Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՍՔԵՄԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ՄԱՏՆԻՉ

Մայր եկեղեցիին զանգակներու անընդհատ ղօղանջումն այնչափ ժողովուրդ պատանի, երիտասարդ, ծեր, կին ու աղջիկ լեցուցած էր՝ որ գաւիթին փողոցին ու Պատրիարքարանի անցքին մէջ ճամբայ գտնել դժուար էր, եթէ Յովակիմի եւ իմ բարձրագոչ «ճամբայ բացէք» բացագանչութիւնը չըլլար։

Վազած արիւնը լուացուելէ եւ կարելի եղածին չափ մաքրուելէ վերջ Մուրատը գտայ, որ չէր յաջողած Աշըգեանը համոզել ու Պալատ տանիլ։

Երկուքս միասին Աշըգեանին քով գնացինք. Աշըգեան զիս տեսնելուն պէս ուժաթափ ինկաւ. բարապաններ երեսին քիչ մը ջուր սրսկելէն վերջ սթափեցաւ։

Աշըգեան չէր համոզուէր եւ մինչեւ վերջը իր յամառութեան վրայ կեցած կ’ուզէր մեզ համոզել թէ միւս օրը շնորհակալութեան առթիւ Պալատ երթալու ժամանակ մեր պահանջմնագիրը Սուլթանին անձամբ պիտի ներկայացնէր։

Աշըգեանի այս տեսակ խաբուսիկ եւ խուսափողական խօսքերը մեզ կը գրգռէին եւ աւելի կը զայրացնէին, ինծի ընկերանալու եւ Պալատ երթալու բնաւ դիտաւորութիւն չունենալը արիւնիս գլուխնիս ցատկեցնել կուտար։

Քանի մը վայրկեան վերջ կրկին Աշըգեանին քով ղչկեվի Մուրատը, նորէն ապարդիւն։

Աշըգեանի սենեակին դուռին վրայ մեր զինուած երկու ընկերներէն կեցուած էինք իբր պահապան որ առանց Մուրատի եւ իմ արտօնութեան ոչ ոք ներս չպիտի մտնար։ Պատրիարքարանի փողոցի դուռին վրայ չորս ընկերներ եւ սանդուխի ստորոտներուն քով նորէն ընկերներ կեցած էին եւ հրահանգուած էին կասկածելի եւ լրտես կարծուածներուն մուտքն արգիլել եւ հակառակ պարագային տեղն ու տեղն սպաննել։

Մուրատի ձեռնունայն վերադառնալէն վերջ, զայրացած նորէն ներս մտայ, ատրճանակս իրեն ուղղած սպառական ձեւով Աշըգեանի վրայ վազեցի, իսկոյն ինծի հետեւելու եւ զիս Պալատ տանելու։ Նորէն կարելի չեղաւ զինք համոզել։

Յանկարծ երկու իրերայաջորդ անկարգութիւններ պատահած էին վերի դահլիճին մէջ։ Նախ գաւիթին վրայ եղած բոլոր ապակիները ջարդ ու փշուր եղած էր, եւ երկրորդը մերիններէն մէկը առանց հետեւանքը նկատի ունենալու ատրճանակ մը բացած էր միւսներն ալ անոր հետւելով սկսած էին ատրճանակներ բանալ դէպի դահլիճի ձեղուն ուղղած, մինչեւ որ կարգ հաստատեցինք արդէն ամբողջ ապակիները փշրուած էր եւ ձեղուն 30-40 տեղէ ծակծկուած էր, բարեբաղդութիւնը հոն էր որ հրդեհ յառաջ չեկաւ։

Մուրատին հետ կրկին Աշըգեանին գացինք. երբ Աշըգեանը իր սենեակը չգտանք, բոլորովին յանկարծակիի եկանք. իսկոյն դարձայ դրան վրայ կեցող մեր ընկեր պահապաններուն ըսի.

Ո՞ւր գնաց, ո՞վ տարաւ Աշըգեանը։

Բարապանները քովի սենեակը տարին զինքը, եւ գլուխը աւազանին մէջ դրած ծորակէն ջուր կը վազցնեն վրան։

Պահապաններուն ըսածը ճիշտ էր. Աշըգեան երբ դուրսի ատրճանակներու ձայները կը լսէ, «Աման զիս սպաննելու կուգան» ըսելով կը նուաղի։

Բարապաններէն մին Աշըգեանի այդ վիճակը մեզի ցոյց տալով ըսաւ.

