Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ.
ՍԻՍՏԵՄԻՆ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ

Տիկին Մարկոսեան, որ էրկանը համուընէն ի վեր, գրեթէ միմիայն եկեղեցի երթալու համար դուրս կ՚ելլար, շատ ահաճութեամբ, նոյնիսկ սրտնեղանքով մըն էր որ ընդունեց Պ. Կոստանեանին հրաւէրը Բարթող աղայի բերնով, յաջորդ առտուն։ Մարդուկը մռայլամած դէմքով մըն էր որ ներկայացաւ հանըմին՝ հաղորդելու համար տնօրէնին պատասխանը։

Հանըմ, ըսաւ ի վերջոյ, ահռելի բիբը խաղցնելով, ես քեզի խրատ տուող չեմ ամմա, կ՚ուզես նէ ատ մարդուն հետ կտոր մը թէրթիպլի վարուէ։

Հանըմը, որուն գոռոզ, ամբարտաւան նկարագիրը երբեք ուրիշներուն խորհուրդը, պատուէրը չէր հանդուրժեր, արհամարհանքով մը մարդուկին ծռմռակ երեսը չափչփեց։

Բարթող աղա, ըսաւ կծու շեշտով մը, ատանկ բաներու մի՛ խառնուիր… դուն նայէ որ ժամ առաջ աղջիկներդ կարգես, հասկցա՞ր…

Կը ներէք, հանըմ, կակազեց մարդը իր սրտին հատորիկներուն նկատմամբ եղած այդ ակնարկութենէն խոր խոցուած, կը ներէք, բան մըն էր ըսի… ընտոր կ՚ուզէք անանկ վարուեցէք… բան մըն էր ըսի, աֆ կ՚ընէք… սխալեցայ… ի՞նչ գիտնամ…

Եւ փողոցի դռնէն կորաքամակ դուրս ելած պահուն, փողոցին մէջ իսկ, իր այլայլումին սաստկութեանը տակ, մանրավաճառը կը շարունակէր՝ ներում խնդրելու, իր ըարծ սխալը շտկելու մարմաջին մէջ՝ համանման բառեր մռլտալ. «Աֆ կ՚ընէք, բան մըն էր ըսի… ինչնո՛ւս պէտք… խալթ կերանք…»։

Յետոյ, յեղակարծ ըմբոստացումով մը, կանգ առնելով.

Աղէկ ամմա, աղջիկներս, կիւզէլիմ եավրունե՞րս ինչու աս գործին խառնեց… կարգեր եմ չեմ կարգեր, իրեն ի՛նչ պէ, պոռաց բարկութեամբ… փէ՛ք աղէկ. անա՞նկ է մի… աս ամիս քեզի հինգ ոսկիի խազըխ մը խոթեմ տէ կը տեսնաս…

Վրէժխնդրութեան այս ծրագրին ներշնչած այս սփոփանքին տակ, Բարթող աղա գտաւ ինքզինքը ու վերադառնալով նորէն առջի գիշերուան տարօրինակ միջադէպին, որուն յաճախանքը րոպէ մը չէր հեռացած իր երեւակայութենէն։

Ծօ, աղէկ ազատեցայ ատ փախուկին ծառքէն… եա՜ ճիտս պլլուեր նէ… եա՜ խըղդեր նէ ինծի… Կատարինէս, Մագթաղինէս ի՞նչ պիտի ըլլային…

 

Ճար չկար. տիկին Մարկոսեան կամայ ակամայ իր զաւակը պիտի անձամբ առաջնորդէր Կոստանեան վարժարանը, քանի որ տղան գիշեր ցորեկ լացուկոծի մէջ էր, հակառակ Ռոպէնսոնի եւ ուրիշ պատմութիւններուն, որոնցմով մայրը կ՚ուզէր զբաղեցնել տղուն միտքը եւ մոռցնել տալ այդ անիծեալ վարժարանին խնդիրը։ Ասիկա անկարելի եղաւ։ Կէսօրէն ետք՝ մտաւ իր սեւ քողին տակ եւ տղուն հետ՝ որ ուրախութենէն մօրը ճիտը կը պլլուէր, ելաւ Կոստանեան վարժարանը գնաց։ Երկյարկ խոշոր շէնք մըն էր, յարակից ընդարձակ պարտէզով, ուր աշակերտները ցորեկուան զբօսանքը կը կատարէին։ Բոլորն ալ դպրոցական համազգեստ հագած էին, օձիքին մէկ կողմը սա ոսկետառ տրէզով. Կոստանեան կրթարան, եւ միւս կողմը՝ անունը ուսման կամ գիտութեան այն ճիւղին որուն պիտի հետեւէր աշակերտը, օրինակի համար՝ լեզուագիտութիւն, մաթոմաթիք, նկարչութիւն, գրականութիւն, մանկավարժութիւն եւն. ։ Այդ պաշտօնական տարազներուն մէջ կանխահաս գիտուններն ու գրագէտները խրոխտանքով կը պրկուէին, հիմակուընէ իսկ ցոյց տալով արհամարհոտ ու պերճաշուք ժեսդեր, որոնք կը վայլէին ազգին ապագայ այդ պարծանքներուն։ Եւ մանաւանդ աննկարագրելի էր անգոսնող նայուածքները, զորս կ՚արձակէին փոխադարձաբար, իրենց օձիքներուն ոսկեշող տրիզումներուն, իւրաքանչիւրը ա՛յնքան իրենին շքեղութեանը, գերազանցութեանը մասին խորունկ ու անյեղելի հաւատք մը, պաշտում մը ունէր։

