Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ա.
ՄԱՅՐ ԵՒ ՈՐԴԻ

Թօհա՜ֆ բան, կը մռլտար Մերկերեան Թադէոս աղան, աղէբեկ երկար մօրուքը աճըռելով դողդոջուն մատուըներուն մէջ, անհամբերութենէն ոտքերը գետինը զարնելով փողոցի այդ դրան առջեւ, որ չէր բացուեր, հակառակ մէկէ աւելի բախումներու. է՜յ, կը շարունակէր մարդուկը ողորմուկ շեշտով մը, աս տունն ասանկ ըլլալու էր մի՜… ի՜նչ օրեր անցուցինք, ի՜նչ օրեր… մե՜ղք, հազար մե՜ղք…։

Եւ վարանոտ, ուռնակը վերցնելով անգամ մըն ալ ձգեց զայն. հին հաստաբեստ դուռը դղրդաց։

Օ՜հ, հառաչեց Թադէոս աղա վերջապէս դրան ետին ոտնաձայն մը իմանալով։

 

Կամացուկ մը, անշշուկ, բացուեցաւ դուռը, եւ մեղրամոմի գոյնով թոմթռկած դէմք մը ծրագրուեցաւ այդ բացուածքին մէջ։ Պառաւ մըն էր։

Է՞վ կ՚ուզէք, մռլտաց ան, հազիւ լսելի ձայնով։

Հանըմը։

Հանըմը հիւանդ է։

Պէ՛ ճանըմ, պոռաց Թադէոս աղա անհամբերութեամբ, հանըմին հիւանդութիւնը ի՞նչ է որ աստար երկայն տեւեց։

Չիյտեմ, հանըմը հիւանդ է։

Հանըմին գնա ըսէ որ Թադէոս աղա Մերկերեանն է եկողը, իմ անունս իմանայ նէ կ՚աղեկնայ։

Պառաւը քթթեց իր աղօտ աչքերը։

Հանըմը հիւանդ է։

Թադէոս աղա շարժում մը ըրաւ դուռը հրելու եւ ներս մտնելու. սակայն անիկա փոխանակ բացուելու, յանկարծ գոցուեցաւ. ու այցելուն՝ աչքերը գրան սեւեռած՝ մնաց անանկ, արձանի պէս։

Վա՜յ շո՜ւշանորդի, հայհոյեց Թադէոս աղա, դողդոջուն մատներով աճըռելով մօրուքը, յուզմունքէն տժգոյն, աչքերը գրեթէ թաց։ Ինծի՜, հէ՜, ինծի՜, Մերկերեանի՜ն, ինծի պէս մարդու՛ն ալ… Հասկցանք, ըսաւ քայլերը ուղղելով փողոցն ի վար, սա կնկանը խելքին քիչ մը դպած ըլլալու է…

Ու ա՛լ հիմակ երկար թիկնոցին երկու քղանցքները իրարու վրայ ժողվտելով՝ Մերկերեան Թադէոս աղան վերյիշեց ամբողջ անցեալը այդ տան, որուն դուռը այդքան բիրտ կերպով գոցուեր էր իր երեսին։ Մարկոս ամիրան ի՜նչ շէն, կենցաղասէր շուայտ մարդ էր. տան դուռը մշտաբաց, սեղանը յաւէտ տրամադրելի։ Կեր, խմէ, ապրէ։

Մերկերեան ամենէն յամառ, ամենէն աներես յաճախորդն էր եղած այդ արգաւանդ սեղանին։ Ամիրան ոսկին ափով կը նետէր։ Ա՛ռ ուզածիդ չափ։

Ի՜նչ օրեր էին, պէ՜, կը մռլտար մարդուկը՝ իր յուշքերուն մէջ թաղուած՝ Հ… գիւղին ծամածուռ սալարկներուն վրայէն անցնելով իր մսկոտ, ինքնամփոփ երեւոյթովը։ Ի՜նչ օրեր էին… մարդ ամիրա ըլլալէն ետքը, ատանկը ըլլալու է։ Մերկեր օղլաւ կ՚ըսէր նէ մէյմըն ալ բերնէն կը հանէր…շէնք շնորհք ամիրային աչքին լուսն էի… է՛յ շատ աղէկ, կ՚եզրակացնէր մարդուկը, յանկարծ կանգ առնելով փողոցին մէջ եւ ֆէսը մինչեւ ընքուիները վար քաշելով. ամիրայի մը աչքին լուսը եղիր, տարիներով անոր հետ ծունկ ծունկի նստէ, ժամանակ անցուր, ետքէն ալ օրին մէկը, ատ ամիրային տունէն վռնտուէ… ծօ՛ աս ըլլալի՞ք բան է, կը պոռար։

Ծերուկը լռեց, ու կատաղօրէն սկսաւ արագ արագ քալել, իր ակռապլիկ բերնէն մերթ սա խօսքը միայն թռցնելով սուլիւնի մը պէս։

Ինծի վռնտել, հէ՞…

Ու միեւնոյն թափով ներս մտաւ եկեղեցիին դռնէն եւ շունչը խորհրդարանը, լայն թիկնաթոռի մը մէջ առաւ։

Հոն, սակայն, կատաղութեան նոր ու աւելի բուռն տագնապ մը գրեթէ կանանչցուց մարդուկին երեսի ալիքաւորուած մաշկը։

Ծօ՛, ե՛ս պոռաց, ե՛ս, Մերկերեան, Թաղական խորհուրդին տասնըհինգ տարուան գանձապահը, վռնտուի՜մ…

Ժամկոչը, կապոյտ շալվարով կոնճ կարմրայտ գաւառացի մը, որ թաղական էֆէնտիին ետեւէն եկած՝ դուրսը կը սպասէր, դրան մէջ երեւցաւ՝ ծունկ բարեւ։

Հրամմեցէք, աղաս, ինծի՞ կանչեցիք…

Մերկերեան, ինքնաշարժօրէն, ոտքի ելաւ, ուժգնութեամբ քալեց մինչեւ դուռը՝ ապահովապէս ապտակելու համար այդ յանդուգնը որ իր է՛ն անձկագին րոպէներէն մէկը վրդովել կուգար այդպէս. բայց քայլ մը մնացած՝ հիասթափ, կեցաւ.

Գնա բա՛նդ, ծօ, քեզ կանչող չեղաւ, խմպը՛լ, պոռաց։

Մարդը, ահաբեկ, ետ քաշուեցաւ եւ դուռը գոցեց։

Առանձին, Թադէոս աղա սկսաւ վեր վար ճեմել խորհրդարանին մէջ, թիկնաթոռի մը, սեղանին զարնուելով մերթ, ու երբեմն մէկէն կանգ առնելով ու ակնապիշ ձեղունը դիտելով, ուր կապոյտ թեւիկներով ճերմակ հրեշտակներ ձիւնաթոյր ամպի շեղջերու վրայ կը սաւառնէին։

Մէկէն ի մէկ, սակայն, խուցին մէջտեղը կեցաւ գանձապահը, աճքերուն մէջ շէկ լոյսով մը։ Դէմքին առրուած գիծերուն վրայ ժպիտ մը կը կարկամէր հիմակ։

Տղա՞յ եմ ի՛նչ եմ որ կը բարկանամ, մրմռաց. ճար մը փնտռենք գտնանք…

Նորէն նստաւ թիկնաթոռին մէջ. կանաչ չուխայով ծածկուած երկար սեղանին առջեւ, մօրուքը շոյելով, ա՛լ գրեթէ հանդարտած։

Ամէնը մէկդի, կը շարունակէր մրթմրթալ պատուարժան գանձապահը, ծօ ես ան քառասուն տարուան գինին ո՞ւր կրնամ գտնել, ան պատուական, ան մեռոնի պէս գինին…

Ու լեզուն շաչեցուց ժօռատ բերնին մէջ։

Եւ նորէն յիշոց մը արձակեց։

Խե՛նթ, ցաւագար դուն ալ, մռնչեց մոլեգնօրէն նայելով դէպի այն ուղղութեամբ, ուր հաւանօրէն կը գտնուէր տունը, ուսկից վռնտուած էր։

Բայց , աւելցուց, վարպետութեամբ վարուինք, խենթերուն հետ անանկով գլուխ կ՚ելլուի…

Նամակի թուղթ մը քաշեց առջին, գրիչը առաւ, հազաց, կոկորդը մաքրեց, երերաց, տոտոզուեցաւ ու սկսաւ գրել։

«Հանըմ,

«Ապահով եմ թէ բնաւ տեղեկութիւն չունիք որ այսօր ձեզ այցելեցի ու ձեր պառաւ խոհարարուհին որուն ի՛նչ ցնորած ըլլալը գիտենք— ըսաւ թէ հանըմը հիւանդ է։ Երբեք չեմ ուզեր հաւատալ որ դուք ձեր տան քսանըհինգ տարուան բարեկամը պատուիրած ըլլաք ճամբել, երբ ան ներկայանայ ձեր ասպանջական դուռը։Գիտեմ որ սրտերնիդ սուգի մէջ է, բայց կա՞յ աշխարհի վրայ ինէ զատ մէկը ար կարող ըլլայ ձեր այդ անսահման սուգը ամոքել ու մխիթարել ձեզ։ Ես որ ձեր երջանիկ մանկութեան օրերը տեսած եմ, կարելի՞ բան է, որ ձեր այս դժբախտութեան ու կսկիծի օրերուն անտարբեր հանդիսատես մը մնամ։ Խնդրեմ, ուրեմն, տիկին, թոյլ տուէք ինծի՝ ձեր տան ամենէն հաւատարիմ, ամենէն անկեղծ բարեկամին գալ երբեմն իր սիրտցաւ բարեկամի պարտականութիւնը կատարել՝ թեթեւցնելով ձեր սրտին անհուն ցաւը եւ սրտապնդելով ձեզ մինակութեան ու դառնութեան այր տխուր վիճակին մէջ։

«Ձեր ցաւին որքան ցաւակից, ձեր սուգին որքան սգակիր ըլլալս գիտնալովնիդ, պիտի փութաք անշուշտ երկտողով մը գոհացում տալ սրտիս այս յոյժ բնական փափաքին, եւ թոյլատրել զիս որ բարեկամական պարտականութիւնս կատարեմ դժխածտութեան այս օրերուն մէջ ալ»։

«Մնամ ձեր անկեղծ բարեկամը»

«ԹԱԴԷՈՍ ՄԵՐԿԵՐԵԱՆ»

