Դրախտի երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դեռ չի մարած յետին վանկերն ասուլիսին սիրահիւս,

Իրիկնամուտի կոչնակները ղօղանջեցին տխրագին,

Ու գառնուկներն ալ գլխիկոր փարախ դարձան,

Գիշերին ժանտ ու վաղուհաս ուրուրներէն հալածական.

Մայիւնները՝ համակերպող՝ դեռ կը լսուին կերկերաձայն,

Զանգակիկներն ալ կը թրթռան մելանոյշ։

Արե՛ւ, արե՛գ, դեռ վայրիկ մ՚ալ, ի՞նչ կ՚ըլլար,

Թող լուսասփիւռ, կենսանորոգ ու պայծառ,

Ճաճանչէին ու խայտային ցոլքերն անճառ։

Եւ սարերը սուգի նարօտն ահա կապած ճակատնուն,

Թախիծով մը անպատում,

Դեւ իրիկուան հսկայաքայլ տիրապետումն ողբացին։

Դեռ չի ծըծած կաթն ամպերուն ձիւնաթոյր,

Դեռ չի տաքցած վերջալոյսի արեւներէն բոցավառ

Սեւազգեաց իրիկուններն՝ քրքիջներով դիւային

Ահա եկան հատու մանգաղ ի ձեռին.

Շողե՛ր, լոյսե՛ր, դարձէք փութով ոլորտներէն հեռաւոր

Գորովանքի, սփոփանքի հիւթն անսպառ ջամբելու։

1904, Պօլիս