ՀԱՅՈՒ
ՀԱԼԱԾԱՆՔ
Սահմանադրութենէն
առաջ
քսանեւհինգ
տարիներէ
ի
վեր
Հայերու
մասին
բնական
դարձած
հալածանքը,
Կիլիկիոյ
մէջ
եւս
կատարեալ
խստութեամբ
ի
գործ
կը
դրուէր:
Քաղաքական
խնդիրներով
զրպարտութիւններh
ու
իխպարներն
սովորութեան
կարգ
անցած
էին:
Կիլիկիոյ
գաւառներուն
մէջ
բանտարկուած
Հայերուն
9
/
10
մասը
քաղաքական
յանցանքով
կ’ամբաստանունէին:
Ամէն
տարի
մի
քանի
անգամներ
Հաճնէն,
Զէյթունէն,
Մարաշէն,
Տէօրթ-եօլէն,
Սիսէն
եւ
Ատանայէն
հարիւրաւոր
Հայեր
կը
բանտարկուէին
միայն
Հայութեան
յանցանքով:
Կաշառակեր
կուսակալներու,
կառավարիչներու,
տեղակալներու
եւ
դատաւորներու
դրամագլուխն
էր
միայն
եւ
միմիայն
քաղաքական
զրպարտութիւնները,
որուն
շնորհիւ
կը
կողոպտէին
դժբաղդ
Հայերը:
Իսկ
դրամ
չունեցողներն՝
անխղճաբար
դատապարտուելով
կը
հիւծէին
տարիներով
բանտերու
խորերը
եւ
վերջն
ալ
օրուան
պատրիարքին
միջնորդութեամբը
ներում
կը
շնորհուէր
ասոնցմէ
ոմանց,
Բռնապետութեան
Կեդրոնէն՝
Եըլտըզէն…:
Ատանայի
ժողովուրդն
ալ
հակառակ
թրքախօսութեանն
ու
այն
ատենուան
անտարբերութեանը.
շատ
անգամներ
կ’ենթարկուէին
միւս
գաւառներու
հայութեանց
բախտին:
Եւ
սակայն
կը
խոստովանինք
թէ
վերջին
կուսակալ
Պահրի
փաշայի
տասն
երկու
տարուան
պաշտօնավարութեանը
միջոցին
Ատանայի
նահանգին
մէջ
քաղաքական
բանտարկութիւններն
եթէ
չի
դադրեցան
գոնէ
թեթեւցան,
միայն
թէ
Պահրի
փաշա
չափէն
աւելի
կաշառակերութեամբն
ընդհանուրին
դժգոհութեանը
առարկայ
եղած
էր:
Պահրի
փաշա
կաշառք
կ’առնէր
միայն
ունեւորներէն,
կը
փեթթէր
փետրաւորները,
կարեւոր
շահերէ,
եկամուտներէ
եւ
հարուստներէ
կ’սպասէր
իր
բաժինը
մասամբ
ղրկելու
համար
անշուշտ,
իր
վերին
Հրամանատարին
եւ
ընկ[երներին]:
Պահրի
փաշա
քաջ
գիտէր
եւ
համոզուած
էր
թէ,
Հայերն՝
քաղաքական
ամէն
նպատակէ
զերծ
են
եւ
կ’ապրին
կատարեալ
հաւատարմութեամբ
եւ
որով
վերէն
եկած
հրամաններուն
շատ
անգամներ
առանց
քննութեան
կը
պատասխանէր
եւ
կը
վստահեցնէր
եւ
որով
Ատանայի
շրջակաները
պահ
մը
ազատած
էին
կարգ
մը
անգութ
հալածանքներէ:
Միայն
թէ
Պահրի
փաշա
Պոլսոյ
պատասխանը
տալէ
ետքը
ամբաստանեալը
կը
նեղէր
եւ
կ’աշխատէր
որ
ազատութեանը
համար
նիւթական
փոխարինութիւն
մը
ըլլայ,
եթէ
կարենար
փրցունել
կ’առնէր
իսկ
հակառակ
պարագային
քիչ
մը
քաշքշելէ
ետքը
կ’արձակէր.