Պատուարժան գանձապահը անգամ մը ուշի ուշով աչքէ անցուց նամակը, նորէն ու նորէն կարդաց եւ վերջապէս իր նպատակին յաջողութեանը յարմար դատելով զայն, պահարանի մը մէջ դրաւ, հասցէն գրեց։ Ոտքի ելաւ, նամակը ձեռքը, մտածկոտ։

Եթէ աս ալ չյաջողի՜, մրմռաց։ Է՜հ, խերն եմ անիծոր, մեռնելու չե՛մ եա։

Քիչ ետքը, ժամկոչ ախպարը, իր կապյոտ շալվարին յետոյքը երերցնելէն, նամակը ձեռքը, կ՚երթար Հ… գիւղի փողոցներէն, քիթը բերանը գժդմնած…։

Փսխե՛ր եմ նամակիդ ալ վերան, քո ալ վերան, կը մռլտար բիբերը կատաղբրէն դարձնելով իր կլոր ակնապիճներուն մէջ. խըմպլ հէ՞, ինծի՞. վա՛յ քո… վա՜յ քո…

Ժամկոչ ախպարը ազատ ասպարէզ կուտար իր զայրոյթին՝ նախշուն ածականներու տարափի մը տակ ծածկելով Մերկերեան Թադէոս աղան, արարատեան գաւառաբարբառին ամենէն նկարագեղ որակականները զատելով։

Վերջապէս հասաւ ամիրային տան առջեւ, եւ դուռը զարկաւ։ Բայց ան, ինչպէս քիչ մը առաջ, շուտով վդ չբացուեցաւ. Ժամկոչ ախպարը, որ արդէն սրտմտած էր, մէյմըն ալ զարկաւ ուռնակը, աւելի ամուր։ Պատասխան չկայ։

Վա՛յ քո ամիրային…վա՛յ հանըմին… վա՛յ քո նամակին…

Մարդուկը երրորդ անգամ զարկաւ, կաս կարմիր գաւառական յիշոցներու ընկերակցութեամբ։

Վերջապէս, խորհրդապահօրէն, դուռը շարժեցաւ, ու անոր բացուածքին մէջ նորէն երեւցաւ պառաւ խոհարարուհիին թուլմաշկ դիմագծութիւնը, գորշ աչուըներուն թաց ու նուաղկոտ արտայայտութեամբը լուսաւորուած։

Ի՞նչ է ան, հարցուց պառաւը իր յուսահատ շեշտովը։

Աղան նամակ մը տուաւ հանըմին համար, պատասխանեց գաւառացին, թուղթը դրան ճեղքէն ներս երկնցնելով։

Պառաւը միշտ զգուշաւոր ու վախկոտ չէր համարձակեր մատը դպցնել ամէն բանի որ օտար էր եւ դուրսէն կուգար։

Հանըմին նակա՞կ մի. ի՞նչ նամակ, մռլտաց թուղթին վրայ նայելով գրեթէ խրտչած։

Պէ ճանըմ, պոռաց ժամկոչը անհամբերութենէն կարմրած, ես ի՞նչ գիտնամ, նակա՜կ…

Եւ, ա՜լ չհանդուրժելով, ձգեց զայն գետինը՝ ապշահար պառաւին աչքին առջեւ ու առաւ քալեց, շարուանկելով իր զայրոյթը զովանցել նկարագեղ յիշոցներով։

Ծօ՜, ես խերն եմ անիծեր քո նամակին ալ… քո հանըմին ալ փսխեր եմ քո… թքե՛ր եմ քո…։

Մարմարով յատակուած ընդաձակ քառակուսի բակին մէջ, որուն ցուրտ մերկութիւնը ձեղունէն կախուած ստեղնաւոր ջահով մը միայն կը խանգարուէր, պառաւը կեցած նամակին վրայ կը նայէր ու ինքնիրենը կը հարցնէր.

«Ո՞ր աղան հանըմին նամակ կը ղրկէ… հանըմին հետ ի՛նչ գործ ունի աղան… աս մարդիկը ըհասկցա՚ն որ հանըմը ա՛լ մէկուն հետ գործ ունենալ չ՛ուզեր… Հապա եթէ բարկանա՞յ նամակը առնելուս»…

Խեղճ կինը, վարանած, հանըմը բակացնելու վախով համար, կը մնար հոն, կիսատուեր բակին մէջ, որուն բարձր ու վանդակապատ պատուհանները դեղին սթորներուն տակ՝ տկար լոյս մը միայն թոյլ կուտային ներս թափանցել։Սեւ եազմային ներքեւ, որ անոր հերաթափ գանկը կը պարտկէր, պառաւին վշտահար, հիւծած, տժգոյն դէմքը՝ շէնբանզէի մը դէմքին կազմը ստացեր էր, արտակարկառ ցռուկովը ու ճակտին մէջ թաղուած մանր աճուըներովը։ Վտիտ ուսերուն վրայ գլուխը կարծես մաշկով մը միայն փակած էր, ծոծրակը ներս քաշուած, ճղճիմ, ողբալի։ Ցաւագարութիւն մը այդ կինը, քայքայուած ամբողջութեամբ, վերահաս տարբաղադրութեան մը վտանգին տակ։ Սեւ չփակին եւ մոխրագոյն շրջազգեստին տակ մարմինը ծայրեր, անկիւններ, ծռութիւններ ունէր։ Իր նողկալի ու արգահատելի պառաւութեան մէջ անիկա իր պատկանած սեռին մէկ հերքումն էր։ Էգը յիշեցնող բան մը չէր մնացած վրան։

Ու դեռ իր վարանումին մէջ կը շարունակէր մնալ հոտ, մարմարին վրայ, երբ աջ կողմէն դուռ մը բացուելով, ձայն մը , կոչ մը լսուեցաւ։

Նեկտա՛ր, ո՞վ էր ան… ի՞նչ է նորէն…

Պառաւը սասանեցաւ, յանցանքի վրայ մէկէն ի մէկ բռնուող տղու մը պէս։

Նամա՛կ մը, կակազեց, կաղն ի կաղ ուղղուելով դէպի բացուող դուռը, որուն շրջանակին մէջ սեւերով փաթթուած կնոջ մը սիլուէդը ծրագրուած էր։

Հանըմն էր, տիկին Երմոնէ Մարկոսեանը։

Արհամարհական շարժումով մը առաւ նամակը, վրան նայեցաւ, ուժգնօրէն պատռեց պահարանը, որուն մէջէն դուրս ելաւ Թադէոս աղայի աղերսագիրը։

Օ՜հ, սա ցընդածն ալ ի՞նչ կ՚ուզէ չիյտեմ։

Վեր ելաւ սանդուխին գորգապատ աստիճաններէն եւ ձուաձեւ ընդարձակ սրահի մը վրայ նայող դռներէն մէկը բանալով, մտաւ փոքր խուց մը, ցած թիկնաթոռներով զարդարուած։

Հսկայ հայելի մը, մահոկենիէ պարզ շրջանակի մը մէջ, մէկ պատը գրեթէ կը ծածկէր՝ ամբողջ խուցը իր մէջ ցոլացնելով։

Հանդիպակաց պատին վրայ կախուած էր մեծադիր պատկեր մը սեւ շղարշով ծածկուած, էրիկ մարդու կենդանագիր մըն էր ան, ոտքի կայնած, մէկ ձեռքը բազրիքի մը կռթնցուցած. միւսը տաբատին գրպանը։ Քողին մթութեան մէջ անոր տխրանոյշ դիմագծութիւնը կենդանի արտայայտութիւն մը կ՚առնէր՝ քաղցր խորունկ ակնարկին տակ. թեթեւ ժպիտէ մը լուսաւորուելով։

Գաբրիէլ էֆ. Մարկոսեանն էր, հանըմին ամուսինը, որ տարի մը առաջ մեռած էր դեռ գրեթէ երիտասարդ, սուգի մէջ թաղելով այդ ամիրայական ապարանքը։

Պատուհանին մօտ, թիկնաթոռի մը ծայրը նստած, տիկինը կը կարդար պատուարժան գանձապահին նամակը, հետզհետէ ծաղրանքի, արհամարհանքի, եւ բարկութեան նշաններ ցոյց տալով դէմքին վրայ։ Երբ աւարտեց, իր բարակ, ջղուտ մատներուն մէջ ճմրթկեց զայն, պլորեց, կծիկ մը ըրաւ, տեսակ մը մոլեգնութեամբ խածաւ խածխծեց եւ յետոյ պատուհանին մէջ փեղկը բանալով՝ ուժգնօրէն հեռուն նետեց։

Կեղծաւո՜ր, կը մրմնջէր, կեղծաւո՜ր… ցնդած դուն ալ։

Յետոյ, բարկութեամբ։

Չէ՛, չպիտի գայ տունս, մարդու երես տեսնալ չոմ ուզեր, ամենքդ ալ գետինը անցնիք… չէ՛, ի՛նչ ալ ընէք, ներս չպիտի առնեմ ձեզի։

«Հը՜, կը շարունակէր քալելով, բռունցքը գոցած, վրէ՜ժս պիտի լուծեմ՝ արհամարհելով ձեզ ամենդ ալ… ի՛նչ , իմ անուշ, իմ չգտնուած, իմ սիրական ամուսինիս մահէն ետքը՝ էրիկ մարդու երե՛ս նայիմ… Չէ՛, չէ՛, չէ՛, կը հեծէր՝ կենդանագիրին առջեւ կեցած, արցունքոտ աչքերն անոր վրայ յառելով պաղատագին ու կսկիծոտ… չպիտի վրդովեմ այս տան խաղաղութիւնը, ուր դուն կաս միշտ, ուր յիշատակդ, ստուերդ կը շրջի միշտ, իմ քաղցր, իմ անմոռանալի՜ ամուսինս…։

Յետոյ նորէն սկսելով քալել։

Հը՝, զիս մխիթարել, ցաւս փարատե՜լ… ո՞վ կրնայ ըսել թէ ունի այդ կարողութիւնը, այդ զօրութիւնը, մխիթարուի՛մ. ե՜ս, չէ՛, ըլլալիք բան չէ… սուգս է իմ մխիթարութիւնս, մինակութիւնս է իմ սփոփանքս, մարդոցմէ հեռու ապրիլն է իմ ցաւերուս դարմանը… Թադէոս աղան իմ վիշտ պիտի թեթեւցնէ եղեր, Աստուա՛ծ իմ, ի՜նչ ապուշներ կան… ուրեմն այս մարդիկը դեռ չհասկցան թէ զիրենք կ՚ատեմ այլեւս, այդ ատելութեանը մէջ կը փնտռեմ իմ գոհունակութիւնս, իմ մխիթարանքս…։

