Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ե.
ԱՄԻՐԱՅԻՆ ԹՈՌԸ

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Արշակս։

Տիկին Մարկոսեանի այս աղաղակը, ապարանքին խաղաղ եւ խուլ անկիւններուն մէջ կրկնուելով, մահազանգի մը պէս կը հնչէր։ Կոստանեան, եղերական վախճանովպ հաստոյր, ամեհի հարուած մը իջեցուցած էր մայրական երեւակայութեան գծած, պատրաստած ծրագիրներու շեղջակոյտին։ Մանկավարժը մէջտեղէն վերցած ատանկ անկնկալ ձեւով մը, յանկարծ անհետացած կ՚ըլլար նաեւ առաջնորդը որ գիտութեան թշոտ, տաժանագին ճամբաներէն պիտի քշէր տանէր իր ընդերքներուն այդ սիրասուն բեկորը, իր կեանքը վերապրող այդ ջահը։

Ժամերով, իր սուգի սենեակը առանձնացած, էրկանը պատկերին դէմ ծնրադիր, կսկիծի ու պաղատանքի տագնապներով կը գալարուէր ան, անէութեան գոգէն օգնութեան կանչելով զանիկա իրեն։ Այդ պատկերէն ներշնչումներ կը խնդրէն յուսահատի մը պէս որ մարդիկներէն մերժուած՝ կրօնական պատկերներու կը պլլուի, անոնց փրկարար միջամտութիւնը աղերսելով, կեանքի ամենէն աննշան ձախորդութեանց մէջ իսկ։

Տիկին Մարկոսեանի տագնապը, իրարանցումը անոր համար մանաւանդ սաստիկ էր վասնզի տղան զգալապէս կը մեծնար, յարաճուն ծառի մը պէս մը մեծնար ու կ՚ուռճանար։ Անոր հասակին այս աղուոր սլացքըպ որքանպ մէկ կողմէ, կը գգուէր իր սնամիտ մօր զգացումները, միւս կողմէ, սակայն, նոյնքան բուռն երկիւղով կը մը պաշարէր զինքը, թէ մի գուցէ զաւակը մեծնար առանց ըլլալու այն, ինչ որ պէտք էր ըլլար ու պիտի ըլլար, Կոստանեանի լորձունքոտ հաւաստումներուն համեմատ։

Աղջկան նուրբ եւ քումայթ աղուորութիւն մը ունէր հիմա Արշակ։ Աչուըներուն լուրթ պայծառութեանը մէջ  մեղկ ու հրաւիրող թովչութիւն մը կար, շեշտուած արտեւանունքներու այն անուշ ուռեցւորումէն, զոր քունէ կշտացած աչուըները միայն կ՚ունենան, արթնցած ատեննին։ Այտերը, լեցուն եւ կաթնաթոյր, անթերի գծագրութեամբ մը կը ձուաձեւնային թուշին վրայ, մսեղ փոսացումով մը։ Քիթը, բարակ, զգայնոտ ռնգունքներով, արծուային թեթեւ աշտարակումով մը կը կորանար՝ ամիրայի ազնուականութեան արու դրոշմ մը տալով այդ իգական դէմքին, որու ներդաշնակութիւնը կ՚ամբողջանար գմբեթազարդ հզօր ճակատով մը, մետաքս ու դեղին վարսերուն գանգրացումին տակ, եւ կարմիր նուրբ շրթներով, ճեղքուած այն նրբարուեստ յօրինուածքովը զոր սպանեօլ նկարիչները միայն գիտեն այնքան շեշտօրէն գծել։ Բայց այդ շուրթերը կծկումներ, բացխփումներ ունէին, որ ծծելու, յագենալու ախտաւոր տենչանք մը կ՚ապացուցանէին, կանացի այդ շնորհին տակ անթեղուած սանձաբեկ առնկանութեան մը փոթորկիլը, ամեհի կիրքերու արագ, յանդուգն, անզուսպ փթթում մը, որուն վէտէտումը կը զգային այդ թափանցիկ մորթը երանգաւորող բարակ երակներու ցանցին ներքեւ։ Հասակը, նրբաձեւ սլացքով, կը մատնէր այն ուռճացումը, այն խմորումը որ՝ կարգ մը պատանիներու վրայ՝ ապշեցուցիչ  արագութեամբ մը տեղի կ՚ունենայ, տասնըչորսէն տասնըեօթը տարիներու շրջանին մէջ, եւ որ, այդ պատճառով իսկ երբեմն, յանկարծ կը քայքայէ մարմինը, կը հիւծէ եւ կը սպաննէ զայն։ Արշակինը, այտ վտանգաւոր շրջանին մէջ, կանոնաւորապէս տեղի կ՚ունենար, կենսահիւթին առատութեանը շնորհիւ, ինչպէս վարդը, որ օրուան մը մէջ իր բաժակէն կը զեղու իր չքնաղ թերթիկներըպ առոյգ եւ կենսալի, իր թաքուն հիւթերէն սնուցուելով։

Մայրը, որ օրը օրին կը հետեւէր զաւկին այդ աճեցմանը, մատներովը կը շօշափէր ատիկա, կը հաստատէր իւրաքանչիւրին վրայ զատ զատ, սրտատրոփ գուրգուրանք մը, որ մանչուն իսկ զարմանք կը պատճառէր։ Իր աղջիկնութեան առաջին տարիներու աղուորութիւնը՝ հիմակ իր զաւկին վրայ վերակենդանացած կը տեսնէր, ապուշ մանրամասնութեանց իջնալով այս պարագան ապացուցանելու համար, տղուն մերկ իրանին վրայ զննումեր եւ իրենին հետ նմանութեան գիւտեր ընելով։

Առտուները, շատ հեզ, կանուխ արթննալով, կը ծռէր մանչուն վրայ, որ իր քովը կը պառկէր մէկ անկողնի մէջ։ Էրկանը մահուընէն յետոյ, անկողնին ամայութենէն սարսափահար, տղան քովը առեր էր, առագաստի գգուանքները մայրական անմեղ փայփայանքներու փոխելով, առանց հոգ ընելու ուռճացումը այդ մարմնի, որ մանկականէն քիչ քիչ առնականի կը դառնար։ Կը ծռէր անոր վրայ երբ ան մուշ մուշ կը քնանար՝ մարմնակործան, անդամներու բացարձակ լքումով։ Ու մանրակրկիտ քննութեան մը անձնատուր, զաւկին վրայ գտնել կը մոլեգնէր ինչ որ ունէր ինք իր մարմնին վրայ հիմակ կամ ատենօք, անոր սրունքներուն ձուլուածքը իրենիններուն համապատասխան կը գտներ, մօտէն բաղդատելով զանոնք իրարու հետ։ Ոտքի մատներուն շարուածքը նոյնն էր ինչ որ էր իրենինը, միեւնոյն կանոնաւորութեամբ եւ միեւնոյն սպիտակ փափկութեամբ։ Իր խանդակաթ յափշտակութեանը մէջ, կը համբուրէր զանոնք, իբր թէ այդ նմանութիւնները նոր գային ապացուցանել իրեն թէ այդ մատաղ մարմինը իրօք իր միսին ու իր արիւնին արդիւնքն էր, թէ ան իրաւ իր զաւակն էր։ Յետոյ կը բարձրանար ուսերուն, որոնց կերտուածքը ուրացումը չէր անշուշտ իրենիններուն, բայց աւելի մսուտ էր. արձանային, պիրկ, առողջ, մատղաշ յօրինուածութեամբ։ Երբեմն այդ սիրական մարմնին գեղեցիկ յարդարման յափշտակութենէն յանկարծ սթափելով, իր մարմնին ողորմելի, ծիւրած ինկածութենէն կը շանթահարուէր բումբերը կը բռնէր, թոյլ եւ նիհար, եւ ոտքին պճեղը մսազուրկ, իր նախկին կլորութենէն մերկացած, ոսկորներու տխուր ցցուածքով մը։ Յետոյ ուսերը, հալած ու տձեւ, ճիտին ու գլխուն հետ իրենց շնորհալի կապուածքին նախկին դաշն ու հոյակերտ կանոնաւորութիւնը բոլորովին կորուսած։ Յետոյ լանջքը, թոյլ ու կախ ստինքներով, որոնց առոյգ հպարտ կառոյցը իր հոլանի ճերմակութեանը վրայ շողարձակ, մեծագին մանեակներ բարձած՝ ամիրային կանանոցին փառքը կը ձեւացնէր ատենօք։

Իր շքեղութեանց բոլոր այս փլատակները մատներովը կը շօշափէր հիմակ, պահ մը մոռնալով զաւկին ներկայութիւնը, չտեսնելով անոր կենսայորդ աղուոր, չքնաղ մարմինը, որ իրն էր նորէն, եւ որ իր շարունակութիւնն էր կերպով մը։ Մազերը նախկին կուռ գիսակներուն տխուր մնացորդները, թափթփած երկու քովէն, գլխիկոր, անկողնին վրայ ծնկաչոք, կիսամերկ, ողբալի էր այդ մօր կացութիւնը, իր զաւկին քովն ի վեր որ, անգիտակից, կը քնանար մուշ մուշ։

Եւ յանկարծ կը սթափէր սրտաթունդ հառաչանքով մը, ու այդ բոլոր արիւնոտ տխրութեամբ իրականութիւնները մէկ հարուածով մոռնալու եւ կարծես զանոնք փոխարինելու ալ համար, խենթի պէս զաւկին կը պլլուէր, պագնելով զայն ուր որ հանդիպէր, մինչ տղան ընդոստ արթննալով, աչքերու անձկալի թարթափմամբ մը։

Մամա՛, ի՞նչ կայ, ի՞նչ կայ։

Կը պատահէր ալ որ մօրը այդ անդամազննական զբաղման միջոցին, տղան, արթննալով, չընդհատէր զանիկա, ու հետեւէր անոր շարժումներուն, դէմքին տխուր եւ ուրախ ծամածռութեանց, աչքերը կիսախուփ, քնանալ կեղծելով. եւ յետոյ, յանկարծ, բարձրագոչ քրքիջով մը բանալով աչքերը՝ սարսափահար ընելով մայրը իր խենթ զբաղմանը մէջ։

Ա՛լ սկսաւ, այնուհետեւ, մայրական փառասիրութեանց փոքրոգի գոհացումներու հետամուտ ըլլալ։ Իր տղան ցուցադրել իր քովն ի վեր, արժեցնելու համար անոր աղուորութիւնը, անոր տարածած ճառագայթումին մէջ՝ խեղճ քայքայուած մոլորակ՝ ինքն ալ լուսաւորուելու, փայլելու համար։

Իր սեւ թախիծի րոպէներէն յանկարծ սթափելով, խենթանալու վախէն խթանուած, տենդոտ շարժումներով իր սուգի հանդերձանքներովը կը ծածկուէր, թեւը կ՚առնէր տղան ու դուրս կը նետուէր տունէն, ուր տարիներով պատնիշուեր էր իր կսկիծներուն եւ արցունքներուն հետ, զանոնք սաստկացնելու, դառնացնելու մոլեգնութեամբ մը համակուած։ Բարոյական հակազդեցութեամբ մը, զաւկին շեշտուած եւ աչքառու գոյութենէն յեղաշրջուելով, ա՛լ կը սկսէր սանձ մը դնել իր ցաւի ինքնամոռաց տագնապներուն, ատոնց համար մասնաւոր վայրկեաններ յատկացնելոմ, հոգիին անմիջական եւ անհրաժեշտ սնունդը նկատելով զանոնք։

Հ… գիւղի փողոցներէն անոր արագաքայլ անցքը տղուն թեւէն կախուած, շարժում մը առաջ կը բերէր տուներու պատուհանները, այնքան տարօրինակ կը թուէր ատիկա գեղացիներուն համար, որոնք վերջ ի վերջոյ մենամոլ եւ մենակեաց խենթ մը սկսած էին նկատել ամիրային աղջիկը։ Եւ զանիկա կ՚որակէին ժողովրդային արտայայտիչ բառով մը, որ շատ մը բացատրութիւններէ շատ աւելի պերճախօտ կերպով կը պատկերացնէր այդ կինը. սընըրլը։

Քա աս հրաշք է , սընըրլըն նորէն կ՚անցնի կոր, նայեցէ՜ք։

Եւ պատուահնները հետաքրքիր գլուխներով կը ծածկուէին, որոնց ամէն մէկը իր տպաւորութիւնը կը յայտնէր.