Երբոր տիկին Մարկոսեան իր զաւկին հետ երեւցաւ պարտէզին վանդակորմին առջեւ, իրարանցում մը առաջ եկաւ տղոց մէջ։

Ամիրային աղջիկն է, տղաք, Արշակը դպրոց կը բերէ կոր։

Դէպք էր ասիկա, արդարեւ։ Մինչեւ այն տարիքը, մայրը իր եսասէր արհամարհանքին հեստութեանը մէջ, չէր զիջած իր զաւկին դաստիարակութիւնը օտար ձեռքերու վստահիլ։ Իր գորովանքի տենչերուն, ջղայնոտ կնոջ իր հիւանդագին տագնապներուն մէջ կորսուած, ձեւած, կաղապարած էր տղուն հոգին ու մարմինը իր իսկ նկարագրին վրայ։ Ու երբոր, հիմա, ամբողջ գիւղը վարող քշող այդ հոսանքին ինքն ալ կը հետեւէր՝ իր հպարտութեան բարձունքէն վար ինկած, գլխիկոր համակերպութեամբ անձամբ բերելով իր զաւակը, աչքի զարնող դէպք մըն էր ասիկա նոյնիսկ տղաքներուն համար։

Տնտեսը, մեծաբերձ գաւառացի մը, մարտաշունչ երկար պեխերով, կապտագոյն երիզաւոր տարազ մը հագած, իր օձիքին վրայ ունենալով անխուսափելի ոսկետառ տրէզը, Կոստանեան Կրթարան, մեծարանօք դիմաւորեց տիկին Մարկոսեանը եւ զանիկա իսկոյն առաջնորդեց տնօրէնին սենեակը։

Խաչագործը արդէն նոյն օրը լիուլի տեղեկութիւններ առած էր ամիրային աղջկանը մասին։ Իրեն հասկցուցած էին թէ կատարեալ յաղթանակ մըն էր իրեն համար՝ այդ գոռոզ ամբարտաւան կնոջ իր ոտքը գալը, զաւակը իրեն յանձնելու համար։ Գիւղին մէջ, արգելքի, անյաջողութեան վերջին պատնէշները կը փլչէին, կ՚իյնային ուրեմն իր առջեւ։ Ու զանիկա ընդունելու համար անանկ արարողական ու մեծարալից ձեւեր առաւ որ մինչեւ այն ատեն իրեն ներկայացած մայրերը նախանձով պիտի լեցուէին երբոր տեսնային այդ ընդունելութիւնները։ Սենեկին դուռը շտապեց՝ ժպտուն ու սիրալիր.

Համմեցէք, համմեցէք, տիկին, անհամբեր ձեզ էի սպասում։

Տիկին Մարկոսեան առանց իր քողածածկ լրջութենէն մատ մը շեղելու, թեթեւ խոնարհութեամբ մը պատասխանեց այդ յարգարլից շարժումներուն, եւ գնաց նստաւ թիկնաթոռի մը վրայ, ուր հրամցուցած էր զինքը Կոստանեան։ Տղան, իր ապագայ դաստիարակին հայեցողութեամբը յափշտակուած. մօրը քով կը կենար, լռիկ մնջիկ։

Պարոն, ըսաւ հանըմը վերջապէս իր ճռզած ու նուաղուն ձայնովը, առանց քողը մէկդի առնելու. զաւակս կ՚ուզէ՞ք ընդունիլ ձեր դպրոցը։

Դա պատիւ եմ համարում ինձ, պատասխանեց մարդը, թեթեւ խոնարհութեամբ մը։

Խնդրեմ, պարոն, ձեր պայմանները ըսէիք։

Փոխանակ ուղղակի պատասխանելու, Կոստանեան մօտեցաւ տղուն, եւ նայուածքին մէջ զմայլանքի արտայայտութեամբ մը որ տիկինին աչքերէն չվրիպեցաւ թեթեւ քննութենէ մը անցուց զայն։