Այդ վայրկենին սենեակին դուռը բացուեցաւ եւ մանչ մը վազելով ներս մտաւ, հազիւ տասերկու—տասերեք տարու, խարտեաշ, գռուզ մազերով, կապոյտ աչուըներով ճերմակ, աշխոյժ եւ մսուտ։ Կարճ տաբատէն վար բումբերը կ՚երեւային՝ կլոր ու ձիգ։

Մամա՛։

Զաւա՜կս։

Կենդանագիրին առջեւ, մայր ու որդի իրարու պլլուեցան, խանդաղատագին ողջագուրանքի մը մէջ։

Մամա՛ս, աղուորիկ մամա՜ս, նորէն ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ աչքերդ արցունքով լեցուն են…։

Իմ մխիթարութի՛ւնս, իմ երջանկութի՛ւնս, աշխա՛րհս, հոգի՜ս…։

Ու մայրը չէր կշտանար գգուելէ, հոտուըտալէ այդ խարտեաշ աղուոր գլուխը՝ որ իր կուրծքին վրայ կ՚իյնար այնքան միամիտ, այնքան համբուրելի լքումով մը, ու կը փաթթուէր այդ քնքուշ էակին, կը սիրէր, կը պագնէր զայն, պահ մը կը հեռացնէր՝ բռնած անոր քունքերէն, անոր աչուըներուն կապոյտին մէջ թաղելով իր մայրական ամպարագիծ գորովը, անոր մատղաշ էութեանը մէջ լուալով, զովացնելով իր վիշտը, իր վէրքը, ու դարձեալ իրեն քաշելով, աւելի բուռն, աւելի խենթ, աւելի խանդակաթ։

Զաւա՛կս, կեա՛նքս, լո՛յսս…։

Վերէն, Գաբրիէլ էֆ. Մակոսեան, սեւ քողին ետեւը կանգուն, իր ժպտուն աչուըներովը կը դիտէր այդ աղապատալի գիրկընդխառնումը, ու կարծես երջանկութեան, կարօտի սարսուռ մը կը կածկլտար իր խաժ բիբերուն խորը։

Հուսկ ուրեմն, տղան ինքզինքը ազատեղ մօրը բազուկներէն, թօթուըվեցաւ, վրան գլուխը շտկեց, մազերուն խոպոպները յարդարեց եւ չփացած տղու մը ամբողջ ողոքիչ բայց տիրական շեշտովը՝ ըսաւ.

Մամա՛, ինծի ալ պիտի ղրկե՞ս Պ. Կոստանեանին դպրոցը… գեղին էն հարուստ տղաքը հոն կ՚երթան կոր… Շատ աղէկ վարժապետ է եղեր. ամէն մարդ կը գովէ կոր. հա՞, մամա՛, ինծի հոն ղրկէ , ես հոն երթալ կ՚ուզե՛մ… այո՛, կ՚ուզեմ, կ՚ուզե՛մ, կ՚ուզե՛մ, վերջացուց շաքար ուզող տղեկի մը պէս թղկալով։

Մայրը, տղուն այս լալկան պահանջին վրայ, մէկէն ի մէկ լուրջ եւ խոհուն եղած էր, դէմքին նիհար ու ձգտուած գիծերը որ պահ մը ընդլայներ ու կակղացեր էին, նորէն իրենց բնական ուղղութիւնը գտան, տխուր, խոժոռ, ցաւագին։

Չպատասխանեց։

Բայց տղան մօրը հոգեբանութեանը անծանօթ եւ անտարբեր՝ շարունակեց աւելի պահանջկոտ, աւելի աղմկալի ըլլալ։

Այս՛, մամա, ես ան դպրոցը պիտի երթամ. Պ. Կոստանեանը մինակ խելացի տղաքը կ՚առնէ եղեր, որովհետեւ կը հասկնայ եղեր թէ ո՛ր տղան խելացի է, ո՛րը անխելք…։

Եւ քծինքով մօտենալով մօրը, ու փաղաքշական.

Մամա՛, ինծի անոր տար ցուցուր անգամ մը, տեսնենք խելացի՞ եմ։

Մայրը իր երազէն արթնցած, ու քաղցր.

Զաւակս, քու խելացութիւնդ քննութեան կարօտ չէ. ատ աչքերը ունեցողը, ատ ճակատը ունեցողը անխելք կ՚ըլլա՞յ…։

Չէ՛, մամա, չէ՛. տար ինծի ան մարդուն ցուցուր անգամ մը, շատ կ՚աղաչեմ մամա՜ս, անուշ մամաս…։

Պաղատանքը այնքան անդիմադրելի էր, որ մայրը չկրցաւ իր մերժման մէջ յամառիլ։

Շատ աղէկ, տանիմ, զաւակս, տանիմ… Ըսէ՛ տեսնեմ, Ռոպէնսոնը լմնցուցի՞ր, Արշակ, հարցուց մաման, տղուն ուշադրութիւնը ուրիշ նիւթի վրայ դարձնել ուզելով։

Ա՛խ, մամա՛, բացագանչեց Արշակ աչքերը մէկէնիմէկ խանդավառ, դէմքը զմայլական. Ռոպէնսոնը ի՜նչ քաջ մարդ է. Ուրբաթ գերիին հետ վայրենիներուն դէմ կռուեցաւ ու փախցուց զանոնք՝ գերիներ ազատելով. ա՜հ, ի՜նչ սքանչելի բան է, մամա… որքան կ՚ուզէի Ռոպէնսոն մը ըլլալ. խոշոր շոգենաւ մը նստէի, մեծ ծովերուն մէջ փոթորիկի բռնուելով ընկղմէինք, մինակ ես ազատէի, ամագի կղզի մը ելլայի, հոն լամաներ գտնէի, մորթէ հագուստներ հագնէի, մամուկ մը ունենայի ինծի ընկեր, ետքը մարդակերները գային, հրացանը ձեռքս անոնց վրայ յարձակէի, պո՛մ, պո՛մ, պո՛մ… ամենքն ալ փախչէին, Ուրբաթ գերին ազատէի… Ուրբաթ գերի՜ն, քա՜հ, քա՜հ, քա՜հ…

Ու տղան սկսաւ բարձր քրքիջներ արձակել, պահ մը դադրեցնելով իր շարժումները զորս ըրած էր անմահ մենակեացին կեանքին դրուագները յիշելու եւ զանոնք բաղձալու միջոցին։

Ուրբաթ գերին, ա՛խ, մամա, ան ի՜նչ թօհաֆ մարդ է, շարունակեց տղան խնդալով ու շարժտկելով, ձեռքերը խաշած ջուրին մէջ խոթեց… վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ…

Ու տղան ձեռքերը օդին մէջ վեր վեր կը հանէր ցաւի խեղկատակ ծամածռումներով՝ իբր թէ ինքն ալ այդ միեւնոյն անհաճոյ արկածին ենթարկուած ըլլար։

Սակայն զաւկին բոլոր այս միմոսական սիրուն պատմուածքին պահուն, մամայի դէմքը խորունկ վշտի մը արտայայտութիւնը կ՚առնէր, հետզհետէ աւելի շեշտուելով, աւելի ակներեւ։

Արշակ շարունակեց։

Հապա ետքէն սպաննուած մարդակերը ուտել ուզեց նէ՛, վա՛յ անպիտան…ի՜նչ գէշ սովորութիւն. բայց Ռոպէնսոն թող չտուաւ… Ա՜հ, Ռոպէնսո՜ն, որչափ կ՚ուզէի Ռոպէնսոն մը ըլլալ, հէ՞, մամա, դուն ալ չե՞ս փափաքիր որ ես ալ Ռոպէնսոն մը ըլլամ ու գիրքերու մէջ իմին ալ պատմութիւնս գրուի այսպէս… Չե՞ս ուզեր հէ՞, մամա՛…

Տղան իր ըղձանքներուն զգլխիչ այս յորդման թափին մէջ մէկէնիմէկ կանգ առաւ սակայն՝ տեսնելով մայրը որ թիկնաթոռին մէջ հետզհետէ դէպի ետեւ իյնալով վերջապէս սկսեր էր հեկեկալ, ձեռքովը աչքերը գոցած։

Արշակ մօրը վրայ վազեց, ափիբերան, աղաղակելով, անոր ճիտը ինկած.

Մամաս, ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղաւ, հիւա՞նդ ես… չըսե՞ս։

Ու մայրը իր հեկեկանքներուն մէջէն։

Արշակ, մամադ պիտի ձգես երթա՞ս… մամադ առանձին պիտի թողուս… չե՞ս գիտեր որ մամադ առանց քեզի չ՚ապրիր… Ռոպէնսոնին մայրը ի՞նչ եղաւ. չե՞ս գիտեր…

Մօրը այս խօսքերը քրքիջի նոր տագնապի մը ենթարկեցին տղան, որ մամային երեսները փայփայելով։

Բայց, աղուոր մամաս, ես Ռոպէնսոնին պէս չեմ ըներ, քենէ հրաման կ՚առնեմ, եթէ տաս՝ կ՚երթամ, եթէ չտաս՝ չեմ երթար կամ թէ քեզի ալ հետս կը տանիմ, չ՚ըլլա՞ր, մամա…

Չէ՛, զաւակս, պատասխանեց մայրը, քիչ մը հանդարտած ու նորէն տղուն փաթթուելով, չէ՛, ո՛չ դուն գնա, ոչ զիս հետդ տար… Դուն կը դիմանա՞ս ատ չարչարանքներուն, իմ փափուկ հրեշտակս… Չէ՛, դուն յաւիտեան պիտի չբաժնուիս մամայէդ, հա՝ մի, հոգիս…

Չեմ երթար, մամա, քենէ չեմ բաժնուիր…

Ու իր յուռթի կարմիր շրթները մօրը վտիտ, տժգոյն այտին կպցուց Արշակ իբրեւ երաշխիքի անյեղելի արտայայտութիւն՝ Ռոպէնսոնի օրինակին չհետեւելու իր խոստմանը։

Ըսել է չպիտի՞ երթաս, հարցուց մայրը նորէն, դեռ կասկածոտ։

Ո՛չ, մամա, չպիտի երթամ… խե՞նթ եմ, ատ ծովերուն մէջ, ատ վտանգաւոր տեղուանքը ուր մարդ կ՚ուտեն… սուտ ըսի, չէ՛, չէ՛ չեմ ուզեր երթալ… հանգիստ եղիր։

Եւ տղան վազելով դուրս ելաւ սենեակէն՝ ըսելէ յետոյ.