Ա՛լ հերիք է, գթացէ՛ք, ողորմեցէ՛ք ասոր վիճակին, ահա կը մեռնի։

Բնաւ փոյթս չէ ըսի, ուսերս թօթուելով, եթէ ինծի հետ Պալատ երթալու չյօժարի, արդէն պիտի մեռցնենք զինքը։

Աշըգեանը այդ վիճակին մէջ ձգելով դուրս ելանք եւ ընդունելութեան սրահին դրան առջեւ զինեալ  երկու պահապան ընկերներ կեցուցինք, որպէս զի առանց մեր հրամանին ոչ ոք չթողուն ներս մտնէ, որովհետեւ Մուրատ եւ ես առանձինն պիտի խորհրդակցէինք։

Աշըգեանի վարմունքը արիւնս գլխուս մէջ եռացնել կուտար. դահլիճէն ներս մտնելով ճակատը տեսայ այն Թուղրան զոր Աշըգեան ժամանակին խունկերով մոմերով, շուրջառներով ու խաչվառներով դիմաւորած ու բերած հոն կախած էր։ Այդ թուղրան նուիրմղը Հայաստանի մէկ ծայրէն միւսը Հայոց արիւնը վազցնել կուտար, ինչո՞ւ ուրեմն այդ թուղրան հոն մնար. անմիջապէս պատէն վար քաշեցի եւ ջարդ ու փշուր ըրի…։ Գլուխ գործոց ըլլալով, Մուսայի նման արիւնկզակ ոճրագործ մը « անպատիժ պիտի մնայ » հրաման տուող Համիտի պատկերն այլ եւս ինչո՞ւ պիտի մնար Մուսայէն խողխողուած Հայերու Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ. մէկ ցայտումով պատէն վար առի եւ բզիկ բզիկ ընելով դրան ետեւ ձգեցի…։

Դահլիճին մէջտեղ դրուած կանանչ չուխայով ծածկուած սեղանին քով նստանք եւ ատրճանակնիս առջեւնիս դրած Մուրատի հետ խորհրդակցութեան սկսած էինք։ Կը խորհէինք հակառակ պարագային Աշըգեանը սպաննել եւ ցոյցը վերջացած յայտարարել։ Ես այս կերպին համոզուած էի, իսկ Մուրատը Վարիչ Մարմնոյն քով եղած պատասխանատուութիւննիս մէջ կը բերէր։ Ես այդ կ՚ստանձնէի։

Յիսնապետ Կարապետ ընկերնիս ներս մտաւ եւ Տաճատ վարդ. Ոսկանեանի մեզ հետ տեսնուելու փափաքն յայտնեց։ Տաճատի մասին աննպաստ տեղեկութիւն մը չըլլալը աչքի առաջ ունենալով արտօնեցինք։

Տաճատ Վարդ. Մուրատի եւ իմ մէջտեղ նստեցաւ, իսկ մենք գլուխնիս ձեռքերնուս մէջ առած արմունկնիս սեղանին կնթնցուցած Տաճատ վարդ. ը կը լսէինք։

Տաճատ վարդ. կ՚ուզէր իմանալ թէ երկուքէս ո՞րն է որ պահանջմնագիրը կարդացած է, Թուղրան եւ պատկերը խորտակած է։

Մուրատ պատասխանեց.

Եթէ այդ էր ձեր փափաքը, մեզի արգելք եղաք, որովհետեւ ստիպողական գործի մը մասին կը մտածենք, ուրիշ բան մը պիտի ըսէ՞ք։

Չէ՛, այնչափ ուրախացայ որ փափաքեցայ գիտնալ թէ երկունքէդ ո՞րն է։

Մուրատը՝ Տաճատը վայրկեան մը առաջ ճամբելու նպատակաւ, զիս ցոյց տուաւ Տաճատին։ Տաճատ իսկոյն գլուխս դարձնելով ճակատս համբուրեց «կեցցե՜ս» ըսելով, իսկ երբ ճակատս համբուրելէ վերջ ուզեց անունս գիտնալ, անմիջապէս սիրտս տրոփեց եւ կանխազգացում մը ունեցայ. աննշմարելի կերպով աչքովս Մուրատին հասկցուցի թէ կ’ուզեմ Տաճատը սպաննել։ Մուրատ ժխտեց։

