Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. - ՍՈՒԼԹԱՆԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

Երեք չորս օրուան հարցաքննութեանս մէջ նշանաւոր բան մը հարցուցած չէին եւ ոչ ալ տեղեկագիր եւ այլն եկած էր, այլ միայն պարզ հարցումներ ու կրկնութիւններ էին։ Ժողովասրահէն ներս մտնելէս վերջ Քեամիլ պէյը դուրս կը հանէին։ Խեղճ Քեամիլ պէյը դալկացած դէմքով մը ու դողդոջուն քայլերով դէպի դուռը կը յառաջանար, հիւա՜նդ էր։ Իսկապէս ցաւալի էր Քեամիլ պէյի նման ազատամիտ եւ արդարադատ անձնաւորութիւն մը այդ անտանելի վիճակի մը մէջ տեսնել, որուն յանցանքը իր ունեցած արդարասիրութիւնն եւ ուղղամտութիւնն էր. ուրիշ ոչինչ։

Տէրվիշ ձեռքէս բռնելով ինծի ժողովասրահէն դուրս հանեց եւ սրահին քովը գտնուած փոքր սենեակը տարաւ։

Տէրվիշի այս ընթացքը բոլորովին զարմանալի թուեցաւ ինծի քսան օրուան շրջանին մէջ առաջին անգամն էր որ այդ տեսակ սիրալիր վարմունք մը կունենար դէպ ի ինձ, որ բնաւ մպասելի չէր։ Չգիտէի ի՞նչ բանի վերագրէի այս վարմունքը, նամանաւանդ որ գիտէի թէ դատապարտութեանս օրը մօտեցած էր։

Տէրվիշ փաշա գրպանէն թղթադրամի տրցակ մը հանեց որ 200 հատ է կ՚ըսէր. Սուլթանն իր միջոցաւ այդ 1000 ոսկին ինծի նուէր ղրկած էր եւ կ՚ստիպէր որ առնեմ։

Հասկցայ Տէրվիշ ծերուկ աղուէսին նպատակը, երակներուս մէջ արիւնը սկսաւ արագ արագ շրջան ընել. այդ զառամած վատոգին՝ զիս դաւաճան կարծէ՜ր, ասկէ աւելի ի՞նչ սոսկալի նախատինք կրնար ըլլալ ինծի, միտքս ամփոփեցի եւ որոշեցի թէ պաղարիւն նախատինքներ ու սլաքներ աւելի կսկծալի կերպով կը խոցեն այդ ցածոգիին սիրտը. բայց բարկութենէս ամբողջ ջիղերս թունթ ելած էին ըսի իրեն.

Առնեմ ի՞նչ ընեմ ասոնք։

Քեզ կ’արտօնենք ուզած կերպովդ ասոնք ապահով տեղ մը պահել կամ ղրկել։

Կ’ուզեմ հասկնալ թէ Սուլթա՞նը տուած է, եւ թէ ինչո՞ւ։

Կ’երդնում որ Ն. Վեհափառութիւնը տուած է. ինչպէս գիտէք ինք առատաձեռն է, 1000 ոսկին քի՞չ դրամ է՝ քանի որ աղքատ ես։ Հա՜, մոռացայ ըսելու, խոստացաւ նաեւ քեզի Պոլսոյ կամ Վանայ մէջ 10 ոսկի ամսականով պաշտօն մը տալ, տեսա՞ր հիմա իր շնորհները։

Այս նուէրը տալուն շարժառիթը կ’ուզեմ գիտնալ։

(Ուսերը թօթուելով) Նուէր, ուրիշ ոչինչ։

Ուրեմն շնորհակալ եմ։

Հիմակ մնաց փոխարինութիւնը, ըսաւ Տէրվիշ, յաջողութեան աներկբայ։

Ի՞նչ փոխարինութիւն։

(Քա՛հ քա՛հ խնդլով) Ամա ըրիր հա՛, ատկէց աւելի դիւրին բա՞ն կայ որ չգիտես։

(Շուարած ձեւով մը) Չեմ գիտեր։

Այդչափ բան չգիտնա՜լ, ընկերներուդ անունը ըսել մէջէն ելլել վէսսէլամ. տեսա՞ր որչափ դիւրին գործ է. 1000 ոսկիի եւ 10 ոսկի ամսականի փոխարէն։