Տիկին, ըսաւ աւարտելով, մի սքանչելի զաւակ ունէք… դէմքը ցոյց է տալիս մի յոյժ խելօք պատանի։ Հաւաստում եմ ձեզ, տիկին, որ իրան տրուելով նպատակայարմար դաստիարակութիւն, սա լինելու է մի շատ, մի վերին աստիճանի երեւելի անձ…

Իր մոլեռանդ ու ջղայնոտ մայրութեան ամենէն զգայուն թելերուն վրայ այսքան քաղցր, այսքան զգլխիչ կերպով փայփայուած, տիկին Մարկոսեան մէկէն ի մէկ թողուց իր անհաղորդ կեցուածքը։ Աշխուժ շարժումով մը մէկդի առնելով սեւ քողը, որուն տակէն Կոստանեանին աչքին պարզուեցաւ կանանչ դաժան նայուածք մը, կանխահաս պառւութեան աւերներով տգեղցած երկար դէմքի մը վրայ, դողդոջուն ձայնով մը ըսաւ։

Օ՜հ, շնորհակալ եմ, պարոն, ո՛րքան կ՚ուրախացնէք զիս։ Շնորհակալ եմ…

Ոչինչ, տիկին, ճշմարտութիւնն յայտնում եմ։ Իմ ասածը փաստով կարող եմ հաստատել։

Ու Կոստանեան բռնեց տղան ու տարաւ իր գրասեղանին մօտ։ Ու երկիւղած լռութեան մը մէջտեղ է որ խաչագողին մատները, կարկինն ու մեթրաչափ գործին իրենց պայմանադրական դերը խաղացին տղուն գանկին վրայ, Գալ—Կոստանեան սիսեմին բոլոր մանրամասն արարողութիւններով։ Մասնաւոր տետրակի մը մէջ հարկաւոր ծանօթագրութիւնները նշանակելէ յետոյ, մանկավարժը, գուշակի մը լուրջ եւ հանդիսաւոր ձայնովը, պտգամեց։

Տիկին, ձեր զաւակը կոչուած է լինել մի մեծ գիտնական, որը պէտք է պարծանք լինի մեր ազգին։

Մայրը, այս բերկրառիթ աւետումէն իր զգացած ուրախութիւնը խօսքով արտայայտելու անկարող, աչքերը արտասուալից, թեւերը բացաւ իր զաւկին.

Արշա՛կս, հոգի՛ս։

Տղան մօր գիրկը սլացաւ։ Ու պահ մը անոնք գիրկընդխառն մնացին, մինչ Կոստանեան, հեռուէն. կը վայելէր մարդկային շոշորդութեան այդ անբացատրելիօրէն խեղկատակ տեսարանը, աչքերը մոլեգին գոհունակութեան եւ ծաղրանքի նշոյլներով ցոլարձակ։ Երբոր զաւակը մօրը գիրկէն բաժնուեցաւ, Կոստանեան նորէն իր դիրքը փոխած, երկիւղած ու յարգալից եղած էր։

Տիկին Մարկոսեան, հրճուանքէն, առաջին վեց-ամսեան կանխիկ վճարեց, հակառակ մանկավարժին մերժումներուն։ Ու բերնին մէջ շնորհակալութեան բառերով էր որ զաւակը յանձնելով այդ մարդուն՝ դուրս ելաւ, սեւ քողին տակ պարտկելով իր այլայլած դէմքը։

Զաւակս մեծ գիտնական մը պիտի ըլլայ… ազգին պարծանքը… մեծ հարստութեան տէր։ Աստուա՜ծ իմ, իրա՞ւ է արդեօք. կը մրմնջէր խեղճ կինը ճամբան։

Տուն հասնելուն, շիտակ իր սուգի սենեակը ելաւ, եւ քողը երեսին, ծնրադրելով էրկանը կենդանագրին առջեւ, աղօթեց երկարօրէն, լուռ ու մունջ, ինչպէս երբեք չէր աղօթած։

Իր սուգի, թախծութեան, հիւծումի ուխտուած կեանքին վրայ յանկարծ նոր վարագոյր մը կը բացուէր, տեսարանին խորէն արշալոյսի մը կանխազեկոյց ճառագայթները շողացնելով։ Փառքի, մեծութեան, ցոյցի իր բնածին տրամադրութիւնները, որոնք դժբախտութեանց յաջորդական հարուածին տակ սքլած նուազած էին, մէկէն ի մէկ կը յառնէին, կը յորձանային, իր գունատ թոյլ այտերը շառագունելով, աչուըներուն կանանչ բիբերը կենդանացնելով։ Երազէ մըն էր որ կ՚արթննար։ Հոգեկան վայելումներու անիրաւ զրկանքին, ճզմուած, կոտրած հպարտութեան մը փոխվրէժին բոցերը ահաւոր հրդեհ մը կը բռնկցունէին հիմա այդ մտիտ, հալումաշ, կմախաձեւ մարմնին մէջ։