Աս խենթէն ալ ասանկ զաւակ կ՚ելլա՞յ եղեր… վա՛յ մեղքիս…

Մեղք մախսըմին քի ասանկ սընըրլըի մը ծառքը ինկեր է. քա ան ի՜նչ ֆիտանի պէս պօյ է, սանկ նայեցէք։

Աճապա ի՜նչ կը քաշէ կոր ծառքէն, վա՛խ եավրում, վա՛խ…

Այսպէս, մայրը որքան աննպաստ գնահատման մը կ՚արժանանար, տղան այնքան գթալի համակրութեան մը առարկայ կ՚ըլլար։

Իր վերջին յաղթական այցելութենէն ի վեր, Մերկերեան բնաւ չէր երեւցած ամիրային ապարանքը, ինքզինքը ծանրէն քաշելով, իր անձը աւելի բաղձալի ընծայելու համար։ Տիկին Մարկոսեան, որ սկսած էր ճանչնալ ծեր գանձապահին հանդէպ իր բռնած ընթացքին ամբողջ անիրաւութիւնը, կ՚ուզէր համակրութեան, վստահութեան ցոյցերով սիրտը առնել այդ ազնիւ ու երկայնամիտ բարկամին, որ Կոստանեան աղէտաւոր շրջանին, հանդուրժած էր ամէն ստորնութեանց, անխուսափելի վախճանին հասնելուն սպասելով օրինակելի փիլիսոփայութեամբ մը։

Եւ հիմակ որ զաւկին ապագային մտատանջութեամբը կը սպառէր գիշեր ցորեկ, կ՚ուզէր իր մօտը ունենալ այդ բարեացակամ ու հեռատես մարդը, որուն յարգը չէր գիտցած գնահատել այնքան ատեն։

Մնաց որ, Մերկերեան անհամբեր կը սպասէր հրաւիրուելու ամիրային ապարանքը՝ այլեւս ոչ իբրեւ բարեկամ մը, այցելու մը, այլ իբրեւ խորհրդատու մը, պաշտպան մը, բարձրագլուխ եւ տիրական։

Վրէ՜ժ, վրէ՜ժ լուծելու է ատ կինիկէն, կը մտածէր խորհրդարանի լայն թիկնաթոռին մէջ թաղուած. ինծի պէս մարդուն ատանկ բաներ ընե՜լ, փողոցին դուռնէն ճամբե՜լ, կ՚ըլլա՞յ պէ, ըլլալի՞ք բան է… ամա ես նորէն աղէկ մարդ եմ. աղէկ մարդիկները աս աշխարհքիս վրայ յարգ, պատիւ չունին. տասնըհինգ քսան տարի է քի շան պէս ազգին համար կը տատիմ՝ խըյմէթս չիյտէն պէ՛. ծօ՛ աս ի՜նչ ապերախտ մարդիկ են աս հայերը… Մեռնիմ նէ ինծի պէս ո՞ւրտեղէն պիտի գտնան… ո՞ր խենթը կուգայ տէ հոս ամէն օր ազգին գործերուն կը նայի, փարաները կը համրէ, կը պահէ, կը խարճէ… ամա իրաւունքս կ՚առնեմ եղեր մէջէն. հելպետտէ՜ պիտի առնեմ… պիւսպիւթիւն աւանա՞կ ըլլամ պէ, կ՚ըսէր խուլ ձայնով, պատերուն դարձած, անոնց առջեւ իր տասնըհինգամեայ աւազակութիւնը արդարացնելու համար կարծես, անոնք ըլլալով միակ լուռ վկաները իր այդ ապօրէն ընթացքին… Աշխարհքին գործը տոլապ է, ե՞ս եղայ մէկ հատիկ շիտակ մարդ… ծօ՛, ան բոշոր խոշոր հարուստները կը տեսնանք կոր նէ ի՞նչ են քի, գող, աւազակ մարդիկներ. մէկը սա Կոստանեանը չէ՞ր, վարպետութիւնով աշխարհքին մարիկը կը լացունէր կոր. քանի՞ փարա ըրաւ անտար պոռալ կանչելս, եըղըններով փարա ափը լեցունին. չափխընը սօնը սօնը եախան տուաւ. հէլ պէթ պիտի տար, ի՞նչ ըսել է, ասոր անոր փարան պէտէհավա՞ վաստկուած է… (եւ իր վրայ անդրադառնալով) ինծի մի՛ նայիր, էս ուրիշ, էս կ՚առնեմ կոր նէ իմ իրաւունքս է, իրաւո՜ւնքս, հասկցա՞ր, կ՚աւելցնէր՝ միշտ պատին ուղղելով խօսքը, իբր թէ անիկա չուզէր համոզուիլ գանձապահին պարկեշտութեանը, գործած աւազակութեան օրինաւորութեանը, ու յամառէր մնալ։

Յետոյ կարեւորագոյն նիւթին դառնալով.

Նա՛, մէկն ալ սա կնիկը չէ՞, ապերախտ։ Ինչե՜ր ըրած եմ անոր համար, ինչե՜ր։ Դուռը զարկաւ գոցեց երեսիս։ Եկու տէ ասանկին ա՛լ աղէկութիւն ըրէ։ Թո՛ւհ, ծօ Թադէո՛ս, դուն շատ խախա, աւանակ մարդ ես, դուն ծնած էս քի ամէնուն օտկին փապուճը ըլլաս, քեզի հագնին, խուլլանմիշ ըլլան, հինցունեն, տուն ծան չհանես. թո՛ւհ, էշէկ Թադէոս… ծօ վաղը մէկալն օր սատկիս նէ մեռե՞լդ ընտոր պիտի վերցունեն, նայինք վրադ ճառ մը բան մը պիտի խօսի՞ն, ազգին էմէքտարը ըլլալդ կազեթաներուն մէջ պիտի գրե՞ն, վրադ քար մը պիտի նետե՞ն, նէմինասիպէ՜թ…

Ժամկոչ աղբարը եկաւ ընդհատել գանձապահին մենախօսութիւնը.

Աղա, Մարկոս ամիրային տունէն հանըմը խապար ղրկեր է ձեզի կ՚ուզէ կոր։

Շատ աղէկ, կուգայ ըսէ։

Եւ դուռը գոցուելէն յետոյ.

Հա՛ շէօյլէ, էտեւէս պտտելու է։ Ծանրէ՛ն, խանրէ՛ն, էֆէնտիմ, ծանրէ՛ն քաշելու է ասանկներուն հետ։

Եւ պատկառելի որովայնը փայփայելով որկորոտաբար.

Սանքի ատ կնկան գինին ալ տեղ մը չկայ. կնիկէն տասն անգամ, հարիւր անգամ էվէլ կ՚արժէ. անոր խաթրը կայ, ելլալ երթալու է, չ՚ըլլար։

Պաղատանքով խառն յանդիմանութիւն մը դիմաւորեց զինքը ամիրային տան մէջ։

Մոռցա՞ր զիս, Թադէոս աղա, հիմակ որ ամենէն աւելի պէտք ունիմ քու օգնութեանդ, կ՚ըսէր տիկին Մարկոսեան, յուսահատի մը տխուր շետովը, խոստացար մոռնալ եղածը բայց ահա շաբաթ մըն է մէջտեղ չկաս. ո՞ւր ես։

Հանըմ, գլխուս քերելու ժամանակ չունիմ. աս եկեղեցիին գործերը միս մինակ իմ վրաս մնացած են, տակէն ելլալիք բան չէ, մեր թաղական աղաները հազըր լոպճի մարդիկ են, սէօզտէ թաղական են, կը նային որ Մերկերեանը շինէ, շտկէ, կարգադրէ, իրենք ալ ճախա ընեն… հանըմ, հաւատա՛ խօսքիս, աս զաւալլըն չըլլայ նէ՝ ժամ դպրոց գլուխնին առած կ՚երթան… տէ, աւելցուց մարդուկը դառնօրէն, խըյմէթս ալ չիյտեն, հասնողը Մերկերեանին միսը կ՚ուտէ…

Տիկին Մարկոսեան միամիտ ըմբոստացում մը ունեցաւ ազգին այս ուրացուած, չգնահատուած մեծ անձնուիրութեան հանդէպ, վայրկեան մը իսկ չտարակուսելով անոր անկեղծութեանը, անշահախնդրութեանը։

Խենթութիւն է ըրածդ, Թադէոս աղա, ինչո՞ւ ասանկ ապերախտ ազգի մը համար հոգիդ կը հանես, մեղք չե՞ս, քիչ մըն ալ թող ուրիշները ընեն, ինչո՞ւդ պէտք…

Չ՚ըլլար, հանըմ, չ՚ըլլար, կը պատասխանէր գանձապահը ժպիտով մը, որուն մէջ կամաւոր մարտիրոսացման ճառագայթ կար, հոգ չէ՛, մենք մեր պարտքդ կատարենք տէ թող խըյմէթնիս չգիտնան, հարկաւ օր մը չէ օր մը կը հասկնան… մեր ճակատը ասանկ գրուեր է. ազգին համար տատիլ, ազգին համար մեռնիլ… ճանըմ, հիմա ձգէ ատոնք, մենք մեզի նայինք, ընտո՞ր էք, Արշա՞կը ուր է…

Մեր վիճակը մի՛ հարցուներ, Թադէոս աղա, հառաչեց հանըմը, մէկէն ի մէկ անձնական ցաւերուն դառնալով… ի՞նչ պիտի ընեմ չեմ գտիեր, շուարած մնացած եմ… ի՞նչ պիտի ըլլայ Արշակս, դուն գիտես Թադէոս աղա, քենէ զատ մէկը չունիմ որ ինծի խորհուրդ տայ, ճամբայ մը ցուցունէ…

Այնքան մի՛ մտածեր, հանըմ, հարկաւ բան մը պիտի ընենք Արշակնիս, կ՚օգտէ որ խելացի է, աշխատասէր է, դեռ քանի՞ տարու կայ… տասնըչորսը մտա՞ւ…

Մտա՛ւ, մտա՛ւ, անցա՜ւ ալ, հառաչեց վշտաբեկ մայրը, միտքը բերելով այն աճեցումը որուն ենթարկուած էր իր որդին։

Ի՞նչ ընելու միտք ունիս զաւակդ, հանըմ, հարցուց գանձապահը։

Չեմ գիտեր, Թադէոս աղա, շուարած եմ. դուն փորձառու մարդ ես, դուն ըսէ, ի՞նչ ընենք։

Հը՛, ըրաւ մարդուկը աջ ձեռքովը մօրուքը բռնելով, աչքերը գետնին յառած, իր արգաւանդ երեւակայութեան սահմաններուն մէջ ուղեւորոթիւն մը ընելու ձեւով։

Հանըմը սպասեց, կախուած անոր շրթունքներէն որոնք պիտի պատգամէին Մարկոսեան գերդաստանին վերջին շառաւիղին ապագան։

Թադէոս աղա, կնճռոտ հաշիւներու մէջ թաղուած մարդու մը մեքենական շարժումները սկսաւ ընել, աչքին մէկը բացաւ գոցեց, ձախ ձեռքին ցուցամատը օդին մէջ ճօճեց, զանիկա բերելով քունքին դպցնելով, թաշկինակը հանելով քիթը խնչեց, ելաւ տեղէն եւ ոտքին մէկը տակը առաւ, թիկնոցին օձիքին վրայ գոյութիւն չունեցող փոշիները վանեց ցուցամատը բթամատին վրայէն ուժգնօրէն սահեցնեցնելով, ֆէսը ետեւ առաջ տարաւ բերաւ եւ վերջապէս թիկնոցին երկու թէշերը խնամքով իրարու վրայ ամփոփելէն եւ չոր հազով մը կոկորդը աղէկ մը մաքրելէն ետքը.