Երթամ տեսնեմ ետքը ի՞նչ եղաւ Ռոպէնսոն…

Հանըմը մինակ մնալով, յուզուած. գունատ, չշարժեցաւ թիկնաթոռէն, իր ամուսինին կենգանագրին դէմը, որ քողին մթութեան մէջէն միշտ կը նայէր իր կապոյտ բիբերուն տխրանուշ սեւեռանքով, անթարթ ու խորունկ։

Գոց պահարաններէն անդին, հեռուն կը տարածուէր բազմերանգ գիւղանկարը, ամառ իրիկուններու անգայտ, նուրբ մշուշի մարմաշով մը պարուրուած, մարը մտնելու մօտ արեւին հուսկողջունող շառայլներէն լուսերանգուած։ Աջ կողմը, բլուրն ի վեր, հողին ելեւէջներուն համեմատ, ցած, սեւ հին տուներու տրտմական, ծամածուռ, խառն ի խուռն տողանցումը, եւ բլուփին ստորոտը եկեղեցիին վիթխարի իրանը, մեծվայելուչ եւ ամրակուռ հսկայ՝ խեղճ ու խարխուլ գաճաճներու այդ խռնումին մէջտեղ։ Աւելի հեռուն Ոսկեղջիւրի խաղաղ փռուածքը, անկանոն, զիկզակ եզերքներով, շոգենաւորու եւ նաւակներու փրփրոտ հետքերովն ակօսուած։

Գիւղանկարին յետին սահմանին վրայ, Էյուպի բարձունքը, իր անհուն մութ նոճիներուն յաւերժական խորհուրդին քով՝ կանանչ, թաւ պարտէզներու ակնապարար զուարթութեամբը։

Բնութեան այս անդորր, անուշ հեռապատկերին առջեւ, զոր ամբողջութեամբը իր նայուածքին մէջ կ՚ամփոփէր, իր նստած տեղէն, տիկին Երմոնէ Մարկոսեան վերյիշումը ունեցաւ իր կեանքին շքեղ եւ տրտմալի դրուագներուն, որոնք հիմա հանդարտօրէն, կարգաւ իր առջեւէն կ՚անցնէին՝ ճիշդ իր դէմը պարզուող այդ բազմատարր գիւղանկարին երանգներուն պէս, մերթ մռայլ, մերթ լուսաւոր։

Կը յիշէր իր մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը ամիրայական ապարանքին մեծադղորդ փարթամութեանը մէջ անցուած, խօլ, զուարթ, ապերասան կենաքով մը։

Մարկոս ամիրային մէկ հատիկ աղջիկը երեք մանչ զաւակներու մէջ, առողջ, գեղեցիկ, շէնշող, ամբողջ Հ… գիւղին զմայլումին ու մախանքին առարկայ, հացկատակներու ու շողոմարարներու կուոլէգէոնի մը կեղծ ու երկրպագու պաշտանքին թիրախը, կեանքը ապրած էր շլացման մը պէս։ Մակութեանը՝ մարգարիտներ ու ադամանդներ եղած էին իր բաղալիկները. անոնք, յետոյ, իր պչրոտ եւ զարդամոլ աղջիկի խարտեաշ գեղեցիկ գլուխը ու սպիտակ լանջքը զարզարած էին հոյակապօրէն։ Եւ ինքզինքը կրցած էր արժանի ցոյց տալ բոլոր այդ ճոխութեան եւ այդ շքեղութեան։ Ոչ ոք իրեն չափ վայելչօրէն պիտի կարենար պոռոտ, հարուստ այդ ցուցադրանքին արժանաւոր դերասանը հանդիսանալ։ Սխրալի ու պերճաշուք կերտուածք մը ունէր, նուրբ, թափանցիկ մորթի, խարտեաշ մետաքսաւէտ մազի, կապոյտ աչքերու այն խաժ աղուորութիւնը, որ նրբուղէշ ծաղկի մը կը նմանի, որքան հմայքոտ, այնքան ալ դիւրաբեկ, եւ խորշակի առաջին ալիք մը կրնայ անոր անօսր թերթիկները կծկել ու խամրեցնել։

Մայրը շուտով գերեզման իջած էր, համեստ ու ազնուական կին մը, գթոտ ու աղքատասէր. տեսակ մը արհամարհոտ վերբերումով դէպի իրեն վիճակուած այդ փարթամ կեանքը։ Իր բարերար ազդեցութիւնը պակսած էր իր աղջկանը, որ փայփայանքներու, կեղծ գովասանքներու, ապուշ զմայլանքներու տարափին տակ, երկրպագող, բուրվառող այդ մթնոլորտին մէջ գոռոզ, արհամարհոտ, բարձրահայեաց եղած էր։

Հայրը, Մարկոս ամիրան, ամիրայի սովորական տիպար, կառավարական հասոյթներու, թուրք փաշաներու նենգամիտ ու անկուշտ կողոպտիչ, շուայահաճոյքի ու տռփանքի գերի, թողած էր որ իր աղջիկը զոր կը պաշտէր մեծնար ինչպէս որ նեխոտ ապականարար այդ մթնոլորտը թոյլ կուտար անոր մեծնալ, սանձանրձակ ու անպաշտպան։ Եղբայրները, հօրենական բարքերու հաւատարիմ ժառանգորդներ, անհաշիւ մոխողներ եղած էին, հազիւ նշմարելով իրենց քրոջ գոյութիւնը, երբեք չհետաքրքրուելով անով։

Սակայն, իրերը իրենց երջանիկ, անուշ տեւողութիւնը չէին պահած. ճակատագրային աղէտ մը, ամէն բան տապալած, տակն ու վրայ ըրած էր։ Անակնկալ շնորհազրկում մը, հետեւանք անվերապահ ու յանդուգն կողոպտումին, որուն ենթարկուած էր կառավարութիւնը տարիներէ ի վեր, եկած էր վերջապէս անախորժ իրականութիւնը զգացնել Մարկոս ամիրային։

Բարձրագոյն հրամանով. ձերբակալուած ու բանտարկուած էր ամիրան, եւ կալուածներուն, հարստութեան մեծագոյն մասը, յարքունիս գրաւուած։ Սարսափը, լքումը յանկարծօրէն տիրած էր շռնդալից ապարանքին մէջ, սուգ եւ լռութիւն ամէն կողմ։ Հացկատակներու գեգէոնը մէկէնիմէկ ցիրուցան եղած էր տարմի մը պէս ագռաւներու, որոնք մեծակառաչ խոյս կուտան երբ գայլերու վոհմակ մը հասնի իրենց գիշատած դիակին վրայ։ Աղէտին սաստկութեանը տակ ամբողջ Հ… գիւղը սարսած էր. մեծ ապարանքին վրայ իջնող կայծակէն կարծես ամէն մարդ քիչ շատ հարուածուած էր. ամիրան, մեծազօր ամիրան բանտարտուա՜ծ. ի՜նչ գայթակղութիւն։

Իր պերճանքին խրոխտ կատարէն այս գահավէժ թաւալումը նախ ահեղապէս ցնցած էր ամիրային աղջիկը, ու պարապութիւն գտած էր, եղբայրներէն երկուքը խոյս տուած էին Պոլսէն, երրորդը՝ խենթենալով՝ հիւանդանոց փոխադրուած էր։ Եւ սպասաւորներու, սպասուհիներու շուարած, սարսափած խումբի մը դէմը գտեր էր ինքզինքը. ո՜ւր էին անձնազոհ, անձնուրաց խնկարկուները. ո՞ւր էին մեծարանքի, զոհաբերութեան փութկոտ ասպետները։ Ամայութի՜ւն։

Մանկամարդ աղջիկը այս ընդհանուր լքումին հանդէպ պահ մը ահաբեկ, շուտով սակայն անակնկայ արիութեան մը կորովի մը կրակը նշմարեց իր մէջ։ Ծառաներուն մեծագոյն մասը ճամբեց. յարաբերութիւնները սահմանափակեց, եւ իր հայրը այդ դժնդակ կացութենէն փրկելու համար, անխոնջ դիմումներու սկսաւ։ Փաշաներու, նախարարներու ներկայացաւ, իր հօր դատը պաշտպանեց, եւ՝ ի վերջոյ՝ շնորհ խնդրեց։ Իր ճարտար, եռանդոտ խօսուածքը, համակրելի ու գրաւիչ ժեսդերը, վէս եւ թովիչ նայուածքը՝ թոյլ ջիղերով այդ մարդոց վրայ վերջապէս կրցան ո եւ է ազդեցութիւն մը ունենալ, եւ ազատ արձակեցին ամիրան, առանց սակայն իրեն վերադարձնելու ահագին հարստութիւնը, զոր գրաւած էին. տուին անոր ինչ որ պէտք էր անօթի չմեռնելու համար, քանի մը կտոր կալուած ու իր ապրանքը, առանց բան մը պակսեցնելու անոր պարունակութենէն։

Ամսական քառասուն յիսուն ոսկի եկամուտը ի՜նչ ողորմելի գումար մըն էր հիմակ այն մարդուն համար որ հարիւր հազարաւոր ոսկիներ ափով նետած էր աջ եւ ահեակ։

Ամիրան, զնտաններու խորը փճանալու վտանգէն ազատած, իր աղջկան անձնուիրութեանը շնորհիւ, քաշուեցաւ յիշատակներով լեցուն իր ապարանքին մէկ անկիւնը. տխուր, թախծոտ, հոգիով ու մարմինով ջախջախուած։

Քիչ քիչ, սակայն, տանը հաւատարիմները, սմսեղուկ քայլերով, ներս սպրդած էին նորէն, այլեւս վայելելու համար ոչ թէ մեծ կերուխումները շուայտութեան հեշտալի տեսարանները, այլ թէ՛ երախտիքի ուշ մնացած արտայայութիւն մը մատուցանելու անկեալ ամիրայի մը եւ թէ մանաւանդ. անոր երբեմնի հացալւց սեղաններուն փշրանքները լկելու համար վերջապէս. ի՛նչ ալ ըլլար, այդ փշրանքները դեռ շատ իւղոտ էին։ Ամիրան, իր այլ եւս ինքնամփոփ կեանքին մէջ, ամէն ներկայացող մարդու ականջ չկախեց, երկու հատ ընտրեց անոնց մէջէն, ու մէկալներուն երթաք բարովը դրաւ։ Այս մէկ քանի հատին մէջ ալ, նախամեծարութիւնը կուտար Մերկերեան Թադէոս աղային, Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին յաւիտենական գանձապահը, որ յաջողած էր լայն տեղ գրաւել ամիրային համակրութեանը մէջ։