Այս քսան օրուան մէջ ըսել է քու ապուշութեամբ չկրցար զիս ճանչնալ, ես աղքատ, բայց սիրտով այնքան հարուստ եմ որ բռնապետդ իսկ այնչափ միլլիոններ չունի. այս տեսակ թուղթի եւ քուրջի կտորները միայն ձեզ նման… աչքին արժէք ունին։ Դուք որ բնականէն կաշառակեր ու զերծարար ծնած էք, դուք որ անխիղճներ եւ մարդկութեան նախատինք էք։

Տէրվիշ աթոռին մէջ ընկղմած, այս նախատինքներու տարափին ներքեւ սմքած էր. նստած տեղէս վեր ելայ ատամներս կրճատելով ըսի.

Ըսի տեսնեմ ի՞նչպէս վարուիմ քեզի հետ, զիս դաւաճան կը կարծես հէ՞։

Թղթադրամներու վրայ թքնելով Տէրվիշի քիթին բերնին նետեցի։

Հիմա գնա այդ… Սուլթանիդ տեսածիդ պէս պատմէ։

Տէրվիշ սկսաւ թղթադրամները գետնէն ժողվել, իսկ ես սենեակէն դուրս ելայ եւ ժողովասրահ մտայ։ Ինչպէս կ՚երեւէր, Սպարապետ Ալի Սաիպ փաշան տեղեկութիւն ունէր խնդիրէն, իր դէպ ի դուռը նայուածքը այնպէս ցոյց կուտար. դէմքս տեսնելուն պէս ժպտեցաւ եւ սեղանին վրայէն թուղթ մը առնելով կարդալ կեղծեց։

Քանի մը վայրկեան վերջ Տէրվիշը եկաւ եւ իր աթոռը նստելէ վերջ Սպարապետը դէպ ի զինքը ծռելով՝ կամացուկ մը ըսաւ.

Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ ըրիք։

Չե՞ս գիտեր այս ի՛նչ ծաղիկ է, ասոր հետ ուրիշ կերպ վարուելու է։

Ես ձեզի չըսի՞ թէ մի՛ փորձէք, անօգուտ է։

Ես ասկէց վերջը ընելիքս գիտեմ, ըսաւ Տէրվիշ։

Ձեռքերս խաչաձեւ սրտիս վրայ դրած սպառնական ձեւով մը ըսի.

Ընելիքդ ըսէ որ այս ժողովն ալ գիտնայ. ես գիտեմ արդէն ընելիքդ, մեղք որ այդ աստիճանին բարձրացած ես, ինձ կ’առաջարկես որ այդ տեսակ ստորին միջոցներով ընկերներուս անունները տամ։ Ի՜նչ ընեմ որ այսօր ձեռքդ ինկած եմ եւ դուն ուզածիդ պէս կը վարուիս հետս. պէտք է լաւ գիտնաս որ, ձեր այս ըրածները կը կայանան միայն իմ մահուանս մէջ։ Ամենէն վերջը մեռնիլ չէ՞, մեռնելէ ոչ թէ կը վախնամ, այլ կ’արհամարհեմ, այս գործին պատճառաւ մեռնիլն ինծի փառք եւ պատիւ է։ Դէպի ժողով դառնալով, ահա իմ վերջին խօսքս, ուրիշ ըսելիք մը ունի՞ք։

Ընկերներուդ անունները խոստովանիլդ կը վերջացնէ խնդիրը, ըսաւ հրամանատարը։

Նախ որ ես բռնապետութեան զոհ մ’եմ եւ այսչափ օրէ ի վեր զիս անիրաւ կերպով կը չարչարէք։ Իսկ եթէ կ’երազէք որ ընկերներուս անունը տալէս կախում ունի ազատութիւնս, ձեզ կը վստահացնեմ որ չարաչար կերպով կը սխալիք. ձեր կարծած վատերէն չեմ եւ կ’զգուշացնեմ որ ուրիշ առթիւ այդ տեսակ առաջարկ մը չընէք ինծի. որպէս զի չստիպուիմ տարբեր եղանակներով ձեզ պատասխանել։

