Եւդոկիացի հայ կինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը. ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

Ներքին գաւառներէն շատերուն մէջ կնոջ ընկերական կեանքը շատ անձուկ շրջանակի մը մէջ սեղմուած է։ Կինը այն տեղ իր շատ մօտիկ ազգականներէն զատ ուրիշ էրիկ մարդոց չի կրներ երեւիլ, անոնց հետ խօսակցիլ կամ ընկարական յարաբերութիւններ ունենալ։ Մենք չենք կարծեր թէ բարքերու այս անիմաստ աններողութիւնը տոհմային հանգամանաք մը ունենայ, զի սա աւելի յատուկ է քաղաքներու մինչ գեղարու մէջ կիները ազատօրէն կ’երեւին եւ կը հաղորդակցին օտար էրիկ մարդոց հետ։ Այս պարագան մենք կը բացատրենք անով որ քաղաքներու մէջ հայ տարրը շա՛տ աւելի անձուկ շփման մէջ գտնուելով բնակակից եւ տիրող օտար տարրին հետ, անկէ ազդուած եւ իւրացուցած է շատ մը բարքի օտարութիւններ, որոնց հետ նաեւ այս աններողութիւնը, մինչ գեղերու մէջ Հայ ժողովուրդը աւելի մեկուսացած կեանք մը ունենալով կրցած է պահել տոհմային բնիկ բարքերկ եւ զերծ մնալ օտար ազդեցութիւններէ։ Եւդոկիացի հայ կինը սակայն այս տեսակէտով կը տարբերի քաղքըցի ուրիշ կիներէն։ Սկիզբէն ի վեր ան վայելած է բանաւոր ազատութիւններ որոնք իրեն պատուաւոր եւ գրեթէ էրիկ մարդու հաւասար դիրք մը կուտան ընկերական շրջանակի մէջ։ Ան դատապարատուած չէ միայն կանացի անձուկ շրջանակի մէջ բանտուած ապրելու եւ էրիկ մարդու երես չտեսնելու. օրինակի հասար՝ Եւդոկիոյ շատ մօտակայ Սեբաստիոյ կամ Ամասիոյ շատ մը հայ տուներուն մէջ դեռ մինչեւ հիմայ էրիկ մարդ այցելու մը ընդհանրապէս տան էրիկ մարդերէն միայն պիտի ընդունուէր, եւ հոն տան տիկնոջ կամ տան աղջիկներուն բէշն անգամ պիտի չտեսնէր. եթէ ճաշի հրաւիրուած էր՝ միայն էրիկ մարդիկը պիտ ունենար իրեն սեղանակից [1] ։ Ընդհակառակը՝ Եւդոկիացիք ամօթ եւ անպատշաճութիւն կը համարեն եթէ տան տիկինկ չերեւի հիւրին եւ չգայ անձամբ զանի բարեւելու եւ նստելով անոր որպիսութիւնը հարցընելու եւ հետը խօսակցելու։ Ճաշի ատեն ալ տան տիկինն ու տան աղջիկները ամբողջութեամբ կը մասնակցին սեղանին։ այսպէս նաեւ երեկոյթներու, հարսնիքներու եւ ամէն տօնական կամ հանդիսական-խմբումներու անթիւ այր ու կին մէկտեղ կը նստին, կը խօսակցին, կզբօսնուն եւ պատշաճութեան սահմանին մէջ էրիկ մարդոց եւ կիներու միջեւ ընկերական ամէն յարաբերութիւններ տեղի կունենան։

Եւդոկիացիք սովորութիւն ունին ամառը քանի մը ամիս օդափոխութեան երթալ իրենց ամարանոցները դալարագեղ ու պտղալից այգեստաններ ուր ընկերական կեանքը շա՛տ աւելի սերտ, արձակ եւ ձեւազուրկ հանգամանք մը կ’առնէ։ Այգիներու մէջ կիները քաղաքէն աւելի ազատութիւններ կը վայելեն հոն, նոյն իսկ վար կը ձգեն չարշաֆը կամ շալը որով անհրաժեշտօրէն ծածկուելու են քաղաքին մէջ տունէն դուրս ելլելու ատեն, եւ բաց գլխով արձակ համարձակ այգիէ այգի կերթեւեկեն։ Այս այգիները մեծ մասամբ փողոցի կողմէն միայն պատ ունին, իսկ ներքին կողմէն իրարմէ անջատուած են պարզ սահմանագիծերով պարագայ մը որ շատ կը նպաստէ ընկերական յարաբերութիւններու յաճախութեան եւ այգեխումբերուն կուտայ երեւոյթը ընդարձակ եւ հասարակաց դարաստանի մը ուր բնակողները կարծես թէ միակ ընտանիքի մը անդամներն ըլլային, ա՛յնքան ընտանի եւ համարձակ են հոն իրարու հետ այր եւ կին, մանչ եւ աղջիկ։

Եւդոկիացի կիներն ընկերական կեանքի մէջ կը հետեւին կարգ մը պայմաններու որոնք կը կազմեն տեղական կենցաղագիտութեան կանոնները, եւ պէտք է ըսել թէ այրերէն շատ աւելի նախանձախնդիր են յարգելու այդ կանոնները։ Նախ՝ ընկերութեան մէջ վայելուչ կերպով հագուած երեւալու, հիւրերն ու այցելուները վայելչօրէն պատուասիրելու, վերջապէս արտաքին երեւոյթներու շատ հոգ կը տանին, զայս շատ լաւ կը բացատրէ իրենց գործածած «սեւը ներս, ճերմակը դուրս ընել» ասացուածը։ Ասոր համար է որ նոյնիսկ աղքատիկ կիներ, չնայելով իրենց ներքին կեանքի խեղճութիւններուն, սիրով կը հանդուրժեն նորանոր զրկումներու, նոյն իսկ իրենց հացէն կը կտրեն, երեւոյթներու պահպանման համար։ Կան կարգ մը պայմանադրական այցելութիւններ զոր անպատճառ կատարելու են, եւ որոնք պարագային համեմատ զանազան անուններով կը յորջորջուին. ասոնք են աչքի-լոյսի այցելութիւնները՝ նշանախօսութեան, հարսնիքի եւ ծնունդի առիթներով, բարով-նստիքի այցելութիւնները՝ մէկուն տունէ տուն փոխադրուելուն առթիւ, երթայ-բարով, գայ-բարովի եւ բարի-եկերի այցելութիւնները ճամբորդ երթալու եւ գալու առիթներով, դուք շատ ապրիքի այցելութիւնները՝ մահ մը պատահած ատեն եւայն։ Այս այցելութեանց մէջ թերացումը բոլորովին աններելի կը համարուի եւ նոյն իսկ պահողութիւն առաջ կը բերէ ազգական եւ բարեկամ ընտանիքներու միջեւ։ Մահուան եւ ծնունդի այցելութիւններուն աղջիկները չեն ընկերանար իրենց ծնողաց, իսկ միւս ամէն առիթներուն մէջ մայրը իր աղջիկներն ալ միասին կը տանի այցելութեան։

Պայմանադրական այցելութիւններէ դուրս ալ ազգական ընտանիքներու միջեւ կը փոխանակուին յաճախադէպ այցելութիւններ։ Մանաւանդ ձմեռուան երկար գիշերներու միջոցին սովորութիւն է ընտանիքի ամբողջ անդամներով գիշերային այցելութիւններ ալ իրարու ժամանցի համար։ Այս հաւաքումներու միջոցին երբեմն կզբօսնուն թղթախաղով որուն այր եւ կին կը մասնակցին. եթէ ներկայ երիտասարդներուն մէջ նուագել գիտցող կայ՝ երաժշտական ժամանց մըն ալ կը վայելեն շատ անգամ։

Այցելութիւններու ատեն ընդունելութիւնները կը կատարուին հետեւեալ կերպով։ Նախ տան աղջիկները եւ հարսերը դէմ վազելով հիւրերուն՝ զանոնք ներս կ’առաջնորդեն եւ կիներուն գլխու չարշաֆները կամ շալերկ առնելով խնամով կը ծալլեն ու կը պահեն։ Տանտիկինը եւ ամուսինը սիրալիր խօսքերով հիւրասենեակ կ’առաջնորդեն հիւրերը ուր անոնց մէջէն էրիկ մարդիկ եւ տարիքոտ կիները զիրար բարեւելէ վերջ կը նստին։ Յետոյ այցելու աղջիկները կամ հարսերը տանտիկնոջ եւ ամուսնին ձեռքը կը պագնեն եւ անոնք ալ կը նստին իրենց պատշաճ տեղերը։ Անմիջապէս կուգան տան աղջիկները եւ հարսերը որոնք հիւրերուն մէջէն տարիքոտ կիներուն եւ էրիկ մարդոց ձեռքերկ կը պագնեն. իսկ տարեկից օրիորդներուն եւ հարսերուն ձեռքը կը սեղմեն. եթէ երիտասարդներ գտնուին՝ զանոնք ալ լոկ կը բարեւեն կամ ձեռքը կը սեղմեն։ Ձեռք պագնելը կը կատարուի համբուրուելիք ձեռքը բերնին եւ յետոյ ճակտին դնելով. եթէ ձեռքը պագնողը ամուսնացած է՝ միեւնոյն կերպով երկու անգամ կը պագնէ։ Բարեւելու համար բարեւողը իր ձեռքը բերնին եւ յետոյ ճակտին կը դնէ։ Ձեռք սեղմելը նորամուտ սովորութիւն է եւ հետզհետէ ընդհանրանալու վրայ։ Կիներու միջեւ այցելութիւններու առթիւ զիրար համբուրելն ալ հազուադէպօրէն սովորական դառնալ սկսած է։

Այս կարգի այցելութեանց մէջ միշտ նախապատուութիւնը կը վայելեն էրիկ մարդիկ եւ անոնք կը նստին պատւոյ տեղերը։Հիւրերու իւրաքանչիւրն իր պատշաճ տեղը հրամցնելու նստեցնելու գործը երկարատեւ արարողութիւն մըն է Եւդոկիոյ մէջ, զի տեղական քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ որ հիւրը քիչ մը նալ ընէ իրեն հրամցուած տեղը նստելու եւ ի նշան խոնարհութեան ուզէ աւելի վար տեղ նստիլ, մինչ տանտիկինն ալ ստիպէ զանի վեր նստեցնելու, որով առաջ կուգայ փոխադարձ քաղաքավարական երկարաբանութիւններով պզտիկ վէճ մը որ պարզապէս ծաղրելի է։

Հիւրերը կը պատուասիրուին ընդհանրապէս սուրճով, օշարակով եւ օղիի հետ հրամցուած անուշեղէններով։ Մէկնելու ատեն բարեւելու եւ ձեռք պագնելու արարողութիւնները կը կրկնուին եւ տան աղջիկներկ շատ անգամ տանտիկինն ալ մինչեւ տան դուռը կընկերանան այցելուներուն։

Մեծ բարեկենդանի շաբթուն սովորութիւն է որ ազգական ընտանիքներ իրար գան բարեկենդանը միասին անցընելու համար։ Այս առթիւ կիները եւ աղջիկները կը վայելեն աստիճան մը աւելի ազատութիւններ եւ մեծ մասամբ իրենք ալ կը մասնակցին սարքուած բարեկենդանական խաղերուն եւ զուարճութիւններուն։ Դիտելի է սակայն թէ ուրիշ գաւառներէ աւելի տիրող թոյլատու բարքերուն հակառակ՝ Եւդոկիոյ մէջ կիներու երգելը, պարելը եւ նուագելը ամէթ համարուած է, մինչդեռ կարգ մը գաւառներու մէջ ուր կիները ուրիշ տեսակէտով աւելի սեղմեալ բարքերու ենթակայ են, անոնց այրերու առջեւ եւ կամ անոնց հետ պարելը անսովոր բան մը չէ։ Եւդոկիացի կիներու կամ աղջիկներու մէջ նուագել գիտցող գրեթէ չկայ, իսկ երգել ու պարել գիտցող սակաւաթիւներն ալ միայն կանացի համախմբումներու մէջ կրնան երգել կամ պարել, դարձեալ ոչ առանց մեղադրուելու։ Երգերը տեղական եղանակներ, շարգիներ կամ մանիներ կըլլան ընդհանրապէս թրքերէն լեզւով, շատ քիչ ալ հայերէն երգեր։ Պարելը տեղի կ’ունենայ առանձին արեւելեան ձեւով, մարմնի, գլխու մասնաւորապէս բազուկներու տարուբեր ծեքծեքումներով։ Բազմաթիւ անձերու ընկերակցութեամբ կատարւող շրջապարը անծանօթ է Եւդոկիոյ մէջ։

