ԼԱՄԱՐԴԻՆ.
ԼԻՃԸ
Միշտ
դէպ
ի
նոր
ծովափներ
մղուած
այսպէս,
ու
յաւէտ
Ձգուած
անվերջ
գիշերուան
մ՚անվերադարձ
ընթացքին,
Կարող
պիտի
չըլլա՞նք
մենք
խարիսխ
նետել
օր
մը
գէծ
Ովկէանին
մէջ
կեանքին։
Լըճա՛կ,
հազիւ
թէ
տարին
իր
շրջանը
բոլորեց,
Ալեակներուդ
քով
սիրուն՝
զոր
պիտի
ան
ալ
տեսնէր՝
Մինակ
կուգամ
նստելու
ճիշտ
սա
քարին
վրայ
տե՛ս
Ուր
անիկա
նստած
էր։
Այս
ժայռերուն
տակ
խորունկ
ճիշտ
այսպէս
կը
մնջէիր
Փշրուելով
կողերուն
վըրայ
անոնց
պատառուն,
Հովն
ալ
կուգար
նետելու
ալեակներուդ
փրփուրն,
իր
Պաշտելի
նուրբ
ոտքերուն։
Գիշեր
մըն
ալ,
կը
յիշե՞ս,
նաւակ
նստանք
անբարբառ
Ոչ
կոհակին
վրայ
ձայն
կար,
եւ
ոչ
ալ
երկնից
տակ,
Հարուածէն
զատ
համաչափ
թիակին
որ
կից
կուտար
Ալեակներուդ
ներդաշնակ։
Դեռ
աշխարհի
անծանօթ
շեշտեր,
յանկարծ,
արձագանգ
Գացին
տալու
ծովափին,
որ
հմայուած
էր
կարծես.
Եւ
մինչ
մտիկ
կ՚ընէին
ուշադիր
ծովն
ու
ծփանք,
Պաշտած
ձայնըս
թօթովեց.
«Կանգ
առ
վազքէդ,
ժամանակ,
աղուոր
ժամեր,
նաեւ
դուք,
Մ՚ըլլաք
այդպէս
անկայուն.
Թողէք,
թողէք
որ
վայլենք
հմայքները
խուսափուկ
Մեր
էն
աղուոր
օրերուն»։
«Շատ
թշուառներ
կան
հոս,
որք
ձեր
անցնիլը
կ՚ուզեն
շուտ.
Անոնց
համար
սահեցէք,
Անոնց
կեանքին
հետ
առէք
տարէք
վշտերն
ալ
անգութ։
Երջանիկներն,
ո՜հ,
մոռցէք»։
«Բայց
ես
ի
զուր
վայրկեաններ
կը
մուրամ,
միշտ
խոյս
կուտայ
Ժամանակը
անարգել,
«Կամա՜ց»
կ՚ըսեմ
գիշերուան
եւ
արշալոյսը
կուգայ
Ընդհուպ
մութը
փարատել»։
«Սիրե՛նք
ուրեմն,
ո՜հ
սիրե՛նք,
ու
վայլելու
շտապենք
Այս
ժամերը
վաղանցիկ,
Ո՛չ
ժամանակն
ափունք
ու
կայանք
ունի,
ոչ
ալ
մենք,
Ան
կը
սահի
ու
կ՚անցնինք»։
Ո՜վ
նախանձոտ
ժամանակ,
մեր
բաղձանքին
հակառակ,
Արբշռանքի
սիրազեղ
անուշ
ժամերն
ալ
ինչո՞ւ,
Տառապանքի
թախիծի
սեւ
օրերուն
չափ
արագ
Կը
խուսափին
միշտ
հեռու։
Անոնց
հետքն
իսկ
որոշել
կարող
պիտի
չըլլանք
գէթ.
Ի՜նչ,
կորսուա՞ծ
են
յաւէտ.
սահա՞ծ,
գացա՞ծ
ամէնքն
ալ,
Ժամանակը՝
որ
զանոնք
բերաւ
տարաւ
իրեն
հետ՝
Ետ
չպիտի՞
տայ
դարձեալ։
Յաւէրժութի՛ւն,
անէա՛նք
անցեա՛լ
—
մթին
անդունդներ
—
Ի՞նչ
կ՚ընէք
այն
օրերը,
զոր
կուլ
կուտաք,
ո՜հ
ըսէք,
Մեզի
դարձեալ
պիտի
տա՞ք
այսքան
դիւթիչ
հմայքներ,
Որոնցմով
մեզ
կ՚արբշռէք։
Ո՛վ
ջինջ
լըճակ,
մունջ
ժայռե՛ր,
քարայրներ
ու
մութ
անտառ
Դուք
որ
կրնաք
վերածնիլ,
ժամանակէն
խնայուած,
Աղուոր
բնութիւն,
պահեցէ՛ք
գէթ
յիշատակն
անվթար,
Այդ
գիշերուան
կորսուած։
Թէ
ծփանքիդ
մէջ
հանդարտ,
թէ
փոթորկիդ
մէջ
վայրագ,
Աղուո՛ր
լըճակ,
ափերուդ
բլուրներուն
մէջ
խնդուն,
Եղեւիններուն
մէջ
թուխ,
թէ
ջուրերուդ
վրայ
հակ
Ժայռերուն
մէջ
լպրծուն։
Թէ
ըլլայ
մէջ
զեփիւռին՝
որ
կը
սահի
դողալով
Եզերքներուդ
կրկնուած
մրմունջին
մէջ
ներդաշնակ,
Արծաթափայլ
լուսնակին
շողերուն
մէջ
հոգեթով,
Որք
քեզ
կ՚ընեն
ճէ՜պ
ճերմակ։
Թող
հառաչանքն
եղէգին,
հեծեծմւնքը
հովերու
Մթնոլորտըդ
լեցընող
անուշահոտ
բոյրը
սին,
Թող
ինչ
որ
մարդ
կարող
է
լսել,
տեսնել,
շնչելու,
Ամէնքն
ըսեն.
«սիրեցին»։
«Մասիս»,
1903,
20
Սեպտեմբեր,
թիւ
38,
էջ
596-597