Նորավէպեր եւ այլ գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈԳԻՍ (Նորավէպ)

Մարգար եւ Նեկտար տղայութենէ ի վեր դրացի, խաղի ընկեր եւ դպրոցի ընկեր եղեր էին իրարու։ Նեկտարին ծնած տարին Իւսկիւտար փոխադրուած էին իրենք. Մարգար 2—3 տարեկան նիհար ու սիրուն տղայ մըն էր. երկու ընտանիքները բաւական բարեկեցիկ երկուքն ալ հիանալի կերպով յարմարեր էին իրարու. ազգականութենէ շատ աւելի սերտ դրացնութիւն մը հաստատուած էր մէջերնին եւ այսպէսով Մարգար ու Նեկտար միասին մեծցեր էին, եղբօր ու քրոջ պէս։ Նեկտար թուխ, բայց շատ սիրուն ու հուժկու չարաճճի մըն էր 5—6 տարեկանին. շատ անգամ պզտիկ տղու կռիւներ կունենային Մարգարին հետ. աղջիկը գրկելու պէս գետին կը զարներ տղան, յետոյ անոր լալը տեսնելուն կը ծռէր, գիրկը կ՚առնէր ու պզտիկ մայրիկի մը պէս անմեղունակ համբոյրով մը ձայնը կտրել կուտար դարձեալ։ Մարգար՝ պզտիկուց հիւանդոտ ու ամենափոքր պատճառէ մը ազդուելու տրամադիր՝ շատ հիւանդ կ՚ըլլար. հօրը մօրը համար փորձանք մըն էր անոր դեղ խմցնելը. Նեկտարը օգնութեան կը կանչէին շատ անգամ.

Է՜՜… խմես պիտի քի աղէկնաս, հայտէ, քիչ մըն ալ ես խմեմ կուզես նէ, կ՚ըսէր ան ու շատ անգամ կը յաջողէր խօսքը կատարել տալ։

Մարգար վեց տարեկան եղած ատեն քոյր մըն ալ ունեցաւ եւ անկէ քանի մը ամիս տարբերութամբ Նեկտարին մայրիկն ալ եղբայր մը աշխարհ բերաւ իրեն։ Սարգիս էֆէնտին Նեկտարին հայրը որ միշտ զուրաճախօս մարդ մըն էր՝ քանի մը օր վերջը նորածինին ի պատիւ տրուած ընտանեկան պզտիկ հացկեոյթի մը ատեն.

Ասոր ըսելիք չկայ, ըսաւ խնդալով իր դրացիին, աղջիկդ տղուս, իմ աղջիկս ալ քու տղուդ, օ՜խ… լմնցաւ գնաց, նէ դուն ինձմէ դրամօժիտ կ՚ուզես՝ նէ ալ ես քեզմէ, երկուքնիս ալ ոչ աղջիկ ծախելու եւ ոչ ալ աղջիկ գտնելու համար ասդին անդին կ՚իյնանք։ Ես իմ մասիս շատ գոհ եմ աս գործէն։

Մարգար ու Նեկտար միասին մանկապարտէզ գացին։ Յետոյ, թաղային վարժարանը յաճախելնուն, մանկապարտէզէն մնացած սովորութեան մը համեմատ, Մարգար միշտ պզտիկ քավալիէն մնաց աղջկան. իրականին մէջ սակայն Նեկտարն էր քավալիէն. այդ դեռնած տղան շատ անգամ փողոցը շուներէն կը վախնար դպրոց երթալու ատեն ու ընկերուհին երեսը կը նայէր.