Տղաս մեծ գիտնակա՜ն մը… ազգին պարծա՜նքը… մեխ հարստութեան տէ՜ր, կը մրմնջէր իր թիկնաթոռին մէջ ընկղմած։

Ու այս քանի մը հսկայ բառերուն ետին թաքնուած փառասիրութեան, արհամարհանքի, ամբարհաւաճ կենցաղի մը արբեցուցիչ հեռապատկերը կը դառնար իր աչքերուն առջեւ, վանելով իր տրտմալի մտածումներուն յաճախանքը, դժոխային ուրուականը իր հին սուգերուն, իր հին կսկիծներուն։ Տղան պիտի մեծնար, տաղանդ մը, հանճար մը պիտի ըլլար, համասփիւռ զմայլանքի, նախանձի, մեծարանքի առարկայ. ամիրայական քանդուած օճախը իր մոխիրներուն մէջէն յանկարծ պիտի վերականգնէր մեծադղղորդ յառումով, ակնախտիզ փայլով։ Ու ինք, այդ հանճարին ստեղծիչ, պիտի գակակալէր վերածնուած փառքին այդ շքեղութիւններուն երկրպագու, գետնամած սքանչացումի այդ ժեսդերուն մէջտեղ։ Ցնո՞րք էր, երա՞զ թէ իրականութիւն. իր յափշտակութեանը, իր վերացումին մէջ, դէմը պարզուող բազմերանգ գիւղանկարին վրայ իր պղտոր նայուածքը գերբնական, անճառելի բանի մը հանդիսատես կ՚ըլլար. ան կը կարծէր տեսնել անտառներէն, դաշտերէն, բլուրներէն, գետակէն, շէնքերէն մարդկային կերպարանքներու, ֆանդաստիկ ուրուային ձեւերու ժայթքումը խուռնամբոխ երամներով, իրարու զարնուելով, ձուլուելով, անջատուելով շարունակ մրրկայոյզ ովկէանի մը վիշապաձեւ ոստումներովը։

Ահաւոր, վախճանական խուճապ մըն էր. մերկ, ողորկ գանկեր արեւին տակ շողշողուն, տարապայման գլուխներ՝ անտառուտ ցից վարսերու ներքեւ անհետացած, օրհասական ոռնումներով բացուած փրփրոտ երախներ, հոլանի բազուկներ լուսնոտ շարժուածքներու մէջ պրկուած, մահուան արհաւիրքներով գազանացած աչուըներ, վազող, փախչող, հեւացող մարմիններ իրարու կը պլլուէին, իրարմէ խոյս կուտային, զիրար կը հալածէին՝ կարծես դառնալով, հոլովուելով, պտուտքելով ահեղ ուրականի մը աշխարհաւեր մտրակումին տակ։ Եւ ահա յանկարծ վերէն մարդեղէն էակ մը կը սկսէր յամրաբար իջնալ, իջնալ, իջնալ մինչեւ տանջուող, մահամերձ ամբոխին մօտ, ու, հրաշքով մը, ուրականին ալիքները խաղաղեցան, խուճապը դադրեցաւ, լայնաբաց կլափները գոցուեցան, գալարուող բազուկները վար իջան, բարերար, ընդհանուր սթափում մը այդ օր հասական ամբոխին յաճախանքը վանեց. ու հիմա, ակնարկները անդորր եւ անուշ, պաղատանքի, փառաբանութեան սեւեռանքով, ուղղուեցան դէպի վեր, դէպի այդ անակնալ երեւոյթը, որ ժպտուն լոյս դէմքով, կ՚իջնար շարունակ, հետզհետէ մեծնալով, հետզհետէ դիւթելով, մագնիսելով երկնապող գլուխներու այդ անտառը։

Ու տիկին Մարկոսեան, երազացնոր այս տեսիլքին աստիճանական հոլովմանը միջոցին՝ ինքն ալ՝ անզգալաբար, իր դէմքին վրայ արտայայտած էր բոլոր սոսկումները, պրկումները, արհաւիրքը այդ ամբոխին, ինքզինքը գրեթէ կորսնցուցած, իբնոսացած, տարուելով իր երեւակայութեան հրայրքին ստեղծած այդ ահռելի ցնորքէն. ու ինքն ալ, գալարատանջ բազմութեան հետ, կրած էր բարերար ազդեցութիւնը փողփողենէջ էակին, յափշտակուած, արձանացած, խելակորոյս։

Եւ յանկարծ, տեղէն ցատքելով, բազուկները կարկառուն, սեւեռաբիբ, տժգոյն, շնչասպառ, ճիչ մը արձակեց.