Ժողովին մէջ առաջին անգամն ըլլալով խոր լռութիւն մը կը տիրէր։

Կարծեմ թէ ուրիշ հարցում մը չունինք եւ կ’արտօնէք որ բանտս երթամ։ Ոտքի ելայ եւ զիս խուցս տարին։

Գիշերուան ժամը չորսը անցած էր, յանկարծ պահապանս զիս արթնցուց դրան առջեւ բանտի փոխ-տնօրէնի տասնապետը կեցած էր։

Ահմէտ էֆ. ն ձեզ կ’ուզէ ըսաւ.

Իսկոյն հետեւեցայ տասնապետին, կը մտածէի թէ գիշերուան այս պահուն փոխ-տնօրէնը ի՞նչ ունի ըսելիք, Չարճաչանքէն զատ ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ կը մտածէի։

Դուռնէն ներս մտայ, Ահմէտ էֆ. ն աթոռ մը ցոյց տուաւ, սիկառ մը տալէ վերջ տասնապետին ապսպրեց որ սուրճ բերէ։ Ահմէտ էֆ. երբ սկսաւ օրհասական խնդրին վրայ խօսիլ, ես իսկոյն հասկցայ որ գիշերուան այդ պահուն զիս իր սենեակը տանելուն պատճառը ինձմէ գաղտնիք մը առնել էր, իսկ երբ սնտուկին մէջէն օղիի շիշ մը եւ երկւ գաւաթ դուրս հանեց, հասկցայ որ զիս գինովցնելու նպատակ ունի եւ թէ ինքը կրօնամոլ Թուրքերէն չէ։

Գաւաթներն իրարու ետեւէ լեցուեցան եւ պարպեցինք, ի մէջ այլոց ինքը քիչ մը իր կենսագրութիւնն ըրաւ, կ’երեւէր որ ազատամիտ մէկն էր, վերջապէս ինչ որ ալ ըլլար, ես իմ ծրագրէս չպիտի շեղէի։

Մէհմէտ էֆ. ն պատուոյ խօսք առաւ ինձմէ, որպէս զի եղած խօսկացութիւնները գաղտնի մնան։ Պատւոյ խօսք տալէ վերջ, սկսաւ իր ըսելիքները, բայց գլուխը քիչ մը տաքցած էր օղիի ազդեցութենէն։

Մօն շէր Ճանկիւլեան, շատ յուզուած եմ այսօր, եւ կը ցաւիմ որ այսպիսի դառն պարագայի մը մէջ իրարու կը ծանօթանանք, որովհետեւ դուն ալ ինծի նման որիտասարդ եւ ազատամիտ մեկն ես, քանի որ սկիզբէն ի վեր քայլ առ քայլ հետեւած եւ տեղեկացած եմ հարցաքննութեանդ սկզբունքներդ կը պաշտեմ, ապացոյց՝ կրած չարչարանքներդ, որ չկրցան ընկճել քիզ։ Ազգութիւն, կրօնք ինձ համար նշանակութիւն չունի, այլ մարդկութիւն եւ կտրիճութիւն (իյիտլիք)։ Շատ կը ցաւիմ որ բռնութեան եւ անիրաւութեան դէմ բողոքելով՝ վայրկեաններդ եւ օրերդ համրելու աստիճանին հասցուցիր։ Ես համոզուած եմ թէ ասկէց վերջը կարող էիր աւելի օգտակար գործեր ընել Ազգիդ եւ Հայրենիքիդ համար. թէեւ դժբախտութիւն մ’է ինձ համար, բայց ստիպուած եմ քիչ մը յառաջ երթալ եւ ներողութիւն խնդրելով ըսել. Ա՜խ, մօն շէր Ճանկիւկեան, վառուած ես…

