Դրախտի երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տաճարներուն ամայութեան մէջ սրբասուն

Ուր կանթեղներն, աշտանակներն ալ առանձին

Երկար օրեր հառաչագին հեծեցին

Ահա՛ լեցաւ ժողովուրդը հաւատաւոր,

Խունկ ու մոմով, աղօթքներով բեռնաւոր,

Յիսուս Մանկան խորանն անբիծ անըստուեր,

Որ երբեմն էր ամայի ու կիսաւեր,

Ընծաներուն՝ մաղթանքերուն տակ հիմա,

Կորաքամակ կ՚ըսես կ՚ընկճի աներկբայ.

Մենութեանց մէջ բուրվառն թէպէտ ընդ երկար

Տրտնջելով երթեւեկեց հէգ ու անկար

Ահա այսօր կը ճըլուըլայ բարձրաբարբառ,

Ինչպէս խունկի ոլորտներն, երբեմն աւա՜ղ, շիջելափառ,

Արդ ծաւալին, կը տատանին հեշտօրօր։

 

Ամայութեան երկինքներուն մէջ ահեղ,

Շատ ժամանակ, լուսնակն՝ դշխոյ փառայեղ

Գըգուանքներով սիրազեղ

Կը լեցընէ բիւր ծերպերը խաւարին,

Եւ սեւամած ամպերուն տակ իսկ վառին

Խարոյկները լուսապայծառ արեւին։

Բայց սիրազուրկ այս սիրտերուն, Տէ՜ր Աստուած,

Ո՞վ պիտի գայ լեցնել պարապն ահեղաբաց.

Ամայութիւնն ամենուրեք ուր թեւածէ իբրեւ ջղջիկ բօթաբեր,

Մեռելութեան, քայքայումի է անզօր,

Այլ երբ սրտի ալքերուն մէջ անվեհեր

Կը ծաւալի, մի՛շտ թունաւոր ու հըզօր,

Հո՛ն աշխոյժի, կեանքի երակն չի բաբախեր,

Մահուան դալուկն ալ խըտանայ օրէ օր…։

 

Սիրտս ամայի եղաւ այլեւս, ինչո՛ւն ահ ես չեմ գիտեր,

Սարսուռները դեռ անծանօթ վայելքներուն

Հոգիս քանդեն օրերն ի բուն.

Յուշատետրիս մերկ էջերը թարթափուն,

Ցոլացումներն են տըմոյն,

Անճառելի ու ահաւոր պարապներուն։

 

1904, Պօլիս։