Եկուր, կ՚ըսէր աղջիկը անոր ձեռքէ բռնելով ու կ՚առնէր կը տանէր։

Այդպէս մեծցան։ Տարիքնին յառաջանալով, բնական է որ քիչ մը անտեղի պիտի նկատուէր իրենց շրջանակին մէջ երիտասարդի մը ու աղջկան մը այդքան մտերմութիւնը, սակայն ատիկա դժուա՛ր եղաւ իրենց հասկցնել, մէկուն կարդացած գիրքերը, թերթերը, վէպերը՝ միւսն ալ կարդացած, միեւնոյն գաղափարնրով սնած, չէին հասկնար իրարու հետ նուազ սերտ ըլլալու պատշաճութեան «ինչո՛ւ»ն՝ որ աշխարհի էն ապուշ բանը կը թուէր իրենց։ Եւ միւս կողմէն, երկուքին ծնողքներն ալ այնքան եղբայրական, այնքան ազնիւ ու այնքան անսեթեւեթ մտերմութիւն մը կը տեսնէին երկուքին միջեւ որ, կը զգային թէ սովորական պատշաճութեան կանոնը քիչ մը պէտք էր որ մէկդի ձգուէր հոն, եւ եթէ երբեմն կը փորձէին իսկ անոնց սերտ յարաբերութիւններուն արգելք ըլլալ, չէին համարձակէր շատ առաջ երթալ, կը վարանէին. տարտամ պատկառանք մը այդ մաքուր սիրոյն առջեւ կը ծնէր իրենց մէջ ու ատիկա «ինչ կ՚ըսե՜ն լսողները» ապուշ նախապաշարումը մասամբ մը հաւասարակշռելով, երկդիմութեան մէջ կը ձգէր զիրենք։

Աղջի՛կս, ա՛լ լուրջ եղիր քիչ մը, պզտիկ չես, եղբայրդ չէ վերջապէս Մարգարը, կ՚ըսէր Նեկտարին մայրը։

Ի՞նչ կ՚ըսես մայրիկ դուն ալ… լուրջ չըլլալու ի՞նչ կ՚ընեմ կոր. Մարգարին հետ պզտիկութեանս եղբօր քրոջ պէս էինք, հիմա ինչո՞ւ չըլլանք, չեմ հասկնա՛ր, կը պատասխանէր աղջիկը։

Եւ իրօք ալ չէր հասկնար, շատ տարօրինակ կը թուէր իրեն թէ ինչո՞ւ աշխարհի ամենապարզ բանը չըլլար Մարգարին հետ իր մտերմութեան, իր քրոջական սիրոյն շարունակուիլը։ Իր մաքուր երեւակայութեան առջեւ չէր կրնար պատճառը գտնել այդ անհեթեթ արգելքին։ Հիմա որ ինք 15-16 տարեկան աղջիկ մըն էր, դարձեալ տասը տարի առաջուան պէս, հինգ տարի առաջուան պէս, աշխարհի էն սովորական բանը կը թուէր իրեն նոր հագուստ մը, նոր զարդեղէն մը առնուելուն, կամ աւելի կարեւոր բանի մը որոշում տալուն առթիւ վազել նախ Մարգարին գաղափարը առնել այդ մասին, միասին երկար պտոյտներ ընել անոր հետ, միասին աշխատիլ, կարդալ, զբօսնուլ, անոր հիւանդութեան պարագային ինչ որ շատ հազուադէպ բան մը չէր երթալ անոր քով նստիլ ժամերով, դեղը խմցնել, զուարճացնել զայն, խօսիլ եւ այլն։ Երբեմն ծնողացը ըրած դիտողութիւններուն այնքան պարզ ու այնքան միամիտ ուսերու թոթւումով մը կը պատասխանէր որ, անոնք ալ զինքը դեռ պզտիկ տղու մը տեղ դրած, աւելի առաջ չէին կրնար երթալ։

Միւս կողմէ ճիշտ եւ նոյն բանն էր Մարգարին համար ալ։ Երկայնահասակ, քնքուշ ու դեղնած երիտասարդ մըն էր հիմա. այնքան նուրբ կազմուածք մը ունէր որ, պզտիկ յուզում մը, բարկութիւն մը, քիչ մը չափազանց աշխատութիւն ուժգնապէս կը ցնցէին, հիւանդ կ՚ընէին զինքը։ Նեկտարին հետ միեւնոյն տարին աւարտեցին թաղային վարժարանին շրջանը. բայց այն տարին, աշխատութեան շատութենէն, այնքան նիհարցած է տղան որ ծնողքը՝ հակառակ իրենց սովորութեան՝ որոշեցին ամսուան մը համար Ալէմտաղի օդափոխութեան երթալ։ Հոն հասնելու երկրորդ օրն իսկ Մարգար ինքզինքը այնքան մինակ զգաց որ.

Մա՛յր, կը ձանձրանամ կոր, եթէ Նեկտարն ալ չգայ, ես չե՛մ կենար, ըսաւ։

Քանի մը օր վերջը մայրը գնաց դրացիին կնտանիքն ալ հրաւիրելու եւ Նեկտարը առաւ բերաւ, պզտիկ երբօրը հետ։

Մարգարին մայրը իր ապագայ հարսը զգացած էր Նեկտարին մէջ, մօր մը հեռատեսութեամբ, եւ պատճառ մը չէր տեսներ ատոր արգելք ըլլալու. ընդհակառակը սրտին խորէն ուրախ էր այդ մասին, որովհետեւ փոխանակ անծանօթուհիի մը՝ տղուն երջանկութիւնը իրեն կատարելապէս ծանօթ եւ այնքան ազնիւ աղջկան մը յանձնելը կը զգար թէ բաղդ մըն էր։

Կինը իր մտքին մէջէն շողշողուն երազներ կը հիւսէր եւ կը ձգէր որ երիտասարդները իրենց դեռ մանկական մաքուր սիրոյն հմայքները վայլեն։

  * * *

Թաղին մէջ դեղարան մը կար, իրենց մօտ, եւ դեղափործը թերեւս շատ դեղ խմելուն համար… պզտիկուց համակրութիւն մը կը ցուցնէր Մարգարին։ Տաղան շատ անգամ հոն կ՚երթար կը նստէր ու հաճոյք մըն էր իրեն համար դարակներու մէջ շարուած այլազան շիշերը, տուփերը, ցուցափեղկին միշտ փոխուող գունագեղ զարդարանքը դիտելը։ Տղու հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր միշտ դեղագործին երթեւեկին, հաշիւով, կաթիլով պզտիկ շիշերու մէջ դեղեր լեցնելուն ուշադիր. կ՚երեւակայէր թէ ատոր պէս պզտիկ սանդ (հավան) մը ու կշիռ մը եթէ ունենային՝ ի՜նչ աղուոր պիտի խաղային Նեկտարին հետ. դեղերուն հոտով լեցուն այդ մթնոլորտը այլեւս ընտանի միջավայր մը դարձեր էր իրեն. ամէն ատեն տուն երթալուն՝ այդ շիշերով, տուփերով, քաուչուէ գործիքներով լեցուն սենեակը աչքին առջեւ կուգար ու.

Մայրի՛կ, ես դեղագործ պիտի ըլլամ մեծնամ նէ, կ՚ըսէր։

Կաղանդի մը, հայրը պզտիկ կշիռ մը նուիրեց իրեն. շիտակ Նեկտարին վազեց այն օրը. միասին թուղթի կտոր մը կ՚առնէին աչքերնուն առջեւ ու անոր նայելով չամիչ, ձմեռուկի չորցած կ՚ուտեր, ծեծուած շաքար կը կշռէին խնդալով։

Մա՛յր, դեղագործ պիտի ըլլամ, կ՚ըսէր միշտ։ Եւ,

Նեկտարն ա՛լ, կը յարէր յետոյ, այդպէսով ցոյց տալով թէ, անկէ զատ բան մը ըլլալու գաղափարը բացարձակ անկարելիութիւն մը կը թուէր իրեն, հոգիին խորը։

Բայց տղա՛ս, աղջիկները դեղագործ չեն ըլլար, կ՚ըսէր մայրը շատ անգամ։

Որուն, շատ պզտիկ եղած ատենը,

Կ՚ըլլայ, ինչո՞ւ չըլլար, պատասխանը կուտար ուսերը թօթուելով։

Եւ երբ քիչ մը աւելի մեծցաւ.

Է՜հ… ան ալ դեղերանը կը նստի, կ՚ըսէր։

Այդ դեղագործութեան հանդէպ ցոյց տուած մանկական հակամիտութիւնը, տարիքին հետ չցնդեցաւ, ինչպէս կ՚ըլլայ երբեմն պզտիկներուն. ընդհակառակը ասիկա, քանի մեծցաւ աւելի որոշ գաղափար մը եղաւ իրեն։ Հայրը պատճառ մը չտեսաւ տղուն փաղձանքին ընդդիմանալու. թոշակը կրնար վճարել. ինք՝ որ մեծ հաստատութեան մը մէջ թոշակաւոր պաշտօնեայ էրր՝ շատ գոհ չէր այդ կեանքէն, թէեւ լեցունկեկ ամսական մը կը ստանար. ուստի կ՚ուզէր որ տղան ազատ ասպարէզ մը կարենայ ընդգրկել, ինքն իր գործին հոգ չէ թէ պզտիկ տէրը ըլլայ։

Միայն Մարգարին փափկակազմութիւնը քիչ մը մտածել կուտար իրեն, սակայն կը յուսար թէ ատիկա պիտի անհետանար քանի տարիքը առաջանար. ուստի չուզեց ընդդիմանալ զաւկին ինքնածին հակամիտութեանը եւ Ալէմ-տաղիէ վերադարձին՝ Մարգար սկսաւ երթալ Բժշկական Վարժարանը. եւ ամէն օր մինչեւ Իւսկիւտարի բարձունքը ելլել իջնելու յոգնութիւնը չունենալու համար, Գում գաբուի կողմերը բնակող հօրեղբօրը տունը կը մնար ու շաբաթը անգամ մը, արձակուրդի օրերը միայն տուն կուգար։

* * *

Երկուքին համար ալ դժուար եղաւ բաժանումը, միասին մեծնալէ, այնքան տարի միասին ապրելէ ետքը՝ ինչ որ իրենց համար, փոխադարձաբար, կենսական պէտք մը եղած էրր։ Սակայն Մարգար, բոլորովին նոր ու ծանր դասերովը զբաղած, մինչեւ աստիճան մը գէթ, աշխատութեան մէ մոռացում գտաւ։

Իեկտարի համար այնպէս չեղաւ սակայն. յայտնի յայտնապէս լացաւ Մարգարին մեկնած օրը. մայրը յանդիմանեց զինքը.

  Աղջի՛կ, պէպէք չես ալ, խենթութիւնը մէկդի, ամօթ կ՚ըսեն բան մը կայ, խելքդ չհասնիր կոր։

Ասիկա ա՛լ աւելի կսկծեցուց  զինքը, Մարգարին մեկնելուն համար զգացած ցաւը բնական հետեւանքն էր զայն եղբօր պէս սիրելուն. ուրեմն, ամօ՜թ էր այդ սէրը. ատիկա դառն հեգնութիւն մը թուեցաւ իրեն. այն օրը առաջին անգամ ըլլալով որոշապէս զգաց թէ իրական կեանքը իր երեւակայածէն շատ աւելի տարբեր էր, թէ աշխարհ իր մաքուր երեւակայութեանը մէջ գծուածէն տարբեր, աղտոտ տեղ մըն էր իրապէս, տեղ մը՝ ուր մաքուրը, անբիծը կը կոխկրտէին սովորաբար, ուր ազնիւն ու վսեմը կը ծաղրէին, կը հեգնէին։

Մարգար կուգար երբեմն, որչա՜փ կարօտցած կ՚ըլլային զիրար, այրող բաղձանք մը կը զգար Նեկտար, ճիշդ հինգ-վեց տարեկան եղած ատենուան պէս, այդ նիհար տղան բռնելու իր հուժկու թեւերուն մէջ սեղմելու եւ կուշտ ու կուռ համբուրելու. եւ սակա՜յն ո՛չ, պատշաճութիւնը կամաց կամաց անգթօրէն իր մուտքը կ՚ընէր հոն, իրենց մէջ. կը զգային թէ պէտք էր աւելի պաղ ըլլալ իրարու հանդէպ, այնպէս ցոյց տալ ինքզինքնին, կեղծե՛լ այսինքն  եւ ատիկա, կեղծելու գաղափարը, կը տառապեցնէր զիրենք. չէին ուզեր համոզուիլ, հասկնալ այդպէս պէտք ըլլալուն, սակայն իրականութիւնը կը համոզէր զիրենք կամայ ակամայ, ինքզինքը կը հասկցնէր, իր դժնդակ ներկայութիւնը կը զգացնէր իրենց։

Նեկտար հինգշաբթի իրիկունները տանիքէն շոգենաւերը կը դիտէր.

Նա՛, աս կը բերեէ կոր զինքը, կ՚ըսէր անոր սովորաբար եկած շոգնաւին ձայնը առնելուն ու հեռուէն նայուածքով կը լափէր կարծես ծովուն վրայէն հետզհետէ հեղուկը ճեղքելով յառաջացող հսկան։ Յետոյ,

Զառիվերը կ՚ելլայ կոր, այսինչ տեղն է, հիմա կուգայ, կ՚ըսէր տրոփ ի սիրտ։

Մարգար ալ միւս կողմէ շատ դանդաղ կը գտնէր շոգենաւին ընթացքը, կը զգար թէ ան կ՚ըսպասէ իրեն, շոգենաւէն ելլելուն ձիու մը վրայ կը նետուէր ու կը վազէր։

Երկուքնին ալ կը մոռնային այդ վայրկեաններուն պատշաճութիւնը, որ իրենց հին մանկական մտերմութիւնը եկած էր խանգարել, չէին յիշեր թէ հարկ էր պաղ ըլլալ իրարու հանդէպ, կամ անցած գացած բան մը կը նկատէին այդ հարկը ու դարձեալ, հին աղուոր օրերու մէջ կ՚երեւակայէին ինքզինքնին։

Ասիկա երազ մըն էր սակայն, զոր ամէն անգամ կը հիւսէին իրենքիրենց, թէեւ ամէն անգամուն ալ զիրար տեսնելուն պէս ցնդելու դատապարտուած ըլլար ան. ամէն անգամ կ՚արբշռէին հին օրերնուն յիշատակովը, թէեւ ամէն անգամ ալ սթափումը ա՛լ աւելի տխուր կ՚ըլլար. իրարու դէմ գալերնուն պէս, իրենց վրայ հսկող նայուածքներ իրականութիւնը կը զգացնէին իրենց, ու սառածի պէս կը մնային յանկարծ երկուքնին ալ. Նեկտար կը կարմրէր, Մարգար կը տժգունէր եւ հազիւ թէ տատամսոտ կերպով մը իրարու ձեռք բռնելու համարձակութիւն կ՚ունենային։

Ինչպէ՞ս էք…

Աղէ՛կ…

Դառն յուսախաբութիւն մըն էր ասիկա իրենց համար։ Երբեմն, շատ քիչ անգամ, կրնային առիթ ունենալ քանի մը վայրկեան առանձին ըլլալու եւ այդ միջոցին ալ, լռութիւնը կը խօսէր. այնքան շատ բան կունենային ըսելիք որ ուրկէ սկսելիքնին անկարելի կ՚ըլլար գտնել եւ լուռ կը կենային դէմ առ դէմ, շատ անգամ նոյն իսկ առանց իրարու երես նայելու։

* * *

Նեկտարին խրոխտ բնաւորութիւնը սակայն կ՚ըմբոստնուր այս յուսախաբութիւններուն դէմ, կ՚եռար, զանոնք ջնջելու հարկ մը կը ծնէր իր մէջ։

Այդ հարկը առաջնորդեց զինքը կամաց կամաց խորհելու, տրամաբանելու թէ ինչո՞ւ պատշաճ չէին նկատեր իր ու Մարգարին մտերմութիւնը։ Պատասխանը այս «ինչո՛ւ»ին եկաւ ինքնին որովհետեւ դրացնութիւնը բաւական կապ մը չէր նկատուեր այդ յարաբերութեան։ Ուրեմն ուրիշ աւելի զօրաւոր կապի մը պէտք կար իրենց միջեւ, պատշաճութեան հարկը գոհացնելու, պապանծեցնելու համար գոնէ։ Եւ բնականաբար առաջնորդուեցաւ այդ կապը փնտռելու։ Մէկ հատ մը միայն կար արդէն ամուսնութիւնը։ Այդ գաղափարը նախ ցնցեց զինքը քիչ մը, վանել ուզեց, խրտչեցաւ անկէ, որովհետեւ մինչեւ հիմա երբեք ամուսին մը չէր երազած Մարգարին մէջ, եղբօր մը, մտերմի մը սիրով սիրած էր զայն։ Սակայն երկար թափառումներուն, մտախոհութիւններուն մէջ անկարելի եղաւ կառչելու ուրիշ միջոց մը գտնել, եւ այդ գաղափարը տակաւ անդրադառնալով ուղեղին մէջ, քիչ քիչ սկսաւ ընտելանալ անոր հետ։ Ի՞նչ, ամուսինը ըլլալով իր սիրելու իրաւունքը կորսնցուցա՞ծ պիտի ըլլար միթէ։ Ուրե՞մն… ո՞վ կ՚արգիլէր որ միեւնոյն ատեն մտերիմ մը եղբայր մը սիրէր ատոր մէջ, ամուսին մը սիրած ատեն։ Աւելի աղէկ չէր ամէն ինչ ըլլալ իրարու համար։ Եւ ա՛րդէն, օր մը պէտք պիտի ըլլար որ ամուսնանար, մինչեւ հիմա ինք չէր մտածած ատոր վրայ, բայց պէտք պիտի ըլլար. ուրիշի մը հետ ամուսնութիւն մը որ պատշաճութիւնը աւելի պիտի ընդլայնէր իր ու Մարգարին մէջ կարելի՞ էր իրեն համար, մտածեց հիմա։ Ո՛չ։ Պէտք էր որ ան ամուսինը ըլլար ուրեմն. այն ատեն ո՛չ ոք պիտի միջամտէր իր ու անոր մէջ, ոչ մէկ նայուածք պիտի արգիլէր իրենց մտերմութիւնը։ Այս գաղափաըր օրերով պրկեց իր միտքը. արդեօք Մարգար ի՞նչ պիտ ըսէր. կը կարծեր թէ պիտի հաւանէր, որովհետեւ ան ալ զինքը կը սիրէր, գիտէր, ու ապահով էր. բայց, թերե՜ւս…։ Եւ այդ պզտիկ «թերեւս»ը կը տանջէր զինքը։ Որոշեց առաջին առթիւ իր գաղափարը յայտնել Մարգարին։ Ամիսներով չկրցաւ։ Երբ առիթը ներկայացաւ, ինք վարանեցաւ խօսելու, վախցաւ թէ ան պիտի չհաւանի թերեւս եւ որչափ որ ալ փոքր ըլլար այդ հաւանականութիւնը, գաղափարը մերժումի գաղափարը այնքան ցնցող էր որ կը սարսռեցնէր զինքը եւ ետ կ՚ընկրկէր։ Ուրիշ ատեն ալ երբ անպատճառ խօսիլ կ՚որոշէր, առիթ կը պակսէր առանձին ըլլալու։

Արձակուրդին էր, օր մը, վերջապէս, երբ իրիկուան դէմ միասին դէպ Ֆրէնկին Լեռը պտոյտի ելեր էին, Նեկտար ճամբէն դուրս դուրս դաշտին մէջ կեցած խոշոր քարի մը վրայ նստեցաւ վյրկեան մը, ճիգ մը ըրաւ ինքզինքին վրայ ու՝

Մարգար, բարեկամս, ըսաւ, կը տառապեցնեն մեզ երկուքս ալ. խորհեցայ թէ ասիկա ասանկ չկրնար շարունակուիլ… եւ բան մը մտածեցի, եթէ սակայն անպատեհութիւն մը չես գտներ դուն ատոր մէջ. անկեղծ կը խոստանա՞ս ըլլալ, այո՛ կամ ոչ։

Գիտես որ միշտ անկեղծ եմ։

Եթէ առաջարկելիք միջոցս չես ուզեր, երբեք երկուքնիս ալ պէտք չէ որ մտածենք անգամ անոր վրայ։

Լա՛ւ, ըսաւ Մարգար տժգունած։

Ամուսնանա՛նք…, մրմռաց Նեկտար աչքերը վար առած ու կաս կարմիր, ի՞նչ կ՚ըսես, երջանիկ պիտի չըլլա՞նք իրարու հետ։

Եւ պատասխանին սպասեց, աննկարագրելի յուզումով մը. այդ պատասխանը կեանքի վճնռ մը պիտի ըլլար կարծես իրեն համար. աչքերը մարգագետնին յառած՝ հոգիով Մարգարին շրթունքներէն կախուած էր. վայրկեանը չէր լմննար, կ՚երկարաձգուէր, կը տատամսէր կարծե՛ս… Ո՜հ… պատասխանը չէր գար. գերագոյն ճիգով մը համարձակեցաւ աչքերը վեր առնելու. Մարգար զինքը կը լափէր աչքերով, շլացած, արբշիռ ու անձայն…

Չե՞ս խօսիր բարեկա՛մս…

Հոգի՜ս… ըսաւ տղան, արդարեւ բոլոր հոգին դնելով կարծես այդ մէկ բառին մէջ։ Ատիկա կայծ մըն էր հոգիին խորէն փրցուած, հատոր մը այդչափ պերճախօս չի կրնար ըլլալ։

Այն օրը, առանց ուրիշ բառ փոխանակելու, քով քովի կամաց կամաց տուն դարձան։ Երկուքնին ալ զգացին սակայն թէ փոփոխութիւն մը տեղի կունենար իրենց մէջ. ապրիլ բառին նշանակութիւնը կ՚ընդարձակուէր յանկարծ իրենց առջեւ. աւելի՛ ցայտուն, աւելի՛ կենդանի եւ անսահմանօրէն շքեղ ապագայի հեռանկար մը կը բացուէր յանկարծ առջեւնին եւ աչքերնին հոն յառած՝ կեանքի ճամբան քալելը որքա՜ն հաճելի պիտի ըլլար այնուհետեւ իրենց համար։

Բ

 

«Մասիս», 1902, 21 Սեպտեմբեր, թիւ 38, էջ 603—608