Իր այս տրտմալից կենցաղին մէջ, ամիրային միակ ուրախ վայրկեանն եղած էր իր սիրական աղջկան ամուսնութիւնը Գաբրիէլ էֆ. Մարկոսեանի հետը՝ նմանապէս ամիրայական շառաւիղէ. ազնիւ, վեհանձն, գեղեցիկ երիտասարդ մը, որ Օր. Երմոնէի շնորհներէն հրապուրուած՝ անձամբ ներկայացեր էր անոր ձեռքը խնդրելու։

Ամիրան, իր փորձառու աչքովը երիտասարդը խորազննելէ ետքը, իսկոյն տուած էր իր հաւանութիւնը, ու ամուսնութիւնը տեղի ունեցած էր բոլորովին անշուք կերպով, քանի մը մտերիմներու ներկայութեանը։

Այդ րոպէէն՝ ամիրային աղջկան համար նորազարթ, անծանօթ երջանկութեամբ կեանք մը սկսած էր։ Հայրը, ինքը ու ամուսինը՝ սիրով ջերմացած տաք բոյն մը կազմած էին, որ տեւած էր բաւական ատեն։ Հիմակ ա՛լ տեսակ մը ատելութեամբ, նողկանքով կը վերյիշէր առաջուան աղմկալի յոգնեցուցիչ կեանքը, ու նախախնամական կը համարէր այն բուռն յեղաշրջումը՝ որ ատանկ մէկ պատնէշ մը կանգնած էր իր առջի ու հիմակուան կեանքին մէջտեղը։

Եւ ահա նոր էակ մը եկած էր զուարթութեան նոր շեշտ մը դնել այդ անդորր բոյնին մէջ։ Ամիրան՝ իր վերջին րոպէներուն՝ իր թոռան զուարթ ճիչերուն մխիթարանքը ունեցաւ։ Ան մեռաւ երջանիկ, գուցէ աւելի երջանիկ քան եթէ իր մեծութեան բարձունքէն վար գլորած չըլլար։ Տիկին Մարկոսեան՝ իր խեղճ հօր կեանքին հուսկ յետին րոպէները երջանկացուցած ըլլալու համոզումէն մխիթարուեցաւ ու իր սէրը այլ եւս կեդրոնացուց ամուսինին ու մէկ հատիկ զաւկին վրայ։

Սակայն, դառնութեան բաժակին վերջին կաթիլը դեռ ըմպած չէր ան։ Ամուսնութեան ճիշդ տասնըմէկերորդ տարին, Գաբրիէլ էֆ. անակնկալ հիւանդութեան մը հետեւանօք մեռաւ։ Այս կորուստը խորունկ անբուժելի  վէրք մը բացաւ կնոջ սրտին մէջ. դամբանական կափարիչը եղաւ, որուն տակ այլ եւս յաւերժական սուգով ու ինքնամփոփ լռիկ մաշումով մը պիտի քաշկռտէր իր անմխիթար կեանքը, ա՛լ աշխարհի վրայ ոչինչ ունենալով բացի իր մէկ հատիկ զաւակէն։

Ու փոխուեցաւ, այլակերպեցաւ ան նկարագրով, ֆիզիքականով։ Մարդատեաց եղաւ, չարութիւնը բոյն դրաւ անոր հոգիին մէջ. ա՛լ չուզեց տեսնել մարդերը, զորս նկատեց իր դժբախտութիւններուն պատասխանատուն. Իր կապոյտ աչքերը, երբեմն այնքան անուշ սեւեռանքով, հիմա երկիւղի, կսկիծի, ատելութեան շողիւններ կ՚անթեղէին, ժպիտ ու աղապատանք նշուլելով միմիայն իր զաւկին համար, իր Արշակին համար զոր աշխարհին հետ չպիտի փոխարինէր։ Նիհարցաւ, դէմքին գիծերը քաշուեցան, խոժոռ, խիստ, անողոք արտայայտութիւն մը առին։ Ջղային եղաւ։ Լացի յեղակարծ տագնապներ ունեցաւ։ Օր մը՝ տագնապի մը պահուն՝ յանկարծ ճամբեց երկու ծառաները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր ամիրային տան մէջ կը ծառայէին, վար դնելով միմիայն պառաւ, ցաւագար խոհարարուհի մը, որուն վրայ կը մնար տան ամբողջ սպասարկութիւնը։ Պատուիրեց որ մէկը չընդունուի, մինչեւ իսկ Մերկերեան Թադէոս աղան, տանը է՛ն վստահելի, էն հին բարեկամը։

Ու այլ եւս իր ամբողջ վտիտ ու ցաւագար էութիւնը, իր բովանդակ քայքայուն կեանքը մէկ բանի մը, մէկ կէտի մը սեւեռած էր, իր զաւկին. բոլոր անցեալի շքեղութիւններէն, մեծութիւններէն, մոլեկան ցնցումներէն, ամիրայական հոյակապ փառայեղ կառոյցքէն, բոլոր հարստութիւններէն, ու բոլոր սերունդէն վերապրող այդ միակ բանին, միակ էակին վրայ։ Անիկա բոլոր կործանումներուն վերակենդանացումն էր. յարութիւնը բոլոր անէացած, ոչնչացած բաներուն, եզական փոխարինումը բոլոր չփոխարինուելիք իրերուն, կեանքերուն։

Ու հոն, թիկնաթոռին մէջ թաղուած, աչքերը գոց, իր կեանքին այս ցաւագին դրուագներուն տողանցումէն ընկճուած, ոչնչացախ, կը մնար, շարժելու անկարող, եւ օրհասական, ընդհատ հեւքով մը որմէ անոր տափակ ու ազազուն լանջքը կը տանջուէր՝ ինչպէս հեկեկանքէ մը։

Հեռուն, ընդարձակ նոճաստանին վերեւ արեւը կը խոնարհէր՝ բնութիւնը ջնարակելով իր հուսկողջոյնի շառայլներովը, շիջելափառ եւ հանդիսաւոր։ Խորհրդապահ կուռ սրահներուն ներքեւէն խուսափուկ ճառագայթ մը ներս սպրդեցաւ՝ լուսաւորելով ստուերոտ սենեակը։

Կինը աչքերը բացաւէ երազէ արթնցածի պէս, հառաչեց եւ իրականութեան դառնալու ճիգին մէջ մրմունջ մը թռաւ շրթներէն։

Զաւա՜կս, զաւա՜կս։

Ոտքի ելաւ, երկու ձեռքերով քունքերը սեղմած, դեռ այդ մահացու մղձաւանջին տպաւորութեանը տակ. դողդողալով, աչքերը արցունքով լեցուն։

Վերէն, սգապատ շրջանակին մէջէն, կենդանագրին խաժ աչքերը՝ իրենց անուշ ու ցաւագին պշնումովը՝ միշտ կը դիտէին անլուր տառապանքը այդ կնոջ, որ, հիմա թեւերը բացած, անոր կը դիմէր՝  ինչպէս ստրջացող մեղաւորուհի մը Աստուածամօր պատկերին։

Յանկարծ, դրանը բացուածքին մէջէն, խուլ խոռոչաւոր ձայնը պառաւ խոհարարուհիին.

Հանը՛մ, Բարթող աղան է, հանըմը տեսնել կ՚ուզեմ, կ՚ըսէ կոր։ Ի՞նչ ըսեմ։

Հանըմը՝ իր հոգեկան վերացումին ու փղձկումին մէջ այսպէս ընդհատուած, պահ մը կանգ առաւ, դէմքին վրայ զզուանքի արտայայտութեամբ մը։

Բարթող աղան թող վեր գայ, ըսաւ յետոյ։

Ու երբոր մինակ մնաց.

Ո՜հ, Աստուա՜ծ իմ, մրմնջեց, ե՞րբ պիտի ազատիմ այս հրէշներուն ձեռքէն։

Եւ պահ մը, սեւերու տակ ծածկուած այդ մանրուկ, դողդոջ մարմինը անշարժ մնաց ստուերոտ խուցին մէջ, գլխահակ, երկու ձեռքերովը երեսները ծածկած։

Ոտնաձայն մը սթափեցուց զինքը։

Մարդ մը ներս մտաւ, եթէ կարելի է մարդ անունը տալ արարածի մը որ գրեթէ ոչինչ ունէր մարդկային։ Կոճղի մը վրան կինճի գլուխ մը զետեղուած, տակը երկու ցուպեր թեթեւապէս կորնթարդ, երկու դիէն զոյգ մը ահագին դգալ կախեր էր, աչքին մէկը պաղած՝ սպիտակուցը բիբին հետ խառն դուրս ժայթքած եւ քունքին մօտ՝ միւս աչքին ուղղութենէն աւելի վար. երեսին մորթը կարծես հերիւնով մը հերձուած, ճեղքրտուած, ծակ ծակ եղած. ողջ աչքը, առանց թարթիչի եւ կարմրածիր. միակ անաղարտ մնացած բանը ծաղկախտի անգութ հարստահարութենէն ետքը, շարունակ կը դառնար ականողիքին մէջ. տեսակ մը հիւանդոտ թարթափումով, ամէն վայրկեան արցունքով թրջուած, մինչ միւսը, պայթածը, անշարժ կը մնար հեռուն, վայրենի եւ սարսափարկու։ Պեխերը ցանցառ էին. անծանօթ գոյնով քանի մը թելեր տափակ քիթին տակէն վար կախուած, չկրնալով ծածկել բերանը, որուն շուրթերը գրեթէ կաշիի երկու կտորներ էին՝ հազիւ հազ պարտկելով լղրճած լինտերը եւ փտած, թափթփած ակռաները։ Բարթող աղա, պեխին մէկ երկար թելը բռնելու եւ մատին փաթթելու, ողջ մնացած յարաշարժ բիբը անոր յառելով։ Ահա այն էութիւնը զոր արժանաւորապէս կը ներկայացնէր Բարթող աղան։

Բարթող աղա, որ քանի մը տարիէ ի վեր Մարկոսեաններուն տան հայթայթիչն ու գործակատարն էր, եկած էր հիմա իր ամսական համարտուութիւնն ընելու հանըմին, որ այդ վայրկեանին մանաւանդ բնաւ տրամադիր չէր զբաղելու կեանքի շուկայիկ մանրամասնութիւններով։ Գետնաքարշ մեծարանքի շարժմամբ բարեւելէ յետոյ տիկինը, մանրակրկիտ զգուշութիւններով, իր դպած տեղը աղտոտելու երկիւղով կամացուկ մը նստաւ թիկնաթոռի մը եզերքը, սպասելով, լուռ ու մունջ՝ որ տիկինը հաճի խօսք ուղղել իրեն։