Տաճատը երբ կը պնդէր իր պահանջին վրայ, այլայլմէ եղած Տաճատին ըսի. «Անունս Մահ կամ Ազատութիւն է, այսօր կամ պիտի մեռնինք կամ պիտի ազատենք Հայ ժողովուրդն իր այս դժոխային կացութենէն։ Հիմա անունս հասկցա՞ր։ Ինչո՞ւ դուք ալ մեզի հետ չէք աշխատիր։ Ինչո՞ւ ժողովուրդի այս անտանելի դրութեան մասին չէք մտածեր»։

Տաճատ զիս ընդհատելով ըսաւ.

Պատրաստ եմ, ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ հիմա։

Գնա Աշըգեանը համոզէ որ ինձ հետ պալատ գայ, ըսի։

Շա՛տ լաւ ըսելով, դուրս ելաւ։

Մուրատի հետ որոշ եզրակացութեան յանգած էինք։ Աշըգեան չհամակերպած պահուն զինքը պիտի սպաննէինք ու ցոյցը վերջացած պիտի յայտարարէինք։

Աշըգեանի սենեակը կ’երթայի տեսնելու թէ՝ Տաճատ ի՞նչ կրցած է ընել։ Երբ Աշըգեանը առանձին տեսայ, իսկոյն Մուրատին քով վազեցի ու ըսի.

Չթողուցիր որ Տաճատը սպաննեմ. ո՞ւր է, տեսա՞ր ինչպէս փախաւ եւ անպատճառ մեզի մատնելու գնաց.

Նազարէթ միջամտելով ըսաւ.

Արդէն Տաճատը Աշըգեանի քով չգնաց եւ ձեզմէ հրաման չառած ի՞նչպէս կարելի էր պահապանները ներս թողնէին, Տաճատը ձեր քովէն դուրս ելլելով սանդուխներէն վար իջաւ ու գնաց։

Տաճատը մեզմէ զատուելով ուղղակի Սպարապետութեան Դուռ կ’երթայ, Գուրպան Պայրամի հանդէսին պատճառաւ գլխաւոր սպայ մը մնացած էր հազարապետ Իսմայիլ պէյ եւ մէկ վաշտի չափ զօրք։ Տաճատը քրտինքներու մէջ թաթախուած Իսմայիլ պէյին կը ներկայանայ ու կ’ըսէ.

Ի՞նչ կ’սպասէք հոս, Հայ յեղափոխականները Պատրիարքարան կոխած են եւ Թուղրան ու Նորին Վեհափառութեան պատկերը կոտրտած են, ես անկէ կուգամ։ Յեղափոխականները Դատական նախարարութեան, Ոստիկանութեան, Բ. Դրան վրայ յարձակելով, հոս ալ պիտի գան եւ մէկ մասն ալ պալատ պիտի երթայ, հետեւաբար ամբողջ Պոլիս տակնուվրայ պիտի ընեն։ Ահա ես եկայ ձեզի լուր տալու։

Հազարապետը Տաճատի խօսքերը առասպել կը նկատէ, իսկ երբ Տաճատ երդում կ’ընէ, հազարապետը կ’ստիպուի Պալատ հեռագրել, քանի որ իր հրամանին ներքեւ գտնուած զօրքով չէր կարող Տաճատի նկարադրած յեղափոխութեան առաջքն առնել։ Իսմայիլ պէյի հեռագիրը պալատ կը հասնի այն պահուն երբ նախարարները սկսած էին Համիտի քղանցքները համբուրել։ Արարողութիւնը կ’ընդհատուի եւ իսկոյն միջոցներուն վրայ կ’սկսին խորհիլ։

Իսկ ասդին Պատրիարքարանի մէջ ոգեւորութիւնը չափ ու սահման չունէր մերինները մեզի կը դիմէին եւ պաղատելով կ’ըսէին. ըսէք ի՞նչ ընենք. մեռնի՞նք թէ մեռցնենք. երկուքին ալ պատրաստ ենք եւ յօժար։