Իր խօսքը ընդհատելուն համար երեսը նայեցայ. աչքերը արտասուքով լեցուած էին։

«Ա՜խ, մօն շէր Ճանկիւլեան, վառուած ես այլեւս թէեւ մահը ամենուս համար է, դու նպատակ մը եւ փափաք մը ունէիր, բայց աւա՜ղ չհասար, այո՛, չհասար։ Իսկ միակ բանը որ նպատակս է այս երեկոյ քեզի պիտի պարզեմ. այն է՝ ինչպէս ըսի, վերջացած է գրեթէ ամէն բան, պէտք է գիտնաս որ պատիժդ մեղմացնող պարագաներ կան եւ թէ այդ բանին վրայ խորհուիլը լաւ գիտեմ։ Ընկերներուդ անունները յայտնել, ահա միակ միջոցը, ես հետաքրքիր եմ քեզմէ իմանալ, արդեօք ընկերներուդ անունները պիտի յայտնե՞ս

Նստած աթոռիս վրայ սոսկում մը զգացի եւ խրոխտ դէմքով մը Մէհմէտ էֆ. ի երեսը նայելէ վերջ ըսի.

Ուրախ եմ որ այս վերջին օրերուս կամ վայրկեաններուս մէջ ձեզ նման ազնիւ բարեկամ մը կ’ունենամ։ Իմ նկարագրիս մասին ձեր կարգ մը արտայայտութիւնները չափազանցուած էին, բայց գալով միւսներուն, ուրախ եմ որ սխալած չէք. այո՛ այն անձն եմ որ ամբողջ էութեամբս բռնապետութեան եւ անիրաւութեան կատաղի թշնամի եմ։ Գիտէ՞ք ձեր արտասուքները զիս ինչո՞ւ յուզեցին. անոր համար որ բան մը չըրած կը մեռնիմ։ Գիտէ՞ք որ շատերը եւ նոյն իսկ ձեր ժողովին մէջ՝ պաշտօնապէս ինձ կը վերագրեն Պոլիսը տակնուվրայ ընողը։ Թէեւ ընելու նպատակաւ ճամբայ ելայ, բայց չյաջողեցայ. կ’ուզէք ճակատագիր ըսէք եւ կամ դժբախտութիւն այսօր անյաջողութեան զոհ մ’եմ եւ ստիպուած եմ գլուխ ծռել դատավճռի մը, որ բոլորովին անիրաւութեան վրայ հիմնուած է, ըսել է էշ նահատակ կ’ըլլամ, քանի որ նպատակիս չկրցայ հասնիլ։

Քանի որ իրողութեան մը հանդէպ կը գտնուիմ եւ քանի որ խիղճս հանդարտ է դէպի սկզբունքս, քանի որ ուխտադրւժ մը չեմ, սո՜ւր գնդա՜կ, կախաղա՜ն ատոնք բոլորն ալ իմ աչքիս նշանակութիւն չունին երբեք. եւ ոչ սոսկում ալ կ’ազդեն։