Ի՞նչ կայ նայինք, հարցուց վերջապէս ան առանց իսկ մարդուն երեսը նայելու։ Աղէկ ըրիր որ եկար, պէտք ունէի քեզի։

Հանը՛մ, փարա բերի։

Այս սկզբնաւորութեամբ՝ գործակատարը կը յուսար հանըմին տրամադրութիւնը բարեփոխել։ Եւ գրպանէն ափ մը ոսկի հանելով՝ դրաւ սեղանին վրայ, աչքը կնոջը երեսին յառած։

Արդէն դրամի պէտք ունէի, Բարթող աղա, ո՛րքան է։

Քսանըհինգ ոսկի, հանըմ. Մոմխանէի ֆապրիքային երեք ամսուան վարձքը… բայց… շարունակեց մարդը պեխին մէկ թելը բռնելով ու մատին պլլելով։ Բայց… նորէն վնաս կայ, հանըմ, վնաս, ա՛խ աս վնասները… վերջը չեկաւ։ Առջի օրուան պօռային չամչըրախը ֆապրիքային վրայ ինջեր, սաչախը փլցուցեր է, չորս հինգ ոսկիի վնաս կայ, հանըմ, ի՞նչ կ՚ըսէք, շինել տա՞նք…։

Ֆապրիքային մարդիկը բան չե՞ն եղած, Բարթոս աղա, հարցուց տիկին Մակոսեան՝ արկածին ստուգութեանը անկասկած, մարդուն ահաւոր երեւոյթէն խաբուելով։

Մարդոցը բան չէ եղեր, հանըմ, մինակ վախցեր փախեր են… հիմա նորէն կը բանին կոր, եա՛ ֆապրիքան փլչէր տէ տակը մնային նէ՛, աւելցուց գործակատարը ողբագին շեշտով մը… ի՛նչ է նէ, հանըմ, քիչով ազատեցանք. ի՞նչ կ՚ըսես, շինել տա՞նք։

Շինել տուր։

Բարթոս աղա շունչ մը առաւ, աչքը ուրախութեան կայծ մը փայլատակեց։

Հինգ ոսկի շահած էր։

Իմ բախտէս, իմ չար բախտէս է աս վնասները, հանըմ, շարունակեց մարդուկը լալկանութեամբ. ես բախտաւոր ըլլայի նէ աղջիկներս ասանկ կը մնայի՞ն, Կատարինէս, Մագթաղինէս. տարիքնին լեցաւ, հանըմ, ի՞նչ պիտի ընեմ, դուռս զարնող չկայ, հարցնող մը չկայ ան քիմեայի պէս աղջիկներս, քիմեա՛, քիմեա՛…։

Եւ Բարթող աղա մատին մէկը ողջ աչքին տարաւ՝ արցունք մը սրբելու պէս։

Ասոնց խոմէթը Աստուած կուտայ, Բարթող աղա, ըսաւ աիկինը, հոգ մի՛ ըներ… ուշ ըլլայ անուշ ըլլայ։

Ուշացաւ, հանըմ, ուշացա՜ւ. Մագթաղինէս երեսունը կոխեց, ի՞նչ պիտի ընեմ, ողորմած Աստուած, վերջացուց գործակատարը, երկու ձեռքերով իր ահագին գլուխը բռնելով։

Յետոյ, իսկոյն, իբր թէ իր ներքին կսկիծէն սթափած եւ ոտքի ելլելով։

Կը ներէք, հանըմ, գլուխ կը ցաւցնեմ կոր պարապ խօսքերով, պատուէր մը, բան մը ունի՞ք ինծի ըսելու… ատենը ուշ է, ելլամ տուն երթամ, աղջիկներս…

Կոստանեան անունով մէկը գեղին մէջ դպրոց բացեր է եղեր, գիտե՞ս Բարթող աղա, ընդհատեց տիկին Մարկոսեան…։

Այո՛, հանըմ, Ռուսիայէն եկած մարդ մըն է եղեր, շատ կը գովեն կոր, երկայն մազերով եւ գլխարկով մէկն է. քանի մը հեղ տեսայ փողոցը. շատ մարդ զաւակը անոր դպրոցը կը ղրկէ կոր. շատ գիտնական է եղեր…հէ՛մ…

Մարդուկը կեցաւ՝ ըսելիքին գուցէ ինքն ալ տարակուսելով, տիկինը երեսը նայեցաւ։

Հէմ ի՞նչ, Բարթող աղա…։

Հանըմ, շարեւնակեց գործակատարը՝ դէմքը հեգնական ժպիտի մը մէջ մռմռկելով, տղոցը գլխուն նային է անոնց ի՛նչ ըլլալիքը կը հասկնայ եղեր, մինեճիմի պէս… հէմ կ՚ըսէ եղեր քի տղան մեծնայ նէ ի՜նչճի պիտի ըլլայ… Թոհա՜ֆ բաներ… ինծի հարցնես նէ ատ մարդը… ի՞նչ եւ է, հանըմ, ինչո՞ւ հարցուցիք։

Արշակս ատոր դպրոցը երթալ կ՚ուզէ կոր. տե՛ս այս իրիկուն այդ մարդը եւ խնդրէ իմ կողմէս որ վաղը անպատճառ հոս գայ։

Գլխուս վրայ, հանըմ, հիմա շիտակ հոն կ՚երթամ, պատասխանեց Բարթող աղա, թիկնոցը փորին վրայ ամփոփելով, եւ խոնարհաբար բարեւելէ յետոյ տիկինը՝ դուրս ելաւ։

Հրէշը ճամբան սա խորհրդածութիւնները կը բանաձեւէր, հրճուանքէն կէս գինով.

Հի՜նգ ոսկի… մէկ օրուան մէջ. ասանկ երթայ նէ քանի մը տարիէն կը հարստանամ. այո՛. կը հարստանամ. է՛ ալ ան ատենը ե՛ս չպիտի տամ աղջիկներս… Բարթող աղայի աղջիկները մատով պիտի ցուցնեն. ոտքս, ձեռքս պիտի իյնան. «Բարթող աղա, աղջիկդ, Մագթաղինէդ, ան հրեշտակի պէս. խումրիի պէս Մագթաղինքդ տուր» պիտի ըսեն, ամանի պիտի գան, «Մատամ բան մը կ՚ընենք» պիտի ըսեմ… աղէկէն աղէկին, էֆէնտիմ… հէ՛մ ասչափ տարի սպասեմ, հէմ հանէմ տէ սանկ մէկո՞ւն տամ… չէ, չըլլա՛ր, վէսէլա՛մ…։

«Սա կնի՜կը, ի՜նչ քիպար, ի՛նչ ազնուական կնիկ պէ՛, կը մռլտար մարդուկը, ոչ հաշիւ կը հարցնէ, ոչ բան… շնորհքով քէլէփիր է. ո՞ւրկէ ուր ձեռքս անցաւ… ֆապրիքան փլեր է ըսեմ, պիտի հաւատայ, նորէն տուր պիտի ըսէ… Ծօ՛, կեցիր…

Բարթող աղա յանկարծ կանգ առաւ փողոցին մէջ, ուր մթնշաղին յետին մարմրուքները առարկաներու գիծերը կը հալեցնէին։ Հրաշալի գաղափար մը ծնած էր իր ահաւոր գանկին մէջ։

«Կ՚ըլլայ մի չըլլար» սա Պէպէքի հին տունը փլեր է ըսեմ նէ՜… հեռու տեղ, կ՚ելլայ կ՚երթայ տէ կը նայի՜… եա երթայ նէ՜… ի՞նչ խըեախ բան կ՚ըլլայ պէ՛, ամսէ ամիս երկու ոսկին ես կ՚առնէի… Մագթաղինէս տեղաւորուելուն պէս Կատարինէիս թրախոման հազըր կ՚ընէի… ծօ ի՞նչ կ՚ըսես, Բարթիկ, սա բանը ընե՞մ, ամիսը երկու ոսկի՞, փարա է պէ՛, փարա՛… Ա՜խ, կը շարունակէր հրէշը ձեռքը օդին մէջ շարժելով, հանըմը «սա երկու հարիւր ոսկին առ տէ, տունը ծինել տուր» ըսէր նէ, ծօ՛ ան ինչ պատուական բան կ՚ըլլար… Երկու հարիւր ոսկին առնելուս պէս, տունով տեղով կծիկը կը դնէի, թող հանըմն ալ Բարթող աղա փնտռէր… ամա, երկու հարիւր ոսկի փարան, ո՞ւրկէ պիտի գտնայ տէ ինծի տայ… խենթին ալ մէկն է, մէկէն ի մէկ ելլայ տէ Պէպէք երթայ նէ, փլած տունը տեսնելու, վա՛յ պապամ, խերս անիծուեցաւ գնաց. Բարթիկին թէմքէ մը տունէն դուրս. ե՞տքը, ի՞նչ կ՚ըլլայ վիճակս… աղջիկնե՞րը ինչ կ՚ընենք… չէ՛, չեղաւ, չըըլլար, ըլլալիք բան չէ, գործերնիս կ՚աւրենք. հիմակուհիմա սանկ երթանք տէ… ասոր հինգ ոսկի զարկինք, քիչ փարա չէ. ո՜վ գիտէ, օրին մէկը տունը փլեր է ըսելու ալ կարգը կուգայ…»։

Ու Բարթող աղա վերջնականապէս որոշելով չգործադրել յղացած հոյակապ ծրագիրը, սկսաւ աւելի շուտ քալել շերեփի պէս երկար ու չոր բազուկները երերցնելէն. ամէն մէկ քայլի գլխու համաչափ տատանումներով։ Հիմակ ա՛լ ուրիշ նիւթի վրայ կը մտածէր։

Ատ Ռուսիայէն եկած մարդը թոհաֆ մարդ մըն է. ան ի՜նչ մազեր ունի. եա աչուընե՜րը. աւազակի աչուընե՛ր… Շատ գիտնական է եղեր. ո՞վ գիտէ. կրնայ ըլլալ… թոհա՜ֆ բան, գլխուն նայեյելով ի՜նչ ըլլալիքը ի՛նչ չըլլալիքը կը հասկնայ կոր, ամէն մարդ իր զաւակը ցուցունելու կը տանի կոր իրեն. ես ալ մէյ մը Կատարինէս, Մագթաղինէս տանիմ ցուցնե՞մ…։ Մեծերուն ալ կը նայի՞ մի, մէյ մը հարցունեմ, ամօթ չէ եա…»։

Բարթող աղայի ներքին կեանքը հետաքրքրաշարժ մանրամասնութիւններ կը պարունակէր։

Գեղին մէջ հանրածանօթ դէմք մըն էր. չճանչցող չկար զինքը. տարիքը վաթսունի մօտ էր. ամուսնացած էր եւ երկու աղջկան տէր. Կատարինէն եւ Մագթաղինէն։ Կինը, մեծղի ու տգեղ, երբոր գտնուէր անխորհուրդ եւ անկիրթ մէկը որ իր երեսին զարնէր այդ հրէշին հետ ամուսնացած ըլլալը, սա պատասխանը ունէր միշտ իր բերնին մէջ.