***

Աշըգեան անդրդուելի կը մնար ու կը յամառէր։ Որչափ որ զինքը համոզեցի թէ. ինքը զիս պալատը տանելով որ եւ իցէ պատասխանատուութիւն հրաւիրած չպիտի ըլլայ իր վրայ, որովհետեւ ես Սուլթանին պիտի ըսէի թէ զինքը ճնշման ներքեւ հետս առած պալատ բերած եմ։ Աշըգեանէն խնդրեցի որ համակերպի, որովհետեւ եթէ զինքը պալատ չը տանիմ հանդէպ ընկերներուս ծանր պատասխանատուութեան ներքեւ պիտի մնամ, հետեւաբար պէտք է անպատճառ երթանք, երբ տեսայ Աշըգեան նորէն չը համակերպիր սենեակէն դուրս ելայ։

Նազարէթի հետ չորս զինուած ընկերներ առի Աշըգեանի սենեակը մտայ եւ կարգաւ կեցուցի, ատրճանակները դէպ ի Աշըգեան ուղղած, եւ դարձայ Աշըգեանին ըսելու.

Ասիկա վերջին դիմումս է, ասոնք տուած նշանիս կ՚սպասեն (Նազարէթը իր ընկերներով. «Այո՛, ճիշչ է» ըսին), եթէ պիտի համակերպիս զիս հետդ առնելով Պալատ տանիլ Սուլթանին ներկայացնել, լաւ, եթէ կրկին պիտի յամառիս, տուած նշանէս յետոյ ասոնք (դառնալով դէպ ի ընկերներս) քեզ պիտի սպաննեն չարաչար կերպով, ուստի երկուքէն մէկն ընտրէ, ժամանակնիս սուղ է, եթէ պիտի գաս ոտքի ել, եթէ ոչ՝ իսկոյն նշան կուտամ։

Աշըգեան պաղատական ձեւով թեւերը տարածած, «Ամա՜ն, ի սէր Աստուծոյ կուգամ», ըսաւ եւ ոտքի ելաւ։

Աշըգեանի հետ սենեակին դուռնէն դուրս ելլելնիս՝ ընկերներուս ոգեւորութիւնը ելեկտրականացուց. սկսան ծափահարել եւ «Կեցցէ Հնչակեան կուսակցութիւն» պօռալ։

Պատրիարքարանին դռնէն դուրս ելած պահուն Աշըգեան մեր ընկերներուն ատրճանակները եւ դաշոյնները տեսնելով իսկոյն բացականչեց.

Ամա՜ն, ասոնք զիս պիտի սպաննեն։

Իսկոյն զինքը ապահովցուցի եւ ըսի.

Բացարձակապէս վստահ եղէք որ ձեզի չպիտի սպաննեն եւ վտանգ մը չպիտի գայ ձեզի։

Քանի մը ընկերներով շրջանակ մը կազմել տուի եւ Աշըգեանը այդ շրջանակին մէջ առնելով ճամբայ ելանք։

«Կեցցէ՜ Հնչակեան Կուսակցութիւն, կեցցէ՜ Հայ Ազգը, կեցցէ՜ Հայաստան, կեցցէ՜ Ազատութիւն» եւ այլ բացագանչութիւնները ականջներ կը խուլցնէին, իսկ պակաս չէին վայնասուններ, տղաքներու հառաչներ, որոնք այդ ծովածաւալ բազմութեան մէջ ոտքերու տակ կը կոխկռտուէին. բազմութիւնն այնչափ խիտ ու շատ էր եւ հետաքրքրութիւնն այն աստիճանին հասած էր որ մեր կորովի  հինգ վեց ընկերները սպառնալիքներով իսկ հազիւ կրնային ճամբայ բանալ որ փողոցին ծայրը հասնէինք եւ կառք նստէինք, որովհետեւ կառապանը չէր կարողացած ճամբայ բանալ ու մինչեւ Պատրիարքարանի դուռը գալ։ Կառապանը կ՚երեւի թէ վտանգաւոր նկատած էր այդ տեսակ դէպքի մը առթիւ Աշըգեանը իր կառքին մէջ առնել, հետեւաբար հեռանալ աւելի նպատակայարմար տեսած էր։ Ընկերներն իսկոյն փութացած էին ուրիշ կառք մը բերել, եւ կառքն կ՚ուշանար։