Հանըմ, ըսաւ անոր դառնալով, ես թոհա՛ֆ բան մը կը մտմտամ կոր, դո՞ւն ինչ կ՚ըսես նայինք…

Խերո՞վ բան է, Թադէոս աղա, հարցուց խեղճ մայրը անհնարին անձկութեամբ։

Հէմ շատ խերով, սա տղադ էկու շնորհքով… տոքթո՛ր մը ընենք։

Տոքթո՛ր մի, ի՞նչ տոքթոր, հարցուց կինը տեսակ մը շլմորումով մարդուն երեսը նայելով։

Տոքթոր, ճանըմ, հէքիմ, հիւանդներու կը նայէ նէ, չիյտե՞ս…

Գիտեմ, բայց…

Բայց մայց պէտք չէ, աւելցուց գանձապահը հեղինակօրէն, Արշակը հէքիմ մը կ՚ընենք կը լմննայ կ՚երթայ։ Հէմ հէքիմցու ալ տղայ է, աղուոր, եախըշըխլը, ծանրըկլոխ…

Հէքի՜մ, տոքթոր, կը մրմնջէր տիկին Մարկոսեան զահանդական ակնարկներ նետելով շուրջը գտնուած առարկաներուն, այդ բառէն սոսկում մը զգալու պէս։

Գանձապահը անհամբերութեան շարժում մը ըրաւ։

Օ՜ֆ, հէքիմը ի՞նչ է չհասկցա՞ր դէռ, հանըմ։

Հասկցայ, Թադէոս աղա, հասկցայ, բայց Արշակս հէքի՜մ, տոքթոր կարելի՞ բան է, տէ՜ր Աստուած, կ՚ըսէր ձեռքերը իրարու տեղմած, ուրախութեան եւ անձկութեան փոխնիփոխ արտայայտութեամբ։

Ճիշդ այդ միջոցին սենեակին դուռը բացուելով Արշակ երեւցաւ։ Եւ իսկոյն Թադէոս աղայի մօտ փութալով՝ թոթուեց անոր ձեռքը, մինչ գանձապահը անոր թեւէն բռնելով՝ կամաց մը անոր կռնակը կը ծեծէր ու կ՚ըսէր։

Թա՛մ, տոքթորցու տղայ է, սանկ նայէ… աչէ, ինքուի, պօյ պօսը։ Հէ՞ տղաս, կը հարցնէր Արշակին, քեզի շնորհքով տոքթոր մը ընենք, քի պարէ աշխարհք ալ հէքիմ մը տեսնայ։

Տղան մօրը նայեցաւ, մայրը տղուն նայեցաւ։ Այդ տոքթոր բառը կը մագնիսէր զիրենք, ըղեղնին հմայքով կը գինովցունէր, սքանչելի կապոյտ հորիզոններ բանալով աչուընուն առջեւ։ Չէին ուզեր հաւատալ անոր կարելութեանը, որ իրենց փառասէր, անբարհաւաճ ձգտումներուն պսակումն էր։ Անոր մէջ, տիկին Մարկոսեան յանկարծ կը տեսնէր հին փառքերուն, փառաբանութիւններուն, խնկարկութիւններուն վերակենդանացումը, փիւնիկը, որ ամիրայական աճիւններէն պիտի յառնէր եւ ամէն բան իր առջի վիճակին բերէր հասցունէր։ Տղան՝ անյուսալի, հսկայ մեծութեան մը յայտնատեսութիւնը կ՚ունենար այդ բառին հնչումէն, ամբոխներուն տիրելու. զանոնք հիացնելու, շլմորեցնելու անխուսափելի միջոց մը։ Իրարու նայուածքի մէջ անոնք հասկցան զիրար, եւ մեքենաբար իրարու մղուեցան, իրարու գիրկ նետուեցան.

Անո՛ւշ մամաս։

Զաւա՛կս հոգի՛ս։

Այս սրտաշարժ պատկերին առջեւ, ծերուկ աղուէսը զգածուած լռութիւն մը կը պահէր, իբր թէ կացութեան վսեմութիւնը ընբռնելով։ Բայց իսկապէս, անոր աչուըներուն մէջ հեգնութիւն մը կը ցոլցլար, պեխերուն տակ ծաղրական խնդուքի մը աննշմարելի կծկումը կար, զոր անկարող էին տեսնելու մայր ու որդի իրենց ինքնամոռաց յափշտակութեանը մէջ։

Երբոր անոնք իրարմէ բաժնուեցան, փոխադարձ գգուանքի մէջ իրեն գորովին սաստկութիւնը մեղմացուցած, մաման՝ իբրեւ հաստատութիւն այն բարձր ասպարէզին ընտրութեանը՝ որ վիճակուած էր իր զաւկին՝ ըսաւ.

Արդէն Պ. Կոստանեանը ըսած էր Արշակիս համար որ մեծ գիտնական մը պիտի ըլլայ. բժշկութիւնն ալ գիտութեան կարեւոր մէկ ճիւղը չէ՞ մի։

Այս դժպատեհ վերյիշումէն՝ Մերկերեանին դէմքը յանկարծ կարմրեցաւ, աչքերը կատաղօրէն փայլեցան։

Ատ չեղաւ, հանըմ, ըսաւ սրտնեղած ձայնով մը, ատ առաւ-փախաւ չափխընին անունը տալու չէիք հիմա… անիկա ձեր փարաները յափշտակելու համար բերնին եկածը թող տուաւ… թոհա՜ֆ բան… տահա չմոռցա՞ք ատ մարդը։

Գանձապահին կատաղութեան պատճառը ան էր մանաւանդ որ՝ իր անհետացումէն ամիսներ ետքն ալ մանկավարժը կը յաջողէր իրեն դէմ կանգնիլ, իր հեղինակութիւնը վտանգել, իր ձեռքէն խլել, օրինակի համար, ամիրային թոռը տոքթորութեան ասպարէզը մղած ըլլալու փառքը։

Մի՛ նեղանար, Թադէոս աղա, պատասխանեց տիկինը՝ մանկավարժը պաշտպանելէ հեռի, գանձապահին սիրտը առնելու փոթկոտութեամբ, երբեմն կը մոռնամ այդ մարդուն խաբեբայ մը ըլլալը, բայց Արշակիս վրայ հոգի կուտար…

Փարայի՛ն խաթերը համար, մրմռաց Մերկերեան։

Ցորեկուան սեղանին վրայ, որուն ներկայ գտնուեցաւ գանձապահը, խօսուեցաւ այն նախապատրաստութեանց մասին, որոնք հարկաւոր էին բժշկական վարժարան ընդունուելու համար։ Մշկաբոյր գինիով՝ ցամքած կոկորդը աղէկ մը ցօղուելէն յետոյ, Թադէոս աղա խոստացաւ ամէն բան կարգադրել առանց որ մայր ու որդի որեւէ դժուարութեան հանդիպէին։ Որոշուեցաւ որ Արշակ տարի մը տաճկերէնի մասնաւոր դասեր առնէր վարժարանին օսմաներէնի ուսուցիչէն՝ մտից քննութեան մէջ յաջողելու համար։

Երբոր սեղանէն ելաւ գանձապահը՝ երակներուն մէջ երանութեան հեշտալի ճառագայթում մը կը զգար, երիտասարդական կորովի մը վերարծարծումը, զոր կը պարգեւէր ամիրայական երանելի գինին։ Գոհունակութեան փոքրիկ հառաչներ կ՚արձակէր, փորը փայփայելով, անոր պարունակութիւնը տեղաւորելու պէս։ Պառաւ խոհարարուհին, սեղանը մաքրելու պահուն, դէմքի կապկային ծամածռումով մը կը մռլտար.

Աս ցնդածը, աս քէօհնէն նորէն տատանմիշ էղաւ. աշկս լուս. մէկը կնաց մէկալը էկաւ։ Աստուած ողորմի ինծի. ծունը թէփէյիս, հոգիս պիտի էլլայ նորէն։ Աս ի՞նչ շաներես էխտիյար է եղեր, խնտացի քի տունէն վռնտուեցաւ։ Ա՛լ պան չունիս նէ մախսանէն կինի հանէ։ Ա՛խ, ողորմած Աստված, օր մը անտար խմեր քի ճաթեր տէ ես ալ ազատէի…

Մերկերեան մէկ բառով ընտանիքին հոգեբանութիւնը յեղաշրջած էր։ Վերջնականապէս տիրած էր այդ տանը, եւ անոր բնակիչներուն, տոքթորութեան շքեղ ասպարէզը գտած ըլլալու «հեղինակի իրաւունքով». զոր այլեւս անկարելի պիտի ըլլար խլել իր ձեռքէն, եթէ աշխարհիս բոլոր Կոստանեաններն ալ միանային։

Թիկնաթոռին վրայ հաճոյամոլ փռուածքով մը, գանձապահը սուրճին հոտաւէտ ումպերը կ՚ըմբոշխնէր, ճաղատ ու փայլուն գանկը գինիէն կարմրած, մանր աչուըները՝ աղէբեկ ընքուիներուն մացառուտքին տակէն շէկ լոյսերով կայծկլտուն։

Հանըմ, կ՚ըսէր, սա գեղացին քի ամենեւին չի քաշեր ամիրային ֆամիլեան, մաթ պիտի ըլլայ, երբոր տեսնայ քի Արշակը աղուոր տոքթոր մը եղեր է… ամէնքը պիտի ճաթին նախանձէ… Եւ եթէ իմանան քի ես եմ եղած ատոր պատճառը՝ պիտի քարկոծեն ինծի։

Ու քահ քահ կը խնդար, միտքը բերելով ժողովրդային վիթխարի միամտութիւնը, քանի որ իր կատարած բժշկական այդ ձեռնադրութենէն աւելի թաղային սնտուկին հետ իր ապօրէն եւ եղեռնական կապակցութիւնն էր մանաւանդ որ զինքը արժանի կը կացուցանէր հրապարակային քարկոծումի մը, տարիներէ ի վեր։

Տիկինը, իր ամիրային աղջկան արհամարհոտ ներշնչումներուն մատնուած նորէն, զզուանքի ջղայնոտ ծամածռումով մը կ՚ըսէր.

Գեղացի՜ն. է՛հ, քանի՞ փարանոց մարդիկներ են. անոնք բանի տեղ դնողը ո՞վ է . ի՛նչ կ՚ուզեն թող ըսեն, կրնար նէ թող իրենք ալ տոքթոր զաւակներ ունենան։

Արդէն իսկ տիկին Երմոնէ անանկ հեղինակաւոր ու վստահ շեշտով մը կը խօսէր՝ որ իբր թէ Արշակ բժշկութիւնը կլլած լմնցուցած ըլլար, աշխարքին նախանձն ու սքանչացումը իր վրայ հրաւիրելու աստիճան։

Ճանըմ, իմանա՛ն ալ նէ որի՞ն փապուճն է եա՛, եզրակացուց Մերկերեան ոտքի ելլելով ու մեկնելով՝ յաջորդ իրիկունը նորէն գալու խոստմամբ, կենսական հարցին վրայ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար։

Զաւակս, արդեօք ի՜նչ պիտի վայլէ քեզի տոքթորութիւնը, կ՚ըսէր մաման զաւկին գեղակերտ հասակը դիտելով հիացմամբ։

Եւ Արշակ, առանձին մնալով, մեծադիր հայելիին առջեւ իր տոքթորավայել հասակը կը զննէր, տարիներ ետք զայն աւելի բարձր, աւելի կանգնագեղ երեւակայելով, կզակը խարտեաշ մօրուքով մը զարդարուած, հանգրիճուած, գրգռիչ, արհամարհող պեխերով։ Հիմակուընէ, իր կանխահաս պատանիի երեւակայութեանը թելադրական պատկերներ կը ներկայանային, պագշոտ մանրամասնութիւններով, իգական մերկութիւններ՝ գիտութեան մարդուն անձնատուր, անոր հաճոյապարգեւ, կենդանատու զննութիւններուն կամաւորապէս գերի, հլու գործիք անոր ամէն քմշոտ պատուիրանքներուն, անոր մատուըներուն խտղտոտ հպանքին տակ շնչասպառ, յօսնոտ ու կլանող նայուածքէն մագնիսուած։

Գիշերը, անկողնին մէջ, մայրը տարբեր խանդով մը փաթթուեցաւ իր զաւկին։ Երկուքն ալ ապագայ մեծ բժիշկը երազեցին, տեսան անոր պերեւեդիկ ճեմքը գլխիկոր եւ ապշահար ամբոխներու մէջէն, սքանչացման աղաղակներէ, օգնութեան պաղատանքներէ եւ աղերսարկու հրաւէրներէ հետապնդուած։ Տեսան Մարկոսեան սգաւոր ապարանքին վերակենդանանալը, խաղաղ ու արգաւանդ պայծառութեամբ տաճարի մը ուր բեկանուած կեանքեր կ՚ողջննան, խորտակուած յոյսեր կը վերընձիւղին, ըղձանքներ կ՚իրականանան։ Տեսան ամէն ինչ որ բորբոքուած երեւակայութիւնները, կրնար ստեղծել ամենէն աւելի մեծ, հոյակապ, վսեմ, անկարելի։

Իրենց սովորական խօսակցութիւնները, այլեւս, այդ խնդրին շուրջը դարձան։ Մերկերեան լիուլի տեղեկութիւններ բերաւ, թէ ի՛նչպէս կը կատարուէր բժշկական վարժարան մուտքը, թէ քանի՛ տարի կը տեւէր դպրոցական շրջանը, եւ թէ հարկաւոր դիտումներ պիտի ընէր ուր որ անկ է՝ որպէսզի առանց դժուարութեան Արշակ դպրոց ընդունուէր։ Որոշուեցաւ նաեւ որ գործը գաղտնի պահուէր մինչեւ մէկ տարի, ա՜լ անկէց ետքը աշխարհի չորս հովերուն տարածելու համար բժշկական աշխարհը մասնաւորապէս, եւ տառապող մարդկութիւնը ընդհանրապէս շահագրգռող այս խնդիրը։

Թաղային վարժարանի օսմաներէնի ուսուցիչը ամսական երկու ոսկի վարձքով բռնուեցաւ՝ թրքերէն լեզուն սորվեցնելու համար բժշկութեան թեկնածուին, որ արդէն Կոստանեան կրթարանին մէջ բաւական գաղափար մը կազմած էր այդ լեզուին վրայ։

Այս առթիւ, մասնաւոր սենեակ մը յարդարուեցաւ Արշակի համար։ Գոց սենեակներ բացուեցան կարասիներու ընտրութեան համար, ի ներկայութեան այս պարագային մէջ։ Կարծես պաշտօնական դիւանատուն մըն էր կազմուելիքը։ Գտնուածներուն մէջէն՝ խորշ-դարանաւոր լայնանիստ գրասեղան մը ընտրուեցաւ, որուն վրայ ամիրան ժամանակին նամակներ ստորագրած էր։ Կանանչագեղ պարտէզներու եւ շքեղ գիւղանկարի մը վրայ նայող սենեակ մը փախադրուեցաւ ան, գետինը հին գորգեր փռուեցան, տամասկոյէ թանկագին վարագոյրներ կախուեցան պատուհաններէն, երկու մեծադիր իւղաներկ պատկերներ, մէկը՝ Կալիպսոն ներկայացնող իր յաւէրժահարսներէն շրջապատուած, միւսը՝ նաւաբեկեալ Ոդիսեւսի Ոգուգիա կղզին ելլալը՝ Կալիպսոյէն ընդունուելով, դէմ դիմաց զետեղուեցան պատերուն վրայ։ Այս բոլոր առարկաներուն զետեղման վրայ գանձապահը բամբակ բծախնդրութիւն մը պտտցուց, վերջին ծայր քննադատելով հանըմին ճաշակը, եւ ամէն մէկ առարկային ձեւը, դիրքը, կեցուածքը փոխելուն՝ զօրաւոր եւ պապանձեցնող մէջբերում մը ընելով։

Ժամանակին, ողորմածհոգի ամիրան նոր սենեակ մը շտկեր նէ ինծի կը կանչէր. «Թադէոս, կ՚ըսէր, քու խելքդ կը հասնի ասանկ բաներու, սա օտան ի՞նչ պիչիմ շտկենք»։ Լմննալէն ետքը, «է՛հ, աշգ օլսուն Մերկերօղլու» կ՚ըսէր, քահ քահ խնդալով։

Եւ յետոյ իր սովորական անդիմադրելի բանաձեւը առաջ կը քշէր։

Ասիկա պաշըպօշ չը ճերմակցուցինք, պապա՜մ, կ՚ըսէր ալեխառն մօրուքը ափելով։

Երբոր ամէն բան վերջացաւ, բժշկութեան կոչեցեալը գնաց բազմեցաւ գրասեղանին առջեւ, արմուկները անոր կռթնցնելով, նայելով մօրը եւ գանձապահին որ դիմացը կանգնած էին, հիացական կեցուածքներով։

Մերկերեան յորդորականով մը փակեց սենեակին բացման արարողութիւնը.

Արշա՛կ, օղլում, քեզ տեսնամ, նայէ քի մարդ ըլլաս, մամայիդ սիրտը չկոտրես, անանկ մէկ տոքթոր մը ըլլաս քի աշխարքին մատ խածնել տաս։

Աստուած լսէ ձայնդ, հառաչեց տիկին Մարկոսեան, աչքերը ձեղունին յառած։

֍ ֍ ֍

Մինչեւ մէկ տարի, մաման դիւցազնական ճիգերու պէտք ունեցաւ աշխարհքին չյայտարարելու համար թէ իր զաւակը թեկնածու մըն էր բժշկական գիտութեան. թէ ինչպէս նախատեսուած էր, ան իրօք պիտի ըլլար մեծ, չնաշխարհիկ մարդը, որուն ամբոխները պիտի յառնէին իրենց զմայլոտ, յափշտակուած, աղերսող նայուածքները, իրենց ցաւերուն բալասան մուրալով։

Բայց չկրցաւ գո՛նէ Բարթող աղային իմաց տալու փորձութեան դիմադրել, երբ ան իր պարբերական հաշիւներէն մէկը տալու եկած էր իրեն։ Խորհրդաւոր երկչոտ ձեւերով, նոյնիսկ կարծես սենեակին պատերէն իմացուելու երկիւղով մը պաշարուած, ինչ որ տենդոտ թարթափումներ պատճառեց Բարթող աղային մէկ հատիկ աչքին, տիկին Մարկոսեան հաղորդեց մարդուկին.

Բարթող աղա, դուն դուրսէն մարդ չես բայց քովդ պիտի մնայ ըսելիքս, մէկը չի գիտեր, գիտնալու ալ չէ, հասկցա՞ր, խօսք կուտա՞ս… անանկ մէկ բան մըն է որ քեզի ալ շատ օգտակար պիտի ըլլայ…

Յորմէ հետէ իր երկու շնորհալի աղջիկները իրենց ամուսնանալու բնական եւ օրինաւոր տարիքին սահմանները գլեր անցեր էին, Բարթող աղայի կոշտուպլոշտ մարմինին մէջ նոր զգացում մը բոյն դրեր էր, որ երթալով կը սաստկանար, այդ սահմաններուն անհունանալուն համեմատութեամբը. այդ զգացումն էր դիւրազգածութիւնը։ Կեանքի առօրեաւ ամենասովորական դէպքերը հիմակ ա՛լ հսկայ խոշորացոյցի մը ետեւէն կը ներկայանային իր աչքին, համանման իմաստի մը մէջ ձուլուելով, ենթարկուելով միեւնոյն մեկնութեան։ Սովորականէն քիչ մը տարբեր փութկոտութեամբ տրուած բարեւ մը, շոգենաւին մէջ, սրճարանը կամ տան մը մէջ շա՛տ բնական «հրամմեցէք Բարթող աղա» մը եւ ասոնց պէս աննշան խօսքեր ու շարժումներ՝ հարցման խռովայոյզ պարոյկ մը կը ցցէին իսկոյն անոր ցաւատանջ էութեանը մէջ. Աճապա Կատարինէիս ծա՞ռքը պիտի ուզեն։

Եւ իրիկուան, երբոր տուն դառնար, խորհդապահօրէն կ՚ըսէր կնոջը.

Խրստիկ, էս այսօր խույումճի Նշանին տուած բարեւին չհաւնեցայ. ինծի կուգայ քի միտք մը ունի. Կատարինէիս աշկ նետած է, ամա տահա ճէսարէթ չ՚ըներ կոր ուզելու. ի՞նչ կ՚ըսես, կնիկ, ուզէ նէ տա՞նք։

Տանք, Բարթիկ, տա՛նք, կը հառաչէր խեղճ կինը, որ ա՛լ կարծես ձանձրացած էր իր աղջիկներուն ամուսնութեան այդ ալնուծելի եւ անվերջանալի հարցէն։

Եւ քանի մը օր, շարունակ, ցորեկը խոհանոցը, գիշերը իրենց անկողնին մէջ, կը խօսէին «խույումճի Նշանին» եւ անոր նշանակալից բարեւին վրայ, հառաչներնին իրարու խառնելով, զարմանալով թեկնածուին ուշանալուն, եւ յաջորդ օրուան վրայ յոյսերնին դնելով, մինչեւ որ ուրիշ մէկը, օրինակի համար պասմաճի Գառնիկ մը գար իր մէկ սիրալիր շարժումովը վանէր խույումճի Նշանը եւ յոյսի նորանոր տագնապներու մատներ Բարթող աղան եւ իր կողակիցը։

Անանկ որ երբ հիմա տիկին Մարկոսեան խորհրդաւոր ձեւերով գաղտնիք մը հաղորդելու կ՚ելլար Բարթող աղային, մարդուկը, իր սովորական դիւրազդածութեամբը, իսկոյն իր սեւեռուած մտածումին կը փարէր, եւ յուզումէն խղդուած ձայնով մըն էր որ հարցուց։

Հանըմ, աճապա Կատարինէիս խսմէ՞թ մը ելաւ…

Տիկինը, ափիբերան, բորբոքեցաւ, Կատարինէի այդ յաւիտենական ուրուականին առջեւ, որ պատեհ եւ անպատեհ առիթներու մէջտեղ կը ցցուէր։

Օ՜ֆ, չանըմ Բարթող աղա, ի՜նչ թոհաֆ մարդ ես. քու Կատարինէդ իմ ինչո՛ւս պէտք. իմ ըսելիք ուրիշ բան էր, շատ մեծ, շատ կարեւոր բան մը… օ՛ֆ, սիրտս նեղացուցիր, մարդ…

Ու քէն ըրածի պէս, մաման թիկնաթոռի մը վրայ ինկաւ, սրտմտած մանաւանդ սա մտածումէն թէ իր գաղտնիքին վսեմութիւնն ու կուսութիւնը որեւէ Կատարինէի մը ամուսնութեան ապուշ գործին հետ շփոթուելու նախատինքը կը կրէին։

Բայց մէկէն ի մէկ, փոխուած, անուշացած, ոտքի ելլալով մօտեցաւ մսավաճառին, որ նախատինքին սաստկութեան տակ սահմռկած մնացեր էր, եւ ձեռքով անոր ուսին զարնելով մտերմօրէն.

Բարթող աղա, Արշակս տոքթոր պիտի ըլլայ… տոքթոր, կը հասկնա՞ս, հէքիմ, բժիշկ…

Եւ մարդուկը, շոշորդի պէս, մեքենաբար, կարծես զառանցելով, կրկնեց.

—Տոքթոր, բժիշկ, հէքիմ…

Բայց հանդարտ մնաց, առանց մատնելու ուրախութեան եւ սքանչացման այդ տագնապին, զոր կը նախատեսէր հանըմը։ Փորձը անյաջող եղած էր, այդ առաջին փորձը, որուն վրայ այնքան յոյս դրած էր խեղճ կինը։ Անյագօրէն դիտեց մարդուկը յուզում եւ հրճուանք փնտռելով դէմքին վրայ. բայց անոր պղնձագոյն մորթը, խանծած ու քաշուըռտկած, ժայռի պէս անշարժ մնաց, անզգած եւ պա՜ղ։

Եւ, անճրկած, ինկաւ նորէն թիկնաթոռին վրայ, հառաչ մը կլլելով։ Սակայն, գործակատարը սթափեցաւ իր շլմորումէն.

Եա՜, ըսել է քի, հանըմ, Արշակը տոքթոր պիտի ընես. է՛հ, շնորհքով զէնաաթ է. աֆէրիմ, Արշակ, աֆէրիմ, օղլում, հա՛, մարդ եղիր նայինք… Ուրիշ ըսելիք մը ունի՞ք, հանըմ, այսօր գործերս շատ են, տահա միւշտերիներուս չգացի… մնաք բարով, հանըմ…

Եւ կուզը խաղցնելէն առաւ քալեց։

Այսպէս ուրեմն, իր զաւկին տոքթորութեանը աւետումը, առաջին փորձով մը, կատարեալ ձախողանքի կը մատնուէր։ Իր մայրական ունայնամիտ կոյր եսասիրութիւնը՝ խանդավառ բացականչութիւններու, բուռն զարմացումներու եւ ուրախութեան ճիչերու կը սպասէր այն առաջին անձէն, որուն պիտի տրուէր այդ աւետման ենթարկուելու բարեբախտութիւնը։ Բարթող աղա «շնորհքով զէնաաթ է»ի տափակ եւ շուկայիկ բացատրութեամբ մը՝ հանըմին փքուռոյց ակնկալութիւններու կից մը տուեր էր։

Ան շոշորդ ցաւագարին մէկն է, ան ասանկ բաներէ չի հասկնար, կը մտածէր տիկին Մարկոսեան. ան ի՛նչ կերպարանք է, մարդու կը նմանի… յանցանքը իմս է որ ասանկ վարնոց մէկը գործակատարս ըրեր եմ…

Սակայն, որքան որ ալ իր գործակատարին ֆիզիքական խեղճութիւնը յիշելով եւ զանիկա նախատելով կը ջանար մխիթարել ինքզինքը այդ ձախողանքի հանդէպ, իրողութիւնը հետզհետէ կը մեծնար, կ՚անհեթեթնար իր մտքին մէջ, յաճախանքի մը համեմատութիւնը առնելով, բուռն մտատանջութեան մը հանգամանքը. «շնորհքով զէնաաթ»ը ըղեզին խորշերուն մէջ կը պտտկէր՝ կսկծալի ասղնտկումներով, մարմինը պրկելով ցաւոտ սարսուռներու մէջ։ Եթէ բժշկութիւնը միայն «շնորհքով զէնաաթ» մըն էր, եւ չունէր այն վսեմութիւնը, փայլը, փարթամութիւնը զորս տալու էր իր զաւկին, այնքան արժանի անոնց, ինչո՞ւ ուրեմն Մերկերեան ատոր մղեր էր իր որդին։ Այդ մէկ որակումով, որուն նշանակութիւնը հետզհետէ կը շեշտուէր, կը ճշդուէր իր մտքին մէջ, բժշկութիւնը իրեն համար, կը դառնար կ՚ըլլար ոսկերչութեան, կօշկակարութեան պէս բան մը, որոնք անշուշտ «շնորհքով զէնաաթներ»էին։ Բայց ինք իր զաւկին համար «շնորհքով»ը չէր որ կ՚ուզէր, հապա մեծը, փառաւորը, շքեղը։

Կը պտտէր տենեկին մէջ, ձեռնամած, աչուըները գետինը թափառուն, ահեղ կսկիծէ մը զգետնուածի պէս։

Բժշկութիւն, ոսկերչութիւն, կօշկակարութիւն, անոնք ամէնքը մէկ բանե՞ր են, կը մրմնջէր, այնքան շփոթած, այլայլած, որ չէր կրնար այս հարցը լուծել։

Յանկարծ, աճապարանքով, դուրս ելաւ սենեակէն, իջաւ սանդուխներէն եւ գետնայարկը, խոհանոցէն ներս մտաւ, ուր պառաւ խոհարարուհի թեւերը սոթտած, կերակուրի պատրաստութեամբ կը զբաղէր։

Նեկտար, ըսաւ տիկին Մարկոսեան, շնչասպառ, քեզի բան մը հարցնեմ, շիտակը պիտի ըսես, հա՞, շիտակը պիտի ընես…

Պառաւը, որ ծռած էր, շտկեց իր կմախքը, մէկ ձեռքը դանակ մը, միւսը՝ թացանաւոր շաղախէ մը լխպիկցած։

Շիտակը պիտի ըսե՞ս, պնդեց նորէն հանըմը, տեսնելով պառաւին շփոթած լռութիւնը։

Կ՚ըսեմ, հանըմ։

Հէքիմութիւնը ընտո՞ր բան է։

Խոհարարուհին, որ այսքան միամիտ հարցումի մը անշուշտ չէր սպասեր, կնոջ երեսը նայեցաւ ինչպէս պիտի նայէր խենթի մը։

Հէքիմութիւնը, հանըմ, պատասխանեց վարանմամբ, հիւանդներուն կը նայի կ՚աղէկցունէ…

Բայց ընտո՞ր բան է, աղէ՞կ արհեստ է։

Է՛հ, ի՞նչ ըսեմ հանըմ, մարդ կայ քի ֆայտան կը տեսնայ, մարդ կայ քի չի տեսնար… (եւ յանկարծ իր մէկ հեռաւոր կսկիծը յիշելով) Ֆուլեանէիս կլօխը հէքիմները կերան, հանըմ, կիւզէլիմ Ֆուլեանէիս… ա՛խ…

Եւ համեմոտ թաց ձեռքին կռնակը աչքին մօտեցուց, որուն կոպին վրայ անմիջապէս արցունք մը փառեր էր։ Ու ծռեցաւ նորէն իր սանին վրայ, Ֆուլեանէին կսկիծովը համակուած, մոռնալով հանըմը եւ անոր հարցումը, որ աւելի քան երբեք կը կնճռոտէր, մթին ու մեռելական գոյն մը կ՚առնէր։

Պառաւ կուրծքէ մը արձակուած կսկծալի այդ կոծը ու կաթիլ մը արցունքը որ շողացեր էր նուաղկոտ բիբի մը վերեւ, այլայլմէ ըրին տիկին Մարկոսեանը որ կը փախչէր ատկէ, կարծես հալածուելով ողբերգական աղաղակէն։

—Ֆուլեանէիս կլօխը հէքիմնե՜րը կերան…

Իր սենեակը ելաւ, տժգունած, ճակատը օրհասական քրտինքներով ողողուն։ Հիմա ուրիշ մտածում մը, քստմնելի, մահացու, կը յաճախէր իր միտքը։ Այդ «հէքիմները» եթէ չէին ալ սպաննած, բայց չէին կրցած իր հոգեհատոր ամուսնին կեանքը փրկել։ Ինչո՞ւ չէին փրկած իր սիրականը։ Եւ ո՞վ կը վստահեցնէր թէ այդ մարդիկը չէին նպաստած անոր մահանլուն։

Զաւակս տոքթո՜ր, կը մրմնջէր, պատուհանին վարագոյրներուն տակ կծկուած, իր ահաբեկ աչուըները հորիզոնին լառած զաւակս տոքթո՜ր (այսինքն մարդասպան, ոճրագործ… չէ՛, չ՚ըլլար… չեմ ուզեր… ըլլալիք բան չէ։

Վախով ու ցաւով համակ, վազեց իր զաւկին մօտ, որ առանձին կ՚աշխատէր իր սենեակին մէջ։

Շո՜ւտ, Արշակ, վազէ Թադէոս աղային, հոս կանչէ, կարեւոր բան կայ, շո՛ւտ, շուտ, շուտ…

Տղան մօրը այլայլած դէմքը տեսնելով, իսկոյն ձգեց աշխատութիւնը եւ վազեց Թադէոս աղային ետեւէն…

Մերկերեանին հանրածանօթ կեդրոնատեղին ժամն էր։ Արշակ հոն վազեց։ Ժամկոչները ըսին թէ գանձապահը քիչ մը առաջ դուրս ելած էր սրճարան երթալու համար։ Տղան խնդրեց անոնցմէ մէկէն որ իսկոյն ետեւէն երթայ եւ ըսէ որ ամիրային տունէն ստիպողաբար զինքը կ՚ուզեն։ Ժամկոչը, շալվարին յետոյքը ժողվելով, վազեց։ Արշակ սպասեց հոն, անցած ատենը գանձապահին ընկերանալու համար։ Քառորդ մը չանցած, փողոցին ծայրէն երեւցաւ Մերկերեանին կարմիր խոշոր քիթը, որ ահագին վնաս կը հասցնէր դէմքին եւ գլխուն կլորութեանը։ Ժամկոչը քայլ մը հեռուէն կը հետեւէր։ Երկուքն ալ կը հեւային։ Տղուն անհամբերութեան նշանները տեսնելով, գանձապահին դէմքը, հոռուանց, լուռ հարցման մը անձկագին ծամածռումներուն մէջ կը խորտակուէր։

Ի՞նչ կայ, Արշակ, հարցուց հեւիհեւ, երբոր մօտեցան։

Չեմ գիտեր, մամաս շուտով ձեզի կ՚ուզէ կոր։

Վազեցին։ Շատ չանցած տուն հասան եւ սենեակ ելան, ուր մաման կը ճեմէր անձկալից երեւոյթով։

Խել ըլլայ, հանըմ, ըսաւ Թադէոս աղա ներ մտնելով։

Տղաս, դուն քու սենեակդ գնա, մենք խօսք ունինք հոս, ըսաւ տիկին Մարկոսեան իր զաւկին, որ հեռացաւ, բան մը չհասկնալով այդ իրարանցումէն, որուն նիւթը ինք կը կազմէր առանց գիտնալու։

Է՛հ, ըսէ նայինք, խե՞ր է, հանըմ, կրկնեց Մերկերեան թիկնաթոռի մը վրայ իյնալով պարտասած։

Թադէոս աղա, պատասխանեց հանըմը տիրական շեշտով մը, միտքս փոխեցի, Արշակս տոքթոր չեմ ուզեր ընել։

Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղաւ։

Տոքթորութիւնը շատ կարեւոր բան մը չէ. տղաս աւելի մեծ փայլուն ասպարէզներու արժանի է, մանաւանդ որ տոքթորութիւնը աղէկ անուն մըն ալ չունի, ամէն մարդ կ՚ըսէ կոր որ տոքթորները մարդ կը մեռցնեն… տղաս մարդասպա՞ն ընեմ։

Խանըմ, ո՞վ խալդ կերաւ ատիկա, պոռաց Մերկերեան իրական զայրոյթով մը բորբոքած, տէ՜ր ողորմեա ինձ Աստուած, ճանըմ երէկուընէ այսօր ի՞նչ դարձաւ, ի՞նչ եղաւ, մէ՞կը եկաւ, բա՞ն մը ըսաւ նորէն, անկէ աւելի մեծ, բարձր, պատուաւոր արհեստ մըն ալ կա՞յ… կ՚աղաչեմ, տիկին, խելքդ գլուխդ ժողովէ, աղէկ մը մտմտա, տղուդ արունը պիտի մտնաս, մտիկ ըրէ իմ խօսքիս… տոքթորները մարդ կը մեռցունեն եղեր, ո՞վ խալդ կերաւ. մարդ կ՚ողջնցունեն, մա՛րդ, հանըմ, իմ քրոջս աղջիկը մեռնելու բան էր ազատեցին, եա՛ ես, երկու անգամ կը մեռնէի կոր տէ ատ չհաւնած տոքթորները հոգի տուին…

Եւ յանկարծ ընդհատելով իր խօսքը եւ հանըմին դառնալով ուժգնակի.

Ճանըմ սա ըսէ ինծի, ո՞ւրկէ ուր միտքդ փոխուեցաւ հանըմ։

Տիկին Մարկոսեան՝ գանձապահին կրքոտ ու սրտմտած այս յանդիմանակնէն ազդուեր էր իսկոյն եւ տրամադրութիւնները փոխուեր էին։ Ուստի թուլցաւ, խոստովանեցաւ։

Աս առտու Բարթող աղան եկաւ, ան ըսաւ որ…

Ըսաւ որ, գէշ զէնաաթ չէ… չուրախացաւ, իրար չանցաւ, ի՞նչ գիտնամ…

Այս անունը լսելուն, գանձապահը քիթը բերանը թթուեցուց…

Անանկ վարնոց մարդիկը ատանկ բաներէ կը հասկնա՞ն, հանըմ…

Ետքը մեր Նեկտարին հարցուցի, ան ալ ըսաւ. Ֆուլեանէիս կլօխը հէքիմները կերան…

Պարապ խօ՜սքպ ըսաւ Մերկերեան , անոր Ֆուլեանէն պիտի մեռնի եղեր մեռեր է… հէմ ատանկ ցնդի փնդի մարդոց խօսքերուն ի՞նչ կարեւորութիւն կուտաս կոր… ինծի չհարցունե՞ս, անոնք տոքթորը ի՛նչ կիտեն, հէքիմը ի՛նչ կիտեն, բժիշկը ի՛նչ կիտեն…։ Նայէ՛, ասօրուան օրս տոքթոր Քեաթիպեան կ՚ըսեն մատով կը ցուցունեն կոր. թագաւորին, փաշաներուն դիմացը կ՚ելլայ, նավզէրնին կը բռնէ կոր. ո՞ր զէնաաթը ատ մարիֆէթը ունի, հէ՞…։ Զաւակդ վաղը մէկալնօր մեծնայ, ատանկ մէկ նշանաւոր բժիշկ մը ըլլայ տէ ծառքի վրայ պտտցունեն նէ՝ քէֆդ չի՞ գար… համմէ՞… Սանկ լերան պէս տոքթոր Մարկոսեան տէյի անունը աշխրքին պերանը անցնի նէ եաղ չե՞ս կապեր, հանը՛մ, սա ըսէ…

Բժշկական արհեստին համար Մերկերեանին հիւսած այս պերճախօս ջատագովանքը վանեց տիկին Մարկոսեանի յետին վարանումները, երկիւղի մնացորդները։ Դէմքը պայծառացած, աչուըները փառասիրութեան յեղակարծ զարթումին շողիւններովը առլի կը ժպտէր, ինչպէս մանուկ մը որուն ափերով շաքար եւ ծրարներով խաղալիկ կը խոստանան։

Ըսել է թագաւորին դիմացն ալ կրնայ ելլալ, շշնջաց, հրճուանքէն խղդուելով։

Հա՛րկաւ, ինչո՞ւ չէ, ատանկ մէկ երեւելի տոքթոր մը ըլլալէն ետքը… նայիս էի Սուլթան մըն է կը հիւընդնայ, թագաւորը եավէր մը կը ղրկէ տոքթոր Մարկոսեանին, տոքթոր Մարկոսեանն ալ կ՚ելլայ սարայ կ՚երթայ, լմնցաւ գնաց, էղաւ թագաւորին հէքիմը, օրին մէկն ալ, Ասված խսմէթ ընէ նէ, թագաւորին հէքիմ պաշի՛ն…

Հէքիմ պաշի՜ն, կրկնեց տիկին Երմոնէ, երազուն։

Ի՞նչ գիտցաք եա՛, պնդեց Մերկերեան՝ անսահման կապոյտ թածկինակ մը հանելով գրպանէն եւ քիթը անոր մէջ մաքրելով մեծաժխոր շառաչմամբ, կարծես պաշտօնական հանգամանք մը տալու համար իր աներեւակայելի յայտարարութեանը։

Երբոր քիթին մաքրագործումը աւարտեցաւ, Մերկերեան, իր ըրած ճիգէն դեռ կաս կարմիր՝

Բան մըն ալ կայ, հանըմպ վրայ բերաւ, չեն ուզեր քի քու զաւակդ մենծ մէկը ըլլայ, զուրցուի, անուն ունենայ. կը հասկնա՞ս, կը նախանձին, չեն քաշեր. դուն ալ միամիտ կնիկ, կը խաբուիս ասոր անոր շառլաթանութիւններուն… Դուն ինծի մտիկ ըրէ մինակ, բարեկամդ ես եմ, ի՛նչ մարդ ըլլաս սա Կոստանեանին գործին մէջ արդէն հասկցար, չէ՞ մը…

Մնաց որ, գանձապահին այս յորդորները հեռի էին տիկին Մարկոսեանին ուշը գրաւելէ, անիկա քանի մը վայրկենէ ի վեր ամբողջովին գրաւուած, յափշտակուած ըլլալով «հէքիմ պաշի»ի մոգական, շողշողուն հեռապատկերովը։ Ու այս կէտին վրայ աւելի լուսաբանուիլ ուզելով.

Թադէոս աղա, կը հարցունէր, հեքիմպաշին մէկ հա՞տ մը կ՚ըլլայ։

Հարկաւ, ի՞նչ ըսել է։

Մինակ թագաւո՞րը կը նայի։

Ամսականը շա՞տ կ՚ըլլայ։

Է՛հ, վեր վար երկու հարուր ոսկի մը ըլլալու է։

Ցորեկուան սեղանը պատրաստ էր. վարէն, խոհարարուհին զանգակ մը կը հնչեցունէր, ընդհատելով այդ անուշ, գինովցնող խօսակցութիւնը։

Սեղանին վրայ, ա՛լ բնաւ խօսք չեղաւ «հէքիմ պաշի»ին, վասնզի ապագայ «հէքիմ պաշի»ն հոն ներկայ էր։ Մինակ տիկին Երմոնէ. խորունկ մտածութեանց մէջ թաղուած, հազիւ թէ կերաւ, մինչ գանձապահը միսի շերտեր, հաւի զիստեր կլափէն վար կ՚իջեցնէր լռիկ մնջիկ, ֆշալով մշկաբոյր գինիի ոռոգումներով։

Ճաշէն յետոյ, գանձապահը ստիպողական գործեր պատրուակելով առնել քալել ուզեց։ Փողոցին դրան առջեւ, ուր իջաւ հակառակ իր սովորութեան, տիկին Մարկոսեան վերջին տեղեկութիւն մը հարցուց։

Նշան կ՚առնե՞ն հէքիմ պաշիները։

Նա՛, աստար աստար, ըսաւ գանձապահը ափին կէսը ցուցունելով, Մէճիտիյէ մի կ՚ուզես, Օսմանիէ մի…

Ճամբան, սմսեղուկ ծերունին մօրուքին տակէն կը խնդար. «Աս կնիկը երթալով կը փախցնէ կոր… ամա ինչո՛ւս պէտք, մենք մեր գործին նայինք…»։

Ատ գիշեր եւ ուրիշ գիշերներ ֆանտաստիկ երազներու ցնորական խառնակութեան մը մէջ տապլտկեցաւ խեղճ կինը. ջահազարգ, լուսաշող, աղմկալից պալատներու մէջ ոսկեղէն կառքեր կ՚երթեւեկէին փրփրերախ ամեհի ձիերէ լծուած, շքեղազգեաց պալատականներու ճոխ թափօրներ, դիցանուշներու պէս իշխանուհիներ կ՚ելեւէջէին, կը վազէին, կը սուրային եւ կը պոռային. «հէքիմ պաշին, հէքիմ պաշին»։ Բազուկներ կ՚երկննային, պաղատանքներ կ՚արձակուէին. եւ յանկարծ փառաւոր լանտոյի մը մէջ զոր կը քաշէին ոսկեճամուկ ասպազէններով նժոյգներ, կ՚երեւար մեծ բժշկապետը… եւ, հէք մայրը, խելացնոր, ընդոստ կ՚արթննար «զաւա՛կս, զաւա՛կս» աղաղակելով. եւ տեսնելով զաւակը հոն իր քով, քունի վայելքին անձնատուր, պալատներէն ու այդ բոլոր ճոխութիւններէն շատ հեռուպ կ՚իյնար անճրկած, հիասթափ, յուսահատ, մարմնասարսուռ։

Յաջորդ տարուան դպրոցական վերամուտին, Արշակին՝ բժշկական վարժարան մտնելու գործողութեան մէջ Մերկերեան շիլ եւ խաբեպատիր դեր մը կատարեց։ Տասը ոսկիի ծախք մը ցոյց տուաւ մուտքի համար։ Տիկին Մարկոսեան անտրտունջ վճարեց։ Ատ գումարը գրպանեց Թադէոս աղա, իր խղճին առջեւ՝ եկեղեցիի հասոյթներուն սակաւութիւնը արդարացում դնելով։

Բայց Արշակ վերջապէս մտաւ բժշկական վարժարան, ու այս դէպքը Հ… գիւղին համար դադրեցաւ այլեւս գաղտնիք մը ըլլալէ։

Առտու իրիկուն, պատանի Արշակը, թեւին տակ փոքր պարութայ մը, կ՚անցնէր Հ… գիւղին փողոցներէն, վերէն նայելով իր Կոստանեանի նախկին դասընկերներուն, անոնց վրայ իր վաստակած գերազանցութիւնը երեսնուն պոռալու ձեւով։ Նաւամատոյցին վրայ, շոգենաւին մէջ, գեղին ջոջերը, ամիրայական տան հին յաճախորդներ, կը շրջապատէին աղուամազոտ ուսանողը. անոր ինքնասիրութիւնը փայփայող քնքուշ խօսքեր, հարցումներ ուղղելով անոր։

Հա՛ քեզ տեսնանք. տղաս, կ՚ըսէին, գեղերնուս մէջ շնորհքով տոքթոր մը չկայ. պարէ դուն եղիր։

Ուսանողը կը փքանար, կը ժպտէր վէս ժպիտով մը, իր վրայ դրուած այդ յոյսերը պսակելուն աւելի քան վստահ։

Մաման, սրտին հրճուանքը եւ յուզումները պայթելու պէտքէն մղուած, քանի մը հին բարեկամութիւններ վերահաստատեց՝ խնամոտ ընտրութեամբ մը։ Իր այդ վաղեմի բարեկամուհիներուն հետ, ընդունելութեան մեծ սրահին մէջ, քանի մը անկարեւոր ասուլիսներէ յետոյ, տիկին Երմոնէ կը յաջողէր խօսքը բժշկութեան բերել յանգեցնել, ու ծանրանալ անոր վրայ, անոր բարիքները թուելովպ բայց միեւնոյն ժամանակ չհաւնելով հրապարակի բժիշկներուն, եւ ասանկով տոքթորցուին անուան շուրջ հիմակուընէ րէքլամի անարգ դրութիւն մը հաստատելով։

Առաջին տարուան լրանալուն, Արշակի մարմինը անանկ խիզախ ուռճացում մը ունեցաւ, իր անդամները անանկ համեմատութիւններ առին, որ մաման ակամայ ստիպուեցաւ զատ անկողին մը պատրաստել անոր համար։ Աշխատութեան սենեակին կից ուրիշ երկու սենեակներ տղուն տրամադրութեան տակ դրուեցան, մէկը ննջասենեակ, որ ապարանքին ընդարձակ պարտէզին վրայ կը նայէր, եւ միւսը ընդունելութեան սրահ, պատշաճ յարդարումով։ Իր գրկէն զատելով զաւակը, տիկին Մարկոսեան բարոյական ուրիշ գոհացում մըն ալ կ՚ունենար. խելահասութեան, լրջմտութեան գաղափարը, զոր կը ներշնչէ տղայ մը երբոր մօրը թեւերուն գուրգուրացող պաշտպանութենէն կը բաժնուի, վտանգներու դիմագրաւելու ինքնավստահութեամբ մը լցուած։

Մանաւանդ որ Մերկերեան ալ, այս մասին իրեն խորհուրդ հարցուելով, կշտամբալից եղաւ։

Ճանըմ, տիկին, ատ խոճաման տղան ինչո՞ւ քովդ կ՚առնես կը պառկիս. կը վախնաս քի կը գողնա՞ն. մեղա՜յ տէր, մեղա՜յ Յիսուս… հէմ չիվայլեր, հանըմ, չիվայլեր, աւելցուց գլուխը օրօրելով խորհրդաւորօրէն։

Տոքթորցուին ծառայութեան համար սպասաւորի մը պէտքը անհրաժեշտ դատուելով. Թադէոս աղա՝ եկեղեցիին մէկ ժամկոչին գաւառէն նոր եկած եղբօրորդին, տասնըվեց տասնըեօթ տարեկան Խաչօն, կարմիր առոյգ այտերով, շուարած նայուածքով տղայ մը, առաւ բերաւ հանըմին, որուն դէմը բարեւ կեցած՝ գաւառացին մտիկ ըրաւ անոր պատուէրները, այսմաւուրքի չափ երկար ու մանուածապատ, մեծագոյն մասէն բան մը չհասկնալով, բայց ամենուն ալ հաւանութեան նշաններ ցոյց տալով։ Առ այժմ, Խաչօ ուտելու եւ պառկելու փոխարէն պիտի ծառայէր. ապագային երբոր գոհ ըլլային իրմէ, մանաւանդ երբոր տոքթորցուն տոքթոր ըլլա՜ր… պիտի վարձատրէին զինք։ Խոհանոցին կից, ընդարձակ մառան մը, ուր քանի մը հինումին կարասիներ նետուած էին եւ որ ձեղունին մօտ բացուած լուսանցոյցէ մը միայն կը լուսաւորուէր, սպասեակին ննջասենեակ որոշուեցաւ։ Պառաւ խոհարարուհին՝ քինալից ու խոժոռ նայուածքներ ուղղեց գաւառցի պատանիին.

Վո՛ւ ծուները թէբէիս, մռլտաց, գլխուս քիչ փորձանք կար, փորձանք մըն ալ աս էւէլցաւ…

Խաչօ՝ սեղանին վրայ, տոքթորին ետեւը պիտի կենար, հնազանդելու համար անոր շարժումներուն եւ հրամաններուն, եւ ճաշին աւարտումէն յետոյ խոհանոցին մէջ փորը պիտի կշտացունէր սաներուն էվէլցուքներով։

Հէք պատանին, որուն իր ժամկոչ հօրեղբայրը կանխաւ սպառնալից հրահանգներ տուած էր այն ասպարէզին համար ուր կը նետէր զանիկա, եւ մասնաւորապէս սա ահաւոր հեռապատկերը գծած էր անոր զահանդական նայուածքին առջեւ. «Խաչօ՛, ատ տունէն վռնտուիս նէ՝ անօթի կը մեռնիս, ըսեմ քեզի, ժամուն մախսէնը կը նետեմ, հոն կը սատկիս…»։

Հէք պատանին, չորս կողմէն ընդունած պատուէրներու այս տարափին տակ սարսափով մը համակուած, ինքնաշար, լուռ, միակտուր ժեսդեր կ՚ունենար, արձակուած ամէն մէկ հրամանին ցնցուելով, մարմինը առաջ նետելով վերահաս վտանգէ մը ազատուելու պէս, բիրտ, կոշտ, անասնական։

Արշակ, որուն մէջ մանկական չարաճճիութեան տեղ անողորմ ու եսասէր հեգնողութեան մը բնազդները կ՚արթննային տարիքին հետ, գաւառացի տղուն այն անտաշ, կրաւորական, երկչոտ շարժուձեւերուն մէջ զուարճութեան մեղաւոր, անգութ սատարներ կը գտնար։ Ճաշի միջոցին, յանկարծ, կը պոռար սպասաւորին, երբ ան՝ երկու ձեռքերը պորտին վրայ՝ կը կենար հոն, այդ կոչին բոլորովին անպատրաստ.

