ԱՌՏՆԻՆ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ
ԿԵԱՆՔ
Եւդոկիացի
հայ
կինը
առտնին
շրջանակի
մէջ
կը
ներկայանայ
իբրեւ
ճշմարիտ
տանտիկին
որուն
ներքին
ընտանեկան
կեանքը,
կրնանք
ըսել,
գրեթէ
ամբողջովին
նուիրուած
է
տան
եւ
ընտանիքին
հոգերուն։
Անիկա
առտուն
կանուխ
կ՚ելլէ,
երեսը
կը
լուայ
ու
կը
սկսի
իր
տնական
աշխատութիւններուն։
Նոյն
իսկ
կարողութեան
տէր
ընտանիքներու
մէջ
քիչ
անգամ
սպասուհի
կը
պահուի,
եւ
որչափ
ատեն
որ
տանտիկինը
վատառողջութիւն
կամ
հիւանդութիւն
մը
չունի,
կամ
մէկէ
աւելի
պզտիկներու
հոգերով
ծանրաբեռնուած
չէ,
ինք
իր
եւ
իրեններու
ձեռքով
կը
կատարէ
տան
ներքին
աշխատութիւնները
իբր
հաճելի
պարտականութիւն
մը
որմէ
խուսափիլը
ամօթ
եւ
ստորնութիւն
կը
համարուի։
«Ձեռքս
բան,
ոտքս
գերեզման»
տեղական
ասացուածը
Եւդոկիացի
հայ
կիներու
սիրելի
նշանաբանն
է
զոր
շատ
կը
յեղյեղեն
եւ
որ
կարտայայտէ
մինչեւ
մահուան
օրը
գործելու
կարող
վիճակի
մէջ
ըլլալու
իրենց
բուռն
փափաքը։
Եւդոկիացի
կնոջ
առտնին
աշխատութիւնները
շատ
բազմատեսակ
են.
բացի
առօրեայ
անհրաժեշտ
գործերէն
ինչպէս՝
տան
գործածական
մասերը
ամէն
օր
աւլել
շտկել,
կերակուր
եփել
եւայլն,
ան
շաբաթը
կամ
երկու
շաբաթը
անգամ
մը
պէտք
է
որ
սրբըտուք
ընէ,
հաց
եփէ
եւ
լաթ
լուայ
որուն
կը
յաջորդէ
անհրաժեշտօրէն
բաղնիք
երթալը
(զի
Եւդոկիացի
կիները
մարմնի
մաքրութեան
շատ
նախանձախնդիր
են
եւ
անպատճառ
լուացք
ընելէ
յետոյ
եւ
գոնէ
15-20
օրն
անգամ
մը
բաղնիք
կերթան)։
Սրբըտուք
ընելու
համար
տան
սենեակներուն
տախտակամածները
թրջուած
լաթով
երկու
երեք
բերան
կը
սրբեն.
լուացքը
կը
կատարեն
մասնաւոր
պղնձէ
մեծ
կոնքերու
մէջ
մոխրաջուրով
եւ
աճառով
ու
ճերմակեղէնները
ձեռքի
վրայ
աճըռելով
(մինչդեռ
գաւառներու
մէջ
շատ
տեղեր
ոտքով
կը
լուան)։
Հացը
կը
պատրաստեն
սովորական
նկանակներու
ձեւով
եւ
կ’եփեն
սովորական
փուռերու
մէջ
որմէ
ամէն
տան
մէջ
անհրաժեշտօրէն
կը
գտնուի։
Թոնիրը,
հայ
գաւառական
եւ
գիւղական
տուներու
մէկ
անհրաժեշտ
մասը
կազմող
այդ
տեսակ
մը
գետնափոր
փուռը
որ
թէ՛
հաց
թէ՛
կերակուր
եփելու
կը
ծառայէ
եւ
որ
ձմեռը
իր
շուրջը
կը
համախմբէ
ընտանիքին
անդամները,
բոլորովին
անծանօթ
է
Եւդոկիոյ
մէջ։
Տան
փուռերու
մէջ
կեփեն
նաեւ
ի
հարկին
իւղով
բիտէներ,
կելիկներ
եւ
ուրիշ
տեսակ
բլիթներ։
Ընդհանրապէս
Եւդոկիացի
կինը
խոհարարութեան
մէջ
վարպետ
է,
եւ
գիտէ
պատրաստել
խմորեղէն,
մսեղէն
եւ
այլ
կերակուրներու
բազմաթիւ
տեսակներ
որոնք
կրնան
գոհացնել
դժուարահաճ
ճաշակները։
Բացի
այս
յիշուած
առօրեայ
եւ
պարբերական
աշխատութիւններէն,
Եւդոկիացի
հայ
կինը
ունի
տարին
անգամ
մը
կատարելիք
գլխաւոր
աշխատութիւններ
ալ
որոնք
բաւական
կզբաղեցնեն
զինքը։
Այսպէս՝
տարին
անգամ
մը
երկուք
տան
պէտք
եղածին
չափ
իւղ
կը
հալեցնէ.