Տօնական օրերը Եւդոկիացի կիներու համար ընկերական զուարճութիւններու մէյմէկ առիթներ են։ Այդպիսի օրերու մէջ դուռ-դրացին, ազգական, բարեկամ կիներ իրար գալով եւ հետերնին առնելով մէյմէկ մաս ուտելիք եւ մէյմէկ քչիկ ալ օղի, կերթան քաղաքէն դուրս վայրեր ուր քանի մը ժամ բացօթեայ կուտեն, կը խմեն եւ կզբօսնուն։ Այսպիսի զբօսավայրեր են իրենց համար քաղաքին եզերքներու Ս. Լուսաւորիչ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու շրջակայ բարձունքները, Ս. Քառասնից-Մանկանց եկեղեցւոյ պարտէզը եւ գերեզմաննոցը եւայլն։ Վիճակին (= Համբարձման տօնին) ալ պարտէզներու եւ այգիներու մէջ իրար կուգան եւ վիճակ հանելով կզբօսնուն, բայց այս վիճակ հանելու սովորութիւնն ալ ուրիշ բազմաթիւ տոհմային սովորութիւններու հետ հետզհետէ մոռցուելու վրայ է։ Վիճակ հանելը սապէս տեղի կունենար. տեսակ տեսակ բոյսեր եւ ծաղիկներ ժողովելով կը լեցնեն ջրալից ամանի մը մէջ. յետոյ ներկայ եղող կիներէն եւ աղջիկներէն իւրաքանչիւրը իր վրայէն մէյմէկ առարկայ կուտայ զոր օրինակ՝ մատնի մը, բանալի մը, մատնոց մը, զմելին մը եւայլն, զոր նոյնպէս կը լեցնեն նոյն ամանին մէջ, յետոյ պզտիկ աղջիկ մը ամանին առջեւ նստեցնելով՝ գլուխը մեծկակ պաստառով մը կը ծածկեն. այն ատեն ներկայ կիներէն մին քառեաւ մը կամ մանի մը կարտասանէ, աղջիկն ալ միւս կողմէ ձեռքը ամանին մէջ խօթելով առարկայ մը կը հանէ. ելած առարկան որուն որ վերաբերի՝ արտասանուած քառեակը կը ներկայացնէ անոր բախտը։ Այսպէս նորանոր քառեակներ արտասանելով եւ ամէն անգամուն նոր առարկաներ հանելով կը շարունակեն մինչեւ որ ամանին առարկաները հատնին բոլորովին։

Եւդոկիացի կիներու ընկերական կեանքին մէկ շատ գնահատելի կողմն է տնական գործերու մէջ տեղի ունեցող փոխադարձ օգնութիւնն ու գործակցութիւնը։ Շատ անգամ անոնք իրարու աշխատութիւններուն կ’օգնեն եւ ինչ ինչ գործեր զոր առանձին կատարելը երկար օրերու պիտի կարօտէր, ազգականներ, դրացիներ ժողվուելով հաւաքաբար կը կատարեն։ Նոյնպէս տնական գործիներ եւ կահկարասիներ իրարու փոխ տալ չեն զլանար։



[1]            Տեղ տեղ նոյն իսկ հիւրի մը ներկայութիւնը չեղած ատեն ալ էրիկ մարդիկ եւ կիները իրարմէ զատ զատ կը ճաշեն։