Խաչօ՛, շուտ, պնակ մը… վազէ՛։

Եւ երբ գաւառացին կը ճարտարւորէր դէպի խոհանոց, թեւերը կախերեր, ուսերը վայրահակ, շալվարին յետոյքը տատանելով, ամիրային թոռը կը ճաթէր խնդալէն.

Նայէ՛, մամա, պիչի՛մը նայէ…

Յետոյ անպատշաճ կատակներ կ՚ընէր, որոնց կը հանդուրժէր Խաչօ լռիկ համակերպութեամբ, պարզապէս տրուած պատուէրներուն հնազանդելու համար, եւ կը հրամայէր որ գաւաթը կրող ձեռքը ճիշդ գլխուն վերեւ բռնէ, յետոյ մէկէն ի մէկ «դարձո՛ւր» կը պոռար։ Եւ ահա գաւաթ մը ջուրը կ՚իջնար Խաչոյին գլխէն վար, ականջներէն, ուսերէն վազելով, հագուստը թրջելով, մինչ Արշակ կուշտուկուռ քահքահներու մէջ կը գալարուէր, այդ անարգ տեսարանին վրայ միշտ մամային ուշադրութիւնը հրաւիրելով։

Մամա՛, նայէ, Խաչոյին հիյէ՜թը նայէ։

Եւ երբ հէք պատանին, որ շուարած, ափիբերան, կը մտածէր թէ սրբելո՞ւ, չորցնելո՞ւ էր վրան գլուխը, առանց թոյլտուութիւն առնելու, տոքթորցուն դարձեալ հրաման մը կ՚արձակէր, որուն գործադրութեանը կը շտապէր Խաչօ, մոռնալով իր կրած տուշին անպատեհութիւնը։

Մաման, զաւկին այս ընդվզիչ կատակներուն որեւէ առարկութիւն, ընդդիմութիւն չէր ըներ, նոյնիսկ թեթեւ ժպիտներով կը քաջալերէր զանոնք, նկատելով որ անոնցմէ հաճոյք, ուրախութիւն կը զգար իր զաւակը, հոգ չէ թէ միամիտ ու արգահատելի արարծ մը յարատեւ նշաւակ դառնար այդ խոշտանգումներուն։

Շաբաթը երկու երեք անգամ Մերկերեան կուգար, ապրանքին ներէին կեանքը ուսումնասիրելու, անոր նորութիւններուն ծանօթանալու, սեղանը, գինին վայելելոու, զուարճանալու, խնդալու։ Եւ իրօք, կարելի չէր երեւակայել աւելի զուարճալի ու յատկանշական բաղադրութիւն մը տարրերու, որոնցմէ կազմուած էր այդ տան բնակչութիւնը։ Հանըմը, զաւակը, խոհարարուհին եւ Խաչօն, բոլորովին անհամերաշխ, հակոտնեայ տիպարներ, նկարագիրներու անհուն հակասութիւններ, զիրար գտած հոտ, բախտին մէկ ցաւալի կատակովը, գիշեր ցորեկ յարատեւ շփման մէջ, իւրաքանչիւրը իր ցաւովը տոչորուած, համակուած, ամէն մէկը տարբեր իտէալներու հետամուտ, զիրար հասկնալու, զիրար մխիթարելու անկարելի, անկարող, իրարու վշտերէ, իրարու խենթութիւններէ անտեղեակ, իրենք իրենց մէջ ամփոփուած, խեղճ, ցաւագար, լուսնոտ։ Ու ասոնց վրայ աւելցուր Բարթող աղան, իր հրէշային կազմուածքով, իր գողնալու, կողոպտելու, գիշատելու անդադրում մտասեւեռումը՝ այլանդակացած, տգեղցած իր երկու անհեթեթ էգերուն յաւերժական աղջիկնութեան դատապարտումին վիշտէն, որ երթալով աւելի եւ աւելի կը խածնէր, կը կծկէր, կը հրէշացնէր անոր մարմինր, եւ Թադէոս աղա, չկշտացող ուտիճ մը, այնագ յարալէզ, մարդկային ընկերութեան կուշտին փակած տզրուկ մը, որ սուտ, խաբեպատիր ազգասիրութեան մը համբաւին կռթնած՝ աղքատ թաղի մը անարիւն երակները կը ծծէր, եւ մեծափարթամ ապարանքի մը փլատակներուն վրայ կը սլքտար դեռ՝ ճարակ փնտռելով իր ցանկութիւններուն, դիակնախոյզ բորենիի մը պէս։

Երրորդ տարուան կիսուն, տիկին Մարկոսեան, Մերկերեանի հետ խորհրդակցութեամբ, հակառակ այս վերջինին քանի մը բանաւոր առարկութիւններուն, վճռականապէս որոշեց տոքթոր անուանել Արշակը։ Այս յիմարութիւնը գործելու իր անյեղլի կամքին առջեւ, վերջապէս տեղի տուաւ Մերկերեան, եւ տոքթոր տիտղոսը այդպէս պաշտօնապէս տրուեցաւ Արշակի, որուն բաւական լուրջ եւ հանդիսաւոր ձեւերով հաղորդուեցաւ այս իրողութիւնը եւ որ, առանց զարմանքի արտայայտութեան, շատ բնական բանի մը պէս հաւանեցաւ ատոր։ Այդ վայրկեանէն, ուրեմն, տան մէջ ամէն մարդ պարտաւոր էր տոքթոր անուանել ամիրային թոռը, չնայելով որ դեռ տոքթորութենէ փարսախներով հեռու էր ան։

Նախ Խաչօն կանչուեցան ատեան, զոր, ինչպէս ըսինք, կը կազմէին տիկին Մարկոսեան, Թադէոս աղա եւ տոքթոր Մարկոսեան, եւ որուն ներկայացաւ գաւառացի սրտատրոփ եւ դողդոջում։ Տարիուկէսէ ի վեր այդ տան մէջ էր ու տակաւին ատանկ հանդիսաւոր, պաշտօնական կացութեան մը չէր ենթարկուած։ Կեցաւ հեռուն, պատին առջեւ, ծունկ բարեւ, ոտքր ոտքին քով, աչքերը գետին յառած, յանցաւոր աշակերտի մը կեցուածքով։

Թադէոս աղա, նախագահի հանգամանքովը, խօսք ուղղեց սպասաւորին եւ ըսաւ.

Խաչօ, օղլում, հէլպէտտէ Աստուծոյ փառք կուտաս կոր քի մէկ ասանկ աղէկ, շնորհքով տեղ մը ինկար տէ մարդու պէս կ՚ապրիս կոր… հոս ամիրայի տուն է, օղլում, հիմ էմէքտարները կը սիրուին, կ՚օգտէ որ հաւատարիմ ըլլան, ճանըկէօնիւլտէն ծառայէն, կը հասկնա՞ս կոր…

Խաչօ գլխովդ այո՛ ըսաւ։

Էֆէնտիդ, շարունակեց Մերկերեան Արշակը ցուցնելով, բաւական գոհ է քենէ, քիչ մը աչքդ բանալու էս, բան սորվելու ես, ինքզինքդ սիրցնելու ես, հա՞ մի։

Խաչօ գլխովը այո՛ ըսաւ։

Մինակ, վրայ բերաւ գանձապահը, ասկէց ետքը էֆէնտիիդ «աղաս, էֆէնտիս» չպտի ըսես…

Հոս, Խաչօ վեր նայեցաւ, մարդուկին երեսը, տեսակ մը զարմացմամբ։

Տոքթո՛ր պիտի ըսես, շարունակեց Մերկերեան, տոքթոր բառը գրեթէ պոռալով։

Գաւառացին, որ կ՚երեւայ թէ չէր լսած դեռ այս բառը, հետզհետէ ներկաներուն երեսը նայեցաւ, գուցէ կարծելով որ այն անհաճոյ խաղերէն մէկը տեղի կ՚ունենար, որոնց երբեմն կ՚ենթարկուէր ինքլ Բայց դէմքերուն հանդիսաւոր լրջութիւնը ցրուեց իսկոյն իր այս կասկածը։

Տոքթո՛ր, կրկնեց Մերկերեան, հասկցա՞ր Խաչօ՛։

Խաչօ գլխով այո՛ ըսաւ։

Թադէոս աղա ոտքի ելլալով՝ մօտեցաւ գաւառացիին, եւ դասը աշակերտին կրկնել տուող վարժապետի մը պէս, խիստ ու տիրական շեշտով մը.

Տոքթոր ըսէ տեսնեմ, հրամայեց։

Խաչօ կմկաց, շուրթերը դողացին եւ թոթովեց՝ իր զուտ գաւառական անտաշ առոգանութեամբը.

Տիոքթիոր։

Եւ ահա ատեանը իր լրջութիւնը կորսնցուց։

Արշակ սկսաւ քահ քահ խնդալ, Թադէոս աղա կոկորդէն սուր ճիչեր հանեց խնդալու ձեւն էր այս եւ մինչեւ իսկ հանըմը ձեռքը բերնին տարաւ՝ ծիծաղի պայթիւն մը զսպելու համար։ Իսկ Խաչօ կաս կարմիր , ճիտը ծռած, կը մնար, տագնապալից, ամօթահար։

Մերկերեան, լրջացած, վերսկսաւ։

Խա՛չօ, տոքթոր ըսէ։

Տիոքթիոր, աղա։

Գանձապահը գաւառացիին ականջը բռնեց եւ շուրթերը անոր մէջ երկնցնելով պոռաց.

Տո՛ք—թո՛ր։

Տիոքթիոր…

Հէք գաւառացիին լեզուին այս անուղղայ ըմբոստութեանը առջեւ, այլեւս զուարթութիւն չէր որ տիրեց սրահին մէջ։ Տիկինը բարկացաւ, կանանչ աչուըներովը չափչփելով ծառան։ Արշակ, սրտնեղած, ելաւ տեղէն ու մռլտալով պատուհանի մը մօտեցաւ, իսկ Թադէոս աղա, յուսահատ, ինկաւ թիկնաթոռին մէջ։

Ծօ՛, դուն մարդ ըլլալիք չունիս, յայտարարեց, ամուճայիդ ըսեմ տէ քեզի նորէն տեղդ թող ղրկէ։

Այս սպառնալիքին առջեւ, խեղճ տղան պոռթկաց լալագին.

Աման աղա, ոտքդ պագնիէմ, մի՛ ընէր էդ բանը…

Ու երկու արցունքներ գլորեցան անոր արեւակէզ այտերէն վար։

Չընեմ ամա, տոքթոր պիտի ըսե՞ս շէնք շնորհք…

Կ՚ըսիմ, աղա, կ՚ըսիմ։

Հայտէ կնայ տէ աղէկ մը էզպէր ըրէ։ Չէ նէ՜…

Խաչօ շունչ առաւ։ Պաղատագին խոնարհութիւն մը ըրաւ՝ թուշը մինչեւ կուրծքին դպցնելով, ու աճապարանօք դուրս ելաւ սենեակէն, ակռաներուն մէջէն արդէն իսկ սկսելով դժնդակ փորձին.