գործածականն
է
դմակը
եւ
արդար
իւղը
(կարագ)։
Աշնան
տան
տարեկան
արմտիքը
(ապրցու,
ձաւար,
կորկոտ,
սիսեռ,
ոսպ,
բակլա,
լուբիա)
կ’ամբարէ
որոնց
աղալ
կամ
քաշել
տալու,
մաղելու,
հռուքի
(օտար
նիւթերը,
աղբերը,
քարերը
զատելու)
գործողութիւնները
զինք
քիչ
չէ
որ
կը
յոգնեցնեն։
Յետոյ
կուգայ
խաղողկիթը
եւ
եփօնը
որ
շատ
բազմաշխատ
է։
Եփօն
կը
կոչեն
խողողի
մուզէ
(շիրէ)
րուփ,
բէրվէր,
թարխանա,
քէօմէ
(ճէվիզ
սուճուղի)
եւ
տեսակ
տեսակ
պտուղներով
քաղցրաւենիներ
(րէչէլ)
պատրաստելու
գործողութիւնը։
ասոնցմէ
ռուփը,
բէրվէրը
(որ
սեւ
գոյն
եւ
թթուաշ
համ
մը
կ’ունենայ)
ինչպէս
նաեւ
քաղցրաւենիները
իբրեւ
սննդեղէն
կը
գործածուին,
իսկ
թարխանան
եւ
քէօմէն
լոկ
իբր
աղանդեր։
Այս
միջոցին
է
որ
կը
պատրաստեն
նաեւ
գինին
զոր
մասնաւոր
կարասներու
մէջ
կը
լեցնեն.
մաս
մը
խաղող
ալ
պտղելով
դարձեալ
կը
լեցնեն
կարասներու
մէջ
որմէ
յետոյ
օղի
կը
հանեն։
Եւդոկիացի
կիները
շատ
լաւ
գիտեն
օղի
պատրաստել։
Բացի
հասարակ
օղիէն՝
(տիւզ)
կը
պատրաստեն
նաեւ
վարդով,
աննուխով,
գինիով,
լիմօն-օթիով,
եւ
ուրիշ
համեմներով
հոտաւէտ
եւ
համեղ
օղիներ
որոնց
ամէն
տեսակներն
ալ
շատ
յարգի
են
թէ՛
Եւդոկիա
թէ՛
շրջակայից
մէջ
եւ
կը
ղրկուին
հեռաւոր
քաղաքներ։
Պէտք
չէ
մոռնալ
նաեւ
թուրշիները՝
կանանչ
պղպեղով,
կաղամբով,
սեխով
եւայլն
զոր
կը
պատրաստեն
քացախի
մէջ
դնելով։
Ասոնցմէ
վերջ
կուգայ
մսացուն։
Եւդոկիացի
ամէն
տուն
աշնան
վերջերը,
ձմեռ-բերան,
կով
մը
կը
մորթէ
զոր
կը
կոչեն
մսացու։
Տանտիկինը
այդ
կովուն
միսէն
կը
պատրաստէ
գըյման,
գավուրման,
ապուխտը
եւ
երշիկը
որոնք
անհաժեշտ
մասը
կը
կազմեն
տան
տարեկան
պարենաւորումին։
Մսացուով
կը
վերջանայ
տան
պարենաւորումը
եւ
ընտանիքը
կրնայ
հանգիստ
սրտով
ու
լեցուն
ամբարով
ձմեռուան
գալուստը
ողջունել։
Երբոր
տարեկան
այս
գլխաւոր
աշխատութիւնները
վերջանան՝
կարգը
կուգայ
տուն
դուրս
տալու։
Տան
բոլոր
կահ
կարասիները
պէտք
է
որ
ժողվուին,
մէկդի
առնուին՝