Տաղիստանցի քօմիսէր Մուսթաֆա պէյ որ Գում Գաբուն ահ ու սարսափ մէջ թողուցած էր, թափօրը անցած պողոտային քովի փողոցի մը մէջ թափօրէն 30 քայլի չափ հեռու՝ հինգ վեց ոստիկաններով կեցած թափօրին անցքն ու բազմութիւնը կը դիտէր։ Նազարէթն ու Կարապետը ձեռքով զինք ցուցուցին եւ կը հարցնէին թէ յարձակի՞նք անոնց վրայ. ես չարտօնեցի, բայց Մուսթաֆա պէյ նազարէթի ձեռքի շարժումը տեսնելով իսկոյն իր ոստիկաններով սկսեց չուել։

Աշըգեան պողոտային եւ պատշգամներու ու պատուհաններու մէջ եղած բազմութիւնը տեսնելով յանկարծ նուաղեցաւ ու գետին փռուեցաւ։ Ստիպուեցանք մօտակայ Հայ դեղարանը տանիլ եւ սթափեցուցիչ դեղ մը տալ։

Աշըգեանը կառք դրինք, ես եւ Մամբրէ Վարդ. դիմացը նստանք ու բարապան մըն ալ կառապանին քով։ Կառքը ճամբայ ելաւ. կառապանին նուէր մը խոստացուած էր եթէ կառքին արագութիւն տար ճամբան։

Նազարէթին Կարապետին եւ մէկ քանիներու հրահանգեցի որ ցոյցը վերջացած է եւ ընկերներն այլ եւս ազատ են իրենց տեղեր երթալու։

Կառքին հետեւող դեռ ընկերներ կային եւ կառքը հազիւ թէ 40-50 քայլի չափ յառաջացած էր, յանկարծ 50ի չափ զօրքերով պաշարուեցանք, ինչպէս նաեւ քանի մը հեծելազօրքերով։ Զօրքերը հրացաններուն անցուցած սուինները կառքին պատուհաններէն ներս պարզելով սպառնացան. եթէ երբեք չհնազանդէինք՝ մեզ պիտի սպաննէին։ Յիսնապետ մը Աշըգեանին ըսաւ.

Պալատէն եկած հրամանն է որ ձեզ գտած տեղերնիս դադրեցնենք, մինչեւ հրամանատարին ժամանումը. անշուշտ պիտի համակերպիք։

Ստիպեալ համակերպեցանք եւ յիսնապետը մեզի կառքէն դուրս հանելով, մօտը գտնուած Յոյնի մը տունը տարաւ եւ վերի սենեակը նստեցուց։

Աշըգեանի ձգձգումն եւ Տաճատ Վարդ. ի դաւաճանութիւնը իրենց արդիւնքն ունեցան, Աշըգեան կարծես շունչ առաւ։ Նուաղած միջոցին փողոցին մէջ փռուած ատեն վերարկուին վրայի փոշիները մաքրել տուաւ, սկսաւ ծխել եւ սուրճ ուզել։

Թէ ինչո՞ւ Մամբրէ Վարդ. մեզի ընկերացած էր պալատ երթալու։

Քանի մը շաբաթ առաջ կարեւոր խնդրի մը համար Վարիչ Մարմնոյն կողմէ Գուզկունճուք գացեր էի Խրիմեանը տեսնելու։ Հայրիկը Մամբրէն ինձ ներկայացուց իսր Պայազիտի եւ Ալաշկերտի կողմերէն նոր Պոլիս հասնող մէկը։ Քանի մը կարեւոր անձերէ յանձնարարականները Հայրիկին ներկայացնելով՝ վստահելի եւ գաղափարական մէկը նկատուած էր. ուստի Խրիմեանը յանձնարարեց որ զինքը ներկայացնեմ ընկերներուս։

Մամբրէն սկսաւ մեզ հետ շատ մօտէն տեսնուիլ եւ նոյն իսկ մեր քանի մը ժողովներուն ալ ներկայ գտնուեցաւ։ Վերջապէ Մամբրէն մեր ներքին գործերուն մեծ մասամբ տեղեակ էր։ Ուրեմն ցոյցին օրը Մամբրէն իբր վարդապետ կամ իբր ընկեր ընկերացաւ մեզի հետ պալատ երթալու։

Սենեակին մէջ Աշըգեան մասնաւորապէս զիս իր քովը նստեցուց եւ մամբրէն դիմացնիս նստեցաւ։ Աշըգեանի այս կերպ վարուիլն ինծի հանելուկ թուեցաւ, սկիզէն ի վեր իրեն կ՚սպառնայի եւ զինքը սպաննելու հրաման կուտայի, իսկ սենեակին մէջ Աշըգեան զիս մասնաւորապէս իր քովը կը նստեցնէր։ Ասիկա կատարեալ հանելուկ մը չէ՞ր։