Զաւա՜կս, զաւա՜կս։

Սակայն, տեսլիքը անհետ եղած էր մուխի մը պէս. բնութիւնը վերստացած էր իր անդորրութիւնը. հեռուն՝ ամպածրար նոճիները իրենց սգաւոր խաղաղութեան մէջ կը կանգնէին միշտ՝ պահ մը կարծես իրենց աղիքներէն դուրս ժայթքելով անհատնում սերունդները, որոնք յաւերժական քուներնին կը քնանան հոն. բլուրները կանանչ հանդերձանքներուն տակ, կ՚ալիքանային զուարթ ու ծիծաղկոտ գետակը՝ արծաթավառ բեհեզ՝ իր անվախճան վէտվէտումին մէջ կը պսպղար, ու շէնքերը, ամէն կողմէ, իրենց մութ իրանները կը ցցէին, լուռ եւ անկենդան։ Եւ մայրը, պատուհանին առջեւ, ի զուր փնտռելով, սրտատրոփ, ակնապիշ, մեծահրաշ տեսիլքը, որ իր զաւկին փառաւորումը, աստուածացումը պատկերացուցած էր։

Ուշաբերումը չուշացաւ. հանդարտած, ուժթափ, ինկաւ իր թիկնաթոռին մէջ, այդ գերբնական, ահաւոր երեւոյթին տալով խորհրդանշական իմաստ մը՝ զաւկին ապագայ փառքերուն նախագուշակ։

Իրիկուան, դպրոցէն արձակուելուն, Արշակ իր մայրը գտաւ թիկնաթոռին մէջ, իր խոհանքներուն անձնատուր, ցաւի ու խնդումի յուզումներուն մատնուած փոխնիփոխ։ Ջղաձիգ, գորովոտ բազուկները նորէն բացուեցան, տղան նորէն անոնց մէջ նետուեցաւ կատուի մը մսկոտ քծինքներովը, այդ օրուան դպրոցական կեանքին մանրամասն համարատուութիւնն ընելով իր մօրը, որ յափշտակուած ջերմեռանդ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ։

Մամա, օ՛ֆ, տեսնաս ի՜նչ միւսիւ մըն է, տեսնա՜ս, տեսնա՜ս…

Քանի մը օրէն, Արշակ ունեցաւ իր դպրոցական համազգեստը։ Մաման օձիքներուն տրիզումը ոսկի թելով բանել տուաւ։ Հրճուանքին, երջանկութեան մեծութեանը մէջ, իր սովորութիւններուն փոքր զարտուղում մը տուաւ։ Արշակին միջոցաւ՝ ճաշի հրաւէր մը ղրկեց Պ. Կոստանեանին, որ փութաց ընդունիլ։ Շքեղ, առատ սեղան մը պատրաստուեցաւ, ոռոգուած այն երեսնամեայ մշկաբոյր գինիովը, որուն կարօտովը կը հալէր, կը մաշէր հէք Թադէոս աղա Մերկերեանը։ Մանկավարժը Կախէթի գինիէն բարձր գտաւ այդ ամիրայական գինին, որմէ գաւաթներ կուլ տուաւ, տղուն ու մամային կենցաը ըմպելով փոխնիփոխ, չմոռնալով անոնց ուշադրութիւն մը դարձնել այն շլմորեցուցիչ սիստեմին վրայ, որուն շնորհիւ «մի ինչ որ երեւելի գիտնական» պիտի ըլլար Արշակ։

Ճաշէն յետոյ, հանդիսական սրահին մէջ, որ ըստեղնաւոր ջահով մը կը լուսաւորուէր, խաչագողը իր Եւրոպայի կեանքէն դրուագներ պատմեց, անբաժանելի բուռօն բերնին անկիւնը տեղաւորած։ Մանրամասնեց իր քրտնաթոր, դժնդակ ճիգերը, որոնք դաստիարակչական այդ մեթոտի գիւտին եկած յանգած էին։ Տիկինը ձեռնամած կ՚ունկնդրէր, ուսին վրայ ունենալով զաւկին գլուխը, եւ ատեն ատեն, զմայլանքի ողոքիչ հառաչով մը կը մրմնջէր.

Ա՛հ, Պ. Կոստանեան, ինչե՜ր քաշեր էք, ինչե՜ր…

Էդ ոչինչ, տիկին, հարցը նրանումն է որ իմ աշխատանքները յաջողութեամբ պսակւեն…

Եւ մարդը կը շարունակէր իր անհերթեթ յերիւրանքները, ինքնօգնութեան, անձնազոհութեան, անշահախնդրութեան անսգիւտ տիպար մը ներկայացնելով իր անձը։

Կէս գիշերը անցած էր երբոր մանկավարժը մեկնեցաւ. մաման իր կրած հմայքը, շլացումը խօսքի մը մէջ խտացուց։

Ա՛խ, արդեօք Արշակս ալ ասանկ մէկը պիտի ըլլա՞յ։

Կիրակի օրերը, Պ. Կոստանեան իր աշակերտները, եօթը ջոկատի բաժնած, եկեղեցի կը տանէր։ Խեղճ պզտիկները, սնափառ ու սէգ քալուածքով, փողոցներէն կ՚անցնէին, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչին՝ իր լայն բելըրինին մէջ պատկառազդու։ Տնեցիք պատուհանները կը փութային՝

Կ՚անցնի կոր, վազեցէ՛ք, աղաղակելով։

Յաղթութենէ դարձող զօրագունդ մը աւելի իրարանցում, աւելի խանդավառութիւն առաջ չպիտի բերէր։ Եկեղեցիին մէջ, դասին ետեւը, ժողովուրդը, յարգալից, իսկոյն տեղ կը բանար իր փառաւոր զաւակներուն։ Միւս դասէն, ազգային վարժարանի տղաքները, խեղճուկ ու ամչկոտ, կարօտի նայուածքներ կ՚ուղղէին երէկի իրենց այդ ընկերներուն, որոնք հիմա իրենց փայլուն համազգեստներուն մէջ զինուորներու խրոխտութեամբ կը կենային հոն, ընդհանուր զմայլանքի առարկայ։ Մտքերնուն, անոնք կը դժգոհանային իրենց ծնողքներէն, որ անկարող էին անհրաժեշտ դրամը հայթայթելու զիրենք ալ այդ հոյակապ վարժարանը ղրկելու համար։ Հիմա, ա՛լ եկեղեցին խուռն բազմութեամբ կը լեցուէր. էն սկեպտիկները. էն անհաւատները ժամ կը փութային՝ այդ հազուագիւտ տեսարանը վայելելու։

Տիկին Մարկոսեան այնուհետեւ ա՛լ կանոնաւորապէս եկեղեցին էր, անկիւն մը կեցած, վերնատունը, սեւ, անսահման քողին տակէն աչքերը սեւեռած զաւկին վրայ, որ իրօք տղոց մէջ ամենէն շնորհալին, ամենէն սիրունն էր։

Կոստանեանի վրայ լուրջ, մտածկոտ, յափշտակուած բան մը կար. ատեն ատեն, իր ուղղաբերձ հասակը կը կորէր՝ երկրպագութիւն մը ուրուագծելու պէս, խաչ կը հանէր, աղօթք մը մրմնջէր։ Կիները իրարու մէջ կը փսփսային.

Վո՜ւյ, արեւին մեռնիմ սա մարդուն. ընտո՛ր ալ աստուածավախ ջերմեռանդ է։ Տղաքներուն վրայ շնորհք բերաւ նէ՜…

Առաջին երեք ամիսը հազիւ բոլորած էր, իրիկուն մը, Կոստանեան աճապարանօք լուր ղրկեց խնամակալութեան պատուարժան անդամներուն՝ դպրոց ժողովուիլ «մի ինչ որ կենսական հարցի մասին խորհրդակցելու»։

Մարդիկը հեւիհեւ վազեցին եկան։ Սրտերնին դողի մէջ էր որ մանկավարժը՝ անակնկալ դժուարութիւններու հետեւանօք՝ կը գոցէր դպրոցը եւ կ՚առնէր կը քալէր։ Յետո՞յ, տղաքը ի՞նչ կ՚ըլլային. Հ… գիւղին վիճակը ո՞ւր կը հասնէր։ Եւ մանանանդ հանրային կարծիքին առջեւ ի՜նչ խայտառակութիւն էր որ ատանկ հազուագիւտ հաստատութիւն մը զոր բախտը դէմ հանած էր չէին կրցած պահել, անոր անսահման արժէքը չէին կրցած գնահատել։

Կոստանեան՝ անձկալից ու մտախոհ կերպարանքով մը ընդունեց խնամակալները, որոնք իրարու երես կը նայէին հարցուփորձող ծամածռութիւններով։ Երբոր ամէնքն ալ հասան, կիսաբոլորակ մը կազմելով Կոստանեանին գրասեղանին շուրջը, մարդը սկսաւ խօսիլ, տխուր, վհատած շեշտով մը, դանդաղ դանդաղ, խաղալով իր արծաթ շղթային հետ, նայուածքը տարտամ։ Մանկավարժութեան եւ մասնաւորապէս Կոստանեան սիստեմին պահանջած մեծամեծ ծախսերը թուեց նորէն, դժուարութիւնները մասնագիտօրէն մանրամասնեց։ Օրինակ բերաւ Եւրոպայի համանման հաստատութիւնները, որոնք հազարաւոր ոսկիներով միայն մէջտեղ կ՚ելլային եւ կրնային շարունակուիլ։