ահա
Պահրի
փաշայի
ամբողջ
հոգեբանութիւնը:
Քիւրտ
Պահրի
փաշա
լեռնական
հսկայ
մարմնովն
եւ
հակառակ
տգիտութեանը,
հազուագիւտ
քաղաքագիտութեամբը
մէկ
կողմէ
կը
դողացնէր
Ատանան
ու
շրջակաները
եւ
միւս
կողմէ
կատարեալ
վստահութիւնը
կը
վայելէր
Եըլտըզի:
Եւ
այսպէս
իր
չորս
զաւակներովն
ու
բազմաթիւ
հետեւորդներովն
արքայավայել
կեանք
մը
կը
վարէր
Ատանայի
մէջ:
Ատանայի
առաջնորդ
ընտրուեցաւ
եւ
եկաւ
Տ.
Մուշեղ
վարդապետ
որ
վերջը
ձեռնադրուեցաւ
եպիսկոպոս:
Մուշեղ
Սրբազան
շատ
կարճ
ժամանակի
մը
մէջ
յաջողեցաւ
Պահրի
փաշայի
կատարեալ
համակրութիւնը
եւ
վստահութիւնը
շահիլ:
Ասոնց
մտերմութիւնը
այն
աստիճան
սերտ
եղաւ
որ
Թուրքերն
անգամ
ստիպուեցան
«Առաջնորդ
էֆ[էնտի]»ին
դիմել
իրենց
մասին
Պահրի
փաշայի
բարեխօսելու
համար:
Մուշեղ
Սրբազանի
խօսք
տուածը
Պահրի
փաշայէն
ընդունուած
կը
համարուէր
եւ
որով
Մուշեղ
Սրբազան
Ազգային
շրջանակներէ
դուրս
կառավարութեան
դուռն
ալ
մեծ
պատիւներ
կը
վայելէր
եւ
Հայերուն
վարկն
ու
վստահութիւնն
ալ
նոյն
աստիճան
բարձրացած
էր:
Նոյն
բարւոք
եւ
մտերմական
յարաբերութեանց
շնորհիւ
կարուցուեցաւ
Ատանայի
Հայոց
շուկան,
վարժարանները
եւ
շրջակայ
գիւղերուն
եւ
քաղաքներուն
մէջ
մի
քանի
կարեւոր
եկեղեցի
եւ
վարժարաններ:
Տ.
Մուշեղ
Սրբազան
ոչ
միայն
Հայութեան
այլեւ
ամբողջ
Ատանայի
համար
յառաջդիմութեան
փարոս
մը
եղած
էր,
որուն
ցուլացուցած
լոյսերովն
լուսաւորուեցաւ
եւ
ա՛լ
աւելի
փայլելու
վրայ
էին
Ատանայի
եւ
շրջակայից
ամէնէն
մութ
անկիւնները:
Ատանայի
Հայութեան
մեծամասնութենէն
զատ
Թուրքերն
անգամ
մեծ
օգուտներ
տեսան
Տ.
Մուշեղ
Սրբազանի
ներկայութենէն
եւ
միայն
մոլեռանդ
Հայատեաց
դասակարգն
էր
որ
կ՚ատէր
ու
կը
չարախօսէր,
պատճառ
բռնելով
Պահրի
փաշայի
պէս
կաշառամոլի
մը
հետ
ունեցած
չափազանց
մտերմութիւնը:
Միւս
կողմէ
Պահրի
փաշայի
ետեւէն
ալ
բամբասելով
բերնէ
բերան
կը
ստիպէին
որ
Հայոց
Առաջնորդին
հետ
մէջերնին
գոյացած
մտերմութիւննին
պաղի
եւ
սակայն
ընդհակառակը
ա՛լ
աւելի
կը
տաքնար
օրէ
օր,
տարուէ
տարի:
Եւ
այսպէս
Մուշեղ
Սրբազանի՝
հակառակ
իր
խիզախ
բնաւորութեանը
եւ
աննշան
թերութեանցը
Պահրի
փաշայի
հետ
ունեցած
մտերմութեանը
շնորհիւ
Ատանայի
Հայութեան
ամէն
գործերը
արդարութեան
եւ
հաւասարութեան
շաւղին
մէջ
կ’ընթանար
Սահմանադրութենէն
շատ
առաջ: