ՉՈՐ
ԱԼԻՔՆԵՐ
Երկաթուղիին
ճիշտ
քովէն
կը
քալէ
ձիս,
զոյգ
սեւ
գիծը,
թեթեւ
կորութիւններով,
կը
փախչի
կ՚երթայ
դաշտին
մէջէն.
երկու
գիծերուն
միջոցը,
քանի
հեռանայ
կը
նեղնայ
կարծես
ու
վերջապէս
տարտամօրէն
իրարու
հետ
կը
ձուլուին
հեռուն,
հետզհետէ
պզտիկցող
հեռագրաթելի
ձողերն
ալ
մէջերնին
առնելով
հոն։
Երբեք
օր
մը,
հոսկէ
կամ
ուրիշ
տեղէ,
առանց
առաւել
կամ
նուազ
կարօտալից
նայուածքներու
դիտած
ըլլալս
չեմ
յիշեր
սա
ճամբուն
անզգայ
զոյգ
պողպատը.
մի՛շտ,
մի՛շտ
սրտէս
ու
հոգիէս
բան
մը
պահած
է
ան
իրեն
մէկ
անդիի
ծայրը,
այդպէսով
իմ
նայուածքս
միշտ
իր
վրայ
մագնիսացնելու
համար
կարծես։
Կ՚երեւայ
թէ
սեւ
աչքերուս
սիրահար
մըն
է
այդ
պողպատէ
գիծը,
պիտի
ըսեմ
—
տխո՛ւր
սիրահար
սակայն,
տխո՛ւր,
չար
ու
անձնասէր։
Ասդիի
կողմս
ցորենի
արտերը
կը
տարածուին.
կանանչին
մէջ
ոսկի
թելեր
իյնալ
սկսած
են
տակաւ
—
քառասունը
անցուկ
մէկու
մը
մօրուքին
պէս,
որուն
մէջ
արծաթ
թելեր
կը
սկսին
սպրդիլ
կամաց
կամաց։
Կատարելապէս
հարթ
չէ
ցանքը,
տեղ
տեղ
խիստ
անօսր
ու
անձրեւի
պակասէն
խաշած
մասեր
կ՚երեւան,
ուր
առատօրէն
բուսած
են
վայրի
ծաղիկներն
ու
խոտերը,
իրենց
անօգուտ
ներկայութեամբը
փոխարինել
ուզելով
կարծես
անօսրութիւնը
ցորենին
—
թանկագին
գոհարներու
մէջ
զետեղուած
կեղծ
քարերու
պէս՝
որոնց
ոչնչութիւնը
փորձ
ոսկերիչը
առաջին
ակնարկով
կը
կռահէ
սակայն։
Եւ
այդ
դեղնորակ
կանանչը,
տափարակ
դաշտին
մէջէն,
առջեւէս,
կը
տարածուի
կերթայ
դէպ
ի
հորիզոնը,
որչափ
որ
զօրէ
տեսնել
նայուածքս,
եւ
աջ
կողմէն
ալ
դէպի
հեռաւոր
պատերը
քաղաքին
դեռ
երկարաձգուող
արուարձանին
պարտէզներուն։
*
*
*
Ստուերոտ
իրիկուան
ծոցէն
պուտ
մը
հով
կուգայ,
արտին
անկիւնէն
հասկերուն
գլուխները
ծռիլ
կը
սկսին
կարգաւ,
իրարու
ետեւէ,
քիչ
մը
խռպոտ
սուլումի
մը
նմանող
խշրտուքով
մը։
Այդ
անշունչ
բոյսերը
կարծես
կարգաւ
կը
ծնրադրեն
բնութեան
վիթխարի
տաճարին
մէջ,
իրենց
իրիկուան
աղօթքին
համար,
եւ
այդ
խշրտուքն
ալ
միահամուռ
մրմունջ
մըն
է
օրհներգի՝
որ,
հետզհետէ
աւելի
խուլ
ու
աւելի
տարտամ,
կը
տարածուի
կ՚երթայ
անծայրածիր
դաշտին
մէջ,
տեղ
տեղ
խոպան
արտերով
ընդմիջուելով
լոկ։
Յետոյ,
հովի
ուրիշ
հարուած
մըն
ալ
նոյնը
կը
կրկնէ
դարձեալ։
Ոչ—հեղուկ
ծով
մըն
է
դաշտը,
հանդարտ
ու
անծուփ,
որ
քմայքոտ
ալիքներ
կ՚ունենայ
երբեմն
երբեմն։
Նուրբ
ցօղուններ,
ծանրաբեռնուած
հասկերուն
բեռան
տակ,
կը
կքին
եւ
առաձգական
մեղմ
թափով
մը
կրկին
կ՚ուղիղնան
իրարու
ետեւէ։
Հովը
քիչ
քիչ
շարունակական
կը
սկսի
ըլլալ
հիւսիսէն.
խշրտուքը
միօրինակօրէն
երկարաձգուող
տարօրինակ
մեղեդի
մը
հանգամանքը
կ՚առնէ։
Հիմա,
դաշտը
քիչ
մը
աւելի
մօտ
է՝
ծովուն
պատրանքը
տալու.
ալիքները,
չոր
ալիքները,
կը
սկսին
կանոնաւորուիլ,
իրարու
ետեւէ
կուգան
ա՛լ.
համաչափ
հեռաւորութիւն
մը։
Ո՞ւր
սակայն
փրփուրը,
ճերմակ,
սիրուն
փրփուրը.
աչքերս
ի
զուր
կը
փնտռեն
զայն
կանանչին
մէջ,
մինչեւ
հեռուները,
հեռուները.
ո՛չ,
չկայ.
ասոնք,
աս
չոր
ալիքերը,
իրար
չեն
հալածեր
ծովուն
ալիքներուն
պէս,
չեն
ուռիր,
չեն
փլչիր
իրարու
վրայ,
պղպջակներ
արտադրելու
համար
իրենց
հեղուկ
փշրանքներով
ու
փլուզումներով։
Պահ
մը
խաբել
կ՚ուզեմ
ինքզինքս,
կ՚երեւակայեմ
թէ
կանանչ
հեղուկ
ծովու
մը
կոհակները
ըլլան
սըվոնք,
ու
հեռուէն
եկող
մէկ
հատին
կը
հետեւիմ
իմ
նայուածքովս,
ինքզինքիս
կարծել
տալով,
թէ
քովս
հասնելուն՝
արդէն
սահմանէն
դուրս
պիտի
նետուի,
եւ
որովհետեւ
ճիշդ
եզերքը
կը
քերեմ
կ՚անցնիմ
կանանչին,
ձիուս
ոտքերը
պիտի
գայ
թրջել։
Այնպէս
չըլլար
սակայն.
չոր
ալիքը,
արտին
ծայրը
հասնելուն,
յանկարծակի
կանգ
կ՚առնէ
հոն,
էն
առջեւի
ցօղուններուն
թռելովն
ու
վերստին
կանգնելովը։
Յուսախաբութի՛ւն։
Եւ
յետոյ,
ինքն
ալ
կարծես
զիս
յուսախաբ
ըրած
ըլլալը
զգալով,
այդ
չոր
ալիքը,
հիմա
ա՛լ
աւելի
նրբացած,
ա՛լ
աւելի
տարտամ
իր
խշրտուքը
ետ
կ՚առնէ
կը
տանի,
դաշտին
լայն
տարածութեանը
մէջ
աստիճանաբար
հատցնելու
համար
զայն,
—
դաշնակին
կամաց
կամաց
մարող
նուրբ
մէկ
խաղին
պէս։
*
*
*
Գիշերուան
հետզհետէ
թանձրացող
ստուերը
իր
ծոցին
մէջ
առած
բերած
է
հովը,
եւ
քանի
իր
խաւերը
բացուին,
քանի
գիշերը
յառաջանայ՝
հովն
ալ
նոյն
համեմատութեամբ
կը
սաստկանայ։
Չոր
ալիքները
կը
լայննան
դաշտին
մէջ,
առանց
կարենալ
աւելի
մեծնալու,
առանց
որոշ
սահմանէն
անդին
բարձրանալ
կարենալու
սակայն,
որովհետեւ
ցօղունները
կը
կապեն
զիրենք
դաշտին
յատակին։
Միայն
տարածութիւննին
կ՚ընդարձակուի
ու
ընթացքնին
աւելի
կ՚արագանայ։
Իրենց
չոր
խշրտուքն
ալ,
շատ
մը
օձերու
վժլտուքին
պէս,
աւելի
միօրինակօրէն
ու
աւելի
ուժգնապէս
կ՚երկարաձգուի
հիմա.
—
Խը՜շշշ…
Կը
սպասեմ
որ
անոնք
գան
երկաթուղիի
բարձր
ճամբան
կանգնած
քարափին
զարնուին
ուժգնակի,
իրենց
կատաղի
թափովը,
իրենց
ետ
մղուած
ուժգնութեանը
մէջ,
զայրոյթէն,
սիրուն
ճերմակ
փրփուրի
անձրեւ
մը
պոռթկալու
համար։
Ո՛չ։
Մինչեւ
ճամբուն
եզերքը
կը
հասնին
միշտ,
ու
հոնկէ
ետ
կը
դառնան,
թո՛յլ
ու
տկար։
Չորցած
ա՛լիքներ՝
որոնց
ջիղը,
խանդը
կը
պակսի
—
չորցած
սրտերու
պէս՝
որոնք
սիրոյ
խոչընդոտներու
դէմ
մինչեւ
որոշեալ
տեղ
մը
կերթան
միշտ,
ու
հոն
…
կը
կենան,
ետ
դառնալու
համար
ուժաթափ։
Չեմ
սիրեր
ես
ասոնք,
աս
չար
ալիքները։
«Մասիս»,
1902,
24
Օգոստոս,
թիւ
34,
էջ
544—545