Տիոքթիո՜ր, տիոքթիո՜ր…

Քիչ յետոյ, երբ տակաւին այս դժպատեհ միջադէպին անհաճոյ տպաւորութիւնը չէր անհետացած երեք արարածներուն վրայէն, խոհարարուհին ներս կը մտնէր իր ցաւագար քալուածքովը, տքալով, հեւալով։

Հանըմ, բան մը կ՚ուզե՞ս։

Չէ, պատասխանեց Թադէոս աղա ի դիմաց հանըմին, ըսելիք մը ունինք տէ անոր համար կանչեցինք։ Գիտե՞ս եա, մեր Արշակը քանի մը տարիէն տոքթոր պիտի ըլլայ. ամա ատէթ է քի դպրոցէն չելած տոքթոր կ՚ըսեն, հա՛ քանի մը տարի ետքը եղեր է, հա՛ քանի մը տարի առաջ, անոր համար տոքթոր կ՚ըսենք կը լմննայ կ՚երթայ, չըլլա՞ր, Նեկտար։

Պառաւը, այս անսպասելի յայտնութեան առջեւ, զարմացած նայուածք մը նետեց հանըմին եւ յետոյ տոքթորին, որ հեռուն կեցած էր, զաւեշտին այս երկրորդ արարուածին եղելութեան հետաքրքիր։ Եւ որովհետեւ պառաւին հաւանողական պատասխանը կ՚ուշանար, Թադէոս աղա կրկնից, ոտքը ոտքին վրայ նետելով։

Հէ՞, Նեկտար, կ՚ըլլա՞յ…

Նեկտար քսանըհինգ տարիէ ի վեր այդ ապարանքին մէջ կը ծառայէր, հանըմին աղջիկնութիւնը գիտէր, Արշակին ծնիլը, մեծնալը. բայց ահա երբն անոր մէկէնիմէկ տոքթոր ըլլալը իմացաւ, ինքզինքին ներել կարծեց պզտիկ դիտողութիւն մը.

Աղէկ ամա, տահա բէք պզտիկ չէ՞… ինծի անանկ կուգայ քի…

Ճանըմ պզտիկը մենծը քեզի ի՞նչ, պոռաց Մերկերեան մէկէնիմէկ բռնկելով, տոքթոր ըսես նէ մէկ զարա մը ունի՞։

Չէ, աղաս, չէ. բան մըն էր ըսի, վրայ բերաւ պառաւը ցնցուած, տոքթոր, բէք աղէկ, անանկ թող ըլլայ. շիտակ է, քանի մը տարիէն տոքթոր պիտի ըլլայ նէ, հիմակուընէ տոքթոր կ՚ըսենք…

Տեսա՞ր մի, խօսք հասկնալը ի՞նչ աղէկ բան է…

Պառաւը, դուրսը, սրահին մէջ, բազկատարած աչքը ձեղունին, կը մրմռար.

Էյնաւոր թագաւոր, տո՞ւն ողորմէ աս խենթերուն…

Այսպէս, դժուարութեան առաջին քայլը առնուած էր. հասարակութեան յառաջապահ մասը, սպասորեարը, վերահասու դրուած էր մեծ իրողութեան. շուրթեր կային որ հիմա արդէն կ՚արտաբերէին այր աղուոր, պանծագին, հմայող բառը, հոգ չէ թէ ատոր համար քիչ մը ճնշողական միջոցներու դիմելու հարկ եղած ըլլար։ Ա՛լ կատարուած իրողութիւն մը կար. Արշակ Մարկոսեան տոքթոր մկրտուած էր, կնքամայրութեամբ իր մամային եւ կնքահայրութեամբ Թադէոս Մերկերեանի. ետ դառնալ այլեւս կարելի չէր. Խաչօն եւ Նեկտարը արգելք կ՚ըլլային ատոր. բաներ կան զորս կարելի չէ հերքել, ետ առնել այնպէս ինչպէս լրագրի մը մէկ անհիմն կամ սուտ լուրը։ Օրինակի համար, կարելի չէր նորն կանչել խոհարարուհին եւ ըսել անոր թէ հակառակ տրուած հրահանգին՝ առժամապէս յետաձգուած էր տոքթոր բառին յորջորջումը. ծիծաղելի ըլլալէ աւելի բան մըն էր. խայտառակուիլ էր. իսկ Խաչոյին վրայ այս մարգի փորձ մը բոլորովին անհնար էր, նկատելով ողբերգական պարագաները որոնցմով ան բերուեցաւ այդ անծանօթ բառին արտասանութեանը, որ նոյնիսկ արցունքներ թափել տուաւ իր աչքերէն։

Տղան, իր շլացմանը մէջ, բոցերու տաքութիւն մը զգաց ներսիդին, մաման, չյուսացուած փառքի մը մերձեցման անուշ անէացումը, նուազումը ապրեցաւ. գանձապահը, իր շիլ ու կիսափակ աչուըներուն մէջէն հեռապատկեր մը նշմարեց որ վերջին ծայր կը գգուէր, կը համբուրէր իր անկշտում կիրքերը։

Երբոր առաջին ցնցումը, շլմորումը անցաւ, իրարու երես նայեցան անոնք իբր թէ քունէ մը արթննային։

Իշտէ աս ալ եղաւ լմնցա՜ւ, յայտարարեց գանձապահը, հիմակ սա մեր տոքթորին կենացը քանի մը հատ կոնծենք։

Ճաշը ուրախ անցաւ, մանաւանդ որ սեղանին վրայ, գոհունակութեամբ դիտուեցաւ որ Խաչօ մէկ երկու ժամուան մէջ կրցած էր զգալի հարուած մը տալ իր լեզուին անտաշութեանը, վասնզի քանի մը անգամ, առիթը ներկայանալուն, երբ տոքթոր բառը արտասանեց, առաջին վանկին մէջ ի ձայնը բոլորովին ջնջուած էր գրեթէ, ու միայն երկրորդ վանկը դեռ կը կաղար, «թիոր». սեղանակիցները, փոքրիկ ժպիտներով, այս ուրախառիթ պարագան դիտել տուին իրարու՝ աչք ընքուի խաղցնելով։

Հա՛, քեզ տեսնամ, Խաչօ, քաջալերեց գանձապահը, որուն ըղեղը սկսած էր թուլնալ գինիին ազդեցութեան տակ, քեզ տեսնամ, օղլում, աշկտպաց, մարդ էղիր, տոքթորին սիրցուր ինքզինքդ… հիմակուան ատենս սէրսէմներուն հաց չի կայ, հասկցա՞ր…

Տիկին Մարկոսեան՝ գիւղին ընտրելագոն դասակարգէն քանի մը ընտանիքներու հետ վերահաստատած  էր իր վաղեմի յարաբերութիւնները. շաբթուան մէջ օր մը ընդունելութեան յատկացուած էր, որուն կը փութային չորս կամ հինգ վաղեմի բարեկամուհիներ, ականատես վկաները ամիրային աղջկան երբեմնի իշխանական կեանքի շքեղանքին։ Մասնաւորապէս հիմակ, հանըմը պէտք ունէր այդ այցելութիւններուն, անոնց հաղորդելու համար իր ներքին կեանքին նորանոր դրուագները, որոնք հետզհետէ երեւան պիտի գային, աստիճանաբար աւելի փայլուն, աւելի փառաւոր, աւելի փարթամ, հին անցած կեանքին աւերակներուն վրայ, քիչ քիչ անհետացնելով զանոնք, եւ իր, ամիրային աղջկան, պառւութիւնը երփներնգելով փառքի, երջանկութեան այն միեւնոյն լուսապսակովը, որով երանաւէտուած էր իր երիտասարդութիւնը։

Իր յառաջիկայ ընդունելութեանը, կ՚ուզէր անգամ մը իր այցելուհիներուն վրայ «տոքթոր»ին փորձը կատարել, որ շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար քան ինչ որ եղած էր Խաչոյին եւ Նեկտարին վրայ, որոնք պարզապէս բռնադատուած էին այդ ծիծաղելի քմահաճոյքին առջեւ գլուխ ծռել։ Ուրիշները կարելի չէր այդ հնազանդութեան հարկադրել։ Ազատ էին չհպատակելու, եւ, նոյնիսկ, հեգնելու, ծաղրելու այր կամէութիւնը։ Հանըմը յոյժ մտատանջ էր ուրեմն, մէկ կողմէն իր սրտին փափաքը իրականցած տեսնելու անհուն տենչը, միւս կողմէն ծիծաղելի դառնալու վախը անգութ վարանումներու մէջ կը տարուբերէին իր խախուտ, ճղճիմ հոգին։ Իր խռովքը չմատնելու ճիգով մըն էր որ ընդունեց իր հիւրերը, մեծ սրահին մէջ, իր սովորական պաղ վարմունքին մէջ տեսակ մը տենդոտ փութկոտութիւն խառնելով հիմա, նայուածքին մէջ թեթեւ պաղատանքով մը, որ այցելուհիներուն աչքէն չվրիպեցաւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին որպիսութեանը եւ ընտանեկան կացութեանը չափէն աւելի հետաքրքիր ցոյց տուաւ ինքզինք, անոնց ցաւերուն ցաւակից, ուրախութիւններուն ուրախակից գտնուեցաւ, գողտրիկ վերադիրներով որոնք այնքան տարօրինակ կը հնչէին իր բերնին մէջ. «անուշտ, հոգիս, խուշս…»։ Հիւրերը կը զարմանային այս փոփոխութեան վրայ, եւ կը փաղաքշուէին ալ՝ ամիրային աղջկան կողմէն այդպէս պատուելնուն։ Պահ մը, հանըմը ինք իր վրայ բնական շեղում մը ընելով, ըսաւ թէ առողջական լաւ վիճակ մը չունէր, եւ թէ տոքթորը ըսած էր որ քանի մը ամսուան օդափոխութիւն մը անհրաժեշտ էր. հիւրերէն մէկը հետաքրքրութիւնն ունեցաւ հարցնելու թէ ո՛ր տոքթորն էր այդ դարմանը պատուիրողը։

Զաւակս, Արշակը, ըսաւ տիկին Մարկոսեան, շատ բնական շեշտով մը։

Կիները իրարու երես նայեցան, կարծես իրարու գաղափար շօշափելու, զիրար լուսաբանելու համար այդ խեղկատակութեան առջեւ։ Ամենքն ալ սակայն անվրդով մնացին, տիկին գերազանցապէս լուրջ անխռով կեցուածքէն ազդուած։

Առաջին ռումբը արձակուած էր։ Հանըմը շունչ առաւ, եւ ներկաներուն դէմքերը զննեց, որոնք որեւէ վհատեցնող արտայայտութիւն չունեցան։ Ասկէց քաջալերուած, ան սկսաւ ա՛լ աջ ու ձախ տոքթոր արձակել, առանց քաշուելու, մէկ կողմ դրած ամէն նմատում, ամէն երկիւղ.

Տոքթորը կ՚ուզէ որ… տոքթորը ըսաւ որ… տոքթորը կը խորհի որ…

Հիւրերը, բերանաբաց, մտիկ ըրին, սահմռկած։ Եւ նոյնիսկ քանի մը անգամ, այցելուհիներէն մէկը, ինքզինքը ստպիուած եղաւ տոքթոր բառով խառնուած հարցում մը ուղղելու տիկնոջ, որ փութաց պատասխանել սաստիկ յափշտակուած։

Իւրաքանչիւրը, մեկնած ատեն, թախանձագին հրաւէրներու առարկայ դարձաւ տիկնոջ կողմէ։

Քանի մը օր չտեւած, գիւղին մէջ տարածուեցաւ հանըմին նոր խենթութեան այս արարքը։ Ա՛լ ծաղրանքները, հեգնութիւնները ծայր ճոթ չունեցան։ Մինչեւ իսկ սրճարաններուն մէջ իսկ խօսուեցաւ այր մասին, Մերկերեանին ներկայութեանը, որ տիկինին դատը պաշտպանեց ջերմօրէն։

Բայց, բոլոր այս աղմուկներուն մէջէն, ու անոնց հանդարտումէն յետոյ, իբրեւ անոնց մրուրը, տոքթոր բառը քիչ շատ ամէն կողմ մնաց, նախ հեգնական առմամբ մը գործածուելով, յետոյ, մոռցուելով անոր բուն նպատակը, անտարբեր շեշտով մը արտասանուելով, սովորութեամբ մը նուիրագործուած։

Եւ անոնք որ հիմակուընէ ապագահ տոքթորին շուրջը կը յածէին՝ ագռաւներու ախորժակներով, փաղաքշանքի յարմար զէնք մը նկատեցին տոքթոր բառը, ուղղելով զայն երիտասարդ ուսանողին, ուր որ հանրիպէր, ընդհանրապէս բարձրաձայն, եւ Արշակ՝ իր գողցու այդ տիտղոսին այդքան շուտ հանրանալուն զարմացած՝ իր ձեւերուն, նայուածքին, քալուածքին, խօսուածքին կը ջանար ճշմարտօրէն տոքթորավայել հով մը տալ։