Մրսի վրա՜դ, կարգուած ատեննիս Բարթիկս սիւլիւնի պէս տէլիխանլը էր. ետքէն ատանկ եղաւ. ա՛խ, ան չիչէ՜կը, ան չիչէ՜կը…

Բայց Տիկին Բարթողի այս հաստատումը ջրողներ ալ կային, պնդելով որ երեսունըհինգ տարի առաջ ալ ատանկ էր Բարթող աղան, ամուսնացած պահուն։ Պանդոյրներու դասակարգին մէջ, հետեւապէս այս հարցը անլուծելի մնացած էր եւ միշտ վէճերու տեղի կուտար։

Կատարինէն եւ Մագթաղինէն, ա՛լ հասուկ աղջիկներ էին. մեծը, Մագթաղինէն, երեսունը չորսը մտած էր, յետին ծայր յուսահատութեան մատնելով իր հայրն ու մայրը, մանաւանդ հայրը,, քանի որ տակաւին ամուսնութեան ոեւէ յարմար թեկնածու չէր ներկայացած։ Բարձրահասակ , մէկ չափի վրայ ճերմկոտի աղջիկներ էին, կովի պէս խոշոր գլուխով, լայն աչքերով միշտ զոյգ պտըտելով, միեւնոյն ձեւով, գոյնով մանրամասնութեամբ հագուած։ Գեղին մէջ, ռամիկ եւ հեգնող սրամտութեամբ մը, զանոնք «զոյգ տատրակներ» կ՚անուանէին։

Անոնց տարիքին հետ Բարթող աղային մտատանջութիւնը կ՚աւելնար, կը սաստկանար, ցաւագին յանկերգի մը պէս պատեհ եւ անպատեհ առիթներու մէջ կը կրկնէր իր կնոջը եւ մտերիմներու, պեխին մէկ թելը մատին պլորելով, ողջ աչքը վրան յառած.

Աղջիկնե՜րս, կիւզէլի՜մ աղջիկներս ուզող չկայ… տարիքնին լեցա՜ւ, կնի՜կ, խելքդ գլուխդ ժողվէ, ի՞նչ պիտի ընենք. Կատարինէ՛ս եա՛ Մագթաղինէս, երեսունը անցա՜ւ… երեսունը…։

Ու խեղճ մարդը ապահովապէս պիտի լար, եթէ իր հարստահարուած աչքերը իրենց լալու ընդունակութիւնը կորսնցուցած չըլլային առ յաւէտ։

Տիկին Բարթող, աղէտաւոր իրականութիւնը յիշեցնող էրկանը այս ողբին՝ ուրիշ պատասխան չունէր եթէ ոչ երկու ձեռքերը գլխուն տանիլ, աչքերը յուսահատ պաղատանքով երկինք վերցուցած։

Բարթող աղային արհեստը տարօրինակ էր, ճիշդ իր մարմնին պէս։ Բազմաճիւղ էր ան։ Գեղին աղքատ ընտանիքներուն միս եւ նպարեղէն կը ծախէր ձեռքի վրայ։ Ահագին զամբիւղ մը ունէր կռնակն ի վար կախուած, որուն մէջ կը գտնուէին մսի կտորուանք, բրինձ, ալիւր, շաքար, խահուէ, լուբիա, սիսեռ, ամէնքն ալ հոտած, մգլոտած, բորբոսած։ Աղքատ ընտանիքներու մեծամեծ դիւրութիւններ կ՚ընծայէր Բարթող աղա։ Ամէն բան թէ վար գինով կուտար եւ թէ ապառիկ, երկու առաւելութիւններ որոնք աղքատը թէ՛ զինաթափ կ՚ընեն, թէ կը կողոպտեն։ Մարդը իր արհեստին վաշխառուն էր։ Իրաւ, հրապարակի գինէն վար գինով իր ապրանքները կը վաճառէր։ Սակայն պայմանով մը, իր չքաւոր յաճախորդները եթէ որոշուած պայմանաժամուն պարտքերնին չկարենային վճարել, տոկոս կը բանէր։ Երբեմն, նոյնիսկ շատ անգամ, վճարումը այնքան կ՚երկարէր եւ միւս կողմէ տոկոսը այնքան կ՚աճէր բաղադրեալ տոկոսի հաշուով, որ վերջապէս օրին մէկը դրամը գանձելուն, երբ Բարթող աղա մանրամասն հաշիւ մը ընէր, զմայլումով կը հաստատէր թէ օրինակի համար, օխան երեք ղ[ուրու]շի քշած գարշելի միսին օխան իսկապէս վեց ղրուշի եկած էր։

Կնի՛կ, կ՚ըէր յափշտակութեանը մէջ իր խոճկորի դունչը երերցնելէն, ասանկ չընեմ նէ ընտո՞ր կ՚ապրինք, հապա աղջիկնե՞րը ընտոր կը կարգենք… Ա՜խ, սա Մագթաղինէս մէյ մը տեղաւորէի…։

Հետզհետէ, սակայն, իր արհեստին գաղտնիքներուն թափանցելով, Բարթող աղա մղուած էր ապօրէն ու նողկալի ճանբաներու։ Իր գործին կարեւորագոյն ճիւղը մսավաճառութիւնը ըլլալով, մարդուկը զայն աւելի շահաբեր ընծայելու համար, իր այլակերպ գանկին մէջ անարգ խորհուրդ մը ծներ էր, զոր կը գործադրէր ահաւոր ճարպիկութեամբ եւ խղճի անայլայլ հանդարտութեամբ։

Ամէն առտու, մութնուլուսուն, զամբիւղը կռնակը, ցամաքէն Ղալաթիա կ՚երթար, ժողվելու համար լեհ մսավաճառներուն խանութի թափթփուքները շատ վար գնով, կովի լղրճած փայծաղներ, գոմէշի հոտած կոկորդներ, զազիր գլուխներ, փորոտիք, թոք, լեարդ եւ կեանդանիներուն մարմնին էն վարնոց մասերը։ Ու ետ կը դառնար, զառիվերներէն գրեթէ ճանկռթուելով, հեւալով, ֆշալով, կքած այդ ահագին զամբիւղին տակ, կատարած ճիգէն պաղած աչքը աւելի դուրս ցցուած, ծաղկաւէտ դէմքը քրտնաթաթաւ։

Տուն հասնելուն՝ խոհանոցին մէջ կը թափէր զամբիւղին գարշահոտ պարունակութիւնը. արիւնաշաղախ կտորներ իրարու փակած, խառնուած, փաթթուած դուրս կ՚իյնային, մէկ զանգուածով , որուն առջեւ ծալապատիկ կը նստէր Բարթող աղա գոհունակութեան լայն հառաչով մը, թեւերը սոթթած, մէջքէն վար կախած ճենճոտ գոգնոց մը։ Ու կը սկսէր զատել, ըղեղը աղիքէն, երիկամունքը թոքէն, սիրտը լեարդէն ու կը շարէր զանոնք իրարմէ անջատ, կոյտ կոյտ, ամէն մէկ դէզը ամբողջացնելէ ետքը շեղ ակնարկ մը նետելով իր յաճախորդներուն եղոտ ցուցակին վրայ, իւրաքանչիւրին ճաշակին, պահանջին, կարողութեանը համեմատ կատարելու համար ընտրութիւնը։

Կինը հոն էր. ան ալ իր կարշնեղ բազուկները մերկացուցած, արթուն աչքով հսկելով էրկանը աշխատութեանը վրայ, երբեմն դիտողութիւններ յանդգնելով, որոնց Բարթող աղան կը պատասխանէր գորշ, ահաւոր բիբը անոր վրայ յառելով արհամարհօրէն։

Վերջապէս, երբոր աւարտէր իր գործը, շուրջը պրպտող ակնարկ մը կը պտտցունէր, իբր թէ վախնար որ անգաղտնապահ աչք մը յանկարծ կրնար տեսնել ինչ որ տեղի պիտի ունենար, ու կ՚ըսէր կնոջը.

Խրստիկ, սա երէկ գիշերուան զարկածս բեր։

Խրստիկ հանըմ, ինքն ալ կասկածոտ նայուածքէ մը յետոյ դէպի խոհանոցին պատուհանները, մթերանոցի դուռ մը բանալով, սատկած շան մը փայտացած դիակը դուրս կը քաշէր, պոչէն բռնած։ Բարթող աղա՝ կապկային ճարպիկութեամբ մը սուր երկար դանակով մը զինուած կենդանիին վրայ կ՚իյնար, նախ գլուխը կոճղէն կը զատէր, մորթը կը քաշէր կը հանէր մատներու վարժ շարժուածքներով, ու տասը վայրկեան ետքը շան մորթազերծ կարմիր մարմինը կը փռուէր հոն, քստմնելի եւ զազիր։ Իսկոյն մսագործը, հիմակ փոքր կացինով մը զինուած մոլեգնօրէն կը կոտրտէր դիակը յօշյօշ, ոտքերը, զիստերը, կռնակը, կուրծքը անճանաչելի մասերու վերածելով, շնչասպառ, ահռելի բիբը յառած արիւնլուայ, սիրտխառնուք կտորներուն վրայ, պաղած աչքը անշարժ եւ սարսափելի։

Եւ ահա շան դիակը կ՚անհետանար, պատրաստուած կոյտերու մէջ ցրուելով իր գարշելի պատառները, իր գոյութիւնը երբեք զգալի չընելով, բայց առնուազն վեց եօթը օխա ստուարացնելով ամբողջին կշիռը։

Շատ քիչ անգամ երբոր Խրստիկ հանըմ, իբրեւ կին, իր դժգոհութիւնը յայտնէր պիղծ կենդանիներու այդ անարգ ու նողկալի շահագործումին համար, Բարթող աղա մէկ պատասխան մը ունէր։

Կնի՛կ, աղջիկները մնացին, առնող չկայ, փարա պէտք է, փարա՛։ Կատարինէս, Մագթաղինէս երեսունը անցա՜ն, խելքդ գլուխդ ժողվէ, կնիկ, վերջերնիս ո՞ւր պիտի երթայ…