Հէնց որ գիտենայի թէ, ըսաւ, էսքան մեծ փող հարկաւոր էր լինելու էս գործի համար, Կովկասից առատ փող կը փոխադրէի։

Յետոյ, յուսահատ շարժումներով, խոստովանեցաւ թէ դրամը սպառած էր, եւ թէ, կամայ ակամայ, ստիպուած էր կանգ առնել հոտ, գործին դեռ կէսին չհասած։ Ծրագիրը ջուրը պիտի իյնար, Հ… գիւղը վտանգի տակ էր, մատաղ սերունդը փճացման դատապարտուած…

Ափսո՛ս, ափսո՛ս, վերջացուց ողբագին հառաչանքով մը, երկու ձեռքերը վարսերուն մէջ մխրճելով յուսահատուեամբ։  

Խնամակալները իրարու երես կը նայէին շուարած, ափիբերան։ Այդ ծանուցուած աղէտին առջեւ՝ արիւննին կը սառէր, մտքերնին կ՚ընդարմանար։ Այդ անձնուէր մարդուն սրտաճմլիկ կերպարանքը իրենց մէջ լալու տրամադրութիւններ կը ծնցնէր։ Իւրաքանչիւրը ինքզինքը կ՚այպանէր, կը նախատէր, կը ձաղկէր։ Լռելեայն, զիրար կը կշտամբէին, չհամարձակելով բարձրաձայն բանաձեւել իրենց զգացած ցաւը եւ անոր կսկիծին նուիրականութիւնը եղծել։

Վերջապէս, խնամակալութեան ատենապետը, Ք…եան էֆէնտի, վերջ մը տալու համար այդ կսկծալի կացութեան, համարձակեցաւ ձայն բարձրացնել.

Պատուելի՛, ըսաւ, կ՚աղաչեմ, այդքան յուզուելու բան չկայ, հոգ մ՚ընէք, մենք մեր թքածը լզող մարդիկներ չենք. հիմա մեզի կրնա՞ք ըսել թէ ո՜րքան դրամի պէտք կայ դեռ դպրոցին շարունակուելուն համար. Աստուած ողորմած է։ Բան մը կ՚նենք, անանկ չէ՞ մի, էֆէնտիներ, հարցուց ժողովականներուն դառնալով…

Ճանըմ, ի՞նչ ըսել է, հէլպէթտէ անանկ է, ծառուընուս էկածը պիտի ընենք…

Աս դպրոցը մեր պատիւն է. ի՛նչ ըլլայ ըլլայ, տակէն ելլալու ենք, ամա ճեպերնուս փարա պիտի տանք եղեր, կուտանք, կը լմննայ…

Եա՛ զաւակներնիս, դպրոցը գոցուի նէ ի՞նչ կ՚ըլլան։ Մեղքը չէ՞ մախսըմներուն…

Իւրաքանչիւրը, այսպէս, իր զգացումը պոռթկաց, զովանալով, հանդարտելով։ Ու ա՛լ պատկառանքի քողը խզուելով, ամէնքը մէկ ոտքի ելան, խաչագողին շուրջը առին, մխիթարութիւններ, քաջալերանքներ շռայլեցին անոր, «հոգդ մ՚ըներ, մենք հոս ենք» ըսին։ Կոստանեանին տխրութիւնը քիչ քիչ փարատեցաւ, նոյնիսկ ոտքի ելլալով, յայտնեց թէ մարմնամարզական նոր սիստեմ մը հաստատելու մտադիր էր, որուն շնորհիւ իր աշակերտները այնքան առողջ կազմ մի պիտի ստանային, որ էն քիչը ութսուն տարու պիտի ապրէին։

Պատուելի, պոռացին խնամակալները միաբերան, դուն ի՛նչ պիտի ընես նէ ըրէ, փարային մի՛ խառնուիր… ան մեզի ձգէ։

Խօ ի՜նչ սիրուն տղամարդկանց եմ հանդիպել, կը մրմռար մանկավարժը, հրճուանքէն։

Եւ ելան գացին, ճամբան իւրաքանչիւր խնամակալին դրանը առջեւ կենալով, խորհրդակցելով, դրամի նորանոր աղբիւրներ ճարելու համար, եւ միշտ զիրար սրտապնդելով։

