛ր տարիքի կամ վիճակի մէջ ալ գտնուին։ Իր անձնուիրութիւնը, անոնց համար ըրած զոհողութիւնները, անոնց դժբախտութեան օրերուն մէջ իր կատարած դերը շատ անգամ դիւցազնական համեմատութիւններ կ՚առնեն։ Վերջպղս Եւդոկիացի մայրերն ալ ընդհանրապէս կը կրեն ա՛յն ազնիւ սիրտը զոր կը կրեն բոլոր երկիրներու ճշմարիտ մայրերը։ Պէտք է ճշտել սակայն թէ Եւդոկիացի կնոջ մայրական սէրը աւելի բնազդի վրայ հիմնուած է քան դատողութեան։ Ան այս տեսակ բնազդական կոյր սիրով մը իր զաւակներուն փարած՝ զանոնք չափահասութեան հասցընելէ վերջն ալ չի կրնար հանդուրժել որ անոնցմէ մին իսկ իր քովէն հեռանայ։ Ասոր համար է որ իր աղջիկները կը դժուարի օտար քաղաքներ հարս տալ նոյն իսկ մերժելով երբեմն ամուսնութեան նախանձելի առաջարկներ, եւ ասով իր աղջկան բախտը կապելով։ Միւս կողմէ իր մանչ զաւակներն ալ չուզեր օտար քաղաքներ ղրկել ուսում առնելու կամ գործի համար։ Բազմաթիւ մայրեր այսպէսով մայրական կոյր սիրոյ զոհ տուած են իրենց զաւակներուն յուսալից ապագան։

Եթէ խնդիր ըլլայ քննել թէ Եւդոկիացի մայրերը Եւդոկիացի մօր սէրը աղջիկ զաւակներո՞ւ վրայ աւելի կըլլայ թէ մանչերու, թերեւս սա չափը միայն կրնայ հատատուիլ թէ այդ սէրը շատ անգամ աւելի տեւական հանգամանք մը ունի աղջիկներու նկատմամբ քան թէ  մանչերու, քանզի մանչը չափահասութենէն վերջ տնէն դուրս գործի կեանքը ընդգրկելով եւ մօրը հանդէպ աւելի անկախ դիրք մը բռնելով, երբեմն ալ իր ամուսնութեամբը ընտանեկան կարգ մը անհամաձայնութեանց պատճառներ ստեղծելով տան մէջ, կարծես թէ հգտզհետէ կը կորսնցնէ սրտի մօտիկ հանգամանքը իր մօր քով, մինչ աղջկան համար այդ պատճառները գոյութիւն չունին եւ հարս ըլլալէ վերջ ալ ան կը շարունակէ մնալ իր մօր հլու հպատակ սիրելին։ Ստոյգ է որ ամէն տեղ ալ մայրերը իրենց աղջիկներու սրտակից մտերիմներն են միանգամայն, մինչդեռ մանչերուն՝ մայրերը միայն։ Այս հանգամանքէն օգտուելով է որ բարոյապէս ինկած մայրեր շատ անգամ իրենց աղջիկները կը քաշեն կը տանին իրենց ետեւէն այն ճախճախուտներուն մէջ ուր արդեն իրենք կը գտնուին եւ դժբախտաբար Եւդոկիոյ մէջ ալ կան այդ տիպարներէն մայրեր՝ որ իրենց աղջիկները անբարոյականութեան առաջնորդած են։

Այս բացառիկ անբարոյական մայրերէ զատ՝ կան նաեւ որդիատեաց մայրերու սակաւաթիւ տիպարներ ալ։ Պատահած չէ որ մայր մը իր զաւակը ատէ անոր տղայութեան ատեն, բայց երբ զաւակը չափահաս կ՚ըլլայ կրնան իրենց մէջ ծագիլ ինչ ինչ խնդիրներ որոնք տեղի տան որդիատեաց հակարութեան մը որ կրնայ հետզհետէ ատելութեան եւ թշնամութեան փոխուիլ, եթէ մայրը բնական յոռի նկարագիր մըն է որ կը կրէ։ Ընդհանրապէս այս տեսակ ատելութեանց տեղի տուող պատճառները նիւթական խնդիրներ են զորօրինակ ժառանգական վէճ մը որ հետզհետէ արծարծելով մայր եւ որդի իրարու դէմ կը գրգռէ եւ կուգայ ատեն մը որ մօր սրտին մէջէն մայրական գորովի ամէն զգացում արմատէն կը քանդուի եւ ա՛լ հոն անօրինակ ու կատաղի ատելութիւն մըն է որ կ՚եռայ ընդդէմ զաւկին։ Շատ տարօրինակ է որ ամէնէն անարգ ու յոռի վարք ու բարքի տէր, նոյն իսկ իրենց մայրերը չարաչար ծեծող զաւակներ գտնուած են եւ դադրած չեն իրենց մօր գորովը վայելելէ, մինչդեռ շահամոլութեան կիրքը կերեւի աւելի զօրաւոր քան մայրական սիրոյ բնազդը շատ անգամ կարող կըլլայ սպաննել մայրական սէրը եւ մայրը հանել զաւկին դէմ։