Մութ գիշերներ, Բարթող աղա, ոտքը տրեխներով, թիկնոցին ներքեւ փեքր անձայն հրացան մը պահած, ուշ ատեն դուրս կ՚ելլար, շուն, կատու զարնելու։ Իր տունը, գեղին էն հեռաւոր անկիւնը, լերան սահմանակից, ամայի եւ լուռ, շատ նպաստաւոր դիրք մը ունէր այսօրինակ որսորդութեան մը համար։

Կամաց, զգուշաւոր քայլերով, գլուխը ուսերուն մէջ քաշած, աչքը չորս դին. տուներու ցանկորմներու, պատերու տակէն կ՚անցնէր գողի մը պէս, աղմուկ, ոտնաձայն լրտեսելով, ամենապզտիկ շշուկի մը կանգ առնելու համար։ Ու յանկարծ կը կծկուէր անկիւն մը, թիկնոցին տակէն կը հանէր հրազէնը, ուսին կը կռթնցունէր, նշան առնելով քանի մը քայլ անդին ինք իր վրայ պլորուած շան մը, որ կը քնանար, վտանգին անգիտակ։

Եւ ահա սուր, օրհասական կաղկանձ մը կը բարձրանար մութին մէջէն. կենդանին կ՚իյնար գալարուելով, շանթահար, որսորդը իսկոյն վրայ կը հասնէր, պարկի մը մէջ կը նետէր դիակը, կը շալկէր, ա՛լ արագ քայլերով տուն կը դառնար, իր յաճախորդներուն վաղուան պարէնը հայթայթած։

Բարթող աղա, իր եւ յարակից փողոցներուն մէջ շուները շատցնելու ամէն խնամք կը տանէր։ Անոնց համար մեծ գուրգուրանք ցոյց կուտար։ Ամէն մարդ, անոր ոճրագործ դիտաւորութեանը անտեղեակ, բարեսիրտ մարդ ըլլալուն մէկ նշանը կը համարէր այդ տարապայման շնասիրութիւնը։ Իր մերձեցումէն խեղճ կենդանիները խոյս չէին իտար, վասն զի ճամբան անցած ատենը, չորցած հացի կտորուանք եւ ոսկոր կը նետէր անոնց, զամբիղին մէջէն հանելով։ Անոր պարտէզին դուռը մշտաբաց էր, եւ շուները կը մտնային կ՚ելլային, իրենց օրապահիկին հետամուտ բայց շատ անգամ այդ հիւրասէր դռնէն ներս կենաքերնին վրայ տալով։ Շունի սով տիրած ատենը, հէք կատուներն էին որ կը տուժէին, որոնցմէ մեծ քանակութեամբ կը բուծանէր Բարթող աղա իր ան շրջանակներուն մէջ։

Ցերեկները, որսորդը դարանամուտ կը սպասէր իր պարտէզին ծառերուն ետին՝ փիսիկներուն անցքը լրտեսելով, յանկարծակիի բերելու համար զանոնք՝ իրենց մանրակրկիտ քթուըտուքներուն միջոցին։ Աղեխարշ մլաւիւն մը եւ ողորմուկ ակնարկ մը դէպի անծանօթ թշնամին, ու փիսիկը կը փռուէր թաթիկներու թեթեւ ջղայնացումներէ ետքը։

Բարթող աղայի ամենէն մեծ հաճոյքներէն մէկն էր նաեւ դիտել՝ տանիքներու վրայ, ցանկապատներու  քով, պարտէզն ու փողոցներուն մէջ տարփավառ պայքարները շուներուն եւ կատուներուն՝ բեղմնաւորութեան խելայեղ ճիգերուն անձնատուր։ Ասանկ պագշոտ տեսարանի մը առջեւ, մէկէն կանգ կ՚առնէր, աչքը լայնաբաց, դէմքին ծակտիքները զմայլանքի ծամածռմամբ մը ճմրթկուած, ու թելադրական, հրաուիրող բացագանչութիւններ կ՚ունենար։

Հա՛, պապապ, հա՛ օղլում, ձեզ տեսնամ, շատցէ՛ք, բազմացէ՛ք…

Ձմեռը, բաղդատմամբ ուրիշ եղանակներու, որսը առատ չէր ըլլար, ինչ որ մեծ դժգոհութիւն կը պատճառէր Բարթող աղային, որ գրեթէ ամէն օր կը գանգատէր այդ մասին իր կնոջը, շիլ աչքը կատաղութեան բոցով լեցուն։

—Կնի՛կ, ապրանքը ապրանքին կուտամ կոր… ասոր վե՞րջը, շուն չմնաց, կնիկ, շուն չմնաց, ձմեռը գործերնիս քէսատ է… աղջիկները ըսես՝ հարցնող փնտռող չկայ, Կատարինէս, եա՛ Մագթաղինէս երեսունը անցաւ, կնի՛կ, երեսո՜ւնը… ա՛խ…

Սակայն, Բարթող աղա, իր բազմաթիւ չքաւոր յաճախորդներուն մէջ մէկ քանի հարուստներ ալ ունէր, որոնք թէեւ անբաժան կը մնային իր շունի եւ կատուի համեղ բաշխումներէն, բայց ասիկա բնաւ պատճառ մը չէր որ անոնք մարդուկին անարգ շահագործութեան ճարակ չդառնային. ընդհակառակը իր աւազակի բովանդակ նենգաւոր տաղանդը զանոնք կողոպտելու միջոցներուն անդադրում յղացմանը կը յատկացնէր, ու կը յաջողէր։

Բարթող աղա Մարկոսեաններու տան հայթայթիչն ու գործակատարն էր տարիներէ ի վեր, ու հոն շահած էր եթէ ոչ համակրութիւն, գոնէ տեսակ մը գութ բնութենէն ապաշնորհուածի իր ցաւագար շարժուձեւերովը եւ իր «Կատարինէս, Մագթաղինէս» յաւիտենական լալկանութեամբը։

Մարկոսեան էֆ. ի մահուընէն ետք՝ հանըմը Բարթող աղայի յանձնած էր նաեւ իր կալուածներու հասոյթներուն հաւաքման գործը. շահագործութեան նոր եւ անակնկալ հորիզոն, որուն պայծառութիւնը չլացուցած էր մարդուկին աչքը եւ հոգին հրճուանքէ դողդղացուցած։

Իր շերեփի պէս երկար ու բարակ թեւերը երերցնելէն, գորչ բիբը տարապայման կայծով մը հրդեհուած կնոջը վրայ վազած էր այս լուրը աւետելու։

Կնի՛կ, սուս էղիր, սո՛ւս… գործերնիս աղէկ է. հանըմին իրատները պիտի ժողովեմ… է ա՛լ հոգդ մ՚ըներ, կնիկ, աղջիկնիս ուզող ուզողի պիտի ըլլայ… զավալլը Կատարինէս, եա՛ Մագթաղինէս, վա՛խ եավրում վա՛խ…

Յետոյ նստած էր իր արգաւանդ գանկին մէջ նենգութեան, աճապարարութեան նորանոր ոստայններ հիւսելու, անոնց ցանցերուն մէջ բռնելու, կաշկանդելու համար այս պարարտ ճանճը, որ յիմարօրէն եկած ինկած էր հոն։

Հակառակ իր երկարամեայ խարդախ ու կեղծարար կեանքին, այս հրէշը երջանկութիւնը ունեցած էր բարի, անկեղծ, անխարդախ մարդու անուն մը շինելու. ոչ ոք կը կասկածէր անկէ, նոյն իսկ հաւատացողներ կային թէ Բարթող աղան՝ աղքատ ընտանիքներու ապրուստին ընծայած իր դիւրութիւններովը՝ նախախնամական դեր մը կը կատարէր, գեղին աղքատախնամ մարմնին գործը դիւրացնելով։

Երբոր տեսնային փողոցներէն անոր տաժանքոտ անցքը՝ ահագին զամբիւղին տակ կքած, միամիտներ կը գտնուէին զինքը մեղքցող։

—Սա խեղճ մարդուն քաշա՜ծը, պատառ մը հացի համար… վա՛խ, վա՛խ, վա՛խ…

Այնպէս որ, ամիրային աղջիկը առանց վարանելու իր կալուածներուն յանձանձումը վստահած էր Բարթող աղային՝ իբրեւ գերազանցապէս ուղղամիտ մէկու մը, հակառակ անոր արտաքին գարշելի երեւոյթին նկատմամբ զգացած իր խորին հակակրութեանը։ Մարդը սգաւոր կնոջ այս տրամադրութիւնը սկսած էր շահագործել արագօրէն, վստահ թէ անիկա՝ իր ցաւերուն, կսկիծներուն անձնատուր՝ երբեք չպիտի վրդովէր իր նենգաւոր հաշիւները։

Երբեմն, քանի մը ամիսը հեղ մը, կուգար հանըմին տեղեկութիւններ տալու կալուածներու վիճակին վրայ, մանրամասն հաշիւ ներկայացնելով, զոր հազիւ թէ մտիկ կ՚ընէր ան։ Առաջին անգամ, շէնքերու ընդհանուր նորոգութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտած եւ հաւանութիւն առած էր։ Այս պատրուակին տակ, Բարթող աղա կլորիկ գումար մըն էր շորթած։ Եւ ա՛լ այնուհետեւ արդարանալի պատրուակները իրարու ետեւէ շարած էր, ամսական եկամուտին ծայրէն պոչէն կտրելու, գողնալու համար։Այսօր վարձւոր մը առած քալած կ՚ըլլար կէս ամսականը ուտելով. միւս օր՝ ուրիշ մը ամսական վարձքը զեղչած կ՚ըլլար խանութէն ելլալու սպառնալիքով. ուրիշ անգամ՝ բուռն փոթորիկ մը տան մը քիւը սախտած կ՚ըլլար, որուն վերանորոգումը առնուազն երկու ոսկիի կը նայէր. վերջապէս ամիս չէր անցներ որ Բարթող աղա մէկ քանի ոսկի չգրպանէր՝ իր ստացած հինգ առ հարիւր վարձատրութենէն զատ։

Իր համարատուութեան սովորական այցելութիւններէն մէկը տուած էր տիկին Մարկոսեանին, որուն դէմ նոր դաւեր կը նիւթէր, կողոպուտի նոր ծրագիրներ կը պատրաստէր ճամբան գացած միջոցին… քիչ քիչ խաւարը կը տիրէր համապարփակ։ Բարթող աղա կտրեց իր խորհրդածութիւններուն թելը, երկյարկ, լայնանիստ տան մը առջեւ հասած ըլլալով։

Կոստանեան վարժարանն էր։