թոթվուելով,
մաքրուելով
վերստին
իրենց
տեղերը
դրուելու
համար,
տան
բոլոր
ծակուծուկերը
պէտք
է
որ
սրբուին,
բոլոր
տախտակամածերը
պէտք
է
որ
աւազով
կամ
մասնաւոր
խոզանակով
շփուին
քիշտուին
եւ
վերջապէս
փոշիին
կամ
աղտին
ո՛չ
մէկ
հետքը
պէտք
չէ
որ
մնայ
տան
ո՛չ
մէկ
անկիւնը։
Այս
աշխատութիւնն
ալ
կատարելէ
վերջ
ա՛լ
Եւդոկիացի
կիները
լայն
շունչ
մը
կ’առնեն։
Բայց
առտնին
աշխատութիւնները
միայն
ասոնցմով
չեն
վերջացած։
Շատ
տուներու
մէջ
կով
կը
պահեն
եւ
տան
տիկինն
է
որ
կը
կատարէ
կով
կթելու,
կաթը
հարելու,
կարագ,
սեր,
չէօքէլիկ,
մածուն
պատրաստելու
պարտականութիւնները։
Այս
բոլորէն
դուրս
ալ՝
Եւդոկիացի
կինը
իր
տրամադրելի
ժամանակը
կը
յատկացնէ
կար-կարկտուքի,
գուլպայ
հիւսելու
եւայլն։
Աղքատիկ
ընտանիքներուն
մէջ
տան
տիկինը
եւ
տան
աղջիկներկ
տէզկէհ
(=
տէսթկեահ)
կը
գործեն
որով
ո՛չ
միայն
ընտանիքին
ճերմակեղէններուն
համար
պէտք
եղած
կտաւեղէնը
կը
պատրաստեն,
այլ
նաեւ
կտաւագործ
եւ
գօտագործ
արհեստաւորներու
հաշուին
ալ
գործելով
քիչ
շատ
դրամ
կը
շահին։
Եւդոկիոյ
մէջ
տեղական
այդ
երկու
կարեւոր
տարազագործութեանց
հոգին
կիներն
են,
զի
կարմիր,
զի
կարմիր
կտաւն
ու
թագլիտի
երփներանգ
գօտին
որոնք
առեւտուրի
շատ
կարեւոր
ճիւղ
մը
կը
կազմեն
եւ
դուրսերը
ղրկուելով
մեծաքանակ
կսպառին,
ամբողջովին
կը
գործուին
տուներուն
մէջ
կիներու
միոջոցաւ,
ի
փոխարէն
չնչին
վարձքերու
որոնք
սակայն
բան
մըն
են
աղքատիկ
ընտանիքներու
համար,
զի
շատ
կիներ
ատոնց
շնորհիւ
գոնէ
իրենց
եւ
իրենց
պզտիկներուն
հագուստի-կապուստի
ծախքերը
կը
հոգան
եւ
այսպէսով
մասամբ
մը
օգնած
կըլլան
իրենց
ամուսնին։
Ստուգիւ
աղքատիկ
թաղերու
մէջ
շրջագայելու
ատեն
շատ
հաճելի
է
լսել
կկոցներու
խօլ
երթեւեկին
ու
թըֆաներու
հապճեպ
բաղխիւնին
հնչուն
երաժշտութիւնը
որ
տունէ
տուն
արձագանգ
կուտայ,
խորհրդանիշելով
ներկայութիւնը
ժրագլուխ
կնոջ
որ
«պսակն
է
առն
իւրում»։
Նոյն
իսկ
կիներ
կան՝
որ
այս
կարգի