Քանի որ ինձ համար կախաղանը որոշուած է, ես գոնէ ձեզ նման ազատամիտներէն աւելի բարեբախտ եւ երջանիկ կ’ըլլամ որ կախաղանի սիւներուն ներքեւ աչքերս կը փակեմ այլեւս չտեսնելու այն անիրաւութիւններն, անարդարութիւնները եւ հալածանքները րոնք սիսթեմաթիք կերպով կը գործադրուին, հանդէպ այն ազգին որ դարերերէ ի վեր ամենահաւատարիմ հպատակն եղած է, անթիւ ծառայութիւններ մատուցած է այս Պետութեան, իսկ եթէ յանցանք մը ունեցած է իր Հայ ըլլալն է։ Դուք դժբախտ չպի՞տի զգաք ինքզինքնիդ երբ տեսնէք թէ ձեր Թուրք կառավարութիւնն իր այս ընթացքով դէպի քայքայում, դէպի կործանում պիտի երթայ։ Դուք այսօր հարիւրպետ մ’էք եւ այսչափ բանտարկեալներ ձեզի յանձնուած են. փորձեցէք անգամ մը այս բանտարկեալները նեղել, չարչարել խոշտանգել, վերջապէս այդ բոլորէն վերջ գործադրեցէք այն միջոցները որոնք իրենց գոյութեան, մարդկութեան եւ զգացման վտանգաւր եւ անտանելի դատնային. չէ՞ք կարծեր որ օր մը այդ բանտարկեալները ըմբոստանան ձեր դէմ։ Գիտէ՞ք երբ ձեր ընթացքը ծայրայեղութեան հասցնէք անոնք ի՛նչ պիտի ըսեն «Է՛հ, այլեւս անտանելի է այս վիճսկը ի՞նչ միթէ գերի՞ ենք. չէ՛, կ’ըմբոստանանք եւ մեզմէ ողջ մնացողները իբր մարդ թող ապրին…։ Անշուշտ դուք հասկցաք թէ ինչ ըսել կ’ուզեմ։ Թող վիրաւորիչ չըլլան իմ խօսքերս ձեզ համար, երբ ըսի թէ ձեր այս կառավարութեան պաշտօնեաները իրենց այս ընթացքով դէպի անկում կը տանին ձեր Պետութիւնը։ Թերեւս դուք ինձմէ աւելի լաւ գիտէք այս պարագաները. իսկ ես տարիներէ ի վեր հետամուտ ըլլալով՝ քիչ շատ այդ համոզումը գոյացուցած էի, բայց հիմա բացարձակապէս կը հաւատամ այլեւս։ Չէ՞ որ քսան օրէ գործ ուիմ ձեր բարձրագոյն մէկ ժողովին հետ եւ հիմայ կը ներէք ըսելու որ, ձեր մէջ երկրին եւ Պետութեան շահերը մտածող չկայ. տեսէք ձեր այս ժողովին մէջ միայն մէկ մարդ կայ մտածող. ըսել է մէկ տասներորդն իսկ չի մտածեր. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ուզէք որ ձեր Պետութիւնը դէպի անկում չերթայ եւ…

Մէհմէտ էֆ. ն ճակատս համբուրեց եւ ըսաւ.

Ա՜խ, շատ ճիշտ են ձեր ըսածները մօն շէր Ճանկիւլեան։

Մէհմէտ էֆ. ն երբեմն երբեմն օղին կը ճնկէր եւ այնչափ լարուած ուշադրութեամբ մը մտիկ կ’ընէր ըսածներս, որ բնաւ անդրադարձած չէր թէ առաւօտ եղեր է արդէն, ու ըսաւ.

Օ՜հօ, առաւօտ է եղեր, ես խապար չունիմ. աման, բօլիսդ գնա մի գուցէ տնօրէն հազարապետը գայ եւ մեզի այս վիճակին մէջ տեսնէ։ Նորէն կը տեսնուինք ուրիշ գիշեր մը։

Ես ոտքի ելած երբ ձեռքը սեղմեցի. Մէհմէտ էֆ. ներղութիւն խնդրեց ինձմէ (ինչպէս կ’երեւէր, ներողութիւն խնդրելու պատճառն այն էր որ յանդգնած էր ինձմէ ընկերներուս անունը հասկնալ)։

Անփոյթ կերպով եւ քմծիծաղով մը ըսի.

Ներողութիւն խնդրելու բան չկայ, պարզ տեսակցութիւն մ’էր մեր ըրածը։

Տասնապետը կանչեց եւ հրամայեց որ զիս «բօլիս» տանի։

Ընկերներուս երկտող մը հասցնելու միջոց մը գտնել անկարելի էր։

Կը մտածէի թէ դատապարտութենէս առաջ պիտի արտօնեն զիս խօսելու։ Վերջապէս կը մտածէի, քանի որ զիս կը կաշառէին ընկերներուս անունը յայտնելու համար, ըսել է Նաթուրեանի, Տաճատի ու Մամբրէի վկայութիւններով բաւականացած էին եւ զիս դատապարտելու որոշումը տուած էին։

Առաւօտ էր. վայրկեանէ վայրկեան կ’սպասէի հազարապետին գալուն եւ զիս հարցաքննութեան տանելուն։ Հազարապետը կ’ուշանար ինչո՞ւ, չէի գիտեր։ Մինչեւ երեկոյ սպասեցի, նրէն իզո՜ւր։ Ձերբակալուելէս ի վեր առաջին անգամն էր որ զիս հարցաքննութեան չէին հաներ. ուրեմն ենթադրութիւն չէր ըրածս, այլ իրողութիւնը։ Հարցաքննութիւնս վերջացած էր այլ եւս։