Խըյախ մարդ է պէ՛, քելեփիր է… մենք ասոր խըյմէթը չկիտնանք նէ ո՞վ պիտի կիտնայ։

Հետեւեալ օրը Կոստանեան, իր նպատակին աւելի ապահով հասնելու համար, աւելի ազդու միջոց մը ձեռք առաւ։ Իր տղաքներէն էն խելահասները, զորս մասնաւորապէս կը շոյէր, կը փայփայէր եւ որոնք խենթ կ՚ըլլային իրենց անզուգական դաստիարակին վրայ, իր սենեակը տարաւ, եւ գրեթէ արցունքոտ աչուըներով է որ բացատրեց անոնց իր նիւթական նեղ կացութիւնը, եւ դպրոցը փակուելու վերահաս հարկաւորութիւնը։ Այս բօթը այլայլմէ ըրաւ տղաքները, որ սկսան իրենք ալ արտասուել, խաչագողին ձեռքերն ու փէշերը բռնած, աղաչելով, պաղատելով որ չգոցէ դպրոցը, չերթայ իրենց քովէն, ընէ զիրենք ինչ որ խոստացած էր ընել։

Փող է հարկաւոր, փո՛ղ կ՚ըսէր Կոստանեան երկու թեւերը յուսահատ շարժմամբ մը օդին մէջ տարածած։

Ա՛խ, միւսիւ, եթէ մենք ունենայինք, ամէնքն ալ կուտայինք… ա՛խ, ա՛խ…

Բայց առացէք ձեր ծնողներին որ տան…

Այո՛, այո՛, պիտի ըսենք, պիտի ըսենք, ճվրտացին ամէնքը միաբերան։

Ու կուլային, կը պաղատէին։

Խաչագողը, սակայն, երկարօրէն բացատրեց տղոցը թէ՝ մանկավարժական օրէնքներուն բոլորովին հակառակ բան է՝ դպրոցին մէջ անցած դարձածները երթալ ծնողաց պատմել. ու համոզեց զանոնք որ զգուշանան իրենց տունը յատնելէ ինչ որ տեղի ունեցած էր այդ օրը, բայց միեւնոյն ժամանակ խօսք առաւ որ իրենց բովանդակ ճնշումը, հեղինակութիւնը ի գործ պիտի դնեն ծնողներուն վրայ՝ միւսիւին փող հայթայթելու համար, որեւէ կերպով կռահած, հասկցած ըլլալով անոր դրամական նեղութիւնը եւ դպրոցը փակելու անհրաժեշտութիւնը։

Տղաքները արցունքնին սրբելով, հանգստացած, իրենց դասարանները դարձան, փոքրիկ ըղեղներուն մէջ ճնշողական ազդու միջոցներ որոճալով, եւ զիրար քաջալերելու համար, իրարու ըսելով.

Ծօ՛, նայէ՛ որ փարա փրցունես, ես աս գիշեր նայէ ի՜նչ պիտի ընեմ տունը։

Ըսածնուն պէս ալ ըրին, առանց երբեք յայտնելու այդ օրուան եղերերգութիւնը, մանկավարժութեան դէմ մեղանչելու վախով։ Ծնողքները ափիբերան եղալ Մայրերն ալ, նոյնքան դիւրազգած, զաւակներնուն միացան, անոնց լացերուն ընկերացած։ Դպրոցը գոցուէ՜ր մի. հապա ի՜նչ կ՚ըլլային յոյսերը, երազները, ցնորքները, զորս օրերով, գիշերներով սնուցածպ փայփայած էին։ Հայրերը, ճարահատ, խոստացան տալ որքան դրամ որ պէտք ըլլար։

Միեւնոյն տեսարանը տեղի ունեցաւ ամիրային տանը մէջ. սա տարբերութեամբ որ հոն խնդիրը առանց վէճի կարգադրուեցաւ։ Ապագալ գիտնականին անուշ հեռապատկերը ամէն արգելք կը վերցնէր, բոլոր դռները, բոլոր քսակները կը բանար։

Աներեւակայելի բան էր. ան թաղեցիք որ ազգային վարժարանին բարելաւութեանը համար, յառաջդիմութեանը համար քառսուն փարա դժգոհանքով կը նետէին, հիմա երեք ամսուան մէջ, հարիւրներով ոսկի թափած էին խաչագողի մը գրպանին մէջ՝ սիրայօժար փութկոտութեամբ մը։ Իր վերջին ձեռնարկով, Կոստանեան յաջողած էր հարիւր ոսկի եւս կորզել հէք ծնողքներէն. եւ այս գումարին իւրացումը արդարացնելու համար, պարտէզին մէջ, ընդհանւոր սքանչացման ու զարմացման մէջտեղ, կանգնել տուած էր քանի մը մարմնամարզական գործիքներ, որոնք, ըստ մանկավարժին հաստատութեանը էն քիչը ութսուն տարու պիտի ապրեցնէին այդ երջանիկ արարածները։