Պէտք չէ մոռնալ յիշել Եւդոկիացի խորթ մօր տիպարը որ մասնաւոր ուշագրաւ հանգամանք մը չունի եւ կը նմանի ամէն երկիրներու խորթմօր որ անպատճառ իր հարազատ եւ խորթ զաւակներուն մէջ խտիր կը դնէ, որ գէշ աչքով կը նայի խորթերուն վրայ ու պէտք եղած խնամքը չի տանիր անոնց, որ նոյն իսկ զանոնք կը ծեծէ ալ։ Ասոր հետ մէկտեղ տեսնուած են խորթ մօր ազնուագոյն տիպարներ ալ։

Եւդոկիացի մայրը նոօրինակ գորովագութ հանգամանք մը կ՚ստանայ երբ թոռներու տէր կըլլայ եւ կը դառնայ մեծ մայր կամ մամ։ Արդէն ամենէն ցանկալի փափաք մըն է իրեն համար զաւակները ամուսնացնելը. մայր մը որ մանչը չկարգած կամ աղջիկը հարս չըրած կը մեռնի՝ «աչքը բաց» կերթայ, իրենց բացատրութեամբը։ Զանոնք ամուսնացնելէ վերջ ալ թոռներ տեսնելու բուռն ցանկութիւնը կարթննայ իր մէջ, եգւ երբ այս ցանկութիւնն ալ գոհացում կը գտնէ՝ ա՛լ իր ուրախութիւնը չափ չունի։ Ան գորովի մարմնացում նէ իր թոռներուն համար զորս խանդակաթօրէն կը սիրէ եւ կը պաշտպանէ իր թեւերուն տակ մօրը կամ հօրը խստութիւններուն դէմ։ Ան մշտարթուն հսկողն է՝ իր թոռներուն օրօրոցին եւ անկողնին վերեւ, անոնց ցաւին ցաւակիցը եւ հիւանդութիւններուն սփոփիչը, զի գիտէ նաեւ իհարկին ի գործ դնել առտնին տարրական բժշկութիւն մը՝ մասնաւոր տնական դեղերով կամ այլ դարմանական միջոցներով։ Վերջապէս ան իր թոռնիկներուն նուէրներ բաշխող, անուշ հէքեաթներ պատմող, յաւէտ բարի, յաւէտ ներող մամն է որուն բերնէն երբէք խիստ խօսք մը չելլեր թոռնիկին դէմ ինչքան ալ չարութիւններ գործէ ան։ Կան բազմաթիւ մամեր որ իրենց թոռները անձամբ իրենք կը խնամեն գրեթէ կատարելով մայրութեան բոլոր պարտականութիւնները «Թոռը զաւկէն աւելի անուշ կըլլայ» կ՚ըսէն մեր մամիկները։ Ստուգիւ շատ սքանչելի է մամերու այս անձնուիրութիւնը։


[1]            Այս ըլլալու է պատճառը որ Եւդոկիոյ հայ բնակչութեան թիւը զգալի աճում մը ցոյց տուած չունի, զի ժողովուրդ մը աճելու համար անպատճառ ծնունդներու միջին թիւը 4-5 էն աւելի ըլլալու է։ (Տե՛ս Dr Daniel G. Brintonի «Ժողովրդոց հիւանդութիւնները» թարգմ. Վարսամ, Ա Մամուլ թիւ 39, էջ 919)։

[2]            Այս ամէծքը կ՚ակնարկէ անցեալ դարերու մէջ տեղի ունեցած  եւ «մենծ մահ» անունով ժողովրդեան մէջ յիշատակը պահուած ժանտախտի ահռելի համաճարակի մը մասնաւոր ախտանշանը ականջին տակը գոյացող մահացու այտուցք մը։

[3] «Եւդոկիոյ Հայոց Գաւառաբարբառը» անունով հրատարակած ուսումնասիրութեանս բառացուցակի մասին մէջ դրած եմ նաեւ Եւդոկիոյ բարբառին մանկական բառերն ալ։Ծանօթ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան Հայ մանկական բարբառի մասին առջի տարին հրատարակեց կարի շահեկան ուսումնասիրութիւն մը։