աշխատութիւններով
ընտանիքին
ապրուստը
կը
ճարեն
ամուսնին
հիւանդութեան
եւ
անգործութեան
օրերու
միջոցին։
Հոս
տեղն
է
ըսել
թէ
Եւդոկիացի
կինը
տունէ
դուրս
ալ
գործելու
եւ
աշխատելու
քիչ
շատ
ասպարէզներ
ունի։
Այս
կարգէն
կրնանք
յիշել
մանկաբարձութիւնը
որ
կիներու
յատուկ
է։
Կայ
նաեւ
տուներու
մէջ
սպասուհիութիւն
եւ
խոհարարութիւնը,
բայց
Եւդոկիացի
աղքատիկ
կիները
կամ
աղջիկները
չեն
ուզեր
հարուստի
տուներու
մէջ
իբրեւ
խոհարար
կամ
սպասուհի
մտնելով
իրենց
անկախութիւնը
զոհել,
եւ
աւելի
նախապատիւ
կը
համարին
տան
մէջ
աշխատիլ
տէզկէհ
գործելով
եւայլն,
միայն
աւուրչէքով
լուացքի
կերթան
երբեմն։
Ծխախոտի
գործն
ալ
տունէ
դուրս
բաւական
գործ
կը
հայթայթէ
կարօտ
կիներուն,
զի
ծխախոտը
գլխաւոր
արդիւնաբերութիւն
մը
ըլլալով
Եւդոկիոյ
մէջ
կանանչ
տերեւները
շարելու,
յետոյ
փունջ
(տէմէթ)
եւայլն
շինելու
աշխատութիւններն
ալ
ամբողջ
կիներու
ձեռքով
կը
կատարուին։
Այս
բոլոր
աշխատութիւններէն
դուրս՝
Եւդոկիացի
կինը
դեռ
պէտք
է
որ
զբաղի
իր
պզտիկներուն
հոգերովը,
եթէ
ունի,
եւ
ուրիշ
բազմատեսակ
մանր
մունր
զբաղումներով
զոր
աւելորդ
կը
համարինք
մէկիկ
մէկիկ
թուել։
Յետոյ
կան
տակաւին
այցելութիւններ
ընդունելու
եւ
տալու
պարտականութիւնները։
Այս
պայմաններուն
մէջ
բնական
է
թէ
Եւդոկիացի
կինը
շատ
պարապոյ
ժամանակ
չի
կրնար
ունենալ
եւ
հետեւաբար
պէտք
ունեցած
չէ
տան
մէջ
ժամանցի
յատուկ
քմահաճ
զբաղումներ
ստեղծելու։
Աղջիկները
միայն
իրենց
տրամադրելի
ժամանակներուն
մէջ
օյա,
տանթելա
հիւսելու
կամ
ուրիշ
ձեռագործ
բանուածքներու
կզբաղին
քիչ
շատ։
Եւդոկիացի
կնոջ
հիմնական
ժամանցն
են,
իր
պարապոյ
ժամերուն
մէջ,
քիչ
մը
ծխել.
եթէ
ծխող
է,
պատուհանը
կամ
դուռ
նստիլ՝
անցուդարձը
սէյիր
ընել
եւ
ամէնէն
աւելի՝
խօսուըռտուքը
ընտանիքին
անդամներուն
կամ
դուռ-դրացինի
հետ։
Ընկերական
յարաբերութիւններն
ալ
կը
ծառայեն
իբերւ
ժամանց
եւ
զբօսանք
որոնց
վրայ
պիտի
խօսինք
յաջորդ
հատուածով։