Ապտիւլ Համիտի աւագ թիկնապահ միւշիր Տէրվիշ փաշան զինուորական ընդհ. հրամանատարը եւ քանի մը պալատականներ սենեակէն ներս մտան։

Տէրվիշ փաշա ամենէն առաջ հետաքրքրուեցաւ Աշըգեանի որպիսութիւնով, թէ վէրք եւ այլ ունի՞, ցոյցն ի՞նչպէս սկսաւ եւ ի՞նչպէս վերջացաւ։

Աշըգեան ըսաւ.

Սկիզբէն մէկը սեղանին վրայ ելաւ եւ սկսաւ թուղթ մը կարդալ եւ ուրիշ անձ մ՚ալ ինծի եկաւ եւ առաջարկեց որ զինքը պալատ տանիմ եւ Նորին Վեհափառութեան ներկայացնեմ. բնականաբար պիտի մերժէի եւ մերժեցի։ Անկէ վերջ տեղի ունեցածը չեմ յիշեր, որովհետեւ քանիմը անգամ նուաղեցայ. չափէն աւելի չարչարեցին զիս, բայց չվիրաւորեցին։ Պատրիարքարանի դուռնէն դուրս ելած ատեն զիս պիտի սպաննէին. այն ատեն այս էֆէնտին (զիս ցուցնելով) զիս ազատեց անոնց ձեռքէն, կեանքս այս էֆէնտիին կը պարտիմ։ Եղածներէն այսչափ կը յիշեմ։

Տէրվիշ եւ համանատար փաշաները շնորհակալութիւն յայտնեցին ինձ եւ ես ըսի.

Շնորհակալութեան պէտք չկայ, իբր Հայ պարտականութիւնս էր Ազգիս Պատրիարքը պաշտպանել, փոյթ չէ թէ այդ պատճառաւ. ինչպէս կը տեսնէք թեթեւ կերպով վիրաւորուեցայ։

Փաշաները վիրաւորուելուս համար ցաւ յայտնեցին եւ դէպի Աշըգեան դառնալով ըսին.

Անշուշտ սեղանին վրայ ճառ կարդացողը կը ճանչնաք։

Ո՛չ, չեմ ճանչնար ըսաւ Աշըգեան։

Տէրվիշ փաշա ըսաւ Աշըգեանին.

Քիչ մը հոս կեցէք եւ ձեր հանգիստը նայեցէք, մենք քիչ մը վերջը կուգանք։

Աշըգեանի ըսած խօսքերը եւ իր տրամադրութիւնը դէպի ինձ, գոնէ առասպել կը թուէին եւ չէի գիտեր թէ ի՞նչ բանի վերագրեմ Աշըգեանի ընթացքը։ Կատարեալ Լափիւրինթոսի մէջ կը գտնուէի, որուն մէջէն ելլելու համար ուղես պայթելու չափ կը մտածէի եւ չէի կրնար որոշ եզրակացութեեան մը յանգիլ։ Որոշեցի անզգալի աչքի շարժումով մը Մամբրէն խօսեցնել տալ։

Սրբազան, իրօ՞ք ճառ կարդացողը չէք ճանչնար, հարցուց Մամբրէ։

Իրաւ չեմ ճանչնար, որովհետեւ այդ թշուառականը մեզի յանկարծակիի բերաւ, ճանչնամ ալ (ուսերը թօթուելով) չեմ ըսեր ըսաւ, Աշըգեան։

Ի հարկէ ըսելու չէ, ի՞նչ պէտք կայ կառավարութեան յանձնել, իսկ քովերնիդ նստող էֆէնտին իսկապէս ձեր կեանքն մահուընէ ազատած է։

Արդէն այդ թուղթը կարդալէն յանկարծակիի եկանք, իսկ երբ մէկը եկաւ առաջարկեց պալատ երթալ՝ ինքզինքս կորսնցուցի, էֆէնտիին դերը մեծ եղաւ եւ շատ յանդգնութիւն էր այդչափ զինուած մարդերէն զիս ազատել։

Պարտականութիւնս կատարեցի, ըսի։